ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
Ե.
Դեկտեմբեր . . .
Եղիազարին
ալ
տարի
Պ.
Ալեքսանդրը։
Քարէ
սանդուխներէ
վեր
բարձրանալով,
անցանք
աղիւսով
սալարկուած
ու
դէպի
բակը
նայող
կամարաւոր
նրբանցքէն,
որ
իր
խցիկին
կը
յանգէր։
Երբ
ներս
մտանք,
կաշեկազմ
ձեռագիրներու
դէզի
մը
մէջտեղ
նստած,
հին
աւետարան
մը
կը
թղթատէր։
Սենեակը
շատ
փոքր
է,
վանքին
հնօրեայ
կամարակապ
խուցերէն
մէկը,
թանձր
որմի
մը
մէջէն
բացուած
լուսամուտ
մը
հազիւ
կը
փարատէ
տիրող
ստուերը.
պատառ
մը
կապոյտ
կ’երեւայ
չոր
բլուրներու
վրայէն
ու
քանի
մը
գերեզմանաքարեր
կը
նշմարուին։
Անկիւն
մը՝
գետնէն
քիչ
մը
բարձր
է
անկողինը՝
որուն
դէմ
օճախին
խոռոչը
կը
բացուի
սեւ
երախով.
անոր
քովն
է
սեղանը
ձեռագրով,
կաշեկազմ
գրքերով,
բոլորուած
մագաղաթներով
ու
քանի
մը
փոքր
նկարներով
ծանրաբեռն.
անոնց
առջեւ
երկու
ողորահիւս
ցածուկ
աթոռներ։
Որմերուն
վրայ
կիսալոյսին
մէջ
հազիւ
կը
զգացուէին
վիշապաքաղ
Ս.
Գէորգ
մը,
Աստուածամայր
մը
նուրբ
եւ
յառած
ակնարկով,
անոր
դէմ
մռայլ
Խաչելութիւն
մը։
Ճշմարիտ
մենակեացի
մը
խցիկը,
կիսալոյս,
պարզ,
անկարգ,
հնաւուրց
իրերու
չոր
բայց
յոգնած
բոյրովը
լեցուն։
Մեզ
տեսնելով
ցատկեց.
ուսուցիչը
ներկայացուցի,
վարանումի
ակնարկներէ
վերջ
վաղեմի
ծանօթներ
ելան։
—
Չէ՞
որ
միասին
պաշտօնավարեցինք
Մ.
ի
դպրոցին
մէջ
երկու
տարի։
—
Ա՜հ
այո,
այո՛
Պ.
Ալեքսանդր
կը
յիշեմ,
այն
ատեն
շատ
երիտասարդ
էիր…
—
Ձեզի
ալ
շատ
ծերացած
կը
գտնեմ
հիմա
Պ.
Եղիազար…
—
Է՜,
կեանքը
կը
ծերացնէ
մարդս…
Եղիազարը
կազդուրուեցաւ
կարծես,
երիտասարդ
օրերու
յատուկ
խանդով
մը
սկսաւ
խօսիլ.
հին
յիշատակներ
քրքրուեցան՝
անէկտօթներով
համեմուած,
որոնք
այնքան
զուարթ
ալ
չէին։
Քիչ
վերջ՝
երբ
խօսակցութեան
թելը
ընդհատեցաւ,
ձեռագրերու
մանրանկարներն
ու
երփնագրերը
ցուցնել
սկսաւ
մեզի։
Ես
նկարչութենէ,
գծագրի
արուեստէն
մեծ
բաներ
չեմ
հասկնար։
Արմաշի
մէջ
գտնուող
նմանօրինակ
ձեռագիրներն
եւ
նկարները
մեր
ծիծաղին
կամ
հեգնանքին
կ’արժանանային՝
որովհետեւ
մեր
անցեալը
հետաքրքրութեան
արժանի
շատ
քիչ
բան
տուած
է,
ամէն
բան
նորէն
շինել
պէտք
է։
Հակառակ
Պ.
