ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԲ.
Յունվար . . .
Կէս
օրերէն
յետոյ,
որբերը
տնական
աշխատութիւններ
կ’ընեն։
Կը
դիտեմ
որ
այս
զբաղումները
կը
նախընտրեն.
իրաւունք
ալ
ունին,
անտանելի
է
իրենց
դասարանին
ապականած
ու
փոշելից
մթնոլորտը։
Մենք
կը
սպաննենք
զիրենք։
Տեսնելու
բան
է
ի՞նչ
ժրութեամբ
կ’աւլեն
նրբանցքներուն
հողէ
գետինը,
փոշիի
ամպի
մը
ետեւ
կը
ծածկուին,
ու
կը
խնդան
փոխանակ
տրտնջալու.
ուրիշներ
խոնաւ
լաթերով
սառած
ապակիները
կը
մաքրեն,
մինչ
ննջարաններու
սառ
մթնոլորտին
մէջ՝
սաւաններ
կը
թոթուեն,
կը
փոխեն
բարձի
երեսները,
վերմակները
կարգի
բերելու
կ’աշխատին։
Տեսակ
մը
տաժանակիր
աշխատանք
է
աքսորանքի
այս
բերդին
մէջ՝
որբերուն
կատարածը.
ու
իրաւ
շա՜տ
կը
նմանին
ցմահ
դատապարտուած
աքսորականներուն
իրենց
կնտուած,
լերկ
գլուխներով,
մաշած
գունատ
զգեստներովը։
Միայն
Խաչերը
գործի
չի
մասնակցիր,
մէկ
երկու
աշխատանքէ
փախ
տուած
ծոյլերու
հետ։
Կը
կենան
պատուհանի
մը
առջեւ
կծկտած,
սարսռահար,
կաս
կապուտ
դէմքով
մը
դիտելով
միջոցը՝
ուրկէ
կապոյտը
վտարուած
է
ամիսներէ
ի
վեր։
Թերեւս
պարզ
երկինքի
մը
վրայէն
սահող
ոսկեգեղմ
ամպի
մը
երազին
անձնատուր
կ’ըլլան։
Ի՞նչ
գիտնամ.
հապա
ինչո՞ւ
դիտել
այս
միօրինակ,
ձանձրալիօրէն
սպիտակ
ու
սառ
միջոցը.
կարելի
է
նաեւ
Վանքէն
մեկնող
ու
հեռաւոր
տեղեր
տանող
ազատ
ճամբաները
որոնել
ձիւնին
տակ…
Կան
որ
կը
նախանձին
Խաչերին
անգործութեանը.
չեմ
յուսար
որ
գործին
ծանրութիւնն
ըլլայ
ատոր
պատճառը։
Մանասէն
կը
պոռար
այսօր.
—
Դուն
ինչո՞ւ
չես
աշխատիր…
—
Քեզի
ի՞նչ…
—
Ի՞նչ
ըսել
է,
վերի
արտին
ցորե՞նն
ես…
մեզի
պէս
մէկը…
Յակոբ,
այն
որ
շատակեր
է
արտակարգօրէն
ու
կը
նիհարնայ,
կ’աւելցնէր.
—
Հարուստի
տղայ
է…
քիպիր…
—
Հիմա
ամեննիս
ալ
հաւասար
եղանք…
ան
հարստութիւնը
հորին
մէջ
ինկաւ…
ա՛ռ
սա
աւելը,
հա՛
սանկ…
ասոր
քիչ
մը
երես
կուտան,
վրայ
կը
բերէր
փոշիներու
ետեւէն
հասնող
ձայն
մը։
Զիս
տեսնելով
լռեցին.
այդ
միջոցին
Պ.
Ալեքսանդրն
ալ
եկաւ։
—
Պ.
Ալեքսանդր
կ’երեւի
որբանոցի
կեանքը
չար
կը
դարձնէ
տղաքը։
—
Եթէ
կարենայի
քակել
կուտայի
ասանկ
հաստատութիւնները.
