7.
ՊԵՐՃԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Թերեւս,
սիրելի
ընթերցող,
պատահած
է
քեզ
ներկայ
գտնուիլ
մի
պերճախօս
ատենաբանութեան։
Դիտած
ես
յայնժամ
հոգւոյդ
յուզմունքն,
ու
զննա՞ծ
ես
շուրջդ
եղող
ունկնդիր
ամբոխին
դիմաց
վրայ
այլազան
կրից
ու
հակընդդէմ
զգացումներու
փոխ
առ
փոխ
նկարուիլն։Չե՞ս
զգացած
յայնժամ
սիրտդ
իբր
ալեկոծուած
մի
բուռն
հողմէ։
Բռնաւոր
գաղափարաց
հոսանք
մ’որ
կ’ողողէ
միտքդ,
եւ
կամքդ
իբր
քշուած
տարուած
մի
անդիմադրելի
հզօր
զօրութենէ.
չե՞ս
դիտած
թէ
ի՜նչպէս
ամէն
շշուկ
կը
մարի
գոռացող
ձայնին
առաջին
շեշտերուն,
եւ
բովանդակ
բազմութիւնն
ականջ
կտրած
կ’ունկնդրէ
լռին՝
այնպէս
որ
այդ
խուռնամբոխ
հրապարակին
մէջ
ճանճի
մի
բզզիւնն
պիտի
կրնար
լսելի
լինել
յստակօրէն.
չե՞ս
տեսած
թէ
ի՛նչպէս
անձնիւր
անհատ
կախուած
է՝
յակճիռ՝ատենախօսին
շրթներէն,
թէ
մէն
մի
ունկնդրի
դիմաց
գծերն
ինչպէս
կը
ներդաշնակին
ատենաբանին
դիմաց
բացատրութեան,
թէ
ի՜նչպէս
ամենուն
սիրտք
կը
տրոփեն
զուգաբախ
միեւնոյն
կրից
ազդեցութեան
տակ,
որպէս
թէ
մի
ելեքտրական
հեղուկ
սրտէ
ի
սիրտ
ընթանար
արագ
մէ՛կ
ակնթարթի
մէջ
եւ
ցնցէր
միահաղոյն
համայն
հոգիներն,
եւ
թէ
ի՜նչպէս
հաւանութեան
աղաղակներ
ու
ծափեր
կ’արձակուին
որոտընդոստ
հազարաւոր
բերաններէ
ու
ձեռներէ,
յեղակարծ
պայթում
բուռն
զգացման
որ
ընդ
երկար
բարձրացած
ու
զսպուած
մնացած
էր
լանջաց
տակ,
երբ
հրապարակախօսն
կանգ
կ’առնու
մի
պահ
կամ
կ’աւարտէ
իւր
ճառն։
Եթէ
չես
կրցած
նայիլ
շուրջդ
ու
դիտել,
այդպիսի
պարագայի
մէջ
առանձին
զգալով
ինքզինքդ,
մերկանալով
գոգցսե
քու
էութիւնդ
ու
պահ
մ’ապրելով
խօսողին
մէջ,
մտածելով
եւ
զգալով
եւ
կամելով
նորա
հետ,
կրնաս
քու
հոգեկան
կացութենէդ
մակաբերել
այլոցն։
Այո՛,
այդպիսի
է
պերճախօսութիւնն։
Կը
բռնաբարէ
միտքդ
ու
համոզում
մի
կը
դնէ
հոն.
կիրք
մի
կը
բորբոքէ
սրտիդ
մէջ
որոյ
առջեւ
կը
լռեն
ու
կը
շիջանին
բոլոր
յոյզերդ,
նպատակ
մի
մատնանիշ
կ’ընէ
քեզ
յոր՝
իբր
բնազդէ
վարուած՝
կը
մղուի
կամքդ
անզուսպ։
Շունչ
մ’է
մեծազօր
որ
մէկ
բերնէ
կ’ելնէ
ու
կը
փոթորկէ
ողջոյն
հրապարակն,
սառն
ամբոխ
մի
յանկարծ
կը
վառէ
աւիւնով
ու
խանդով,
հանդարտ
ակումբ
մի՝
որ
նստած
է
անտարբեր՝
յոտն
կըհանէ
հրաշո՛ւնչ
մոլեգին,
եւ
կամ
գրգռեալ
ժողովրդեան
մի
վերայ
կը
սփռէ՝
գոգցես
դիւթութեամբ՝
ոգին
խաղաղութեան։
Լսա՞ծ
ես
երբեք
հովին
յառնելն
անտառին
մէջ։
Լուռ
էր
այն.
