2.
ՆՈՐ
ԳՐՈՂՆԵՐԸ
Գրական
ասպարիզին
վրայ
վերջին
ատեններս
երեւան
եկողներէն
ոմանք
կրկնակի
աշխատութեան
մը
դատապարտած
են
իրենք
զիրենք.
աշխատութիւն՝
մէկմը
ծնունդ
տալու
իրենց
մտքի
յղացումներուն,
եւ
մէկ
մ’ալ
ջատագովութիւնն
ընելու
իրենց
արտադրութեանց,
իրենց
գրելու
կերպերուն,
բան
մը
որոյ
անհարաժեշտ
մասը
կը
կազմէ՝
ըստ
իրենց՝
պարսաւն
գրեթէ
ամենայնի
որ
գրուած
է
իրենցմէ
յառաջ։
Սոքա
ո՛չ
միայն
կանխահաս
գրագէտներ
են,
այլ
եւ
նորանշան
քննադատներ,
որք
դպրոցական
գրասեղաններն
իսկ
ձգած
ըլլալու
պէտք
չեն
զգացած
Վիլմէնի,
ՍէնդՊէօվի,
Թէնի
գրիչը
ձեռք
առնելու
համար։
Պէտք
ալ
չունին
սպասելու
որ
այն
անձինք
որոց
վրայ
կը
յարձակին՝
բան
մը
գրէին
իրենց
դէմ.
հեռուէն
հեռու
լսուած
կցկտուր
խօսքեր,
դիմաց
վրայ
«նշմարուած
դժգոհութեան
ինչ
ինչ
ծամածռումներ»
կը
բաւեն
իրենց
պատերազմիկ
խանդը
բորբոքելու.
արդէն
հերիք
չէ՞
որ
այդ
անձինք
չեն
փութացած
իրենց
հիացումն
յայտնել
իրենց։
Ահա՛
բուն
եւ
սկզբնական
մեղքը։
Եւ
իրենք
այնքան
միամիտ
չեն
որ
չգիտնան
թէ
իրենք
արեւն
են
ու
նոքա
տժգոյն
աստղեր
որ
կը
կորնչին
ի
ծագել
իրենց։
Ատենէ
մ’ի
վեր
լռած
են
անոնք,
յորմէ
հետէ
իրենց
փողը
կը
հնչէ.
ի՞նչ
կը
նշանակէ
այս
լռութիւն,
արհամարհա՞նք.
ո՜հ,
ո՛չ.
ո՞վ
կը
համարձակի.
անշուշտ
ապիկարութեան
զգացում,
պարտութեան
ամօթ։
Արդարեւ
գրական
ամէն
նոր
սերունդ
որ
հրապարակ
կ’ելնէ՝
աղէկ
կամ
գէշ՝
նոր
բան
մը
կը
բերէ
հոն,
նոր
ոգի
մը,
նոր
կերպ
մը,
արդիւնք
ժամանակին
յեղաշրջման,
տիրող
մատնենագրական
սեռի
մը
կամ
մատենագրաց
ազդեցութեան,
նորասիրութեան
ոգւոյ,
ուժ
առած
իմաստասիրական
վարդապետութեան
մը
ներգործութեան,
եւ
այլն։
Բայց
ոչ
ինչառանց
կապի
է
անցելոյն,
նախընթացին
հետ,
եւ
նոր
գրագէտն,
ինչ
որ
ըլլայ,
անշուշտ
իր
գոյութեան
տարերց
կարեւոր
մէկ
մասն
առած
է
իր
նախորդներէն,
թէ
եւ
անոր
գիտակցութիւնը
չունենայ
կամ
չուզէ
զայն
խոստովանիլ։
Մենք,
երբգրել
սկսանք,
երախտագիտութեան
պէս
բան
մը
կը
զգայինք
Գարագաշեաններու,
Իւթիւճեաններու,
Մամուրեաններու,
Չիլինկիրեաններու,
Թէրզեաններու,
բոլոր
Մխիթարեաններուն,
եւ
նոյն
իսկ
Փափազեաններու
նկատմամբ։
Այդ
անուններն
կապուած
էին
ու
կը
մնային
միշտ
մեր
մտաւոր
կեանքի
առաջին
զարթմանց
յիշատակներուն
հետ.