լա՛ւ
է
բոպիկ,
քաղցած
իրենց
ծնողքին
քով
մնային,
քան
վանքերուն,
կամ
որբանոցին
մէջ
քայքայուէին։
Յետոյ
պատմեց
այն
ամէնը՝
որոնց
ականատես
կ’ըլլար.
տղաքը
վատուժ
էին,
բարոյապէս
անմխիթար.
հայհոյանքը
բերնի
ծամոց
ըրած,
կոպտութեան
հակած,
վիճասիրութիւնն
ու
քինախնդրութիւնը
օրէ
օր
աճելու
վրայ։
Իրենց
մէջ
կը
մեծնար
այն
որդը՝
որ
մարդը
ձեռքն
ինկածը
խածնելու,
ծռելու,
քանդելու
հաճոյքին
կը
մղէ։
Տղոց
մէջ
կը
տարածուէին
նաեւ
գաղտնի
մոլութիւնները,
զորս
ձանձրոյթն
ու
միօրինակութիւնը
կրնան
ստեղծել։
—
Աշխարհքէն
վրէժ
պիտի
լուծեն
այս
որբերը
օր
մը
անոր
մէջ
իյնալով։
Խաչերին
վրայ
ալ
անդրադարձանք։
Առաջին
օրերու
հեզ
տղան
չէ
ալ,
ստել
սկսած
է.
դասերը
չի
պատրաստեր,
գիրքերը,
քանի՞
հատ
ունի
որ,
կորսնցուցած
պատրուակելով։
Շաբաթ
մը
առաջ
պատռած
էր
տետրակները
ու
գացեր
էր
Ալեքսանդրին
բողոքելու.
իսկ
գիրքը
տախտակամածին
կոտրուածքէն
ներս
սահեցուցեր
էր
տակաւին
երէկ։
—
Մինչեւ
վերջ
պնդեց
թէ
Արամը,
իր
խաղընկերն
էր
նետած,
աւելցուց
ուսուցիչն։
—
Ամէնէն
սիրական
զբաղումնին,
յարեց
Պ.
Ալեքսանդրը,
հայրենիքի
վրայ
խօսիլն
է։
Պարապուրդի
ատեն,
գիշերները
քնանալէ
առաջ
անպատճառ
հայրենի
յիշատակ
մը
կը
քրքրեն։
Այն
ատեն
է
որ
կը
հանգչին,
քաղցր
ու
մարդկային
կ’ըլլան.
գուրգուրալի
բառերով
կ’որակեն
զիրար։
—
Չէ՞
աղբարիկ.
խաղողը
հավանք
եղած
քուրսուին
վրայ
կը
կախէին,
բերնիս
ջուրերը
կը
վազէր…
—
Մեր
պարտէ՞զը
Երուանդս.
թութի
ծառե՞րը
հապա.
վարէն
գետին
ձայնը
կուգար…
—
Մեր
տան
ճամբուն
վրայ
փշատները
գարնան
անուշ
կը
հոտէին.
ճերմակ
ուլ
մը
ունէինք
կը
յիշե՞ս…
կ’աւելցնէ
ուրիշը։
—
Ծնունդի
գիշերուան
պտոյտնի՞ս՝
թաղէ
թաղ…
—
Խենդ
Ակո՞բը
տղաք։
—
Ի՞նչպէս
ետեւնուս
քար
կը
հասցնէր,
խօսք
չէ…
—
Քիւրտերը
լերան
ճամբով
եկան…
—
Եկեղեցին
այրեցին…
հայրս
ան
ատեն
ձեռքը
ծունկերուն
զարկաւ…
Բոլոր
անշունչ
իրերուն
վրայ
կը
խօսին,
բայց
չեն
խօսիր
մօր,
քրոջ,
եղբայրներու
վրայ՝
զանոնք
երազելով
կը
գոհանան։
Վանքի
մը
առանձնութեան
մէջ
ամօթալի
պիտի
ըլլար
անոնց
անունը
տալ։
Այսպէս
ժամերով
անկողինէ
անկողին
կը
ձգուի
յուշերու
տրտում
հիւսքը,
մինչեւ
որ
յուզուին
ու
քնանան։
Առտուն
երազնին
կը
պատմեն,
տան
կապուած
երազներ
ընդհանրապէս։
Ասոնք
աղէկ
նշաններ
չէին.
