Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

25. ԴՊՐՈՑԻՆ ՇԱՐԱԿԱՆՆԵՐԸ [1]

 

1. ԵՐԳ ԴՊՐՈՑԻ

Ո՜վ յարկ վըսեմ, տուն սրբանուէր,

Ընկա՛լ սրտից մեր օրհներգներ։

 

Անո՜յշ որորան մատաղ մեր տիոց,

Ուր զուրաթ սահի այդ կենաց ոսկեզօծ,

Ուր մեզ որորեն հողմունք երկնաշունչ

Եւ հրեշտակք ի մեզ ցանեն վարդից փունջ,

Ուր փրկարար ջամբէ մեզ կաթ

Իմաստութիւն, մա՜յր խանդակաթ։

 

Պարտէզ բանաւոր, զոր խնկեն ի բոյր

Բարւոյն, Ճշմարտին ծաղկունք գեղաթոյր,

Որոց զհիւթ ծըծեն հոգիք մեր անյագ,

Կազմել իմաստից մեղըր անապակ։

 

Ո՜վ յարկ վըսեմ, տուն սրբանուէր,

Ընկա՛լ սրտից մեր օրհներգներ։

 

Աշխարհն է մի ծով ուր գոռայ մրրիկ,

Դպրոցն անխըռով ծոց մ’է հանդարտիկ,

Ուր չիշխեն փըչել մահահոտ քամիք,

Եւ պարզի վերեւն անամպ մի երկինք։

 

Բայց շուտ կը հասնին փոթորկոտ օրեր,

Կեանքն է մի պայքար, շատ ունինք պարտքեր.

Դպրոց մեզ վառէ լուսով եւ սիրով,

Խութին ու վըհին յաղթե՛նք անոնցմով։

 

Տաճար հրաշագործ, վըսեմ ձուլարան,

Ուր կապարն յոսկի, նիւթն յոգի դառնան,

Եւ դու կերտես, դո՛ւ, զապագայն։

Մանկանց սիրելի,

Ազգաց պաշտելի,

Քեզ փա՜ռք, ո՜վ դպրոց,

Լուսո՜յ վառարան։

  (Բուրաստան Մանկանց)

 

2. ԵՐԳ ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՆ

Պար աշակերտաց

Աշխատութի՜ւն, մեր զօրութիւն,

Քեւ կը լինինք մեք աննըկուն.

Պատի՜ւ քեզի, քե՜զ օրհնութիւն,

Ո՜վ ստեղծիչ Աշխատութիւն։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Երկիր խոպան էր, անմըշակ,

Փուշ ու տատասկ ծածկէր համակ.

Զայն վաստակ

Ի շէն, ի դրախտ փոխեց արագ։

Այլք յաշակերտաց

Մեր միտքն անհերկ դաշտ մ’է նոյնպէս,

Մացառամոլ, ժիր թէ վարես,

Լուսագէս

Հունձք գիտութեան կանգնին դէզ դէզ։

 

Պար աշակերտաց

Աշխատութիւն, մեր զօրութիւն… եւ այլն։

 

  * * *

Ոմն յաշակերտաց

 

Անզէն էր մարդ եւ կը դողար

Դէմ գազանաց, տարերց տըկար.

Բայց զաշխարհ

Նուաճեց իրեն ճիգն անդադար։

 

Այլք յաշակերտաց

 

Տըկար եմք մեք, եւ մեր ոտքեր

Կը դողդոջեն ի զառիվեր.

Անվեհեր

Թէ քայլեմք միշտ, պըսակն է մեր։

 

Պար աշակերտաց

 

Աշխատութիւն, մեր զօրութիւն… եւն

 

* * *

Ոմն յաշակերտաց

 

Երկինք՝ կայծակ,

Երկիր՝ խարակ,

Ծովը՝ կոհակ

Ունէր, սակայն

Այդ ամենայն

Փշրեց վաստակ։

 

Այլք յաշակերտաց

 

Ի՞նչ փոյթ, դըժուար

Է թէ համար,

Կամ դասն՝ երկար.

