22.
ՊԱՏՈՒԵԼԻՆ
ՈՒ
ՀՐԱՉԵԱՅԻ
ՊԱՏԻԺԸ
(Դպրոցական
յիշատակներէ)
Ա.
Պատուելին
[1]
յաղթահասակ
մարդ
մ’էր.
վաթսուն
տարեկան
կար
այն
ատեն։
Երբ
աղըթքներու
ժամանակ
գլուխը
կը
բանար,
գանկը՝
հերազուրկ՝
կը
փալփլէր
արծաթանման,
ու
քթանի
պէս
ճերմակ
էին
գլխուն
շուրջը
մնացած
մազերը։
Կեանքը
ակօսներ
գծած
էր
ճակտին
վրայ,
եւ
միշտ
գերծուած
մաքուր
երեսին
վրայ
խորշումներ
կային
ձեւացած։
Բայց
հակառակ
ծերութեան
այս
անհերքելի
նշաններուն,
Պատուելին
առոյգ
ու
կորովալից
եւերոյթ
տունէ,
ր
եւ
տակաւին
երկար
ասպարէզ
մը
չափել
կը
խոստանար։
Իր
այտերը
առողջ
կարմրութեամբ
մը
երգունուած
էին
գրեթէ
միշտ,
խոշոր
աչքերը
մշտավառ
հուր
մը
կը
ցոլացնէին,
եւ
իր
պերճ
կլափը,
որ
իր
ծնօտին
տակ
կը
սոնքար,
միանալով
թանձրամիս
ուռուցիկ
ծոծրակին
եւ
ընդհանուր
արծուային
դիմագրծութեան,
ֆիզիքական
ու
բարոյական
պատկառելի
ոյժ
մը
կը
շեշտէր։
Քալուածքը՝
ուղիղ
եւ
սէգ,
գլուխը՝
բարձր
ու
կանգուն,
ձայնը
շաչուն
ու
ուժգին
էր։
Երկար
սաքօ
մը
կը
հագնէր
սեւ
չուխայէ,
փայլուն
ու
ճռնչուն
կօշիկներ.
միշտ
խոզանակուած
էր
իր
հագուստը,
ո՛չ
երբեք
փոշի
մը
իր
կօշիկներուն
վրայ.
–
մաքրութեան
ծայրայեղ
նախանձախնդիր
մարդ
մը։
Իր
սովորական
մէկ
շարժումն
էր,
մեքենաբար,
արագ
արագ
թօթուել
իր
քղանցքները՝
իբր
անոնց
փոշին
թօթափելու
համար,
որմէ
զերծ
էին
սակայն։
Քիթը
սրբելու
համար
կարմիր
մեծ
թաշկինակ
մը
կը
հանէր,
խաւ
խաւ
ծալլուած,
շռնչիւնով
կը
խնջէր,
եւ
յետոյ
դարձեալ
մի
եւ
նոյն
ձեւով
ու
զգուշութեամբ
կը
ծալէր՝
բազմիցս
մաքրելէ
ու
չորցնելէ
յետոյ
ռնգունքն
ու
պեխերը։
Շուկայէն
ու
աշխարհքէն
անցնելով
մտած
էր
դպրոց։
Տիարուց-Վարժապետի
խոնարհ
ու
երկչոտ
երեւոյթը
չուներ
բնաւ,
ընդհակառակն
ամիրայի
պերճ
ու
հպարտ
տեսիլը։
Չէլէպի
կը
կոչօին
զինքը,
եւ
երբ
թաղականները
պատուելի
բառը
կ’արտասանէին
անոր
համար,
համոզումի
շեշտ
մը
կար
իրենց
ձայնին
մէջ։
Ճէզայիրլեան
Ամիրայի
մաքսային
գործերուն
մէջ
պաշտօնավարած
ու
հազարաւոր
ոսկիներու
հետ
խաղացած
էր։
Արմաշու
վանքին
կալուածներուն
ալ
վերատեսուչն
ու
մատակարարը
եղած
էր։
Կ’ըսէին
թէ
իտալերէն
գիտցած
էր
ժամանակաւ,
բայց
հայերէնն,
ամենէն
խրթին
գրաբարը,
ապահովապէս
գաղտնիք
չունէր
իրեն
համար։
Հ.
Արսէնի,
Հ.
