Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ԴԱՍՏԻԱՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Պարբերաբար Արեւելքի առաջին էջին մէջ կը տեսնուին խմբագրական յօդուածներ տոհմային կրթութեան վրայ, ինչպէս անցեալ օր ալ հրատարակուած էր յօդուած մը «Գործ կայ, գործող չկայ» վերնագրոյն տակ։ Այս խմբագրականք ընդհանրապէս կծու քննադատոտւթիւնք են ազգային, անշուշտ հանրային ու մասնաւոր, վարժարանաց ուղղութեան դէմ զոր հեղինակը, այդ յօդուածոց չի գտներ բաւական գործնական, բաւական դարական, բաւական կարող ուսանողին հացն ապահովելու։ Հեղինակը կը կարծէ թէ մեր վարժարանց մէջ աւանդուած կրթութիւնը առաւել կամ նուազ գրական է, եւ այդ գրական կրթութիւնը կը համարի յարմարագոյն հովկուլներու եւ անօթիներու թիւը շատցնելու։ Անգամ մը գրած էր թէ հայերէնի ուսումը զարդ մ’է լոկ եւ առ առաւելն անոնց միայն պիտանի որք կա՛մ եկեղեցական կա՛մ վարժապետ լինելու սահմանուած են՝ չկրնալով առաւել ինչ լինել։ Այս անգամ ալ դառն բողոք մը կը բառնայ. Ի զուր կը վատնուին, կ’ըսէ, մեր Պոլսոյ վարժարանաց համար ամսէ ամիս հազարաւոր ոսկիներ. շրջանաւարտք անգործ կը մնանա, քանզի կանոնաւորապէս չեն ուսած ո՛չ վաճառատան տումար մը բռնել եւ ո՛չ առեւտրական նամակ մը գրել գաղիերէն։ Պատճա՞ռ. - վասնզի գրական ուսմունք, առաւել հրապուրիչ աշակերտին համար, կը գրաւեն անոր ուշն ու ժամանակը, եւ կ’արգելուն զնա զբաղելէ թիւերով եւ առեւտրական լեզուի յատուկ տարազներով։ Իր եզրակացութիւնն է անշուշտ վտարել դպրութիւնքը դպրոցներէ եւ տեղը դնել միայն եւ միայն թուաբանութիւնը, տոմարակալութիւնը, վաճառականական թղթակցութիւնը, որպէս զի ուսանողն՝ ի վերջ իւր ընթացից՝ բախտն ունենայ յաջողութեամբ ողջունելու վաճառականի մը գրասենեկին դուռը զոր ան տարակոյս նորա համար Էլտորատոյի մը մուտքը կը համարի։ Այն ատեն, ըս Պատ. օդուածագրին, մեր վարժարանք կը դադրին ամուլ վաճակ մ’ունենալէ եւ կ’արտադրեն սերունդ մը ճշմարտապէս օգտակար եւ կարող։

Գոհ եմք որ նոյն իսկ Արեւելքի մէջ Գրիգոր Զօհրապ զայրոյթի աղաղակ մ’արձակեց այս չափազանց անձուկ տեսութեանց դէմ։ «Ո՛չ, դպրոց չեն երթար տղաք, կը գոչէ, որպէս զի ստակ շահելու ճամբան սովրին. ո՛չ, այդ շահամոլ ոգին չպիտի առաջնորդէ երբեք Հայ մանկտւոյն. տղան պիտի երթայ հոն նախ, նա՛խ մարդու ու քաղաքացւոյ գիտելիքը սովրելու»։ Եւ պայծառ ու ողջադատ մտքով եւ ազնիւ զգացումով մը կը ճշդէ կրթութեան նպատակը եւ կը պահանջէ որ չշփոթուի այն ո՛ր եւ է բանի հետ որ չէ այն։ «Ուսումը, կ’ըսէ, կը սովրուի բարոյական եւ մտաւորական զարգացման համար, եւ ո՛չ դրամ շահելու», ու կը յարէ. «Դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնն արհեստի հետ պէտք չէ շփոթել. մին կրնայ ծառայել միւսին։ Բայց նպատակները տարբեր, բոլորովին տարբեր պիտի մն ան»։

