Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԳ.

Ապրիլ . . .

Որբերը եկան։ Լըռին մենարանը ահա կ’արթննայ մանուկներու զուարթ ձայնով։ Ինչքա՜ն գորովանքով կը նայիմ այդ աղմկարար տղոց. առաջ որբերու ձայնը չէր բաւեր լեցնելու նոյն իսկ բակը, իրենց ներկայութեան ունեցած էի միշտ թախծութեան տպաւորութիւնները, որոնք յատուկ են վանական խուցերու։ Այսօր ամէն բան նոյնն է, նոյնն է Վանքը, որբերն ալ նոյն, բայց բզզիւն մը, տեւական շշուկ մը կայ շուրջս ու գոհ եմ։

Այս տպաւորութիւնը արդիւնք է իմ սպասող անձկութեանս՝ որ իր սիրոյ մէջ նաւաբեկ, դարձեալ կը դառնայ դէպի իր հին կեանքին։ Բայց կարծեմ որբերը աւելի ուրախ են, զիրենք փոխուած գտայ. կազդուրուած կ’երեւան։

Արդեօք դժգոհանքով չի մտա՞ն Վանքին մեծ դուռնէն ներս, ատիկա կը զգամ ես, որովհետեւ միշտ իրենց քաղքի յիշատակներուն վրայ կը խօսին, կը յայտնեն ամօթխած շեշտով մը այն գգուանքները՝ որոնց առարկայ եղաւ իրենց զրկուած որբութիւնը։

Քանի մը օրէ ի վեր տղոց կը խառնուիմ զբօսանքի պահերուն, հետեւելով իրենց կարծիքներուն, շարժումին եւ պատմութեան։

Նուէրներ առած են. զգոյշ հպարտութեամբ կը նային իրենց զգեստին, կօշիկներուն, ազնի՜ւ քաղաքացիք որ իրենց չունեցածէն իսկ բաժին հաներ են ասոնց։

Խաչերն ալ չի կենար, անանկ մանրամասնութիւններ կ’ըսէ, որոնք զիս չեն հետաքրքրեր. անմեղօրէն աղջնակի մը վրայ կը խօսի որուն ընկեր եղեր է, եւ որ իրեն տուեր է ինչ որ չքնաղ եւ խանդակաթ փոքրիկ մը կրնայ շռայլել ասանկ սիրուն մանչուկի մը, անմեղունակ սիրոյ մը միջոցաւ…

Այդ զեղումի պահերէն դուրս, ան միւսներուն նման անտարբեր չերեւար. անկիւն մը կը կծկուի, սուզուելով երազանքի մը մէջ՝ որուն առարկան չեմ գիտեր, կամ թէ հոն է, քաղաքը, զինք հիւրընկալող տանը մէջ…

Չի՞ կրնար ըլլալ որ պզտիկ մը սիրահարի փոքր աղջկան մը։

Պատահած է նմանօրինակ դէպք մը. ընկերներէս մին, Կարինի առաջնորդական տեղապահ Սուրէն վարդապետը պատմած է ինծի անմեղունակ սիրոյ յուզիչ դրուագ մը։ Որքա՜ն կ’ուզէի որ այդպէս եղած ըլլար, քանի որ ես ալ հակառակ կոչումիս ձայնին կը սիրեմ։ Երկու անբնական, չէ՛, աններելի սէրեր։ Ուրեմն ես ալ այնքան անմիտ եմ որքան թերեւս Խաչերը իր սիրոյն մէջ. կամ թէ ան ալ ինծի չափ իրաւունք ունի սիրոյ մը…

Կրկին անմտութիւններ կը թափեմ. իմ սէրս յիմարութիւն կը խմցնէ ինծի. ես չե՞մ այն տարաբախտ մարդերէն որ իրենց թշուառութեան ու կորուստի անելին վրայ՝ բաղդակից մը կը փնտռեն, հոգ չէ թէ մանուկ մը ըլլայ ան…

Վանքին մէջ ինէ զատ ամէն մարդ երջանիկ է։ Պ. Ալեքսանդրը կ’ըսէր երէկ՝

Քաղաքը լաւ օրեր անցուցինք… բայց Վարդապետս, քեզ աւելի նիհար եւ տժգոյն կը տեսնեմ. տկար կ’երեւաս, չի խնամե՞ս ինքզինքդ… Պոլիս դառնալու միտք չե՞ս ըներ։

Նայեցայ իր տառապած մարդու աչքերուն, յուզումէս կը դողայի, մինչ ան շարունակեց անակնկալ կերպով նիւթէն շեղելով՝

Ե՞րբ արդեօք աշխարհիկ կեանքը վանքերէն ներս պիտի մտնէ. պիտի գա՞յ ազատութեան այն օրը, երբ վանքերը տիպար ագարակներու վերածէինք շրջակայ գիւղացիներուն համար։ Պիտի գա՞յ այդ օրը…