իւրաքանչիւրը
բան
մը
սովրեցուցած
էր,
քայլ
մ’առնուլ
տուած
էր
մեր
մտքին,
մի
գաղտնիքն
հաղորդած
մեզ
խորհելու
եւ
բացատրելու
արուեստին.
եւ
քանի
կը
մեծնայինք,
լաւագոյն
եւս
կը
գնահատէինք
զիրենք,
մեր
սիրտն
ալ
մեզ
օգնելով։
Այս
նոր
քննադատ
գրագէտներուն
համար
ամէն
ինչ
իրենց
օրով
կը
սկսի,
իրենք
հիմ
դրած
են
հայ
լեզուին
ու
գրականութեան.
նախորդք
ոչինչ
էին
ու
են
պարզապէս.
հազիւ
այս
ընդհանուր
դատապարտութենէն
կ’ազատին
մէկ
երկու
անձինք
որք
կանխաւ
զիրենք
դրուատած
ըլլալու
խոհեմութիւնն
ունեցած
են,
եւ
յետոյ…
մէկ
երկու
մեռեալներ։
Եւ
սակայն
նախորդք
իրաւունք
ունին
կարծեմ
գէթ
քիչ
մ’աւելի
ազնուութիւն,
քիչ
մը
նուազ
յաւակնոտ
դատումներ
սպասելու
իրենցմէ,
մանաւանդ
թէ
ի
նոցանէ
ոմանք
ուղղակի
դասախօսած
ալ
են
իրենց։
Եւ
սակայն
ի՞նչ
է
այդ
հիներ
ըսուածներուն
թերութիւնը։
—
Նախ
ընթերցողը
պարտի
գիտնալ
թէ
հիներ
եւ
նորեր
ըսելով
հասկնալու
չէ
17րդ
դարու
մէջ
յուզուած
նշանաւոր
գրական
պայքարն
հնոց
եւ
նորոց
(la
querelle
des
anciens
et
des
modernes),
յուզուած
նախ
ի
Գաղիա,
եւ
ապա
տարածուած
յԱնգղիա
եւ
ի
Գերմանիա,
պայքար
որոյ
առարկայն
էր
բաղդատութիւնն
հին
յոյն
եւ
լատին
դասական
հեղինակաց
ու
ժամանակակից
մատենագրաց
գրական
արժանեաց։
Ո՛չ.
մենք
հնութիւնն
ա՛յդքան
հեռուները
չենք
տանիր.
այդ
անդրջրհեղեղեան
բան
մը
պիտի
թուէր
մեզ
ու
գրոց
երկար
տաղտուկ
ուսումնասիրութիւններ
հարկադրէր,
որք
ժամանակ
ալ
չպիտի
թողուին
մեզ
մեր
թափառայած
դիտողութեանց.
մենք
մանաւանդ
շուտ
ու
շոգեպինդ
կ’ապրինք,
ու
10-15
տարի
բաւական
են
շինելու
համար
մեզ
մեր
fossileները.
մեր
քննադատից
համար
հիներն
ուրեմն
են
70էն
ի
վեր
գրողներն,
իսկ
նորերն
են
8085էն
ասդին
գրողներն։
Աւելի
անվրէպ
նշան
մը
եթէ
կ’ուզէք,
գրողներուն
շարադրութեանց
մէջ
կշռեցէք
գրաբարի
քանակն.
եթէ
գրուածն
ի
գրաբար
կը
միտի՝
հին
գրողի
է,
իսկ
եթէ
ի
ռամիկն՝
նորի։
Մի
եւ
նոյն
բանը
հիներուն
ոճին
թէ՛
նշանն
է
թէ՛
ոճիրը։
Միայն
թէ
ներելի
է
անշուշտ
հարցնել
թէ
ի՞նչ
մեղք
կայ
իր
գրուածին
քիչ
մ’աւելի
գրաբար
գոյն
տալուն
մէջ,
եւ
ի՞նչ
էական
տարբերութիւն
այդ
գոյնին
քիչ
մ’աւելի
բաց
կամ
մութ
ըլլալուն
մէջ,
քանի
որ
մեր
այսօրեայ
գրական
աշխարհաբարին
վրայ
զգալի
կերպով
կը
տեսնուի
գրաբարին
հզօր
ազդեցութիւնը։
Եթէ
այդ
նորոց
համար
անտանելի
բան
մ’է
աստի
15
տարի
յառաջ
տպուած
գրքի
մը
մէջ
տեսնել
«յերկիր
ինկած
զայն
շքեղացնելոյ
եւ
կեանքն
քաղցրացնելոյ
համար»
ի
նման
տողեր,
ի՞նչպէս
ապա
կը
հանդուրժեն
նոյն
իսկ
այն
թերթին
մէջ,
յորում
այս
խծբիծը
կ’ընեն,
տեսնել
գրագէտի
մը,
զոր
իրենցմէ
կը
համարին,
սա
գրաբարեան
ձեւերը.
