Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

15. ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍՔ Ի ԶՈՒԻՑԵՐԻԱ

Վերջին մէկ երկու շաբաթներուն մէջ Ժընէվի բոլոր գանդոնը տօնական երեւոյթ մը զգեցած էր։ Կրթական ամավերջի հանդէսներուն եղանակն էր, եւ Զուիցերացւոյն համար այդ հանդէսներէն աւելի ցնծառիթ, աւելի ժողովրդական բան մը չկայ։ Իրաւ, հանդէսներ շատ ունի ան, տասնամեակներ, յիսնամեակներ, հարիւրամեակներ հանրօգուտ հաստատութեանց կամ ընկերութեանց հիմնադրութեան, օրէնսդրութեանց եւ կամ աւագ արանց ծննդեան կամ գործունէութեան, զորս եռանդագին կը տօնէ թափորներով, երաժշտութեամբ, խնջոյքներով ու բանախօսութեամբք, եւ իմաստուն երջանիկ ժողովրդի մը տեսիլը պարզելով օր առիթ կը փնտռէ ու կ’ստեղծէ շարունակ իր պաշտած գաղափարները հռչակելու եւ անոնց իրականացմամբ իր ստեղծած երջանկութեան գիտակցութիւնը վայելելու հաւաքապէս։ Եթէ այդ առիթները չբաւեն, որք ինքնին շատ են, կան դեռ պատմական յիշատակներ, թաղային տօներ, արհեստաւորաց իւրաքանչիւր դասակարգերու յատուկ հանդիսական օրեր, սեւ կամ հերոսներ նահանգական, դաշնակցական կամ համազգային մրցական փորձերու մէջ յաղթութեան դափնին կորզող, որոց իրենց հարենակիցք՝ անոնց փառքովն հպարտ՝ խանդավառ ընդունելութւն մը կը կազմակերպեն, - ինչպէս Ժընէվի ժողովուրդն ըրաւ անցեալներս գիշեր մը Լիոնի դիպաձգութեան (tir) համազգային մրցահանդէսին մէջ ամենէն առաջին մրցանակները շահող Կիյեօմ Թէլի հինգ քաջ զաւակներուն, որոց երեքը Ժընէվցի եւ երկուքը Նէօշադէլցի երկաթուղւոյ կայարանէն դիմաւորելով զիրենք, ժողովուրդ եւ իշխանութիւնք, եւ զինուորական երաժշտական խումբի մ’առաջնորդութեամբ, «հուռռա՜» գոչող հազարաւոր բազմութեան մէջէն յաղթական երկայն գնացքով բերելով մինչեւ Համալսարանին կից հանրային պարտէզն, ուր կառավարութեան ներկայացուցիչք գովեստի ու երախտագիտութեան ուղերձներով անոնց ճակատը կը համբուրէին ու աջը կը թօթուէին, վասն զի ամէն ազգերու առջեւ իրենց ազգին փառքն էին բարձրացուցած, մինչ թնդանօթը կ’որոտար անոնց ի պատիւ, ու մայրերը իրենց մանուկները գրկած վեր կը բարձրացնէին՝ բեմին լոյսերուն տակ ազնիւ հպարտութեամբ մը կանգնող հ երոսները ցոյց տալու համար անոնց։

Այսպիսի հանդէսներ ունի բոլոր Զուիցերիա, ինչպէս միւս նահանգաց համար ալ թերթերու նկարագրութեանց մէջ կը կարդանք, բայց դպրոցական հանդէսք ուրիշ ընտանեկան ու ժողովրդական հանգամանք մ’ունին մանկավարժութեան այս դասական հողին վրայ. անոնց մէջ կը տեսնես բոլոր այն մեծ կարեւորութիւնը զոր այս ժողովուրդ կու տայ կրթութեան գործին, այն մեծ սէրն որով ազգն ողջոյն մէկ հօր մը պէս կը գգուէ իւր ուսանող մատաղ սերունդը։

Աստ, ի Ժընէվ, ամէն վարժարանք, բաց ի Համալսարանէ, ունին իրենց տարեկան մրցանակաց ու վկայականց բաշխման հանդէսը։ Վերջին մէկ երկու շաբաթներուն մէջ, «Արհեստական Ակադեմիայ»էն սկսեալ, որ հասուն աղջկանց ու կանանց եւ երիտասարդաց, արդէն մեծ մասամբ գործաւոր կամ արհեստաւոր, ձեռագիտական զարգացման ծառայող հաստատութիւն մ’է, հետզհետէ հանդէս եկան նախակրթարանք, լրացուցիչ կրթարանք, ք աղաքին ու պետութեան գեղարուեստից դպրոցք, վաճառականութեան, ժամագործութեան ու մեքենագործութեան վարժարանք, արհեստագիտական վարժարանը, Գոլէժը, Ժընէվի երկրորդական կրթութեան այդ պատմական հաստատութիւն՝ը Կալվինէն իսկ հիմնուած, ու Աղջկանց երկրորդական ու բարձրագոյն վարժարանը, ու Երաժշտութեան Գոնսէռվադուառը։ Երբեմն մէկ քանի դպրոցներու հանդէսք միացեալ կը կատարուէին։ Կիրակի օրեր տեղի ունեցան գիւղային թաղապետութեանց նախակրթարաններու հանդէսք, ու նաեւ նոյն օրեր քաղաքին մէջ, տաճարաց յարկին տակ, կրօնական կրթութեան մրցանակաբաշխութիւնք առանձին։

Եւ նախ եւ յառաջ փութամ ըսել թէ մրցանակի, վարձատրութեան դրութիւնն ընդունուած է հոս ամէն դպրոցներու համար գրեթէ եւ ի գործ կը դրուի լայնապէս։ Գիրք կամ միտալ է տրուած պարգեւը, երբեմն բացի ի դպպրոցին մրցանականերէն կան մասնաւոր պարգեւներ այս կամ այն Մարմնոյն կող մէն նուիրուած, ինչպէս էին Արհեստագիտական Ակադեմիային մէջ կահագործ, ատաղձագործ, գոհարագործ արհեստաւորաց ու արհեստապետաց ժողովներու (chambres syndicales) կողմէ ղրկուած մրցանակներ, որոց ոմազքն դրամական էին։ Միայն Գոլէժն ու Արհեստագիտական դպրոցը յաջողակ աշակերտաց բաշխեցին վկայագրեր (certificat), յաջողակագունից «շատ պատուաւոր» կամ պարզապէս «պատուաւոր յիշատակութեամբ»։ Բայց Գոլէժը բաշխեց նաեւ իր մէկ քանի ուսանողաց յատուկ մրցանակներ գաղիերէն շարադրութեան եւ արտասանութեան, զորս մասնաւոր անհատք (prix Hentsch, fondation Alph. Scheler) հիմնած են այդ ճիւղերուն մշակման մղում տալու նպատակաւ։ Պարգեւներու այս դրութիւնը մանկավարժական տեսակէտով իր քննադատական կողմն ունի անշուշտ, եւ Ժընէվի կրթական իշխանութեանց անոր ընթայած տեղը չեն տար ամէն տեղ Զուիցերիոյ մէջ. բայց անուրանալի է որ իր առաւելութիւններն ալ ունի, մանաւանդ երբ զգոյշ ու իմաստուն կերպով ի գործ դրուի եւ միայն ձեռք բերուած արդիւնքը վարձատրելու չծառայէ, այլ նաեւ ու մանաւանդ բարի կամեցողութիւնը, Ճիգը, յարատեւութիւնը, ու աշակերտին ինքն իրեն հետ բաղդատաբար ալ ըրած յառաջդիմութիւնը։ Սա յայտնի է թէ այս խնդիր գործնականին մէջ, ինչպէս տեսականին, բացարձակ վճիռ մը չէ ստացած յԵւրոպա ինպաստ վարձատրութեանց ջնջման, եւ չեմ կրնար զարմանքս բռնել եբր կը յիշեմ մեր այն մանկավարժները! որք ուսանողաց նախանձորդութիւնը գրգռելու այդ միջոցին դէմ կտրուկ ու աններող պատգամներ կ’արձակէին, կարծելով նաեւ իրենց միամտութեան մէջ թէ Եւրոպական ժողովուրդք, մանաւանդ մանկավարժ Զուիցերիա, վաղուց կտրած նետած են զայն իրենց կրթական եղանակաց մէջէն։

