ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԴ.
Մայիս . . .
Ս.
Բարսեղի
եւ
Փիլոնի
մասին
գրուած
ուսումնասիրութիւնը
կարդացի։
Հոգեւոր
կեանքին
իրենց
նուիրումը
զմայլելի
է.
մեծահոգի
մարդիկ,
որ
աշխարհէն
հրաժարեցան
նուիրուելու
համար
մենաւորի
խոկման
ու
զրկումներուն։
Սակայն
երկու
զարմանալի
խոստովանութիւններ
ուշադրութիւնս
գրաւեցին
սուրբերու
անձնակենսագրութեան
բաժնին
մէջ։
Ս.
Բարսեղ
կ’ըսէ
«հեռացայ
քաղաքի
բնակութենէ
իբրեւ
չարեաց
վառարան,
բայց
ինքզինքս
ձգել
չի
կրցայ»։
Փիլոն
սուրբը
աւելի
որոշ
է՝
«Ձգեցի
ծնողքս,
բարեկամ
եւ
հայրենիք,
նուիրուելու
համար
Աստուծոյ
ծառայութեան
եւ
յաւիտենական
ճշմարտութեանց
վայելման.
զո՜ւր
ճիգ,
կիրքէն
մոլորեալ
եւ
խածուած
միտքը,
կամքին
ի
հիճուկս,
կը
հակէր
աշխարհային
թշուառութեանց
եւ
ընդհակառակն
շատ
անգամներ
մտածումս
մենութեան
մէջ
ոգեւորեալ
ամբոխ
մը
տեսաւ»։
Ինծի
համար
ի՜նչ
աղուոր
չքմեղանք
այս
քանի
մը
տողերը…
Երկար
ատենէ
ի
վեր
ասանկ
սփոփանք
մը
չէի
ունեցած.
այդ
թանկագին
տողերուն
մէջ
վերջապէս
կը
գտնէի
անգիտօրէն՝
այլ
յարատեւ
հետամտուած
մխիթարութիւն
մը։
Ուրեմն՝
որքան
ալ
կամքը
զրահուած
ըլլայ
ու
մարմինը
անապատականի
քուրձերով
տրտմի,
մարդը
աշխարհին
ու
կիրքերուն
նայելէ
չպիտի
դադրէ։
Կրօնքի
պատգամներն
ու
եկեղեցւոյն
բանադրանքը
անզօր
են,
երբ
երիտասարդին
աւիւնը
կը
խօսի։
Չեմ
գիտեր
ի՞նչպէս
այդ
տողերուն
ազդեցութեամբ
վախկոտ
ուղեղս
լուսաւոր
ու
ջերմին
դարձաւ։
Սկսայ
կացութեանս,
զիս
շրջապատող
իրերուն
ու
մարդոց
յստակ
իմացումը
ունենալ,
մանաւանդ
մտածումներ
ստեղծեցի,
շքեղ
ու
անպարտելի
ասպարներու
նման
մտածումներ,
անվեհեր
մտածումներ։
Ու
անոնց
դէմ
խոնարհեցան
հոգեւորականի
իմ
ուխտերս
նկուն
ու
պարտասած։
Տաղանդաւոր
բաներ
ըսի
վեհերոտ
Արտակին,
իսկ
հեգնութիւնը՝
վերարկուիս
սեւ
երեսին
իր
թոյնը
հոսեցուց։
—
Ալ
բա՜ւ
է
պոռացի…
Աչքերս
արցունքով
լեցան,
գոհունակութիւնս
այնքան
մեծ
էր.
ինծի
թուեցաւ
թէ
կրնայի
մեծ
գործերու,
գոնէ
մեծագոյնին
ձեռնարկել.
գիշերի
մը
յաջորդող
արշալոյսէն
առաջ,
մթնշաղին,
փո՜յթս
որ
մռայլ
կամ
ծիրանազգեստ
ըլլար,
հպարտ
ու
ազատ
պիտի
մեկնէի
Վանքէն…
Անշուշտ
փրկութեանս
վաղորդայնին
իրիկունը
ամէն
բան
Եղիազարին,
Ալեքսանդրին
եւ
Վանահօր
պիտի
յայտնէի
ըսելով,
—
Բարեկամներ,
վաղը
կը
մեկնիմ…
հրաժեշտ
կուտամ
Վանքին
ու
ձեզի…
ներեցէք
իմ
թերութիւններուս
ու
մարդկօրէն
նայեցէք
Արտակին
վրայ…
անունս
Արտակ
չէ՛
ալ…
ես
Արամ
կը
կոչուիմ
իմ
երբեմնի
անունս,
իս
երբեմնի
առնական
ու
շքեղ
անունս
Արամ
էր…
—
Ի՜նչ…
յիմա՛ր
ես
Վարդապետ…
ո՞ւր
կ’երթաս…
—
Կ’երթա՜մ…
Նախ
կատակ
պիտի
կարծուէր
վճիռս,
զուարթութեամբ
ընդունուելով.
անկեղծ
ու
յամառ
պնդումներուս
վրայ
կասկածանքով
երեսիս
պիտի
նայէին։
Լռութեան
պարտկածը
իրենց
դէմքին
վրայ
պիտի
կարդայի,
որովհետեւ
անոնց
նախապէս
ապշած
դիմագիծը,
յիմարի
մը
առթած
արգահատանքն
ու
տարակոյսը
պիտի
հագնէր
ապա։
Կեանքիս
մէջ
ե՞րբ
պիտի
կրնայի
նմանօրինակ
երջանկութիւն
մը
ունենալ։
Ուրիշներու
յիմարութեան
երկիւղը
ներշնչել՝
այլ
ինքն
իր
մէջ
նայիլ
բիւրեղի
մը
անապակ
իստակութենէն,
բանականութեան
մը
վրէպը
կասկածեցնել՝
հզօր
զգալով
հոգին
քան
երբեք,
եւ
միտքը
անվկանդ՝
ճշտարշաւ
արեւի
մը
չափ…
Քաղաքէն
պիտի
գրէի
քանի
մը
պարզ
բառերով
հրաժարագիրս.
հրաժարագիր
մը
առանց
բացատրութեան,
առանց
կեղծաւոր
յերիւրանքներու…
Յետոյ
պիտի
գայի
Անուշէն՝
Շուշանին
ձեռքը
խնդրելու։
Ատեն
մը
ինքզինքս
նորպսակ
երեւակայեցի,
հարսանեկան
փափուկ
անկողնին
մէջ,
Շուշանին
հետ
գրկափարուած…
զաւակներու
հայր…
Հիմա
որ
այս
տողերը
կը
գրեմ՝
տակաւ
կ’արթննամ
երազէ
մը.
երա՞զէ
մը
թէ
հնօրեայ
ջատուկի
մը
թալիսմաններուն
կախարդող
զօրութիւններէն։
Ահա
կը
հազամ,
նորէն
կը
հազամ
ու
տխրելով
կը
տխրիմ,
որովհետեւ
անզօր
եմ
ճակատագրին
դէմ…
Երթամ
իմ
սեւ
տրտմութիւնս
պտտցունել
դալար
դաշտերուն
վրայ.
դուրսը
գարունը
վայրկեան
առ
վայրկեան
կ’աճի.
կ’ուզեմ
աւելի
հզօր
զգալ
մահս,
կեանքի
խօլական
ու
ամենարուեստ
փթթումին
դիմաց…