Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

12. ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

 

Ժամանակէ մ’ի վեր շատցած են քննադատութիւնները Կեդր. Վարչութեան Ուսումն. Խորհրդոյն դէմ թէ՛ ուղղակի տեղական ազգ. լրագրաց ոմանց կողմէ եւ թէ՛ գաւառական թղթակցութեանց մէջ։ Այս յարձակումները շատ անգամ ո՛չ միայն արդի Ուս. Խորհուրդը դրած են իրենց նպատակ, այլ ո՛ եւ է Ուս. Խորհուրդ, ընդհանուր դատապարտութեան մը մէջ պարուրելով իրարու յաջորդող բոլոր անցեալ ու ներկայ Խորհուրդները։

Վարչական մեքենային այդ անիւը սկիզբէն ի վեր անգործ մնացած կը համարին, կամ գրեթէ անգործ, կատարելով թէեւ շարժում մը, այլ օդին մէջ, ընդունայն, առանց ծառայելու իր նպատակին, առանց իրական ներգործութիւն մը յառաջ բերելու ազգային կրթական գործին մէջ։ Ու սկիզբէն ի վեր այդ մարմնոյն բոլոր կատարած գործը իբրեւ չեղեալ կը դատեն, ամէն ինչ նորէն սկսելու պէտքը կ’զգան եւ մերթ խորհուրդ կու տան ամէն յոյս վերցնել այդ մարմնոյն վրայէն եւ անձամբ անձին ճարը գտնել, ամէն թաղ ու գաւառ (եւ ինչո՞ւ նաեւ ո՛չ ամէն գիւղ ու թաղ մ»մէն մի գաւառի մէջ) իր ծրագիրն ինք յօրինելով իր կրթական պէտքերն ինք որոշելով եւ ինք սահմանելով առանձին անոնց գոհացման միջոցները։

Այս դատաստանք ի՛նչ աստիճանի իրաւացի ու բանաւոր են, ահա՛ ինչ որ կուզենք քննել հոս համառօտակի։

Ամենէն յառաջ անշուշտ պէ՛տք է հեռացնել կրթական բացարձակ ապակեդրոնացման մը գաղափարը, որ ամենէն զարգացեալ երկրին մէջ ալ գոյութիւն չունի եւ որ կրթական անիշխանութիւն մը պիտի նշանակէր։ Զուիցերիոյ մէջ, մէն մի նահանգ, իբրեւ առանձին անկախ մարմին, ինքն իր մէջ իր կրթական միութիւնն ունի, կեդրոնէն սահմանուած ծրագիրն ու կանոնագիրը եւ արտօնեալ ուսուցիչներ, եւ սակայն, ասով գոհ չըլլալով, ձգտում մը կայ, տակաւ զօրանալու վրայ, կրթական գործին աւելի կեդրոնացում տալու եւ Դաշնակցային ժողովին անոր միջամտելու իրաւունքները շատցնելու։ Աւելորդ է ըսել թէ Գաղիոյ, Ռուսիոյ եւ Գերմանիոյ մէջ կրթական կեդրոնացումը շատ մեծ է, եւ նոյնն ըրած է Օսմ. Կառավարութիւնն ալ իսլամ վարժարանաց համար, երկիրը բաժնած ըլլալով կրթական շրջանակներու եւ միօրինակ թրագրի ու կանոնի ենթարկած։ Ամենէն ապակեդրոնացականը այս մասին, Անգղիա ալ, տարիներէ ի վեր սկսած է Ժողովրդական վարժարանաց վրայ ո՛չեւ է կերպով հսկողութիւն մ’ի գործ դնել։