«Հայկ
եռանդագին
խօսէր
առ
Նուարդ.
-
»
…
«եւ
երթանք
յանտառ
»
«…ո՛չ
ալ
գառինք».
«Մինչ
յերկնից
արեւ…»։
(Տե՛ս
Սիրահարութիւն,
քերթուած
Աղեք.
Փանոսեանի)։
Իսկ
աշխարհաբա՞ր
թէ
գրաբար
են
նոյն
թերթին
մէջ
հրատարակեալ
Ե.
Տէմիրճեպաշեանի
սա
տողերը.
«Մինչ
քերովբէք
լուսազգեցիկ,
Մերթ
ծնրադիր
մերթ
պարանցիկ,
Անվերջալոյս
գաւառաց
մէջ
Ի
զմայլ
ըզՏէր՝
ըզլոյսն
անշէջ
Պաշտէին
յար,
աչք
համբարձիկ,
եւ
այլն»։
Եթէ
առարկեն
թէ
ոտանաւորը
չէ
կարող
բոլորովին
առանց
գրաբարի
ըլլալ,
իրենց
«վերջնական
ձեւ
առած»
աշխարհաբարին
վրայ
նպաստաւոր
գաղափար
մը
չեն
տար.
ֆրանսացիք
տարբեր
լեզո՞ւ,
տարբեր
քերականութի՞ւն
ունին
արձակի
ու
ոտանաւորի
համար.
այդ
«լեզուային
հրէշը»,
այդ
«գրաբարի
եւ
աշխարհաբարի
անիմաստ
այլանդակ
զուգաւորումը»
ոտանաւորի
մէջ
կը
կորսնցնէ՞
իր
«անօրինակ
ահռելի»ութիւնը։
Ի՞նչ
հակասութիւն.
ոտանաւորի
մէջ
հին
էք
ու
արձակի՞
մէջ
նոր,
տարօրինակ
բան
չէ՞
այդ։
Իրենք,
իրենց
նախորդներէն
ուսած
ու
երէկ
հրապարակ
ելած,
յաւակնութիւնն
ունին
կարծելու
թէ
իրենց
օրինակը
կ’առաջնորդէ,
կը
բարեփոխէ
զանոնք,
վասնզի
այսօր
աւելի
աշխարհաբար
կը
գրեն
եղեր
քան
15
տարի
յառաջ։
Կրնային
9
տարի
յառաջ(երբ
իրենք
գոյութիւն
չունէին
դեռ)
գրուած
գրքի
մէջ
տեսնել
այդ
աւելի
ժողովրդական
աշխարհաբարը,
զօր
օրինակ
Մարդիկ
եւ
իրք
ի
մէջ,
որոյ
պարունակած
յօդուածոց
շարքը
1883
եւ
84
թուականներուն
գրուած
է։
Բայց
բան
մը
կայ
զոր
կը
խոստովանինք.
մեր
գրութիւնք
չեն
եղած
երբեք
ռամիկ
բացատրութեամբք,
նոյն
իսկ
թրքական
բառերով
(
խըյախ,
սաթըճը,
բարլախ,
չալմալը,
եւն)
«պիսակաւորեալ».
որպէս
իրենցներն,
ինչ
որ
վերջին
նորութեան,
բնապաշտութեան,
արտաքին
զգալի
գոյնը
կ’ընծայէ
անոնց։
Եւ
ահա՛
ասոր
համար
մենք
ու
մերոնք
անհասկնալի
կը
մնանք
ժողովրդեան,
մինչդեռ
պառաւ
խաթունը
արցո՜ւնք
կը
թափէ
ունկնդրելով
իրենց
գրածներուն
ընթերցման.
