Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

20. ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
(Հուսկ Բանք առ ընթացաւարտս Պէրպէրեան վարժարանի, 1904 ամի։)

 

Սիրելի ընթացաւարտ սանունք իմ,

Ձեր կենաց խորհրդաւոր մէկ վայրկենին մէջ կը գտնուիք։ Դպրոցականի կեանքը կ’աւարտէք, ու այս վայրկենէս կը սկսիք ապրիլ քաղաքացիի կեանքը, այսինքն անո՛ր կեանքը որ, գիտակ կամ գիտակ համարուած իր պարտքերուն եւ իրաւանց, բարոյական, ընկերական ու պետական օրէնքներուն հովանւոյն տակ, իր կեանքը պիտի ապրի ինքնիրմէ կախեալ, իր գործերուն պատասխանատու, իր ուժերուն ապաստան։ Ու եթէ կրկին ուսման ասպարէզն մ’ալ թեւակոխէք, ուսանող քաղաքացի մը պիտի ըլլաք, ո՛չ եւս այլ դպրոցական աշակերտ։ Այս վայրկենէս սկսեալ, ազատակամ գործունէութեան բաժնին հետ պարտքի ու պատասխանատուութեան բաժինն ալ կ’առաւելու ձեր մէջ, եւ անոր համար կը հասկնամ տեսակ մ’ինքնասեռ յուզումը որ կը տիրէ ձեր վրայ, նման թռչնոյն որ կը պատրաստուի, սրտատրոփ, մայրենի բոյնին ու թեւերուն պաշտպանութենէն դուրս, առաջին անգամ սլացքը փորձել միջոցին մէջ։ Պարտք մը սեպած եմ ինձ միշտ այս խորհրդաւոր պահուն լսելի ընել դպրոցական յարկէն մեկնող իմ սաներուս վերջին մի քանի խօսքեր, մի քանի յետին խրատներ, ամփոփող ու շեշտող վարժարանին բարոյական ուսուցումը, որ եթէ իրենց համար կրկնութիւն մ’ալ ըլլան ըսուած ու յեղյեղուած սկզբանց, սակայն, այս հանդիսաւոր պարագային, մասնաւոր սրտագին բան մ’ունին խօսողին ու լսողին համար, հետեւաբար եւ սրտաթափանց բան մը, որով պիտի կրնան, կը յուսամ, այս օրէն յետոյ, տարիներէ վերջն ալ, արձագանգ մը պահել մտաց ու սրտից մէջ։ Նոյնը կ’ընեմ այս պահուս եւ ձեզ համար։

Անպատասխանատու կամ գրեթէ անպատասխանատու կեանքի մը կը յաջորդէ ձեզ համար պատասխանատուութեան կեանիքը. գրեթէ կ’ըսեմ, վասնզի արդէն բաւական ատենէ ի վեր թողած էիք մանկութեան անգէտ ու անգիտակից շրջանը ուր մարդկային էակը գիշերի մը մէջ է, դեռ չի՛ ճանչեր ու չի՛ տեսներ իրականութիւնը կեանքին, զգայարանական կեանք մ’ունի միայն բայց ո՛չ բանաւոր, թերեւս իրաւունքներ կը զգայ՝ բայց ոչ տակաւին պարտքեր, ուր զինքը մղող բաղձանքներ ունի՝ բայց ո՛չ զինքն առաջնորդող կամք մը, անոր համար արլ չի կրնար բառին բովանդակ նշանակութեամբ, պատասխանատու համարուիլ իր գործերուն որք չեն ամբողջովին ու արդարապէս վերագրելի իր անձին։ Դեռ անձ ալ չէ կատարեալ, այլ միայն նիւթը անձին, վասնզի, ինչպէս գիտէք, բանականութիւն ու ինքնակամութիւն անձը կազմող տարերքն են, եւ տղուն մէջ դեռ յոյժ անկատար են ասոնք։ Սակայն դուք այժմ ամբողջապէս ունիք կատարեալ պատասխանատուութեան մը տարերքն ու պայմանները. ձեր բանականութիւնը ո՛չ միայն արթնցած, այլ եւ զարգացած է. ձեր մէջ կազմուած է բարոյկան կենցաղի մ’իտէալը, հետեւաբար յայն դիմելու պարտքին ու անկէ բղխող պարտականութեանց գիտակցութիւնն, այն ոյժին