Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԳ.

Մարտ . . .

Հազիւ չորս օրէ ի վեր ելած եմ անկողնէս, ուր կողատապը զգետնած էր զիս ամիսէ մը ի վեր։ Բարեբաղդաբար կարելի եղաւ բժիշկը կանչել քաղաքէն։ Իր յայտարարութեանը համեմատ հիւանդութիւնս թեթեւ էր, բայց ճղճիմ կազմուածքս ուժգնօրէն ցնցուեցաւ անկէ։ Հիմա պէտք է զգուշանամ ցուրտէն, խոնաւութենէ եւ յուզումներէ։ Ի՞նչպէս պիտի կրնամ…

Հանգիստը անհրաժեշտ է ինձ՝ ապա թէ ոչ կրնան տակաւին անանկ հետեւութիւններ գալ՝ որոնց վրայ խորհելու իսկ կը վախնամ։ Հիւանդի մը համար յոռետեսութիւնը լաւ չէ. արդէն ստոյգ մահէ մը պրծիլս, համեմատական առողջութիւնս կ’երջանկացնեն զիս. յոգնած եմ, ճիգի ու մեծ շարժումներու անկարող, բայց երանական, ազնիւ անդորրութեան մը մէջ կ’ապրիմ։

Հիւանդութեանս սկզբի օրերուն յուզումը, տենդն ու զառանցանքը իր սաստիկ շրջանին, դեղերու դառն համը, հոտը գարշելի, մօտս շարժող դէմքերն ու խուցիս անսովոր երեւոյթը յիշելէ աւելի կ’երեւակայեմ. աննիւթ, աղօտ կ’երեւան իբր երկար երազի մը շփոթ հանգրուանները։

Բանէ մը չեմ խռովիր. զարմանալի՜ վիճակ. իմ դիւրայոյզ հոգիս անտարբեր հանդիսատեսը կը մնայ իրերուն, մարդոց ու անոնց խօսքերուն, իբր թէ երբեք լսած չըլլայի զիրենք, կամ անոնք ինծի խօսած չըլլային։

Կուգան բաներ կ’ըսեն, նոյն իսկ գուրգուրալից բառեր կը բերեն, ազնի՜ւ մարդիկ, յանձնարարութիւններ կ’ընեն առողջութեանս ի նպաստ, ես կը նայիմ իրենց, այսչափ. չեմ գիտեր հիւծած ակնարկս բան մը կը խօսի՞ անոնց։ Յաճախ բառերը կ’անցնին ինէ ներս, բայց արձագանգ չեն գտներ. բան մը չ’արթննար մէջս, հետեւաբար ոչինչ կը մարի։

Իրերուն ու առարկաներուն կը նայիմ անոնց երբեմնի իմաստը առանց ըմբռնելու. թերեւս վիճակներու յետին կարելիութիւնն է աս. մարդուն երանութիւնը։

Ա՛յո յառիլ, տեսնել, վայելել անշահախնդրօրէն, անասնօրէն, առանց իր անձէն բան մը հագցնելու աշխարհին։ Զարմանալի է որ դատողութիւնս կը գործէ ու կը զգամ վիճակիս անսովորութիւնը…։

Երէկ առաջին արեւն էր որ տեսայ, գարնան նորընծայ ժպիտները զգացի։

Քանի մը անգամ գացի պատուհանիս մօտ նստիլ, ուսերուս ցփսի մը եւ ծունգերուս վրայ վերարկուս ձգած, վայելելու համար սարսափելի եւ երկարատեւ ձմրան մը ու հիւանդութեանս ոգեվարին հաճոյքը։

Բարեկենդանը անցեր է արդէն. երէկ Ալեքսանդրը կ’ըսէր թէ անհաճոյ տօներ էին զայն, գրեթէ տխուր. պատճառը հիւանդութիւնս էր անշուշտ։ Խեղճ մարդիկ ու մանաւանդ ապերախտ վայր՝ ուր մէկու մը տկարութիւնը միւսները կը զրկէ օրինական ու անմեղ հաճոյքներէ։

Այս յարակից կամ անկապ մտածումներն ու պատկերները անանկ անճիգ ինքնեկութեամբ մը կ’անցնին մտքէս, որ կարծես թէ այդ բոլորը մտածումէս ու իմ զգացումներէս օտար տեղէ մը գային, իբր հանգրուան գտնելու ուղեղս՝ եւ նոյնհետայն իսկ շարունակէին իրենց ճամբան։

Արեւը բաւական է սակայն. արե՜ւը։ Ան ձիւնի լայնածիր տարածութեանց վրայ ադամանդի բիւրաւոր դիւրարծարծ ու յանկարծաշէջ կայծեր կը վառէ, մինչ երկինքը տակաւին կը պահէ վախի պէս մութ բան մը իր կապոյտին մէջ, մերժելով ճառագայթներուն ջերմութիւնը։

Հնաւուրց՝ այլ կորսուած սիրելի, արե՜ւ, գթութեան պէս արդար ու մայրական, հիմա գիշերն ալ քեզ կ’երազեմ…

Երբ ձիւնի շողուն անբծութենէն պարտասին աչքերս, կը գոցեմ զանոնք ձեռներս ծունգերուս վրայ լքելով։ Ան ատեն պզտիկ ու հեշտին սարսուռի մը հետ գաղջութիւն մը ճակատէս կը սահի այտերուս, յամրօրէն կաթելով մօրուքիս մէջ. յետոյ կը ծաւալի դէպի ուսերս ու իրանիս վրայ, մինչեւ ընդարմացած ծունգերս։ Այդ անդորրի րոպէներուն է որ Շուշանը կը տեսնեմ հրաշէկ կոպերուս առջեւ, հպարտ ու գեղեցկօրէն վայրի։ Չեմ յուզուիր, ինչպէս երբեմն. գեղեցկութեան գերագոյն վայելումն է իմինս, գեղեցկութիւնը գեղեցկութեան համար… այսօր միայն, անգամ մը դողացի կարծեմ։

Հիւանդութեանս երբ մայրը բացակայ էր քովէս, զինք կը տեսնէի սնարիս մօտ, աչքերուս ջերմին մառախուղին ընդմէջէն։ Քանի մը անգամ դեղերը կարծեմ իր մատներով երկարեց բերնիս։ Անխօս, հաճոյակատար ու հրեշտակային սպասարկու մը եղաւ Շուշանը հիւանդ Արտակին։

Այս բոլորը ի՞նչպէս կրնամ խորհիլ առանց բաբախումին, որ սովորական ատեն մը սիրտս կրնար խորտակել, երբ անոր փոքր մէկ հպումը՝ բոց մը կը բարձրացնէր հոգւոյս մէջ։ Ես կը նմանիմ գիտունին որ իր անդամներէն մին փորձարկումի կ’ենթարկէ՝ սառն ու անփոյթ…

Յիմա՜ր ես Արտակ, այս հիւանդութիւնը քու փրկութիւնդ եղաւ։ Իրաւ՝ Շուշանին հանդէպ զգացածս սովորական բան մը չէր, սիրոյ սկիզբ մը կը ստեղծուէր։ Իսկ հիմա՝ լաւ է եղածը. լաւագոյն է միշտ անտարբեր մնալ… նոյն իսկ անկարեկիր։