Ո՛ր եւ է կեդրոն, մեծ կամ փոքր շրջանակի, չի կրնար անտարբեր մնալ իր շուրջը դաստիարակութեան առած ընթացքին, վասն զի այդ ընթացքն իր հակազդեցութիւնն ունի ամբողջին ճակատագրին վրայ, եւ չի կրնար, առանց իր պարտուց թերանալու, բացարձակապէս ինքզինքնուն թողուլ ճիւղերն ու ճիւղակները։ Ի՛նչ որ ալ ըլլան այս վերջիններուն մասնաւոր պէտքերը, սա յայտնի է որ հասարակաց մեծ մաս մը կայ ամենուն կրթութեան պէտքերուն մէջ, նախ որ ամենուն կրթութիւնն ալ մարդկային է, եւ երկրորդ որ, իբրեւ միեւնոյն մասնաւոր ամբողջին պատկանեալ մասունք, դեռ այլ բազում ինչ ունին նոյն եւ հասարակաց։ Նոյնութիւն պահանջող մասերը սահմանել ի հարկէ կեդրոնին պարտքն ու իրաւունքը կը լինի, իբրեւ ընդհանուրին ներկայացուցիչ եւ հոգածու մարմին. ճիւղերն ալ իրաւունք կ’ունենան անշուշտ իրենց յատուկ պէտքերը որոշելու եւ իրենց թողուած գործելու ազատութեան շրջանակին մէջ զանոնք գոհացնել ջանալու, ի հարկին կեդրոնին իսկ օգնութեամբ։ Ըսե՛նք, սակայն, թէ այս մասնաւոր պէտքերը կարծուածին չափ բազմաթիւ չեն, մանաւանդ նախնական կրթութեան մասին որ մարդն ու քաղաքացին շինելու պաշտօնն ունի էապէս։

Ուրեմն անբանաւոր կը լինի քաջալերել ճիւղերը աղիկամի ընթանալու եւ մտաւոր ու բարոյական համերաշխութեան կապը խզելու իրենց մէջ, մերժելով կեդրոնին իրաւասութիւնը։ - Բայց պիտի պատասխանեն մեզ թէ ի՞նչ պէտք է ընել երբ կեդրոնը չկատարէ իւր պարտքը, եւ մեր կեդրոնը չի կատարեր իւր պարտքը։ Ահա՛ հոս է որ կը հասնինք մեր գրութեան առարկայ եղող բուն խնդրոյն։

***

Չենք խօսիր մասնաւորապէս արդի Ուսումն. Խորհրդոյ դէմ եղած դիտողութեանց մասին, վասն զի եղած քննադատութիւնք աւելի ընդհանուր հանգամանք մ’ունին, ինչպէս տեսանք, ու կը նկրտին հարուածել ո՛ր եւ իցէ Ուս. Խորհուրդ որ գոյութիւն ունեցած ըլլայ Պատրիարքարանի Օրինաց հաստատութենէն ի վեր։ Ոմանք կը հարհուածեն Ուս. Խորհուրդները իբրեւ թէ իրենց պակասութեամբ, անհոգութեամբ կամ ապիկարութեամբ, չեն ուզած կամ չեն կրցած օգտակար ըլլալ տոհմային կրթութեան ու բարւոքել վարժարանաց կացութիւնը, այլք անբուժելի կը գտնեն Ուս. Խորհրդոց սոյն տկարութիւնը, որ անոնց կազմութեան մէջն է եւ որ, չծնած իսկ, անոնց գործունէութիւնը ամլութեան կը դատապարտէ։

Ինքնայայտ է որ Ուս. Խորհուրդք, իբրեւ կրօնական իշխանութեան մը յարակից պաշտօնէութիւն, կը պակասին այն ուժէն ու ազգ»դեցութենէն զոր նմանօրինակ պաշտօնով մարմիններ կը վայելեն այլուր։ Արդ այս պարագայ բացառիկ կացութեան մը մէջ կը դնէ մեր կեդրոնական եւ նոյն իսկ գաւառական Ուս. Խորհուրդները հանդէպ այն վարժարանաց ու անոնց հսկող մարմնոց որք ըստ օրինի ենթարկուած կը համարուին իրենց իրաւասութեան, իրենց որոշումները զրկելով ազդու վաւերացումէ եւ նուազեցնելով իրենց հարկեցուցիչ կարողութիւնը։ Այս տկարութիւն արդէն մեր ամէն մարմիններունն ալ է քիչ շատ եւ Ուս. Խորհրդինն ըլլալէ առաջ՝ անոր ծնունդ տուող ազգային իշխանութեանն է որ էապէս բարոյական ու հայրական է։ Այս գիտնալով, բնականաբար քննադատութիւնը կ’անիրաւի ո՛ր եւ է Ուս. Խորհդոյ դէմ, երբ անկէ կը պահանջէ այնպիսի արագ արդիւնք, այնպիսի ազդեցիկ տնօրինութիւններ, անմիջական փոփոխութիւն իրաց վիճակի որոց համար անոր տրամադրութեան տակ գտնուած միջոցներէն տարբեր միջոցներ հարկաւոր պիտի ըլլային։ Սակայն պէտք է խոստովանիլ նաեւ որ, իր սահմանին մէջ, տակաւին Ուս. Խորհուրդ մը, որ իր պարտուց գիտակցութիւնն ունի եւ պահանջուած ձեռնհասութիւնը, կարող է շատ արդիւնաւոր դեր մը կըատարել, բա՛ւ է որ Ազգն ալ իր կողմէն յարգել գիտնայ իր օրինաւոր իշխանութիւնները եւ յառաջդիմելու անկեղծ ու գործօն իղձ մ’ունենայ։

