Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԶ.

Մայիս . . .

Այս երկրորդ անգամն է որ Շուշանն ու իր մայրը քաղաք կ’երթան։ Հիմա թերեւս աւելի քիչ կը խօսիմ հետը, բայց իր հեռաւորութիւնը չեմ կրնար տանիլ, արդէն Վանքին մէջ իսկ զրկուած եմ իրմէ։

Միշտ աչքս ճամբուն վրայ է. գետեզրէն անդին ուղիներու երկարութեանը վրայ կը մաշին իմ ակնարկներս, երբ կ’երթամ ժամերով արեւին տակ, շիրմաքարի մը վրան նստիլ։

Ե՞րբ պիտի գայ…

Վանահօր հարցուցի այս բացակայութեան պատճառը, մայրը հրաման առնելու ատեն ըսեր է որ Պոլսէն եկած բարեկամ մը տեսնելու կ’երթայ։ Վանահայրը ասիկա ըսելու ատեն, ինչո՞ւ նշանակալի ժպիտ մը բերաւ կարմիր ու ատելի դէմքին վրայ։ Գուշակա՞ծ է…

Ցա՜ծ կնիկ, թերեւս Շուշանը նշանելու կը տանիս, այս կասկածն ունիմ։ Բայց որո՜ւ կրնայ նշանել, ով կրնայ տիրանալ այդ չքնաղ ու աղքատ աղջկան. անմիտ հարցում. ամէն մարդ, կօշկակար մը ահարկու ձեռքերով՝ կարճ խելքով, առտուընէ մինչեւ իրիկուն պատանքցու կտաւներ ծախող՝ խանութի աշկերտ մը, գրիչի մը կտորով հազար անմտութիւն շարող գրագիրին մէկը։

Ով որ ալ ըլլայ, նոյն իսկ մտքով ու դրամով հարուստ մը, ես իր թշնամին եմ, մահացու ոսոխը. ահա արդէն իսկ կը զգամ լեղի բանի մը իսկութիւնը՝ որ ատելութիւնն է բոլոր մարդոց հանդէպ. ալ գէշ կը տեսնամ աշխարհը, դաժան, չարասիրտ, իմ բոլոր աղէտներս իրմէ կուգան։

Առաջին անգամ երբ Շուշան մեկնեցաւ Վանքէն, ուրիշ մտածում չի կրցայ ունենալ, պիտի նշանուի ըսի, մանաւանդ որ վերադարձին՝ Անուշ գաղտուկ մը կը խօսուըտէր միւս տնտեսուհիին հետ, ի՞նչ բանի վրայ կրնար խօսիլ. թերեւս ալ շատ անգամ այդպէս խօսած էր ու ես չէի նշմարած, բայց հիմա սէրը զիս կասկածոտ եւ իրատես կ’ընէ, ես բնազդօրէն կը հաւատամ նշանտուքի մը կարելիութեան, եթէ արդէն իրագործուած չէ։ Խեղճ կինը ատկէ զատ ուրիշ բան չէր կրնար ընել սակայն, ո՞ր մայրը սեւազգեստի մը վրան պիտի խորհէր…

Այդպէս է. բայց ահա կը տառապիմ ես, կը տառապիմ…

Այնպէ՜ս կը տառապիմ եւ նախանձով կը լենամ որ, ամէն անգամ երբ Շուշանի լուսաւոր գիծերն անցնին իմինիս մաշած թխութեանը առջեւէն, յիմարութիւն կը խմեմ, լուսնոտի մը սարսուռներով կը կատղիմ, ինքզինքս ոճիր գործելու կարող կը զգամ։

Դաշոյն մը կը բաւէ. նուրբ սուր, ափիս մեծութեամբ դաշոյն մը, թող ըլլայ ճաճանչաւոր խաչ մը, օրհնեալ ջուրի մէջ ընկղմող մանր խաչերուն փոքրագոյնը, անծանօթ ոսոխներուս ճակտին բանալու համար կարմիր ճեղք մը, ինչպէս աղէկ ձմերուկի մը վրան. լաւ է գիւտդ չէ՞ Արտակ. ձմերուկին վրայ սայրասուր գործիով խիստ վէրք մը ստեղծել։ Չե՞ս վախնար հէգ սիրտս եւ ազազուն անդամներս չէ՞ք դողար, ո՛չ կ’ըսեն, երբեք… Ձգել որ նման ստեղծագործութիւն մը կոպիտ թեւերու մէջ խամրի, տմոյն զաւակներ ծնի։ Իրա՛ւ այս պահուն բան մը կ’ըլլամ, գլուխս կ’երերայ ինքն իրեն ու կը զգամ որ դէմքս խածնող մը կայ… յիմարութիւնն է։