Կրթական խնդրոց վիճաբանութեան մէջ անտարակոյս հիմնական կէտն է որոշել կրթութեան բուն նպատակը. ցորչափ լաւ չըմբռնեմք զայս, միշտ պիտի մոլորիմք մեր դատաստանաց մէջ եւ պիտի մոլորեցնեմք հասարակաց դատաստանն ալ զոր ուղղել եւ լուսաւորել է հրապարակագրին պաշտօնը։ Այդ նպատակն, որպէս քաջ կը սահմանէ Գրիգոր Զօհրապ, անտարակոյս բարի մարդ ու բարի ք աղաքացի պատրաստելն է, կամ, աւելի համառօտ ըսելով, բուն մարդեր պատրաստելն է։ Այլն ամենայն երկրորդական է դաստիարակութեան մէջ։

Երբ դպրոցները կատարեալ մարդ ընեն մեր տղայքը, ա՛լ նոքա կարող են իրենց կեանքը պահպանելու եւ զարգացնելու միջոցները գտնել եւ իւրացնել անջան։ Այս ուղղութեամբ, այս տեսակէտով պարտիմք քննել մեր դաստիարակութեան վիճակը, հետազօտել նորա թերութիւնները։ Մարդն ունի բարոյական, մտաւտորական ու ֆիզիքական կարողութիւննենր, դաստիարակութեան նպատակը պէտք է լինի զարգացնել այս կարողութիւնքն ներդաշնակ կերպով. կարող ընել զմարդկային էակը, ուղիղ խորհելու, լաւն ու ազնիւը սիրելու, բարին գործելու։ Ամէն իմաստասէրք եւ մեծ մանկավարժք համամիտ են մեզ եւ միշտ շա՛տ աւելի բարձր դրած են դաստիարակութեան նպատակը քան Արեւելքի կարի դրական խմբագիրը։ Արդարեւ ամէն բան չի կրնար վերածուիլ պատառ մը հաց ուտել կարենալու այս աշխարհի վրայ. մարդն անասուն մը չէ որ նորա համար բաւական ըլլայ կտոր մը խոտը կամ կտոր մ’ոսկորը։ Ո՛չ կուշտը բոլորովին երջանիկ է, եւ ո՛չ նօթին հարկաւորապէս թշուառ։ Մարդն այնպիսի էակ է որ կարող է կամաւ ինքզինք նօթութեան դատապարտել, եւ կեանքն իսկ՝ եթէ ուզէ՝ կրնայ վերցնել իրմէ։ Կեանքը բարոյական նպատակ մ’ունի մանաւանդ, եւ այն կրթութիւն որ չի տար մանկան այդ նպատակին ձգտելու կարողութիւն կամ չի զարգացներ բնութենէն նորա մէջ դրուած կարողութիւնքն յայն ձգտելու համար, իւր նպատակէն վրիպեալ կրթութիւն մ’է։ Հերպերդ Սբէնսէր իսկ, գրականասէր փիլիսոփայ, կ’ըսէ. «ի՞նչպէս ապրիլ կատարեալ կեանքով ահա՛ ինչ որ ամէն բանէ վեր կարեւոր է մեզ գիտնալ, եւ ինչ որ դաստիարակութիւն պարտի ուսուցանել մեզ։ Դաստիարակութեան նպատակն է պատրաստել զմեզ ապրելու կատարեալ կեանքով»։ Կատարեալ կեանքով ապրելո՞ւ կը պատրաստեմք մեր տղաքը, երբ մեր բոլոր կրթական ջանքերն ամփոփեմք ուսուցանելու մէջ նոցա միայն ինչ որ կը ներէ նոցա ամիսը քանի մը հարիւր դահեկան շահիլ, գրագրութիւն մը կամ արհեստ մը, զի զուտ արհեստական