Կարելի՞ է ըսել արդարութեամբ թէ եկող գացող Ուսումն. Խորհուրդներ բնա՛ւ ո՛ եւ է արդիւնք չեն գոյացուցած, բնա՛ւ զարկ մը չեն տուած դաստիարակութեան գործին եւ թէ անոնց ջանից հետեւանքն եղող ո՛ր եւ է բարւոքում չի տեսնուիր մեր Վարժարանաց մէջ։ Կարծեմ թէ չէ կարելի, եթէ քիչ շատ գիտենք մտադրութեամբ եւ անկողմնակալ ոգւով քննել կրթական գործին բարեշրջական ընթացքը մեր մէջ։

Անցեալներս թղթակից մը գաւառէն կը գրէր օրաթերթի մը մէջ թէ Ուսումն. Խորհուրդք սկիզբէն ի վեր կատարեալ անտարբերութիւն մը ցոյց տուած են գաւառաց կրթական վիճակին նկատմամբ, երբեք անոր տեղեկանալ իսկ փոյթ չընելով։ «Գացէք, կը գոչէր վստահութեամբ, բացէք Ուսումն. Խորհրդոյ դիւանատան դարակները, թղթի կտոր մ’իսկ չպիտի գտնէք անոնց մէջ, հին կամ նոր, որ գաւառաց կրթական կացութեան նկատմամբ ծանօթութիւն մը պարունակէ»։ Իրողութիւնն այն է որ ահագին կոյտ մը կայ այդ դարակներուն մէջ այդ տեսակ թղթերու, տեղեկագրերու, խնդրուած կամ հաղորդուած այլ եւ այլ առիթներով, ի մէջ այլոց՝ այն մանրամասն ընդարձակ տեղեկութիւնները որք շատ մը կողմերէ ղրկուեցան ի պատասխանի 1883-84ի Ուսումն. Խորհրդոյն Հարցարանին, որ «նշանաւոր» կոչուեցաւ ժամանակին թերթերուն մէջ։ Մեր ազգ. պաշտօնական մարմնոց գործունէութեան վրայ մեր դատաստանք ընդհանրապէս ասոր կը նմանին. խղճամիտ հետազօտութեան բացակայութիւն, բացարձակ ուրացմու անցեալին, եղածին. անտեսում աչքի առջեւ տեղի ունեցածներուն, որպէս զի մենք մեզի տանք դիւրին գոհացումը քննադատելու, քննադատելու, անխնա՛յ եւ միշտ քննադատելու։

