ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
Դ.
Դեկտեմբեր . . .
Որբերը
եկան։
Ասիկա
ուրախութիւն
է
ինձ
համար՝
բայց
նաեւ
մտատանջութեան
եւ
տրտմութեան
առիթ
մը։
Ինչո՞ւ
այս
կրկնակ
զգացումները.
կը
սպասէի
այդ
անժառանգներուն,
իրենցմով
լեցուած
տեսնելու
համար
վանքին
ամայութիւնը,
կը
խորհէի
թէ
անոնց
խօսքերն
ու
քրքիջը
կրնային
տաքցնել
վանքին
մթնոլորտը։
Հաւանաբար
այդպես
ալ
պիտի
ըլլայ։
Զգացումներուս
երկրորդը
աղէտին
անողորմ
չարութենէն
կը
ծնի,
իրա՛ւ
այդ
ափ
մը
տղոց,
տասնեւհինգ
որբերու
մերկ
կարաւանը՝
ազգային
բոլոր
թշուառութեան
ամփոփումն
է։
Ամէն
օր
գրեթէ
հետերնին
եմ,
իրենցմով
կը
զբաղիմ.
բայց
շռայլած
գուրգուրանքներուս
հետ
տեսակ
մը
ցաւ
եւ
պժգանք
ալ
կը
զգամ։
Ա՞յս
պիտի
ըլլար
խոստովանութիւնս.
բայց
անհնար
է
զօրաւոր
զգացում
մը
պարտկել։
Ցնցոտիներով
եկան,
գլուխնին
բաց,
գրեթէ
բոկոտն։
Երկար,
գծաւոր,
աղտոտ
էնթարիներ
հագած
էին,
որոնց
քղանցքները
կարմիր
գօտիով
մը
բռնուած
էր
մէջքերնուն
վրայ,
ուրկէ
աղտոտ
թաշկինակի
մը
ծայրը
կը
կախուէր
վար։
Հագուածքի
այս
այլանդակութիւնը
կրնայ
դարմանուիլ,
սակայն
ի՞նչպէս
դարմանել
վիրոտած,
քոսոտ
այդ
գլուխները։
Բացի
սիրունիկ
տղեկէ
մը,
ամէնն
ալ
բորոտներու
կը
նմանին,
աղտէն
կեղ
կապած
է
մարմիննին։
Ուրիշներ
կան
ցաւոտ
աչքերով,
թարախոտած
կոպերով։
Բայց
գոնէ
մարմիննին
առոյգ
է,
զարմանալի
է
որ
անբաւարար
սնունդը
այտերնին
ներկած
չէ
տժգունութեամբ։
Աղջիկներու
նման
ամաչկոտ
են,
օտարոտի
եւ
անվարժ
շարժուածքնին
ատ
ցոյց
կուտայ։
Իրարու
հետ
կը
խօսուըտին
լեզուով
մը
որ
կոկորդային
ու
քիչ
մըն
ալ
երաժշտական
է.
Տէր
Աստուած՝
Հայաստանի
մէջ
ո՞րչափ
գաւառաբարբառ
կայ։
Կղերականներուս
համար
կ’ըսեն
թէ
քարսիրտ
ենք.
թերեւս
ասիկա
տէրտէրներուն
եւ
կարգ
մը
վարդապետներու
համար
ճիշդ
ըլլայ,
ինծի
համար
երբե՜ք։
Ես
չեմ
կրնար
տոկալ
այս
բոլորին,
խառնուածքս
չի
ներեր։
Կը
յիշեմ
որ
մանկութեանս՝
կարեկից
գտնուած
եմ
ժամուն
դրան
մօտ
կայնող
խեղանդամներուն.
