Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Գ.

Նոյեմբեր . . .

Մէկ քանի օրէն որբերը պիտի հասնին, հետեւաբար զբաղիլ պէտք էր։ Իրա՛ւ ալ մաքրել տուի ամբողջ թաղ մը. անհրաժեշտ եղածը տեղաւորեցին, նորէն ամէն վայրկեան լրացնելու պակաս մը կայ։ Աղքատ մնացած վանք մը եւ ժողովուրդը կրնա՞ն աւելի տալ։ Քաղաքէն եւ շրջակայ թեմերէն օգնութիւն կը հասցնեն յուզիչ անձնուիրութեամբ. երիտասարդներ կ’երթեւեկեն քաղաքէն Վանք, բերելով՝ ինչ որ տնանկ ժողովուրդի մը ազնիւ սիրտը կ’ընծայէ իբրեւ նուէր, վերմակներ, անկողին, սրբիչ, գուլպաներ, հին զգեստ, երբեմն նպարեղէն եւ ափ մը պտուղ, ո՞վ գիտէ որ զառամ այրիէն տրուած՝ անդարձ յիշատակի մը իբր յարգանք։

Պ. Եղիազարը, բաւական խորհեցայ պատուանուն մը գտնել բարեկամիս, պարոնը յարմարագոյնն է, հետս է միշտ։ Աշխատութիւնս իր ներկայութեամբ կը թեթեւնայ. երկու տնտեսուհիներն ալ՝ հրահանգներս կը կատարեն եւ կ’աշխատին յուզիչ հլութեամբ մը. մին տժգոյն, հիւանդ, կախ ու կքած պառաւ մըն է, որ մեղմ ձայնով մը կը խօսի ու բարի ժպիտ մը կայ դէմքին վրայ, միւսը նուազ տարէց, համարձակ ու աշխոյժ. գաւառի մէջ ապրած կին մը չերեւիր։

Ես ալ ամէն կրօնաւորի նման, քիչ մը հնազանդութիւն կը սիրեմ։ Իրենց հաճոյակատարութիւնը անձս իմ աչքերուս վեր կը բռնէ։ «Մայրիկ» կ’ըսեմ մէկուն, միւսին՝ «քոյր». ատով իրենց գոհունակութիւնն ալ կը զգամ։

Առջի օր չարաճճի աղջկան մը ամօթխած եւ թաքուն ժպիտը նշմարեցի «քոյր» բառին վրայ. ո՞վ էր այդ Օրիորդը։ Նոր կը տեսնէի զինք. հետաքրքրութիւնս գոհացաւ վերջապէս։

Տնտեսուհիներէն՝ Անուշի միակ զաւակն է որ հոս Վանքին մէջ կը մնայ, ըսաւ Պ. Եղիազարը։

Այս կարճ բացատրութիւնը զուարթ տրամադրութիւն մը արթնցուց մէջս։

Շուշա՜ն, ի՞նչ աղուոր անուն աղջկան մը համար, վանքը կը մնայ միշտ. ինծի ի՞նչ. չեմ գիտեր, բայց չեմ ալ կրնար արգիլել որ ատով չզուարթանամ։ Հոս տեսակ մը ընտանիք կազմելու է՝ ուր որբերուն հետ ես ալ գտնէի խանդաղատանքի բաժինս։