Կը քննադատենք երբ պակաս մը կը տեսնենք։ Այս մասին ոչ ոք մեղադրելի է, գէթ հիման մէջ. բայց եկո՛ւ տես որ կը քննադատենք երբ կ’առաջարկուի այդ պակասը լեցնել, եւ կը քննադատենք նաեւ երբ կը լեցուի այդ պակասը։ Ժամանակաւ Ուսումն. Խորհուրդ մը չարաչար քննադատուեցաւ, վասն զի կ’ուզէր փութացնել կեդրոնական վարժարանի հաստատութիւնը։ «Մեզի նախակրթարաններ պէտք են, գրեց թերթ մը, եւ ոչ երկրորդական վարժարան. հիմը չդրած՝ շէնքին վերի մասերը չեն կրնար շինուիլ»։… Կրթական ընդհանուր կազմակերպութիւն մը տրամադրող կանոնադրութեան մը պակասը կ’ողբացուէր. այդպիսի պէտք մը լրացնելու համար հանգուցեալ Իբէքճեանին, որ միանգամայն կրթական տեսուչ էր, 20 ոսկի ամսական կը վճարուէր, որպէս զի ծրագիր մը խմբագրէ առ այդ։ Ալ եւ այլ փորձերէ յետոյ, տարիներ վերջը, օր մը մեր նախակրթարանաց համար բաղձացեալ կանոնագիրը, մանկավարժական սկզբանց ու մեր վիճակին ըստ կարելւոյն յարմար կերպով յօրինուած, երեւան եկաւ իբրեւ կրթական օրէնք, Ազգային վարչութեան Խառն Ժողովէն վաւերացուած։ Ահա՛ դժգոհ պարը կ’սկսի նորէն. «Մեզի կանոն պէտք չէ, այլ ուսուցի՛չ, ուսուցի՛չ», իբր թէ գտնուէր երկրի վրայ ազգ մը որ կրթական օրէնք չունենար, հետեւելի ուղղութիւնը ու լրանալի թերիները մատնանիշ ընող եւ պահանջող, եւ իբր թէ նոյն իսկ անկէ յառաջ իրենք չըլլային կրթական գործին մէջ տիրող անկարգ ու քմահաճ ընթացքին ի դարման կանոն խնդրողները։ Օր մը Ուսումն. Խորհուրդ մը նախաձեռնութիւնը ունեցաւ վարժապետական ժողովներ գումարելու կամ վերահաստատելու ինչ որ տարիներ առաջ արդէն մի անգամ տեղի ունեցած էր, ու դոքա գումարուեցան մէկ քանի տարիներ իրարու վրայ։ Քանիցս, երբ խօսք ըլլար, կ’զմայլէին շատեր իրենց կրթական յօդուածներուն մէջ Եւրոպական այդպիսի սովորութեանց վրայ ու կ’աւաղէին որ կը պակսէր մեր ուսուցչաց համար նմանօրինակ միջոց մը կարծեաց փոխանակութեան, որ ո՛ եւ է պարագայի մէջ չէր կրնար օգտակարութենէ զուրկ մնալ։ Եւ ահա՛ երբ բախտը կ’ունենայինք այդ միջոցն ի ձեռին ունենալու, մօտհէն հեռուէն քննադատութեան ձայներ բարձրացան։ Ի՞նչ օգուտ ատկէց. ուսուցիչք ի՞նչ միջոց կամ ոյժ ունէին իրենց որոշումները գործադրել տալու որք վերջապէս օէդին մէջ պիտի մնային, եւ այլն. մինչդեռ շատ լաւ գիտէինք թէ Եւրոպական նման ժողովներն ալ ուրիշ բան չէին կրնար ընել բայց եթէ իղձ բանաձեւել իբրեւ եզրակացութիւն իրենց խորհդակցութեանց, եւ մինչդեռ շատ լաւ ալ կարող էինք խորհիլ որ արդէն նոյն իսկ այդ խորհրդակցութեանց մէջ կը կայանար էապէս այդ ժողովներուն օգտակարութիւնը։ Նոյն Ուսումն. Խորհուրդը մանկավարժական թերթի մ’ալ հրատարակութեան խորհուրհդն յղացաւ եւ միջոցներու ներած սահմանին մէջ գործադրեց իր Ատենապետին խմբմագրապետութեամբ։ Նախափորձ մ’էր այդ վերջապէս, անտարակոյս գովելի եւ խրախուսելի։ Առաջին օրէն կարեւորութիւն ունեցող թերթ մը քննադատեց զայն, բայց գիտէ՞ք կամ կը յիշէ՞ք ի՛նչ առարկելով. ո՛չ թէ անոր մանկավարժական ուղղութիւնը կամ երեւան բերած սկզբունքները, ո՛չ թէ անոր մէջ գրողներու ձեռնհասութեան պակասութիւնը, ո՛չ. այլ… վասն զի լեզուն ժողովրդական կամ չափազանց աշխարհաբարեան չէր, այս ինչ յօդուածին ոճը ակադեմական էր, եւ այլն։ Արդէն գիտէք թէ մեր մէջ հիմայ, ու այդ ժամանակէն ի վեր, ամէն հրատարակութեանց արժէքը միայն մէկ բանէ կախում ունի. լեզուին աւելի կամ նուազ աշխարհաբարեան ըլլալէն։ Այս է մեր խեղճ գրադատութեան, մեր էսթէդիքին ալ միակ կանոնն ու չափը։