կրթութիւնն ալ ոչ նուազ պաշտպաններ ունի մեր մէջ։ Նոյն իսկ վայելման տեսակէտով դատելով, մարդոյն համար լոկ մարմնական ախորժակներու գոհացման մէջ չի կայանար վայելքը. նա՛ զգացումներովը, սրտովը կը վայելէ, նա իմացականութեամբը կը վայելէ մանաւանդ։ Կրթութիւն մը որ լոկ ապրուստի միջոց մը հայթայթէ նմա՝ չ’ապահովեր նորա երջանկութիւնը եւ կը զրկէ զայն ընդհակառակը, այնպիսի հաճոյքներէ որք ամենէն աւելի կը վայլեն մարդուն։ Ամէն մարդու իղձն է հասնիլ իւր բնութեան բովանդակ զարգացման, ըլլալ բոլոր այն ինչ որ կը ներեն իրեն ըլլալ իւր ձիրքերն ու բնատուր կարողութիւնք։ Դաստիարակութիւնը պարտի նպաստել մէն մի անհատի այդ վերելքին մէջ։ «Դաստիարակութիւնը պարտի ի լոյս բերել անհատին իտէալը. «ըսած է Ժ. Ռիխդէր։ Արդ կարի գետնաքարշ ու սակաւապէտ կրթութիւն մը կ’արգելու ան հատը դիմելէ իր տեսլականին։ Կրնայ առարկուիլ թէ զարգացեալ կրթութիւն մը միայն այն անձանց տրուելու է որք սահմանեալ են բարձր պաշտօններ վարելու։ Բայց ո՞վ սահմանել է բարձր պաշտօններ վարելու. նա՛ որ զարգացեալ կրթութիւն է ստացեր. ուրեմն եւ ամենէ յետին աղքատին որդին, երբ դաստիարակութիւնը դուրս կը բերէ նորա մտքի եւ հոգւոյ գանձերը։ Սակայն ո՞չ ապաքէն ամէն մարդ ստեղծուած է իբրեւ մարդ ապրելու, այսինքն իբրեւ բարոյական էակ, անգամ եւ գլուխ ընտանեաց, անգամ ազգի ու մարդկային ընկերութեան, ապա իւր երջանկութիւնը, զոր պարտի ստեղծել, եւ այլոցն որում պարտի ծառայել՝ ի՞նչպիսի փափուկ պարտաւորութիւններ կը դնեն իւր վրայ զորս անշուշտ չէ կարող քիչ մը թուաբանութեամբ արժանապէս կատարել յաջողիլ։ «Պարտի եւ պահանջէ» ի ծանօթութիւնը, ինչպէս սրամտութեամբ կը հարցնէ Գրիգոր Զօհրապ, պիտի կրնա՞յ տալ ուսանողին միանգամայն եւ մարդկային պարտուց եւ իրաւանց գիտակցութիւնը, որ հիմն է ամէն բարոյականութեան եւ պայման պարկեշտ եւ օգտակար կենաց։

Այս խնդիրք, զորս վեր ի վերոյ կը շօշափեմ, բաւական են ցոյց տալու թէ ո՛րքան կը սխալի մէկը երս կրթութեան խնդրոյն վրայ լոկ հացի տեսակէտէ կը նայի, ինչպէս դժբախտաբար ընելու կարի հակամղէտ է մեր նիւթապաշտ ժողովուրդը։ Գէթ Խմբագրութիւնը չքաջալերէ՜ր այդ հակումներ որք ինքնին արդէն շատ վայրաքարշ են։ Եթէ մեր ազգային վարժարանաց համար ընդհանրապէս գանգատելու բան մը կայ՝ այն ո՛չ թէ ուսմանց առաւելազանցութիւնն է, այլ ընդհակառակը, անբաւականութիւնը։ Գրագիտական ուսումներն ո՛չ միայն պէտք չէ բառնալ, այլ եւ շատցնել եւ ընդհանրացնել։ Բառին բուն նշանակութեամբ, շատ քիչ վարժարանաց մէջ կ’աւանդուի գրագիտութիւն։ Լոկ քերականութիւն, քերականական վերլուծութիւն եւ թարգմանութիւն