յաճախ
հեծկլտալով
լացած
եմ
Խաւարումի
գիշերը
գլուխս
գրակալի
շապիկին
տակ
ծածկած,
երեւակայելով
Քրիստոսի
չարչարանքները։
Բոլորն
ալ
սեւ
պատմութիւններ
ունին,
զորս
քաշելով
իրենց
գիւղերէն
հետերնին
բերած
են։
Հետաքրքրուելու
է
ամէնուն
ալ
կեանքով,
որովհետեւ
ներելի
չէ
մէկուն
մտադիր
ըլլալ
ու
միւսներուն
մերժել
պատմելու
նոյն
մխիթարութիւնը։
Բարեբաղդաբար
պարզօրէն
կը
պատմեն,
առանց
յուզումի,
իբրեւ
շատ
բնական
եւ
սովորական
բան
մը։
Պատմութիւնները
տարբեր
սկիզբը՝
նոյն
վերջաւորութիւնը
ունին,
միշտ
նոյն
ոճրական
վախճանը։
Մէկուն
հայրը
փողոտած
են,
ուրիշներունը
կացինով
սպաննած
կամ
թոպամահ
ըրած։
Մանրամասնութիւններ
կան՝
որոնց
բանականութիւնը
հազիւ
կրնայ
հանդուրժել,
չի
կրնար
հանդուրժել,
եւ
մեր
Եկեղեցւոյն
ինձ
ներշնչած
ներողամտութիւնն
իսկ
կ’ընդվզի։
Ինչո՞ւ
կողոպտել,
այրացաւեր
դարձնել
երկիր
մը,
տարբեր
գործիով
ու
ձեւերով
բիւր
վէրքեր
ստեղծել
մարդկային
միսին
վրայ,
հողին
նետել
հարիւր
հազարաւոր
կտրիճ
կեանքեր։
Ինչո՞ւ
չընել
այս
ամէնը
պիտի
ըսէր
Այլազգը…
Աստուածային
կամքը
այս
ոճիրներուն
ի՞նչպէս
կը
հանդուրժէ։
Անհաւատները
իրաւունք
կը
ստանան
եւ
թէ
մեր
ժողովուրդին
մէջ
օր
օրի
նուազող
հաւատքը
այդ
վիճակէն
կը
ծնի։
Յանդուգն
մտածումներ
են
ասոնք,
յանդուգն՝
վարդապետի
մը
համար,
որ
կուրօրէն
հաւտալու
է
շատ
անգամ,
որովհետեւ
հաւատքը
ուրիշ
բան
չէ
այլ
անբացատրելի
բաներու
հանդէպ
տարերային
պաշտամունք
մը։
Ի՞նչ
ընեմ,
չեմ
ալ
կրնար
արգիլել
այս
մտածումները։
Երբեմն
դիտմամբ
սարէն
ձորէն
կը
խօսիմ,
զուարթ
ակնարկութիւններ,
սրախօսութիւններ
կ’ընեմ,
խօսակցութեան
նիւթերը
հեռացնելու
համար
սպանդի
օրերէն։
Անօգուտ
կ’ըլլայ.
մի՛շտ
նոյն
ցաւատանջ
վերջաւորութիւնը,
նոյն
արիւնի
նագարաթն
է,
աղէխարշ
անցեալ
օրերու
արձագանգը։
Յետոյ
աւելի
յուզիչ
բան
մը
կայ։
Անցեալ
տարուան
նախճիրը՝
վերջակէտը
դրած
է
իրենց
մանկական
շնորհալի
ու
թերեւս
երջանիկ
յիշատակներուն։
Դէպքէն
ասդին
կը
սկսի
կեանքերնին.
անցեալին
կը
նային
իբրեւ
առասպելներու
շփոթ
աշխարհի
մը,
շատ
անգամ
չեն
յիշեր
իսկ
զայն՝
իբր
թէ
երէկ
ծնած
ըլլային։
Առաջին
գիշերները
խաղաղ
անցան,
քանի
որ
ննջարանները
այցելելով
կը
լսէի
իրենց
խոր
եւ
հանդարտ
շնչառութիւնը,
իսկ
հիմա
երբ
իրենց
գիշերային
տրտունջներն
ու
գաղտ
հառաջները
կը
լսեմ,
կ’ըմբռնեմ
թէ
երկարատեւ
ճամբորդութեան
մը
յոգնութեան
արդիւնքն
էր
նախկին
մէկ
երկու
օրերու
անդորրութիւնը։
Ամէնէն
փոքրը,
Խաչերը,
արթուն
կը
տեսնեմ
միշտ.
ինչո՞ւ
չի
կրնար
քնանալ
այդ
փոքրակազմ
տղան.
միակն
է
որ
հագուած
ու
հիւանդութենէ
զուրկ
էր։
Ան
ի՞նչ
սիրուն
տժգոյն
դէմք
մը,
գորշ-կանանչ
մեծ
աչքերով,
որ
ազնուական
ու
մեղմ
շարժումներուն
հետ
յոգնած
ու
թախծալի
արտայայտութիւն
մը
կուտայ
իրեն։
Իմ
փայփայանքներուս
կը
պատասխանէ
լռին՝
այլ
արտասուալիր
ակնարկներովը,
անգամ
մը
միայն
պնդումներուս
տեղի
տալով
պատասխանեց
թէ
մօրը
վրայ
կը
խորհի։
Ընկերները
ըսին
թէ
Կ…
քաղաքի
մեծագոյն
հարուստն
էր
հայրը.
տանը
պարտէզին
մէջ՝
իր
թուրք
ծառաները
սպաննեցին,
գլուխը
հոր
մը
նետելով,
իսկ
մարմինը
աւազանին
մէջ։
Խաչեր
ինքն
ալ
կը
յիշէ
այս
մանրամասնութիւնները։
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Բարեբախտաբար
որբերու
հասնելէն
քիչ
վերջ՝
եկաւ
մեր
ուսուցիչը։
Շաբաթ
իրիկուն
եկեղեցիէն
վերադարձիս
տեսայ
զինք
շփոթած,
հարցական
դէմքով
մը։
Ներկայացուց
իր
յանձնարարագրերը
եւ
ծանօթացանք
իրարու։
Քառասունի
մօտ
անձ
մը,
միջակ
հասակով,
խիստ
դիմագծերով.