Չերկարենք խօսքերնիս։ Արդի Ուումն. Խորհուրդը իր նախորդին կողմէն պատրաստուած «Նախնական կրթութեան ծրագիր»ը հրապարակ հանեց, Ազգ. Վարչութենէն վաւերացուած, եւ ի գործադրութիւն հաղորդեց գաւառաց Ուսումնական եւ Մայրաքաղաքիս Թաղական խորհրդոց։ Ի՞նչ ընդունելութիւն եղաւ այս երեւոյթին, որ, պէտք է խոստովանիլ, նոր էր մեզ համար, - ու գործին կարեւորութիւնն՝ անժխտելի, - վասնզի առաջին անգամն էր որ Թուրքիոյ հայերը կ’ունենային նախակրթական ուսմանց եւ հրահանգաց բախշումն ու յառաջատութիւնը սահմանող, եւ վերջապէս իր մանրամասնութեամբք ու թելադրած եղանակներով լուսատու առաջնորդ մ’ըլլալու յատկացած ո՛չ միայն ուսուցչին, այլ եւ դասագրոց ապագայ հեղինակներուն։ Դժբախտաբար ո՛չ մէկ լուրջ ու ամբողջական գնահատութիւն երեւցաւ, ո՛չ մէկ անկեղծ յանձնարարութիւն տեղի ունեցաւ մամլոյ կողմանէ որոց որ անկ է, որպէս զի ջանք ըլլայ մտնելու վերջապէս բանաւոր ու ամբողջական կրթութեան ճամբուն մէջ որուն կ’առաջնորդէր այս նախագիծ։ Դարձեալ մեր հինաւուրց մեթոտը սուտ խուլ ըլլալու, անտարբերութեան, արհամարհանքի եւ ո՛չ շատ ազնիւ հնարքներ գտնելու՝ ուրանալու համար արդիւնարար վաստակը եւ ձեռնհաս գնահատութեան անկարողութիւնը կամ չկամութիւնը ծածկելու՝ քաշքշուք եւ օտարոտի առարկութեանց տակ։ Առանց դրապէս բան մը ցոյց տալու, եւ յաճախ չկարդացած չսերտած իսկ, եղան գրողներ. «Թերութիւններ կան, կը հրաւիրնեք որ ամէն մարդ ցոյց տայ զանոնք, որ ամէն մարդ սրբագրէ ըստ իւր կարծեաց կամ ըստ տեղական պատշաճութեանց, որպէս զի լաւագոյնը, ամենալաւը ու լիակատարը ունենանք»։ Է՜հ, հերիք է որ հասարակութեան միտքը գայթակղի, եւ թո՛ղ գոյանալի օգուտն ալ կորսուի, եթէ մեր անձնասիրութիւնը պիտի ստիպուի արժանիք կամ արդիւնք մը վերագրելու այս կամ այն անձին կամ անձերուն։

Կը ցաւիմ որ չեմ կարող տարբեր կերպով մեկնել մեր քննադատելու եղանակները, գէթ մեծ մասամբ, վասն զի կ’ընդունիմ որ պարզ անհասկացութիւնն ալ իր բաժինն ունի ձախող դիտողութեանց մէջ։ Ուսումն. Խորհուրդները շարունակ քննադատելու տեղ, քիչ մ’ալ պէտք չէ՞ որ ժողովրդեան, գաւառական եւ թաղային վարչութեանց հրաւէր կարդանք որ իրենք ալ իրենց բարեացակամ ջանքերով սատարեն Ուսումն. Խորհրդին եւ անոր ակամայ տկարութեան թերին լնուն իրենց ինքնայօժար օրինասիրութեամբ եւ համակերպութեամբ։ Մեր կրթարանաց բարեկարգութեան գործին դանդաղ ընթացքը, չէ՛, չէ՛ կարելի վերագրել պարզապէս Ուումն. Խորհրդոց անձեռնհասութեան կամ եռանդի պակասութեան։ Ամէն բարի տրամադրութիւններով ու կարողութեամբ ալ կրնան չյաջողիլ, կամ գէթ այնքան շուտորքան փափաքելի է, երբ իրենցմէ վեր եւ իրենց շուրջը, մօտն ու հեռուն, գտնուած մարմինք չաջակցին իրենց, երբ մանաւանդ ուսուցիչք եւ վարժարանական հոգաբարձութիւնք պատուիրուած բարեփոխութեանց կարեւորութիւնը չուզեն կամ չկարենան ըմբռնել եւ զայնս ի գործ դնելու անկեղծ ու անձնուէր փոյթը չունենան։ Յառաջդիմութիւնը ամենուրեք համերաշխ ու միաբան ջանքերու արդիւնք է, եւ երբ վարչութիւն կ’ըսենք ու անկէ կամ անոր մէկ ճիւղէն բան մը կ’սպասենք, անշուիշտ պէտք է իմանալ ազգին ամբողջ վարչական մեքենային ի միասին, կեդրոնին թէ գաւառներուն, որոյ ամէն անիւներուն ալ գործակցութիւնն հարկաւոր է՝ որպէս զի որ եւ է մէկ ճիւղ անգամ կատարեալ արդիւնաւորութեամբ իր դերը լեցնել կարենայ։ Ուստի, երբ խնդիր է դատել այս կամ այն ճիւղին գործունէութիւնը յառաջացեալ արդեանց տեսակէտով, պէտք է որ արդար ըլլանք մեր դատաստանաց մէջ եւ անոծր կամքէն անկախաբար տեղի ունեցած թերութիւններն ու բարւոքմանց յապաղումները միայն անոր վրայ չբեռնաւորենք։ Ասիկա քննադատութեան շատ լաւ տեսակը չ’ըլլար, որ եթէ բարութեան պակասութիւն չյայտնէ՝ անպատճառ պիտի յայտնէ մերթ հապճեպով եւ մերթ անգիտակցօրէն դատելու սովորութիւն։