Ամէն կնճիռ

Կը լուծուի, ժիր

Թէ գործեմք յար։

 

Պար աշակերտաց

 

Աշխատութի՜ւն, մեր զօրութիւն…եւն։

 

* * *

Ոմն յաշակերտաց

 

Աշխատողին

Քաղցր է բաժին.

Խինդ սրտագին,

Անդորր, հանգիստ,

Օրեր անվիշտ

Քրտանցն են գին։

 

Այլք յաշակերտաց

 

Դիմե՛նք արագ

Ի նըպատակ.

Ուղւոյն ի ծագ

Յաղթականին

Մընան դափնին

Ու մրցանակ։

 

Պար աշակերտաց

 

Աշխատութի՜ւն, մեր զօրութիւն,

Քեւ կը լինինք մեք աննըկուն.

Պատի՜ւ քեզի, քե՛զ օրհնութիւն,

Ո՜վ ստեղծիչ Աշխատութիւն։

  (Բուրաստան Մանկանց)

 

3. ՄԻՇՏ ՅԱՌԱ՜Ջ, ՄԻՇՏ ՎԵ՜Ր
(Քայլերգ Ուսանողաց)

 

Մի՛շտ յառաջ, եղբարք, մի՛շտ վեր,

Այս լինի ուխտ սրտից մեր.

Ո՛չ երբեք ասեմք «բաւ է».

Կասիլն է երթալ ետ ետ,

Որ չ’ելներ՝ անկման է մէտ.

Լաւագոյն լաւէն լաւ է։

 

Ուսեր եմք, ա՛լ ուսանիմք.

Լուսոյ դեռ շատ պէտք ունիմք,

Տըգիտին անկ է պարծել.

Ընդարձակ է ասպարէզ,

Շատք յառաջ են քան ըզմեզ.

Քայլել հարկ է, միշտ քայլել։

 

Անդ հեռուն փայլի Բարին,

Վեհ պատկեր մ’եթերային,

Գերակայ վըսեմ տիպար.

Յայն դիմել պարտ է անդուլ,

Յայն ի կէտ միշտ քայլ առնուլ.

Թո՛ղ վերելքն ըլլայ դժուար։

 

Այլք պարծին ի քար կոթող

Եւ ոսկւով լինին յաղթող.

Բարձըր տենչ կրեմք ի սրտի.

Վեհ արդեա՛նց հանեմք կարկառ

Տակաւ վեր յերկին պայծառ,

Եւ Անմահն ընդ այն ժպտի։

 

Յարեգակ թեւէ արտոյտ,

Լուսափայլ յերկին կապոյտ.

Ազնիւ իղձ մ’ունի հաւն այն.

Տեսլականն է մեր հոգւոյն

Այդ արեւը շողշողուն.

Սաւառնի՜ ինքն ալ դէպ յայն։

Քան զերէկ մեծ եւս այսօր,

Քան զայսօր վաղիւն հըզօր.

Նորին հինը չի բաւեր.

Յառաջդէմ քան ըզնախնին

Հարկ է զի որդիք լինին.

Մի՜շտ յառաջ, եղբարք, միշտ վե՜ր…։

 

4. ԵՐԳ ՄՐՑԱՆԱԿԱՑ

Պար աշակերտաց

 

Ողջո՜յն, ո՛վ օր

Հանդիսաւոր,

Դու որ ըզմեր

Լընուս իղձեր.

Արեւուդ լոյս

Քանի՜ անոյշ

Է մեր հոգւոյն.

Քեզ շա՜տ ողջոյն։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Զի՜ մեծաշուք այս տեսարան,

Է մեր փառաց հանդիսարան.

Մեր հարքն ու մարք ահա՛ բազմեր,

Յաղթանակաց մեր վըկայներ.