Չեմ գիտեր Պ. Ալեքսանդր, բայց աղէկ գիտե՞ս որ աշխարհիկ կեանքը վանքերէն ներս չէ մտած…

Ինչպէ՞ս… հարցուց՝ զարմացմամբ երեսս նայելով։

Բան չի կայ…

Չի գիտեր, խե՜ղճ մարդիկ չէք գիտեր որ աղջկան մը սիրով կ’այրիմ։ Բայց վե՞րջը այս զրկումներուն։ Զգալ, ըղձալ անլուր ուժգնութեամբ, ա՜հ սիրտս կը զարնէ որովհետեւ զինքը յիշեցի ահա, հիւծիլ ու շուրջդ ամէնքը միջավայրին պատիր թելադրութեամբ զգաստացած, չիմանան այդ բոլորը, չգուշակեն։

Կարելի՞ է տանիլ գաղտնիք մը մինչեւ ծայրը, ո՞րը գացած է… «Չի կայ գաղտնիք որ չի յայտնուի», կ’ըսէ Ս. Գիրքը, բայց ահա հոս ամէնուն մէջ եմ, կը սիրեմ Շուշանը, կ’անձկամ անոր կուրծքին, դէմքին, շունչին, ոտքերու դպրտիւնին, մարմինս կը մաշի, ու մէկը չի գար այս մենութեանց խռովալի մէկ վայրկեանին թեւիս հպիլ, մրմնջելու ականջէս վար՝

Վարդապե՛տ… Արտակ, գիտեմ որ Շուշանը կը սիրես…

Ատ բաւ է որ ես անոր գիրկը նետուիմ լալահառաչ, աղէխարշ ձայնով, բրածեծ տղու հեծեծանքներով… Այդ բոլորը բաւ են ինծի համար իբրեւ խոստովանանք ու քաւութիւն։

Վանահայրը բթացած է, Ալեքսանդրը թերեւս անփորձ մը, բայց կայ մէկը, Եղիազարը, որ կրնայ նայիլ հոգւոյս խորը, որովհետեւ թափանցող է ան, գիտէ լուծել գրի, կենդանիներու եւ պատկերի մանրամասն գաղտնիքներն. իմ գաղտնիքս պարզ է, շա՜տ պարզ… պա՞րզ է արդեօք… ուրեմն ի՞նչպէս չի կրնար կարդալ։

Ատելի է մասնագիտութիւնը, ան խորաթափանց հոգին անանկ անօգուտ նիւթերու մէջ կը մխրճէ՝ որ այլեւս անկարելի կ’ըլլայ անկէ տարբեր տեղ նայիլ։

Եթէ ե՛ս երթամ Եղիազարին յայտնել. միակ ելքն է ատիկա եւ ան միակ մարդը։ Բայց ի՞նչ կրնայ տալ ինձ. խրատներ, դասական իմաստութեան խօսքեր, նկարասէրի ու երփնագրողի իր կեանքէն սիրոյ դժբաղդ դրուագներ, կամ աշխարհը սկեպտիկի մը հայեկով դիտողի յորդորներ… Բան մը չեն կրնար բերել այդ բոլորը, ես այդ ամէնուն վրայ կը թքնեմ։

Սիրահարին սիրտը չի կրնար ամոքուիլ. իմաստութեան յորդորը էն մեծ ոճիրն է իմինիս պէս սիրոյ մը դէմ, որովհետեւ իմաստութիւնը դարերու առապարներէն եկած ծերունի մըն է, զառամ ջատուկ մը, անզօր՝ երիտասարդի մը սիրոյն առջեւ…

Բայց ո՞ւր է իմ ուժս։ Ահա որ կը դառնանամ նորէն, կատաղութիւնը ակռաներս կը խտղտացնէ, խածնել կ’ուզեմ. կրնայ ըլլալ որ անոնց տակ թոյն մը սպասէ…

Դարձեալ կ’երգեն որբերը, որբերը բակին մէջ երգ մը կ’երգեն. ծանօթ է ան ինծի, բայց յիշողութիւնս չի կրնար ըսել թէ ո՞րն է։ Երթամ տղոց շարժումին խառնուելու։

Դուրսը գարուն է, ծիծեռնակները ժամուն դրան կամարակապին անկիւնը բոյն կը շինեն ու գետինը շոյելով կապոյտին մէջ կը սլանան։ Ամէն կողմ կանաչութիւն է ու ծաղիկ։

Որբերու հոգին լեցուած ըլլալու է աղուոր բաներու յոյսով, անոր համար անոնք այդքան աշխուժով կ’երգեն։

Երթամ։ Ասիկա այն պահն է, երբ Շուշանը սիրական գառնուկի մը՝ իր ափով դալարիք ու ծաղկեալ ճիւղեր կուտայ…