հեռաւոր
մռունչ
մի
կը
լսուի
հորիզոնին
խորերէն
որ
երթալով
կը
մօտի,
կը
մտնէ
մթին
անտառին
մէջ,
եւ
ահա
սարսուռ
մի
կ’անցնի
ծառոց
վրայէն,
խուլ
սօսափիւն
մը
կը
լսուի,
երերակոծ
կը
տարուբերին
ծառք,
եւ
սօսափիւնը
կը
բարձրանայ
եւ
ողջոյն
անտառն
կը
տատանի
ու
կը
գոչէ
ահեղագոռ։
Նկատա՞ծ
ես
դարձեալ
ալեխռով
ծովն
որոյ
վրայ
կը
շնչէ
յանկարծ
խաղաղարար
սիւքն,
փրփրադէզ
մռայլ
կոհակք
կ’անկանին
կը
փշրին,
կը
ծաղկին
ալիք
ու
կը
ժպտի
ալեաց
միապաղաղ
մակերեւոյթն։
Մրրկաբեր
հողմն
ու
խաղաղասփիւռ
զեփիւռն
պերճախօսութիւնն
է,
եւ
անտառն
ու
ծովն՝
այնհազարաւոր
հոգիներն
որք
նորա
ազդեցութեան
կ’ենթարկին։
Պերճախօսութիւնն
է
այս
Դիմոսթէններու,
Կիկերոններու,
Ոսկեբերաններու,
Պոսիւէներու,
Միրապոյներու,
Չաթամներու,
Լամարթիններու,
Կամպէթաներու,
եւ
ամէն
անոնք
որք
առաւել
կամ
նուազ
ունին
յինքեանս
այդ
աստուածեղէն
շունչն՝
ունի՛ն
բաժին
այդ
գերազօր
ազդեցութենէն,
կարողութիւն
խօսքի
զօրութեամբ
ներգործելու
մտաց,
սրտի
եւ
կամաց
վրայ,
որպէս
կը
սահմանեն
զՊերճախօսութիւն,
կարողութիւն
մտքերը
նուաճելու
այն
գաղափարին
զոր
կը
բաղձայ
մարդ
ընդունուած
տեսնել
ուրիշներէ,
գրգռելու
կամ
հանդարտելու,
խանդաղատելու
կամ
ամոքելու,
սիրով
կամ
ատելութեամբ,
զմայլմամբ
կամ
պժգանօք
համակելու
հոգիներն,
կամեցողութիւնը
շարժելու
յայս
կամ
յայն
գործ։
Արդարեւ
գերագոյն
կարողութիւն,
որոյ
աղօտ
մի
պատկերը
կը
տեսնէր
Բասքալ
ամէն
այլ
իշխանութեան
վրայ
եւ
զոր
ա՛յնքան
աւելի
ազնիւ
կը
նկատէր
որքան
հոգւոյն՝
այն
է
մարդուն
ազնուագոյն
կարողութեանց
վրայ
ի
գործ
կը
դրուի
այն։
Այս
կարողութիւնն,
յայտնի
է,
մարդոյն
հետ
միայն
կրնայ
ծնիլ.
