ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ի.
Ապրիլ
…
Եկեղեցիէն
կը
դառնամ։
Խթումի
արարողութիւնները
կարճ
սաղմոսերգութեամբ
մը
լրացուցի,
մինչ
հիմա
հարիւրաւոր
տաճարներու
մէջ
բիւրաւորներու
բազկատարած
ներկայութեան՝
Յարութեան
խորհուրդը
կ’երգուի։
Որքա՜ն
լաւ
էր
ինծի
ամար
անոնցմէ
միուն
մէջ
ըլլալ,
ծծելու
խունկը
ու
վայելելու
համար
ջահերու
ոսկիին
տակ
ծաղկող
դէմքերու
ժպիտը։
Բայց
այս
իրիկուն
ի՞նչպէս
աղօթեցի
ես,
տէր
Աստուած։
Հիւանդութենէս
ի
վեր
երրորդ
անգամն
էր
որ
եկեղեցի
կ’երթայի.
կարծեցի
գոնէ
այս
անգամ
մխիթարութիւն
գտնել,
բայց
աղօթքի
բառերն
բան
մը
չեն
բերեր,
յետոյ
այդ
մենութիւնը,
անբացատրելի
մթնոլորտը,
թափուր
խորաններն
ու
անոնց
առաջ
քթթող
հսկումի
կանթեղները
կ’ընկճեն
զիս։
Զիլերու,
ծնծղայի
ձայներուն,
բազմախուռն
ամբոխի
մը
ժխորին,
աղաղակներուն
պէտք
կը
զգամ
ահա։
Սէրը
երբեմն
նեկտար
մըն
է
որ
ցնորանքիս
մէջ
ինքնաբաւ
կը
դարձնէ
զիս,
կը
կարծեմ
երջանկութիւնը
լիօրէն
վայելել
մինչեւ
մահուան
օր
մը,
բայց
յանկարծ՝
թոյնի
պէս
ան
կ’ապականէ
արիւնս
սարսափներով
համակելով
զիս.
դժողքի
մը
գաղափարէն
կը
դողամ
ես։
Չեմ
հաւտար
դժողքին՝
այլ
անոր
դողն
ունիմ
երբ
եկեղեցին
եմ,
խորանին
դէմ,
Աւետարանին
առջեւ։
Այս
երրորդ
անգամն
է
որ
սէրս
գալարուն,
պաղ
սողուն
մը
կ’ըլլայ
զիս
զգեստներու
համար։
Այո՛
պաղ
ու
գալարուն
օձ
մը…
Ժամուն
մէջ
սիրոյ
վրայ
խորհիլ
տուող
շատ
բաներ
կան։
Ինչո՞ւ
աշխարհը
եկեղեցիէն
ներս
մտած
է
կամ
եկեղեցին
աշխարհի
մէջ
ինկած։
Աստուածածնի
պատկերը
Շուշանը
յիշեցնել
կուտայ
ինձ
միշտ,
միշտ։
Սիրտս
կը
խոցուի,
այլ
Ան՝
կարծես
նոյն
պահուն
մազերը
երկու
հիւսքի,
դշխոյի
մը
խրոխտանքով
յամրաքայլ
քովէս
կ’անցնի՝
մանկաժպիտ
ու
թաղծադէմ։
Կը
նայիմ
իր
ետեւէն,
ժպտելու
ատեն
չեմ
ունենար
որովհետեւ
ահա
կրօնականի
իմ
հոգւոյս
դէմ
եկեղեցին
կը
հանէ
իր
բոլոր
սաստերը։
Դասին
մէջ
իսկ
շանթահար
ըլլալու
երկիւղը
կ’ունենամ։
Արդար
պատուհասում.
թող
Սրբոց,
Երանելիներու,
եկեղեցական
սուրբ
Հարց
զայրոյթը
շղթայազերծի
գլուխս,
ինչպէս
մրրիկը
ովկէանի
մը
մենաւոր
եւ
անօգուտ
խութին
վրայ…
Ես
կը
նախընտրեմ
այդ
վախճանը.
անիկա
նուազագոյնն
է
չարիքներուն՝
զորս
կեանքը
դարանած
է
ինձ
դէմ
երիտասարդութեան
եւ
սիրոյ
սնգոյրին
տակ։
Սակայն
խթում
է.