Հայ Ազգութեան Աւագանի

Պատրաստ է ձօն ունի դափնի։

Ո՜հ, զի՜ քաղցր է յայս վեհ կաճառ

Պըսակ ի գլուխ առնուլ պայծառ։

 

Պար աշակերտաց

 

Այո՛, այո՛,

Զի՜ փառաւոր

Արժանաւոր

Գոլ պըսակի,

Մրցանակի՝

Յայս վեհախումբ

Ի պերճ ակումբ.

Այո՛, այո՛։

 

Ոմանք յաշակերտաց

 

Աշխատասէր Ուսանողին սիրտն արդ բերկրի.

Ծոյլին ճակատ ամօթահար կը կարմըրի։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Վաստակն էր դժուար,

Մեր ճակտէն ի վար

Քիրտն հոսէր շիթ շիթ.

Բայց ո՞վ չի մոռնար

Ճըգունքն անդադար

Յայս օր բերկրառիթ։

 

Պար աշակերտաց

 

Ո՜հտ, երանի՜ քաջ մարտիկին

Լուսոյ կըռուին.

Ճգնեցաւ անսասան,

Արդ պանծա՜յ յաղթական։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Զիա՜րդ ցնծան սիրտք մեր ծնողաց,

Ու ամենուն դէմքն է ժպտուն,

Հոգեր ցրուած

Իրենց ճակտուն։

 

Այլք յաշակերտաց

 

Յուսոյ նըշոյլք խառնըւին

Ուրախութեան արցունքին։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Ի հորիզոն մեր ապառնւոյն

Հային զըւարթուն։

 

Պար աշակերտաց

 

Մեր ծաղկըներ

Պիտ’ տամք նըւէր

Իւրեանց գլխուն,

Զերդ ճաճանչներ

Փայլող ի ձիւն

Լերանց ճակտուն։

 

Ոմն յաշակերտաց

 

Մրցանակաց այս պերճ հանդէս

Թո՛ղ նոր խրախոյս վառէ՜ ի մեզ.

Անվըհատ

Ելնե՛մք բլրոյն ի գագաթ։

 

Ոմանք յաշակերտաց

 

Անդ ի սար,

Վառ ի վառ,

Պըսակ պերճափառ

Շողայ յերկնից վար.

Ոսկետա՜ռ

Անուն կայ վըրան

Յառաջդիմութեա՜ն։

 

Պար աշակերտաց

 

Խլե՛մք զայդ պըսակ,

Փառաց հրաւիրակ,

Մըխիլ ի ծոց

Ապագայի

Ուր դեռ հոծ

Մեզ պահի

Պատուի

Անանց

Գա՜նձ։

 

5. ԵՐԳ ՀՐԱԺԵՇՏԻ

Ուսումնաւարտք

Յետ վաստակոց մշակին հնչէ ժամը հունձքի,

Ահա՛ եւ մեր անդուլ ճըգանց վախճանն հասնի։

 

Ո՜վ գեղեցիկ

Օր երջանիկ,

 

Յորում ի ծայր ասպարիզին

Մեզ կ’ընծայի շըքեղ դափնին։

 

Ոմն յուսումնաւարտից

 

Աշխատութեան ո՜վ սուրբ օրէնք փրկաւէտ,

Քա՜ղցր է մարդոյ ապրիլ լուծիդ տակ յաւէտ։

 

Պար աշակերտաց

 

Կըռանին ի թոպ

Կայծականց անձրեւ

Թափէ սեւ երկաթ,

Քարն անտաշ անձեւ

Պատկեր սրբակոփ

Դառնայ լուսակաթ։

 

Այլ ոմն յուսումնաւարտից

 

Զօր ամենայն բրիչ իւր հերկեց մեր մըտաց արտ,

Անբեր էր նա եւ անզարդ.

