Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

8. «ԱՄԵՆԱՄԵԾ ՅԱՐԳԱՆՔ ՊԱՐՏԱԿԱՆ ԵՆՔ ՄԱՆԿԱՆ»
(Maxima debetur puero reverentia).
(Մրցման դրուած Նիւթ եւ Քննադատութիւն)։

 

Հռովմայեցի երգիծաբանին, Յոբնաղի, այս նախադասութեան վրայ բացատրական գրութիւններ յղած են մեզ երեք ուսուցիչներ, որոց երկուքն արդէն պատիւ ունեցանք ներկայացնելու մեր ընթերցողաց նախորդ նիւթոյն վրայ իրենց շարադրութեանցն առթի։ Սոքա են Դաւիթ Սարգսեան եւ Մ. Յ. Աղասեան։

Երրորդն առաջին անգամ կը մասնակցի մրցման, եւ է Ղեւոնդ Սրուանձտեան, շրջանաւարտ Ազգ. Կեդր. վարժարանի եւ այժմ ուսուցիչ։

Դաւիթ Սարգսեան կը համարի թէ մեծ երգիծաբանը արձակած է այդ վճիռը իբրեւ արտայայտութիւն այն խորին ակնածութեան զոր կը ներշնչէ իրեն մանկան անմեղութիւնը՝ հանդէպ իր ժամանակի Հռովմին ապականութեանցն ու ստորնութեանց որք իր զայրոյթը կը գրգռեն ու նողկանք կու տան իրեն։

«Նոյն խորախորհուրդ խօսքին –մեծ յարգանք մանկան արձագանգը կը թռի, կ’ըսէ, մարդուն կուրծքէն, երբ մարդ, բարուց նոյն խենէշութիւններէն, նոյն ապականութիւններէն… որոցմով խառնուած է իր բնութիւնը, գանած, զզուած, կը փնտռէ կէտ մը ուր կարող ըլլայ հաստատել իր ակնարկը… ու կը գտնէ մանուկը, իր հրեշտակային ժպիտներովն, իր երկնային բարբառներովն ու անմեղ սիրափարումներով»։ Իրեն համար մանուկը կատարեալ մարդն է, անոր անմեղուկ վիճակէն մեկնած ենք ու անոր պարտինք հասնիլ. ահա՛ ինչու համար ամենամեծ յարգանք պարտական ենք անոր։ Այդ յարգանաց արտայայտութեան եղանակը՝ արտաքին ձեւերը չեն, զորս չ’ըմբռներ մանուկը, ու ան՝ անգիտակից իր արժանեաց՝ «յարգանք մը չ’սպասեր բնաւ»։ Մեր յարգանաց արտայայտութիւնը նպատակ պիտի ունենայ «ուշադրութիւն ընել մանկան այն յատկութեանց որոցմով կը գրաւէ մեր հիացումը» - «խուլ յարգանք մը, հիացման, գուրգուրանքի եւ խղճամիտ փափկանկատութեան խառն արտայայտում մը»։ Եւ յետոյ պէտք է ուշադիր ըլլալ պահելու միշտ մանուկը, իր անմեղութեան մէջ, եւ առ այդ ծածկել անկէ մեր «կեանքին մթին ստուերանկարները, զգուշանալ անոր առջեւ հանելու մեր ներքին կեանքին ո եւ է մասնանկարը որ աղտոտ կողմեր ունի»։ Բայց, կը յաւելու Սարգսեան, ըստ որում մանուկը, «թէ եւ մարդ կատարեալ», օր մը պիտի մտնէ աշխարհ «որ չէ օժտուած անոր կատարելութեամբ», - թէեւ «կ’ուզէինք որ աշխարհի իսկական վիճակին անգիտակ մնայ, եթէ կարելի ըլլար» - պէտք է մանկան հոգին զօրացնել «աստիճանաբար ներկայացնելով անոր արտաքին աշխարհի թերի ու ապականեալ կողմերը», եւ որպէսզի անոնցմէ չտպաւորուի, ու «արփիի մը պայծառ անուշ ու կենեղուտ ճաճանչներով անցնի մարդկային ընկերութեան մէջէն», «զեղուլ անոր սրտին մէջ գթութեան եւ սիրոյ սկզբունքները»։