Ալ միշտ կը հանդիպիմ Շուշանին, բակը, վանքին մեծ դրան առջեւ տարածուող գերեզմանատան շիրիմներէն միուն վրայ նստած, կամ ժամուն դրան ստուերին մէջ։ Ժպտուն աղջիկ մը կ’երեւի, թէեւ զինք տրտում ալ կը տեսնեմ երբեմն. ի՞նչ բանի վրայ կը մտածէ. սիրո՞յ մը, որո՞ւ վրայ կրնայ խորհիլ… Բայց իրաւ որ գեղեցիկ է այդ խարտիշահեր աղջիկը, առոյգ, ներդաշնակ մարմինով, սպիտակ ձուաձեւ դէմքի մը վրան խաժ աչքերով, երազի հակամէտ, որոնց ուղղակի չեմ կրնար նայիլ. ինչպէս որ անոնք իմ վրաս ալ ինկած չեն տակաւին, սակայն անոնց անմեղ անուշութիւնը կը տեսնեմ երբ մօրը նայի։ Տասնեւութը տարեկան մը պէտք է ըլլայ. արբունքի տարիք, թէեւ այդ բառին ճշգրիտ իմաստը չեմ գիտեր. ի՞նչ կը զգան աղջիկները այդ տարիներուն մէջ. տարտամ՝ այլ բաղձալի է այդ բառին իմաստը ինձ համար։

Իրա՛ւ գեղանի է Շուշանը. ես դիւրահաւան մը չեմ, գեղեցկութեան մասին իմ վերապահումներս ունիմ ու թէեւ վարդապետ՝ սակայն Պոլիս քարոզչութեանս միջոցին երբեք անտարբեր եղած չեմ կիներու աղուորութեան։

Կան վարդապետներ որոնք յարաբերութիւն կը մշակեն կիներու հետ. աղտո՜տ եւ ցանկալի բան։ Բայց իրա՛ւ կը պատահին ատանկ բաներ, քանի որ անոնց արձագանգը մեր ուսանողութեան շրջանին իսկ Արմաշի Վանքէն ներս սպրդած էր։

Երկչոտ եւ ամօթխած՝ ես գոհացած եմ աչքերու յառումով, ու այն սարսուռով՝ զոր իգական մօտաւորութիւնը շատ անգամ տուած է ինծի։

. . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . . .

Այսպէս՝ երբ կը լրացնեմ կազմակերպելու աշխատանքս, հետաքրքրութիւնը կը մղէ զիս դէպի դուրս։ Վաղը զբաղած պիտի ըլլամ, հետեւաբար կ’օգտուիմ աշնանային օդերու աղուորութենէն։ Պոլսոյ մէջ՝ աշնան, մայիսի գորովագին մթնոլորտը վայելած եմ յաճախ, հոն զարմանալի չէ, բայց Վանահօր ըսածին պէս, իմ բաղդէս է որ հոս տակաւին ձիւնի օրերը սկսած չեն։

Կէս օրերէն վերջ՝ երբեմն կ’իջնեմ գետեզր։ Իրական գետ մը չէ. ջուրի ստուար սահանք մը՝ որ դաշտերուն մէջ կ’ոլորուի ու կ’անհետի հորիզոնին վրայ։ Ջուրը եզերող ուռիները արդէն տերեւաթափ են, հմայքէ զուրկ, ու հիմա խարազանի մը լարերուն նման հակող ճիւղերնին կ’օրօրուի մանր հովերէն իսկ. ցաւագին է իրենց տեսքը։

Չեմ գիտեր ինչո՞ւ երկարօրէն կը դեգերիմ այս գետակին ափունքը՝ դիտելով հոսանուտին խաղերը, գալարումներն, փրփուրներու անօրինակ եռումն ու մարիլը։

Շարժելու, վազելու, երթալու այս անիմաստ յաւերժութիւնը, հոգիս իրեն կը կապէ. թերեւս լա՛ւ է ջուրերու նման ազատ ըլլալ, արկածիլ հեռաւոր ափերու վրան, կամ անհետիլ կապտագեղ ծովերուն գիրկը։

Ինչո՞ւ վարդապետի մը կեանքը կայուն է, լճացած։ Յաճախ կարելիութեան մը վրայ խորհած եմ ու մեզի սահմանուած անձուկ կեանքին ի տես տխրած։

Ի՞նչ է այս սեւ պերճանքին բռնութիւնը բնութեան անեզր ազատութեան դէմ։ Կը սխալիմ, կամ զո՛ւր է մտածելը։ Վարդապետներս աւելի ապահովուած ենք աշխարհին դէմ. մեր կեանքը չի նմանիր դասատուի մը զրկուած գոյութեան։ Եկեղեցին մեր հովանին է, եւ եթէ անկարելիութիւններ կան, մոռնալու չէ որ առաւելութիւններ են ատոնք։

