Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԶ.

Մարտ . . .

Անցեալ օրուան յուզումս սուղի նստաւ ինծի. առողջութիւնս դէպի ետ շարժում մը ունեցաւ։ Ձախ թոքս աւելցուց իր պարբերական ցաւերը. երբեմն գիշերները քրտինքի բարակ, գաղջ եւ մածուցիկ խաւ մը մարմինէս կ’առկախուի, մինչդեռ անողոք հազ մը կողերս կը ցնցէ։

Թոքախտի սկզբնաւորութի՞ւն մըն է արդեօք։ Միշտ այսպէս կը խորհիմ, ու ամէն անգամ ալ վրաս կը խնդամ. կասկածի բոյն մըն ես Արտակ։

Բայց ի՞նչ կրնան ըլլալ այս տանջող հազն ու քրտինքը, յաճախակի կողի ցաւերը։ Բժշկարանի մը մէջ կարդացեր եմ որ ատոնք թոքախտի նշաններ են. բայց կան ջղային հազը, ջղային կողացաւերն ու քրտինքը։

Բան մը ճշդել չեմ կրնար. թող ժամանակը տայ իր որոշումը…

Օդերուն գեղեցկութիւնը կրնայ փութացնել կազդոյրս։ Արդէն Մեծ Պահոց վերջին օրերը կը համրենք, գարունը սկսած է ժպտիլ թաց եւ երկնող հողին, երկնից կապոյտներուն ու արեւին։

Սալորենիի ու ծիրանին մորճերը կը պտկին։

Պ. Եղիազարը ըսաւ թէ կռունկները անցեր են, արագիլներն ալ քանի մը օրէն կը հասնին։

Այս ամէնը ես չեմ ընդունիր մահուան ճանկերէն ազատած հիւանդներու նման իբրեւ գերազանց պարգեւներ, որովհետեւ՝ տխուր եմ…

Կարծեցի թէ հիւանդութիւնս տարած էր Շուշանի հանդէպ իմ տածած զգացումներս, յետոյ կազդոյրի օրերուս մոռնալ կարծեցի զանոնք։ Սխալած եմ, չարաչա՜ր սխալած, որովհետեւ անցեալ օրուան արցունքներս ալ բարւոքում չի բերին ինծի։

Մէջս հիմա աւելի ամուր է այն բանը՝ ուրկէ կը վախնամ։ Տէր Աստուած, Սո՛ւրբեր, ես կը սիրեմ Շուշանը…

Երբ դառնօրէն սիրոյ կը նայիմ, կ’ուզեմ զինք վտարել, խեղդել արհամարհանքիս տակ, ան կը ժպտի Շուշանի բարկօրէն ծաւի աչքերով։

Սէ՜ր, աղէտ կը թուիս ինծի. ես քեզ սահմանել չեմ կրնար, պիտի չի կրնայի նկարդ յօրինել այլ կը զգամ քեզ, կը հոտոտեմ ու սիրտդ ուժգնօրէն կը տրոփէ որովհետեւ դժխեմ մատնութեան օր մը հոն մտար։

Ահա կը հեւամ ես. ի՞նչպէս մարել տենդը ազազուն էութեան մը ծոցը։

Կ’ուզեմ մոռնալ ամէն բան. փորձեր կ’ընեմ ուրանալու Վանքը, Շուշանը, իր սէրը։

Իրաւ երբեմն սուզուելով մտածման մը մէջ, անդորրութեան կը յանձնեմ հոգիս, բայց խենթի պէս կ’ոստնում տեղէս յանկարծ։ Բան մը կուգայ արթնցնել զիս. անիկա Շուշանի խռովիչ պատկերը չէ միշտ, հապա անբացատրելի էութիւն մը որ մէջս է, ընկեր քայքայուած կազմուածքիս, պահակ մը՝ որ կը յականէ զիս անմռունչ, թոյլ կուտայ մոռացումի խաբէութեան վայելքն ունենալ ու մէկէն պոնդի հարուածով մը կը հրաւիրէ զիս սիրոյ տառապանքին։

