Վանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՆՔԸ (ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՄԸ ՕՐԱԳԻՐԸ)
Լ.

Յունիս . . .

Երէկ իրիկուան մօտ՝ խաղաղութիւն եկաւ Խաչերին վրայ. կարծեցի թէ բարելաւութեան կը դիմէր։

Մահը ասանկ սեւ խաղեր ունի կ’ըսեն, երկար կը մաքառի մեր կազմուածքին հետ եւ զայն քայլ առ քայլ աւերելէ վերջ, երբ գիտակցի իր տիրապետութեանը, կը քաշէ ճանկերը հոգւոյն վրայէն, կեանքին ներելու համար՝ որ անգամ մըն ալ գիտակցօրէն ժպտի իրերուն եւ մտերիմներու…

Վերջալոյսին՝ երբ դուրսը բլրակի թփուտներուն ու անոնց առջեւ փռուող դամբաններուն վրայ դեղին մշուշ մը կ’իյնար, Խաչեր որ երկու ժամէ ի վեր կը մրափէր՝ բացաւ աչքերը, ժպտեցաւ հիւանդի վատուժ, անշահախնդիր ժպիտով, դիտեց լուսամուտները՝ որոնց ետին պղնձի թոյրեր կը սարսռային, ու մեղմօրէն ըսաւ՝

Առտո՞ւ է… Ի՜նչ աղուոր առաւօտ…

Կրկին աչքերը փակեց, դարձաւ մէկ կողմ, սուզուելով երազի նմանող բանի մը խորը. քաղցր էր այդ երազանքը, քանի որ անընդհատ շրթները կը դողային՝ ու բերնին մէկ անկիւնը մանր ժպիտ մը կ’առկայծէր։

Տակաւ հիւծած դէմքը երանութեան մը հետ հալած մեղրամոմի երանգը կ’առնէր, ու թարթիչները շատ երկար կը թուէին խորը ինկած աչքերուն վրայ։

Խաչեր, աղուո՜րս, ըսի, չե՞ս ուզեր քիչ մը բան դնել բերանդ, կաթիլ մը կաթ, մածուն քիչ մը. եկուր գլուխիդ թաց լաթը փոխեմ։

Անուշն ու ծերուկ տնտեսուհին խոհուն կը նայէին այս վայրկեան առ վայրկեան հալող դէմքին վրայ եւ իրենց նայուածքը ցաւագին էր, զիս զարմացնելու աստիճան։ Ի՞նչ կար ատանկ դժնէ դէմք մը առնելու, կը խորհէի. երբեմն սա կիները ի՞նչ աստիճան անշահ են։

Խաչեր, քչիկ մը կաթ, կրկնեցի։

Ձգեցէք զիս… ինչո՞ւ երազս կը խանգարէք… արթննալ չեմ ուզեր… այնքան լա՜ւ է հոս… ախ ձեռք մի դնէք վրաս, երկաթի էս ծանր ու պաղ է մատերնիդ… ձգեցէք պիտի թռիմ…

Մթնշաղ էր սենեակին մէջ. լոյս զուարթի խնկահոտ շաբաթ գիշերը յուշիկ եկեր էր։

Նստանք անկողնին չորս կողմը. ես բոլորովին վստահ էի թէ բարելաւում մը կար հիւանդին վրայ. կը լռէինք. ականջ կուտայի կուրծքիս բուռն ու անհաւասար հեւքերուն, մեղմ ու երաժշտական շնչառութեան մը մէջէն, որ շատ մօտէն կը հասնէր ինծի, թերեւս Շուշանէն։

Այն ատեն խորհեցայ դուրսի ամրան խաղաղ, օծանուտ գիշերին վրայ, երբ մռայլ ու դողահար սաղարթներուն տակ, առուն կարօտի անվերջ երգեր կը հիւսէր…

Որքա՜ն լաւ էր առուներուն եզրը ըլլալ, դեգերիլ ստուերներուն մէջ անօգուտ եւ ըստ բաղդի. չի կայի՞ն արդեօք վարդենիներու տակ համբուրուող սիրելիներ հեռաւոր տեղեր, երջանիկ երկինքներու տակ…

Փոքր լամբարը վառեցին։ Կիներէն ծերունին միայն մնաց. Շուշանն ու մայրը մեկնեցան, որբերը հանդարտօրէն, գողունի եկան սպրդիլ իրենց վերմակներուն տակ։