բնութիւնը
կու
տայ
զայն
առանձնաշնորհեալ
ոգիներու։
Ուսմունք
չեն
կարող
փոխանակել
նմա։
Արիստոտելի
եւ
Կուինտիլիանոսի
բոլոր
հռետորական
կանոններն
թէ
լեցնես
մի
մտքի
մէջ
որ
ի
բնէ
զուրկ
է
այդ
ձիրքէն՝
չես
յաջողիր
յառաջ
բերել
խօսող
մ’որ
գէթ
հաւասար
զօրութեամբ
կարենայ
մրցիլ
մի
անարուեստ
ատենաբանի
հետ
որոյ
բերնին
մէջ,
սակայն,
բնութիւնը
դրած
է
մի
կրակէ
լեզու։
Հաւասար
կրթութեամբ
զարգացեալ
անձինք
կարո՞ղ
են
մի
եւ
նոյն
դիւրութեամբ,
միեւնոյն
ազդուութեամբ
եւ
միեւնոյն
արդեամբ
խօսիլ
նոյն
նիւթոյն
վրայ։
Յոյժ
հաւանականաբար
նոյն
համոզումներն
ունին,
նոյն
զգացումներով
տոգորուած
են,
եւ
սակայն
մին
կարող
է
իւր
համոզումներն
անցընել
այլոց
մտքին
մէջ
եւ
զայլս
համակրել
իրեն,
եւ
միւսն
հազիւ
կրնայ
անգոյն
անկենդան
մի
բացատրութիւնն
ընել
իւր
գաղափարին
եւ
զգացման։
Այնքան
տարբեր
է
պերճախօսութեան
կարողութիւնն
արուեստէ
որ
սովորական
է
տեսնել
ռամկաց
իսկ
մէջ
այնպիսիներ
որոց
ուսեալն
ալ
հաճութեամբ
ունկն
կը
դնէ,
վասն
զի
պայծառութիւն
մի
կայ
իրենց
խօսքին
մէջ,
կարգ
մ’ու
աստիճանաւորում
մի,
ջերմութիւն
մ’որ
սրտինն
է,
երփներանգ
բան
մ’որ
երեւակայութեանն
է,
շեշտ
մ’որ
հոգւոյնն
է։
Բնազդաբար
կը
խօսին
այդպէս.
լեզուանի
են,
պերճախօսի
խմորն
ունին։
Եւ
արդէն
արուեստն
հոս
եւս,
ինչպէս
ուրիշ
ամէն
տեղ,
հետեւած
է
կարողութեան.
տեսականը
յետոյ
է
քան
զգործնականն։
Դեռ
հռետորութիւնն
չստեղծուած,
դեռ
Իսոկրատ,
Արիստոտէլ
եւ
Կուինտիլիանոս
պերճախօսութիւնն
կանոններու
եւ
օրինաց
չենթարկած,
ճարտասան
ատենաբաններ
կը
վարէին
ժողովուրդներն
իրենց
լեզուին
ծայրով,
բարուց
խժդժութիւնը
կը
մեղմէին,
տկարը
կը
պաշտպանէին
բիրտ
ուժոյն
բռնաբարութեանց
դէմ,
ընկերութեանց
ու
քաղաքաց
հիմ
կը
դնէին,
անհատից
ու
ցեղից
մէջ
արիւնային
պայքարներ
կը
խաղաղէին.
Սողոն
եւ
Պերիկղէս
օրէնք
կու
տային
Աթէնքի,
Տիրտէոս
ի
յաղթութիւն
կը
տանէր
Սպարտացիներն։
Այո՛,
իբր
առաջին
պայման,
հարկ
է
որ
պերճախօսն
ընդունած
լինի
բնութենէ
ինչ
ինչ
ձիրքեր,
յատուկ
կազմաւորութիւն
մի։
Կորովի,
ուղղախոհ
եւ
արագաթռիչ
միտք,
խորազգած՝
դիւրավառ
սիրտ,
զօրեղ
երեւակայութիւն
եւ
ճաշակ,
սոքա
են
հիմնական
կարեւոր
հանգամանք
ճարտարախօսին.
պէտք
է
որ
հաստատէ
եւ
հերքէ,
դատէ,
իմաստասիրէ,
զուգորդէ
գաղափարներն,
ապա
հարկ
է
որ
լինին
քաջ
խորհող,
շուտ
մտածող,
լաւ
տրամաբանող.
պէտք
է
որ
մարդկային
սրտի
թելերը
թրթռացնէ,
հոգւոյն
խօսի,
կոչում
ընէ
զգացումներու՝
բնազդմանց,
եւ
առ
այս
հարկ
է
որ
զգալ
գիտնայ,
յուզուիլ
գիտնայ.
«Ինձմէ
արտօսր
խլելու
համար
քե՛զ
պարտ
է
արտասուել
»
ըսած
է
Պօալոյ
իրաւամբ.
պէտք
է
որ
կենդանի
եւ
ազդու
պատկերներով
ընծայեցնէ
իրողութիւններն
եւ
յղանայ
ու
կապակցէ
համոզկեր
հնարքներն,
ուստի
եւ
հարկ
է
նմա
ունենալ
աշխոյժ
երեւակայութիւն,
եւ
վերջապէս
կարենալու
համար
ընտրել
ազնիւն
ու
վայելուչն,
գեղեցիկն
ու
պատշաճն
պարտի
օժտեալ
լինել
ճաշակաւ։
Բայց
չեն
բաւեր
սոքա
կազմելու
կատարեալ
ճարտարախօսը։
Ո՛չ
միայն
իւր
միտքն
պիտի
լինի
ի
բնէ
կորովի՝
ողջախոհ,
այլ
եւ
լուսաւոր,
զարգացեալ.