Այս բոլորը ենթադրութիւններ են, սնոտի երազներ թերեւս։ Նոյն բանն է, երբ ամիսներ վերջ իրագործուին. այն ատե՞ն, չեմ գիտեր՝ թերեւս մոռնամ կամ մեկնած ըլլամ։

Երթալու, հեռանալու եմ ասկէ քանի որ ամէնուն բերնի ծամոց եղած չէ գաղտնիքս. արդէն Եղիազարը գիտէ ամէն բան, երէկի իրեն տուած այցելութիւնս ապշեցուցիչ յայտնութիւն մը եղաւ ինծի համար։

Մեկնելու ես ասկէ Արտակ, ըսաւ ինծի, որովհետեւ կլիման չի յարմարիր քեզի…

Քաղաքի բժիշկն ալ նոյնը կ’ըսէ, պատասխանեցի։

Քու հիւանդութիւնդ կրկնակ է, շարունակեց։

Կրկնա՜կ, պոռացի երեսին, ոտքի ցցուելով, մատնուելու մեծ վախով համակուած։

Այո՛. զիս իբր մեծ եղբայր մը ընդունէ. ինչո՞ւ ծածկեմ, երկար ժամանակէ ի վեր դիտած եմ կեանքդ եւ կ’ըսեմ թէ գէշ զառիվարի մը վրայէն կ’երթաս…

Ինչո՞ւ…

Հիւանդ ես ու կը սիրես…

Աա՜հ…

Այս եղաւ միակ բացագանչութիւնս. նետուեցայ իր ծունգերուն առջեւ, ու գլուխս թաղելով գիրկին մէջ՝ սկսայ հեկեկալ։

Յետոյ ոտքի ելլելով գոչեցի՝

Հիմնովին կը սխալիք, չեմ սիրած երբեք՝ բայց հիւանդ եմ, կարծեմ թոքերէս արիւն կուգայ… բայց կ’աղաչեմ այդպէս լուրեր մի տարաձայնէք… մի, մի՛, կ’աղաչեմ, ես ի՞նչ ընեմ այն ատեն, անդարձ պիտի կորսուիմ…

Ու նորէն լալ սկսայ անյուսօրէն սեւ, սրտակեղէք հեծեծանքով մը, ձեռքերովս ճակատս ու դէմքս գոցած։

Ծածկելու պէտք չկայ, կարծուածին չափ անտեղեակ չեմ յուզումներուդ. ամիսներէ ի վեր հալիլդ կը տեսնեմ, այսօր առիթն է որ քեզի ըսեմ բոլորը. Վանահայրն իսկ զարմանալի կը գտնէ վիճակդ եւ չարութեամբ կ’ըսէր անցեալ օր Ժամէն վերջ՝

Արտակը սիրահարուած մարդու մը կը նմանի…

Ապահովցուցի զինքը թէ՝ հիւանդութենէ արդիւնքն է մտամոլոր վիճակդ. Վարդապետ, Պոլիս մեկնելու ես, Որբանոցը հոգեվարք է, Վանքն ու շրջակայ Հայութիւնը չեն կրնար զայն ապրեցնել, կեդրոնէն ալ նպաստ չի գար, ամէն բան քիչ օրէն պիտի քայքայուի։ Քեզի կը մնայ կարելի եղածին չափ շուտ մեկնել։ Լուրջ դարմանի կը կարօտիս, շա՜տ լուրջ, ուրիշ բանի վրայ մտածելու ատեն չէ. յետոյ զղջալը զուր է…

