Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԼԲ.

Յուլիս

Խաչերի թաղումէն ի վեր՝ զիս ալ կը հալածէ մահուան մը գաղափարը։

Չեմ կրնար այդ սեւեռուն ստուերէն զատուիլ. կարծես մէջս է ան, կամ վերարկուիս էութեան հետ նոյնացած։ Մահը քովէս կը քալէ, կը նստի դէմս հանգիստի կարճ րոպէներուն, մասնակից կ’ըլլայ ճաշերուս. բառերուս մէջ կը զգամ ես իր պաղ շունչը։

Հիմա երկու հոգի եմ ես. անոր համար բնաւ չեմ աճիր։

Սէրս ալ լքեցի. Շուշանի համար ունեցած հատնումս թեթեւցած կը զգամ. իր տեսքը հազիւ մանր սարսուռ մը կուտայ ինծի. իմ եւ անոր միջեւ մէկը կայ՝ մահը։

Ամէն րոպէ, յետին վայրկեաններու սարսափին ու կեանքի գեղեցկութեան երազին մէջ կը տատանիմ։

Ես կ’ատեմ մահը. կ’ատեմ՝ ինչպէս երբեմն ատեցի Շուշանի նշանածները. անոնք հիմա ինծի համար սիրելի եւ ազնիւ մարդիկ են՝ իմ անծանօթ սիրելիներս՝ որոնց խաղաղութեանն ու բարութեանը կը ցանկամ միայն։

Մէջս հետզհետէ կը զօրանայ ապրելու տենչը. ամէն իր աւելի կարօտալի եւ գեղեցիկ է ինծի համար. պապակն ունիմ կեանքին, ու որքան անդամներս դողահար դառնան, թոքերս դատարկ ջրամբարներու պէս խօսին՝ այնքա՜ն կարօտով արեւին կը նայիմ։

Պիտի մարի՞ս օր մը յաւէտ, տրտում աչքերէս արե՜ւ, կամ պիտի տեսնե՞ս մէջս դեգերող քանի մը կայծերուդ մոխրանալը՝ մահուան քամիէն։

Ես չեմ ուզեր սիրել. կամ հիմա դիւրին է ինծի ուրանալ սէրս. բաւ է որ ապրիմ… Լա՜ւ է մենաւոր ու բոկոտն՝ արեւին տակ դեգերիլ հեռաւոր ճամբաներու եզրը, անցորդներէն, հողէն կամ վայրի մացառներէն մուրալով պատառ մը սնունդ…

Կեա՜նքը, կեա՜նքը… Արտակ հիմա կը զգաս անոր գինը։

Եկեղեցի կ’երթամ ստէպ՝ զիս հետապնդողը աղօթքի մը կամ սաղմոսներու ձայնով վանելու։ Թեթեւութիւն կը զգամ. կեանքի տաճարին մէջ՝ մահուան ստուերին վրայ մոռացոնքը կ’իյնայ, բայց ահա՝ այդ անմարդաձայն, զովաստուեր կամարներուն տակ հեծեծանք եւ քրքիջներ կը շատնան, ու ամէն բան դատակնիքս կը վճռէ. բոլոր բարի կամ չար դէմքով առաքեալներն ու սուրբերը դատաստանի ատեանը կը կազմեն՝ դուրս գալով իրենց որմանկիւններէն ու խցիկներէն։

Աստուածային արդարութեան ձայներն ու դատաւորներն են, որոնք նզովք կը կարդան, անէծքներուն էն դառնահամը կը թափեն իմ վրաս. ի վերջոյ ամրադաշն, վայելուչ, խորապէս խորհրդաւոր սաղմոսներ կ’երգեն, զորս չեմ լսած, սակայն ինծի անծանօթ պիտի չըլլան…

Ալ չե՜մ սիրեր, մեղա՜յ ամենասուրբ արարիչդ, մեղա՜յ…

Այսպէս կ’աղերսեմ լալահառաչ։

Կը նայիմ շուրջս. անսովոր բան չի կայ Ժամուն մէջ՝ ամէն բան իր տեղն է, նոյն իսկ կը նշմարեմ թէ եպիսկոպոսական աթոռին ընդելոյզ սատափներէն մէկ քանին ինկեր են։

Այլ իրերը յամրաբար կը սկսին մթագնիլ. բոլոր որմերէն, անոնց անկիւններէն մռայլ ու կապոյտ ժպիտ մը կ’ելլէ խունկերու ծուխին պէս. այդ ժպիտը կը լեցնէ խորանն ու կամարները, յարաբորբոք քրքիջի մը նման կը պտուտքի ամէն կողմ ու իբրեւ էութիւն մը կը սկսի բարբառիլ ինծի։

Կը հասկնամ իր լեզուն, Անեղին ժպիտն է ան. բայց ինչո՞ւ այդքան տխուր է նախախնամողին ժպիտը։

Այդպէ՛ս պիտի խնդայ Ան Գերագոյն դատաստանին օրը՝ բոլոր անոնց որ աղջկան սիրոյ մը անձնատուր եղան։

Երբ դուրս կ’ելլեմ գաւիթէն՝ ալ չեմ կրնար քալել, չեմ ալ կրնար պատասխանել Եղիազարին՝ որ անութին տակ քանի մը մագաղաթ կը հեռանայ. այդ միջոցին, ամէն իր կ’ընթանայ կամ կը դառնայ իմ քայլերուս հակառակ ուղղութեամբ։

Կ’երթամ անկողինիս վրայ իյնալ, հազալով անզօր՝ այլ խորունկ հազով մը, ու աւելի յաճախ արիւն կը թքնեմ…

Կիրակի Վանքին ուխտի օրն է. արդէն շրջականերէն ուխտաւորները խումբ խումբ կը հասնին. լեցուած են թաղերը, գետեզրը վրաններ կը բարձրացնեն, կամ բացօդեայ կ’ապրին շատեր։

Բոլոր այս շարժումը, ժպտող դէմքերը, երգի ծածանող շեշտերը ինծի համար չեն… ես կ’երազեմ՝ կամ քնաշրջիկներու անփութութեամբը կը դեգերիմ։

Ալ ձգեմ գրիչս, հազը կը խեղդէ զիս։

Բայց ահա եկաւ. ա՜խ, մա՜հ, մահուան չար էութիւն, ի՞նչ կ’ուզես ինէ երբ այդպէս ցցուելով դէմս կը շարժես չարաժպիտ դէմքդ։

Սահմանումներուդ ճակատագրին տէրն եմ, կ’ըսէ ինծի։

Լա՛ւ, այդպէս թող ըլլայ. բայց մեր մէջ կռիւը անագորոյն ուժով պիտի մղուի մա՛հ. սիրոյ մէջ պարտուած՝ յաղթական պիտի ելլեմ քու դէմդ։ Պատրաստ ես որոգումի չէ՞, Արտակ…

Այո՛… բայց՝ լաւ չէ՞ մահով յաղթել մահուան…