Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԱ.

Յունվար . . .

Օրերը դանդաղօրէն կ’անցնին. աշխատութիւնն է որ գոհունակութեան մը հետ՝ երբեմն անզգալի կը դարձնէ մենութեան յարուցած ձանձրոյթը։

Ժամերով կը զբաղիմ որբերուն հետ։ Ազգային պատմութենէն զատ ստանձնած եմ բարոյախօսութեան եւ երաժշտութեան դասերը. անօգուտ չեն անցնիր ժամերս, յաճախ դասախօսութեան ատեն խանդավառութիւն մը կը գունաւորէ սովորաբար տմոյն եւ անկարեկիր դէմքս։

Իրաւ չի խաբեմ ինքզինքս, առանց սեւ, թնճուկ մօրուքիս, դէմքս ափ մը անգամ չէ եւ մոխրականաչ մորթս զիս չի ճանչցողներուն վրայ լաւ տպաւորութիւն չըներ։

Կ’երեւի բացառութիւն մըն եմ վարդապետներուն մէջ՝ որոնք ընդհանրապէս գեղահասակ ու գեղադէմ են. փո՜յթս, հոգիս իր գեղեցկութիւններն ունի եւ միտքս շնորհները։

Խանդի վայրկեաններուս կը մոռնամ աշակերտներու քով գտնուիլս ու երկարօրէն կը խօսիմ. իմ վտիտ կուրծքիս համար վատնում մըն է ըրածս, բայց երկար ատենէ ի վեր հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան քարոզելու հաճոյքէն զրկուած եմ։ Պոլիս ամէն քարոզիս՝ գովեստի տարափներով կը շրջապատուէի ու կիրակիներս կ’անցնէի այն տեսակ մը գինովութեան մէջ՝ որ աշխարհը կը գեղեցկացնէր աչքերուս, տենդալի սիրտս բարի կ’ընէր, լեցնելով զայն նոյն իսկ չնչին բաներու սիրով։

Կը հասկնա՞ն զիս հոս. կ’ըմբռնե՞ն տեսութիւնները որոնցմով մեզ մարզեց Տուրինեան սրբազանը։

Ինչ որ ալ ըլլայ, եթէ բոլորովին ալ չի հասկնան զիս, իմ եռանդս իրենց կրնայ հաղորդել իմաստներուս մէկ մասը. կը տեսնեմ խելահասներուն համակրական եւ ուշիմ նայուածքը, յափշտակութիւնը փոքրերուն։

Այսպէս կ’իյնան մարդիկ. լաւագոյն միջավայրի մը մէջ իրենց կարողութեան մշակումն ու քննադատութիւնը զիրենք պիտի բարձրացնէր, մինչ գոհացող, մտաւորապէս աղքատ շրջանակի մը հիացումը զանոնք կը կասեցնէ, ձգելով ինքնագոհ անփութութեան մէջ՝ որ անհատին մահն է։

Խե՜ղճ Արտակ, թերեւս քեզի ալ վերապահուած է նմանօրինակ ապագայ մը. Վանքի մը անկիւն որբերու, գեղջուկներու եւ քաղքենի ուխտաւոր տափակութեանց մէջ պիտի քաւես մեղքը զոր գործեցիր ընդունելով այս ապերախտ պաշտօնը. ու օր մը երբ ազազուն անդամներդ պարարտանալէ վերջ կթոտին, երբ ծերութիւնը ձիւնէ մազերուդ եւ մօրուսիդ ալ վրայ՝ այն ատեն պիտի խորհիս՝ թէ ընկերներէդ նուազ օժտուածներն իսկ քենէ ընտրեալ եղան, բարձրանալով դիրքի ու աստիճաններու։

Հեգնո՛ղ է բաղդը, կրնայ հասնիլ օրը երբ թափօրի մը մէջ դողահար հետեւիս անոնց փառաշուք հանդերձանքին ու քայլերուն, նուաստութեան եւ ամօթի խարանը ճակտիդ։ Այն ատեն պիտի հասկնաս թէ ի՞նչ ըրաւ Վանքը քեզի. ահա հոս է վանահօր օրինակը։

