Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԲ.

Ապրիլ . . .

Այս արձակուրդը կը սկսի ճնշել վրաս. թող գան որբերը ժամ առաջ, հիմա միակ փափագս այդ է։ Եւ արդէն չեմ գիտեր ինչո՞ւ ուշացան, արձակուրդը լրացած է, կ’երեւայ Պ. Ալեքսանդրը ծուլութիւն կ’ընէ։

Երկու շաբաթ առաջ մենութիւնը կը փնտռէի իր գովքը հիւսելով, անոր քաղցրութիւնը զգալ կը կարծէի, ինչպէս անոր բերած սիրոյ յաւերժական ժամերուն անձուկովն ալ լեցուած էի։ Իսկ հիմա նորէն ժխորին կը դառնամ, որովհետեւ այն՝ որուն վրայ կեդրոնացուցած եմ կեանքս ու զգացումներս ոչինչ տուաւ ինծի։

Խե՜ղճ աղջիկ. ի՞նչ կրնայ տալ. ես չ’ուզեցի բան մը իրմէն, մանր յայտնութիւն մը իսկ չի կրցայ ընել՝ զգացնելու համար սիրոյ աղիտաւոր օրէնքին աւերը մէջս։ Ա՛յո ինչո՞ւ սպասել… երբ ոչինչ տրուած է։

Սէրը քիչ մարդ այսքան կոյր եւ ապերախտ է ըրած. իմ մէջս են կորստեան դառն սերմերը, ես իսկ ծնայ զանոնք, այլ իմ ցնորանքիս մէջ՝ կ’որոնեմ յանցապարտութիւնը իրերուն ու մարդոց։ Այս ամէնը ոչինչ կը փոխեն իրականութենէն. թող բանականութիւնս, եթէ մնաց, ծամէ անօգուտ՝ իմ դատակնիքս կամ անմեղութեանս ջատագով կանգնի. բան մը չի կրնար փոխուիլ եղածէն։

Ես կը սիրեմ Շուշանը. սիրտս չքմեղանք չունի… կը սիրեմ զինքը անանկ մը որ խելագարութեան խարազանին տակ ոռնացող դատապարտեալն իսկ՝ պիտի գթար վրաս տեսնելով զիս։

Թերեւս սիրոյ պարզ էութենէն տարբեր բան մըն է իմինս. բարդ եւ մինչեւ հիմա ակամայ սանձուած զգացումներու յորդում մը որ մէկէն փշրելով կուսակրօնի կեղծաւոր կեանքիս անուրները, կ’իյնայ մաքուր եւ աստուածային էակի մը վրայ՝ որուն արժանի չեմ։

Շուշան անգիտակ է սիրոյս. այնքան անգիտակ որքան դէմքը շրջանակող ապրշում մազի թելերէն մին՝ իր այտերուն փափկութեան։ Եւ ես աւելի վատ ու ոճրապարտ եմ, որովհետեւ կ’ուզեմ բաներ՝ որոնց գոյութեան կասկածն իսկ չի կրնար երեւակայել ան ու թերեւս սրբակեացի մը տուած պատկառանքով կը մօտենայ ինծի…

Բայց ես ինչո՞ւ դաշտերուն մէջ, գետեզրը կամ նոյն իսկ տաճարին ստուերոտ ու զանխուլ մէկ անկիւնը չեմ կրնար խօսիլ իր հետ սիրոյս մասին. խօսիլ, համոզել զինք ու վճռելէ յետոյ, մթին գիշեր մը Վանքէն հեռանալ, անոր դրան առջեւ լքելով այս սեւ վերարկուն. յետոյ ամուսնանալ…

Եղած են յանդուգն ու սրտի տէր աղջիկներ որ մահուան տեղ կեանք բերեն. թերեւս Շուշանն ալ անոնցմէ է։ Քաղցր ու վեհերոտ արտաքիններու տակ, կ’ըսէր Տուրինեան, պահուած են յաճախ ամէնէն վճռական ու անվեհեր հոգիները…

Այն ատե՞ն։ Քանի մը ամիս գայթակղութիւնը շրջան պիտի ընէր գռեհիկ մարդոց ու թերթերու շատխօսիկ, ծուռ բերաններուն մէջ։ Կ’ատեմ օրաթերթերը, գարշահոտ շտեմարաններու կը նմանին, ուր առանց ընտրանքի ամէն բան կը դիզեն։

Կը բաւէ համբերող եւ անփոյթ ըլլալ… կ’ըսէր Օրումեանը իր ժողովրդավարութեան դասերուն մէջ, ի վերջոյ ամէն բան կը մոռցուի։

Բայց ես վախկոտ եմ։ Ամէնուն տրուած չէ յանդուգն հարուածներու ճաշակը. չէ թէ գործը, հապա մտածումն իսկ զիս դողի կը մատնէ։ Ծիծաղելի է այս վիճակը կը զգամ, որովհետեւ կուսակրօնութիւնը ձգած եւ կամ անոր մէջ իսկ աշխարհիկ վայելքներուն անձնատուր եղած դասակիցներ կը հեգնեն այս բոլորը. ե՛ս միայն պիտի չի կրնամ խզել այն կապերը, որոնք վարդապետը կը զրկեն կեանքէն, կեանքին իսկ դիմաց…

Զո՛ւր ալ չէ որ մարդ անցեալ մը կ’ունենայ. պարապ չէ որ ինքզինքին պատմութիւն մը կը շինէ, ի՞նչպէս ուրանալ այդ պատմութիւնը, փշրելով կուսակրօնութեան հանդիսաւոր յանձնառութիւններն ու ժողովրդանուէր ցանկութեան ուխտը։

Ինչո՞ւ կը տառապիմ ուրեմն։ Սիրոյ բոլոր լուսաւոր ուղիները խոր, անյոյս անելներ են ինծի համար. լա՛ւ է որ կորսուիմ անոնց մէջ, սանձելով տենչանքիս բոցերն, վերարկուիս մթին ծալքերուն մէջ ամփոփելով անձս ու սեւ գիշեր մը տառապեալ հոգիս թողլով Ամենակալի ահեղ դատաստանին…

Շատ կը հազամ նորէն։ Քանի մը օրէ ի վեր կողերս անդադրում կը ցաւին եւ առատօրէն կը թքնեմ. միշտ ալ լորձունքս կը քննեմ…

Ձգեմ գրիչս, թէեւ գրելը սփոփանք է, որ երթամ Վանքին մեծ դրան առջեւ, ճամբուն վրայ Շուշանին սպասելու։