Եղիազարի
հաւաստումներուն
ու
սքանչացման,
մեր
հին
արուեստի
մասին
հիմա
ալ
կարծիքս
նոյնն
է։
Պ.
Աղեքսանդր
աւելի
երջանիկ
երեւնալու
դէմք
չունէր։
Բայց
լաւ
էր
ուշով
հետեւիլ
Եղիազարի
ցուցումներուն,
շահեկան
բաներ
ալ
կը
պատմէր
ու
կ’երեւայ
թէ՝
կը
հասկնայ
հնութիւններն
ու
անոնց
արուեստը։
Ան
կը
շոյէր
բոլոր
արտակարգ,
միամիտ
կամ
չարաճճի
դէմքով
Յիսուսներու,
Ս.
Կոյսերու,
սրբոց
պատկերները,
կը
համբուրէր
երկիւղած
ուրախութեամբ
անոնցմէ
մէկ
քանին,
յետոյ
կուտար
անուններ՝
որոնք
հեղինակներունը
պիտի
ըլլային
անշուշտ,
արուեստին
դատումը
կ’ընէր
գնահատելով
գոյներուն
փայլը,
տոկունութիւնն
ու
բաղադրութիւնը։
Ցոյց
տուաւ
շատ
փոքր,
կրծուած,
քայքայուած
ձեռագիր
մը՝
որուն
վերջին
էջին
վրայ
գոյներու
բաղադրութեանն
ու
խառնուրդին
մասին
ծանօթութիւններ
կային,
ու
մենք
ապշահար
սա
անծանօթ
նորահնչիւն
անունները
կը
լսէինք,
զառիկ,
դեղնախունկ,
կռէզ,
զաֆրան,
որդան…
—
Մեր
նախնիք
տասներորդ
դարէն
առաջ
սովորութիւն
չունէին
ոսկեջուր
գործածելու,
Բիւզանդիոնէն
առնուած
է
անոր
գործածութիւնը,
Կիլիկեան
շրջանին.
ես
ունիմ
հազուագիւտ
զարդագիր
մը՝
որուն
մէջ
Յիսուսի
լուսեղէն
պսակը
բնական
դեղինով
մը
յօրինուած
է,
բայց
անանկ
դեղինով
մը
որ
ոսկեփոշիի
պատրանքը
կուտայ,
հոտ
էր
մեր
նախնեաց
ճարտարութիւնը,
գոյներով
մետաղին
փայլը
կեղծել։
Պահ
մը
լռելէ
եւ
մեզ
դիտելէ
յետոյ
աւելցուց՝
—
Ես
ալ
առաջին
օրերուն
բան
մը
չէի
հասկնար
ասոնցմէ՝
որովհետեւ
տգէտ
էի,
տգէտ
մը
որ
խորունկ
սէր
ունեցած
է
գծուած
ամէն
բանի
ու
ներկի
ճարտարութեան։
Հետզհետէ
մտերմանալով
անոնց,
սկսայ
համր
լեզուի
մը
հմտանալ,
որովհետեւ
սիրելու
համար
հասկնալ,
բացատրել
պէտք
է,
անանկ
չէ՞
վարդապետս։
Տեսէք
սա
կարմիրն
ու
կանաչը.
ինչպէս
դաշնաւորեր
է
զանոնք
Պիծակի
ձեռքը.
հապա
սա
արագի՞լը
որ
կը
կտցահարէ
գալարուած
օձ
մը,
աւելի
բնական
կրնա՞յ
գծուիլ
օձին
շարժումն
ու
յուզումը։
Մեր
նախնիք
գիտուններ,
հանճարեղ
արուեստագէտներ,
սուրբեր
էին։
Իրենց
գործերը
յաճախ
այնքան
իրական
ու
կենդանի
են
որ
ուրախութենէս
կը
սկսիմ
պարել։
Ծերունի
յիմարի
մը
քմահաճոյքը
համարէք
թերեւս
գովեստներս
ու
գնահատումս.