մեզ
կը
ծափահարեն
առանց
հասկնալու,
տխմարնե՜րը.
իսկ
հիմայ
իրենք
կը
կարդացուին
ամբողջ
հայ
ազգէն
եւ
անշուշտ
կը
ծափահարուին
ամենէն
ալ։
Շա՜տ
լաւ.
միայն
թէ,
ռամկօրէնը
հետ
զհետէ
մաքրելով
գրական
ազնուութեան
բարձրացնելէ
յետոյ,
հայ
գրագէտին
տակաւ
վերադարձն
ի
ռամկօրէն
ի՞նչպէս
պէտք
է
մեկնել.
–
հա՛,
ներեցէ՛ք,
քիչ
մնաց
կը
մոռնայի.
անկապաշտութեամբ.
ո՞չ
ապաքէն
տէքատան
ներ,
անկապաշտներ
կան
ի
Բարիզ։
Օտեանի
մէկ
նշանաւոր
նամակին
սա
խօսքին
վրայ
մտածելու
էիք,
դուք
որ
անոր
անունն
յաճախ
կը
յեղյեղէք.
«Այլ
թէ
ի՛նչ
ալ
ըլլայ,
աշխատեցէ՛ք,
ո՛վ
դուք
որ
աշխարհաբառի
էք
կողմնակից
եւ
դուք
որ
գրաբառի…»,
ու
լայն
կերպով
ըմբռնելով
գրականութիւնը,
երկու
նախդրի
ներկայութենէն
կամ
բացակայութենէն,
մի
քանի
բառերու
վերջահոլովին
տարբերութենէն
պատուարներ
ստեղծելու
չէիք.
այդ
տեսակ
զանազանութիւններ,
եթէ
երբեք
ի
նպաստ
ձեզ
ալ
համարուին,
պարծանքի
շատ
կարեւոր
առիթներ
չեն
անշուշտ։
Բայց
ուրիշ
տարբերութիւններ
կան,
աւելի
էական,
աւելի
ծանրակշիռ։
Հիները
գիտակ
են
քերականական
կանոնաց,
ոճոյ
ձեւոց
ու
յատկութեանց,
իսկ
նորերը
աչքերնին
խոշոր
խոշոր
կը
բանան՝
եթէ
իրենց
հարցուի
թէ
ի՞նչ
տարբերութիւն
կայ
վսեմին
եւ
վսեմ
ոճին
մէջ,
մտածման
եւ
զգացման
վսեմներուն
մէջ.
պիտի
կարծէին
թէ
ճաբոներէն
կ’ուզեն
խօսիլ
իրենց
հետ…։
Այս
տգիտութիւն,
քիչ
մը
կեղծ,
իրենց
պատիւն
է,
եւ
արդէն,
իրենց
խելքով,
ո՞չ
ապաքէն
ճշմարիտ
գրագէտը
պարտի
տգեէտ
ըլլալ
կատարեալ
ըլլալու
համար
մտքին.
