Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆ

Ներկայ հատորին մէջ ամփոփուած գրութեանց նիւթը մանաւանդ եղած է ինձ թելադրող այս փունջը կազմելու գաղափարը։ Աստ անդ, ինչ ինչ պատեհութեամբք, տարիներու ընթացքին մէջ, գրած եմ յօդուածներ կամ արտասանած եմ բանախօսութիւններ, որք իրենց առարկայ ունեցած են դաստիարակութեան խնդրոյն այլ եւ այլ շահեկան կէտերը կամ գրականութեան վերաբերեալ զանազան հարցեր եւ նոյն իսկ այլ եւ այլ մատենագրական դէմքեր։ Դաստիարակութեան նպատակը, ու եղանակները, կրթութեան աստիճանները, դպրոցաց կազմակերպութիւնը, ուսուցչաց պատրաստութիւնը, մանկավարժական սկզբունքները, կրթական իշխանութեանց դերը, դպրոցական ծրագրի կազմութիւնը, որոց հետ նաեւ Պէրպէրեան վարժարանի գործունէութեան ինչ ին դրուագները, ինչպէս նաեւ հայ լեզուի եւ դպրութեան շուրջը դարձող խնդիրները, գրականութեան սեռերը եւ գրագէտներու գրական արդիւնքն ու գործունէութիւնը թելադրած են մեզ մերթ ընդ մերթ այդ գրուածներն ու այդ ճառերը, որոց մէջ ջանացած ենք բանաձեւել մեր տեսութիւնները, մեր համոզումները, մեր սիրած ու հետեւած սկզբունքները, ուսմամբ, խորհրդածութեամբ եւ փորձառութեամբ ստացուած ու հոգիներու մէջ լուսաւորութեան կայծեր եւ ազնիւ յուզման մը շարժումները յառաջ բերելու սահմանուած։ Այդ խնդիրներն ալ, յայտնի է, առօրեայ չեն. վայրկենի մը կեանքը չէ որ ունին, այլ ամէն ժամանակի մարդերը կը հետաքրքրեն։ Կրթութիւն եւ գրականութիւն ընդ միշտ կենսական հարցեր են, ժողովուրդներու բարոյական կեանքին գործարանները. ամէն սերունդ պիտի հետաքրքրուի իր դպրոցներով որոց կը յանձնէ իր ապագայ ճակատագրաց պատրաստութեան հոգերուն մեծագոյն մասը, ու նաեւ ամէն սերունդ իբրեւ մտաւոր սնունդ մատենագրութիւն մը պիտի ունենայ որուն ուղղութիւնը, իբրեւ մեծապէս ազդող իր բարոյական եւ ընկերական կեանքին վրայ, պիտի շահագրգռէ զինքը շարունակ։ Կրթական եւ գրական խնդիրներուն ամէն ժամանակներու համար ունեցած կարեւորութիւնը պատճառ է որ երէկ կամ այսօր երեւցած կամ վաղն երեւնալիք գրուածներ, որք նոյն խնդիրներուն հետ վերաբերում մ’ունին, այնպիսի ձեւի մը մէջ դրուին որ իրենց երեւումէն ետքն ալ կարենան դիւրաւ խորհրդակցութեան մը նիւթ ըլլալ ներկային ու ապագային մէջ, նոր օգուտի մը, շահեկան տպաւորման մը, բաղդատման մը պէտքին համար։ Ժողովրդեան մը մտքին առջեւ պէտք է գտնուին իր մէջ արտայայտուած անցեալ մտքերը, մանաւանդ կարեւոր ու կենսական հարցերու շուրջը դարձողները. հինը գիտնալ նորը դիւրաւ գտնելու կը ծառայէ, եւ շատ անգամ նոր ու աւելորդ խարխափումներէ, անօգուտ կրկնութիւններէ կ’ազատէ զմեզ։ Մեր մէջ յաճախ տեսնուած է կրկնուիլն այնպիսի խնդիրներու որք արդէն ժամանակ յառաջ ընդունած են իրենց բանաւոր լուծումը, եւ սակայն վերստին կը յուզուին ու ժամավաճառ կ’ընեն զմեզ՝ մոռցուած ըլլալով ինչ որ գրուած եւ խօսուած էր երբեմն։ Այս մոռացումն ու կորուստը յարաբերական գէթ՝ եթէ ոչ բացարձակ անտի՛ յառաջ կու գան որ մեր մէ մտաւոր արտայայտութիւնք ընդհանրապէս ո՛չ թէ գր քերու միջոցաւ կը լինին այլ թռուցիկ թերթերու զորս կ’առնու կը տանի հովն այսն օրուան ուր ծնան, եւ գաղափարներն ու տեսութիւնները կ’աւլուին կ’երթան անոնց հետ գրատանց կամ հնասէրներու հաւաքածոյներուն մէջ իրենց փոշոտ քունը քնանալու։ Գէթ ժամանակ մը վերջը գրքերու մէջ ամփոփուէին, ցիրուցան ատաղձներ շէն մը կազմէին, ցրուած անդամներ մարմին մը յառաջ բերէին որ դէմք մ’ունենար, որ այլ եւս իր անհատական գոյութիւնն ունենար եւ ա՛լ ձեռքէ ձեռք ամէն սերունդներուն, ըստ իւր կարեւորութեան, խօսիլ կրցող մարմնաւորեալ ոգի մ’ըլլար, խորհող միտք մը, բաբախող սիրտ մը մարմնացուցած։ Այսպիսի է գիրքը։

Ուստի եւ, ինչպէս ասկէ առաջ ալ մի քանի անգամներ ըրած ենք մեր այլ գրութեանց համար, մտածումն ունեցանք այն յօդուածներն ու բանախօսութիւնները, որոց ակնարկեցինք ի վեր անդր, միացնելու մէկ նոր հատորի մէջ, «Դպրոց եւ Դպրութիւն» տիտղոսը տալով անոր, ըստ որում կրթական եւ գրական նիւթոց ժողովածոյ։ Կը յուսանք թէ անօգուտ գործ մը չենք ըրած, այլ ընդհակառակը, արդի եւ ապագայ կրթասիրաց եւ գրասիրաց, ուսուցչաց եւ գրագիտաց համար ի մասնաւորի, շահեկան եւ հետաքրքրելի։ Եւ ա՛յ իսկ է մեր վարձը։

 

Իւսկիւտար, Կ. Պոլիս, 1905 Փետրուար 2