գիտակցութեանն հետ որ է կամքը ձեր մէջ, եւ որով կարող կը զգաք զձեզ՝ հնարաւորին սահմանին մէջ՝ իրականացնել ձգտիլ տեսլականը ձեր մէջ եւ ձեր շուրջը։ Անձեր էք դուք այլ եւս, ու կը պարտիք ըլլալ լաւ անձեր, ընտիր անձնաւորութիւններ. ո՛րչափ աւելի իրականացնէք մարդկային անձին կատարելութեան տիպը ձեր վրայ, ա՛յնքան մեծ պիտի ըլլայ ձեր բարոյական արժանիքը, եւ ո՛րչափ ստոր մնաք անէ, ա՛յնքան աւելի յանցաւոր պիտի նկատուիք դուք։ Պատասխանատու էակներ էք. պատասխանատուութեան կեանքն սկսած էք ապրիլ։ Անշուշտ մանուկին անպատասխանատու կեանքը չէր աղուորը, գեղեցիկը, որչափ եւ երջանիկ թուի այն իր միամտութեանն ու անփութեանը մէջ։ Մանուկին մէջ մարդը կը քնանայ՝ արթննալու համար օր մը եւ իր կեանքը ապրիլ սկսելու որ ճշմարտապէս պարտքի ու ճիգի կեանք մ’է համակ։ Պարտքերու լուծն է մարդուն արժանապատուութեան պայմանը, անոր ազնուականութեան ոսկի մանեակը։ Անասունն ալ անպատասխանատու է, բայց ո՛չ ոք պիտի ուզէր խոզ մ’ըլլալ։ Մարդուն պատիւն է բարոյական իտէալին հանդէպ պատասխանատուութիւնը, անոր պատիւն են ճիգերը զորս կը ճգնի յանուն այդ իտէալին, տառապանքը զոր կը տառապի անոր հետամտութեան մէջ, եւ յաղթած է ու իրաւունք ունի դարձեալ հպարտութեամբ վե՛ր կանգնելու իր ճակատը, նոյն իսկ երբ անասնականութեան ու ճակատագրին դէմ իր վերելքի ճգնութիւններուն մէջ կ’իյնայ ընկճուած, բա՛ւ է որ, իր պատասխանատուութեան գիտակից, կռուած ըլլայ նա անկեղծ, անխոնջ ու յա՛ր վեհատենչ։ Այդ պատասխանատուութեան զգացմամբ մարդը կոչուած է ինքն իսկ կերտողն ըլլալու իր կեանքին, մանաւանդ թէ արուեստագէտն ըլլալու անոր, անոր գեղեցկութիւնն յօրինելու, ինչպղէս քաջարուեստ ճարտարապետը գեղեցիկ կը կառուցանէ շէնքը որ անցորդը կը կեցունէ հիացիկ, ինչպէ վարպետ երգահանը գեղեցի՛կ կը ներդաշնակէ երգը, որ ազնւ զգացումը կամ խորհուրդը դուրս կը ցայտեցնէ կենսալի, հրապուրիչ, սրտազդեցիկ։ Ու այն ատեն ի՛նչ փոյթ արուեստագիտին որ տառապեցաւ, որ յոգնեցաւ, որ զրկումներ կրեց ու աննիւթ գաղափարը մարմնանալ բռնադատելու համար ըմբիչի մը գիրկընդխառն կռիւները կռուեցաւ անոր հետ. կ’օրհնէ իր ճիգերը. անո՛նց կը պարտի արարչական հպարտութիւնը որ իր կուրծքը կ’ուռեցնէ ու հոգեկան անհո՜ւն հաճյքը զ որ կը զգայ իրականացեալ գեղեցիկ յղացումին առջեւ որ իր գործն է։ Այդպիսի գործ մ’է ու պարտի ըլլալ ամէն մարդու կեանքը, որուն տեսլականը ամէն մարդ, մանաւանդ մշակուած ու զարգացած անհատը, կը գտնէ իր հոգւոյն մէջ, անոր ճշմարտախո՜յզ, անոր գեղեցկատե՜նչ, անոր բարեսէ՜ր բնազդներուն ու ձտգումներուն մէջ, անոր մէջ զգալով պարտաւորիչ հրաւէր մը որ պարտքերն ու պատասխանատուութիւնը կը հիմնէ, ըստ որում ինքնայօժար գործողութեան սկիզբ մը կը կրեմք միեւնոյն ատեն՝ որ կրնայ պատասխանել այդ հրաւէրին, որ մանաւանդ պարտի ուզե՛լ պատասխանել՝ ընելո՛վ կարելին, անկարելւոյն միայն ո՛չ ոք ըլլալով պարտաւորեալ։