չեն բաւեր, պէտք է ուսուցանել ճանչնալ ու ճաշակել գրագիտական յատկութիւններն ու գեղեցիկը, ի գրականութեան. պէտք է ազգային եւ օտարազգի, հին եւ նոր մատենագրութեանց գլուխ–գործոցները վերլուծել ի լուր աշակերտին եւ վայելել տալ անոր Հոմերն ու Վիրգիլն ու Բագրատունին, Եսքիղն ու Շէյքսբիրն ու Պէշիկթաշլեան, Պինդարոսն ու Հիւկօն ու Ալիշանը, Հերոդոտն ու Բուզանդը ու Միշլէն, Դիմոսթէնն ու Կիկերոնն ու Միրապէն։ Գրականութեան ուսումն մարդկային հոգւոյն, մարդկային ընկերութեան եւ իմաստութեան ուսումն է, եւ չկայ ուսումն քան զայն բարոյկանացուցիչ, քան զայն ընդլայնող մեծցնող մարդուն միտքն ու սիրտը։ Համարողական ուսմանց քով խօսքն իսկ չ’ըներ բնական գիտութեանց Արեւելքի Պատ. Խմբագիրն, մինչ գէթ զայնս առ ոչինչ գրելու չէր իւր իսկ տեսակէտով, վասն զի իւրեանց կիրառութեամբք ա՛յնքան սերտ առնչութիւն ունին գործնական արուեստից հետ, բայց նոցա ուսումն անհրաժեշտ է նախ եւ յառաջ մտքի առողջ կրթութեան համար. նոցա ուսմամբ մանաւանդ միտքը կը խորտակէ նախապաշարմանց շղթայները, ճիշդ ու լուսաւոր գաղափար կ’սկանայ բնութեան երեւութից եւ զօրութեանց, որպէս եւ տիեզերական օրինաց հարկաւորութեան վրայ։ Բնական գիտութիւնք, ի վեր հանելով տիեզերաց սքանչելի կազմաւորութիւնը, անհունապէս մեծն ու անհունապէս փոքրը միանգամայն, ո՛չ նուազ կը զօրացնեն կրօնական զգացումն, Անհուն Էակին վրայ յաւելլով մեր հիացումն ու պատկառանքը։ Կը յիշենք որ Արեւելքի խմբագրականաց Պատ. Հեղինակը շեշտած է կրօնական ու բարոյական կրթութեան կարեւորութիւնը. արդ կը զարմանանք որ գէթ այս տեսութեամբ չի խնայեր այն ուսմանց որք համարողութիւն չեն եւ սակայն մեծ նպաստ կը մատուցանեն կրօնական ու բարոյական զգացմանց մշակութեանց, որպէս բնական գիտութիւնք եւ գրագիտական ուսմունք։ Չեմ գիտեր է Պատմութիւն եւ Աշխարհագրութիւն շոնրհք գտա՞ծ են իւր աչաց առջեւ, եթէ ոչ նոցա մասին ալ կարծեցկից է ռամկին որ կը հարցնէ թէ «նպարավաճառը կ’առնո՞ւ զանոնք»։

Ես կատարեալ նախնական կրթութեամբ մ’ալ չեմ բաւականանար եւ ամենուն համար կը պահանջեմ միջնակարգ կրթութիւն։ Պէտք է որ առատապէս տարածուի լոյսը եւ իջնէ ժողովրդեան ամէն խաւերուն մէջ։ 12-13 տարեկան դպրոցէն մեկնող պատանեակ մը չէ կարող ո՛չ բարոյականի եւ ո՛չ գիտութեան հաստատուն ու գոհացուցիչ սկզկբունքներ տանիլ իւր հետ։ Պէտք է որ դպրոցի մէջ գտնուի այն հասակին մէջ ուր նկարագիրը կը կազմուի, եւ մարդոց ու իրաց վրայ, նիւթական ու բարոյական աշխարհաց վրայ ստանայ լայն ծանօթութիւններ, եւ իւր միտքը բացուի իմաստասիրական ծանօթութեանց։ Գէթ դպրոցէ թերուս ելնողներու համար առանձին դասաբեմեր պարտին լինել՝ կատարելագործող ինչ որ ուրուագծած էր նախակրթութիւնը։ Այս պայմանաւ միայն կը բարձրանայ ժողովրդոց իմացական ու բարոյական մակարդակը։