այդպէս
չէ,
մենք
փառաւոր
անցեալ
մը
ունեցած
ենք,
վկայ
մեր
տաճարներն
ու
անոնց
մէջ
նիրհող
արուեստը։
Մենք
չենք
ճանչնար
պիտանին,
կենսականը,
մեծը՝
Հայ
Արուեստը,
եւ
զայն
խաւարին
մէջ
թաղած
ենք,
բորբոսող
մութին
մէջ
լոյսի
գանձեր
ունինք.
ո՞վ
պիտի
հանէր
զանոնք
մէջտեղ,
կղերականութի՞ւնը
որ
պաշտօնի,
հացի,
դիրքի,
ամբարոյութեան
անելին
մէջ
զիրար
կը
բզկտէ
ու
կը
մատնէ.
մտաւորականութի՞ւնը
որ
բռնութեան
տակ
կը
հիւծի
ու
վատասերիլ
կը
սկսի։
Գիտեմ
ի՜նչ
ոճիրներ
կը
գործուին
վանքերուն
մէջ
ամէն
օր,
ինչ
գլուխ-գործոցներ
կը
փճանան։
Բայց
ալ
բաւ
է,
կարծեմ
շատ
առաջ
գացի…
Նշանակելի
լռութիւն
մը
պահեցի,
կարծես
զգացնելու
համար
Եղիազարին
թէ
իր
ակնարկութիւններէն
առնուած
էի.
բայց
այդպէս
չէ,
կը
սիրեմ
անկեղծութեան
չափազանցութիւններն
իսկ
ու
ո՞վ
գիտէ
թէ
իրաւացի
չեն
այս
ծերուկին
ըսածները…
Եղիազարը
կրկին
ձեռք
առած
էր
Սաղմոսարան
մը՝
որուն
մեղմօրէն
ծխոտած,
առոյգ
եւ
ողորկ
թերթերուն
կարմիր
գլխատառերով
տողերէն,
սեւ
երկաթագրերու
պարզ,
անկեղծ
խստութիւնը
կը
ցայտէր։
Բայց
իրօք՝
յիմար
մը
չէ՞
այս
մարդը,
խորհեցայ։
Կը
չափազանցեմ
նորէն։
Ամէն
մարդ
կիրք
մը
ունի.
Եղիազարինը
մագաղաթի
սէրն
է,
երիտասարդինը
աղջկան
մը.
միշտ
այս
սէր
բառը
հառաչ
մը
կ՚արթնցնէ
կուրծքիս
տակ։
Սէրը
լայն
առում
ունի։
Իր
բիւրաւոր
ձեւերէն
միուն
կարելիութիւնը
եթէ
կը
պակսի
ինէ,
միւսները
հոս
են,
կապուած
այս
սեւ
վերարկուին
եւ
նուիրական
պաշտօնիս։
—
Այո՛,
այո
կրկնեցի
մտովի,
Եղիազարը
ազնիւ
մարդ
է,
իր
կիրքը
անմեղ,
արդար
կիրք
մը,
կիրքերուն
էն
գեղեցիկը
թերեւս,
արուեստի
սէրը…
. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .
Վերադարձին՝
երբ
բակէն
կ’անցնէինք
տեսայ
Շուշանը,
իր
ժպիտը
անմեղ
ու
տրտում
երեւեցաւ
ինձ,
մէկ
երկու
հարցումներ
ըրի
իրեն,
երբ
հեռացայ
քովէն,
տեսայ
որ
դէպի
խոհանոց
կը
վազէր՝
խուճապ
ձգելով
տատրակներուն
մէջ.
ասիկա
սովորական
պատկեր
մը
միտքս
բերաւ
ու
կրկնեցի՝
—
Ահա՛
տատրակ
մը
որ
խուճապի
կը
մատնէ
տատրակները։
Գոհացայ
գիւտովս,
որովհետեւ
գրականութիւնը
կը
սիրեմ.
շատ
անգամ
օրաթերթերու
մէջ
հաճոյքով
կարդացուած
են
կեղծանունով
գրած
նկարագրականներս
ու
Հայ
Եկեղեցւոյ
բարեկարգութեան
մասին
քննադատական
յօդուածներս։