Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

17. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ
Քառորդ դարու յիաշատակներ
(Նամակ առ Տ. Ա., խմբագրապետ Մասիսի)

 

Մեծայարգ եւ սիրելի Խմբագրապետ,

 

Ձեր նամակաւ կ’ուզէք որ Մասիս ին համար ի գիր առնում Պէրպէրեան վարժարանի բացման պարագաները՝ 25 տարի առաջները երթալով իմ յիշատակներուս մէջ։ Ձեր համակրալից առաջարկին պատասխանել կը փութամ, թէեւ հարկ ըլլայ ինձ գուցէ կրկնել, գէթ մասամբ, ինչ որ դեռ երէկ իրազեկ բարեկամ գրիչ մը կը յիշեցնէր Բիւզանդիոն ի մէջ։ Գատըգիւղ, Լատին Եկեղեցւոյ փողոցին մուտքը, միջակ մեծութեամբ տան մը մէջ կը հիմնուէր Պէրպէրեան վարժարանը լռին ու անձայն կերպով։ 1876 տարւոյն դպրոցական արձակուրդի ամիսներուն մէջ, ու Սեպտեմբերին ալ, անդուլ ու կատաղի պայքար մը մղած էի նիւթական հազար ու մէկ դժուարութեանց դէմ՝ հասնելէ յառաջ Հոկտեմբեր 1 թուականին, ուր դասերու սկզբնաւորութիւնն ազդարարող առաջին զանգակն հնչուեցաւ Պէրպէրեան դպրոցին։ Առաջին դժուարութիւններն հարթուելուն եւ վարձուած տան պայմանագրութիւնը կնքուելուն պէ՛ս թռած գացած էի Մանզումէ ի եւ Մասիս ի խմբագրատունները բացման Ազդերը հրատարակութեան տալու։ Կանխաւ խոստացուած մի քանի սակաւաթիւ աշակերտներ ներկայ էին Հոկտեմբեր առաւօտուն, երբ մի քանի ուսուցիչներով վեր սրահը ելանք դասերն սկսելու։ Տունը, որ այժմ այրած է ու տեղն աւերակ մնացած, երկու յարկ ունէր եր եքական սենեակով. առաջին յարկը՝ բաւական ընդարձակ սրահով մը՝ դասառութեանց յատկացուցեր էի, ու երկրորդ յարկը՝ ննջարանի, մէկ սենեակն ինձ մասնաւորելով իբրեւ աշխատելու ու ննջելու սենեակ։ Գետնայարկին վրայ երկու սենեակներ կային. մին խօսարան ըրած էի, եւ միւսը՝ ճաշարն։ Փոքրիկ պարտէզ մ’ալ ունէր այդ շէնքը։ Կը յիշեմ որ առաւօտուն այդ խօսարանին մէջ ժողովուեցան մէկ քանին այն ուսուցիչներէն, հայ թէ եւրոպացի, որք յանձնառու եղած էին պաշտօնավարել վարժարանիս մէջ, անշուշտ ի սկզբան բազմապահանջ չըլլալու եւ նոյն իսկ վճարման մասին համբերատար գտնուելու հաճոյակատարութեամբ։ Կային նաեւ, կարծեմ, մէկ երկու ծնողք։ Հոն եղաւ բացումը քանի մը պարզ ու դողդոջ խօսքերով զորս արտասանեցի. լաւ չեմ յիշեր ըսած խօսքերս, բայց անշուշտ սրտագին նուիրում մը կը խոստանային սկսուած գործին, ու մանաւանդ երկնից օգնութիւնը կը հայցէին անոր յաջողութեանն համար։ Անկէց ետքն էր որ, ինչպէս ըսի, վեր ելանք դասախօսութեանց սկիզբն ընելու։