Մ. Յ. Աղասեան «Ուսուցչին կազմելիք բարոյական եւ իմացական շէնքին հիմը» կը նկատէ յարգանք առ մանուկն։ Սա, կ’ըսէ, յոյժ դիւրազգած է եւ ունի արժանապատուութեան զգացում. «ունի նաեւ կանուխէն գաղափարն թէ ուրիշներն ի՛նչ կը պարտին իրեն եւ ինք՝ ուրիշներուն»։

Մանուկը յարգելն է գգուել ու սնուցանել անոր արժանապատուութիւնը։ Եւ այնու մանկան մէ ալ կ’արթննայ փոխադարձ յարգանքի պարտականութեան զգացում մը, կը ներշնչուի անոր «ամենակատարեալ համակրութիւն առ ուսուցիչն, ում կը յաջորդեն վստահութիւն ու կրաւորական վիճակ»։ Այդ յարգանք «մտաւոր ու բարոյական յառաջդիմութեան ամենամեծ խթանն է» ուսանողին, եւ ուսուցչին համար ալ իր պաշտօնին դժուարութեանց դիւրաւ յաղթելու ամենազօր միջոց մը։ «Հետեւաբար դաստիարակութեան գործին մէջ ամենէն աւելի կարեւոր եւ ամենէն աւելի արդիւնաւոր միջոցն է յարգել մանուկը, ամենուրեք, ամէն ժամ, իր աշխատութեան, իր վշտին եւ իր հրճուանքին մէջ։ Ճշմարիտ վարժարանն է այն յորում ուսուցիչ եւ ուսանող կը գուրգուրան մէկզմէկու, կը սիրեն ու կը յարգեն զիրար»։

Եւ Աղասեան կը գանգատի թէ «յոյժ ցաւալի է որ առ մեզ առհասարակ մանուկը նկատուած է իբր յարգանաց անարժան, ամենայնի անգիտակից, ի մի բան մեքենայ մը, » ու կը մեղադրէ այն դաստիակները որոց կրթողական բոլոր ճարտարութիւնը կը կայանայ ի դէպ եւ յանդէպ սաստելու, արդար անարդար պատժելու եւ ամէն առթիւ կրաւորական հնազանդութիւն պահանջելու մէջ, «մեռցնելով ամէն համարձակախօսութեան, նախաձեռնութեան ու եռեփ եկող աշխուժութեան փորձերը»։ Ի՞նչ իրաւունք ունին այսպիսիք յետոյ իրենց գանգատներով մեր լսելիքը յոգնեցնելու՝ ըսելով թէ «իրենց աշակերտները ծոյլ, ապուշ ու անզգայ, անուղղայ ու լիրբ են, զուրկ արժանապատուութեան փոքր ինչ զգացումէ եւն»։ Աղասեանի ակնարկած այդ դաստիարակները մեր ազգային վարժարանաց մէջ «կառավարիչ անուան տակ պաշտօնավարող խեղճերն են որք սխա՜լ, շատ սխա՜լ ըմբռնած են դաստիարակին պաշտօնը… եւ որոց անմեկնելի պատճառաւ մը ցայս վայր յանձնուած է սաներու դաստիարակութեան գործը, հակառակ Կազմ. Կանոնագրի բացորոշ արգելքին, ու անգոսնելով դասարանական դրութեան ա՛յնքան անվիճելի առաւելութիւնները»։