Բայց դպրոցը բոլորովին անտարբե՞ր պարտի լինել նիւթական կեանքի պահանջներուն։ - Ո՛չ. իւր գլխաւոր եւ առաջին պարտականութեան հետ, որ է մանուկը մարդ ընել կատարեալ, մտօք հասուն եւ լուսաւոր, զգացմամբք ազնիւ՝ համակիր եւ ընկերական, մարմնով զօրեղ եւ կայտառ, կրնայ եւ պարտի դնել նորա տրամադրութեան տակ միջոցներ որք դիւրացնեն նմա ասպարիզի մ’ընտրութիւնն։ Արդէն իւր ստացած կրթութիւնն, իւր կարողութիւններն զարգացնելով եւ ազնուացնելով, մի եւ նոյն ատեն ըրած է զինիքն գերազանցապէս օգտակար ու բարերար ոյժ մը մարդկութեան մէջ, յորմէ անտարակոյս պիտի փութայ օգուտ քաղել ընկերութիւնը, եւ որով ինքն ամէն յարմարութիւն կը վայելէ ինքզինքն շուտով այլոց օգտակար ու պիտանի ընծայելու, արդիւնաւոր կերպով ծառայելու եւ փայլելու ո՛ր եւ է ասպարիզի մէջ զոր ուզէ գրկել. այլ նաեւ դպրոցն, այս առանձին տեսակէտով, կ’աւանդէ եւ պարտի աւանդել՝ ըստ պատշաճի՝ արհեստական, առեւտրական, լեզուական գիտելիք ու կրթութիւնք, մասնաւորապէս ուղղուած դէպ ի գործնական նպատակ։ Բայց այս չպարտի խափանել դաստիարակութեան բուն գործը եւ մեքենայացնել զմարդ՝ թափուր թողլով նորա միտքն ու սիրտը։ Ոչ մի վարժարանական տեսչութիւն փոյթ ունեցած է գործադրել մտաւոր ու բարոյական կրթութեան ա՛յնքան բազմակողմանի ճոխ ծրագիր որպէս է այն զոր կը գործադարեմ տարիներէ հետէ իմ վարժարանի մէջ. բայց այս պատճառ մը չէ եղած որ խնամով աւանդել չտամ նաեւ իմ աշակերտաց ուսումն կենդանի կարեւորագոյն լեզուաց, տոմարակալութեան, վաճառականական թղթակցութեան, օրէնսգիտական սկզբանց, առեւտրական իրագիտութեան ու աշխարհագրութեան, այլովքն հանդեր։ Պետական, ուսուցչական, իրաւագիտական, խմբագրական, բժշկական, ճարտարական ու վաճառականական ասպարէզներու միանգամայն յարմար մեկնած են մեր Ուսումնաւարտք եւ ցրուած արդարեւ գործունէութեան այս զանազան ընդարձակ դաշտերուն մէջ. իմացական ու բարոյական խնամեալ կրթութիւնն զոր ընդունած են՝ ո՛չ միայն չէ վնասած աւելի գործնական ճիւղերու ուսման, այլ նա մանաւանդ աւելի դիւրացուցած է զայնս իրենց եւ աւելի եւս ապահոված իրենց յաջողութիւնը կեանքի մէջ։ Եթէ Արեւելքի Պատ. Խմբագիրը պատահած է այնպիսի շրջանաւարտներու որք կարող չեն եղած վաճառակնի մը համեստ պահանջումները գոհացնել, ո՛չ, յանցանքը գրական կամ այլ ուսմանց չէ, այլ դպրոցաց անկատար ծրագրերուն եւ անոնց ե՛ւս անկատար գործադրութեան։

  (Ծաղիկ, Թիւ 14, 1890)