Պառաւը՝ ձեռները գոգնոցին մէջ, մրափող գլուխը կը հակէր, կ’ուղղուէր երբեմն ընդոստ բանալով աչքերը. անոր դէմքը ինծի աւելի տառապագին թուեցաւ այդ պահուն, տժգոյն թխութեամբ դէմք մը՝ որուն վրայ տակաւին ազնուական բան մը մնացեր էր։

Պ. Ալեքսանդրը գիրք մը կը թղթատէր, կարծեմ Րաֆֆիի «Խենթը»։

Ալ խաւար էր դուրսը, ու գիշերուան խաղաղութեան մէջ՝ աստղերու լուսեղ նայուածքին տակ կ’արթննային դօդօշներու մեծակառոյց համերգները. անդորր ու նիրհող սենեակին մէջ անհունէն երկարող սուր այլ անոյշ երգ մը կ’իյնար՝ յարատեւ ու միօրինակ թրթռացումով, քիչ քիչ կը կասէր. այն ատեն եռանդուն խմբերգ մը, լեցնելով միջոցը, կուգար հոսիլ մեր ականջներուն մօտ։

Ջո՜ւր…

Ծերուկ կինը ցնցուեցաւ՝ ու գաւաթով ջուրը մօտեցուց հիւանդ տղուն բերանին։

Պա՞ղ էր, Խաչեր, զաւակս…

Պատասխան չի կար. ծծեց տենդէն չորցած շրթները ու խորասուզուեցաւ…

Քիչ վերջ աչքերը բացաւ. անոնք չեմ գիտեր բիւրեղային ի՛նչ փայլով մեր վրայ ինկան. պարզապէս սարսափելի էին, բիբերը ընդլայնուեցան գրեթէ տիրելով ծիածանին ու սառնենիին. գլուխը վեր ցատկեց գորտի մը պէս, մարմինը ցնցուեցաւ անկողինին մէջ ու կոկորդէն՝ ջրամոյն մարդու մը նման, խեղդուկ հռնդիւններ դուրս ինկան։

Եկան… եկա՛ն, մայրիկ…

Ո՞վ, Խաչեր, մարդ չի կայ. Տէ՜ր Աստուած, մարդ չի կայ, գոչեցինք միաբերան։

Ծերունին վրան հակեցաւ զինք հանգստացնելու համար. այն ատեն Խաչեր բացաւ շրթները, ազազուն թեւերը վերմակէն դուրս հանեց, մեղրամոմէ մատները պրկեց՝ ու բռնելով կնոջ թուշերէն, ուժգնօրէն զանոնք քաշել սկսաւ։

Մի՛ ըներ, անուշս, հոգիս՝ մի՛ ըներ, մեղմօրէն պաղատեցաւ տնտեսուհին։

Ան չի լսեց աղաչանքը, ոչինչ կը լսէր՝ ու նոյն անասունի, ցուցափեղկի մէջ դրուած խամաճիկի մը աչքերուն անայլայլութեամբ նայելով կնոջ դէմքին, կը պրկէր անոր միսերը։

Յանկարծ՝ խուսափուկ աղաղակ մը թռաւ սենեակին մէջ։

Եկա՜ն… ազատեցէք զիս… կ’երթամ մա՜յր…

Ինկաւ բարձին վրայ։ Այն ատեն՝ սեւ մազերու մէջէն քրտինքի խոշոր կայլակներ իջան դէպի ճակատը, քունքերուն վրայ, անոնցմէ սահելով դէպի կորացած շրթներն՝ ու ծնօտին անկիւններէն անյայտացան վիզին ստուերին մէջ. ակռաները միացուց, բացաւ քանի մը անգամ, թեւերը մեղմօրէն թափահարեց վերմակին վրայ, ձգտեց, լքեց…

Վախ եավրո՜ւմ… ու պառաւը հեկեկալիր կործանեցաւ Խաչերին վրայ։

Ան ատեն պատահեցաւ բան մը՝ զոր գուշակել անկարելի էր։ Որբերը բոլորն ալ իրենց վերմակներէն դուրս խոյացան հեծկլտալով…

Ես չի կրցայ լալ։ Դողահար՝ աղօթք մը կարդացի ու հեռացայ…