Եդուարդի
տաղաչափեալ
երկասիրութիւններէն
շատ
բան
ի
բերան
ուսած
էր
եւ
կ’արտասանէր
յաճախ
իերն
յատուկ
պեճրահունչ
առոգանութեամբ
ու
վեհաշարժ
ձեւերով,
այնպէս
որ,
թէ
եւ
այն
ատեն
շատ
բան
չէինք
հասկնար,
կը
զգայինք
թէ
խորին
էր
Պատուելիին
հմոտւթիւնը
ու
այդ
տողերուն
իմաստը՝
կարի
բարձր,
երբ
կը
տեսնէինք
զինքը
համակ
ոգեւորուած
ու
ոտքով
ձեռքով
օդին
մէջ
շարժուն
ու
ճօճուն,
իր
արտասանած
տողերուն
բոլոր
մեծութեամբը
սոնքացած
ու
ա՛լ
աւելի
հսկայակերպ
հասակ
մը
ստացած
փոքրերուս
ապշած
աչքերուն
առջեւ։
«Գազա՜նը»,
այս
էր
իր
սովորական
բացագանչութիւնը,
երբ
ո
ւզէր
գերազանց
ուժի
մ’առջեւ
–
բարոյական
թէ
ֆիզիքական
–
իր
հիացումը
պոռթկալ։
Հայր
Արսէն
Բագրատունւոյն
անունը,
իբր
հայերէն
լեզուի
ու
բանաստեղծութեան
գերազանց
«գազան»ին,
«հրէ՜շ»ին,
օրը
մէկ
քանի
անգամ
կու
գար
իր
շրթանց
վրայ,
միշտ
զարմանալից
ու
պատկառոտ
շեշտով
մը։
ԻՆքն
եւս
կը
տաղաչափէր
ու
բանաստեղծ
էր
իր
ժամերուն,
յատկութիւն
զոր
պահեց
շատ
ուշ,
եւ
որոյ
արդիւնքները
վայելելու
բախտը
կ’ունենային
մանաւանդ
անոնք
որք
Պատուելիին
քիմքը
պարարող
նուէրներով
անոր
խանդը
կը
բորբոքէին։
Վասն
զի
–
ըսի՞,
չեմ
գիտեր
–
Պատուելիին
զօրաւոր
կամ
տկար
մէկ
կողմն
էր
քիմքը։
Ա՛յնքան
համեմաճոխ
ախորժահամ
կերակուրներուն
սէրն
ունէր
որքան
համով
հոտով
քերթուածներուն։
Անոնք
ալ
բանաստեղծութիւններ
էին
կամ
բանաստեղծութիւններ
կ’արժէին
իրեն
համար,
եւ
լսած
ենք
շատ
անգամներ
իր
խանդալից
ներբողները
իր
մօտ
թէ
հեռու
ժամանակները
վայելած
սեղաններուն
մասին,
ո
րոց
յիշատակը
բնաւ
չէր
կորսնցներ։
Խեղջը,
կ’ըսէին,
շատ
յուսախաբութիւններ
կրած
էր
իր
կեանքին,
մանաւանդ
իր
ընտանեկան
սէրերուն
մէջ։
Կնոջմէն
խաբուած
ու
բաժնուած,
չէր
խնդացած
նաեւ
իր
զաւակներէն,
որոնք
ցիր
ու
ցան
եղած
էին,
ոմանք
բոլորովին
վատթարացած։
ԱՆցեալ
հեշտագին
տպաւորութիւններէ
կ’երեւի
թէ
միայն
խորտիկներու
թողածներն
էին
որք
պահած
էին
իրենց
անուշութիւնը,
ընթերցումներու
յուշերուն
հետ
միասին,
ու
ներկային
մէջ
ալ,
այն
ատեն
ու
անկէ
վերջն
ալ,
ամենէն
աւելի
երկու
բանի
կը
փափաքէր
–
համով
հոտով
կերակուրի
ու
համով
հոտով
հատորի։
Անոնց
հետ
թէ
միանար
մաքուր
ձեռք
մը
լաթը,
զոր
տարիներով
կը
հագնէր
անաղարտ,
ա՛լ
բանի
մը
չէր
փափաքեր։
Դիոգինէսին
պէս
-
«գազան»
մ’ալ
ան,
ինչպէս
կ’ըսէր,
անուանի
շնականը
–
բաւական
անկախութիւն
ու
քաջութիւն
կը
զգար
իր
մէջ
կարենալու
համար
պատասխանել
Աղեքսանդրի
մը
հարցման,
«…որ
մէկդի
կենայիր
արեւս
չխափանելու
համար»։
-
«Ի՞նչպէս
էք,
Պա՛տուելի».