Ծաղկունք հոյլ ի հոյլ

Ծըլեցան բոյլ ի բոյլ,

Բուրեն բոյր ի բոյր,

Փայլին թոյր ի թոյր։

 

Պար աշակերտաց

 

Եւ հեշտանայ սիրտ ծընողաց ու Ազգին

Ի տես նոցին՝ յոր ըզմայլի եւ Երկին։

 

Ոմն յոչ­ ուսումնաւարտից

 

Սակայն ընդէ՞ր շիթք արտասուաց

Յայս ի հանդէս խնդի՝ փառաց

 

Ընդ այտ ձեր լըռին

Կը հոսին մեղմին։

 

Ոմն յուսումնաւարտից

 

Դառն է մեր սրտից թողուլ զօթեւան

Ուր բարեբաստիկ մեր ամք սահեցան,

 

Ուր հարց մեր հոգւոյ

Ըստուեր գորովոյ

 

Սփռէր վերայ մեր գլխոց,

Մեզ ապաստան՝ իւրեանց ծոց։

 

Ուսումնաւարտք

 

Եւ անլաց

Աչօք անթաց

Ի ձեր գրկաց

Մա՞րթ է, եղբարք, գընալ ի բաց։

 

Ոմն ի դաստիարակաց

 

Ըզձեզ պարտուց կը կոչէ ձայն,

Յօժարափոյթ դիմեցէ՛ք յայն.

Մըտացդ ըզլոյս, սրտիցդ ըզսէր

Տո՛ւք Համայնքին ձեր ի նըւէր.

Ձեզմով երկրի վըրայ

Բարին յաւելնա՜յ։

 

Ուսումնաւարտք

 

Երթա՜նք ի պարտ,

Կենաց ի մարտ.

Մեր հուսկ ողջոյնն ա՛ռ, քաղցրի՜կ Տուն,

Սիրոյ, լուսոյ կենսաւէտ բոյն։

Բարեա՜ւ մընայք, հոգւոց մեր Հարք,

Ձեր յուշն անմեռ ի մեզ։ Եղբա՜րք,

Եւ դուք բարեա՜ւ

Մընա՜յք, բարեա՜ւ։

 

Ոչ­Ուսումնաւարտք

 

Բարեա՜ւ երթայք,

Եղի՛ք մեծ Հայք,

Ազգին պըսակ,

Մեզ օրինակ։

Անբիծ օրեր, ճշմարիտ փառք

Ձե՜զ կը մաղթենք, ո՜վ մեր եղբարք։

 

Պար աշակերտաց

 

Ընդհուպ կրկին

Պարտուց դրօշին

Տակ եւ պատուոյ ի ճանապարհ

Կը գտնենք զիրար։

 

6. ԵՐԳ ԱՐՁԱԿՈՒՐԴԻ

Արդ հանգստեան սկիզբն առնուն հեշտ օրեր,

Թռչնոց նըման պարզե՛մք անկապ մեր թեւեր.

Լերինք եւ դաշտք մեզ հըրաւէր կը կարդան,

Դասարանին որմունք բարեա՜ւ թող մընան։

Աշխատեցանք, արդար է որ

Քիչ մը զբօսնունք, վայելենք օր.

Ո՛չ միշտ աղեղ մընայ լարուած,

Ո՛չ միշտ յարօր եզինք լծուած.

Եւ երբ մեզ պէս իւր գլխոյն մարդ

Դափնիներու ածեց վեհ զարդ,

Արժան է որ նոցա վըրայ

Պահ մը հանգչի, սիրտն իւր խնդայ։

 

Արձակուրդի ո՜վ քաղցր ամիս ցանկալի,

Բիւր հաճոյքով մեզի համար ծոցդ է լի.

Արեւդ է ջերմ, լուսինդ՝ պայծառ, ըզքեւ պար

Պըտոյտ, երգ, խաղ, ոստիւն, արշաւ կազմեն յար։

Լեռներն ի վեր մերթ մագլցել,

Մերթ դիւր դաշտի մէջ վազվազել,

Երբեմն օրրիլ յալեաց ի ծուփ

Կամ ընկողմնիլ առուակին հուպ,

Երգել թռչնոյն հետ յանտառին,

Քաղել ծաղիկ, պըտուղ ծառին,

Ի շող, ի բոյր միշտ արբենալ.