Հանդիսասրահը, քաղաքին մէջ, կամ Համալսարանի բանախօսութեանց ամփիթատրոնն է (Aula), կամ «Վիքթոռիա Հօլ» կոչուած երաժշտական հոյակապ սրահը, եւ կամ մի այլ ընդարձակ շքեղ լսարան որ Salle de la réformation անունը կը կրէ եւ ընդհանրապէս կը ծառայէ կրօնական պաշտաման ու քարոզութեանց։ Ժողուվուրդը, մեծ մասամբ իգական սեռի, լցած է արդէն հանդիսավայրին շրջաբոլորն ու վերնատունները, երբ որոշեալ ժամուն կը հասնին ուսանողները, իրենց ուսուցիչներէն առաջնորդուած, եւ կը գրաւեն իրենց նստարանները. գետնայարկը, որ կեդրոնն է սրահին, իրենց յատկացուած մասն է։ Յաճախ թափօր կազմած կու գան հանդիսատեղին, զոյգ զոյգ կամ չորս չորս քալելով համաչափ, դրօշակներ առջեւնէն ու զինուորական նուագախումբ որ իր պղնձեայ գործիներուն վառվառով կը գոռացնէ օդը։ Այս թափօրը, քաղաքին փողոցներուն մէջէն իր հանդիսական գնացքն ընելով, անցած է կառավարութեան ապարանքին առջեւէն իր յարգանքը նուիրելու համար Իշխանութեանց որոց ներկայացուցիչք անոր ճամբուն վրայ կ’սպասեն։ Երբ ժողովուրդ եւ ուսանողութիւն պատրաստ են, ահա՛ պաշտօնական մարմինը իր մուտքը կ’ընէ ու կը բազմի բեմին վրայ շարուած աթոռներուն վրայ։ Ամէնքն ալ ֆռաք հագած են ու եր կար սեւ գլխարկներ կը բռնեն ձեռուընին։ Սոքա են անդամներ Պետական Խորհրդին, Աւագ ժողովոյ (երեսփոխանական) Դիւանին, Հանրային կրթութեան Պաշտօնատան եւ Քաղաքապետական ժողովոյն ներկայացուցիչք, տնօրէնք, ուսուցիչք եւ քննիչք (Jury)։ Յաճախ անոնց գլուխը կը տեսնուի Պ. Էօժէն Ռիշառ, որ Պետական Խորհրդոյ նախագահն է, այսինքն Ժընէվի Հանրապետութեան Գահերէցը, ու միանգամայն պետը հանրային կրթութեան պաշտօնատան, եւ որ անձամբ կու գայ շատ անգամ ու գիւղերն իսկ կ’երթայ անձամբ նախագահել կրթական հանդէսներուն։ Փոքր մարդ մ’է, խարտեաշ ալեխառն մազերով, բարի ու մտացի դէ մքով, դեռ քիչ ատեն յառաջ Համալսարանի մէջ իրաւաբանութեան ուսուցիչ։ Բեմին մէջտեղը, նախագահի թիկնաթոռին առջեւ, կայ սեղան մը, որուն վրայ են մրցանակի փայլուն գրքերը, միտալները, վկայականները։

Նախագահը նիստը բացուած կը հրատարակէ, եւ եթէ ուսանողներու կողմէ խմբերգ մը չկայ երգորւելու, խօսքը անմիջապէս կու տայ անոր որ պիտի կարդայ տեղեկագիրը։ Բայց սովորաբար աշակերտաց կողմէ (նախակրթարանաց, արհեստագիտական դպրոցի, Գոլէժի ստորին բաժանման եւ աղջկանց երկրորդական դպրոցին) խմբերգ մը կ’երգուի ի սկզբան, երեք կամ չորս ձայներով, ճարտար հիւսուածքով խմբերգ մը, որուն կ’առաջնորդէ ուսուցիչ մը կամ վարժուհի մը, եւ որուն մէջ արդէն փոքրիկ Զուիցերացիք ցոյց կուտան երաժշտութեան համար իրենց ունեցած ճաշակն, ա՛յնքան կանոնաւորութեամբ, ճշդութեամբ ու շնորհքով կ’երգեն անշփոթ եւ հեշտ։ Իրեն են որ, դպրոցէն յետոյ, պիտի երթան ստուարացնել գործիական կամ ձայնական երաժշտութեան ընկերութեանց կարգերը որք, զանազան անուաններու տակ, La Muse, L’Ondine, La Musique d’Elite, La Fanfare genevoise, La Société du chant sacré, L’Harmonie nautique, եւն) մեծ վարպետներու առաջնորդորւթեամբ՝ կը մշակեն երաժշտական արուեստը եւ ամբողջ տարին իրենց ընտիր նուագահանդէսներով ժողովուրդը կ’զմայլեցնեն։ - Տեղեկագիրը, որ անհրաժեշտ մասն է դպրոցական հանդէսներուն, նախակրթարանաց մասին կը ներկայացնէ նախնական կրթութեան ընդհանուր տեսուչք կամ մի ներկայացուցիչ հանրային կրթութեան շատօնատան. Գոլէժի եւ նման հաստատութեանց համար տնօրէնն է տեղեկաբեր։ Պարզ ու գրեթէ չոր ոճով շարադրուած եւ այցելու տեսչաց ու պաշտօնական քննչաց վկայութեանց վրայ հիմնուած, տեղեկագիրը կը պարզէ վարժարանաց տարեկան ընթացքը եւ քննութեանց արդիւնքը։ Վերջացող դպրոցական տարւոյն մէջ ք անի՛ աշակերտք յաճախած են վարժարան, այդ թիւ նախորդ տարւոյն բաղդատմամբ աճա՞ծ է թէ նուազած. օտարականաց թուոյն համեմատութիւնը ի՞նչպէս է բնիկներու հետ (եւ պէտք է ըսել թէ բաւական մեծ է, %30, թողլով Համալսարանի Ուսանողները որոց 540ը օտարազգի են, ամբողջութիւնն ըլլալով 825). աշակերտք կանոնաւոր յաճախում ունեցա՞ծ են. բացակայութեանց եւ յապաղմանց թիւն ո՛րքան եղած է. ուսանողաց կարգապահութիւնը ի՞նչ աստիճան է։ Ծրագիրը փոփոխութիւն կրա՞ծ է ու անոր մէն մի ճիւղի գործադրութիւնը ի՞նչ արդիւնք տուած է դասարանաց մէջ. ուսուցման նիւթական միջոցք եւ գործիք բաւական եղա՞ծ են, եւ եղանակներն ի՞նչ զարգացում ստացած են. ո՞րք են թերիք ու բաղձալիք այդ մասին. վարժարանաց շէնքը, կարասիք ու մաքրութիւն փափաքուած վիճակի մէջ են, եւ օդն ու լոյսը կը մտնե՞ն հոն պէտք եղածին պէս. դպրոց եւ տուն, ուսուցիչք եւ ծնողք բաւական համերա՞շխ են միմեանց հետ, ուսուցչական մարմնոյն մէջ փոփոխութիւն տեղի ունեցա՞ծ է, եւ կա՞ն մահուամբ հեռացողներ, նոյն օր սգալի ու երախտագէտ յիշատակութեան մը առիթ. ահա՛ այն գլխաւոր խնդիրները որոց վրայ կը խօսի տեղեկագիրը, բաղդատութիւններ ու դիտողութիւններ ընելով, առաւելութիւններ ու թերութիւններ ի վեր հանելով, ուշադրութիւն հրաւիրելով բարւոքելի եւ զգուշալի կէտերու վրայ, եւ կը վերջացնէ ուսուցչաց, վարիչ մարմնոց ու ծնողաց ուղղելով խնդակցութեան ու քաջալերանաց ջերմ խօսքեր։ Կրօնական կրթութեան համար կատարուած մրցանակաբաշխի հանդէսներուն մէջ տեղեկագիրը կը ծանրանայ մասնաւորապէս սոյն կրթութեան կարեւորութեան վրայ։ Գառուժի մէջ (Ժընէվի մօտակայ թաղ մը) տեղեկաբերը, որ ժողովրդապետ մ’էր, կ’ըսէր թէ «Տղոց կրօնական եւ բարոյական ւսուցման կարեւորութիւնը պայծառապէս դուրս կու գայ այն իրողութենէն թէ ընկերութիւնը պարկեշտ, ուղղաբարոյ, խղճամիտ տարրերու պէտք ունի վնասակար տարերց աղիտաբեր ձգտումները հակակշռելու համար»։ - «Կէս դարէ ի վեր, կ’ըսէր դարձեալ, գիտութիւնը ահագին յառաջդիմութիւններ ըրաւ, պարտինք հպարտ ըլլալ ադոր համար. գիտութեան նպատակն է մերձցնել զմարդիկ, լուսաւորել զանոնք, առաջնորդել զանոնք այն ճամբուն մէջ որ կը տանի իրաց ներկայ վիճակէն գերազանց վիճակի մը։ Բայց խորհողին համար մեր արդի ընկերութիւնը իւր ծոցոյն մէջ կը կրէ ախտային սերմեր զորս վտանգաւոր է թողուլ աճել, զի եթէ ըլլայ որ յառաջ բերեն իրենց արդիւնքներ, մեծ կը լինի յետագնացութիւնը։ Ահա՛ սորա համար կրօնի ուսուցիչք պարտին արմատացնել պատանութեան սրտին մէջ բարւոյն, գեղեցկին, ճշմարտին սէրը, սէրն այն ամէն բանի որ մարդը տկար բնութեան ստորին բնազդներէն վեր կը բարձրացնէ»։ Ու ատենաբանը յորդոր կը կարդար ծնողաց՝ կրօնուսոյցներու «գեղեցիկ բայց յաճախ տաժանագին» գործին աջակից ըլլալ։