Ըստ բաղդի՝ գետնէն առնուած գաւազանով մը գետափի շարժուն ջուրերը ծեծելով կը հետեւիմ անոնց ընթացքին։

Հոսող ջուրը՝ արեւին ճերմակ ցոլքերը կ’անդրադարձնէ աչքերուս՝ մինչեւ որ մերկ ծառաստաններէն հասնիմ ամայի ու լերկ դաշտերն՝ ուր տեղ տեղ կալի դեղնութիւններ կան, եւ յարդերը՝ ոսկեգոյն, դեղնորակ՝ նախ կէտի մը, ապա լայն շրջանակի վրան մանրիկ, դիւրահաս, ժպտուն պար մը կը դառնան։

Տարածութիւններ՝ որոնց վրայ ծառերու այրած տերեւներ անօգուտ կը դեգերին հովերու քմայքին անձնատուր, մինչ յետամնաց սաղարթներ ճիւղերուն վրայ կոծելով, թափառելով օդին մէջ՝ կ’իյնան վար ու հրելով զիրար կը հաւաքուին անկիւններ հոս հոն։

Աշունն է աս՝ որ ձմրան թախիծը կը հագնի ու արդէն ուրուային, վերասլաց բարտիներու կատարին վրայ կուլայ իր հրաժեշտի երգը։

Դաշտօրէն ընդարձակ է. ակնարկդ հազիւ կրնայ հորիզոնը չափել, ժամերով կրնայիր պտտիլ, առանց այս հողերու սահմաններն ընդգրկելու։

Լքուած են, կամ անանկ կ’երեւին այս ամէնը, պէտք է շահագործել հողերը եւրոպական միջոցներով։ Հիմա մասամբ կը հաւատամ յախուռն երիտասարդներուն որոնք կը դատապարտեն մեզ իբր վանքերու հաւն ու հաւկիթը ուտող, ինքզինք պարարտացնելէ զատ բանի չի խորհող։ Կ’ատեմ կղերականութիւնը անպէտ համարողներն, այդ տիպարները արհամարհանքի արժանի են, բայց իմ երիտասարդ, լուսաւորեալ Արմաշականի միտքս չի մերժեր քննադատութիւնը, աններողութիւնը կաթոլիկ կամ հայ զառամ վարդապետներուն յատուկ է։

Պտտցնելով քայլերս անդերու կորդ ու խոպան հողերուն վրայ, կարծես կը լսեմ գետնին տրտունջը. հողը ինձ կը խօսի բարիքներու մասին՝ զորս իր արգաւանդ ծոցը կը պահէ։ Թող շնորհիւս վանքը ծաղկեալ օրեր տեսնէ, որովհետեւ ափ մը հող անմշակ պիտի չմնայ Արտակի տեսչութեան օրով։

Խորհելով այսպէս՝ գաւազանովս կը խցեմ բաւական խոշոր սեւ ծակեր, որոնք գետնին մակերեսը, մաղուած հողերու փոքր կոյտի մը քով՝ սեւ աչքերու կը նմանին։ Խլուրդները բացած ըլլալու են, իրենց մասին խօսուած է մեզի մեր դպրոցականի օրերուն. տարօրինակ կենդանիներ են, ինքնատիպ ու կարճատես. մեր մանկութեան ընկերներէն մէկուն պատուանունն էր խլուրդը։ Հողին տակ անհամար փապուղիներ կը բանան ու ի վերջոյ մշակութեանց արմատներ կը փճացնեն. քիչ մը մեզի կը նմանին իրենց գոյնովն ու գործունէութեամբ, մենք ալ անոնց պէս՝ ընկերութեան առաջ բերած արդիւնքով կ’ապրինք ու կը սիրենք գաղտագողի գործել։