Զատիկը
պիտի
ծագի
վաղն
իսկ
Հայաստան
աշխարհին
վրայ։
Ի՞նչ
կայ
ինձ
համար։
Կը
յիշեմ,
Ծնունդին
խորհեցայ
ցաւերուն
վրայ
ազգիս.
այն
ատեն
ըմբոստութիւնս
կ’եռար
մեր
թշուառութեան
եւ
աւետուած
փրկութեան
եզրերուն
անհաշտութենէն.
իսկ
հիմա՞,
երբ
մերկ
խուցիս
մէջ՝
անմիտ
օրագրի
մը
այս
էջերը
կը
մրոտեմ,
ինչո՞ւ
նոյն
վեհանձն
թռիչքով
չեմ
խանդավառիր։
Բան
մը
եսական
ըրաւ
զիս.
սէ՞րը։
Բայց
լսեր
եմ
եւ
փորձովս
գիտեմ
որ
սէրը
գթած
ու
ազնուական
կը
դարձնէ
հոգին։
Ես
բան
մը
չեմ
ուզեր
կեանքէն
երկար
ատենէ
ի
վեր,
նախասիրութիւններս
հրաժեշտ
առին
ինէ,
փառքի
տենչանքն
ալ
մարեցի
եւ
ուրիշներու
յաջողութիւնը
անտարբեր
կը
ձգէ
զիս։
Աւելի
կը
սիրեմ
մարդիկը.
իրա՛ւ
աւելի
կը
սիրեմ…
Որովհետեւ
քանի
մը
անգամ
ինձ
այնպէս
թուեցաւ
թէ
կ’ուզէի
երթալ,
գրկել
ու
մաքուր
համբոյրով
մը
համբուրել
որբերը,
Վանքին
մարդիկը,
նոյն
իսկ
աղբահոտ
հօտաղներն
ու
իրենց
անասունները…
Սէրը
մաքրալոյս
արեւ
մըն
է
որ
մռայլ
ովկէանի
մը,
կեանքին
վիհերը
կը
լուսաւորէ,
զանոնք
շքեղացնելով։
Ուրեմն
ինչո՞ւ
այս
սուրբ
երեկոյին,
տակաւին
խաւարը
չ’իջած,
անձրեւակոծ
օրուան
մը
մեկնող
մրմունջներուն
հետ
իմ
սիրտս
ալ
չի
յուսայ…
Նորէն
կը
հազամ
ու
միշտ
ձախ
կողս
կը
կոտտայ։
Կը
հասկնամ.
ֆիզիքական
այս
տառապանքը
կը
դառնացնէ
զիս։
Կ’ըսեն
թէ
երկարատեւ
հիւանդութիւն
մը՝
ենթական
եսամոլ,
անհանդուրժելի,
կրքոտ
կը
դարձնէ։
Իմ
պարագաս
ալ
ա՛տ
է
թերեւս.
յետոյ
մենաւոր
եմ
սիրովս
միասին,
որովհետեւ
ան՝
զոր
կը
սիրեմ
տարակոյսի
նշոյլն
իսկ
ունեցած
չէ
հատնումիս
մասին,
ու
մինչ
ամէն
մարդ
այս
երեկոյ
կրնայ
իր
երջանկութիւնը
ճանչնալ
ակնարկի
մը
կամ
համբոյրին
մէջ՝
ես
զանոնք
զուր
կ’ոգեկոչեմ
ու
կը
տառապիմ
…
Բայց՝
ահա
Վանահայրը
կը
պոռայ։
Անկուշտ
անասունի
մը
ձայնն
ունի
այս
մարդը,
ես
կը
սարսռամ
իր
ձայնին
սաստկութենէն…
այնքա՜ն
քայքայուած
եմ։
Պէտք
է
երթամ
իրեն
հետ
Խթումի
ճաշն
ուտելու։
Ուտե՜լ…
ի՞նչպէս
երբ
մէջդ
կայ
բան
մը
որ
կ’աճի
ու
սնունդդ
կ’ըլլայ,
քեզ
ուտելով…