Մեր առաջին աշակերտները գիւղին Արամեան վարժարանէն բանժուելով եկան մեզի, որոց մէկ քանին բարձրագոյն կարգէն. այս վերջնոց հետ միացան դեռ նոր փակուած Շահնազարեանի քանի մը սաներ ու կազմեցին Դ. դասարանը։ Ասոնցմէ երեքը յաջորդ տարւոյ վերջն աւարտելով իրենց շջարնը՝ եղան մեր անդրանիկ պսակաւորները։ Այսպէս տարի առ տարի չէր որ կազմեցինք մեր դասարանները. նոյնպէս առաջին օրէն բաւական ըդնարձակ ծրագիր մը գործագրութեան դրինք՝ ուսուցիչներու բաւական մեծ թուով մը։ Առաջին տարուան մէջ Գ. Զաքարեան՝ Ուսողութեան, Ի. Մուրատեան՝ բնական գիտութեանց, Ա. Գարամաթոսեան՝ օսմաներէնի, Յ. Սեթեան՝ ֆրանսերէն-հայերէնի, Մ. Ռու՝ ֆրանսերէնի, Չարլս Ռոպէրդս՝ անգլիերէնի, Ֆերտինանտ Ֆիլիբ՝ գերմաներէնի, Մ. Տիրացուեան՝ գծագրութեան, Ն. Թաշճեան՝ երաժշտութեան, Ս. Սուրէնեան՝ դաշնակի դասեր աւանդած են, բաց ի ընդհ. հսկողութեան եւ օգնական-ուսուցչութեան պաշտօն վարող մի քանի այլ անձերէ ու Տնօրէնէն որ ստանձնած էր հայ եւ ֆրանսերէն լեզուաց, գրագիտութեան, ընդհանուր եւ մատենագրական պատմութեանց դասեր։ Ի՞նչ բան կ’ապահովէր ուսուցչաց թոշակներուն վճարումը, ո՛րչափ ալ ի սկզբան համեստ եղած ըլլային իրենց պահանջումներ։ Հոկտեմբեր 1ին երկու գիշերօթիկներ արձանագրուած էին, Լեւոն Պ. Ֆտնտգլեան եւ Համբարձում Այնաճեան (Շապին Գարհիսարցի). ասոնց թիւը հասած էր 1877 մայիսին։ Նոյնպէս սակաւաթիւ էին արտաքինք, եւ առաջին դպրոցական տարին վերջացած պահուն՝ ընդ ամէնը, ներքին թէ՛ արտաքին, 28 աշակերտ ունեցած ենք։ Երկրորդ տարւոյն վերջը, ուր մեր առաջին շրջանաւարտներն ունեցանք, ընդհանուր աշակերտաց թիւն հասած է 37ի, որոց 19ը գիշերօթիկ։ Այս պայմաններուն մէջ կը հասկցուի առաջին քայլերուն անհնարին դժուարութիւնը։ Ստիպուած էի դպրոցական օրէն յետոյ մասնաւոր դասերու վազել, որոցմէ բաւական թուով ունէի՝ Գատըգիւղի առաջնակարգ ընտանիքներու մէջ, ու ոմանց ալ գիշեր կ’երթայի։ Բայց ա՛լ դպրոցի դասեր չունէի. ցերեկն ամբողջ աշակերտներուս կը պահէի. թողուցի իսկ Ֆռէռներու վարժարանին մէջ ունեցած դասս։ Այս մասնաւոր դասերէն առած վարձքս բաւական նպաստ մ’էր ինձ դպրոցական ծախուց համար։ Պէտք է որ շնորհակալութեամբ յիշեմ Ֆնտքլեան բարեյիշատակ Պետրոս էֆէնտին, որ հաճած էր դպրոցատան 70 ոսկի տարեկան վարձքին երաշխաւոր ըլլալու 12 ոսկւոյ կանխավճար մ’ըրած էի Արամեանէն ստացած վերջին երկու ամսականներովս-, եւ որ առաջին մէկ երկու մասնավճարներն ըրաւ՝ հաշուակցելով յետոյ մեզ հետ, վասն զի մեզ յանձնած էր իր երեք մանչ զաւակներն ու տանը մէջ կը դասախօսէի իր աղջկան։ Նաեւ պէտք է որ յիշեմ Եօզղադցի Յակոբ աղա անուն բաւական ունեւոր ատաղձագործ մը, որ ապառիկ շինած էր իբր 40 ոսկւոյ արժէքով գրասեղան, գրատախտակ, ամպիոն, ճաշասեղան։

Հետաքրքրական է աչքէ անցընել, մեր դպրոցական արձանագրութեանց հին տումարներուն մէջ, առաջին տարիներու ամավերջի քննութեանց ատեն քննիչներու տարեկից ու երէց պաշտօնակիցներու եւ այլ ուսումնական անձերու գրաւոր վկայութիւնները, ըստ սովորութեան մը որ կար այն ատենները եւ զոր մեր չորրորդ տարիէն վերցուցինք մեզ համար։ Բայց անշուշտ այն սկզբնական տարիներուն մէջ շատ քաջալերիչ եղած են մեզ ձեռնհասներու գգոհունակութեան վկայութիւնները։ Այդ արձանագրութեանց մէջ այսօր անհետացած դէմքերու ձեռագրերը կան, Սրուանձտեանց Գարեգին վարդապետի, Ս. Պ. Պ. Փափազեանի, Եղիազար Մուրատեանի, Սիմոն Միքայէլեանի։ Թո՛ղ ներուի յառաջ բերել այս վերջնոյն, որ Ուսողութեան ուսուցիչս եղած էր Խասգիւղի Ներսիսեան վարժարանին մէջ, տուած համառօտ ու պարզ կվայութիւնը, որուն մէջ հօր մը ձայնը կը կարծեմ լսել որ մեծութիւն կը գուշակէ իր զաւկին գործին մէջ եւ այդու կը յուսադրէ ու կը խրախուսէ։