Ղեւոնդ Սրուանձտեան իր գրուածքը կը սկսի յայտնելով կարեւորութիւնն մանկան հոգւոյն ուսումնասիրութեան իբրեւ անհրաժեշտ ու էական պայման լաւ ուսուցչութեան։ «Պէտք է գիտնալ որ, կ’ըսէ, մանուկը անգիտակից, բնազդական էակ մը չէ, այլ խորհող, գիտակից ու վերլուծող. հետեւաբար պէտք չէ անտեսել զինքը, այլ պէտք է կարեւորութիւն տալ իրեն եւ յարգել իր մանրիկ էութիւնը»։ Ուսուցիչը, գիտնալով որ «իր էութիւնը ամբողջ մանկան կողմանէ կը լրտեսուի եւ լուրջ ու անաչառ քննութեան մը կ’ենթարկուի», պարտի զգոյշ կենալ, երբ աշակերտին դիմաց կը գտնուի, իր շարժումներուն ու վարմանց մէջ, «միշտ արթուն, միշտ լուրջ, միշտ գորովալից, միշտ յարգող»։ Երբ ուսուցիչը իր պաշտօնին փափկութեան գիտակցութիւնն ունի, երբ կը սիրէ ու կը յարգէ իր աշակերտները, յայնժամ սոքա հլու եւ հնազանդ են, բայց անգամ մ’որ տղայք ուսուցչին «ապիկարութենէն ու թուլութենէն օգտուելով» գերակշիռ դիրք ստանան, երբ անգամ մ’իրենց արժանապատուութիւնը ուսուցչին կողմէն վիրաւորուած զգային, «ա՛լ մնաք բարո՜վ կարգ ու կանոն, հնազանդութիւն ու ակնածանք, սէր ու յարգանք»։ Ա՛լ այն ատեն ուսուցչին կը մնայ, կ’ըսէ Սրուանձտեան, իր գլխարկը, ու գաւազանն առնուլ ու մեկնիլ դպրոցէն, այլ եւս հոն ոտք չկոխելու համար։ Կը վերջացնէ իր յօդուածը ցաւ յայտնելով որ շատ մ’անարժանք, ի չգոյէ այլ գործոյ, եկած մտած են կրթական գործի մէջ։

«Հեռո՜ւ հեռու» կը գոչէ այդպիսեաց «որոնք մանկական հոգեբանութեանը անգիտակ՝ ահաւոր նախճի՜րներ կը գործեն մատաղ էակներու սրտին, մտքին եւ հոգւոյն մէջ», եւ «անոնց տեղ թող գան բազմին ուսուցչական աթոռին վրայ անոնք որոնք կոչում ունին, եւ որոնք գիտեն վարուիլ մանկան հետ ամենամեծ յարգանքով»։

Երեք գրութեանց ալ հեղինակները, ինչպէս մեր վերլուծութենէն կը տեսնուի, ջանացած են մեկնել Յոբնաղի խօսքին իմաստը իրենց յատուկ տեսակէտներով, եւ իւրաքանչիւրն յայտնած է զանազան լաւ մտքեր, բայց այս անգամ անոնցմէ ոչ մին պատշաճ համարեցինք հրատարակել աստ, վասն զի, ներուի մեզ ըսել, ոչ մին թուեցաւ մեզ թափանցած ըլլալ կատարելապէս խնդրոյն էութեանը, եւ ամէնքն ալ ուղիղ մտածութեանց հետ խառն կը բերէին թիւր կամ չափազանցեալ տեսութիւններ։

Առաջին գրութեան հեղինակը մանկան կատարելութեանց վրայ հիացական զգացման մը հետեւանք կը դնէ յարգանքը զոր լատին երգիծաբանը կը պահանջէ մանկան համար։ Բայց գիտենք որ մանուկը կատարեալ էակը չէ, եթէ ոչ պէտք չպիտի ունենար կրթուելու։ Ոչ միայն մտօք ու մարմնով տկար ու անկատար է, այլ եւ բարոյապէս եւս. իր անմեղութիւնը անգիտութիւն է. եւ թէեւ իրաւ է որ իր այդ անգիտութիւնը, չեռ կրից անփորձ ու ցանկութեանց ան ծանօթ իր սիրտը զինքը հեռու կը պահեն չափահասութեան յատուկ մեղքերէն, բայց նա եւս ունի իր չարութիւնները. մանուկը անձնասէր է սովորապէս, ու ան անգութ ալ է, “cet âge est sans pitié”, ու ժառանգականութեամբ շատերուն մէջ կան աւելի կամ նուազ չարի սերմունք։ Միայն թէ մանուկները, երբ չարիք գործեն, անմեղ յանցաւորներ են, ում ենք շուտով կը ներենք իրենց, վասն զի դեռ իրենց բանականութիւնը չէ կարող ընել բարւոյն ու չարին ընտրութիւնը, դեռ իրենց կամքը չէ կազմուած, եւ հետեւապէս դեռ չեն կարող պատասխանատու համարուիլ իրենց գործոց։ Բարոյական կատարելութիւնը անգիտակից գործունէութիւնը չէ, աւելի կամ նուազ անգիտօրէն բարի կամ չար, այլ գիտակից, խորհրդածեալ ու ազատակամ բարերար գործունէութիւնն է։ Մարդուն է՛ն մեծ ստորոգելիքն իր բանաւորութեան ու ազատակմութեան հանգամանքներն են, եւ դեռ երկուքն ալ յոյժ անկազմ եւ անկատար են մանկան մէջ։ Արդարեւ գիտակցութեան յանցանքներուն ու խղճի տագնապներուն առջեւ մարդ յաճախ երանի՜ կը կարդայ անգօտ ու ան խէթ մանկութեան, բայց այդ այնպէս է որպէս թէ մարդ կենաց տառապանաց հանդէպ մահուան անզգայութեան ու գերեզմանի հանգստին ցանկար։ Մանկան կատարելութեան պարագային մէջ, դաստիարակութիւնը ժխտական դեր մը պիտի ունենար, ինչպէս որ կ’երեւի ունենալ ըստ Սարգսեանի, որ կարծես կը կայացնէ զայն աշխարհի տգեղութիւնները մանկան աստիճանաբար ճանչցնելու մէջ։ Մանուկը գեղեցիկ ու հրապուրիչ է, ինչպէս ծաղիկը, ինչպէս արշալոյսը. բայց ծաղկին կատարելութիւնը պտուղն է, որպէս արշալուսին՝ արեւը իր զէնիթին վրայ։

Երկրորդ գրութեան հեղինակը լաւ կը տեսնէ մանկան դիւրազգածութիւնը զոր մեր պարտքն է չվիրաւորել, ու տղուն արժանապատուութեան նորաբոյս զգացումը զոր մեր պարտքն է տածել սնուցանել իբրեւ անոր բարոյական դաստիարակութեան կարեւորագոյն խմորը։ Բայց կարծես թէ Աղասեան այս առ մանուկը, յարգանաց պարտքը առ նա տեսակ մը քաղաքավարութեան ու փափկանկատութեան հետ կը նոյնացնէ, տեսակ մը մանկավարժի հնարք կամ ճարտարութիւն ընելով զայն, մանուկէն ստանալու համար փոխադարձ յարգանք ու դիւրայօժար հնազանդութիւն, «հեշտիւ յաղթելու պաշտօնին պահանջած այլազան դժուարութեանց ու իր նպատակին հասնելու»։ Անշուշտ տալ մանկան ինչ որ կը պարտինք անոր՝ միջոց մ’է զինքը չմղելու ի խեռութիւն, վասն զի յիրաւի, որպէս կը դիտէ Աղասեան նա գաղափարն ունի կանուխէն անոր՝զոր այլք կը պար տին իրեն, - թէեւ ո՛չ նոյնքան իրաւացի է ըսել թէ գիտէ նաեւ կանուխէն ինչ որ ինք կը պարտի այլոց, վասն զի, Ռընուվիէի ըսածին պէս, «Արդարին զգացումը իրաւանց կողմէն վաղահաս է ու պարտուց բանաւոր ծանօթութիւնը կը կանխէ երկար ժամանակաւ, բայց մենք պարտաւոր ենք մեր պարտքերը կատարել առ մանուկն, նոյն իսկ երբ սա չունենայ նանոնց որոշ գիտակցութիւնը, ինչպէս է իրողութիւնը շատ պարագայից մէջ, եւ տանի իսկ հլութեամբ մեր ինչ ինչ անիրաւ ու վնասակար վարմանց։