***

Տեղեկագրին ընթերցումէն յետոյ, նախագահն է որ խօսք կ’առնու։ Երբ թաղին քաղաքապետն է, կամ թաղապետական ժողովին նախագահը, կամ Հանրային կրթութեան պաշտօնատան մի ներկայացուցիչը, քանի մը վայելուչ խօսքերով շնորհակալութիւն կը յայտնէ կրթական գործին բոլոր աշխատողներուն, ապագայ բարւոքումներու համար ամենուն եռանդը կը գրգռէ, եւ ուսանողաց, ընթացաւարտ թէ մնացող, կ’ուղղէ հայրական խրատներ, ընտանեկան շեշտով մը խօսելով անոնց եհտ, իբր թէ ամէնքն ալ իր զաւակներն ըլլային։ Առաքինութիւնքը զորս կը յանձնարարեն մանաւանդ այս նախագահք՝ կամքի կորովը, աշխատութեան սէրը եւ պարտուց հաւատարմութիւնն են։ Կենաց դժուարութիւններուն մէջ անոնք պիտի ըլլան, կ’ըսեն, իրենց զօրաւիգը, իրենց յաջողութեան երաշխաւորը եւ իրենց մխիթարիչը։ Իրենց վստահութիւնը իրենց անձին վրայ դնել կը քարոզեն։

Երբ Էօժէն Ռիշառ է որ կը նախագահէ, վստահ ես որ գեղեցիկ ճառի մը պիտի ունկնդրես, գրական յատկութիւններով, իմաստասիրական տեսութիւններով, մանկավարժական նկատողութիւններով զարդարուն ու պարարուն։ Նա այս ամ երեք կարեւոր բանախօսութիւններ արտասանեց Նախակրթարանաց, Գոլէժի եւ Աղջկանց երկրորդական վարժարանի հանդէսներուն առթիւ։

Նախնական կրթութեան վրայ խօելով, կը շեշտէր պէտքն միաբան ու համերաշխ գործակցութեան դաստիարակին ու ծնողաց, ինչ որ կրնար ըլլալ արդիւնք անոնց յաճախակի բանակցութեան, որով տեղի չեն ունենար բնաւ այն հակասութիւնք ուսուցչին ու ծնողին տեսութեանց ու վարմանց մէջ որք չեն խուսափիր մանուկին սրատեսութենէն ու կը վնասեն յաչս իրեն իր կենաց առաջնորդներուն բարոյական հեղինակութեան։ Եւ առ այս հարկ է որ ծնողք շահագրգռուին իրենց զաւկին դպրոցական կենաց առօրեայ փոքրիկ դէպքերուն առանց ձանձրոյթ զգալու։ «Խիստ յաճախ երբ մանուկը պատմէ իր դպրոցական կեանքին պատահարները, իրեն ըսած են. Ա՜հ, նորէ՞ն այդ դպրոցի պատմութիւններդ. ուրիշ բան մ’ունի՞ս ըսելու։ Է՜հ, կ’ըմռնեմք թէ այդ հայրը, գործի օրուան մը հոգերէն յետոյ, սիրէ պահել իր տան երեկոյի քաղցր ժամուն համար ջինջ խաղաղութեան մթնլորոտ մը, թէ իւր տղայոց խնդալի շաղփաղփէն ուզէ միայն թարմութիւն ու հանգիստ քաղել, եւ թէ տաղտկալի երեւի իրեն անոր մէջ ալ գտնել մանրանկար պատկերն այն գձուձ ու տխուր բաներուն զորս երջանիկ էր պահ մը մոռնալուն։ Բայց դաստիարութիւնն յարատեւ զոհողութիւն մը չէ՞ միթէ։ Չե՞նք գիտեր թէ իրե՛նց, ո՛չ թէ մեզի համար պարտինք սիրել մեր զաւակները։ Արդ իրենց պատմութիւնները, զորս երբեմն չլսել կ’ուզղիք, տեղեկութեան աղբիւրներու ամենէն պատուականը կը մատակարարեն ձեզ»։ Ըստ որում դպրոցին հաւաքական կեանքն ընկերական կենաց աշկերտութիւնն է եւ շատ չտեսնուիր որ կենաց ընթացքին մէջ իր բնաւորութեան նախանկան հիմը փոխէ սա կամ նա մարդը որ դպրոցէն ելնելու ատեն վարանոտ կամ հաստակամ էր, երկչոտ կամ յանդուգն, անձնասէր կամ ուրիշին օգնելու յօժար, մեծամիտ կամ մարդընտել, պարզ կամ կեղծաւոր, միջամտել պէտք է դպրոցական կեանքի սկիզբէն, եւ եթէ չենք կրնար ինչ որ իդէալը պիտի ըլլար անտեսանելի կերպով ներկայ ըլլալ դասերուն եւ մանաւանդ զբօսանաց, գէթ ունկնեդիր պէտք է ըլլալ սիրով տղուն ըսածներուն որոց մէջ անքօղ կը տեսնուի իւր բոլոր հոգին։ Ու մանկավարժ պետական մարդը կը վերջացնէր սա խորիմաստ խօսքերով. «Այս տղայոց երջանկութիւնը կամ ապերջանկութիւնը մեր ձեռքով պիտի զանգուի։ Կանաչ ցորենաբոյսը կը բարձրանայ հասկով ուռած։ Երիտասարդ Սպարտացւոց պէս պիտի կրնան երգել օր մը. Ենք ինչ որ եղաք, պիտի ըլլանք ինչ որ էք։ - Կշտամբա՞նք թէ երախտագիտութիւն, յո՞յս թէ մորմոք, ի՞նչ պիտի հնձենք։ Պատասխանատուութիւնը կը ծանրանայ մեր վրայ եւ մեր ամենուն վրայ։ Մեզմէ հայրենիքի սիրովն ազնուացած նկարագրով մարդիկ կ’ուզեն։ Խորհինք միշտ այդ հայրենիքին վրայ, եւ մեր սրտերն անոր մէջ պիտի գտնեն մեր զաւկները մեծցնելու գաղտնիքը»։