«Քանակագիտութեան քննութեան ներկայ գտնուելով՝ գոհ եւ ուրախ եղայ աշակերտաց պատասխաններէն, եւ քիչ ժամանակէն կը յուսացուի որ առաջին կարգի դպրոց պիտի ըլլայ։

77, յուլիս 19։ Ս. Միքայէլեան»։

Հեռի՜ յինէն առաջին կարգի բառերուն պատուասիրական ու քաջալերական չափազանցութենէ տարբեր իմաստ մ’ընծայելու յաւակնութիւնը. բայց նայելով այսօրոեայ 24 ամեայ քիչ թէ շատ յաջողակ յարատեւութեանը գործոյն զոր նա դեռ իր որրանին մէջ կը դիտէր՝ թոռան մը կենսականութեանը վրայ պապու մը յայտնած վստահալից եւ ցնծալից նանխատեսող ներշնչմանը պէս բան մը տեսնել կը փորուիմ այդ տողերուն մէջ՝ գրուած ձեռքէ մը, զոր, աւա՜ղ, մահն ընդհուպ պիտի գօսացնէր, եւ կը յուզուիմ։

Դպրոցական Գ. տարւոյն (1878-79) սկիզբները մեր գիտշերօթիկ աշակերտաց թիւը սկսաւ շուտով աճիլ. նոյեմբերի մէջ արդէն 25ը անցած էր եւ երթալով յաւելնալ կը խոստանար։ Ընդարձակագոյն յարմար շէնք մը գտնել Գատըգիւղի մէջ կարելի չէր երեւեր. ուստի ստիպուեցայ թողուլ ԳԱտըգիւղը եւ անցնիլ Իւսկիւտար։ Գատըգիւղցի ծնողքներ շատ ստիպեցին զիս մնալ ու բաւականանալ այդքան աշակերտով. երկիւղ ալ կը յայտնէին որ մեծագոյն թիւ մ’աշակերտաց գուցէ դժուարութեանց մատնէր զիս ու անկարողանայի վարել բազմապահանջ գործ մը։ Չանսացի, փոխադրուեցայ Իւսկիւտար (Իճատիէ) ուր ընդարձակագոյն ասպարէզ մը գտայ. գիշերօթիկներու թուոյն հետ արտաքիններու թիւն ալ շատցաւ շուտով։ Տարւոյն վերջը 50 եղած էին գիշերօթիկները, ու Դ. տարեշրջանը արդի շէնքին մէջ (Սէլամսըզ) սկսանք։ Նոյն իսկ այդ տարեշրջանի առաջին ամիսներուն պարտաւորուեցայ վարձել մեր դրացի Օտեանց ընդարձակ տունն ալ, այժմ Ամերիկեան Հոմին միացած, իբրեւ ննջարան միայն գործածելու համար, ա՛յնքան մեծ էր հոսանքը գիշերօթիկներու, աւելի՛ քան ութսումն։ Այս հոսանքը չշարունակուեցաւ սակայն, նուազեցաւ իսկ ապա. հարկ եղաւ ինձ յաջորդ տարին ամփոփուիլ արդի տան մէջ։ Ու հոն ենք քսան եւ մէկ տարիներէ ի վեր, ելեւէջներ ունենալով թէպէտ նիւթական յաջողութեան մասին, այլ անընդհատ յարատեւութեամբ գործոյն։