-
«Իշխանի
պէս»,
կը
պատասախնէր
հպարտ
շեշտով
մը
կլափը
ցնցելով,
երբ,
իր
փայլուն
արտակօշիկներուն
վրայ
բարձրացած,
ճոխ
կը
ճեմէր
դպրոցի
մը
նրբանցքին
մէջ,
կամ
թէ
կ’անցնէր
շուկայէն՝
մէկիկ
մէկիկ
ընտրելով
կոխելի
քարերը։
Ինչպէս
կը
տենսուի,
հեռու
էր
սակայն
Դիոգինէսներու
դպրոցին
կատարեալ
հետեւող
մ’ըլլալէ,
ինք
որ
իր
անհրաժեշտներուն
մէջ
կը
դնէր
այնպիսի
բաներ
որք
ծիծաղելի
աւելորդութիւն
ու
պերճանք
պիտի
թուէին
կարասաբնակ
իմաստասիրին
ու
անոր
հաւակակիցներուն։
Մասամբ
եպիկուրեան
մը
կրնար
նկատուիլ,
տեսնելով
իր
տկարութիւնները
ճաշակի
իրաց
մասին,
-
եպիկուրեան
մը,
բառին
ո՛չ
անազնիւ
իմաստովն
ատարակոյս,
ըստ
որում
այդ
տկարութիւնք
ու
պահանջմունք
ա՛յնքան
կը
վերաբերէին
մտաւորական
ու
ներքին
որքան
ստոմոքսային
ու
արտաքին
գոհացումներու։
Սիրահար
մ’էր
նաեւ
Ստոյիկեան
վարդապետութեան,
-
վասն
զի
Պատուելին
գրականութեան
չափ
կը
հետաքրքրուէր
նաեւ
փիլիսոփայական
դրութեանց,
մանաւանդ
հիներուն,
որոցմէ
կ’ընտրէր
ինչ
որ
իր
բնածին
խորխոտւթիւնը
եւ
ամէն
սեռերու
մէջ
ուժի
նկատմամբ
իր
ունեցած
համակրութիւնը
կը
գգուէր։
Ստոյիկեանց
կամքի,
այն
է
բարոյական
կորովի,
վարդապետութիւնը
իր
սիարծ,
իր
պ
աշտած
բանն
է։ր
Անոր
համար
թերեւս
նաեւ
ըմբշամարտութեան
տեսարաններ
մասնաւոր
հաճոյք
կը
պատճառէին
իրեն.
Դիւցազներգութեանց
մէջ
մենամարտի
նկարագրութիւնք,
ինչպէս
Իլիականին
մէջ
Աքիլլէսին
ու
Հեկտորին,
կը
դիւթէին
զինքը,
ո՛չ
միայն
վասն
զի
ֆիզիքական
ուժը
միշտ
ուժ
մ’էր,
ուստի
եւ
գերազանցութիւն
մը,
-
եւ
առ
այդ
ոչ
սակաւ
կը
պահէր
ոլիմպական
խաղերու
սիրահար
հնոց
ճաշակը-,
այլ
եւ
վասն
զի
ի
հանէդ
սբերուած
դնդերական
զօրութիւնը
նաեւ
կամքի
զօրութեան
մ’արտայայտութիւնն
էր,
գէթ
մասամ,
ո
ւ
ամէն
պարագայի
մէջ
անոր,
ու
մտքի
կորովին
ալ,
նպաստաւոր
մարզանք
մը։
Դպրոցին
մէջ,
բառին
բուն
նշանակութեամբ,
ըմբշամարիտկ
մարզանքներ
կատարել
կու
տար
աշակերտաց։
Վարժարանին
մեծ
սրահին
մէջ,
մրցասէր
պատանիք
մարմնական
ուժի,
ճապկութեան,
արագոտն
դիւրաշարժութեան
փորձեր
կը
կատարէին,
բաճկոն
ու
մերթ
շապիկ
ալ
մերկացած,
նստարանաց
մէջէն
զիրար
հալածելով՝
զիարր
բռնելու
հետամուտ,
կամ
մէջտեղի
բացավայրին
մէջ՝
իրարու
փաթթուած՝
զիարր
զգետենլու
ճգնաջան,
մինչ
շուրջանկի
գրասեղանաց
վրայ
նստած
խռնուած
էր
աշակերտաց
հանդիսատես
բազմութիւնը,
մէկ
մասն
ալ
բարձրաւանդակ
ամպիոնին
վրայէն
իբր
դիտանոցէ
մ’ի
զնին։
Օր
մ’ալ,
աւա՜ղ,
մեր
դասընկերներէն
մէկուն՝
որ
կը
մրցէ՝ր
իյնալ
նուաղիլը
տեսանքլ
տժգունելով.