Երրորդ գրութեան հեղինակը աշակերտաց ներկայութեան սրատես լրտեսներու աչքին տակ կը զգայ ինքզինք ու անոնցմէ երկիւղի պէս բան մ’ունի։ Տղուն առերեւոյթ պարզութեան տակ չարաճճի ոգի մը կը նշմարէ, խորհող ու վերլուծող միտք մը որմէ ամէն վայրկեան կ’ենթարկուի լո՜ւրջ ու անաչա՜ռ քննութեան։ Պէտք չէ անտես ընել այդ փոքրիկները. եթէ անոնց անձնասիրութիւնը վիրաւորելու անխոհեմութիւնն ունենանք կամ մեր ապիկարութիւնն անոնց առջեւ պարզելու, ա՛լ վա՜յ մեզ. ուստի յարգա՜նք մանկութեան ու մանաւանդ զգուշութիւն, «երբեք յախուռն գործ, շատ քիչ անգամ բարկութիւն, երբեք աննպատակ պատիժ, երբեք անգործադրելի սպառնալիք»։ Ինչո՞ւ. վասն զի, առանց ասոր, վարժապետը «խաղալիք մը կը դառնայ իրենց ձեռքը, անզօր ու տկար…» Կը տեսնուի թէ Սրուանձտեան ինքն եւս իբրեւ կարգապահութեան հնարք մը, տղոց հաճելի ըլլալու պայման մը յանձնարարեալ կը համարի առ մանկութիւնն յարգանքն, որու ճշմարիտ բնութիւնն ալ տարտամ կը մնայ իրեն համար, ինչպէս նաեւ կը չափազանցէ ՝ երբ տղուն մտաց կատարելապէս վերլուծող ու անաչառ քննող կարողութիւն կը վերագրէ։

Յոբնաղի ԺԴ. երգիծաբանութեան մէջ կը գտնուի այս խօսքը։ Այդ երգիծաբանութեան վերնագիրն է Օրինակը. անոր մէջ բանաստեղծը կը հարուածէ այն ծնողքն որք, իրենց զեղծումեղծ բարուք, խաղամոլութեան, որկրամոլութեան, անգթութեան եւ արծաթամոլութեան աղիտաբեր օրինակները կու տան իրանց զաւակաց, եւ կը յորդորէ զանոնք ետ կենալ ամէն մեղապարտ գործէ եւ հեռացնել «այն սեմէն ուր իրենց մանուկը կը մեծնայ՝ ամէն ինչ որ կրնայ վիրաւորել անոր ականջը կամ աչքերը»։ «Ամենամեծ յարգանք պարտական ենք մանկան. երբ ամօթալի գործ մը գործելի վրայ ես, մտածէ՛ քու որդւոյդ անմեղութեան վրայ, եւ մեղանչելու վայրկենիդ՝ տղուդ տեսիլը թո՛ղ գայ քեզ պահպանել»։ Յարգանքը պաշտում, հիացում չի նշանակեր անդ, այլ խնայում, անվթար պահպանում անմեղութեանն այն հոգւոյն որ մեզ հաւատացուած է որպէս զի, հեռի ապականելէ, տակաւ զարգացնենք զայն բարւոյն ու գեղեցկին ուղղութեամբ։

Ու առ այս չի բաւեր անշուշտ մեր բարուց տգեղութիւնները ծածկել մեր զաւակներէն, ջանալ չգայթակղեցնել անազնիւ գործով թէ խօսքով այդ փոքրիկները, այլ պարտինք մաքրել, սրբացնել զմեզ, որպէս զի նաեւ դրապէս բարւոյն օրինակ լինինք մեր մանկանց։ Ալ. Վանէ ըսած է. - «Ինչ որ կ’ըսէր Յիսուս Քրիստոս իր աշակերտաց մասին - «Եւ ի վերայ նոցա ես սուրբ առնեմ զանձն իմ» - հաւատարիմ հօր եւ մօր նշանաբանն է»։

Մանկան յարգանք պարտինք նաեւ իբրեւ անձի (personne), իբրեւ բարոյական էակի, որ վախճան մ’է ինքնին եւ զոր չեմք կարող իբրեւ միջոց գործածել ըստ մեր քմահաճոյից ու շահուց, առանց անբարոյական գործ մ’ըրած ըլլալու, առանց մեծագոյն անիրաւութիւնը գործելու։ Ու թէ որ տղան դեռ կատարելապէս անձ չէ, որոյ էական ստորոգելիքն, բանականութիւն ու ազատակամութիւն, դեռ կազմուելու վրայ են իր մէջ, սակայն անձ մը պիտի լինի, անձ մ’ըլլալու ճամբուն մէջ է. այդ իր մէջն է ու պիտի դուրս գայ տակաւ. հետեւապէս այժմէն պարտական եմք մարդկային անձի արժանապատուութիւնը յարգելու նորա մէջ որ մարդն է ապագայ, եւ որ պիտի կրնայ շեղիլ իր նպատակէն՝ եթէ կանխաւ անոր տեսակէտով չվարուինք իրեն հետ։ Արդէն իր իրաւունքներուն ալ, որպէս ըսուեցաւ, եթէ ոչ որոշ ու ամբողջական, գէթ տարտամ ու մասնական գիտակցութիւնն ունի կանուխ, որով գիտէ՝ շատ պզտիկ՝ զայրանալ անիրաւութեան մը, զրկման մը, թշնամանքի մը դէմ։ Կը զգաս որ պզտիկ մարդ մ’է, ու մարդ մը պիտի ըլլայ։ Բայց իր իրաւանց գիտակցութեան անկատարութիւնն կամ զանոնք պաշտպանելու մասին իր տկարութիւնն պատճառ մը չեն որ մեր յարգանքն անոնց չափովը չափուի։

Արդարութիւնը պարտք կը դնէ չափահասին վրայ խորհիլ, հոգալ ու պաշտպանել անչափահասին տեղ, եւ ահա ասոր համար իշխանութիւնք, պաշտպան անչափահասին իրաւանց, կը միջամտեն ընտանիքին մէջ ու դպրոցին՝ բռնի յարգել տալու ծնողաց ու դաստիարակաց տղուն անտես առնուած իրաւունքները կամ գործուած բռնաբարմանց մասին համար պահանջելու։

Ըստ այսմ ծնողք եւ դաստիարակք լի յարգանօք պիտի վերաբերուին իրենց զաւակաց ու սանուց նորալոյս իմացականութեանց, քնքոյշ զգայնութեանց ու դեռածին կամեցողութեանց հետ, ա՛յնքան աւելի յարգանօք որքան սոքա դեռ անկարող են իրենց մարդկային բարձր կոչումն ըմբռնելու ու տկար՝ զիրենք պաշտպանելու յայն դիմելէ զիրենք արգիլող պատճառներուն դէմ։ Պիտի զգուշանան սուտով, սխալով ու նախապաշարմամբք անոնց միտքը թունաւորելէ, բիրտ ու վայրագ, անհոգածու ու անգորով վարմունքով վիրաւորելէ անոնց զգայնութիւնը ու թշուառացնելէ զանոնք, եւ բռնական կամքի մը խիստ ու անբանաւոր պահանջումներուն տակ փշրելէ անոնց նորակազմ կամեցողութիւնը եւ արգիլելէ նկարագրին կազմութիւնը։ Եթէ մանկանց անխելահասութիւնն իրաւունք կու տայ մեծերուն, փոքրերուն շահուն ու վախճանին իսկ տեսակէտով, իրենց խորհուրդն ու կամքը հարկադրելլու անոնց վրայ, այդ պիտի ըլլայ իմաստուն զգուշութեամբ քաղցրութեան միջոցներով, սէրէն ոգեւորուած յարգանօք, որպէս զի մի՛ գուցէ վտանգուի անոնց մէջ բարոյական էակին կազմութիւնը եւ չափազանց ու թիււր եռանդ մը դաստիարակութիւնը իր նպատակէն վրիպեցնէ։

Երեք գրութիւնք կը շօշափէին անշուշտ այս զանազան գաղափարները, մանաւանդ այս եզրակացութիւնները, բայց սկզբանց ու հետեւութեանց յստակ ու ամբողջական տեսութիւն մը կը պակսէր անոնց։

(Մասիս, Մանկավարժական Հանդէս, Նոր Շրջան, Թիւ 9-10, 894։)