Գատըգիւղէն բանժանումը, սակայն, բաւական ցաւագին եղաւ սրտիս։ ԽԱսգիւղէն հոն փոխադրուած 1872ի վերջերէն ի վեր՝ 6 տարի բնակած էի այդ թաղին մէջ, ու շատ սիրած էի զայն։ Հոն կանուխէն աշխատիլ սկսած էի կրթական գործին, աշ ակերտներ հասուցած որոցմէ փայլեցան Միհրան Ասքանազ եւ Յարութիւն Գիմաքսեան։ Համակիրներու շրջանակ մը կազմած էի իսկ հոն, եւ իբր ծննդավայր մը ընտանի եղած էր ինձ։ Բոլոր փողոցները ծանօթ էին ինձ, եւ մանաւան բոլոր ծովեզերքները՝ որոց վրայ թափառած էի սրտի թամր զգացումներով։ Շքեղ վերջալոյսերու հանդէպ քանի՜ցս անյագ կանգ առած էի երկար, ու Մօտայի հրուանդանին ծայրէն ո՛րչափ անգամներ յափշտակուած ընկղմա՜ծ էի՝ երազալից՝ կապոյտ անհունութեան մէջ զոր ծովը կը պատկերէր, կամ երեկոյի ստուերներուն մէջէն դէպի Ֆէնէր-Պաղչէի փարոսը մագնիսուած, ժամերով անշարժ։ Իւսկիւտար փոխադրութեանս առաջին ամիսներուն մէջ պարզապէս ծովուն հայրենաբաղձութիւնն ունէի. ստնահատ տղու մը պէս դժբաղդ կը զգայի ինքզինքս։ Ընդերկար պահեց Գատըգիւղ իմ վրաս իր դիւթութիւնը, եւ մէկէ աւելի անգանմեր փոր փորձեցի հոն դառնալ, բայց միշտ յարմար շէնք մը գտնելու դժուարութիւները ետ մղեցին զիս։ Կամաց կամաց Իւսկիւտար անոր տեղն առաւ իմ սրտիս մէջ։ Անոր պողոտայներուն լայնութիւնը, անոր բարձրութիւնները սկսայ սիրել, ու անոր եկեղեցիներուն մեծութիւնը, Ս. Խաչին ստուերները, Ս. Կարապետին առատալոյս պայծառութիւնը, եւ Իւսկիւտարցի հայ ժողովրդեան բարքերուն առաւել պարզութիւնը։ Մարդ կը սիրէ այն տեղերը որոց վրայ իր քրտինքը կը թափէ. յամառ ու անվրդով աշխատութեան յարմարագոյն վայր մ’էր Իւսկիւտար. կամաց կամաց ինձ աշակերտեալներու նորահաս սերունդներ կը կազմուէին հոն, որք ամէն քայլիս դէմս կ’ելնէին՝ հոգւոյ ազգականութեան ժպիտ մը իրենց աչքերուն մէջ։ Բայց Իւսկիւտար պիտի շղթայէր զիս երջանկութեան եւ դժբաղդութեան ամենէն ամուր շղթայներով։ Հոն, դպրոցական մեղուանոցին մէջ, իմ ընտանեկան բջիջս պիտի կազմէի. անոր ծառերուն շուքին տակ պիտի պատսպարէի իմ բոյնս, անոր պարտէզներուն մէջ ամենէն երջանիկ ժպիտներս պիտի ժպտէի, ու, աւա՜ղ, անոր հողերուն վրայ ամենէ՛ն լեղի արցունքներս պիտի լայի…։

Վերեւ ակնարկուած բարեկամը գրած էր թէ ոմանմէ գուցէ տափակութիւն մեկնուելու աստիճան միօրինակութեամբ մը կը սահին օրերս, մի եւ նոյն գործը կրկնելով ամէնքն ալ, մի եւ նոյն վաստակը բերելով շարունակ, իրարու ետեւէ, անփոփոխ, անձանձրոյթ, եւ ինք ատոր մէջ կարողութիւն մը կը գտնէր։ Կարողութիւն կամ տկարութիւն, չգիտեմ, բայց ներքին զգացումն ու համոզումն յամառօրէն հաւատարիմ գտած են զիս միշտ ու որոշ կերպով ձեւացուցած կեանքիս տարազը, պարտականութեան պահանջկոտութիւնը տալով անոր։ Հիմայ դժբախտ, բայց սրտակէզ վշտիս հաւատարիմ, կը շարունակեմ միւս կողմէ հետեւիլ այն համոզումներուն որք զիս մղեցին առանձին վարժարան մը հիմնելու։ Կը հարցնէք ինձ, սիրեցեալ բարեկամ, թէ ի՛նչ կրթասիրական իտէալ ունեցած եմ զայն հիմնելու ատեն։ Իտէալս շատոնց արձանագրած եմ վարժարանիս Յայտագիրներու ճակատը. «Պէրպէրեան վարժարանի նպատակն է պատրաստել Ազգին լուսամիտ եւ ազնուասիրտ անդամներ», որք աննախապաշար բազմակողմանի կրթութեամբ մը մշակուած մտքեր, ուղղաբարոյ եւ բարեսէր ընթացքով Պետութեան եւ Ազգին պատուաբեր ու օգտակար անհատներ, սիրոյ ու փափկութեան ընդունակ հոգիներ ըլլան։ Հանրային կրթութեան մասին Կայսերական Կառավարութենէն արտօնուած անհատական գործունէութեան շրջանակին մէջ ինքնուրոյն ուժերով ու համոզումներով գործել նախընտրեցի, եւ այսօր, մտացի, պարկեշտ ու արդիւնաւոր գործունէութեան այլեւայլ ասպարէզներուն մէջ փայլող Պէրպէրեան Սանուց կարեւոր թուին հանդէպ, կ’ըսեն ինձ թէ իտէալս ըստ կարի իրագործուած է։

(Մասիս, 1901, Երկրորդ Շրջան, Թիւ 43։)