Ո՜հ, ի՜նչ հաճոյք ամէն օր ալ։

 

Եւ ի՜նչ հրահանգ խառնեալ ի զբօս շայեկան

Պիտ’ ընծայէ մեզ բընութիւն հրաշազան.

Տեր’ւին, ծաղկին, թեւոց վերայ միջատին

Պիտի կարդամք խորին խորհուրդքն Արարչին։

Անհո՜ւն մատեան, որոյ էջեր

Են ծով, երկինք, սար ու ձորեր,

Եւ որ ունի աստեղեայ տառ

Ու ծաղկագիծ հոտեւան բառ։

Վըսեմական այն թերթերուն

Մէջ՝ ի ձեռին քերթող, գիտուն,

Զի՜ գեղեցիկ է թարթափիլ,

Դիտել, խոկալ եւ ըզմայլիլ։

 

Գեղազըւարճ Արձակուրդի ժամք հեշտին

Սահին այսպէ, միտք եւ մարմին կազդուրին,

Մինչեւ կրկին դառնան աւուրք վաստակոց,

Դիմենք զըւարթ լուսոյ տաճարն՝ ի դպրոց,

Ի ձեռն առնուլ դաս ու համար,

Մըտաց երկունս երկնել դժուար,

Ի գիր կըքել քրտնոտ ճակատ,

Քիչ զբօսնուլ, աշխատիլ շատ,

Զի քայլ մի եւս առնունք յառաջ,

Խաւարին դէմ ե՛ւս ըլլալ քաջ,

Փութով հասնիլ յըղձալին կէտ

Ում մեր ծընողք կան ակընդէտ։

(Պատկեր Աշխ. Գրականութեան)

 

7. ԵՐԳ ԱՌԱՒՕՏՈՒ

Այգն ի՞նչ կ’ըսէ քեզ, այգը նորածագ,

Երբ ծիրանեփայլ ծայր կու տայ յերկին.

Ի՞նչ կ’ըսէ քեզի աշխոյժ ծիծեռնակ,

Ու մեղմիկ մրմունջ առւօտու հովին։

 

Ո՜վ դու պատանեակ, այգը նորալոյս

Քեզ գոչէ «Արի՛, ժամը կ’անցնի վաղ.

Մի՛ դու վըստահիր ժպտին իմ անոյշ,

Անոյշ ու սիրուն, բայց սուղ է, աւա՜ղ»։

 

Շուտափոյթ թեւով այսպէս կը սահի

Նաեւ մանկութեան ժպտուն եղանակ,

Փայլակ մ’որ ահա՛ մութին մէջ փայլի,

Բայց հազիւ փայլած՝ կը մարի արագ։

 

Թռչելով թեթեւ, ծիծեռնակ կ’ըսէ.

«Արի՛ ի վաստակ, առւօտ քեզ կոչէ.

Շուտ ամառն իրեն վախճանին դիմէ.

Արի՛, ընդ երկար մընալ օրէն չէ»։

(Իտալականին նմանողութեամբ)

 

8. ԵՐԳ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿՈՉՄԱՆ

Մարդն է վեհ արարած,

Վեհ կեանքի սահմանուած,

Արարչին սուրբ պատկեր

Յինքեա՛ն դրոշմըւեր։

 

Մարդ ենք մեք ըստեղծուեր,

Վըսեմ ձըրիւք օժտուեր,

Անասնոց գեր ի վեր

Բանիւ բարձրացեր։

 

Բանն է լոյս մեր մտքին,

Սէրն է կեանք մեր սրտին,

Մեր վախճանն է բարին,

Յա՛յն ձգտի հոգին։

 

Բանն ի մեզ յա՛ր փայլի,

Սէրն ի մեզ յա՛ր վառի.