Ժընէվի Գոլէժը երկու մասի կը բաժնուի, Ստորին բաժանում, Վերին բաժանում կամ Ժիմնազ, առաջինը 3, երկրորդը 4 տարիներու ընթացքով։ Այս վերջինն իր մէջ չորս հատուածներու կը հիւղաւորուի, Դասական (classique), Իրագիտական (réal), Ճարտարական (technique) եւ Մանկավարժական (pédagogique), որք երկրորդական երթութեան բարձրագոյն մասը կ’աւանդեն արդէն իսկ մանսագիտական բաժանեալ ուղղութեամբք, թէ եւ ունին հասարակաց ու միացեալ ճիւղեր։ Ըսել է թէ Ժիմնազի ծրագիրք այնքան շատ ծանրաբեռնեալ չեն ինքնին, քանի որ այս ճիւղաւորմամբ ինչ որ հատուածներէն միոյն ծրագրին մէջ կայ՝ կրնայ պակսիլ միւսին ծրագրին մէջ կամ թէ թեթեւ մասով մը մտնել անոր մէջ։ Այսուհանդերձ երկրորդական ըրթութեան ծարգրի դէմ հոս եւս կայ խճողման կամ չարավաստակութեան ամբաստանութիւնը, եւ այդ խնդոյն վրայ կը ծանրանայ մանաւանդ Պ. Էօժէն Ռիշար Գոլէժի հանդիսին մէջ արտասանած բանախօսութեամբ։ Կը յայտարարէ թէ այս մասին մուծանելի բարւոքմանց նկատմամբ ընտանեաց հայրերու հետ սկսուած բանակցութիւնք աւարտած են, որք սակայն սա իրողութիւնը հաստատած են թէ այսօրինակ խնդիրներ զանազան երեսներ ունին եւ տեսակէտներու համեմատ տարբեր լուծումներ կը ներկայացնեն։ Եթէ ուզուի ուսմանց առարկայից թիւը նուազեցնել, մտաւոր կրթութեան ծայրատումէ մը, կանխահաս մասնաւորումէ մը կը վախցուի, իսկ եթէ թիւը պահելով՝ իւրաքանչիւր ճիւղի վերաբերեալ ծանօթութեանց քանակը վերածուի, այն ատեն ինչ որ տարածութեան կողմէ կը շահուի՝ կը կորսուի խորութեան կողմէ, եւ թէ եւ շատ կամ ամէն բանի վրայ լոյսեր ստանայ ուսանողն, բայց ամէնքն ալ աղօտ ու տարտամ կը լինին ու շուտով անհետանալու ենթակայ։ Բայց ինքն, ատենաբանը, կը կարծղէ թէ կարելի է գտնել միջին ճամբայ մը. թողուլ որ ուսանողը վերջին տարիներուն մէջ մի քանի ճիւղերու ընտրութիւն ընէ եւ զանոնք խորապէս ուսուցանել իրեն, իսկ ուրիշներու վրայ ընդհանուր լուսաւորութիւն մը տալով գոհանալ։ Արդէն, երկրորդական ուսմանց նպատակն ու անոնցմէ ստացուելիք էական առաւելութիւնը մտքին պատրաստութիւնը, իմացականութեան հերկը չէ՞, կ’ըսէ. արդ եթէ այս աշխատութիւն փոքրաթիւ հրահանգաց վրայ կատարուի, վնաս մը չի կրեր, ընդհակառակն՝ կը շահի, աստ խորութիւնը տարածութենէն աւելի կարուր ըլլալով։ Այն ատեն գէթ մարդ մօտէն տեսածին տեւական ծանօթութիւնը պիտի ունենայ, եւ երեք գիտցուած բան նախամեծար չէ՞ վեց մոռցուած կամ գէթ անորոշ բաներէ»։ Ասկէց զ ատ, մտքին այդ ամփոփումը, կրթութեան (instruction) դաշտին այդ անձկացումը կարեւոր կը համարի Պ. Ռիշար, մանաւանդ բարոյական կրթութեան, դաստիարակութեան տեսակէտով։ «Պէտք է խոստովանիլ, կ’ըսէ, իւրացնելիք նիւթերուն կոյտը արգելք մ’է ո՛չ եւ է փորձի»։ Կը գտնէ որ դաստիարակութիւնը չափազանց կ’անտեսուի, թէ կարի այլամերժ կերպով զուտ իմացականութեան դաշտը ընդարձակել աշխատուեցաւ վերջի ժամանակներս եւ թէ ծայրայեղութեան մէջ ինկած են ամէն առաքինութիւն ուսման միայն վերագրելով, իբրեւ թէ ան իրեն նպատակն ըլլար, մինչդեռ միջոց մը միայն կրնայ ու պարտի ըլլալ։ Գրային, մատենական (livresque) կրթութիւն մը կու տանք այսօր, ու նոր սերունդը չափազանց կամ մանաւանդ գէշ կը կարդայ։ Այդ անյագութիւն ընթերցման մէջ՝ կ’սպաննէ անհատականութիւնը որ պարզապէս ընդունարան մը կը լինի եւ կը կորսնցնէ քիչ քիչ անկախութեան ունակութիւնն, ինչպէս ամէն սկզբնականութիւն։ Միտքը նրբացնելու, կահաւորելու զբաղման մէջ ա՛լ ժամանակ չի մնար կամքի զսպանակները ձգտեցնելու եւ նկարագիրները դարբնելու։ Աստի թոյլ, ախտակիր, «ա՛լ ուզել չկրցող» երիտասարդութիւն մը, ինչպէս կ’ըսեն անոր ներկայացուցիչներուն մէջէն անոնք որք ամենէն լաւ գիտեն բացատրել ինչ որ իրենց «հոգւոյ վիճակը» կ’անուանեն։ Բայց պէտք է խորհիլ. «հզօր հոգիները, բարոյական արիութիւնք աւելի թանկագին եւ աւելի օգտակար են ժողովրդի մը քան նոյն իսկ ներհունութիւնը (érudition)»։ Ահա՛ այսպիսի տեսութիւններով Զուիցերացի պետական մարդը դէմ կ’ելնէ արդի կրթութեան եւ անոր հիմնական բարենորոգման պէտքը կը հռչակէ։ «Ստիպողականութիւն կայ վերստին ձեռք առնելու դաստիարակութեան գործը, նոյն իսկ իւր հիմերուն մէջ, զայն հիմակուընէ աւելի լաւ հասկնալու եւ անոր լաւագոյն բաշխում մ’ընելու համար։ Իմացականութիւններ ձեռակերտել լաւ է, խիղճեր կազմելը լաւագոյն պիտի ըլլար»։

