ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԻԷ.
Մայիս . . .
Եղիազարին
հետ
ունեցած
յուզումնալի
խօսակցութենէս
վերջ՝
վիճակս
չէ
բարւոքած։
Մխիթարուիլ
կարծեցի
սիրտս
մէկուն
ափը
պարպելով,
սակայն
քանի
մը
ժամուան
սփոփանքէ
վերջ՝
գտայ
սովորական
վիճակս,
հիմա՝
երբեմն
ալ
կասկած
կ’ունենամ
թէ
մի
գուցէ
ծերունին
յայտնէ
ամէնուն՝
ամէն
բան…
Կը
ճանչնամ
Եղիազարի
հոգին՝
ինչպէս
ոսկեայ
սկիհի
մը
պարունակութիւնը,
բայց
իմ
մտածմանս
ու
զգացումներուս
տէրը
չեմ
ես.
ժամանակէ
մը
ի
վեր
սանձս
ինէ
դուրս
ճակատագիր
մը
կը
վարէ.
մեռա՜ւ
երբեմնի
փառաւոր
կամքդ
Արտակ…
Եղիազարը
կարծես
գիտնալով
անձկութիւնս՝
միշտ
կ’այցելէ
ինծի,
աշխատելով
զուարթութիւն
ճարել.
կը
զգամ
իր
ազնիւ
ճիգը՝
ու
երբեմն
դիտումնաւոր
ժպիտ
մը
կը
ստեղծեմ
շրթունքիս
ծայրը։
Երբ
հատնին
իր
սրամիտ
խօսքերը,
այն
ատեն՝
ձեռագրերուն
վրայ
կ’անդրադառնայ,
նկարներու
ու
անոնց
գծագրիչներուն
անունը
կուտայ
աղապատանքով։
Մեկնելէ
առաջ՝
առողջութեանս
համար
յուսադրիչ
մէկ
երկու
բառէ
վերջ՝
կը
կրկնէ
միշտ՝
—
Արտա՛կ,
մեկնելու
ես,
լաւ
ես
բայց
խնամքի
կը
կարօտիս…
Կը
կարօտիմ
շա՜տ
խնամքներու
ու
թերեւս
ալ
եւ
ոչ
մէկ
խնամքի…
Արդեօք
Եղիազարը
չի՞
խորհիր
իր
հոգւոյն
ճշմարտութեան
մէջ՝
իմ
մօտաւոր
մահուանս
վրայ։
Հիւանդներու
հետ
խօսելու
կերպ
մը
կայ.
գերեզմանի
մօտ
գտնուողին
իսկ՝
գարնան
պտոյտներու
ու
փրցուելիք
վարդերու
վրայ
կը
խօսին…
գիտեմ
այդ
ամէնը։
Մեկնելու
եմ
ասկէ,
խոստացայ
Եղիազարին
հեռանալ
Վանքէն,
Կեդրոնական
վարչութեան
ղրկելու
հրաժարագիրս
ալ
պատրաստած
եմ։
Ի՞նչ
նպատակներով
եկայ
հոս
ու
ո՜րքան
անփառունակ
է
այս
վերջաւորութիւնը…
Բայց
այս
ամէնը,
Եղիազարին
պատկառելի
ու
բարեկամ
խօսքերը,
մեկնումի
յոյսերս,
հիւանդութիւնս
որ
յամրօրէն
կը
գրաւէ
թոքերս,
որովհետեւ
արիւն
կը
թքնեմ
ու
գիշերները
հազի
նոպաներ
կ’անցունեմ
ոչինչ
են՝
սէրս
կը
շահապետէ
ասոնց
վրայ
ու
իր
առարկան
կ’ուզէ,
կը
պահանջէ,
իր
անուշ
առարկան՝
որ
ահա
արդէն
իսկ
շաբաթ
մը
կ’ըլլայ՝
եւ
հոս
չէ…
Մինչեւ
ե՞րբ
նստիմ
շիրմաքարին
վրայ,
որուն
մօտ
ուզեցի
մայրամուտի
մը՝
Իրեն
մերկացնել
հոգիս.
մինչեւ
ե՞րբ
յետամնաց
թռչուններուն
հետ
դառնամ
յուսաբեկ՝
խուցիս
մենութեանն
ու
մութին
մէջ
թաղել
սարսռուն
էութիւնս…
Յոյս
չի
կայ
գիտեմ…
բայց
պիտի
նստիմ
խաւարին
մէջ
գիշերն
ալ
եթէ
չի
վախնամ
Վանահայրէն,
որբերէն.
պիտի
դուրսը
նստիմ՝
որովհետեւ
դոդոշներու
երաժշտութիւնը
յիշատակներս
կ’օրօրէ
ու
քաղաքին
կողմը
վառող
լուսածոր
աստղ
մը՝
հոգւոյս
սեւ
բոցին
կը
ժպտի,
անոր
ակնարկներուն
նման…
Կը
սպասեմ
Շուշանին,
որ
քաղաքն
է.
հո՞ն
է,
կրնայ
մեկնած
ըլլալ.