Արժանի մեր կոչման

Ըլլալ ընե՛նք ջան։

 

9. ԵՐԳ ԿԵՆԱՑ

Կեանքն է պայքար, յաղթելն է դժուար.

Խոչք եւ խութք են անթիւ անհամար.

Վատին ու ծոյլին կեանքն է շատ տըխուր,

Յաջողութիւնը՝ քաջին տըրիտուր։

Դափնին՝ գործողին մրցանակն արժան,

Անգործին նըսեհ կը լինի դաժան.

Մինչ մեք դանդաղինք, այլք ըզմեզ գըլեն,

Ու մեզ հեռուէն ծաղըր կ’արձակեն։

 

Լուրջ է կեանքը, պարտքեր շատ ունի,

Բարւոյն սիրող կամք պէտք է արի.

Մեղկ ու հեշտ ուղին կորստեան տանի,

Ո՛վ որ կը ճգնի՝ ա՛ն վայելքն ունի։

Ո՛վ կը կատարէ իր պարտքն անդադար՝

Անո՛րն է հանգիստ խղճի մը արդար.

Գործել պարտի մարդ բարին ու իրաւ,

Որ բաժին առնու գոհութիւնն անբաւ։

 

Աշխատելու կեանքն է ասպարէզ,

Թո՛ղ թոյլ գրգանք չըփորձեն ըզմեզ.

Լոյս ճշմարտութիւն բարիքն է մտքին,

Սէր բարեգորով ոյժն է սրտեկին.

Գիտութեանց ծըծենք հիւթը կենսատու,

Մեր սիրտն յար տենչա՜յ ազնիւ բաներու.

Վե՜հ գաղափարին վըսեմ սիրահար,

Մեր հոգին ջանա՜յ արփաթեւել յար։

 

Արագ թեւով կ’անցնին մեր օրեր,

Գարուն հասակ սահի զերդ ստուեր.

Հասուն տիք շուտով յալիս խոնարհին,

Վերջալոյսն օր մը կը հասնի կեանքին։

Ի՞նչ մընայ մարդուն անցմանը նըշան,

Թէ ոչ յիշատակ արդեանց բարութեան.

Վաղանցիկ կենաց մեր անանց վըկայ,

Գեղեցիկ մեր գործն արձա՜ն թող կենայ։

(ծաղիկ Հանդէս, 1904)

 

10. ԵՐԳ ԵՐԳՈՅՆ
(Վալսերգ)

 

Երգե՛նք, եղբարք, երգն անոյշ է,

Ձանձրոյթ լըքում նա կը բուժէ.

Կը թեթեւնայ վաստակ,

Երբ շրթանց վրայ կը թեւածէ

Ե՜րգը սիրուն, ե՜րգն անուշակ։

 

Երկինքէն իջեր երգերու հրեշտակ,

Երկնային հեշտից տալ անգին ճաշակ.

Թմրած հոգւոյն շնորհէ թեւեր հըրեղէն,

Ու դիւթական հըմայք բղխին Քընարէն

Որ լուսեղէն երազոց մէջ մեզ կ’օրրեն։

Թո՛ղ չարերուն հոգին

Մընայ աներգ լըռին.

Թո՛ղ երգէ եռանդուն

Սիրտը պատանւոյն, անմե՜ղ, երազո՜ւն.

Գարուն ցնծուն երգ մ’է համակ,

Մե՛ր ալ թող հնչէ երգոյն աղաղակ.

Մե՛նք ալ գարնան թռչուններ ենք,

Գեղգեղաձայն եւ մենք երգենք։

 

Ինչ որ գործէ, հրճուի, ողբայ՝

Իր երգն ունի ան աներկբայ,

Երգ մը որ լայ կամ թէ խնդայ։

Մեղուն կ’երգէ երբ ծաղկանց հիւթ քաղէ.

Մըշակն ալ արտին մէջ իր երգը մրմնջէ.