***

Օր մը վերջը եւ այդ օրը վերջին էր քաղաքին դպրոցական հանդիսական օրերուն Պ. Էօժին Ռիշար ուրիշ կարեւոր ու գեղեցիկ ճառ մը կը խօսէր։ Աղջկանց երկրորդական ու բարձրագոյն վարժարանին հանդէսն էր ու կնոջ դաստիարակութեան խնդիրն էր նիւթը։ Ատենաբանը կը յիշեցնէ այդ դպրոցին խոնարհ սկզբնաւորութիւնը 50 տարի յառաջ, նորութիւն մը, գրեթէ յանդգնութիւն մը, «վասն զի կնոջ դաստիարակութեան դատը դեռ հեռի էր շահուած ըլլալէ»։ Այսօր փառաւոր հաստատութիւն մ’է այն, երկու բաժանումներով, ստորինը չորս եւ վերինը երեք տարուան դասընթացքով, այս վերջինը ճիւղաւորեալ գրական եւ մանկավարժական հատուածներու, հարուստ թրագրովք զոր կը գործադրեն ամենէն մեծ անունները կրող ուսուցիչներ, որոնց շ ատք ուսուցիչք համալսարանի։ Կիսադարեան միջոցի մը մէջ արժանեաց ու մատուցեալ ծառայութեանց ճոխ պսակ մը քաղած է. «անոր կը պարտինք, կ’ըսէ նախագահ-ատենաբանը, ուսեալ Ժընէվցուհւոյն այն տիպարը որ գիտէ առտնին խնամքները կցորդել մտքի հաճելի հանգամանաց, կինն ընկեր առնական ուղեղն զբաղեցնող հոգերու, բարեխորհուրդ այն կինը որ մհտութիւնն ու իր սեռին հրապոյրները միացուցած՝ միանգամայն ոյժ մը եւ զարդ մ’է իւր ընտանիքին համար։ Նա կազմեց լուսամիտ մայրեր, կարող բարձր տեսակէտէ մ’առաջնորդել իրենց զաւակաց դաստիարակութեան, կարող ամենէն համեստ տունը ընելու վառարան մ’ա՛յնքան սրտին որքան մտքին համար»։ Բայց իգական սեռի ընդհանուր մշակման այս հաստատութեան քով աւագ ժողովը հարկը տեսածէ աւելի համեստ ձգտումով՝ այլ ոչ նուազ կարեւոր ու կենսական աղջկանց դպրոցի մը, այն է տնարարական դպրոցի մը որուն բացումը որոշած է։ Սա նպատակ պիտի ունենայ աւանդել ա՛յն գործնական ծանօթութիւնները, անհրաժեշտ տեսական գիտելեաց փոքրագոյն թուով մ’ամրապնդուած, զորս պարտի ունենալ ամէն լաւ տանտիկին որ ինքզինք պատասխանատու կ’զգայ զինք շրջապատողներուն երջանկութեան. հաստատութիւն մը, նպատակայարմար յատուկ կազմակերպութեամբ, որ պատրաստէ ճշմարիտ տանտիկիններ միանգամայն եւ լուսամիտ կիներ։ Այս հաստատութիւն, որպէս կ’երեւի, պիտի ըլլայ նման անցեալ տարի Լա Շօ-տը Ֆօնի մէջ հիմնուածին որ կերակուր եփել, շուկայէն սննդանիւթոց եւ այլ պտիոյից գնումներ ընել, տուն տեղ մաքրել ու սեղան դնել, կար ու կարկտուք ընել, արդկել եւլն, կ’ուսուցանէ գործնապէս՝ առտնին տնտեսութեան եւ առողջապահութեան դասերով հանդերձ։ Այս ծանօթութեանց ամէն կանայք պէտք ունին. անոնց շնորհիւ կարգն ու բարօրութիւնը կը տիրեն ու կը շատնան տուներուն մէջ, ընտանիքներու խաղաղութեան այդ աղբիւրները։ Այս դպրոցը չպիտի կանգնի հակառակորդ միւսին, եւ անոր հիմնադիրք միտք չունին բաժանում մը յառաջ բերելու աղջիկներուն մէջ, մէկ կողմէն առտնին նիւթական հոգերով զբաղելու ու միւս կողմէն իմացական բարձրագոյն մարզերը սաւառնելու սահմանուած դասեր։ Ատենաբանը կը հերքէ ուժգին այս գաղափարը։ «Ծանրապէս պիտի սխալէին այսպէս կարծողները. երկու դպրոց ունենալով չենք ուզեր երկու կիներ յառաջ բերել»։

Աւետարանի Ղազարին երկու քոյրերը օրինակ առնլով, չ’ուզեր ան որ Մարթա միայն տունը հոգայ ու անուշադիր ականջով միայն լսէ աստուածային վարդապետին խօսքերը, եւ Մարիամ ալ ընկղմի միայն անոր նկատողութեանը մէջ. ինչո՞ւ Մարթա բաժին չունենայ ասկէ, ու Մարիամ ինչո՞ւ չհասկնայ թէ պաշտօններու ամենէն խոնարհն ալ պարտաւորութեան ցոլքով մը կը շողազարդի։ Կինը նախախնամութիւն մ’ի գործ կը դնէ. զայն յատկանշող բնազդը մայրութեան բնազդն է. քոյրը յաճախ իր եղբայրներուն «մայրիկն» է եւ «մերթ ի՞նչ աւելի գորովագութ մայր մարդու մը համար քան իւր իսկ աղջիկը»։ Աւելի մոգիչ հրապոյրներ, գեղեցկութեան շքեղութիւնք, աշխոյժ մտքի փալփլուն խաղեր չեն կրնար կնոջ յատուկ սիրոյ վեհապետութեան տեղը բռնել. առանց անոր անկատար է կինը։ Նա պէտք է որ ճանչնայ իր յատուկ պաշտօնը եւ ամէն կողմերով անոր պատրաստուի, նոյն իսկ ամենէն խոնարհ սեպուած իրերով որք սակայն իրենց բանաստեղծութիւնն ունին եւ մարդուն երջանկութեան մէջ իրենց կարեւոր դերը։ «Այս աշխարհի մեծ տառապանքը արդեօք յառաջ չի՞ գար մէն մի սեռի դերին երկարաձգեալ անտեսումէն, երկար թիւրիմացութենէ մը որ յաճախ փոխադարձ ոխերու կը զառածի՝ մթացնելով դաստիարակութեան հարցը»։