Պատասխանատուութեան զգացումը ամէն պարտքերուն մէջ մէկ ձայն կուտայ, որով անոնք, իբրեւ մէկ մէկ պահանջատէ, ր կը կանգնին մեր դիմաց եւ գոհացումը կը պահանջեն իրենց։ Պղատոնի «Կրիտոն»ին մէջ կը կարդանք որ երբ Սոկրատի բարեկամները կը խարտեն անոր փախուստ տալ բանտէն ու կորզել զինք մի անարդար մահէ որուն դատապարտած էին զայն իր երկրին դատաւորները, «Հապա ի՞նչ պիտի ըսեն օրէնքները, » կը գոչէ Սոկրատ՝ օրինաց անհնազանդութեան գաղափարին առջեւ սոսկացած, անոնց հնազանդութեան պարտքը զգալով անողոք դատախազի մը պէս իրեն դէմ տնկուած ու խոժոռ բարկացայտ նայուածքով նայելով իրեն։ Այո՛, պատասխանատու ըլլալ, ա՛յնքան դատաւորներ, ա՛յնքան դատախազներ ունենալ է իր մէջ, իր շուրջը, իրեն հանդէպ որքան կը զգա՛յ մարդ պարտաւորութիւններ. այլ եւ, պարտուց գոհցման պարագային մէջ, նո՛յնքան բերաններէ սրտահեշտ գովեստը կը բղխի մեզ համար որ մեր անձնակն արժանեաց գ ումարը կը յաւելու. բալոր գոհացուած պարտքերը մէկ մէկ ծաղիկ կը նուրեն մեզ որով կը հիւսուի մեր արժանիքին վեհ պսակը։ Բայց պէտք է վախնա՜լ անոնց դժգոհութեան գոչող ձայներէն, ու Սոկրատին պէս ըսել մեզի «ի՞նչ պիտի ըսեն օրէնքները, » ամէն վայրկեան որ սպրդէր մեր մէջ զանոնք ոտնակոխ ընելու հակամէտ տրամադրութիւն մը։ Ու պարտքերու զանցառութեան պարագայներուն մէջ, երբ մեր մէջ մոլի տենչերը, խեռ կրքերը եղդածեն պարտուց ձայնը, երբ անիրաւութիւնը, Ատելութիւնը, Նախանձը, Բանսարկութիւնը, Անառակութիւնը յաղթանակ տարած են մեր մէջ, ի՜նչ ստորնացում, ի՜նչ ամօթ, ի՜նչ սայրասուր խայթեր մեր խղճին մէջ, վասնզի, անտեսուած անարգուած պարտքերը, մէկ մէկ պատժածուի փոխակերպուած, կը չարչարեն մեր հո գին, կը հալածեն անխնայ նման Կատաղիներուն որք Յունական ողբերգութեան մէջ կը լլկէին Ովրեստէսի հոգին մինչեւ իսկ քնոյ խաղաղական պահերուն մէջ։ Ո՜հ, այո՛, պարոններ, այսպիսի՛ է պատասխանատուութեան զգացումը մարդուն մէջ որ անհատին զարգացման համեմատ ալ կը սրի, ինչպէս նաեւ կը բազմապատկին պարտքերն այդ զարգացման չափով, որպէս, գիտէք, քաջ վճռած է Տիւքլօ՝ ըսելով «Մարդ որքան աւելի լոյսեր ունի, այնքան աւելի պարտքեր ունի կատարելու (plus on a de lumières, plus on a de devoirs à remplir». ) Այս զգացումը մեր բարոյականութեան հիմը, վկայն, պահապանն է. գոհացուած, ա՛ն կը շինէ մեր պ ատիւը, մեր երջանկութեան մեծագոյն պայմանն է, տժգոհ մնալով՝ մեր ճակտին շառագունանքը կ’ըլլայչ, արտաքին պատիւներուն ներքին հեգնութիւնն ու ժխտումը, մեր կրծող որդը, ամէն վայելքներուն խորը զանոնք դառնացնող լեղին ու թոյնը։ Ու գիտէք թէ պատասխանատուութեան վաւերացումին մէջ միայն մեր ներքին գոհունակութիւնը կամ խղճահարութիւնը չկայ, թէեւ անոնք ըլլան ամենէն սաստիկները. ժպտող կամ խոժոռող Պարտուց ետեւ կան գոհ կամ ցաւած դէմքերը Ընտանիքին, Ազգին, Երկրին, Մարդկութեան, Աստուծոյ, ըստ այնմ որ մեր մէն մի արարքին համար վերաբերութեան մէջ եղած ենք Ընտանիք, Ազգ, Երկիր, Մարդկութիւն նուիրական անուններով կոչուող հոգիներու խումբերուն կամ զանոնք կազմող անհատներէն սոցա կամ նոցա հետ, - իսկ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ենք այս ամենուն ալ առթիւ քանի որ մեր ամէն պարտքերն ալ առ Աստուած պարտականութիւներ են, քանի որ Արդարութիւնը եւ Սէրը զոր կը պարտինք մեր շուրջ եղողներուն՝ Աստուծոյ կամքն ու իսկութիւնն են ու մեր ամենօրեայ աղօթքներով կոչուած Անոր թագաւորութեան տարերքը։ Պատասխանատութեան ձայնին չանսացողը, Պարտուց զանցառողը ապա Ընտանիքին արցունքը, Ազգին ու Եկեղեցւոյն անէծքը, Երկրին դատապարտութիւնը, Մարդկութեան դժգոհանքն ու եպերանքն ունի իրեն դէմ, ու իր վրայ ծանրացած, սեւ սեւ կէտեր իր կեանքին, սուր սուր փուշեր իր սրտին, իսկ Պարտաճանաչն ու Պարտակատարը անոնց ամենուն յարգանքը, գոհութիւնն ու օրհնութիւնը կը վայելէ, եւ Չարին ու Ապիրատին դէմ իր երեսը դարձնող ճշմարտութեան, բարութեան եւ գեղեցկութեան Գերագոյն Ոգին, Աստուած, գոհ է իրմէ ու լսելի կ’ընէ անոր հոգւոյն իր երկնային բարբառը, «Ազնի՜ւ, ծառայ բարի՜ եւ հաւատարի՜մ»։ Իսկ մեր առ մեր անձն ունեցած արժանապատուութեան ու կատարելագործման Պարտուց ետեւ, որովք կը պարտինք մեք չստորնանալ մեր բանաւոր ու ինքնակամ էակի վեհաստեղծ բնութեան մէջ ու ջանալ յա՛ր բարձրանալ սրբագրելով մեր թերութիւնները, մշակելով ու զարգացնելով մեր կարողութիւններն ու առատացնելով միշտ մեր մէջ լուսոյ եւ սիրոյ ճառագայթները ու զօրացնելով մեր կամքին մղումը դէպ ի լաւագոյնը, դէպ ի բարին ու մեր սրտին սլացքը դէպ ի Սէրը, դէպ ի Գեղեցիկը, այդ Պարտուց ետեւ, - հարցնէ թերեւս մէկը ո՞ր անձնաւորութիւնը կը կանգնի երկրի վրայ իբրեւ պահանջող մեզ դէմ, քանի որ անոնք մեր անձին միայն կը պ ատկանին ու չունին իրենց դէմ իրաւունքներ ուրիշ անձերու վրայ մարմնւորեալ, ու իրենց գոհացմամբ կամ զանցառմամբ չեն թուիր նպաստել կամ վնասել մի այլոյ բարիքին։ Այդ անձնաւորութիւնը, գիտէք, նոյն իսկ իտէալ մարդն է մեր մէջ, իտէալ անձը, զոր մեր բանականութիւնը կ ծրագրէ եւ զոր մեր կամքը կը պարտի մարմնաւորել, իրական մարդուն հետ նայնացնելով զ այն տակաւ մեր վրայ. բաց աստի, կա՞յ բացարձակապէս անձնական պարտաւորութիւն, ու միթէ ամենէն անձնականներն ալ չե՞ն դարձեալ ընկերական պարտքեր, քանի որ մարդկային անհատը սահմանուած է ընկերութեան մէջ ապրելու, ու անհատին բարի կամ չար հանգամանքն ու արարքը հարկաւորապէս կը ներգործէեն բարերար կամ վնասաբեր կերպով իր շուրջ, իրեն հետ ապրող մարդկային էակներուն վրայ։ Ընկերային մէն մի անհատ ընկերութեան համար կրնայ օրհնութիւն մը կամ անղծք մ’ըլլալ

