Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

19. ԴԱՐՁԵԱԼ Ա. Մ. Վ. ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(Պատասխան առ Տ. Թաթուլ Վանանդացի)

 

ԶԳարագաշեան անդէպ չէ, կա րծեմ, «վարդապետ վարդապետացղ կոչել, քանի որ նա, յետ լինելոյ ինքնին աննման վարդապետ լեզուի, գրականութեան եւ տրամաբանութեան, յառաջ բերած է աշ ակերտներ որք իրենց կարգին վարդապետ եղած են այլոց աշա կերտաց, եւ այսպէս մի քանի դպրոցական սերունդներ շարունակաբար։

Յայտնի է թէ աստ «վարդապետ» բառը, ինչ պէս է արդէն իր բնիկ նշանակութիւնը, գործածուած է «ուսուցչի» իմաստով։ Ըստ որում խդիր կ’ըլլար վարդապետութիւնը ժամանակ մը թողած եւ յետոյ «հրաշիւք իմն» իր յուշաթափ վիճակին մէջ զայն վերստացած ըլլալու, ուզեցի ցոյց տալ թէ «բառին լայնագոյն մտքով» վարդապետ եղած էր ան իր բոլոր կեանքին մէջ, քանի որ շարունակ ուսուցած էր եւ ուսանողներ մարզած եւ ուսուցանողներ հասւցած, թէ եւ արդարեւ կրօնական առմամբ վաղուց հրաժարած վարդապետութենէ։

Մինչդեռ ըսածիս  միտքը շատ յայտնի է, կը զարմանամ թէ կը յոգնիք պնդմամբ հարցնելով թէ ո՞ր իմաստասիրական դրութեան հիմնադիրն եղած է նա։ Իմասասիրական դրութեան խօսք չկայ հոս, այլ միայն դպրոցական կրթութեան եւ ուսման. եւ ԳԱրագաշեան, իբրեւ դասական զարգացման տէր եւ հեղինակաւոր ուսուցիչ, ինչպէս նաեւ կարուեր դասագրոց հեղինակ, խորունկ հետք թողած է մեր կրթական տարեգրոց մէջ։

Պէտք է խոստովանիլ թէ քերականութեան վերանորոգիչ մ’ըլլալ, կեղակարծ հեղինակութիւններ տապալել, ուսանողութեան առջեւ լեզուի ու ճաշակի ճշմարիտ աղբիւրներ բանալ փոքր բան մը չէ։ Գարագաշեան, կը կրկնեմ, հայ լեզուի ուսուցման քաոսին մէջ լոյս ըրաւ, ահա՛ իր դերը. թո՛ղ ըլլայ հին լեզուին, բայց ո՞վ չի գիտեր թէ հնոյն բանաւոր ու կանոնաւոր ուսումը որքան նպաստած է նորին բարեկարգման ու զարգացման։

Երբ կ’ըսենք «Ոչ  ոք եղաւ երբեք աւելի վարդապետ քան ինքն», եւ կամ նոյն իսկ «մեծագոյն վարդապետ», կարծեմ թէ տեղի չկայ զՍահակ եւ զՄեսրոպ նուաստացեալ համարելու. վասն զի, յայտնապէս, աշակերտելոց թուոյն մեծութեան վրայ կը հիմնուի հոն վարդապետի առաւելութեան կամ մեծութեան աստիճանը, քանի որ ըսած ենք «Անթիւ ոգիներ իրեն աշակերտցան»։ Իսկ թէ որո՛նք են այդ ոգիները, ինչպէս կը հարցնէք, մենք ու շատեր մեզի հետ կը տեսնենք զանոնք եւ կ’զգանք Գարագաշեանի ունեցած ազդեցութեան ու արդեանց շրջանակին լայնութիւնը։ Դուք չէք տեսներ, վանսզի փիլիսոփայական աղանդներու ասպարէզին մէջ կ’ուզէք փնտռել զանոնք, չգիտեմ ինչո՛ւ։ Մնաց որ մենք ինքնի արդէն արժանաւոր գովեստն ընծայած ենք Սահակին ու Մեսրոպին, զանոնք « ՀԱյ բարբառոյն գերազանց վարպետները» կոչելով, եւ նոյն իսկ Գարագաշեանի փառքը մեծաւ մասամբ դնելով անոնց լեզուն իւրացուացծ ու վերակենդանացուցած ըլլալուն մէջ։

Կը պնդէք թէ Գարագաշեան աւելի արդիւնալի կիրառութիւն մ’ըրած պիտի ըլլար իր հանճարին, եթէ վանական սքեմը չնետէր իր վրայէն, ըստ որում, նիւթական հոգերէ զերծ, եւ տաղանդակից ընկերներու հետ միացած, պիտի կրնար իր ուժերը նուիրել միմիայն կարեւոր երկերու, անոնցմէ ոչինչ կորսնցնելով գրեթէ մեքենական աշախտութեանց համար։