***

Այսպէս գեղեցիկ ճշդելով կնոջ դերը եւ ասոր համապատասխան դաստիարակութեան մը պահանջները, Պ. Ռիշար կ’անցնի դիտելու է աղջիկ ուսանողներու վրայ ընդհանրապէս տեսնուած ծայրայեղ ու խղճամիտ հետեւողութիւնը ու կապուիլը դասերուն բնագրին, գրին, դասախօսին բառերուն, հաւատարիմ ու ստրկական ըդնօրինակումն անոր խօսքին եւ հետեւապէս ուսանելու համար յիշողութեան միայն ապաւինումը տարակուսիլ կու տան երբեմն թէ դպրոցն աղջկան համար իրօք իմացականութեան զարգացուցիչ միջավայր մ’ըլլայ։ Աշխատելո՛ւ այդ եղանակ անմշակ կը թողու իմացական նախաձեռնութեան եւ բարոյական անկախութեան յատկութիւնները որք այնքան կարեւոր են կնոջ որքան այր մարդրուն։ Թերեւս այս կը աբացատրուի, որպէս կ’ընեն ձեռնհաս դիտողք, ժառանգական անպատրաստականութեամբ, կինը մինչեւ մեր օրերը դուրս ձգուած ըլլալով ճշմարտութեան խուզարկութեան համար հաւաքական աշխատութիւններթ, ստեղծիչ՝ կազմակերպիչ կամ արտադրիչ գործունէութիւններէ, որով անզարգացեալ մնացին ինքնաբեր խոյզի, սկզբնական տեսութեան յատկութիւններ, ինչպէս համադրութեան ու խելամտութեան ոգին։ Ինչ որ ալ ըլլայ, ատենախօսը այլ եւս անարդարանալի կը գտնէ այսօր այդպիսի սովորութիւն մը եւ կը յորդորէ աղջիկները իրենց նօթերը չափաւորել ու անձնական խորհրդածութեան եւ ուսումնասիրութեան աւելի ոյժ տալ. «այդ ճիգը միայն երկարաձգուելով կրնայ ամրացնել առն եւ կնոջ իմացական հաւհասարութիւնը՝ ապ ահովել վերջնոյն անկախամտութիւն եւ անձնականութիւն»։ Եւ իտելով որ գուցէ հանդիսի այնպիսի ցնծառիթ օր մը այդօրինակ անաչառ դիտողութիւններ անպատեհ դատուին, իմաստուն մենտորի մը պէս կ’ըսէ. «Կեանքը, որ լուրջ բան է, յանձն պիտի առնու ապացուցանել ձեզ թէ զձեզ սիրողք սիրելու լաւագոյն կերպ մը չունէին քան կանուխէն վարժեցնել զձեզ ճշմարտութեան, վասն զի ճշմարտութիւնը ամենէն թանկագին պարգեւն է որ կրնայ տրուիլ մարդկային իմացականութեան մը»։ Եւ իր առջեւ նստած այդ բոլոր նորափայլ կեանքերուն ապագային անստուգութեանն հանդէպ մտախոհ, հայրենիքի մ’անունով խօսող մարդու մը բոլոր վեհութեամբ ու իղձերով կ’աւելցնէ վերջացնելու համար. «Այսօր մեր զարդն ազգային, մեր սիրելագոյն յոյսերուն շնորհագեղ ծաղկափթթումը, վաղը պիտի լինիք հայրենեաց բարոյական առաջին զօրութիւններէն, անոր ազուագոյն առաքինութեանց աւանդապահներէն մին։ Ապագան, իւր անստուգութիւններով քօղարկուած, ընդ առաջ կու գայ ձեզ։ Ի՞նչպէս կրնանք խօսիլ ձեզ առանց յուզուելու։ Դուք պատանութեան հեշտագին, այո՛, բայց նաեւ վճռական ժամուն մէջ կը գտնուիք։ Ձեր հոգիները, տակաւին իրենց երիտասարդութեան թարմութեան մէջ ու գարունով խնկաւէտ, կը բացուին կեանքի. արդէն կը պարզեն իրենց սարսռուն թեւեր։ Ո՜ւր պիտի երթան, աշխարհի վազքին մէջ տարածուած։ Ա՜հ, իցի՜ւ, լսելով քերթողին ձայնը։

«Ելնէի՜ն վեր, ելնէի՜ն միշտ այն ոսկեղէն սանդղին վրայ որ դէպ Աստուած կը բարձրանայ»։

Այս երեք ատենաբանութեանց վերլուծումն ու քաղուածք բաւական երկարեցին սոյն յօդուածը, բայց կը խոստովանիմ որ չկրցայ դէմ դնել զանոնք գէթ այսչափով ընթերցողներուն ծանթացնելու փափաքիս, յուսալով որ օգտակար խորհրդածութեանց նիւթ կրնան մատակարարել անոնց։ - Այս պաշտօնական ճառերէն անմիջապէս յետոյ կ’սկսի մրցանակաց, վկայագրոց եւ յիշատակագրոց բաշխումը, ու յետոյ ալ կը մնայ միայն նախագահին յայտարարել թէ նիստը վերցած է։ Բայց երբեմն աշակերտաց կողմէ երկրորդ խմբերգ մը կ’երգուի, ինչպէս ըրին երկրորդական վարժարանի աշակերտուհիք, որք շ ատ արուեստոմվ երգեցին Մոցարդի «Դիւթեալ սրնգ»ին չորս խմբերգները ընկերակցութեամբ այր եւ կին արուեստասէր նուագածուներու խմբի մը։ Մրցանակաբաշխութեան ատեն աշակերտաց ու ժողովրդին կողմէ մասնաւոր համակրութեամբ կը ծափահարուին այն ուսանողք որք հանրութեան սիրելի անուն մը կը կրեն, նախկին հանրապետութեան նախագահի մը, ժողովրդական երեսփոխանի մը կամ գրագէտի մը, արդի պետական յարգուած մարդու մը։ Ճարտարական գեղարուեստից վարժարանի շրջանաւարտներէն յաջողակին (Լուի Շմիտ), զոր տեղեկագիրը «հանդիսին դիցազնը» կ’անուանէ, վկայագիրը յանձնուած պահուն ներկայ եղող նուագախումբը կարճ հատուած մը կը նուագէ ի պատիւ։ Հայ պատանի մը, Երուանդ Գարամանեան, Արուեստագիտական վարժարանի աշակերտներէն, եւ Զարեհ Շէրիտճեան, Երաժշտութեան Գոնսէռվաթուառի ուսանող, կը ներկայանան մրցանակ ընդունելու։ Այս վերջին դպրոցի հանդէսն էր միայն որ պարգեւներու բաշխմամբ չ’աւարտեցաւ. ընդհակառակն, անկէ վերջ կ’սկսէր երկրորդ մաս մը որ կատարեալ նուագահանդէս մ’էր։ Դպրոցին յաջողակագոյն աշակերտուհիք եւ մէկ աշակերտ հետզհետէ իւրաքանչիւրն իր վարպետին թեւը մտած ի բեմ գալով, երաժշտական բարձր հատուածներ նուագեցին արուեստագիտի ճարտարութեամբ, ո՛րը դաշնակի, ո՛րը ջութակի, ո՛րը բամբ ջութակի վրայ. երեք օրիորդք, արդէն տաղանդաւոր երգչուհիք, երգեցին՝ մին Ռոսինիի «Ռառպիէ կը Սէվիյլ»ի քավադինը, միւսը Մէյէրպէրի «Աֆռիքէն»ին սէն տիւ մանսընիյեէն, եւ երրորդը Վերտիի «Այտա»ին մէկ արիան, եւ ամենէն վերջ ուսուցիչ Գէդդընի առաջնորդութեամբ երգուեցաւ, աշակերտուհեաց պարի մը կողմէ, պարագային համար խօսք եւ եղանակ յատկապէս շարադրուած խմբերգ մը, լէ լավանտիէռ։ Ամէնքն ալ եւ ոմանք քանիցս ի բեմ կոչուեցան ներկայից շնորհաւորութիւնքն ընդունելու համար, եռանդագին ծափահարութեանց մէջտեղ։

Հանդէսներու աւարտը գեղեցիկ է հանդիսականաց կողմէ զսպուած ուրախութիւններու եւ շնորհաւորութեանց արտափթթման ժամն է, բակին մէջ կամ փողոցը, հանդիսավայրին դուռներուն առջեւ ուր խումբ խումբ ցրուելէ առաջ, կանգ կ’առնու պահ մը բազմութիւնը։ Զուարթ ճռուողիւն մը կը թռչտի. ամբողջ գարուն մ’է որ հասուն ամառուան մը շուրջը կը դառնայ. ծնողք իրենց զաւակները կ’ողջագուրեն, ընտանիքներ իրենց խնդակցութիւնը կը փոխանակեն։ Շքեղ է վերը հելուետեան կապոյտ երկնակամարը ուսկից ժպտուն ճաճանչներ կը թափէ արեւը, ու երբ վարը կը տեսնեմ տուն դարձող հանդիսականաց հոյլերը, մեծ մասամբ կին ու աղջիկ, ամառնային պայծառ գոյներով թարմ արդուզարդեր կրող, որ ընդարձակ, մաքուր, գեղեցիկ շէնքերով շրջապատուած հրապարակները կը լեցնեն եւ կ’ոգեւորեն երջանկութեան ցոլքերով ու մրմունջներով, կը նախանձիմ երկնից ու երկրի կազմած այդ ներդաշնակութեան վրայ որով մարդուն ժպիտը կը պատասխանէ երկնից ծիծաղին ու այդ հրաշագեղ բնութեան շքեղ շրջանակին արժանի պատկեր մը կը դառնայ այն լուսաւոր ու բարեբաստիկ ընկերութիւնը որ կ’ապրի անոր մէջ։