ո՛չ
միայն
իւր
սիրտն
պիտի
լինի
դիւրազգած,
այլ
եւ
ազնիւ,
մշակեալ։
Եթէ
իւր
յաղթանակը
մտքերը
նուաճելն
է,
ճշմարտութիւնն
է
իւր
գերազանց
զէնքն,
եւ
որչափ
աւելի
ճշմարտութեանց
լուսով
ողողուն
ու
պարարուն
է
իւր
հանճարն
ա՛յնքան
եւս
հզօր
ու
արդիւնաւոր
է
նորա
ներգործութիւնն
ոգիներու
վրայ։
Ստութեան,
նախապաշարումի
վրայ
հիմնուած
շէնք
մի,
թէեւ
ճարտար,
իսկոյն
կը
կործանի
ճշմարտութեան
մէկ
շնչէն։
Պէտք
է
որ
գիտութեան
հեղինակութիւնն
միանայ
բնաձիր
հանճարոյ
ուժոյն
հետ.
պէտք
է
որ
ամբոխն
այնպէս
նայի
ճարտարախօսին
որպէս
նաւազն
փարոսին։
Եւ
յետոյ
հա՛րկ
է
ճարտարախօսին
լինել
այր
բարի,
պարկեշտ։
Ո՛չ
մի
յատկութիւն
կարող
է
ներշնչել
ունկնդրին
այն
հրապոյր
ու
վստահութիւն
զոր
կ’ազդէ
առաքինութիւն։
Հիները
պերճախօսը
կը
սահմանէին
«
պարկեշտ
մարդ
ճարտար
ի
խօսել»,
եւ
Գեղեցիկ
Դպրութիւնքն
կ’անուանէին
ԲարիԴպրութիւնք
(Optimae
litterae)։Վովնարկ
ըսած
է
«Մեծ
մտածումները
սրտէն
կու
գան»։
Եթէ
այդ
սիրտ
չբաբախէ
ազնիւ
եւ
վեհ
զգացումներով,
եթէ
գեղեցկին,
բարւոյն,
ճշմարտին
սէրն
չտիրէ
նորա
մէջ,
եթէ
հանրային
օգտի
կիրքն
չվառի
ի
նմա,
ի՞նչպէս
կրնայ
դուրս
ցայտել
անտի
ճշմարիտ
պերճախօսութիւնն։
Ի՛նչ
որ
ալ
ընէ,
պիտի
խօսի
հրապարակախօսն
յանուն
Ճշմարտութեան,
յանուն
Արդարութեան,
յանուն
Եղբայրութեան,
յանուն
Հայրենեաց
եւ
Աստուծոյ,
եւ
երբ
այդ
անուններ
պատիր
դիմակներ
են
որոց
տակ
կը
ծածկէ
նա
անձնական
շահն
ու
գձուձ
կրից
գոհացման
տենչն,
այն
ատեն
ի
զուր
պիտի
գոռայ
շանթէ,
ունկնդիրն
կը
ճանչէ
զինքն
ու
կը
խնդայ
իւր
ապիկար
ճիգերուն,
իւր
ճամարտակութեան
վրայ.
եւ
եթէ
չճանչէ
իսկ,
կեղծաւոր
պերճախօսութիւն
մ’ունի՞
այն
սրտագին
շեշտերն,
այն
կենդանի
հուրն,
այն
անդիմադրելի
հրապոյրն
զոր
ներքին
համոզման,
հոգւոյ
ճշմարիտ
յուզումներուն
մէջ
միայն
կարող
է
գտնել
ատենաբանն։
Շատոնց
ըսած
է
Սոկրատ,
«Երեւելու
լաւագոյն
միջոցն
լինելն
է»։
Ի՞նչ
բանի
կը
ծառայեն
հռետորական
բարք
(moeurs
reelles)ցոլացումն
չեն։
Ժուպէրի
համեմատ
ալ,
«Պէտք
է
որ
մտածումներն
հոգիէն
ծնին,
բառերը
մտածումներէն
եւ
խօսքերը
բառերէն»։
Հոգիէ
զուրկ
ճառ
մի
հիւս
մ’է
մեծահնչիւն
այլ
դատարկ
բառերու,
փայլուն
այլ
սնամէջ
ձեւերու
եւ
չ’արժանանար
այն
յաղթանակին
որ
պահուած
է
անկեղծ՝
համոզեալ
հոգիներէ
բղխած
խօսքերու.
