Տեղատւութիւն եւ մակընթացութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԾՆՈՒՆԴ

Առաւօտ մը, Ծընունդի տօն, պատարագ էր արտակարգ։

Հրացիր մը՝ սեւ, վայրագ թռչուն՝

Կը կրկըռար պողպատաձայն՝ պատշգամի մը վըրան։

Հրացաններու համազարկ,

Ու հարիւր մէկ զանգակներու խորհրդասոյզ թաւալում։

 

Եկեղեցւոյ մը բաց դռնէն կը հոսէր թաւ ձայնն աղօթքին։

Հրեշտակներ լուռ կը քալէին կամարներու տակ մթագին։

Գմբէթները աչքերուն մէջ՝ հրապարակին ձիւնին վըրայ,

Ռուս ծերունի մը կ’աղօթէր ծնկաչոք։

 

Հորիզոնը գիսաւոր մ’էր փայլատակող։

Տարափին տակ ռումբերուն կը բաբախէր քաղաքն ամբողջ։

Աւետաբեր աստղեր, գանձեր,

Հրեղէն խաչեր կը շողային մարդոց վրայ։

Տղու անուշ քունով մը դեռ, պատերուն տակ,

Դիակները կ’երազէին ունէրներ, հրացան եւ սուր, ոսկեդրամ,

Կաղանդի ծառ մը հարուստ։

Սառած գետը կարկանդակ մ’էր հեռուն, ճերմակ։

Եռուզեռ էր հընութեանց շուկային մէջ,

Ուր ձիւնէն ձայն մը կ’ելլէր

Միլիառ-միլիառ ոջիլներու ճզմըւող։

- Հրեաներու սրտի սարսուռ,

Ամէն կողմէ եկած մարդիկ կը ծախէին աւարներ.

- Աղուէսի մորթ, մատանի, զմրուխտ, կօշիկ. շաքար. հաց.

Ծխախոտի տուփեր ոսկի եւ իքոններ արծաթազօծ,

Հովանոցը ցարուհիին։

Կը ծախէին խարդախուած եւ արգիլուած նկարներ,

- Ազնուական կիներու հետ

Քսան սէրերն Ռասբութինին։

Այրող ձէթի մէջ խորովուող խըմորներուն բոյրն էր կծու,

Միջոցն ի վեր։

Ծնո՜ւնդ, ծնո՜ւնդ. զանգակ եւ ռումբ կը մրցէին

Լուսաբացին մէջ ցրտին։

Կեանքը անուրջ էր սնամէջ

Ու մահը խաղ էր, կատակ։

Ուրախութիւն էր սրտերուն մէջ բոլոր,

Անմեղութիւն՝ սպանդին մէջ բարբարոս,

Ուրախութիւն, անմեղութիւն՝ մինչ թիֆիւս էր, մերկութիւն,

Սով էր, թաղում,

Ու փուռերու պատերուն տակ

Հսկայական հերթեր էին խեղճերու։

 

Ծնո՜ւնդ, ծնո՜ւնդ։

Կը փայլակէր քաղաքն ամբողջ ադամանդի շողերով,

Որ կ’երթային ողողել աշխարհն արար։

Կովի գոյն, լուռ՝ երկինքն հակած կը նայէր վար։

Եւ արեւը կը ժպտէր աստուածածին կոյսին պէս։

Ծնունդ, ծնունդ. զանգակ եւ ռումբ կը մրցէին

Լուսաբացին մէջ ցրտին։