***

Բայց կրթական հանդէսք չեն վերջանար ասով։ Զուիցերական հին ու լաւ ներշնչուած սովորութիւն մը կ’ուզէ որ դպրոցականք, նախնական ու երկրորդական կրթութեան աշակերտք եւ աշակերտուհիք, յուարտ տարեկան աշխատութեանց, եւ նոյն իսկ մրցանակէն ու վկայագրէն զատ, ունենան քաղաքին կողմէ իրենց ընծայուած հրապարակային պատիւներ, խնջոյք ու զուարճութիւն։ Այս ալ կէս օրէ յետոյ. այսպէս ամբողջ օրն իրենցն է։ Որոշեալ ժամուն նոյն դպրոցին կամ դպրոցաց որոց պարգեւաբաշխի հանդէսը կատարուած էր առտուն, - (գիւղերու մէջ կրնայ այս ուրիշ օրուան մը թողուիլ եւ զբօսական պտոյտի մը ձեւն առնուլ) ուսանողք կը հաւաքուին իրենց դպրոցին մէջ կամ հրապարակ մը որ ժամադրավայր կ’ընտրուի, իրենց ուսուցիչներով ու տնօրէններով. հոն կուգան նաեւ Իշխանութիւնք զօրականաց մէկ երկու վաշտով եւ զինուորական նուագածուաց խումբով մը։ Ն շանակուած ժամուն կը կազմուի հանդիսական թափօրը որ ճամբայ կ’ելնէ դէպ այն հանրային պարտէզը որ այդ օրուան համար այդ աշակերտաց զբօսավայր նշանակուած է։ Կրթական բանակներուն զօրահանդէսն է այդ, կամ յաղթական հանդէսը, որ կը ցուցնէ թէ Զուիցերիան ի՛նչպէս գիտէ գուրգուրալ իւր մատաղ սերունդին վրայ եւ յարգել ու խրախուսել անոր պատրաստութիւնն ապագայ քաղաքացւոյ պարտաւորութեանց։ Նկարագրեմ հոս միայն Ժընէվ քաղաքին նախակարթարանաց միահամուռ թափօրը, որ ամենէն շքեղն էր եւ որուն 4000 տղայք, աղջիկ եւ մանչ, մասնակցեցան։ Վեհ եւ յուզիչ է տեսարանը։ Լէման լճին եզերաց վրայ տարածուող «Անգղիական Պարտէզն» է ժամադրավայրը ու անկէց, ամենէն բազմամարդ փողոցներէն անցնելով, թափօրը պիտի երթայ քաղաքին վերը բրօմընատ տէ Պասդիօն կոչուած ընդարձակ ու դարաւոր ծառերով զարդարուն պարտէզն որուն մէջն է համալսարանը։ Այս երկայն ճամբուն երկու կողմը ծայրէ ծայր հազարաւոր բազմութիւնը ցանկ կազկմած է արդէն ու տուներուն պատուհաններէն բիւր դէմքեր դուրս են երկնցած սպասելով մատաղերամ գունդին անցքին։ Ահա՛ նախ կուգայ հրշէջ զօրականաց ջոկատ մը առաջնորդութեամբ իրենց հրամանատարին. կորովի մարդիկ որք կուռ կը քալեն համաչափ քայլերով. իրենց պղնձեայ ս »ոսկեգոյն սաղաւարտներուն վրայ պայծառ արեւի մը ճառագայթները կը ցոլանան։ Յետոյ Ժընէվի էն ընտիր թմբկահար զօրաց մէկ խումբը, հսկայ մարդերէ կազմուած, որք թմբկապետին ետեւէն կ’երթան ուղիղ, իրենց ուռներու խուլ որոտը գոռացնելով։ Անոնցմէ վերջ փողարներու վաշտը որոց սուր դռնչիւնը օդերը կը պատռտէ ու ոստանը կը դղրդէ ամէն արձագանգներն արթնցնելով։ Աւելի հեռուն կուգայ քաղաքապետական վառվառը աշխոյժ նուագով եւ անոնց ետեւէն Իշխհանութիւնք, առ աջին գծին վրայ Պետական Խորհրդին, Աւագ Ժողովին, Քաղաքին վարչական ժողովին ու Քաղաքապետութեան նախագահները եւ յետոյ ուրիշ պաշտօնական անձինք, հանդիսական օրերու սեւ ֆռաքովը ու սպիտակ փողկապով։ Ասոնք կ’առաջնորդեն 2000 մանչ աշակերտաց հինգ խումբերուն որոց գլուխը կը քալէ քաղաքապետական ժողովոյ անդամ մը. իւրաքանչիւր խումբի առջեւէ բարձր կը տարուի անոր պատկանած թաղին անունը եւ զայն կազմող աշակերտաց թիւը կրող նշանատախտ մը։ Մէն մի խումբի առջեւէն ու քովէն կ’երթան իրենց դաստիարակները, ու նաեւ ամբողջ գնացքին երկու կողմէն իրարմէ ոչ շատ հեռաւորութեամբ գացող զօրականաց շղթայ մը կ’երկարի։ Կարգաւ վեց առ վեց կը քալեն աշակերտք զինուորական քայլով, իրենց կուրծքին կամ բազկին վրայ կրելով հանդիսական շքանիշը, քիչ մ’աւելի մեծերը իրենց եղած պատուոյն գիտակից ու հպարտ, փոքրերը մանկային խնդութեամբ, զբօսավայրն հասնելու անհամբեր։ Տեղական թերթ մը գոհութեամբ կը դիտէ թէ Որբանոցի աշակերտք չէին որոշուեր այս տարի խումբերուն մէջ՝ երբեմնի իրենց համազգեստով ա՛լ չզանազանուելով միւս մանուկներէն, եւ այս նորութեան համար կը շնորհաւորէ Որբանոցի վարչութիւնը որ մէն մի որբի տարբեր տարազով հագուստ կարել տուած էր։ Արդարեւ Որբանոցներու մէջ պատսպարելոց հագցուած այդ միօրինակ տխրագոյն հագուստներուն մէջ ես ալ որբոց զգացման տեսակիտով անգութ բան մը տեսած եմ. ատով կարծես իրենց դժբախտութեան դրոշմը զարկած ենք իրենց վրայ ու անոր զգացումը մշտակաց կ’ուզենք ընել իրենց մէջ։ Թիապարտը իր յանցանքին յիշատակը թո՛ղ գտնէ միշտ իր բան տի հանդերձին վրայ. բայց բախտին այդ անմեղ դատապարտեալներուն ինչո՛ւ ամէն վայրկեան յիշեցնել իրենց սեւ ճակատագիրը եւ թէ հացը զոր կ’ուտեն՝ գթութեան կը պարտին զայն։ Նոյն թերթը կը հարցունէր թէ արդեօք սրբուհիներուն համար ալ այն փափուկ ուշադրութիւնը ունեցած էին, եւ անոնց տեսչուհին կը պատասխանէր հրապարակաւ թէ անոնց համար ալ միեւնոյն դրութիւնն ընդունուած էր։ - Մանչերէն յետոյ 2000 ալ աղջիկներ, դարձեալ վեց վեց, իրենց վարժուհիներով, 13-14 տարեկանէն մինչեւ 7-8 տարեկաններ, բաց գոյն բայց ոչ մթագոյն պատմուճաններով, մեծ մասը արձակ իրենց կռնակին վրայ թողած ոսկեգոյն մազերնին։ Ասոնց գունդերն ալ իրենց առջեւէն ունին երաժշտական յատուկ խումբ, արուեստասէր քաղաքացիներէն բաղկացեալ, որ կ’անցնի նուագելով, եւ ամենէն յետոյ վերջապահ զինուորական ջոկատ մը կը փակէ թափօրը, որուն գլուխն արդէն հասած է նպատակակէտին երբ «Անգղիական Պարտէզ»էն նոր դուրս կ’ելնէ անոր վերջին մասը, - անսպառ գետ սխրալի որ մատաղափայլ կեանքի կոհակներ կը թաւալէ, անմեղունակ շնորհքի եւ խոստմնալից յուսոյ լուսագեղ ցոլմունքներով համար շողշողուն, որ քաղաքին մէջ տարածուելով, եւ աշխատող ու յոգնող ներկայ սերունդին, հայրերու եւ մայրերու աչքին առջեւն սահելով, կազդուրիչ զօրութիւն մը կը սփռէ իւր շուրջ եւ ապագային քաղցր վստահութեամբ կ’ոգեւորէ հոգիները։