Ամէն ջանք ապարդիւն է ալ ինծի համար։ Ես ձգեր եմ զբաղում, գործ՝ ու իր ստուերին նման Շուշանին կը հետեւիմ…

Բայց իրօ՞ք սէր մըն է ունեցածս. տարակոյս մը կ’առնէ զիս երբեմն։ Առաջին անգամն է որ ասանկ բուռն զգացումի մը կը հանդիպիմ, հիւանդութեանս ախտաժէտ արդիւնքներէն մէկն ըլլայ գուցէ, դիւրանցիկ բան մը։

Կը յիշեմ որ Վէրթէրը կարդացած եմ աշակերտութեանս շրջանին. Վէրթէրի զգացումներուն յար եւ նման են իմիններս. Վէրթէր կը սիրէր նշանուած աղջիկը…

Ի՞նչ պիտի ըլլաս դուն Արտակ. կորստեան հովերուն գլխիկոր ստրուկ մը… դիւրախաբ հոգի։

Յետոյ՝ կը սեւեռիմ ժամերով։ Անսովոր, ծիծաղելի այլ սարսափելի է ժամերով առարկայի մը սեւեռիլ եւ չի տեսնել զայն, ժամացոյցը հարցուփորձել, անոր յառիլ երկար ու չի կարենալ կարդալ ժամանակը, ուրիշներու պատահա՞ծ է նմանօրինակ բան մը։ Սակայն կայ բան մը, զոր կը տեսնեմ յար ու անով կը զբաղիմ… Շուշանը։

Զայրոյթն ալ հետս է։

Վարդա՛պետ, հիւանդութենէդ բարկասիրտ դարձար, կ’ըսէր անցեալ օր Վանահայրը ինծի։ Իրաւունք ունէր։

Խորունկ է իմ տրտմութիւնս ու բարկութիւնս սաստիկ։

Ես անձնասպանութեան դիմող Վէրթէրին կը նմանիմ ու անոր պէս կ’աճի մելամաղձոտութեան ունայն բաղեղը։

Վէրթէր սպաննեց ինքզինք վատ օր մը. իսկ ես չունիմ քաջութիւն մահուան նետելու ինքզինքս ինչպէս որս մը՝ գազանին առաջ…

Չէ՛, անձնասպան ըլլալ իմ գործս չէ. անէանա՜լ, զրկուիլ արեւէն, կեանքէն ու այրող սէրէ մը։ Յետոյ կրօնականի մը անձնասպանութիւնը մեծագոյն մեղանչումն է Աստուածային օրինաց դէմ, եկեղեցիէն ալ նզովուած։

Եթէ այդպէս է ինչո՞ւ աղջիկ մը սիրել, եկեղեցին կ’արգիլէ ամուրի եկեղեցականին սէրը։ Կը սխալիմ, եկեղեցին չէ. առաջին դարերուն ամուրի կրօնաւոր չի կար. յետնագոյն ժամանակի չարագործ հայրապետներն էին որ ամուրի եկեղեցականութիւնը հաստատեցին։

Մարդկային կազմուածքին դէմ տրուած այս վճիռը կը մերժեմ ես. հիմա ատելով կ’ատեմ ամուրի եկեղեցականը։ Բայց ես կամքովս ընդունեցի այս սեւերուն տակ ծածկել ամէն զգացում։

Ճիշտ չեմ խորհիր։ Պարտաւոր եմ արդար ըլլալ տառապանքիս խորութեանը մէջն իսկ։

Երբ մարդ՝ տղայ է դեռ, եկեղեցւոյն պերճանքէն կուրացած՝ անոր շքեղանքին մաս կազմել երազէ, յանցաւո՞ր է։

Յետոյ հազար երազներէ, փառքէ ու քիչ մըն ալ միսթիքական հոգիէ տարուած եթէ մտնէ վանական կեանքին մէջ, ինքը չէ ոճրագործը։

Պատիժը գիտակցօրէն գործուած ոճիրին փոխարինութիւնն է. քիչեր գիտակցօրէն վանք գացած են կուսակրօն ձեռնադրուելու համար։