Չեղածը պահանջելէ առաջ կամ գէթ պահանջելուն հետ ի միասին ինչո՛ւ չենք ուզեր եղածը տեսնել ու գնահատել, գործողը քաջալերել ու գործադրողներն ալ յորդորել արդիւնաւորելու։ Ըսել կ’ուզեմ, անշուշտ է թէ կրթական գործին մէջ դեռ շատ քայլեր կը մնան մեզ առնելու, շատ պէտքեր գոհացնելու, նոյն իսկ շատ բաներու հիմը ձգելու, բայց արդէն դաստիարակութեան բանաւոր ուղղութիւն մը եւ կրթութեան որոշ յատակագիծ մը հաստատած ըլլալ քի՞չ բան է ու դիւրի՞ն ալ բան եղած է։ Եթէ ինքնին չի նշանակեր կրթական իրացեալ բարեկարգութիւն, գէթ առաջին քայլը չէ՞ այդ։ Երբ ո՛ր եւ է կրթական հեղինակութիւն ուզէ բարեփոխումներ մտցնել կրթական հաստատեալ վիճակի մը մէջ, չէ՞ մի որ կրթական օրէնք ու ծրագրեր ըստ պատշաճի բարրեփոխելով կամ հաստատելով կ’սկսի։ Նոյնն եղաւ վերջին մէկ քանի Ուսումն. Խորհրդոց օրով, հաստատմամբ Կազմական Կանոնագրին եւ Նախնական կրթութեան Ծրագրին։ Ուսումն. Խորհուդրը, իբրեւ տոհմային կրթութեան հսկող ու առաջնորդող մարմին, գէթ մեծ մասամբ իր պարտքը կատարած կ’ըլլայ, երբ կը ջանայ կարելի լաւագոյն ուղղութիւնը գծել անոր առջեւ եւ գործադիր մարմնոց մատնանիշ ընել։ Այդ գործ կրնայ իր թերութիթիւններն ունենալ. ո՞ր մարդկային գործ զերծ է թերութենէ. սա յայտնի է որ, նոյն իսկ պակասներն ու անյարմարները տեսնելու համար, գործադրել պէտք է։ Լաւագոյնն ունենալէ առաջ լաւն ունենալու է, մանաւանդ երբ ինչ որ ունէինք՝ յոռին էր միայն։ - Ուսուցչական ընտրելեաց համար պատրաստուած եւ մէկ քանի տարիներէ ի վեր գործադրութեան դրուած Հրահանգն ալ, պէտք չէ ուրանալ, առնուած կարեւոր քայլ մ’է։ Բերանացի, գրաւոր եւ գործնական փորձերու կանխորոշ բրոկրամ մը ապագայ ուսուցչին ուղղութիւն մը ցոյց կու տայ՝ ըստ այնմ պատրաստուելու համար իր ընտրած դասակարգին համեմատ, վասն զի ուսուցչութեան զանազան կարգերն ալ, ըստ Կազմական Կանոնագրի եւ Հրահանգին, այժմ որոշ կերպով ճշդուած են։ Եւ քննութիւնիք կատարուելով ձեռնհաս անձերէ կազմուած յատուկ Յանձնաժողովի ձեռքով՝ կը ներկայացնեն աւելի երաշխ ընտրելոց արժանաւորութեան։ Իրաց այս վիճակին գերազանց առաւելութիւնն յայտնի է, երբ բաղդատենք հին դրութեան հետ ուր ո՛ր եւ իցէ ժամանակ մէկը կրնար ներկայանալ Ուսումն. Խորհրդոյ ո՛ր եւ է մէկ նստին եւ ներկայ եղող անդամոց առջեւ՝ որոնց մէջ յաճախ ընտրելիին յաւակնած ճիւղին մէկ մասնագէտ իսկ չէր գտնուէր՝ վեր ի վերոյ քննութեամբ կ’ստանար ուսուցչի վկայական։ Գիտենք որ Հրահանգը այս կերպով ստացեալ հինվկայականաց իսկ վերաքննութիւն տնօրինած է։ Թողո՛ւնք որ կար ժամանակ ուր բոլորովին առանց վկայականի էր ուսուցչաց մեծամասնութիւնը։ Վարժապետանոց մ’ունենալ եւ պահանջել որ Դաստիարակ-Ուսուցչութեան ընտրելին շրջանաւարտ մ’ըլլայ այդ դպրոցին, անշուշտ լաւագոյն պայման մ’է զոր կը յուսանք օր մը կարենալ յաւելուլ այդ Հրահանգին, բայց յառաջդիմութիւնը քայլ առ քայլ կ’ըլլայ, ու ներկայ վիճակին մէջ Հրահանգին պահանջմունք գէթ մանկավարժական ինքնակրթութեան մը, իր պաշտօնին լրջագոյն պատրաստութեան մը կը պարտաւորեն ընտրելին։ Ըսե՛նք նաեւ որ մի քանի տարիներէ ի վեր Կազմական Կանոնագրի տրամադրութեան համեմատ կատարուած նախնական կրթութեան շրջանաւարտներու կեդրոնացեալ քննութիւնք ինքնի լաւագոյն ու լրջագոյն արդիւնքներու պարտաւորող բնութիւն ունին. վասն զի, առանց աղմուկի ու սաստի, լոկ կերպին ազդեցութեամբ, Հոգաբարձութեանց քմահաճ ընթացքը կը չափաւորեն եւ կ’ստիպեն Կրթական Ծրագրին հետեւող ըլլալու, - եւ իրենց ընծայած առաւելութիւնք կը բազմապատկին անտարակոյս, եթէ նաեւ գաւառական շրջանակաց մէջ նոյն դրութեան գործադրութեան հոգ տարուի, ինչպէս Կանոնը կը տրամադրէ։ - Հոս կը յիշեմ հաճոյքով կարդացած ըլլալ Տիգրան Արփիարեանի մէջկ գեղեցիկ Քրոնիկը, յորում ազնիւ հրապարակագիրը սրտագին համակրութեամբ կը նկարագրէր Ղալաթիոյ վարժարանին սրահներուն մէջ այս երկու քննիչ Յանձնաժողովոց տարեկամ նիստերուն առթիւ տեսնուած գրաւիչ եւ յուսալից ոգեւորութիւնը. արդարեւ բացառիկ երեւոյթ մը մեր մամլոյն մէջ։

