ՎԱՆՔԸ
(ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ
ՄԸ
ՕՐԱԳԻՐԸ)
ԺԴ.
Մարտ . . .
Կազդոյրի
շրջանին
մէջ
եմ։
Տակաւին
անհետացած
չեն
թոքային
վարակումի
մը
մասին
ունեցած
կասկածներս,
մանաւանդ
ձախ
թոքս
կը
վախցնէ
զիս.
երբեմն
սուր
ցաւեր
կը
զգամ
հոն։
Բայց՝
վերահաս
գարունը,
մանաւանդ
ամրան
օրերը
վստահութիւն
կուտան
ինծի։
Առաջին
օրերու
յոգնաբեկ
վիճակը
չունիմ.
զարմանալի
եւ
հեշտին
վիճակ՝
որ
մարելով
ֆիզիքական
բոլոր
ուժերու
կենսունակութիւնը,
կեանքէն
կը
զատէր
զիս,
միտքս
անբացատրելիօրէն
ջերմ
մշուշի
մը
տակ
ծածկելով,
որուն
մէջէն
ինձ
ամէն
բան
յամրօրէն
կը
ժպտէր
կամ
ես
կը
ժպտէի
անոնց՝
ու
իմ
ժպիտս
ոչինչ
կրնար
բացատրել։
Հիմա
ուժերս
կը
վերանորոգուին.
արդէն
կրնամ
քիչ
մը
պտտիլ
հոս
հոն,
յամրօրէն
ու
գինովի
մը
տատանումով։
Շաբաթէ
մը
ի
վեր
բանտուած
սենեակիս
մէջ,
լուսամուտէն
կ’ընդունէի
հետզհետէ
ճշդուող
եւ
կենսալի
զգացումները՝
որոնցմէ
զրկուեր
էի։
Հակառակ
երբեմնի
ձանձրոյթիս,
հիմա
հաճոյքով
կը
դիտեմ
Վանքին
բոլոր
անխօս
եւ
տրտմալի
խուցերը,
եկեղեցւոյն
զով
ու
խոնաւ
գաւիթը։
Խոհանոցն
ու
գոմերը,
նոյն
իսկ
գերեզմանատունը,
որուն
ձիւները
գրեթէ
հալեր
են,
զուարթութիւն
կուտան
ինծի։
Երբեմնի
այս
մեռելութիւնը
որուն
Վանք
կ’ըսեն,
հիմա
կեանքի
մասին
կը
խօսի
հետս…
Ամէն
ճշմարտութիւն
յարաբերական
է
կ’ըսէր
Տուրինեանը…
Այս
առտու
առաջին
անգամ
ըլլալով
գացի
որբերուն.
խանդաղատանքով
ընդունեցին
զիս.
մանաւանդ
Խաչերը
երկար
նայեցաւ
դէմքիս
իր
գորշ
եւ
տրտում
աչքերով։
Այդ
տղան
ինծի
թուեցաւ
արծաթ
կանդեղի
մը
ոսկի
բոցը,
որ
կը
հիւծի
խորանին
սեւ
մէկ
անկիւնը
եւ
որ
ընդհուպ
խաւարին
մէջ
պիտի
լուծուի։
Չեմ
գիտեր
ի՞նքը
կարեկցութեան
արժանի
է
թէ
ես.
ես
նուազ
հիւծուած
չեմ։
Թերեւս
երկուքս
ալ
գութի
արժանի
ենք,
բայց
մարդ
միշտ
տրամադիր
է
իր
անհատական
թշուառութիւնը
ուրիշներէն
թեթեւ
տեսնելու։
Միւսներն
ալ
նուազ
սրտաշարժ
չեն.
երբեմն
նուազ
գունատ
էին.
իսկ
զգեստնին,
ա՛ն
մի
հարցնէք,
ալ
կարկտան
չի
վերցներ,
հագածնին
ալ
կօշիկ
չէ։
Ի՞նչպէս
կը
համակերպին
այս
բոլորին,
չէ
սակայն,
շրթունքնին
ծալք
մը
առած
է,
այդ
ծալքը
միայն
խուլ
դժգոհութիւնն
ու
ձանձրոյթը
կրնան
շինել։
Ղրկուած
նուէրները
սպառեցան,
գաւառը
օգնութեան
չի
կրնար
հասնիլ,
իր
միջոցները
հատան.
պատրիարքարան
գրուած
թուղթերը
ապարդիւն
կ’անցնին։
Ո՞ր
մէկուն
հասնի
խեղճ
պատրիարքարանը։
Միւս
կողմէ
կը
լսեմ
թէ
պատրիարքը
խնջոյքէ
խնջոյք
կը
վազէ։
Ինչո՞ւ
Պոլիս
չըլլայի,
գրչի
երկու
զօրեղ
հարուածով
քանդելու
համար
այդ
ունայն
փառասիրութիւնը։
Որբերուն
քովէն
վրդովուած
սրտով
վերադարձայ։
Գործը
պիտի
քայքայուի,
երկար
չի
կրնար
տոկալ։
Եթէ
այդքանո՜վ
վերջանայ…
թէեւ
ողբալի
վախճան
մըն
է։
Մահուան
մը
նախազգացումն
ալ
կ’ունենամ
յաճախ։
Միշտ
ասանկ
եղած
եմ,
շուտով
յուսահատութիւնը
կը
գտնէ
զիս
եւ
առաջին
օրերէն
իսկ
վարժուած
եմ
սեւ
կէտ
մը
տեսնելու։
Բայց
պարապ
բան
մըն
ալ
չէ
նախազգացումը,
ան
ճակատագրին
դրօշակիրն
է,
ազդարարը,
ես
չեմ
հաւտար
ճակատագրին,
բայց…
Պէտք
չէ
ասանկ
յուզումներու
տամ
ինքզինքս,
արդիւնքը
բարերար
չըլլար,
մանաւանդ
արդէն
իսկ
քանի
մը
օրէ
ի
վեր
տրտմութիւն
ու
ձանձրոյթ
կը
զգամ
ու
անոնց
հետ՝
Շուշանը
տեսնելու
փափագ
մը։
Այս
առտու
զարթօնքիս,
աւելի
բուռն
կերպով
լեցուեցայ
այդ
զգացումներով։