ամպ
մ’է
որ
կը
գոռայ
առանց
անձրեւելու։
Երբ
ճարտարախօսն
իւր
բարձր
ու
զարգացեալ
բանականութեան,
իւր
վառ
երեւակայութեան,
իւր
զգայուն
եւ
անկեղծ
սրտին,
իւր
վայրկենական
տպաւորութեանց
ու
պարագայից
ներշնչումներուն
մէջ
քաղած
է
իւր
գաղափարներու,
պատկերաց
եւ
զգացումներու
գեղեցիկ
շղթային
օղակներն,
հասա՞ծ
է
այլեւս
արուեստին
կատարելութեան
եւ
բան
մ’այլեւս
չի՞
պակասիր
իրեն
ամենեւին
ապահով
եւ
արագ
գործելու
համար
իւր
յաղթանակն.
այո՛,
անտարակոյս
բան
մ’ալ
պէտք
է
իրեն,
եւ
այդ
է
ձա՛յնը,
այդ
է
ձեւը։
Գիտեմք
թէ
Դեմոսթենէսի
համար
ատենախօսին
առաջին
յատկութիւնն
ալ,
երկրորդն
ու
երրորդն
ալ
այս
էր։
Եթէ
արդի
ժամանակաց
ունկնդիրն
ճառին
ընտրութեան
առաջին
պայման
կը
նկատէ
իմաստն
ու
զգացումն,
չի
խոտեր
բնաւ
գեղեցիկ
առոգանութիւն
մ’
եւ
մարմնոյ
համր
լեզուն
որ
կը
միանայ
խօսքին
հետ,
մանաւանդ
զի
ճառն
ի
նմանէ
կ’ընդունի
անհամեմատ
կենդանութիւն
եւ
նորօրինակ
ուժգնութիւն։
«Ի՞նչ
պիտի
ըլլար
ապա
եթէ
նոյն
ինքն
առիւծը
լսէիք»,
կ’ըսէր
Եսքինէս՝
յետ
ընթառնլոյ
իւր
հակառակորդին
ճառերն
իւր
աշակերտաց
որք
մոլեգինս
կը
ծափահարէին՝
ընկճուած
նոցա
զօրութենէն
եւ
գեղեցկութենէն։
Անոգի,
անգոյն
արտասանութիւն
մի
կ’սպաննէ
գեղեցկագոյն
ճառն,
եւ
ատենաբանին
ցուրտ
ու
անշարժ
կերպարանն
եւ
դէմքն
ցուրտ
եւ
անտարբեր
կը
թողուն
ունկնդիրներն
ալ։
Հնչուն,
թրթռուն,
յստակ
ու
ճկուն
ձայն
մի,
որ
գիտէ
յարմարիլ
լսարանին
ընդարձակութեան,
որ
կարող
է
բարձրանալ
եւ
խոնարհիլ
իմաստից
սաստկութեան
կամ
մեղմութեան
համեմատ,
եւ
զգացման
նրբագոյն
ու
փափկագոյն
երանգները
բացատրելու
համար
անթիւ
շեշտեր
ու
ոլորակներ
ունի,
բամբին
ու
սուրին,
դաշնին
ու
գոռին
մէջտեղ
հարուստ
աստիճան
մի
խազերու,
այնպիսի
ձայն
մի
հզօր
օժանդակ
մի՛
է
ատենաբանին
եւ
թանկագին
մի
պարգեւն
բնութեան.
եւ
եթէ
միանգամայն
խօսուն
է
դէմքն
եւ
սրտին
յոյզերուն
հաւատարիմ
թարգմանն,
եթէ
իւր
աչերն
գիտեն
փոխ
առ
փոխ
արցունք,
ժպիտ
կամ
բոց
ցայտեցնել,
իւր
անձն
համակ
գիտէ
կրքի
մի
ներքեւ
սարսռալ
եւ
իւր
ձեռներն
ու
մատունքն
գիտեն
հրամայել,
պաղատիլ,
սաստել,
գգուել,
ցուցնել,
չափել,
ո՜հ,
այն
ատեն
չգիտեմ
ի՛նչ
կը
լինի
ճարտարախօսն,
ի՛նչ
կը
լինի
ատենաբանութեան
բեմն.
