ԿԱՅԱՐԱՆԻՆ
ԴԷՄ
I
Ամէն
գիշեր
աղօթքի
կարօտ
մը
զիս
կը
մըղէ
Կայարանին
առջեւ
վառ։
Օ՜
հոտն
իր
ծոյլ
քարիւղին,
Հոտը
ձէթին
ու
մուխին…
Օ՜
խճապատ
սեւ
ուղին։
Կը
շողան
հին-հին
յուշեր
ու
նոր
յոյսեր
մետաղէ։
Երգեհոնի
մը
հսկայ
անհաւասար
փողերուն
Պէս
պատարագ
մը
տրտում
ծխնելոյզները
կ’ուղղեն
Երկինքն
ի
վեր-մեռելներ
կը
բարձրանան
թաց
հողէն.
Շեփորներու
պէս
լոյսեր
մինչ
կ’երգեն
փառք
մը՝
հեռուն։
II
Քաղքէ
քաղաք
սըլացող
ես
շոգեկառք
էի,
նաւ։
Գնդիկներուս
տակ
տենդոտ,
կայծակի
պէս
սըրընթաց,
Կամուրջներու
նըման
մութ՝
երբեմըն
կեանք
մը
թնդաց,
Կատաղի
ծով
մը
ճչաց
ցըռուկիս
դէմ
խօլարշաւ։
Ոսկիի
կոյտ
ու
գանձ
էր
զիս
տանող
կրակը
ցաւի։
Կը
բարձրանար
հոգիս
յորդ
ծուխի
մը
պէս
կայծկլտուն։
Երգըս
հեւք
էր,
անիւի
չոր
կրճըտում,
խլըրտում…։
Քնարըս
սուզուած
պըտուտակ
մ’էր
ծովերու
մէջ
ծաւի։
III
Կաթողիկէ
մը
հսկայ,
իր
գմբէթով
մշտավառ,
Վեհ
կայարանը
ահա,
իր
գոյնըզգոյն
լոյսերով։
Ապագայի
մեծ
փարոս
ու
բացուող
դուռ
մը
խըռով…
Դագաղներու
ետեւէն…
ծովափներու
յաղթ
պատուար՝
Ուր
ծառանալ,
բըռնկիլ
իմ
փափաքներս
կու
գան,
Մեռած
յուշերըս
դիզուիլ
աղբերու
պէս
նեխոտած։
Ալիք-ալիք
ան
մըխաց։
Ամէն
գիշեր
ան
թնդաց
Ստորերկրեայ
ձայներով,
երկրաշարժի
մը
նըման։
IV
Սէրն
անցեալի
մը
մաքուր,
խորհուրդը
կոյս
գալիքին,
Հրեշտակի
թեւ
ու
սուր
ճիչ
շոգեկառքերը
ունին,
Պուպրիկներու
աղաղակ,
սուլոց
դեւի,
հրէշի
շունչ՝
Ու
նայուածքներն
հեռաւոր
երկիրներու
քաղցրահունչ։
Կաղանդի
պէս
կ’աղուորնան
օրերն
անցեալ,
ապագայ,
Եւ
երբ
մշուշը
կ’իջնէ,
բարակ
անձրեւը
կու
գայ,
Գետ
մը
բեկբեկ
լոյսերու՝
գիծերուն
վրայ
կը
սահի։
Ամէն
ինչ
փայլը
կ’առնէ
երազներու
աշխարհի։
Ճրագները
թեւ
կը
շարժեն,
ու
կը
մրցին
բիւր
մոմեր։
Հաշիշներու
մեղմօրօր
կը
բարձրանան
տարուբեր
Ծուխերն՝
առլի
շուքերով։
Լուսէ
լարեր
կը
թրթռան.