մեկնեցայ
յուսաբեկ
տրամադրութենէ
մը
տարուած.
այս
կեանքը
յոռետես
ու
վայրի
կ’ընէ
հոգին,
ես
ալ
թերեւս
քիչ
ատենէն
պիտի
զգամ
իր
ծածուկ
աւերները
իմ
վրաս…
Վեհարան
տանող
սանդուխին
վրայ
գտայ
Վանահայրը,
որ
ծառային
հետ
կատակելով
կը
խնդար,
երանելի՜
ապուշ։
Միասին
սենեակ
մտանք.
գաղջ
մթնոլորտը
մեղմեց
սարսուռս,
տալով
գոհունակութիւնը
մարդու
մը՝
որ
ծանր
տաղտուկներէ
կ’ազատի։
Վանահայրը
զբաղելով
զոյգ
տատրակներուն
հետ,
զուարճալի
խօսակցութեան
մը
ձեռնարկեց։
Խորունկ
մը
կը
շնչէր,
կը
ֆշար,
կը
հազար
փոխն
ի
փոխ
ու
կը
թքնէր
մեծածաւալ
թաշկինակին
մէջ։
Մինչ
ան
կը
խօսէր,
նիւթն
անգամ
չեմ
յիշեր
այնքան
չէի
զբաղեր
իր
խօսքերով,
ես
կը
դիտէի
հրաշալի
անասնիկները.
անոնց
մութ
կարմիր
թաւշեայ
աղուափետուրէն
յարատեւ
ծփանք
մը
կ’անցնէր,
եւ
խոր
այլ
կարծես
հեռաւոր
իրենց
մնչիւնին
կ’ընկերանար
շնորհալի
գլուխներու
ճօճումը,
այդ
շարժումով
տատրակներուն
ցայտուն
կուրծքը
կը
հագնէր
զմրիւթի,
ամեթովսի
երանգները։
Անոնց
տեսքը
ինծի
յիշեցուց
տաճիկ
այն
հոյակապ
հանըմները,
որոնք
Պոլսոյ
կամուրջէն
կը
քալեն
աստուածուհիի
վայելչութեամբ։
Տէ՜ր
Աստուած
սնոտի
խօսքերու
ի՞նչ
առատութիւն
այս
մարդուն
քով,
ու
միշտ
նոյն
լեցուած
կուրծքի
խժուքը,
նոյն
սուլող
հեւքը,
նոյն
շառաչուն
հազն
ու
թուքը
բառերուն
ընդմէջ։
Չեմ
գիտեր
ուրկէ
ուր,
մէկէն
Խրիմեանի
վրայ
խօսք
բացաւ։
—
Սա
մարդը
անիծեց
ազգին
խերը,
ու
հաստ
ցուցամատը
երկարեց
Հայրիկի
պատկերին։
—
Ինչո՞ւ,
հարցուցի
զարմացմամբ։
—
Ան
էր
որ
հերիսան
երկաթէ
շերեփով
խառնել
սորվեցուց
Հայ
ազգին…
հետեւա՜նքը…
—
Յեղափոխութեա՞ն
կ’ակնարկէք
Հայր
Վարդան։
—
Հրամեր
ես…
—
Յեղափոխութիւնը
անհրաժեշտ
էր
եղաւ։
—
Ատոնք
նորահասներու
բերնին
ծամոց
խօսքեր
են։
—
Հիներն
ալ
հին
միտքով
կը
դատեն։
—
Մեր
ազգը
Թուրքին
հողին
վրայ
կ’ապրի.