Թաբոր
մի
կը
լինի
բեմն
ուր
ատենախօսը
կը
ներկայանայ
իբր
այլակերպեալ
մարգարէ,
բագին
մ’ուր
կը
բորբոքի
հուր
մի
նուիրական
որոյ
ոգետու
ջերմութեան
իւրեանց
երակներուն
մէջ
ծաւալիլը
կ’զգան
միանգամայն
ամէն
ունկնդիրք…։
Հապա
արուե՞ստը,
հապա
հռետորական
ուսո՞ւմը,
ո՞ւր
պէտք
է
դնել
զայն,
խոտան
եւ
անպիտա՞ն
պէտք
է
համարիլ
եւ
հին
դպրոցականութեան
սին
ու
ոսին
հրահանգաց
կա՞րգը
վտարել։
Այո՛
եւ
ոչ։
Այո՛,
եթէ
Հռետորական
արուեստ
ըսելով
հասկնամք
այն
ճղճիմ
բաժանումներն,
այն
անվերջանալի
խրատներն,
այն
կազմուպատրաստ
հնարքներն,
այն
կնճռալի
կանոններու
շեղջն,
այն
անբնական
կամայական
կապանքն,
զորս,
Գորգիասէն
սկսեալ
մինչեւ
Էմիլ
Լըֆրան՝անձկամիտ
վարժապետներ
աւանդած
են
իբրեւ
անվրիպելի
գիտութիւն
եւ
անյեղլի
օրէնք
ճաշակի,
եւ
որք
ուսանող
պատանութեան
միտքը
չարչարելէ,
բնական
ճաշակը
թառամեցնելէ
ու
մտաւոր
արգասաւորութեան
աղբիւրը
ցամքեցնելէ
զատ
արդիւնք
չեն
ունեցած։
Բաժնած
են
ինչ
որ
բնութիւնը
խառնած
յօդած
է,
ընդհանրացուցած
են
ինչ
որ
հեղինակաց
ոմանց
կամ
ժամանակի
մի
մասնաւոր
եղանակն
էր
միայն,
ազատ
մտքին
բացատրութեան
որոշ
կերպ
ու
կաղապար
սահմանած,
անկայուն
երեւակայութեան
անփոփոխ
ոլորտ
մի
գծած
եւ
զգացման
ըսած
են
«Ա՛յսչափ
միայն
զգա»։
Տէքարդի
հետ
կ’ատեմ
ես
այս
ճարտասանութիւնը,
Մոլիէրի
հետ
կը
խնդամ
այս
ithosին
եւ
pathosին
վրայ,
եւ
լաւագոյն
կը
համարիմ
թողուլ
ուսանողն
իւր
բնիկ
ճաշակի
թելադրութեանց
քան
տալ
նմա
այդօրինակ
տաղտուկ
իմաստակ
առաջնորդներ,
որպէս
անհամեմատ
կերպով
լաւագոյն
եղած
են
միշտ
նոքա
որք
հոգիով
միայն
խօսած
են
քան
զայնս
որք՝
այսպիսի
արուեստակութեամբ՝
իբր
հռետորական
տիտաններ
բառից
լեռներ
իրարու
վրայ
բարդեցին։
Ո՛չ,
եթէ
հռետորական
ուսում
ըսելով
կ’ըմբռնենք
ինչ
ինչ
ընդհանուր
կանոններ
ողջմտութեան
եւ
ճաշակի,
ինչ
ինչ
հրահանգներ
ոճոյ
էական
հանգամանց
նկատմամբ
եւ
մանաւանդ
մեծ
ճարտարխօսաց
ընտիր
հատուածոց,
նոցա
մէջ
պարունակուած
իմաստի
եւ
ձեւոյ
գեղեցկութեանց,
համոզելու
եւ
շարժելու
եղանակաց
ուսումնասիրութիւնն
եւ
ժամանակաւ
եւ
տեղեաւ
տարբեր
գրական
հոյակապ
յիշատակարանաց
աննախապաշար
վերլուծութիւնն։
Այսպիսի
ուսում
մի
կը
կրթէ
ու
կը
փափկացնէ
բնական
ճաշակն,
գրական
գեղեցկութեան
զգացումը
կ’արթնցնէ,
մտապէս
եւ
բարոյապէս
կը
զօրացնէ
ու
կը
բարձրացնէ,
կոչումներ
կը
գրգռէ,
արուեստին
հնարից
ընդարձակութիւն
կը
ցուցնէ,
կ’ուսուցանէ
վստահիլ
մտաց
եւ
սրտի
բնազդումներուն
ու
երեւակայութեան
հեղեղին
միակ
թումբ
ճանչել
բանականութիւնն։
Մինչ
առաջինը
կը
հաշմէ,
վերջինը
կը
զարգացնէ.