ստեղծականութիւնը
պիտի
ճնշուէր
մեռնէր
ստացեալ
գաղափարներու
կոյտին
տակ,
ու
յետոյ
սկզբնատիպ
գրագէտ
մը
չպիտի
ըլլար։
Գիտցուելու,
կարդացուելու
արժանի
բան
եթէ
կայ,
այն
ալ
կ’երեւի
թէ
միայն
Զօլան
ու
Տօտէն
է
ու
Ֆիկարօ
ն։
Սակայն
այդ
«գրագիտական
կանոններ»ըսուածները,
զորս
կ’արհամարհեն,
սկզբունքներ
են
գրական
քննադատութեան,
որք
կը
ծառայեն
գրական
գործոց
գեղեցկութիւնքն
ու
թերութիւնքն
որոշելու,
ոճի
ու
բացատրութեան
տարբերութիւններն
ըմբռնելու,
անուանելու,
գիտակցաբար
ճաշակելու
զայնս։
Կան
որ
ճաշակի
ընդհանուր
ու
անյեղլի
կանոններ
են,
մարդկային
բանականութենէն
բղխած,
որք
Ովրատիոսէն
ցայսօր
նոյն
են,
եւ
կան
որ
դարուն,
դպրոցին,
ուսուցչին
համեմատ
բարեփոխուած,
ընդլայնուած
կամ
սեղմուած
են։
Ինչպէս
ճարտարապետական
արուեստն
իր
յատուկ
բառերն
ունի
անուանելու
համար
շինուածոց
զանազան
մասերը,
զարդուց
զանազան
ձեւերը,
ոճի
ու
կերպի
տարբերութիւնները,
նոյնպէս
եւ
գրագիտականն
ունի
իրեններն՝
անուանելու,
դասաւորելու
համար
մարդկային
խօսքին
մէջ
դիտուած
կերպակերպ
ձեւերն
զգացման
ու
մտածման
արտայայտութեան։
Այս
ամէնը
ճաշակը
կ’առաջնորդէ,
կը
լուսաւորէ,
ու
կրնայ
անօգուտ
չըլլալ,
մինչեւ
իսկ
տարրական
ծանօթութեանց
կարգն
համարուիլ,
քիչ
թէ
շատ
գրական
կրթութիւն
ստացած
մարդոց
համար։
Այդ
ձեւերուն
ամէն
գրուածներու
մէջ,
արձակ
թէ
ոտանաւոր,
կարելի
է
պատահիլ,
եւ
ոչ
թէ
միայն
ակնարկուած
գրագիտաց
գործերուն
մէջ։
Եթէ
այս
բան
ծիծաղելի
կ’ընէ
զիրենք,
ապա
ծիծաղելի
են
ամէն
գրագէտք
ու
ամէն
խօսողք
ալ,
ամէն
մարդիկ
ալ.
վասն
զի
խնդիրը
բառին
կամ
անունին
վրայ
չէ՝
այլ
կերպին
վրայ.
առանց
անունը
գիտնալու՝
ամէն
օր
մարդկային
խօսից
մէջ
այդ
ձեւերն
ի
կիր
կ’առնուին.
ամէն
ռամիկ
Պ.
Ժուռտէն
մ’է
որ
«արձակ
կը
խօսի
առանց
գիտնալու»։
Հոմերէն,
Վիրգիլէն,
Դեմոսթենէն,
կիկերոնէն,
Շէքսբիյրէն,
Միլտոնէն,
Շիլլէրէն,
Ֆէնըլոնէն,
հիւկօյէն,
Լամարթինէն
քաղուած
են
այն
ձեւոց
եւ
յատկութեանց
օրինակներն
զորս
Գրագիտութեան
դասագրքերը
կ’ուսումնասիրեն։
Յանցաւո՞ր
են
ասոնք
կամ
արդեօք
արհամարհելի՞
ձեզ
համար,
վասնզի
իրենց
գրածներուն
մէջ
կան
եղեր
տարակուսութիւններ,
դիմառնութիւններ,
հաղորդակցութիւններ,
հակադրութիւններ,
եւն։
Եւ
սակայն
հոս
պէտք
է
որ
յանգի
ձեր
արտայայտած
արհամարհանքն
գրագիտական
ձեւերու
մասին։
Աւելի
հիմնական
տարբերութիւն
մը,
խաւարը
լոյսէն
զատող
անջրպետի
մը
պէս,
այն
է
որ
իրենք
«բնապաշտ»
են,
իրենք
մեծ
ու
ընդհանուր
գծերով
չեն
բաւականանար
այլ
մանրամասնութիւններ
կը
փնտռեն,
միշտ
նոր,
զանազան,
անսպառ,
եւ
իրենց
էջերն
«իրականութեան
զգայութիւնը
տուող»
կեանքով
համա՜կ
թրթռուն
էջերն
են,
ու
անձինքն՝
զորս
կը
պատկերեն՝
ոչ
այլ
եւս
վերացական
էակներ,
այլ
«միս
ու
ոսկոր
ունեցող
մարդիկ»։
Իրենք
մարդը
կը
փոխադրեն
մարդկային
հոգւոյն
մանուածներուն
մէջ
ուր
կը
պտտին,
դիտողութեան
ջահն
ի
ձեռին,
անցնելով
«մեծ
պողոտայներէն,
մտնելով
կողմնակի
փողոցներն
ու
մինչեւ
իսկ
ամենէն
պզտիկ
խորշերը»։
Թո՛ղ
ընթերցողը
չզարմանայ
այս
վերջին
տողերուն
վրայ.