Խոխոջանքը չէ՞ տրտում երգն առուակին,

Երբ շրջի ծաղկանց տալ համբոյր յետին,

Ու ծառոց գիրկ զեփիւռք երգով մը կ’որորին։

 

Երգով վըսեմ քերթողներուն

Հոգին ի մեզ խայտայ թրթռուն.

Երգին թեւոց վըրայ մեր սիրտ կը բարձրանայ

Դէպ յիտէալն ի գերակայ.

Գեղեցկին յոյզ հոգւոյն ցունց տայ։

Մոռնանք երգով իրականը ստոր, տըխուր.

Բարձր ոլորտի մէջ կը շնչենք վեհ ու մաքուր։

 

Ի վե՜ր, ի վե՜ր, նուագին թեւոց վերայ ի վե՜ր,

Լոյս եթերաց մէջ պարզելու վեհ թըռիչներ։

Երաժշտութիւն,

Վառէ՛ մեր սիրտ, ոգեւորէ՛ մեզ դաշնակացդ ի բաբախիւն.

Մեր խինդն ու տրտմութիւն

Վեհանա՜ն քեզմով, առնո՜ւն սրբութիւն…

(ծաղիկ Հանդէս, 1904)

 

11. ԵՐԳ ՈՂՋՈՒՆԻ

(Առ Վեհաշնորհ Տ. Տ. Սահակ կաթողիկոս Տանն Կիլիկիոյ)

 

Ողջո՜յն քեզ, Հոգեւոր Տէր,

Որ առ մեզ յայց ես ելեր.

Գալուստդ է մեզ շնորհաբեր.

Յայս համեստ յարկ խոնարհիս

Յաթոռոյդ ուր դու բազմիս.

Յամս յամայր կեցցե՜ս յաստիս։

 

Որդեգութ Հա՜յր դու Ազգին,

Թանկագին գոհար պսակին,

Աթոռոյդ փա՜ռքը անգին։

Կեցցե՜ս միշտ որ Աջոյդ տակ

Ժողովուրդք, սիրով անքակ,

Ապրի՛ն յար գոհ, ամրափակ։

 

Ոգի մ’ես թեւատարած

Հայցելու Երկից շնորհաց

Ձօնն հոգւոյդ քու զաւակաց.

Աչքերուդ ցօղ, քիրտ ճակտուդ

Կը հոսին ի նոցա գութ,

Յար ի սէր Եկեղեցւոյդ։

 

Մեծի Հօրդ եւ մեք որդիք,

Կը խնդրեմք քո վեհ օրհնիք

Յայս տըխեղծ մեր մատաղ տիք։

Օրհնէ՛, Տէր, որ զօրանան

Մեր քայլեր դէպ յապագայն.

Կեա՜ց յաւէրժ դու անսասան։

(Արեւ. Մամուլ, 1904)

 

12. ՁՕՆԵՐԳ
Առ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն Բարձրաշնորհ Տ. Տ. Մաղաքիա Ս. Արքեպ. Օրմանեան

 

Դո՛ւ ես, Տէ՛ր, Ազգին ընտրեա՜լը,

Որ նըմա կ’առաջնորդես.

Քեզ պահէ՛ Երկնից Բարձրեա՜լը

Որ ի լոյս զայն միշտ վարես.

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

Ո՜վ դու, Տէ՛ր, լեռներուն ծա՜յրը

Շողածագ արե՜ւն ես մեզ.

Մեր հոգւոց ջերմագութ հա՜յրը,

Քո սիրով մեզ կը տածես։

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

Ո՜վ, վեհիդ շնորհաբեր ա՜յցը

Կենսատու խրախոյս է մեզ.

Խըրատուդ հոգեսուն հա՜ցը

Լիառա՜տ մեզ կը ջամբես։

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

Զերդ Յիսուս, մեծ վարդապե՜տը,

Մանկըտին դու կը սիրես.

