ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԸ.
Ապրիլ. . .
Զատկի
արձակուրդը
անցնելու
համար,
որբերը
քաղաք
մեկնեցան։
Քանի
մը
անձնուէր
ընտանիք
եկան
մեզ
առաջարկել
հիւրընկալութեան
այդ
ձեւը։
Տղոց
համար
սփոփանք
մը
պիտի
ըլլայ
ընտանեկան
խնամքը
ու
թերեւս
իրենց
ցնցոտիներէն
նորոգուած
վերադառնան։
Ալեքսանդրն
ալ
գնաց։
Վանքին
մէջ
քանի
մը
հոգի
կը
մնանք.
Վանահայրը,
Շուշանը,
Եղիազարն
ու
միւսները։
Այս
կրկնակ
մենութիւնը
հաճոյքով
կ’ընդունիմ.
ինքզինքս
քիչ
մը
աւելի
ազատ
պիտի
զգամ
հետապնդող
ակնարկներէ.
չեմ
ուզեր
որ
զգան
կամ
գուշակեն
ինչ
որ
վանքի
մը
որմերուն
մէջ
կը
թաւալի
լռին
եղերերգութենէ
մը
աւելի
հզօր
թափով.
լա՛ւ
է
որ
մարդ
միայնակ
տառապի…
Կրած
փոփոխութիւնս
զարմանալի
է,
ես
որ
երբեմն
կ’երազէի
քաղաքն
ու
անոր
շարժումը,
հիմա
առանձնութիւնը
կ’ուզեմ,
կը
սիրեմ.
սիրոյս
հետ
մինակ
ըլլալ
իմ
միակ
իղձս
է։
Ուր
է
երջանկութիւնը՝
երբ
մարդ
այնքան
յարափոփոխ
է
իր
բարեբաստութեան
ըմբռնման
մէջ…
Առաջ
յարատեւ
շշուկ
մը
կար.
փեթակի
մը
բզզոցն՝
ու
նոյն
իսկ
ձայներ
կը
լեցնէին
մենաստանը.
թող
դադրին
անոնք,
ես
կ’ուզեմ
լսել
ու
անձնատուր
ըլլալ
սիրոյս
երազին
ու
ձայներուն,
անոնք
կը
բաւեն
լեցնելու
ամէն
ամայութիւն։
Յետոյ
ազատօրէն,
համարձակ
պիտի
կրնամ
վայելել
Շուշանը։
Առաջին
մէկ
երկու
օրերս
արդէն
մանկունակ
զուարթութեան
մը
մէջ
անցուցի.
գացի
Շուշանին
ու
մօրը
քով,
խօսեցայ
հետերնին
ու
խնդացի
ալ։
Սակայն՝
կայ
բան
մը
ուրկէ
կը
նեղուիմ.
առաջ
շեշտակի
կրնայի
նայիլ
ուրիշներու
աչքին,
հիմա
հետզհետէ
անկարելի
կը
դառնայ
ատիկա։
Շուշանին
չեմ
յառիր,
թէեւ
աչքերս
միայն
զինք
կը
խնդրեն,
թերեւս
մատնուելէ
կը
վախնամ,
որովհետեւ
ակնարկներս
անոր
կրնան
խօսիլ
ինչ
որ
լեզուս
կը
լռէ։
Ի՞նչ
կրնար
ըլլալ
սակայն՝
երբ
յայտնուէր
սէրս…
պիտի
պատահէր
այն՝
որուն
սոսկմամբ
կ’ըղձամ.
իյնալ
ոտքերուն
առջեւ,
բռնել
իր
պատրիկեան
մատները
համբուրել,
համբուրե՜լ
եւ
ներողութիւն
խնդրել։
Վարդապետ
մը
հասարակ
աղջկան
մը
առջեւ
ծնրադիր…
նորօրինակ
է
ասիկա
ինձ
համար,
պատահա՞ծ
է
այդ
տեսակ
բան
մը
երբեք։
Յետոյ՝
քանի
մը
օր
առաջ
կը
սեւեռէի
ժամերով,
հիմա
անհանգիստ,
կասկածոտ,
յարաշարժ
եմ.
վրդովուն
վիճակ
մը՝
որ
տեղէ
տեղ
կը
տանի
զիս։
Ո՛չ,
տեղէ
տեղ
չէ.
ես
Շուշանը
կը
հետապնդեմ,
կը
փնտռեմ
անգիտակցաբար,
բնազդօրէն։
Ասոնք
ի
վերջոյ
ուշադրութիւն
պիտի
արթնցնեն,
նկատի
առնուին,
քննուին,
ճշդուին
խոհանոցին
կամ
գոմի
մը
անկիւնը,
Վանքէն
քաղաք
տարուին
եւ
մինչեւ
Պոլիս
գտնեն
իրենց
արձագանգը։
Ի՞նչ
բաներով
պիտի
լեցուին
մեր
օրաթերթերը,
բռնութեան
թաթին
տակ
ապասերող
թուղթի
այդ
լայն
էջերը։
Վարդապետը
տնտեսուհիի
մը
դեռատի
աղջկան
կը
սիրահարի…
վանքին
մէջ։
Այս
պիտի
ըլլար
զգայացունց
վերնագիրը
աչքի
զարնող
մեծ
տառերով
գրուած
ու
զզուելի
կախման
կէտերով
վերջաւորուած։
Օրաթերթի
մը
թարմութիւնն
ու
հրապոյրը
աւելցնող
բան
մըն
է
կարծեմ
յայտնութիւնը,
չէ՞
Արտակ։
Ու
ո՞վ
գիտէ
ինչպէս
հազարաւոր
մարդիկ,
բուռն
ու
կործանող
տառապանքի
մը
այդ
արձագանգին
առջեւ
պիտի
ծիծաղեն
կրկնելով՝
—
Վարդապե՜տ,
սիրահարութի՞ւն,
ահա
թէ
ուր
ինկած
է
կուսակրօնութեան
բարոյականը…
Կրկին
ու
կրկին
պիտի
կարդան
ու
նորէն
խնդան,
սրամիտ
գռեհկութիւններ
կուտակելով
յետագայ
մանրամասնութեանց
վրայ՝
զորս
խեղկատակ
ու
կատաղի
թղթակից
մը
կրնայ
երեւակայել։
Այսպէս
անսպառ
նիւթ
մը
պիտի
ելլէ
իմ
սեփական
թշուառութենէս,
ուրիշներուն
իբրեւ
ժամանցի
նիւթ։
Չէ՞
եղած
որ
ես
ալ
ծիծաղած
ըլլամ
նմանօրինակ
պարագայի
մը
առթիւ։
Եսական
է
մարդը,
ու
մեր
անձնական
տառապանքէն
դուրս
ամէն
բան
կրնայ
հեգնուիլ…