Երբեմն ասանկ յիմար բաներ ըսելու սովոր եմ, ի վերջոյ մերժելու այդ տարօրինակ յղացումները։

Հոգ չէ՛, երբ մինակ եմ, կրնամ ասանկ անյարմար ճշմարտութիւններ որոճալ, բայց երբ շրջանակը պաշտօնական դառնայ խնդիրը կը տարբերի եւ դո՛ւն, Արտակ, բնաւ յիմար պիտի չըլլաս աշխարհականներու մէջ, նոյն իսկ կատակի համար, ըսելու անպատուող բան մը դասակարգիդ համար։

Մինչ գաւազանս կը գործէ գետնի այդ բացուածքներուն մօտ, խիղճս ալ վրդովիլ կը սկսի. թերեւս կենդանիները կը մեռնին հողին տակ։ Գաւազանիս հետ՝ վեր կ’առնեմ գլուխս ալ։ Տեսարանները նոր են ինձ համար, այս դաշտավայրը յենած է յամրօրէն կորնթարթող բլրակներու. անոնցմէ միուն քղանցքին վրայ կ’երեւի Վանքին մեծամարմին մութ զանգուածը՝ որուն շրջապատ պարիսպին մէջէն կը կանգնի ժամուն գմբէթը, կանանչ մամուռի բիծերով՝ հնամենի, կարմիր որմերու վրայ՝ որոնց մէջ նեղ պատուհաններ աղեղնաձեւ յօնքերու տակ կ’ապաստանին, ու մանաւանդ գեղեցիկ է զանգակատունը իր ցած եւ նուրբ սիւներու կամարներուն վրայ յենած։

Ի՞նչ ոճ է այս. փակեղի նմանող այդ գմբէթները որո՞ւ ձեռքով շինուած են։

Լա՛ւ հիմնուած է այս վանքը. նոյնիսկ գեղեցիկ է պիտի ըսեմ։ Կ’ըսեն թէ Հայաստանի միւս վանքերը յաճախ միօրինակ տեսք մ՚ունին, իրենց գորշ զանգուածը, անփառունակ երեւոյթ մը կուտայ անոնց։

Վանքին, իր առաջ փռուող տերեւաթափ պարտէզներուն ու շիրմաստանին ետեւ բլուրները լերկ են հիմա. վիպագիր մը զանոնք կրնայ նմանցնել սապատաւոր ու ծունր դրած ուղտերու։ Կը նայիմ այդ դեղնամոյն, սեւորակ բարձրութեանց. հիւծեալ կանաչի մը բիծերը կը կրեն ուռուցիկ ուսերնուն վրայ, խրամատուող բացուածքներ կ’երեւին մարդոց եւ կենդանիներու ոտքին ստեղծած արահետներուն կից, որոնք խարդախ դարձուածքներով անհետելէ վերջ փոսերու գիրկը, նորէն գլուխ կուտան, կը դառնան ու կը մարին զառիվերի մը մէկ անկիւնը։

Անհրապոյր, լերկ բլուրներ՝ որոնց վրայ ուրուրի մը ստուերը կը պտուտքի երբեմն, կաս-կապոյտ երկինքին տակ։

Վանքը հաճոյութեան տեղ մը չէ. այսքանէն ալ գոհ եմ, ինչպէս ըսի գեղեցկութիւն իսկ կը տեսնեմ այս բոլորին վրայ։ Գեղեցկութիւնը վարդապետի մը հոգւոյն մէջ պէտք է ապրի, ինչպէս սուրբ Նախահայրերու սիրտը անով սնաւ։ Հոգեւորականը յետին թշուառութեան մէջն իսկ մխիթարութիւն պէտք է որոնէ եւ մխիթարութիւնը գեղեցիկ գործի մը գոհունակութենէն կը ծագի։