կ’երեւի
թէ
գրողը
մարդկային
հոգին
նման
կ’երեւակայէ
Բերայի
կամ
Ղալաթիոյ
փողոցներուն
որք
ա՛յնքան
ծանօթ
են
իրեն,
իբրեւ
ծակուծուկ
շրջող
ու
դիտող
(
ո՛չ
թէ
«գիշերնոցով»)
գրագիտի։
Անձնագովութեանց
այս
շառաչաձայն
լեռնակուտակ
ալիքը
տեսնելով՝
մարդ
պիտի
կարծէ
թէ
այդ
նորերու
իւրաքանչիւրը
մէկ
մէկ
Ֆլօպէռ,
Զօլա,
Կի
տը
Մօբասան
է.
բնապաշտ
դպրոցին
խանդով
յափշտակուած,
պահ
մը
կարծես
իրենց
վարպետներուն
տեղ
դրած
ու
անոնց
արտադրութեանց
հեղինակ
երազած
են
իրենք
զիրենք.
ապա
թէ
ոչ
վէպի
մը,
քանի
մը
վիպակներու,
քանի
մը
պատկերներու
համար
ներելի՞
է
այսքան
աղմուկ։
Լաւագոյն
չէ՞
մանաւանդ
որ
ուրիշներն
ընեն
այդ
աղմուկն
իրենց
համար,
հռչակեն
այդ
կարողութիւնները։
Ի՞նչ
է
այդ
իրական
կամ
բարեպաշտ
դպրոցն
որոյ
վարպետն
իսկ,
Զոլա,
չէ
կրցած
իր
սկզբանց
ճշգրիտ
կիրարկութիւնն
ընել
իւր
վիպասանութեանց
մէջ,
որպէս
կը
դատէ
ու
կը
հաստատէ
նշանաւոր
գրական
քննադատն,
Ժիւլ
Լըմէդր։
«Զոլա,
կ’ըսէ,
քննադատ
մը
չէ՛,
ո՛չ
ալ
բնապաշտ»
(naturaliste)
վիպասան
մը,
այն
իմաստով
որով
կը
հասկանայ
զայն։
«Ընդհակառակն
«իտէապաշտ»
(idealiste)
մը
կը
գտնէ
զայն,
թէ
եւ
ի
հակառակէն,
իրականութիւնը
չափազանցող,
«աւելի
հնարող
քան
դիտող,
որ
ուզելով
պատկերել
դաս
մը,
ջոկ
մը,
զոր
վեր
ի
վերոյ
կը
ճանչէ,
եւ
զոր
ո՛րեւէ
կերպով
մը
կ’երեւակայէ
նախ
քան
որեւէ
ուսումնասիրութիւն,
կը
յղանայ
գործողութիւն
մը
շատ
պարզ
ու
շատ
լայն,
ուր
ստուար
խումբեր
կարենան
շարժիլ
եւ
ուր
լրիւ
երեւիլ
կարենան
խիստ
ընդհանուր
տիպեր։
Զոլա
իր
«Փորձառական
վէպը»
անուն
գործին
մէջ
կ’առաջարկէ,
հետեւելով
գիտութեան,
վէպը
գործիք
մ’ընել
ընկերական
երեւութից
փորձարկութեան,
ու
կը
ծաղրուի,
վասնզի
վիպասանն
առառաւելն
դիտողութիւններ
կրնայ
ըրած
ըլլալ
յառաջ
քան
վիպագրելն,
իսկ
վէպն
երբեք
չի
կրնար
փորձ
մը,
ստուգման
միջոց
մը
նկատուիլ,
քանի
որ
գործողութիւնք
ո՛չ
թէ
բնական՝
մեզմէ
անկախ
ընթացքի
մը
պիտի
հետեւին,
այլ
մեր
տուած
ուղղութեան,
որ
առառաւելն
արդիւնք
կրնա
ըլլալ
մեր
դիտողութեանց
որոց
մէջ
միշտ
մեր
եսը,
մեր
ակնոցին
գոյնը
կայ։
Իսկ
գալով
Զոլայի՝
իբրեւ
վիպասան՝
մասնաւոր
նկարագրին,
Ժամանակցաց
հեղինակը
սա՛պէս
կը
ներկայացնէ
մեզ
զայն.