Պատասխանատուութեան խնդրոյն մէջ ի հարկէ ուղիղ է խորհիլ թէ մարդ ա՛յն գործոց միայն պատասխանատու է որք իր կամքղէ՛ն կախում ունին, հետեւապէս եւ անպատասխանատու ամէն այսն բարեաց կամ չարեաց համար որք բնութե՛ան գործն են, ճակատագրային ոյժերու լաւ կամ յոռի արգասիք։ Այսպէս, բնական ձիրքեր կամ բնական թերութիւններ չեն վերագրելի մարդուն որ ո՛չ իրաւունք ունի առաջիններով պարծելու կամ պարտաւոր է վերջիններով խղճահարելու. նոյնպէս եւ մշակ մը իրաւունք չունի բնապէս յուռթի անդաստանաց առատ արգասաւորութեան պատիււը իր անձին վերագրելու, որպէս եւ ո՛չ յանցարապտ պարտի զգալ ինքզինքն ողողումի՛ մը համար որ յեղակարծումն կուգայ քերել գերփել իր արտը ու փճացնել իր աշխատութեան արդիւնքը՝ իր ընտանեաց հացն ալ առնելով տանելով իր հետ։ Ստոյգ է այս. բայց ըսած եմ ձեզ, Պարոններ, ու կը փափաքէի որ յուշի կապէիք զայն ուժով, մասա՛մբ միայն ճշմարիտ է այս, - վասնզի մարդոյն նախատեսութի՛ւնն ու կա՛մքն ու ճի՛գն կարող են շ ատ անգամներ բնութեան թերութիւնները սրբագրել, կամ աղիտաբեր պատահարներուն առաջքն առնուլ, - մինչդեռ յուլութիւնն ու անփութութիւնը լաւագոյն ձիրքերն ու նպաստաւորագոյն պայմանները կրնան ամլութեան դատապարտել։ Ո՜րքան ձիրքեր ընդունայն կը կորսուին, վասնզի աշխատութեան ու ինքնամշակութեան տենչը կը պասկի, եւ աշխարհիս մէջ ի՜նչ արգաւանդ հողերու վրայ չուառական, մերկ ու նօթի կ’ապրին մարդիկ առ ի չգոյէ նախաձեռնութեան ոգւոյ, եւ առ ծուլութեան որ չգիտէ օգտուիլ տրամադրելի առաւելութիւններէն, ու կը թողու հոսիլ անցնիլ իրմէ քանի մը քայլ անդին սահող ջինջ առուակը, ծարաւէն տանջուի՛լը նախամեծար համարելով քան դէպ զովարար կազդուրիչ աղբիւրները քանի մը քայլ առնելու յոգնութիւնը, - միւս կողմէ նաեւ ամբաստան Նախախնամութեան անգթութենէն իրեն դէմ, մինչդեռ Հոլանտացին իր մօրուտ ճախճախուտ ու յաճախ ծովէն շահուած հողերը կը մշակէ իր կանգնած թումբերուն պաշտպանութեան ապաստան, Զուիցերացին իր ապալեր քարաժայռերն ու սառնալեռներն իսկ օգտակար ընելու հնարքը կը գտնէ, ու անձուկ երկրի մը մէջ խտացեալ Պելճիացիներն մեծագոյն ազգերու հետ կը մրցին ճարտարութեամբ։ Թլուատ, կակազոտ ու անհամարձակ Դեմոսթէնը, իր յամա՜ռ ճիգերուն շնորհիւ, Յունաստանի գերազանց ատենաբանը կը դառնայ, հրապարակին վրայ ծովակոյտ խռնուող բազմագոչ ժողովրդեան ժխորին տիրող ու նախանձընդդէմ կիրքերու եւ կամքերու մրրկուտ կոհակները սանձող, - եւ ի ծնէ կոյր, խուիլ ու համր Ամերիկուհին Լօռա Պռիճման, անվհատօրէն հաստատամիտ կամքի մը գործած հրաշքովը, բարոյական եւ մտաւորական կատարեալ կեանքի՜ մը կը տիրանայ, գրել կարդալ ու շարադրել կ’ուսնի, օրհներգներ կը հեղինակէ եւ ուրիշներուն ուսուցիչ կը նստի իր կարգին։ Այսպէս նաեւ շատ մը շռայլ ու շուայտ կեանքով իրենց հայրերուն թողած հարստութիւնը փճացնելով անոր աւերակներուն վրայ խեղճուկրակ նստող Ամիրայի զաւակներուն կը հակապատկերի իր գործոց զաւակը եղող ճոխը որ մանկութեան մէջ պատառ մը հացին  կարօտը կը քաշէր եւ որուն իարւամբ բարոյական արժանիք մը կը կազմեն իր ճակտին քրտինքներովն ստեղծած հարստութիւնը ու վայելած առատութիւնը։ Ի՜նչ տարբերութիւններ, ի՜նչ օրինակներ, որք մեզի կ’ուսուցանեն պատասխանատուութեան բաժնին ընդարձակութիւնը հո՛ն իսկ ուր կը թուի ամենափոքրն ըլլալ, ապա եւ ահագին համեմատութիւնքն ուր կը հասնի ա՛նչ ուր բնատուր կամ ժառանգեալ առաւելութիւններ կը չքանան մեր թերութեամբ կամ չեն ադրիւնաւորիր ա՛յնքան որքան պիտի կրնային եթէ ուզէնք՝ բարւոյն անկե՜ղծ նախանձաւորութեամբ ու անխո՜նջ հետապնդութեամբ։ «Որում շատ տուաւ, շատ խնդրեսցի ի նմանէ», կ’ըսէ Տէրունական բանը, որ թաղուած քանքարներուն առակովն ալ կը թուի շօշափել այս կէտը եւ յանդիմանել բարոյական ու ֆիզիքական երկնաշնորհ դրամագլխուխները անշահագործ թողող կամազո՜ւրկ պղերգներն ու թուլամորթները։ Ի՜նչ ամօթ ու դատապարտութիւն այնպիսիներուն, ու քանի՜ պատիւ անո՛նց որք դժուարութիւններէ, գրեթէ անկարելիութիւններէ իսկ դուրս կը բերեն յաջողութիւնը, տաղանդներ կը ստեղծեն հոն ուր բնական տրամադրութիւնը կը բացակայէր, լոյս կը ստեղծեն հոն ուր աչքը կը պակսէր, ծաղիկներ կը բուսցնեն աւազներու մէջ, ովկիանոսներու յատակը կը մխրճին վեր բերելու համար մարգարիտները որք հո՛ն, խորն են ալուց։

Պատասխանատուութեան այս խնդրոյն մէջ կայ մի այլ կէտ եւս զոր մատնանի՛շ ըրած եմ ձեզ բարոյախօսութեան դասերուս մէջ եւ որուն վրայ ե՛ւս կ’արժէ միշտ պնդել, Ազնի՛ւ Սաներս։ Ընդհանրապէս կ’ըսուի որ մարդ ի՛ր գործին միայն պատասխանատու է, իւրաքանչիւր անհատ ի՛ր ըարածին։ Բայց այս ալ մասնակի միայն ճշմարիտ է։ Քիչ մը յառաջ խօսքը կ’ընէի այն ազդեցութեան զոր մարդկային անհատը ընկերական կեանքի մէջ ի գործ կը դնէ հարկաւորապէս իր նմանին վրայ, ազդեցութիւն մը նպաստաւոր կամ աննպաստ, եւ ա՛յ ի հարկէ կ’ենթադրէ պատասխանատուութեան բաժին մը։ Սակայն անշուշտ շատ աւելի կը մեծնայ այս բաժինը անոնց մասին որք կեանքին մէջ ուղղակի ենթարկուեցան մեր ներգործութեան, իբրեւ մեր զաւակները, իբրեւ մեր աշակերտները, իբրեւ մեր ստորակարգեալները, իբրեւ մեզմէ հովուուած կամ առաջնորդուած անհատներ, իբրեւ մեզ ընթերցող կամ մեզի ունկնդրող հոգիներ։ Այո՛, բոլոր այսպիսեաց գործերուն մէջ պատասխանատուութեան աւելի կամ նուազ մեծ բաժին մը կ’իյնայ ամէն անոնց որք արեան կապերով, ընկերական դիրքով, շահուց առնչութեամբք, պաշտօնի, խօսքի կամ գրչի հեղինակութեամբ ո՛ եւ է զօրութիւն մ’ունին զոր ի գործ կը դնեն անոնց վրայ, եւ անոնց սկզբունքներուն, զգացմանց ու նկարագրին կազկմութեան կամ փոփոխման մէջ դեր ունին։ Եթէ մարդը կը գործէ իւր սկզբանց ու համոզումներուն, իւր գզացմանց ու հակամիտութիւններուն, վերջապէս իւր նկարագրին համեմատ, ապա բացայայտ է թէ անոնք որ մեզ կրթեցին, մեզ մեծցուցին, կեանքին մէջ մեր առաջին քայլերն ուղղեցին, ու անոնք ալ որ ամէն օր մեր խորհելու եւ զգալու, հետեւապէս մեր գործելու կերպերուն վրայ ուղղակի կամ անուղղակի կը ներգործեն, անոնք պատասխանակից են մեզ հետ, անոնք «հոգիներու բեռ մը» (charge d’âmes) ունին զոր ստանձնած են եւ զոր պարտին