խեղճին
սռնոսկրը
կոտրած
էր.
պատգարակով
տուն
փոխադրեցին
զինքը։
Երեք
ամիս
պատուելիին
ծախքով
դարմանուեցաւ,
ու
այլ
եւս
փակուած
էր
գօտէմարտիկ
մրցութեանց
շրջանը։
Բ.
Հրաչեայ,
որուն
անունը
կը
տեսնուի
մեր
խորագրին
մէջ,
դպրոցական
պատանեակ
մ’էր
այն
վարժարանին
մէջ
որու
կ’ակնարկենք։
Զինքն,
աւելի
փոքր
հասակի
մէջ,
ներկայացուցած
ենք
արդէն
ուրիշ
գրուածքի
մը
մէջ,
իբրեւ
այրի
աղքատիկ
մօր
մ’ուսումնասէր
յուսատու
որդին։
Քանի
մը
տարիներ
յետոյ
դպրոցին
մէջ
եղած
էր
մին
անոնցմէ
որոց
նաեւ
«գազան»
վերադիրը
կու
տար
Պատուելին,
վանսզի
յաջողակ
եւ
քաջ
էին
իրենց
դասերուն
մէջ,
«դասրեը
կը
լափէին»,
իր
բառերով,
ու
չէ՞
որ
լափել
գազանային
գործողութիւն
մ’է։
Հրաչեային
վրայ
մինչեւ
իսկ
մասնաւոր
համակրութիւն
մը
կը
տածէր,
զայն
հրահարակային
գովեստից
նիւթ
ընելով
ու
առանձին
հոգածութեան
առարկայ։
Սակայն
այս
համակրութիւնը
մէ
կէն
ի
մէկ
չէր
եկած.
դէպք
մը
–
պատժոյ
պարագայ
մը
–
մանաւանդ
մեծապէս
նպաստած
էր
անոր,
ի
վեր
հանելով
հաւանօրէն
ազազուն
տժգոյն
պատանեկին
տկարութեան
մէջ
բան
մը
որ
թաքուն
բարոյական
ուժի
մը
յայտարարը
երեւցած
էր
Պատուելիին
ու
իր
Ստոյիկեանի
հոգին
մագնիսած։
Պատուելին
պերճաբան
բարոյախօս
մ’էր։
Շաբթուան
մէջ
յատուկ
օր
մը
վերապահած
էր
իրեն
բարոյականի
ընդհանուր
հրապարակախօսութիւն
մ’ընելու
համար
Ուսումնասրահի
աշակերտաց
ամբողջութեան,
ու
ցերեկուան
ճաշին
նախընթաց
ժամն
ընտրած
էր
առ
այդ։
Բոլոր
կարգաց
ուսանողք,
մեծ
ու
պզտիկ,
պարտէզին
գիրք
ու
տետրակ
վերցնել
պահել
եւ
ունկնդրել
իրեն,
լուռ,
երկիւղած։
Նա
ընդհանրապէս
կը
մեկնէր
լատին
Սենեկայի
ճառերն
եւ
Իտալացի
Էմ.