«Այժմ
որ
նա
(Զոլա)
գտած
է
իւր
ճամբան
ու
նիւթը,
հետզհետէ
երեւան
կու
գայ
իբրեւ
վայրենի
ու
տխուր
բանաստեղծն
կոյր
բնազդմանց,
բիրտ
կրից,
մարմնական
տռփանաց,
մարդկայինն
բնութեան
ստորին
ու
նողկալի
մասանց։
Ինչ
որ
մարդուն
մէջ
կը
հետաքրքրէ
զինքն,
այդ՝անասունն
է
մանաւանդ,
եւ
ամէն
մէկ
մարդկային
տիպարի
վրայ՝
այն
մասնաւոր
անասունն
զոր
այդ
տիպարն
յինքեան
կը
պարունակէ։
Զա՛յս
կը
սիրէ
նա
ցոյց
տալ,
ու
մնացորդն
ի
բաց
կը
յապաւէ,
հակառակ
բուն
իտէապաշտ
վիպասանաց
ըրածին։
«Ահա
զո՛վ
կ’առնուն
մեր
նոր
գրողներն
իրենց
առաջնորդ,
եւ
ահա
ինչո՛ւ
այնքան
հպարտ
են
ու
ա՛յնքան
բարձր
մեզմէ
որ
անկարելի
է
մեզ
«զիրենք
հասկնալ»։
Արդարեւ
այս
մասին
կը
ճանչեմք
մեր
ապիկարութիւնը,
մեր
անդարմանելի
ապիկարութիւնը։
Մեզ
բնաւ
կարելի
չպիտի
ըլլայ
մարդկային
բնութեան
վրայ
Զոլայական,
ԿիւտըՄոբասանական
յոռետեսութեամբ
տոգորուիլ,
մարդուն
վրայ
լոկ
գազան
մը
տեսնել,
վերացում
ընել
անոր
վեհ
հոգւոյն
ու
ազնուատենչ
իտէալին,
համարիլ
զայն
կոյր
ճակատագրային
բնազդմանց
զսպանակներով
լարուածթ
մեքենայ
մը,
անտարբեր
ըլլալ
բարոյականութեան
ու
անհաւատ՝
յառաջդիմութեան,
եւ
մարդն
ու
ընկերութիւնը,
ինչպէս
եւ
աշխարհը,
նկատել
լոկ
իբրեւ
նիւթ
արուեստի,
պատկերներու,
նկարագրութեանց,
գրական
սնափառութեան,
զուարճութեան։
Նորերուն
կը
թողունք
այդ
տխուր
փառքը՝
եթէ
կը
յամառին
անոր
սիրահարները
մնալ,
իսկ
«հնոց
ու
նորոց»
արդեանց
դատաստանը՝
թո՛ղ
ապագայն
ընէ
զայն,
ու
նա
միայն
կրնայ
ընել
զայն
արժանաւորապէս։
Միայն
թէ
բան
մը
կայ.
այդ
նորերն,
մանաւանդ
անոնցմէ
մէկ
երկուքն,
զեղչէին
քիչ
մ’իրենց
յաւակնութենէն,
նոյն
իսկ
յանուն
բանականութեան։
Իրենք
տաղանդ
ունին,
այո՛,
այս
չ’ուրպացուիր,
մանաւանդ
նկարագրական
տաղանդմը,
եւ
կրնան
«զիրենք
սնուցանող
գրականութեան
արձագանգն
ըլլալ»,
որպէս
իրենք
իսկ
կ’ըսեն,
բաւական
յաջողութեամբ։
Բայց
միամտութիւն
է
կարծել
թէ
նկարագրական
սեռին
մէջ
կը
կայանայ
բովանդակ
գրականութիւնը,
կամ
թէ
վէպի,
եւ
այն
ալ
բնապաշտական
վէպի,
եւ
թէ
այդ
սեռէն
դուրս
ոչինչ
կայ
որ
արժէ
գրականութիւն
կոչուիլ
ու
մշակուիլ։
Նկարագրել
նկարագրելու
համար՝
կրնա
ձանձրալի
դառնալ,
երբ
նպատակ
մը
չերեւի
բացայայտ,
բարոյական
ու
ընկերային
նպատակ
մը.