տանիլ այնպիսի կերպով մ’որ պատուաբեր ըլլայ իրենց, ըլլալով օգտակար այդ հոգիներուն ու անոնց շուրջ եղաղներուն։ Հայրական, ուսուցչական, վարդապետական, առաջնորդական, գործադրական, գրական ու խմբագրական պատասխանատուութիւններ կան, այո՛, որոցմէ ամն անհատ պիտի ունենայ իր մասը իր գործօն կեանքի շրջանին մէջ, եւ, ո՜հ, պէտք է դողա՜ անոնցմէ։ Ֆրանսացի երեւելի վիպասանը Բօլ Պուռժէ, որ Վարդապետին ի վերայ Աշակերտին ի գործ դրած ազդեցութեան ու անոր գործոց մէջ պատասխանատուութեան մէկ աղիտաւոր պարագայն ուսումնասիրած է իր «աշակերտն (Le Disciple)» անուն վէպին մէջ, յառաջաբանին մէջ զոր կ’ուղղէ առ վաղուի քաղաքացին Ֆրանսայի, առ ֆռանսացի Պատանին, իր հեղինակի պատասխանատուութեանը մտածելով, կ’ըսէ. «Ի՞նչ քաղած, ի՞նչ ժողոված պիտի ըլլաս մեր գործերէն. խորհելով այս բանին վրայ՝ չկայ պարկեշտ գրական մարդ մը, որքան եւ աննշան ըլլայ, որ չպարտի սարսափիլ պատասխանատուութենէ…։ Դուն Աշակերտին մէջ պիտի գտնես այդ պատախսանատուութիւններէն միոյն ուսումնասիրութիւնը։ Իցի՜ւ փաստ մ’ստանայիր անկէ՝ որ այս տողերը քեզ գրող բարեկամը, ի չգոյէ այլ արժանեաց, ունի գէթ իր արուեստին լրջութեան խորապէս հաւատալու արժանիքը»։ Եւ խորհի՜լ որ մեր մէջ, գրագէտի պատասխանատուութեան խնդիրն յուզուած ատեն, կը գտնուին գրողներ որ ըսեն թէ գրագէտը բոյսի մը պէս է, վարդ կամ մոլեխինդ ըստ բնութեանն, բայց ո՛չ իր անուշահո բոյրին համար գովեստի արժանի՝ երբ վար դէ, եւ ո՛չ դատապարտելի իր ծորած թոյնին համար՝ երբ մոլեխինդ է։ Ո՜հ, ի՜նչ քան զգաղիականն աւելի մծե յառաջդիմութիւն մեր աղքատիկ գրականութեան մէջ… անշուշտ հակառակէն հասկցուած։ Մարդը բո՞յս է որ, նոյն իսկ անբան անասո՞ւն է որ ան պատասխանատու ըլլայ իր գործին ու անոր արդեանց, ի՛նք որ գիտէ բարին ու չարն ու պարտականութիւն ունի բարին ընտրելու, ի՛նք որ բարոյական էակ է եւ որոյ կամաւոր կամ սովորեալ գործունէութեան ամէն ձեւք վերագրելի՛ են իրեն՝ իրենց մօտաւոր ու հեռաւոր հետեւանաց մէջ։ Այո՛, «հոգիներու բեռ» ունինք ու պիտի ունենանք ամէնքս ալ, ու պարտի՛մք զգոյշ ըլլալ, երբ կը խօսինք, երբ կը գործենք, երբ կը հարահանգենք, երբ կը հրամայենք, երբ կը հիանանք կամ կը պարսաւենք անոնց առջեւ եւ իր լուր, որպէս զի մի՛ գոցէ գայթակղեցնենք այդ հոգիները, քանդի չմտածում մը կամ թունալի զգացում մը սպրդեցնենք անոնց մէջ, թելադրութիւն մը չարի, ապագայ ախտի մը սերմը, բարոյական կամ ֆիզիքական քայքայումի միքրոպ մը։ Քրիստոնէութեան Մեծ Վարդապետն ալ, մտածելով առ իւր աշակերտս իր պատասխանատուութեան վրայ, կ’ըսէ. «Եւ ի վերայ նոցա ես սո՜ւրբ առնեմ զանձն իմ, զի եղիցին եւ նոքա սրբեա՜լք ճշմարտութեամբ»։ Իրենց ազդեցութեան ենթարկուած հոգիներուն բարւոյն համար ինքզինք սրբացնելու այս պարտականութիւնը չի՞ վերաբերիր ամէն անոնց որք հեղինակութիւն ունին այլոց վրայ։ Ծնողքնե՛ր, դատիսարակնե՛ր, վարդապետնե՛ր, առաջնորդնե՛ր, գրողնե՛ր, ձեզի