Թեսաւրոսի
Բարոյական
Իմաստասիրութեան
գլուխները,
իրենց
գրաբար
թարգմանութեանց
վրայէն։
Իր
դասախօսութիւնը
կրնար
հասկանլի
ու
շահագրգռիչ
ըլլալ
վերին
կարգերու
աշակերտաց
համար,
բայց
այն
կարգին
համար՝
րուն
կը
պատկանէր
Հրաչեայ,
իբր
10-11
տարեկան
այն
ատեն,
եւ
որ
յետիններէն
էր
ու
Սրահին
վերջին
գրասեղանները
կը
գրաւէր,
գրեթէ
բոլորովին
անիմաց
կը
մնար։
Օր
մը,
Պատուելին,
ըստ
սովորականին,
իր
բարոյական
իմաստասիրութեան
դասը
կ’ընէր
ոգեւորութեամբ։
Բոլոր
Սրահը
լուռ
էր,
վանսզի
երբ
կը
խօսէր,
բնաւ
ձայն
ու
շշուկ
չէր
ուզեր,
ու
պէտք
է
ըսել
թէ
գիտէր
լռութիւն
ստանալ,
ու
տղայք
իր
բարկութենէն
կը
վախնային։
Հրաչեայ
բան
մը
չէր
հասկնար
ի
հարկէ
այդ
բարձր
ու
խրթին
խնդիրներէն,
բայց,
չուզելով
այլ
ժամանակն
անօգուտ
անցընել,
գլուխը
գրասեղանին
եզերքին
կրթնցուցած՝
անտես
մնալու
համար
Պատուելիէն՝
գիրք
մը
կը
կարդար,
-
ճաշէն
վերջը
տրուելիք
դասի
մ’ի
բերան
ուսումը,
հաւանաբար։
Նոյնը
ըրած
էր
նաեւ
իր
քով
նստող
ընկերը,
առանց
իրարու
ըրածը
գիտնալու,
անհաղորդ
իրարմէ։
Յանկարծ
ՊԱտուելին
կ’ընդմիջէ
դասախօսութիւնը,
ամպրոպի
մը
պէս՝
բարձր
ամպիոնէն
վար
իջնելով
կը
հասնի
Հրաչեայի
եւ
իր
ընկերոջ
քով,
առանց
ո՛ր
եւ
է
քննութեան
կամ
հարցման,
վստահ
անոնց
յանցաւորութեան
վրայ
իբրեւ
գրասեղանին
տակէն
գաղտնաբար
խօսակից,
երկուքը
մէկանց
բռնելով
կը
տանի
կը
նետէ
նախակրթարանի
Սրահը
որ
յարաբերութեան
դուռով
մը
կը
հաղորդակցէր
Ուսումնարանին
հետ,
եւ
հոն
պաշտօնավարող
դաստիարակին
ուր
միանգամայն
պատժածու
պաշտօնեայն
էր
Պատուելիին
ու
իբր
այն՝
այդ
պաշտօնին
գործի
ու
խորհրդանշան
գաւազանը
յարաժամ
ի
ձեռին
կը
կրէր,
կը
գոռայ
զայրագին.
«Տասը
հարուած
այս
անիծից
արմատներուն,
բոպիկ»։
Իսկոյն
երկու
տղաք
կը
բերեն
ֆալախանը.
Հրաչեայ
եւ
ընկերը
կը
պառկին
իրենց
կռնակին
վրայ,
խարտեաշ
մազեր
գետնի
փոշւոյն
մէջ
թաթաւուչ.
պատժածուն
կը
մերկացնէ
իրենց
ոտքերը,
տանջանարանին
չուանէ
լարին
մէջ
պինդ
պրկել
կուտայ
զանոնք,
եւ
կ’իջեցնէ
գաւազանի
հարուածները
ա՛յնքան
անզգայօրէն
որքան
իրեն
համար
սովորական
գործ
մ’է
ըրածը,
ու
ա՛յնքան
ուժգին
որքան
կ’ուզէ
եռանդ
ցոյց
տալ
իրբեւ
հլու
հաճոյակատար
իր
գլխաւորին
հրամանի։ն
Հրաչեայ,
առանց
կականաբարձ
բողոքի
կամ
աղերսաւոր
ծամածռութեանց,
կը
կրէ
պատիժը
անմռունչ,
եւ
իր
պատժակցին
հետ
ժողվելով
կօշիկներն
ու
գուլպայները,
զսպուած
խեղդուկ
լացով
մը,
կոշկոճուած
ոտքերուն
վրայ
կաղ
ի
կաղ
քալելով,
կը
դառնայ
իր
տեղը։
Պատուելին,
գոհացեալ,
կը
շարունակէ
ճառախօսութիւը
Պարտուց
գիտութեան
վրայ։
Քիչ
յետոյ,
չճաշի
զանգակը
կը
հնչէ,
տղայք
կ’աղօթեն
ու
ճաշարան
կ’իջնեն։
Հրաչեայ
կը
մնայ
Սրահին
մէջ
իր
տեղը։
Արդէն
չ’իջներ
ան
ճաշարան.