Երբ մեծ արահետը կ’իյնամ, ցամքած առուի մը կաւոտ, կծկուած անկողնէն անցնելով, կը հանդիպիմ եզներէ եւ գոմէշներէ լծուած խոշոր սայլերու՝ որոնք խար կը կրեն. չոր խոտի բրգացած կոյտեր անոնցմէ դուրս կը յորդին եւ անօսր թէյի բոյրը կը յագեցնէ իրիկնամուտի մթնոլորտը. կը շնչեմ ու նիհար կուրծքս կը բարձրանայ հաճոյքով։ Ասիկա գեղջկական բան մըն է, որ մանկութիւնս կը յիշեցնէ ինծի։

Սայլերը յամրօրէն կը թաւալին խորտ ու բորտ արահետներէն, մինչ անիւներուն երկարօրէն միօրինակ ձայնը՝ երաժշտութեան մը պէս կը լեցնէ հոգիս. բուրում եւ երաժշտութիւն ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն ու այս ներդաշնակութիւնը համաձայն է աստուածային կամաց՝ որովհետեւ մաքուր է իր տարրերուն մէջ։

Ընկերանալով հեզ ու տրտմական անասուններուն, մինչ անոնք կը կենան գոմերուն մօտ, ես կը բարձրանամ Վանքին մեծ դրան առաջ փռուող գերեզմանատունը։

Գետակի կամրջակէն անդին, մեծ ուղիին վրայ ոսկեզօծ փոշիներու թաւալող հեծեալներ, հետիներ, սայլեր կը նշմարեմ, չեմ գիտեր ո՞ւր կ’երթան. սակայն երանի՜ իրենց…

Իրիկունը եկած կ’ըլլայ արդէն. հեռո՜ւն մանիշակի խիտ երանգի մը վրան հորիզոնը կարմիր է միշտ, կաթկթող արիւնի կարմրութեամբ, անկէ վեր ոսկեգոյնն ու ծիրանին կը թռուըռան, մինչ զենիթին վրայ լուրթ կապոյտը տժգունած է…

Լերանց ու ծովերու վրայ պերճ վերջալոյսեր տեսեր եմ, հիմա դաշտայինը կը վայելեմ. ինքնատիպ չէ, բայց շատ թարմութիւն կայ ասոր մէջ, զով երանգներ վառ գոյներու կը յաջորդեն եւ տափաստանները մշուշին տակ յամրօրէն անորոշիլ կը սկսին։

Բարոյախօս, մեծահմուտ Տուրինեանը, տարակոյսը մշուշին կը նմանցնէր, կ’ըմբռնեմ հիմա որ ուսուցիչս լիօրէն իրաւունք ունի։ Ամէն բան այս տարօրինակ վարշամակին ներքեւ իր էութենէն բան մը վրայ կուտայ, տարակուսելի կը դառնայ։ Լաւ չէ՞ աշխարհի բաներուն վրայ նայիլ մշուշի մը ընդմէջէն, ու տարակոյսի երկբայանքին մատնելով ամէն բան՝ ժպտիլ ամէն իրերու խորին, անտարբեր այլ ազնիւ հեգնանքով. այսպէս կ’ընէր երախտաւոր ուսուցիչս Տուրինեանը…

Կը սկսի մթնել. քանի մը աստղ մայրամուտի հորիզոնին վերեւ աչուկ կ’ընեն։ Պահապան շուներու խռպոտ եւ ընդհատ հաչիւններէն կը սթափիմ, գոմի բակին մէջ մակաղող անասուններու քանի մը զիլերը դեռ կը հնչեն։

Կը մտնեմ կամարակապ մթին դռնէն Վանք. դէպի բակ տանող անցքէն ելած պահուս՝ նեղ պատուհանէ կը նշմարեմ ժամուն մէջ հսկող միակ կանթեղը՝ որ խաւարին մէջ աղօտ ճառագայթներու ոստայն մը կը սարսռացնէ։

Գիշերը՝ կ’երթամ խուցիս մենութեանը ապաւինիլ, նուիրուելու համար Նարեկի աստուածային էջերուն։