դէպի
թարթիչներն
հակող
թուխ
յօնքերուն
տակէն
շեշտակի
կը
նային
իր
սեւ
ու
այրած
աչքերը։
Խե՜ղճ
ուսուցիչ,
շատ
տառապած
կ’երեւայ
եւ
ո՞վ
չի
տառապեցաւ
այս
երկրին
մէջ։
Հակառակ
խիստ
երեւոյթին՝
ձայնը
մեղմ
է,
վեհերոտ
ելեւէջով
մը՝
որուն
մէջէն
թերեւս
յանդուգն
այլ
ազնիւ
հոգի
մը
կը
խօսի։
Զարմանալի
չէ՞,
առաջին
հանդիպած
բոլոր
անձերու
մէջ՝
տեսնել
կը
կարծեմ
ունեցած
երազներուս
իրականացումը
ու
գրեթէ
միշտ
ալ
սխալած
եմ։
Դիւրախաբ
սրտի
մը
յարածուփ
կեանքն
է
իմինս.
համակրանքն
ու
ատելութիւնը
շուտով
բոյն
կը
դնեն
հոգւոյս
մէջ,
շուտ
ալ
կը
մարին։
Կրնայ
ըլլալ
որ
սխալիմ
ուսուցչին
մէջ
տեսնելով
ազնիւ
բաներ.
հոգ
չէ,
լաւ
է
խաբուիլ,
ապրելու
մեծագոյն
անհրաժեշտութիւնն
է
ան
թերեւս…
Երեկոյին
իսկ
Պ.
Ալեքսանդրը
վանահօր
տարի.
Վեհարանէն
մեր
ներս
մտած
միջոցին,
Հայր
Վարդանը
զբաղած
էր
զոյգ
մը
ծիրանեգոյն
տատրակներուն
կեր
տալով։
Զարմանալի
ու
զուարճալի
է
այս
մարդը.
կամ
իր
իսկ
ձեռքով
զտած
օղին
կը
խմէ,
կամ
կը
զբօսնու
տատրակներովը։
Եկեղեցիով
քիչ
մը
կը
հետաքրքրուի,
թէեւ
աղօթելու
կուգայ
շաբաթ
երեկոները։
Զուարթ
տրամաբանութեամբ
ընդունեց
մեզ։
Երբ
խօսքը
ազգային
հարցերուն
շուրջ
դառնալ
կը
սկսէր,
կրկին
իր
տգիտութիւնը
երեւան
բերաւ։
Այս
մարդը
ամէն
բան
կ’արհամարհէ,
սկեպտիկ
ծիծաղի
մը
հետ
ուսերը
ցնցելով։
Խրիմեանին
վրայ
կը
խնդայ։
—
Ես
անոր
հետ
տասը
տարի
ապրած
եմ,
ինչ
ըլլալը
գիտեմ…
յետոյ
բոլոր
յեղափոխականները
յիմար
ու
ազգաւեր
են,
կը
կրկնէր։
Գիշերը՝
երկարօրէն
խօսեցայ
Պ.
Ալեքսանդրին
հետ.
բնիկ
Մշեցի
է,
ուսուցչական
պաշտօնով
շատ
մը
գաւառներ
պտտած։
Դէպքին
կորսնցնելով
ամէն
բան,
ծնողք,
եղբայրն
ու
քոյրերը,
իբր
ամուրի
եւ
մենաւոր
աշխարհի
վրայ՝
լաւ
սեպած
է
վանքին
մէջ
պաշտօն
առնել՝
նուիրուելու
համար
որբերուն։
Կեանքը
խոհեմ
դարձուցած
է
զինք,
շատ
չի
խօսիր,
յարգալիր
է
ինձ
հանդէպ,
չունի
Պոլսոյ
շիք
երիտասարդներուն
անպատկառութիւնը։
Գաւառի
ուսուցչին
տիպարն
է
իր
հնոտի
եւ
կարճցած
հագուստներով,
աղտոտ
շապիկի
մը
վրայ
առկախ,
յաւէտ
ծուռ,
վեր
ելած
փողկապովը,
սակայն
ինչ
որ
կ’ելլէ
անոր
ներքին
էութենէն
ջինջ
կ’երեւի։
Հայերէնը
շատ
մաքուր
է,
գաղափարները
հասուն
են,
նոյն
իսկ
երբեմն
յանդգնութեան
կը
հասնին
քօղարկուած
բառերուն
ետեւէն։
Խօսեցանք
նաեւ
որբերուն
մասին,
ճշմարիտ
կարեկցութիւն
մը
ցոյց
կուտայ
անոնց
հանդէպ.
ես
թեթեւցած
կը
զգամ
ինքզինքս,
բաժնուած
տեսնելով
հոգածութեան
բեռը։