***

Պարտէզը այն օր ասոնց, ինչպէս ուրիշ օրեր ուրիշ դասակարգի, աւելի մեծ կամ աւելի փոքր, աշակերտաց ու աշակերտուհեաց յատկացուած է եւ իրենց հետ միայն իրենց ծնողք մասնաւոր տոմսերով կրնան ներս մտնել. ոստիկանիք կը պահպանեն դռները։ Զուիցերական Դաշնաւորութեան, Ժընէվի եւ այլ ԳԱնդոններուն դրօշակները կը ծածանին հոն. երկայն սեղաններ կանգնուած են որոց փրայ պատրաստ է գինւոյ եւ գարեջրոյ ստոմաններու ընդ մէջ երեկոյի թեթեւ ճաշը որ պիտի տրուի ուսանողաց. ամէն սեղանի գլուխ արձանագրութիւն մը կը կրէ, անունն այն ուսուցչին կամ վարժուհւոյն որու դասարանին ուսանողները պիտի բազմին հոն. եւ դարաստանին մէկ ծայրէն միւսը թաւ ծառերուն շուքին տակ ու դալար մարգերուն վրայ շարուած կանագուն կ’սպասեն նուագաւոր հեծելախաղք, մարմնամարզիկ զբօսարանաց գործիներ, մրցակայմեր, խաղալիքներու՝ անուշեղէններու՝ պաղպաղակի սեղանները, դիպաձգութեան փորձի տաղաւարեն, ր եւ պարի յատուկ տախտակամած գետին մը։ Եւ ահա՛ բոլոր տղայք ճաշասեղաններուն շուրջն են, որք արագ կը մերկացուին, ու պահ մը յետոյ ամէնքը գրաւած են իրենց տրամադրութեան տակ դրուած խաղի ու զբօսանաց առատ միջոցները։ Ոգեւորութիւնն աննկարագրելի է, եւ ծ նողաց, ուսուցչաց, պաշտօնական մարդոց ու ներս մտնելու բախտն ունեցող հանդիսատեսներուն համար, մանկանց, պատանեաց ու պատասնուհեաց այդ անսահման ցնծումի ու երջանկութեան տեսիլն՝ մանկացուցիչ, երիտասարդացուցիչ բան մ’ունի, ամենէն կնճռոտ ճակտին ամպերը պահ մ’ի բաց փարատելու կարող։ Ամէնքը կ’զբօսնուն. կը մրցին, կը պարեն, կը դառնան, կը վազեն, կը ցատկեն, կը պոռան, կը խնդան, կ’երգեն, կը սուլեն, կ’ուտեն, խումբ խումբ կը ճեմեն, խօսակից ընկերք կամ ընկերուհիք, եւ երաժշտախումբը, մերթ զինուորականը, մերթ քաղաքայինը, կը նուագէ, - ու հեծելախաղի փայտէ ձիերէն կը վազեն մրցակայմի շուրջը ու անկէ պարավայրը ու անկէ դիպաձգութեան սեղանին առջեւ, ու դարձեալ փայտէ ձիերուն ու դարձեալ մրցանաց մասնակցելու, անզուսպ, անյագ, հաճոյքէն ու ձայներէն արբշիռ, ընդհանուր ոգեւորութենէն տարուած, եւ այսպէս մինչեւ երեկոյ, մինչեւ որ պարտէզին առջեւ բացուող շքեղ նոր հրապարակը (բլաւ նէօվ) իր ելեկտրական լոյսերը վառէ ու փողարք հնչեցնեն դադարը եւ զօրականաց խումբերը մեկնին վերջին վառվառը գոռացնելով։ Եւ մէկը չէր զգացած ժամերուն սահիլը, եւ թէեւ ամէնքն յոգնած՝ բայց մէկը չէ ձանձրացած, ու փոքրիկները դժկամակ կը հետեւին իրենց մայրերուն որք եկած են տուն տանելու զիրենք։ Նախակրթարանաց հանդիսաւոր օրուան վերջին արարուածը հրախաղութիւնները եղան որք Բլէնբալէի ընդարձակ դաշտին մէջ կատարուեցան գիշերուան ժամը 9 1 / 2 ին, հիանալի լուսեղէն երեւոյթներ պարզելով օդոց մէջ, մինչ թնդանօթներ, նոյն դաշտին մէջ բերուած, որոտաձայն բոմբիւններով վերջին պատիւը մատուցին դպրոցական սերունդին ու կրթական մարմիններուն։

Սոյն տեղեկութիւններն ամբողջացնելու համար, պարտիմ յաւելուլ թէ գեղարուեստական, մեքենագիտական, ժամագործական եւ արհեստագիտական վարժարանք ուսանողաց տարեկան աշխատութիւններով եւ ամավերջի մրցական արտադրութիւններով, ցուցահանդէսներ կազմակերպած էին իրենց սրահներուն մէջ որոց այցելու հհրաւիրուած էր հասարակութիւնը։ Փութ ունեցայ ամենուն ալ երթալու, եւ խնամով աչքէ անցուցի ի տես դրուած գործերը, երկու սեռէ ուսանողաց արդիւնք, -պատկերներ, արձաններ, նկարէն յախճապակեայ ան օթներ, գրակոնտիկոնի վրայ նկարներ, ճարտարապետական ծրագրեր, զարդական ու ճարտարապետական այլ եւ այլ ոճերու նմանողութիւններ, մեքենայներ ու բնագիտական եւ ելեկտրական գործիքներ, ժամացոյցներ ու ժամացոյցի մասեր եւ անոնց տեսական գծագրութիւնքը, դարբնեալ երկաթէ գեղակերտ առարկայներ, փայտի վրայ աշխատութիւններ։ Այս գործեր, զարգացեալ ճաշակաւ ու գիտուն արուեստով մը շինուած, արդարեւ մեծ մասամբ հիացման արժանի էին, եւ ինձ սա համոզումը տուին թէ Ժընէվ միայն ուսումնական ու զուտ գիտութեան տեսակէտով յառաջադէմ քաղաք մը չէ, այլ եւ գիտուն արուեստի ու գեղաճարտարութեան կողմանէ եւ թէ իր այդ կարգի վարժարանք կ’արտադրեն ամէն տարի բանիբուն արհեստաւորներ ու ճշմարիտ արուեստագէտներ։

Ու այս բոլոր դպրոցական հանդէսներուն ու ցուցադրութեանց մէջ կը պարզուէր գաղտնիքը թէ ի՛նչպէս Ժընէվ եղած է փայլուն վառարան մը գիտութեանց եւ փեթակ մը ճարտարագործ աշխատութեան, եւ թէ ի՛նչպէս այնքան մեծ է նա իր փոքրութեան մէջ, շատ մը մեծերու համար օրինակելի։

  (Բիւզանդիոն, 1897, թիւ 218, 219, 220, 221, 222)։