Ու
կայարանը
կ’ըլլայ
խորհրդասոյզ
ապարանք,
Տօնական
ծառ,
Այրեցեալ
Գօտիի
ծով,
ուրկէ
վեր
Կը
սաւառնին
լուսեղէն
ու
թեւաւոր
շէկ
ձուկեր։
Եւ
գաղտնիքներն
անցեալին,
դէմքին՝
ժպտող
ապառնին,
Կ’ըլլայ
ըսփինքսն
ան
կախարդ
ու
մերթ
պատմող
ծեր
հանին։
V
Բայց
ի՜նչ
խոցեր
կը
բանաք
նըման
օձի
խայթոցին,
Դուք,
սուլոցնե՜ր,
սուրի
պէս
ու
մութին
մէջ
ժայթքող
բոց՝
Խըրելով
խորը
մարմնոյս,
որ
նաւերն
օր
մ’օրրեցին,
Շոգեկառքերը
տարին
դաշտերն
ի
վեր
ալեկոծ։
Վերապրելու
սէր
մ’ահա
կը
բըխի
վեր
հոգիէս.
Կ’ուզեմ
մեկնիլ
եւ
սակայն,
վիրաւորէն
ալ
տըկար՝
Կառչած
այս
պաղ
կամուրջին,
կը
մըտածեմ
դառնաբար.
-Տըխուր՝
հողերն
անցեալի
եւ
քաղաքները՝
ուր
ես
Տառապերայ։
Ու
ցաւին,
ձանձրոյթին
պէս
երբեմնի,
Ցաւն
ու
ձանձրոյթն
են
նորէն,
քաղաքներուն
մէջ
հոն
նոր…
Օձերու
կոծ
էք
ծոցիս
մէջ,
սուլոցներ,
ամէն
օր։
Յաւերժութեան
տենչս
ահա
ձեզմով
անվերջ
կ’արիւնի։
Օ՜
սարդոստայնը
հսկայ
վառ
գիծերու
մետաղէ։
Ու
ճիչն
անոր՝
որ
ողջ-ողջ
փլուզում
մ’իր
տակ
կը
թաղէ։
VI
Մրըրկահունչ
կամուրջին՝
մունջ՝
դունչս
երկաթէ
փունջի
մը
վրան՝
Կը
նայիմ
վար,
ուրկէ
մըռունչ
մ’արձակելով,
ահեղավազ՝
Զոյգ
վիշապներ
իրարու
վրայ
կատաղութեամբ
մը
կը
սուրան։
Կրա՛կ,
կրա՛կ,
կրա՛կ,
կրա՛կ։
Օ՜
ահարկու
յուշահալած
իմ
ապագաս.
Օ՜
իմ
անմեղ
ու
խանդավառ
պատանութիւնս.
երկու
տարբեր
Սահմաններէ
կը
խոյանաք,
երկուքդ
երկու
հըպարտ
բեգաս։
Երկուքդ
երկու
կայծկլտացող
ծուխ
կ’արձակէք
կամուրջն
ի
վեր,
Որ
կը
քանդէք
կարծէք
միլիառ
հարուածներով
մուրճերու
կուռ։
Երկուքդ
իրար
փշրող
աստղեր
էք,
մէկըզմէկ
խեղդող
ծովեր։
Կը
ճանկռտէք
իրար՝
կրակէ
մագիլներով,
ու
հուր
ու
սուր
Շողացնելով
կողերէն
ձեր
յաղթ,
բաբախուն,
գիսաւորի
Պէս
կը
սահիք,
սպառնալով
տալ
քայքայում
մը
ընդհանուր։
Խուլ
ռիթըմ,
դող…
Կը
հեռանաք,
դուք՝
փոխն
ի
փոխ
պերճ
ու
յոռի,
Ձգելով
վիհ
մ’ուր
սիրտըս
կախ՝
կը
բաբախէ,
գլուխըս
ծուխէն
Ու
ձեր
պայտի
հարուածներէն
զգայազիրկ
կը
ցընորի…
Օ՜
ինչպէս
դուք
կախարդական
ու
ահռելի
էք
նոյն
ատեն։