Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԸ.

Յունիս . . .

Խաչերին հիւանդութիւնը կը ծանրանայ. տենդը կ’աւելնայ երբեմն ու յանկարծ կը դադրի։ Ասոնք լաւ նշաններ չեն։

Մեղմօրէն կը հեծէ երկարատեւ ու միօրինակ ձայնով մը՝ որ աւելի ցուրտին ու անօթութեան մատնուած անասուններու մղկտոցին կը նմանի։

Չուզեր խօսիլ, իմ բոլոր կարեկից հարցումներուս հազիւ կը պատասխանէ։ Իր ազազուն մատուըները ճակատին վրայ են միշտ, հոնկէ դուրս հանելու համար ցաւը՝ որ զինք անկողին է նետած։

Ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս հիւանդութիւնը. անողոք բան մը կ’երեւայ, իր տագնապները կը տեսնեմ ես Խաչերի արդէն իսկ քամուած դէմքին վրայ։

Բժիշկը անհրաժեշտ է, կ’ըսէր Պ. Ալեքսանդրը. իմ կարծիքս ալ նոյնն է՝ սակայն Վանահայրը կը կրկնէ միշտ.

Տէ՛ որբ ըսածդ դիմացկուն է, անհոգ եղիր Արտակ, վաղը ոտքի կ’ելլէ…

Հակառակ Վարդանի այդ դժկամութեան՝ արդէն քաղաք ղրկեցինք ծառաներէն մին, հիմա բժիշկին կը սպասեմ վայրկեանէ վայրկեան։

Չարագոյժ նախազգացումը ինծի մահ մը կը հաւաստէ. Խաչերի մահը, թերեւս իմինս ալ։

Ե՛ս, ալ ուրիշ բանի վրայ չեմ կրնար խորհիլ. դեդեւուն՝ այլ կենսալի բանականութիւնս դէպի սեւ գիծ մը կը վազէ. մահուան ճամբաներ կը տեսնեմ միայն, թէեւ ամօթալի է վարդապետին համար՝ կեանքի արշալոյսին հակող անմեղ հոգիի մը վերջալոյսին նայիլ։

Պիտի խնամեմ Խաչերը, իմ պարտքս է կարելին ընել. բայց ի՞նչ կ’ընեմ ես ինքզինքիս համար, կամ ուրիշները կը խորհի՞ն իմ վրաս. բոլոր նոր առած դեղերս անօգուտ կ’անցնին։

Երէկ իրիկուան դէմ, որբերու ննջարանին մէջ՝ երբ Խաչերի սնարին քով նստած էի, մէկէն սենեակին դուռը բացուելով՝ Շուշանը հեւասպառ, քրտնած ներս մտաւ. տեղէս վեր ցատկեցի, չեմ գիտեր սիրտս ի՜նչպէս կ’աղաղակէր այդ պահուն։ Աղջիկը զարմանահար յետ յետ գնաց, անմեղունակ ժպիտով մը։

Դո՞ւն ես Շուշան… ո՞ւր էիր… այս ո՜րքան բացակայութիւն, օրիորդ։

Յետոյ կատակելով աւելցուցի՝

Է՜, քաղաքը ի՞նչ ըրիք տեսնեմ… ինչո՞ւ գացիք… բարեկամնե՞ր եկած էին Պոլսէն…

Յառեցայ իրեն. նախ շիկնեցաւ, ապա տժգոյն տեսայ զինք։

Այո՛, հայր սուրբ, ազգական մը ունէինք…

Լա՛ւ, լա՛ւ…

Երջանկութիւնս պատմել դժուար է. կարծես դարու մը կարօտ կ’առնէի իրմէն։

Շոյելով Խաչերի չոր ու այրող ճակատը, սովածի անկշտութեամբ կը նայէի Շուշանի խարտեաշ մազերուն, սպիտակ դէմքին, աչքերուն՝ որոնց թուխ թարթիչներէն բիւրեղեայ կապոյտ լոյս մը կը սահէր, կ’իյնար վրաս երբեմն. ու ես դողահար կ’ըմպէի այդ լոյսը, վայելելով ծաղկենկար տպածոյէ շրջազգեստէն ցայտող իր դաշն գիծերը։ Անոր մարմինէն ելլող այդ շնորհին հետ՝ ինծի կը հասնէր նաեւ լեվանտի բոյր մը, որ կը սարսռացնէր բոլոր անդամներս, ջիղերս խտղտացնելով։ Մեղմ՝ այլ աւելի արագ կը դառնար սրտիս զարկը… կը զգայի ատիկա։

Հրաշալի՜ էակ, աւելի գեղեցիկ կ’երեւիս, աւելի շնորհալի քան Աստուածամայրը՝ զոր Եղիազարը անգամ մը միայն ցոյց տուաւ ինծի…

Ուրեմն բարեկամներ տեսնելու գացեր են կ’ըսէի իւրովի։ Շուշանը չի կրնար ստել, ես կը հաւատամ իրեն եթէ ստէ իսկ։ Բայց ե՞րբ հայ աղջիկ մը կրցած է իր կեանքի էն մեծ դէպքերէն մին յայտնել համարձակ։ Փոյթս՝ ան քովս է հիմա, կը տեսնեմ զինք, բաւ է ինծի այդքանը։

Տեսնելով այս աղջիկը, աւելի լաւատես դարձայ Խաչերի հիւանդութեան մասին. Խաչեր նուազ նիհար երեւաց ու իր հեծեծանքը յուսահատութիւնս չէր պրկեր այլեւս։

Շուշան բաւական մը նայեցաւ Խաչերին, ճակատը շոյեց, խանդակաթ բառեր աւելցուց՝

Չէ՛, Խաչեր, աղուո՜րս, վաղը պիտի աղէկնաս, բան մը չէ, նայէ՞ տաքութիւն ալ չունիս…

Խաչեր շեշտակի կը նայէր Շուշանին. իր գորշ աչքերը արտայայտութիւն չունէին, կամ թէ անոնց յառումը ներքին աւերող ցաւի մը միօրինակ, կատաղի աշխատանքը կը պատմէր։

Յանկարծ՝ Շուշան հակեց գլուխը, թոթուեց կուրծքին վրայ, ձեռները աչքերուն տարաւ, շրթներուն անկիւնները բեկում մը ունեցան. խուսափուկ հեծկլտուք մը լսեցի ու տեսայ թէ կը փախէր…

Շուշա՜ն, Շուշա՜ն, կանչեցի ու իր ետեւէն դուրս նետուեցայ մինչեւ որբերուն դասարանին առջեւ, սանդուխին գլուխը. հոն բնազդաբար կանգ առի։ Պ. Ալեքսանդրը եւ որբերը դասարանէն դուրս եկան ապշահար. կարծես աղէտ մը պատահած էր։

Ոչի՛նչ, պատասխանեցի ամօթով, Շուշանին ետեւէն վազեցի որ բժիշկը գալուն՝ անմիջապէս հոս ղրկէ…

Վարժապետը ժպտելով՝ ներս հրեց տղաքը։

Լքուա՜ծ ու հէգ որբեր, այսպէս ձգած եմ զիրենք, մինչդեռ իրենց տառապանքը հոս բերաւ զիս։