անոր
հպատակ,
ծառայ
է։
Առած
մը
կայ
Վարդապետ,
հիները
ըսած
են
«Այն
ձեռքը
որ
կտրել
չես
կրնար,
պա՛գ
ու
ճակատիդ
տար»։
—
Ազգերն
առանց
յեղափոխութեան
չեն
կրնար
ազատիլ.
ազատութիւնը
նուէր
չի
տրուիր,
կ’առնուի.
ըմբոստութիւնը
նուիրական
բան
է։
—
Հայը
անկարող
ազգ
է,
տկար
է,
Քեռիին
ազգական
չէ,
ուժ
չունեցողը
տեղը
կը
նստի…
—
Ազգը
ստիպուած
էր
ընելու
ինչ
որ
ըրաւ…
—
Հիմա
ալ
միջոց
թող
գտնէ
որբերը
պահելու,
անոնց
տէրտը
մենք
կը
քաշենք։
Ինչ
որ
է՝
թող
ողորմիս
տան
մեռելներուդ
Վարդան.
ես
փրկեցի
աս
Վանքն
ու
քաղաքը
թալանէ։
«Չի
կտրուելիք
ձեռքը
համբուրելու
է»
ես
ատանկ
կ’ընեմ,
այսչափ.
հերիսային
շերեփով
մեր
գլուխը
կոտրեցին…
Դուն
ալ
հիմա
ձեռքդ
գլուխդ
կը
զարնես
Մկրտիչ,
բայց
անօգուտ…
Հասկցայ
թէ
ինչ
եսական
տեսակէտէ
մը
կը
դատէր
այս
բոլորը։
Քաշուեցայ
խուցս։
Գիշերը
մութին
մէջ,
մենութեան
հետ
դէմ
առ
դէմ,
վերմակին
տակ
թաղուած,
երկարօրէն
անդրադարձայ
վանահօր
խօսքերուն
վրայ։
Վանահայրը
իրաւո՞ւնք
ունի
արդեօք,
յեղափոխութիւնը
պէտք
չէ՞ր
փորձեր
Հայերու
հոգին։
Բայց
բռնութիւնը
գիտակից
մարդուն
մէջ
ըմբոստութիւն
միայն
կրնայ
հանել։
Յետոյ
ակնարկութիւն
ըրաւ
Պ.
Ալեքսանդրի
մասին
ալ,
կ’երեւայ
անոր
դասախօսութիւնները
կը
լրտեսէ.
զգացնեմ
իրեն
որ
խոհեմ
ըլլայ։
Պոլիսէն
լաւ
լուրեր
չեն
գար.
նամակէ
մը
կ’իմանամ
թէ
լրտեսութիւնը,
հետապնդումները,
կապանքն
ու
գաղտնի
մահացումները
չափ
չունին։
Ա՜հ
դժոխային
երկիր,
ուր
սիրտը
երբեք
պիտի
չտեսնէ
արդար
զգացումներու
ծլիլն
ու
միտքը՝
ինք
իր
մէջ
անգամ,
ազնիւ
ու
ազատ
բաներու
հակելու
երկիւղը
պիտի
ունենայ։
Ես
կը
սոսկամ
Տաճիկէն
ու
մանաւանդ
իր
արդարութենէն…
Վանքի
գիշերներու
դագաղին
մէջ՝
ու
մենութիւնն
ու
լռութիւնը
դիակի
մը
նման
կ’իշխեն,
ցուրտին
հետ
ես
կը
դողամ
այս
մտածումներով։
Երբեք
քաջ
չեմ
եղած
արդէն։
Լքելով
այս
վրդովիչ
գաղափարները,
գոցեցի
լայն
բացած
աչքերս
եւ
ընդհուպ
կարմրագոյն
տատրակները
տեսայ.
յետոյ
կամուրջէն
Թրքուհիներ
կ’անցնէին.
խորհեցայ
Շուշանին
վրայ…
ջերմութիւն
մը
ազդրերուս
երկայնքին
խաղաց
ու
հեշտութեան
բուռն
զգայութիւնովը
ցնցուեցայ։
Միշտ
աւելի
եւ
աւելի
մինակ
կը
զգամ
ինքզինքս…