Վերջին տարիներուս մէջ հաստատուած բոլոր այս նոր կարգերն ու կանոնները, վարժապետական ժողովներն ու մանկավարժական հրատարակութիւնները արդէն զգալի բարեշրջում մը յառաջ բերած են մեր կրթական հայեացքներուն ու գործանականին մէջ։ Կազմական Կանոնագրի պահանջած գասընթացքները կազմակերպուած են, թէ՛ Պոլսոյ թէ՛ գաւառի մէջ, ոչ սակաւ տեղեր, եւ Կրթական Ծրագրին ըստ կարի մօտէն հետեւողութիւն ի գործ դնելու ջանքն ակներեւ է։ Յայտնի կը տեսնուի նաեւ վերջին տարիներուն մէջ հրատարակուած դասագրքերուն կրած բարեփոխութիւնը, որոց հեղինակները հիմայ որոշ կերպով այս կամ այն տարիքն ունեցող տղայոց, այս կամ այն դասընթացքին կը սահմանեն ու կը պատշաճեն իրենց գործերը, եւ իրենց յառաջաբաններուն մէջ կը յիշեն իրենց խնամքը՝ հաստատուած դպրոցական կարգադրութեանց զայնս համապատասխան ընելու։ Այս ալ ցոյց կու տայ արդէն մեր Ուսուցչական մարմնոյն մէջ բարեշրջման նշանակելի աստիճան մը։ Գոհութեան արժանի է նաեւ տեսնել որ արդի Պատ. Ուսումն. խորհուրդն ալ գովելի եւ անժխտելի իղձն ունի կանոնադրեալ դպրոցական բարեկարգութեանց գործնականացումը տակաւ ընդհանրացնելու եւ իր հրահանգներով չէ դարդարծ ոյժ եւ մղում տալէ անոր։ Աներկբա՛յ իր իղձն ու ջանք գործնական աւելի արդիւնք կ’ստնային, եթէ աւելի զօրաւիգ գտնէր թէ՛ վարչական շրջականաց եւ թէ՛ լրագրական մամլոյն կողմանէ։