չ’ո՞ւղղուիր Քրիստոսի խօսքը։ Ո՜րչափ մեծ է ձեր պատասխանատուութեան բաժինը նոր սերունդներուն մոլութեանց, մոլորութեանց, մտքի խաւարին ու սրտի ապականութեան, զեղծ բարուց, անյաջողութեանց, անկմանց, աղտոտ ու եղեռնական արարքին մէջ, դո՛ւք որ ուսուցումն ու քարոզն ուենցաք ձեր շրթանց վրայ, վարձքը կամ սաստը ձեր ձեռքին մէջ, դրուատիքը կամ պարսաւը ձեր խօսքին կամ գրչին տակ, հեղինակաւոր օրինակին լծա՜կը ձեր անձնաւորութեան։ Եթէ օրինական ատեաններ աննկատ թողուն սովորաբար այդ բաժինը, սակայն ընկերութիւնը կը դատէ եւ կը հատուացանէ, եւ ի վեր քան զամենանյ ձեր խի՛ղճը պարտի դատախազ կանգնիլ ձեզ եւ յայսմ։ - Յաւելցնե՛նք, ամբողջացնելու համար, եւ ա՛յն պատասխանատուութիւնը որ ի հարկէ կը յառաջանայ անտի՛ զի չ’ըներ մարդ, իր շրջանակին մէջ, բոլոր այն բարիքը որուն կարող է իր բարոյական ու նիւթական միջոցներով վասնզի կարել պարտիլ է -, ու չ’արգիլեր բոլոր այն չարիքը որ իր հակազդեցութեամբ պիտի կրնար խափանուլ։ Գիտէտ որ Բարոյական Օրէնքը չի պատուիրեր միայն չարը չգործել, այլ եւ ըստ կարի առաջքն առնուլ չարին եւ իրագործել բարին, ու մեր բարեացակամութեան թերութեամբ ի լոյս չեկած բարիքը կամ չվիժած չարիքը յիրաւի վերագրելի պարտին լինել մեզ։

Ահաւասիկ, Սանունք իմ շրջանաւարտք, որպիսի՜ պատասխանատուութիւններ կը ստանձնէք դուք մտնելով գործնական կեանքին, մարդո՛ւ կեանքին ասպարիզին մէջ, որուն ձեր առջեւ հանելիք կացութիւններուն, ձեզ առաջարկելիք դերերուն իւրաքանչիւրն ունի իր պարտականութիւնները, ապա եւ պատասխանատուութիւնները։ Վախցէ՛ք ասոնցմէ, ո ՛չ թէ անոնց բեռը ձեր վրայէն նետելու համար, վասնզի այդ բեռերն են որ ձեր կեանքեր բեղմնալից ու արժանալից պիտի ընեն, այլ զանոնք կրելու եւ անոնց հարկադրած օգտակար ու կեցուցիչ վաստակները ըստ արժանւոյն կատարելու եւ ձեր պատասխանատուութիւնը ձեզ ի փառս դարնձլեւո համար։ Այո՛, ձեր փառքը ա՛յնքան աւելի պիտի ըլլայ որքան դուք աւելի ստանձնած պիտի ըլլաք պատասխանատուութիւններ ու խղճի մտօք կատարած ձեր պարտականութիւնները, որք պիտի բղխին ձեր վերաբերումներէն առ ձեր անձն, առ ձեր ընտանիքն, առ ձեր Ազգն ու Եկեղեցին, առ ձեր Երկիրն ու Պետութիւն, առ Մարդկութիւն, առ Բնութիւն, առ Աստուած, եւ են ու պիտի ըլլան արժանապատուութեան ու մշտառաջ զարգացման պարտքեր ձեր անձին նկատմամբ, խղճող Արդարութեան եւ զոհաբեր Սիրոյ պարտքեր ձեր նմանեաց նկատմամբ, գեղապաշտ ու խորհդապաշտ հոգւոյ պարտքեր առ Բնութիւնն, ու կատարելութեան վերելքին մէջ միշտ բարձրացող առաքինի անձին պարտքերը առ Կատարեալ Էակն, առ Աստուած։ Մեծ եղած պիտի լինի յայնժամ ձեր կեանքը, բարւոք լցուած Պատասխանատուութեան դափնիովը գեղապսակ, եւ, հակառակ մարդուն օրերուն սակաւութեանն, մաքո՜ւր ու լուսափա՜յլ, անա՜նց հետքեր դրոշմած երկրի վրայ։ Առ ա՛յդ իմ ամէն իղձե՜րս ձեզի։ Երթա՜յք բարեաւ։

(Արեւելեան Մամուլ, 1905, Թիւ 1)։