իր
ցերեկուան
ճաշի
համար
հետ
բերած
կարմրցած
հացի
երկու
չոր
շերտերը,
զորս
թաշկինակի
մը
մէջ
փաթթած
է,
ճաշարանին
մէջ
ծաղրելի
կամ
արգահատելի
պիտի
երեւէին.
չափազանց
հպարտ
էր
այդ
ծաղրին
կամ
արգահատանքին
ենթարկուիլ
ուզելու,
ինչպէս
նաեւ
ուրիշներու
սակառին
առ
գթութեան
առաջարկուած
մասնակցութիւն
մը
յանձն
առնելու
համար։
Ուստի,
այդ
օր
ալ,
վերը
կը
մնար,
առանձին
ու
անտես,
իր
աշտուճ
հացը
ծամելու
համար։
Պատուելին
իր
ամպիոնին
վրայ
էր.
տնտեսն
իր
առջեւ
բերաւ
իր
ճաշին
համար
թաղական
կամ
հոգաբարձու
հարուստ
աղայի
մը
տունէն
ըստ
կարգի
ղրկուած
լայն
ափսէն,
ուր
կ’երեւէին
մէկէ
աւելի
պղնձեայ
անագափայլ
պնակներ,
կափարիչներով
գոցուած,
որոցմէ
քմահրապոյր
բորումներ
ծաւալեցան
սրահին
մէջ,
երբ
Պատուելին
զանոնք
իրարու
ետեւէ
բացաւ՝
անոնց
պարունակութեան
վրայ
կանխաւ
ամբողջական
գաղափար
մը
կազմելու
եւ
իր
ախորժակը
պատրաստելու
համար։
Մինչ
նա
իրեն
մեծարուած
կերակուրները
կը
ճաշակէր
յայտնի
հեշտանքով,
անդին
Հրաչեայ,
իր
դարակին
առջեւ
ծռած,
մէկ
կո
ղմէն
կուլար
(իր
չարագան
խեղճ
ոտքերուն
ցաւը
զինք
կը
տառապեցնէր),
միւս
կողմէն
իր
ցամաք
հացը
կը
խածնէր
ու
մի
եւ
նոյն
ատեն՝
գիրքը
բացած՝
դաս
կը
սերտէր։
Այս
տեսարանը
չվրիպեցաւ
Պատուելիին
աչքերէն.
կ’երեւի
թէ
ցնցում
մ’զգաց
իր
հոգւոյն
մէջ,
խղճի
խայթ
մը,
զ»ջում
մը.
ո՞
գիտէ,
թերեւս
արցունքի
կաթիլ
մը,
հակառակ
իր
ստոյիկութեան,
աչքէն
ինկաւ
իր
առջեւ
ունեցած
պնակին
մէջ.
շատ
կարելի
է
որ
այն
օր
չկրցաւ
կուշտուկուռ
ուտել
իր
ճաշը,
ըմբոշխնել
լիովին
իւրաքանչիւր
կերակրոյ
համն
ու
հոտը։
Ամէն
պարագայի
մէջ,
երբ
ճաշարանէն
վեր
ելան
տղայք,
երբ
զբօսանքը
լմնցաւ,
ու
դարձեալ,
դասերու
վերսկսումէն
յառաջ,
սովորական
աղօթքը
երգուեցաւ,
Պատուելին
Հրաչեային
ջերմ
ու
զգածեալ
մէկ
գովեստն
ըրաւ
ի
լուր
աշակերտաց,
ո
ւ
անկէ
յետոյ
ան
իր
սիրական
«գազան»ն
էր։
(Բիւզանդիոն,
1903,
Թիւ
2001։)
[1]
Պատուելի
Թէոդորոս
Զօրայեան,
որ
վաթսուանական
թուականկներուն,
իբրեւ
տնօրէն-դաստիարակ,
կը
պաշտօնավարէր
Խասգիւղի
Ս.
Ներսիսեան
վարժարանին
մէջ։