Չափազանցութիւն այս բոլորը. հոս երկար չեմ կրնար մնալ, պիտի հետեւիմ ձգտումներուս, կարողութեանս թելադրանքին, սրտիս՝ որ փառասէր է ու կ’ըսէ «Նուիրապետութեան աստիճանները կրնան բացուիլ առջեւդ»։

Արդեօք ի՞նչպէս պիտի տայի անդրանիկ քարոզ մը պատրիարքութեանս առաջին կիրակին։ Սիրտս կը տրոփէ։ Ծովածաւալ բազմութիւն մը ժամուն մէջ՝ ուր ձայնս կամարներուն տակ թեւ առնէր եւ պայթէր ալեծածան զանգուածներուն վրայ։

Կը սիրեմ Տուրինեանի խօսքին խորութիւնը, բայց կը նախընտրեմ Օրումեանի պարթեւ ձայնն ու հռետորի շարժուձեւերը։ Ձայնը, շարժումը ու մտածումի արգաւանդ հոսումը պէտք է զիրար լրացնեն։

Այս ո՜րքան ծիծաղելի եմ ես ինքս իր մէջ. թերեւս ամէն վարդապետ ալ այնպէս է, կամ նոյն իսկ ամէն մարդ։

Ափիոնամոլներու կը նմանիմ՝ որ ցնցոտիներու վրայ երկարած ծիրանի կը հագնին, ու սովահար ստամոքսով կը կարծեն բազմիլ համադամներու առջեւ։

Երաժշտութեան դասերս ալ նուազ սիրելի չեն ինձի համար. միջակ ձայն մը ունիմ, բայց ձայնագրութիւնը յղկած է զայն։ Կը սիրեմ երգել. անընդհատ շարականի մը, երգի մը նագարաթը կամ սկիզբը կը ծամեմ։ Երգը ուրախութիւն չի տար ինձ, նոյն իսկ տխրութեան պատճառ մըն է, կամ թէ աւելի լաւ պիտի ըլլար ըսել՝ թէ որքան ալ անիմաստ, յիմար ըլլայ անոր դարձուածքը, ինձ բնական եղող տխուր հոգիէ մը կ’արձագանգուի։

Իմ երգս կը նմանի քիչ մը փապարներէ ծորող ջուրին, որ թերես յստակ է՝ սակայն զինք շրջապատող տարրերու թխութիւնը հագած։

Որբերը կը սիրեն երգերս լսել. անցեալ օր սանդուխին գլուխը կարծեմ տեսայ Շուշանը, իր մայրը Անուշն ու միւս տնտեսուհին, երեւի հաճոյք կը զգան։ Պ. Ալեքսանդրն ալ յայտնեց թէ լաւ կ’երգեմ։

Երգելը գոհացում է ինձ համար, տրամադրութեանս համեմատ կը փոխուին երգերս. կը սիրեմ մելամաղձոտ եղանակները մանաւանդ՝ երբ սիրոյ կարօտը իր գիրգ ափերով կը խտղտացէ սիրտս։

Դասերն աւարտելէ վերջ՝ կ’երթամ Վանքին մէջ հոս հոն դեգերիլ. կը մտնեմ փռատուն՝ վայելելով ծխաշունչ հացերու թթուաշ այլ մեղրալի բուրումը. յետոյ խոհանոցը կ’անցնիմ, բաւական մը խօսակցելու համար Շուշանին, Անուշին ու հօտաղներու հետ. հողագործները մեկնած են իրենց գիւղերն՝ գարնան վերադառնալու համար, ազնիւ ու տխուր մարդիկ էին։

Արդեօք կը նշմարե՞ն թէ Շուշանի հոն չի գտնուած ժամանակ՝ աճապարանքով կը մեկնիմ։ Ի վերջոյ, բակէն անցնելով կ’երթամ Վանքին մեծ դրան առջեւ՝ ուրկէ ձիւնին անբծութիւնը կ’երկարի մինչեւ հեռաւոր գորշ ու ցածուկ հորիզոնը։ Քիւերէն սայրասուր սառի նիզակներ գետնին կը սպառնան։ Անանկ ՝ ամէն շարժում, ձեւ, գոյն դադրած, կորած, մարած է որ՝ մարմինս պրկող սարսուռներուն ազդեցութեան տակ վեր կ’աճապարեմ, խորհելով թէ կեանքը ի կորուստ դիմած է անվերադարձ կերպով։