աննպատակ
ընտրուած
մանրամասնութեանց
այդդէզերն
առառաւելն
կրնան
զարմացնել
իբրեւ
քաջազօր
ճարտարի
(virtuose)
գործ
կամ
լարախաղացի
փորձեր.
բայց
գաղափա՞րն
այդ
պատկերներուն,
փիլիսոփայութի՞ւնն
անոնց.
-
է՜հ,
նոքա
կը
խորհին,
նոքա
կ’զգան
ինքնին։
Կ’աղաչեմ,
քիչ
մ’ալ
դուք
ինքնին
բարձրաձայն
խորհէիք,
ուղղակի
պարզէիք
մեզ
ձեր
զգացումն,
երկդիմութեանց
տեղի
չձգելու
համար։
Պէտք
չէ
նոյնպէս
կարծել
թէ
ընդհանուր
տիպերը
ոչինչ
են.
անոնք
դասու
մ’ընդհանուր
գծերը
կ’ամփոփեն,
անհատներու
խումբ
մը
կը
ներկայացնեն
մէկ
դէմքի
վրայ,
զանց
առնլով
կարի
անհատական
ու
պատահական
հանգամանքներ.
այսպիսիք՝
ճիշդ
ըլլալու
համար՝
առաւել
ընդարձակ
դիտողութեան
մ’արդիւնք
պարտին
ըլլալ
եւ
ոչ
նուազ
զգացում
կը
պահանջեն։
Դասական
գրականութեան
քանի՜
այսպիսի
տիպեր
անմահ
մնացած
են։
Վէպէ
ու
վիպակէ
զատ
դեռ
շատ
մը
գրական
սեռեր
կան,
արձակի
եւ
ոտանաւորի,
որք
կը
պատասխանեն
մարդկային
մտքին
ու
սրտին
զանազան
պէտքերուն
եւ
որոց
մշակումն
յաճախ
շատ
աւելի
կարեւոր
է
ընկերութեան
զարգացման
քան
վիպասանութեանն։
Ո՛չ
Պագոն,
ո՛չ
Պոսիւէ,
ո՛չ
Տիկին
տը
Սէվինեէ,
ո՛չ
Բասքալ,
ո՛չ
Մոնդէսքիէօ,
ո՛չ
Ֆրանքլին,
ո՛չ
Միշլէ,
ո՛չ
Կամպէդա
վէպ
չգրեցին,
այլ
Դպրութեանց
Պատմութեան
մէջ
անջինջ
հետքեր
թողուցին։
Գիտեմք
որ
Քաղաքական
Տնտեսութեան
վրայ
ճառ
մը
գրել,
մեր
նորոց
համար,
գրագէտի
ազնուութիւնը
կորսնցնել
է.
բայց
ընթերցողը
գրականութեան
մէջ
զուարճութենէ
աւելի
կամ
զատ
մտքի
հաստատուն
կերակուր,
կենսաշէն
նիւթ
կը
խնդրէ,
իտէալ
մը
կը
փնտռէ
զինքն
հրապուրող,
քարշող,
ազնուացնող,
բարձրացնող։Ո՞վ
պիտի
ընէ
այս
ամէնը.
սառն,
անհոգի,
սկզբնազուրկ,
հեգնաժպիտ
արուեստասիրութի՞ւնը
(dilettantisme)
Կի
տը
Մոբասաններու,
որոց
սիրահարն
էք։
Այդ
բնապաշտական
կոչուած
դպրոցն
ալ
միամտօրէն
յաւիտենական
մի՛
կարծէք.
Դրութիւններ
ու
Դպրոցներ
յաւիտենական
չեն
կրնար
ըլլալ,
քանի
որ
ծայրայեղութեան
ու
միակողմանի
տեսութեան
վրայ
հիմնուած
են։
Ինչ
որ
կայ
ի
նոսա
բնական
ու
բանական՝
ա՛յն
միայն
կը
մնայ
կենդանի,
եւ
յաճախ
այն
կար
ի
վաղուց։
(Արեւելք,
1892)