մինչ
նա
քմածին
օրինաց
եւ
անհիմն
կանոնաց
բազմայարկ
շինուածի
մի
տակ
կ՛ընկճէ
նորաթեւ
իմացականութիւնն,
սա
ազատ
ու
պայծառ
հորիզոն
մի
ցոյց
կուտայ
նմա
եւ
մատնանիշ
ընելով
միջոցին
մէջ
սաւառնող
արծիւներն՝
կը
խրախուսէ
թռչիլ
նոցա
ետեւէն։
Այսպէս
ըմբռնուած
հռետորական
կամ
գրագիտական
մարզանք
մ’անտարակոյս
մեծ
արդիւնքներ
ունի
եւ
օգտակարագոյն
պատրաստութիւն
մ’է
ատենախօսի
պաշտօնին.
թէեւ
անկարող
պերճախօսութիւն
յառաջ
բերելու
անդ
ուր
բնութիւնը
զլացած
է
իւր
տուրքը,
օժտեալ
հոգիին
կ’ընծայէ
լիապարար
փթիթ
մի,
կը
զտէ
կը
յղկէ
հանճարոյ
բնագործ
ադամանդն
եւ
կը
շողացնէ
զայն
գեղափայլ։
Եւ
երբ
ժողովրդոց
մէջ
կ’երեւին
այնպիսի
անհատականութիւններ,
զոր
բնութիւն
եւ
ուսում
միաբանած
են
կազմակերպել,
երբ
ի
յայտ
կու
գան
ճշմարիտ
եւ
կատարեալ
պերճախօս
ոգիներ
եւ
միջավայրին
մէջ՝
յորում
կ’ապրին՝
բաւական
ազատութիւն
կը
գտնեն
շարժելու
եւ
գործելու,
ո՜րչափ
մեծ
կը
լինի
իւրեանց
ներգործութիւնն
մարդկային
ազգի
ճակատագրաց
վրայ։
Կատարեալ
պերճախօս
մի՝
քաղաքակրթութեան
մեծազօր
գործիչ
մի
է.
իւր
ազդեցութիւն
անդիմադրելի
է
եւ
միշտ
բարերար։
Ի՞նչ
է
իւր
գործը,
Ճշմարտութիւն
սփռել,
արդարը
պաշտպանել,
օգտակարին
մղել։
Եթէ
պաշտօնեայ
մ’է
կրօնից,
կրօնական
հաւատալիք
կը
մերկանան
իրենց
խորհրդանշանական
քօղն
ու
վսեմ
բարոյականի
մ’երեւոյթին
տակ
նոր
իմն
յայտնութեամբ
կը
պարզին
մարդկային
մտաց
եւ
կը
լուսաւորեն
խիղճը.
եթէ
գիտուն
մի,
բնութիւնն
եւ
ընկերութիւնը
վարող
օրինաց
փրկաւէտ
ըմբռնման
կը
բարձրանայ
անջան
ամբոխին
իմացականութիւնը.
եթէ
ժողովրդեան
ներկայացուցիչ,
հանրային
շահերն
գձուձ
եւ
բռնաւոր
եսութեան
դէմ
անպարտելի
զօրաւիգ
մի
կը
գտնեն
ի
նմա
եւ
հասարակաց
ձայնն
ահեղալուր
արձագանգ
մի.
եւ
եթէ
փաստաբան,
Անիրաւութիւնը
սոսկմամբ
կը
տեսնէ
նորա
վրայ
զրկելոյնիրաւունքը
մարմնացեալ՝
կատաղի
եւ
վրիժառու,
եւ
Ոճիրը
նորա
ձայնին
մէջ
կը
կարծէ
լսել
քստմնեցուցիչ
գոչումը
սրտմտեալ
Արդարութեան։
(Երկրագունտ,
1885,
Յունվար)