Ո՛չ, եղբարք, ո՛չ. ամէն բան ջուրին չտանք, ամէն բան սեւ չտեսնենք, չափ եւ կշիռ ունենանք մեր դատողութեանց մէջ, մանաւանդ արդարասէր ըլլանք, ու քննադատելու, չհաւնելու մարմաջը, որ ազգային մոլութիւն մը դառնալու վրայ է, որ մեր կարողութիւններ կը չէզոքացնէ, թո՛ղ չտանի զմեզ ամէն արդիւնք ու վաստակ ուրանալու։ Աշխատողներ ունենալու եւ աստիճանական յառաջդիմութիւն մը տակաւ իրագործել կարենալու լաւագոյն եղանակը չէ այդ, ընդհակառակն լքում, վհատութիւն, տարտամութիւն, ու մինչեւ իսկ յետադիմութիւն յառաջ կը բերէ անվրէպ։ Իրաւասութիւն եւ ձեռնհասութիւն յարգելի՛ ըլլան մեզ, գնահատ՛նք օգտակար աշխատութիւնները, որքան ալ խոնարհ ըլլան անոնք, ու դէպ յառաջ առնուած քայլի մ’արժէքը ճանչնանք։ Այդ պայմանաւ կրնան աշխատութիւնք բարդուիլ աշխատութեանց վրայ ու քայլը քայլին յաջորդելով՝ զգալի յառաջացում մը գոյացնելով։ Միշտ շինուածը մեր ձեռքով քակելով՝ Պենելոպէի կտաւին կը դարձնենք սա դպրոցական բարեկարգութն գործը, որ միշտ եղած տեղը կը մնայ, կամ թէ անհունապէս ծանր կը յառաջանայ։ Այլոց բարեգործ ջանքերը ոչնչացնելու տեղ՝ անոնց կցենք բարեսէր ոգւով մերինները, ու անոնց տկարութիւնը զօրացնենք մեր ուժերուն նպաստով։ Չհասկցուի թէ բարեմիտ հիացող մ’եմ մեր կրթական վիճակին. ես իսկ դեռ անցեալներս մատնանիշ ըրի մեր նախնական կրթութեան մեծ թերին, - դաստիարակ-ուսուցիչով դասարաններու ընդհանրապէս պակասութիւնը. բայց պաշտօնապէս ալ ընդունուած ու օրինադրուած առողջ ու բեղմնաւոր սկզբունքներուն գործադրութիւնը կը պահանջէի։ Թո՛ղ այս շինիչ պահանջման մէջ ամէնքն ալ միանն, ամէն անոնք որք ձայն մը եւ ազդեցութիւն մ’ունին հրապարակի վրայ, եւ որք նաեւ մի եւ նոյն ատեն բարոյկան մեծ պատասխանատուութիւն մ’ունին. թո՛ղ ամէն գործօն դեր ունեցող մարմին կամ անհատ ալ այդ պահանջման գոհացում տալ աշխատի իր կարողութեան չափով։ Դաստիարակութեան խնդիրը նուիրական ու կենսական է, որուն հետ ներելի չէ թեթեւութեամբ կամ անտարբերութեամբ վարուիլ. անհամբերութեամբ ալ կրնանք վնաս տալ անոր։ Յարատեւող, համբերատար, լուրջ, աննախնձ, անկեղծօրէն լաւատենչ ու զոհաբեր ոգիով կարելի է բաղձալի լուծումը տալ անոր։

(Արեւելք, 1899, Թիւ 3915, 3916։)