Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԼԱ.

Յունիս

Թաղեցինք Խաչերը։

Վանքը մէկը սպաննեց։ Փոքրաթիւ ու մահաշշուկ թափորով մը հետեւեցանք դագաղին՝ մինչեւ խոնաւ ու սեւ փոսին եզերքը։

Բոլորը կուլային, երբեմն կիներուն ծանր ու երկարատեւ հեծեծանքը կը զարնէր լռութեան թեւերուն. այդ րոպէին՝ ես յիմար վախը կ’ունենայի թէ մի գուցէ այդ ձայներէն յանկարծ Խաչերը կանգնէր իր զաղփաղփուն դագաղին մէջ, որովհետեւ իր բաց դէմքը մահուան դժնէութիւնը չունէր, հապա արշաւներէ դարձող յոգնաբեկ տղու մը երազային քնանդորրը։

Ինչո՞ւ կը վախնայի որ անիկա մահուան սպիտակ վերարկուն թօթափէր. չեմ գիտէր, հակառակ հաւատքիս, մեռելներու յարութեան պատկերը միշտ դողացուցած է զիս, այդ պահը աւելի դառն է ինծի համար քան մահուան օր մը…

Փոսին մօտ՝ պահ մը ակնարկս Շուշանին վրայ ինկաւ, ու ինծի անանկ թուեցաւ որ զինքը առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէի։

Մոռցայ ըսելու թէ՝ քանի մը խոշոր գառնուկներ ալ հետեւեցան դագաղին՝ ուր բրդոտ երկու շուներ, թաւաստեւ պոչերնին կախ, դունչերնին հողին առընթեր եւ ծանրաքայլ։ Տրտմալի մտերմութիւնը մարդուն եւ անասունին՝ այս մենաւոր միջավայրին մէջ։

Վանահայրը հազիւ մինչեւ Եկեղեցի իջնելու սիրտ ըրած էր։ Երբ վերադարձանք՝ մէկը ուժգնօրէն կը պոռար, կը հայհոյէր։

Ինքն էր, Վարդա՛նը. վեհարան ելանք, աննկարագրելի վիճակ. դէմքը ներկուած էր տաք եւ կարմիր գոյնով. աչքերը կը դառնային իրենց ճարպոտ շրջանակին մէջ, փքոցի մը նման կը հեւար, կը պոռար ու կ’ողբար անդադար։

Իր քով, թաւշեայ բազմոցին վրայ՝ գրեթէ անշունչ ինկած էր ծիրանեգոյն տատրակներէն մին՝ մինչ միւսը, գլուխն իր մսեղ կուրծքին մէջ թաղած կը հսկէր ընկերոջը վրան, թոյլ ու հիւանդագին մնջիւն մը արձակելով։

Վանահայրը կ’ոռնար միշտ.

—Ամէ՛ն բան առին ձեռքէս, ամէն բա՜ն, կ’իմանա՞ք դուք որ հոս եկեր էք. գացէ՛ք՝ չեմ ուզեր մարդ տեսնել, նայեցէ՛ք, ա՛ս ալ սպաննեցին. ի՞նչ ունէի, կին, տուն տեղ չունիմ, ասիկա կար միայն, ա՜խ տատրակս, հոգիս ի՞նչ եղար, ո՞ր վայրագ որսորդը զարկաւ քեզի…

Վանահօր բարկութիւնը հետզհետէ սպառնական կ’ըլլար, ու իր մօրուքը հովերուն խաղալիք քուրջի մը պէս կը շարժէր։

Յանկարծ փլաւ. դէմքին լայն միսերը դէպի վար կախուեցան, աչքերը այլանդակ երեւոյթ մը ստացան բացուելով. սկսաւ տղու մը պէս հեծկլտալ՝ տարածուելով բազմոցին վրայ։

Չափահաս մարդու մը, մանաւանդ տարէց վարդապետի մը լացը տեսած չէի։ Ծիծաղելի ու զզուելի էր այս մարդը. հրեշտակի պէս մանուկ մը որդերուն յանձնած էինք ու ինք տատրակը կուլար։

Այդ միջոցին ակնարկս վիրաւոր թռչունին վրայ ինկաւ նորէն. կոկորդին աղուափետուրէն արիւնի կաթիլներ կը մզուէին ու դէպի կտուցը կը քալէին. պզտիկ քանի մը սարսուռներ ալ ունեցաւ, ձգտեց տոտիկներն ու մնաց։

Իրա՜ւ որ Վանահայրը երկար ատենէ ի վեր կը խնամէր այս կենդանիները, իր ամբողջ հարստութիւնն ու երջանկութիւնը կը կազմէին այդ զոյգ թռչունները, թերեւս իրաւունք ունի լալու, խորհեցայ։

Հեռացայ վեհարանէն, սանդուխին ստորոտը տեսայ Շուշանը կարմրած աչքերով ու դողահար. աղէկ մը նայեցայ վշտահար իր դէմքին ու անձայն հեռացայ։

Այս ամէնը ինծի երազ կը թուին։

Բայց իրականութիւն մը՝ աշխարհի վրայ աւելի իրական չէ եղած երբեք։ Ես հիւանդ սիրահար մըն եմ, Խաչերը մեռաւ, տատրակն ալ, ու որբերը թշուառ են՝ ինչպէս Եղիազարն ալ տէրը նկարի գաղտնիքներուն. այս ամէնուն մէջ երազային ոչինչ կայ։

Ոտքս հողին վրայ է եւ մարմինս տակաւին չի յանձնեցի դագաղի մը թեւերուն։ Չեմ գիտեր, թերեւս այս բոլորը իրականութեան երազն է. իրերը նոյնը չեն ինծի համար, իմ մէջս ամէն բան կ’անդրադառնայ անանկ մթնոլորտով մը՝ որ երազին յատուկ է, իմ հոգիիս իսկ յատուկ՝ որովհետեւ տկարանալով, հետզհետէ կը կանգնիմ կեանքի ու անդենի սահմանին վրայ. երազը կեանքին ու մահուան սեմին վրայ հանգրուան մըն է, միուն իրականութեամբ եւ միւսին անստուգութեամբը լի։

Պոլիսէն նամակիս պատասխանը չի գար տակաւին։

Մեկնի՜լ կ՚ուզեմ…