Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԵ.

Մայիս . . .

Հիւանդութենէս ի վեր առաջին անգամ ըլլալով՝ պտոյտ մը ըրի գետեզրը եւ դաշտերուն մէջ։

Մայիսի հրաշալի օր մը. արեւը վերէն մետաքսեայ շղարշի մը պէս կը սփռուէր կանաչ դաշտերուն վրայ։ Վարդագոյն ծաղկած են ծիրանիները, սալորին ձիւնասպիտակ է, ու ինչ որ կ’արբեցունէ մթնոլորտը, փշատի մանրիկ ու գորշ տերեւներու մէջէն խնդացող ոսկի ծաղիկն է։

Անցայ ցանկորմերու քովէն, գետեզրի փափկատերեւ ուռիներուն տակ դեգերեցայ ընդերկար, յետոյ ելլելու համար բաց դաշտերուն մէջ։ Կուրծքս այս մթնոլորտին անվարժ կ’երեւար, դժուարաւ կը շնչէի, դողահար էր մարմինս ու գլուխս գինովութեան նմանող բանի մը անձնատուր։

Երկար դիտեցի Վանքը արմկող բլուրներու կանաչ կողերը, ու անոնց մէջտեղ ցցուող կարմրորակ գմբէթը։ Ամէն բան փոխուած, փոխուա՜ծ բնութիւնը՝ նոյնպէս ես որ լուսաւոր ու բարի օրուան մէջէն կակուղ խոտերուն եւ դեղին ծաղիկներու վրայէն կ’անցնէի ամօթահար։

Եղաւ երբ՝ աշխատաւոր մշակներուն կը մօտենայի, երէկ բան չի մղեց զիս անոնց քով. չանդրադարձայ նաեւ այն ծրագիրներուն վրայ, զորս օր մը՝ նմանօրինակ պտոյտի մը միջոցին, Վանքին հարստութեան համար յօրինած էի։

Նստայ վարսադիտակ ուռիի մը տակ՝ առուին եզրը, անորոշ, գրեթէ աննիւթ երազանքի մը անձնատուր, մինչ հօտաղը չեմ գիտեր բլուրներու որ դարուվարէն ինձ կը ղրկէր սրինգի երգ մը, ճարակող հօտէն ելլող մետաղական հնչիւններու հետ։ Ունկնդրեցի եղանակին. դէմքս ծոթրինաբոյր հովիկի մը տուած միտ դրի երգին, մարգարտածաղիկի թեւեր հովին յանձնելով։

Կը սիրէ՞ զիս, այո՛… ո՛չ… բայց գրեթէ միշտ այո՛…

Երկարօրէն նուագեց հօտաղը՝ ու ես երկարօրէն անձնատուր եղայ իմ տարփանքի առարկայիս։ Մտածումիս աղջկան շա՜տ յարմար էր այդ սրինգին երգը. սիրոյ տաղ մըն էր անիկա, շինական սիրահարի մը աննենգ ու խռովալի սրտին մէկ էջը. անոր մեղմ ու ծաւալուն ելեւէջը, յառնող աւիշներու, բոյրերու, կանաչութեան, արեւին գաղջ կաթէն թորող լազվարդին հետ՝ հոգւոյս մէջ կը թափէր։

Կը հեւայի, արբեցողի նման արբշիռ էի։ Երգը դադար առաւ, ու ես կը շարունակէի զայն լսել դեռ երկար։

Մէկէն գորովանքի անանկ ինքնացայտ կոհակ մը ելաւ մէջս, այնպիսի յոյզ մը լեցուց սիրտս որ փռուեցայ գետնին վրայ՝ եւ դէմքս թաղելով մարմանդներուն մէջ, ձեռքերովս սկսայ թափահարել կանաչութիւնը։ Հողին, բնութեան հետ նոյնանալու, անոր մէջ անէանալու պապակ մը եկաւ վրաս, սեւ հեծեծանք մը կուրծքս լեցուց ու արցունքներս հոսեցան…

Չեմ գիտեր որքան լացի, երբ մատի մը հպումը զգացի ուսերուս վրան. Շուշանին վրայ խորհեցայ. ա՜խ անտարակոյս Ան էր փափկածղօտ ուռիին տակ, գլխուս վերեւ, որ շիկնած ու քնքշօրէն դողահար՝ զիս կ’արթնցնէր։

Ամօթն ու վախը զիս հողին գամեցին. շարունակեցի մնալ հին դիրքիս մէջ, խեղդելով լացս։ Յետոյ յամրօրէն վեր առի գլուխս, ցատկեցի, չորս կողմ նայեցայ. վազելով ծառերուն քով՝ թուփերու ետին անցայ փնտռելու համար անիկա՝ որ եկած էր կենալու գլխուս վերեւ ու տեսած էր դեղին կոճակները մարգարիտներուն ինչպէս անոնց ճերմակ թերթերը…

Յուսաբեկ՝ իջայ գետեզր զովացնելու համար ճակատս։ Վարդագոյն շոգիներով լեցուած օդը ջուրերու խաղացքին մէջ կը թափէր իր ոսկիի, ծիրանիի ու վարդի գոյները, մինչ դէմի դաշտերուն կանաչը յարաշարժօրէն մթագնելով, երբեմն լուսաւոր ծփանքով մը կ’ողողուէր։ Այս ամէնը իրականութիւն էին, կամ իրականութեան երազը, ես կը տեսնէի զայն՝ այդ երազը, ու յանկարծական վախով մը կը լեցուէի թէ մի գուցէ մէկէն վերջ գտնէր ան։

Հեռուէն, մրգաստանի որմերուն ետեւէն կուգար ծանրաշարժ հօտերուն վերադարձի աղմուկը եւ աւելի բարկ, աւելի կծու կ’ըլլար հոտեւան փշատներու հոգին։

Վերադարձայ։ Վանքին մեծ դրան տակ տեսայ զինքը. Յիսուս-Փրկիչ՝ դուն գիտես թէ երբեք սիրտս այդքան հզօր բաբախած չէր։ Կը սեղմէի վերարկուիս ծալքերը կուրծքիս վրայ զուր տեղը։ Ինծի այնպէս կուգար թէ, սիրտս ծեծող անձնիւր հարուած՝ անկէ դուրս կը ցատկէր երթալ զգետնելու համար Շուշանը, յետոյ անոր առջեւ քրքիջով մը կայնելու, կամ աղերսալից պատմելու համար բոլոր վէպս անոր…

Կքեցի գլուխս, հազիւ բարեւելով անցայ քովէն, իր զարմանահար ակնարկներուն տակ։

Անկողնիս վրայ փռուած՝ շատ լացի այս երեկոյ։ Այնպէս կուգայ ինծի որ լորձունքիս հետ այսօր կարմիր բան մըն ալ թուքի… արդեօք թոքախտաւո՞ր եմ։