Ու, խոնարհ, խօսիս մեր հե՛տը,

Գգուալից աջ մեզ պարզես։

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

Երբ զըւարթ է վեհ քո դէ՜մքը,

Գոհունակ տեսնեմք ըզքեզ,

Ա՛յդ է մեր անուշակ վա՜րձքը,

Ազգն իսկ է որ ժպտի մեզ։

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

Կ’ընծայենք քեզ մեր հոգիքը,

Փոխարէն սիրոյդ առ մեզ.

Շնորհէ՛ մեզ քո սուրբ օրհնիքը.

Մեր սրտից իղձք միշտ առ Քե՜զ։

Հա՛յր, բի՜ւր կեցցես։

 

13. ԵՐԳ ԼՈՒՍՈՅ

Արեւ մըտաց, ո՜վ լոյսըդ դու կենսատու,

Քեզ խունկ կ’ընծայեն հոգիք մեր յաւէտ.

Անհուն բարեաց առատ աղբիւրն ես, ո՜հ, դու,

Մարդկութեան ուղւոյն դու ջա՜հ փրկաւէտ։

Առանց քեզի կո՜յր խարխափէ մարդն յերկրի,

Ու տիեզերքը քաոս մ’է մըթին.

Քօղածածուկ թաքչին իրաւն ու բարի,

Համայնից օրէնք քեզմով կը պարզին։

(Յանկերգ որ կը կրկնուի մեն մի տունէ յետոյ)։

Քեզ փա՜ռք, քե՜զ փա՜ռք, հոգւոց դու ղամպար,

Առանց որոյ արփին է խաւար.

Քեզ փա՜ռք, քեզ փա՝ռք, լո՜յս աստուածային,

Քեզմով հոգիք յանհունն հային։

Շողիցդ անձկաւ կ’ըղձայ մեր հոգին,

Ճառագայթիդ եմք մեք կաթոգին.

Թափէ՛ ի մեզ, լո՜յսդ իմանալի,

Թափէ՛ հոսա՛նքըդ կենսալի։

Մեզ ճշմարտին նոր նոր մարզեր մերկանաս,

Հրաշալեաց ի տես հոգիք մեր կ’ապշին.

Բարւոյն, Գեղոյն տեսիլքը վեհ ցոյց մեզ տաս.

Տենչ, հաճոյք անարգ ոտից տակ փշրին։

Կը մեծնամք մեք քանի շատնայ շողդ ի մեզ,

Աստուծոյ Բանին ցոլքն է յարաճուն.

Վըսեմ հեշտանք մըխըրճիլն է յար ի քեզ,

Լուսապսակ ճակատ փառքն է գերագոյն։

 

Դառն է լինլե կալանաւո՛րը Մութին,

Մտքին քան մարմնոյն ահեղ են կապանք.

Դարք ու աշխարհք այն հոգիին կը բացուին

Ոյր ինկան ձեռքէդ աչքին կեղեւանք։

Հանճար, վաստակ քեզմով արդեամբք են բեղուն,

Ծաղկալից պանծան ոստանն ու դաշտը.

Ազանց որ քեն պայծառութեամբդ ողողուն

Երկինք ու երկիր կը պճնեն բախտը։



[1]            Այսպէս կոչել մեր մէջ ի վաղուց պատշաճ դատած ենք մեր «պրոցական երգեր»ը, ըստ որում մեծաւ մասամբ դպրոցական տարւոյ զանազան հանդիսական առիթներուն պատշաճուած՝ իրենց յատուկ ժամանակներուն կ’երգուին ու երգուած են երկար ատենէ ի վեր, կրթութեան խանդը արծարծելով դպրոցական մատաղ սերունդներու սրտին մէջ։ Ոմանց եղանակներն եւրոպական են, այլոցն յօրինած են Վարժարանին երաժշտութեան Ուսուցիչք, նա մանաւանդ Աւետիս էֆէնտի Խորասանճեան