Այս խօսքերը խաղաղեցնող դեղի մը նման ազնիւ էին։ Անկարելի էր ստել, անձնատուր եղայ Եղիազարին, պատմեցի բոլորը, մինչ ան փոքր մագաղաթի մը աղտերը կը մաքրէր խոնաւ լաթի մը կտորով։ Խօսածներս հիմա չեմ յիշեր, անկապ էին, կցկտուր. ատեններէ ի վեր մէջս կուտակուած զգացումներու ու մտածման թերատ պատկերները գծեցի իրեն շատ արագ, հեւ ի հեւ, երբեմն կիսաւարտ ձգելով նախադասութիւն մը՝ հազալու համար երկարօրէն, մերթ շնչասպառ կանգ առնելով բառի մը վրան։ Իր ալեւոր եւ հայրական դէմքէն կը հետեւցնէի թէ, Եղիազարը իմ կցկտուր խօսքերէս ամբողջ սիրոյս վէպը կը կազմէր շատ յստակորոշ, նման՝ նոյն պահուն իր ձեռքին մէջ՝ կեղտերէ մերկացած «քարկոծ Ս. Ստեփաննոս»ի նկարին։ Շատ խօսեցայ, նոյն իսկ աւելորդ, անխոստովանելի բաներ ըսի. սիրտս անգամ մը բացած էի, պիտի պարպէի զայն, թերեւս թեթեւութիւն գար վրաս։

Տե՛ս սա զարդագիրը, ԺԳ. դարու Աւետարանէ մը մնացած միակ էջն է. աղուոր չէ՞…

Այո՛, մրմնջեցի…

Ատելութեամբ լեցուցեցայ մէկէն. այս մարդը սէրս ու վիշտերս կը հեգնէր ու այն զիրար կտցահարող, գունագեղ ծաղկներով ընդելուզուած թռչուններու խումբը հրէշներու նման երեւցան աչքիս… Կ’ուզէի խլել այդ մագաղաթի անշնորհք էջը, ոտքով ճզմել…

Երթա՜մ, Պ. Եղիազար, ըսի, բայց խնդրեմ, շատ կ’աղաչեմ, հօր մը պէս ներողամիտ եղէք ըսածներուս համար, ու մանաւանդ մոռցէք զանոնք, որովհետեւ շատ մը չափազանցութիւններ ալ կան մէջը…

Չէ՛, Վարդապետս, բոլոր ըսածներս շիտակ են, մի՛ սրտնեղիր երբ զարդագրին հանդէպ հիացումիս՝ քեզ ալ մասնակից ընել ուզեցի. գիտե՞ս ծերութիւնը… Բայց կը կրկնեմ՝ նախ առողջութիւնդ… վերջը անօգուտ կ’ըլլայ…

Բակին վրայ նայող նրբանցքին մինչեւ ծայրը ընկերացաւ ինծի, մէկ երկու բարեկամական հարուած տալով ուսիս։ Լաւ մը սրբեցի աչքերս սանդուխներէն իջած պահուս. բակին մէջ՝ ուր տղաք աղմկալի խաղ մը կը խաղային, քանի մը բառ փոխանակեցի Պ. Ալեքսանդրին հետ։

—Հայր Սուրբ, այսօր աղէկ կը տեսնեմ քեզ։

Աղէ՛կ…

Այո՛ շատ աղէկ, դէմքդ գունաւորուած է։

Թերեւս Պ. Ալեքսանդր…

Այդ պահուն Վանքին մեծ դռնէն կուգային այծերը, գառներն ու ոչխարները. մթնոլորտը քանի մը վայրկեան անտանելի աղմուկով ու մայիւններով լեցուեցաւ, մինչ տամուկ բուրդերէն ելլող հաճոյալի բուրում մը ողողեց բակը. քիչ մը վերջ լռեց ամէն բան. տղաք ալ չէին խաղար։ Յետամնաց գոմշուկ մը, չեմ գիտեր ինչո՞ւ առանց որոշ գոհունակութեան, երբեմնի զուարճալի բառախաղ մը յիշեցուց ինծի։

Յամեցնող գառնուկ մը՝ ժամուն դռնէն դէպի խոհանոց կը վազէր մայելով. ատիկա այն անասունն էր որ տերեւ ու ծաղիկ կուտէր Շուշանի ափէն. հովիւը գաւազանը արձակեց անոր ոտներուն, գառնուկը ցաւագին մայիւնով մը փախաւ ներս…

Է, է՜, մի՛ զարներ վայրենի, պոռացի, ու ձայնս խեղդուեցաւ յուզումիս մէջ։

Յետոյ վազեցի դուրս, դո՜ւրս, նստելու շիրմաքարի մը վրան, երկարօրէն յառելով մթարին մէջ հազիւ գծագրուող ուղիին, ուրկէ պիտի ծագէր Շուշանս…