անկարելի
է
ատիկա՝
որովհետեւ
հոս
են
իրենց
գոյքերը։
Ծերուկ
տնտեսուհին
ալ
այս
յապաղումին
պատճառը
չի
գիտեր,
բայց
վստահեցուց
զիս
որ
մէկ
երկու
օրէն
մէջտեղ
կ’ելլեն։
Մանկութեանս
օրերուն՝
եղած
է
որ
սպասուած
բանի
մը
հրապոյրը
ժամերս
երկար
ու
տաղտկալի
ընէր.
հիմա
սպասումին
անձուկը
կ’ուտէ
զիս,
կը
կրծուիմ
ես
ինչպէս
ժամուն
թանկ
կտաւները
որդերէն,
կամ
կարմիր
պղինձը
կանանչ
ժանգէն։
Ինծի
ծանօթ
չէ
անոնց
երեւնալու
պահը,
բայց
կը
կարծեմ
որ
ամէն
յամեցող
վայրկեանի
հետ՝
հեռաւոր
արահետին
վրայ
պիտի
ծագի
Շուշանի
լուսաստուերը՝
ինք
գեղանի
եւ
արագաքայլ,
ետեւէն
մայրը
յոգնաբեկ
ու
դժգոհ…
Ի՞նչպէս
ըլլար
որ
մէկէն
անցնէին
բոլոր
ժամերը
ու
ան
երեւար…
Անկարելի
յիմարութիւն
մըն
է
այս,
բայց
ես
յիմարութիւնը
կը
նախընտրեմ
ու
կը
ճաշակեմ
սիրոյս
առաջին
օրերէն
ի
վեր…
Շուշանի
պատկերն
ալ
յամրօրէն
կը
կորսնցնեմ։
Նստած
մեծ
դրան
մօտ,
սպասումէն
յուսաբեկ,
պարտասած
յառումներէս՝
կը
գոցեմ
աչուըներս,
իր
պատկերին
նուիրուիլ
կ’ուզեմ.
երեւակայութիւնս
կը
մերժէ
ինծի
տալ
այդ
պատկերը։
Այն
ատեն
հնարքներու
դիմելով,
հիւանդութեանս
օրերը
միտքս
կը
բերեմ.
եկեղեցին,
բակն
ու
խոհանոցը,
գետեզրի
դալար
անդերուն
մէջ
կը
փոխադրուիմ,
ծանօթ
շրջանակներու
մէջ
անոր
պատկերը
վերստեղծելու
համար.
չար
ու
անիծուած
միտքս
չի
գործեր,
թերեւս
ալ
կը
քայքայուի
մասնիկ
առ
մասնիկ…
Երբ
ամէն
հնարք
անզօր
ըլլայ,
այն
ատեն
յուսահատութիւնս
ալ
կը
բեկի
լարուած
դերձանի
մը
պէս
ու
ալ
սիրոյ
գինովութեանը
կ’ապաւինիմ։
Այդ
լքումի
վայրկեաններուն
է
որ
յանկարծ
մէջս
կ’իյնայ
ան.
կը
տեսնեմ
զինքը
շքեղ
ու
բաղձալի.
հազիւ
վայելքին
հպած՝
ահա
նկարը
կը
սուզի
մէգին
մէջ…
Այդ
րոպէին՝
մէկէն
ատելութեան
եղիճը
կը
վերաճի
մէջս,
ինչպէս
այս
տապանաքարերուն
անկիւնը
դաժան
փուշը.
Շուշանի
նշանածը
կը
տեսնեմ
զազրադէմ,
գարշելի,
իր
մեծ
քիթով,
մսոտ
շրթունքներով,
գիշատիչի
աչքերուն
վրայ՝
նսեմ
ճակատ
մը։
—
Ա՜խ,
ի՞նչպէս
մեծ,
լորձնոտ
բերնովդ
պիտի
համբուրես
իր
աղուոր
դէմքը,
դո՛ւն
անասուններուն
էն
գձուձը,
ինչպէ՜ս
իր
ճկուն
մարմինը
այդ
փայտահարի
թեւերուդ
մէջ
պիտի
տրորես…
լռէ՛
սիրտս,
ըսածս
գիտեմ։
Ես
ալ
գեղեցիկ
չեմ,
բայց
բոլոր
մարդիկ
ինէ
տգեղ
են…
Ալ
չեմ
կրնար
գրել.
բա՛ւ
է
ու
շատ
իսկ
այս
օրագրի
անշահ
կտորը,
յետոյ
ի՞նչ
բանի
կրնայ
ծառայել…
Գիտեմ՝
երբ
հիւանդանոցի
մը
անկիւնը
տաժանելի
հոգեվարքէ
մը
վերջ
մեռնիմ՝
աշխարհքէն
մոռցուած,
օրաթերթի
մը
շահագործման
նիւթ
պիտի
կազմէ…
Վարդապետի
մը
օրագիրը
հետաքրքրական
է
չէ՞.
մանաւանդ
վարդապետի
մը
սիրոյ
օրագիրը,
հազուագիւտ
է
ատանկ
բան
մը,
յետոյ
նոր
զգայութիւն
ու
կիրքի
ի
լոյս
չի
հանուած
տպաւորութիւններ
կրնան
քաղուիլ
անկէ…
Այս
էջերէն
տող
մը
իսկ
պիտի
չունենան…
Երթամ
Խաչերին
քով՝
երէկուընէ
ի
վեր
տկար
է,
զօրաւոր
գլխու
ցաւով
մը՝
խեղճ
փոքրիկը
անկողին
է
ինկած…