Կուգայ վանական մենիկ կեանքը։ Սուրբերու չոր հոգիներովը սնող տղան կտրուած է աշխարհի հաղորդակցութենէն։ Ամէն բան կրօնի, հոգւոյ, հանդերձեալ կենաց շուրջ կը դառնայ ու անոնց սովորութեամբ՝ ուսանողը կը սկսի ակամայ ատել աշխարհը։ Ահա արդէն իսկ հոգին կապտուած։

Ալ անկարելի է քայքայել տարիներէ ի վեր ստեղծուած ու սնած ազդեցութիւններն այն պահուն՝ երբ պատանին ազատ կը համարին ընդունիլ կամ ոչ՝ կուսակրօնութիւնը։

Վանքը թող չի տար քակել այն կապերը՝ որոնք մեր հոգւոյն սանձերն եղան երկար ատեն։

Իսկ երբ հագնինք վերարկուն, ահա աշխարհի հետ դէմ առ դէմ։ Իմ թշուառութիւնս այդ օրէն սկսաւ, յամրաքայլ ու ծանր թշուառութիւն մը, հիմա կը զգամ։

Երեք ճամբայ կայ մեզի, կամ շնալ այլոց կիներուն հետ, ինչ որ կ’ընեն կուսակրօնները ընդհանրապէս, այսպէս գիտեմ, կամ լքել վերարկուն, իրաւ անկարելի այլ երջանիկ յիմարութիւն կը փորձե՜ս զիս, կամ տառապիլ անօգուտ, անհետեւանք սիրոյ մը մէջ ու խորխի մը նման այրիլ…

Ասոնք կը խորհիմ երբ սիրտս կը պրկէ։

Ան երբեմն ալ կը շոյէ զիս, որովհետեւ սիրոյ այս տառապանքին մէջ կը զգամ խիստ կարճատեւ այլ բուռն հաճոյքներ ալ երբ Շուշան ժպտելով ինծի նայի, կամ խօսի հետս. յետոյ սիրոյ երազները այլազան են, խռովիչ…

Ահա ցնորանքներէս մէկն ալ. Շուշանը գուշակա՞ծ է բան մը զգացումներէս, երբ արշալոյսին՝ ժամուն դրան կամարին տակ տատրակներուն կեր տալու պատրուակով իրեն կը սպասեմ կամ օրուան մէջ քանի մը անգամ կ’երթամ խոհանոց, փռատուն եւ այն տեղերն ուր կը յուսամ գտնել զինք։

Չեմ կարծեր, որովհետեւ անբիծ հոգի մը ունի. աւելի անբիծ քան անձրեւներէ սրբուած եւ արեգակին քաղցր լոյսէն համբուրուած երկինքի այս լիճը որ լուսամուտովս կը շրջանակուի։

Բայց ինչո՞ւ Շուշանը Վանքին մեծ դրան առջեւ երբեմն ձեռքը դունչին, հեռուները կը խորասուզի ու կ’երազէ։

Բա՛ւ է։ Այս յուզումները պիտի կործանեն զիս, ուժ պէտք է փորձութեան իժին դէմ։ Հիմա աղօթքս, ա՛լ զօրավիգ չըլլար ինծի. ընթերցումներու տուած եմ ինքզինքս, կը կարդամ Ս. Բարսեղի եւ Փիլոնի վարուց մասին ֆրանսերէն ուսումնասիրութիւն մը։ Երբեմն դասերու կ’երթամ. կը պատահի որ դասարանին պատուհանէն Շուշանը տեսնել կարծեմ, այն ատեն ձգելով դասս վար կ’իջնեմ, դեգերելու անօգուտ կերպով ամէն կողմ, պտտելու իր ետեւէն. ապա տժգոյն, յոգնաբեկ ու դողահար կ’ելլեմ սենեակս…

Դարման չունիմ. ամէն բան առժամեայ է, ես չեմ կրնար, չեմ կրնար Վանքի մը ստուերին եւ խոհանքին մէջ ուռճացող գեղանի աղջկան մը պատկերը աւրել աչքերէս։

Որբերուն երգը ինծի կը հասնի ահա. իմ հոգւոյս մէկ արձագանգն է ան, տրտում եւ յուսահատ…

Կը հազամ… երթամ սլքտկալ բակին մէջ։