Ասիկա կէտ մ’է որ կրնայ այլեւայլ կերպով գնահատուիլ ըստ տարբերութեան մտաց։ Բայց ես, տեսնելով այն կենսական ու բզմարդիւն դերը զոր Գարագաշչեան մեր շրջանակին մէջ ի գործ դրաւ, տեսնելով բազմութիւն աշակերտաց որք Խասգիւղի Ս. Ներսիսեանի, ն Կալաթա-Սէրայի, Կեդր. Վարժարանի եւ մի քանի ուրիշ տեղերու մէջ իր շուրջ ժողովեցան եւ իր գրական սկզբունքներով տոգորուեցան, նախախնամական բան մը համարեցի իր հրաժարումրը վանական կեանքէ։ Թերեւս դուք ձեր տեսակէտով ձեր իրաւունքներն ունենաք. բայց ես ալ իմ հայեցակէտս ունիմ ու անով իմ իրաւունքս՝ ձեզմէ տարբրե խորհելու։ Մենք մեր մէջ, իբրեւ հայ լեզուի ուսուցիչ, ո՛չ Գաթրճեանը, ո՛չ Բագրատունին, ո՛չ Այտընեանը, ո՛չ Հիւրմիւզը ունեցանք, բայց ունեցանք Հայր Մատաթիա Գարագաշեանը, եւ ոչ ոք կրնայ դատապարտել զմեզ նախախնամական բան մը համարերլնուս համար այս բախտաւոր պարագայն, որ մեր կրթական ուղղութեան մէջ կարեւոր յեղաշրջման մը թուականը բացաւ։

Ո՞ր ձայնն էր, կը հարցնէք, որ «կը խօսէր, կարծես, անոր մէջ ու կը մղէր զայն դուրս սլանալ վանականութեան նեղ սահմաններէն», ինչպէս ըսած ու գրածե մ։ Ո՞ր ձայնն էր. - Է՜հ, իր կոչման ձայնը, իր խղճին ձայնը, ընդարձակ ապսարիզի մէջ գործելու եւ ուսուցանելու տենչը, իր ճակատագրին ձայնը, վերջապէս, եթէ բախտից ու ճակատագրաց տէրը զԱստուած պարտիք ընդունիլ, Աստուծոյ ձայնը։

Այս մղիչ ոյժերուն հետ կրնաք կցել այն տարակուսութիւններն ալ զորս վանքին մէջէն Գարագաշեան սկսած էր զգալ։ Ինք այն մարդը չէր որ կարենար իր բանականութեան ու խղճին հետ հակհասութեան մէջ ապրիլ։ Ինք այն մարդը չէր որ սքեմը իր մարմնոյն վրայէն հագնէր եւ «ճակտին ետեւ» ուզած միտքը կարենար ունենալ։ Չէ՛, սքեմը խորհրդանշան մ’էր արտաքին, որ կը յայտնէր «ճակտին ետեւ» ինչ ինչ որոշ ու պարտաւորիչ համոզումներ։ Եւ երբ այս վերջինները կ’երթան, սքեմը պէտք չէ՛ որ մնայ լոկ մարմնոյն վրայ, աննշանակ։ Ահա՛ նաեւ անշուշտ Գարագաշեանի սքեմաթողութեան մէկ ներքին հոգեբանական պատճառը։ Բայց չգիտեմ թէ է՞ր esthétiqueի հետ անհաշտ «սլաքներ» արձակած կը լինիմ, երբ վանականութեան «նեղ սահմաններ» վերագրեմ։ Հապա ի՛նչ է. Վանքը չունի՞ իր խիստ օրէնքները, կրաւորական հնազանդութեան պահանջները, արգիլեալ մտածումներն ու ընթեցրումները, պարտաւորիչ դժնդակ աշխատութիւնները, եւ այլն։ Ի՞նչ  վիրաւորիչ կայ «նեղ» կոչելու մէջ վանականութիւնը, քանի որ արդէն այդու կը տարբերի աշխարհիկ ու ազատ կեանքէն։ Երբեք «մամրնոյ» մը դէմ թշնամանք ընելը մտքէս չէ անցած, երբ «վանականութեան նեղ սահմանները» բացատրութիւնը գործածած եմ։ Այս տեսակէտով, ազնիւ Վանանդացին բոլորովին ձրի վիրաւորուած է ինձ դէմ։

«Մեծ ժխտողն էր Գարագաշեան, կ’ըսէք, եւ ուրիշ ոչինչ»։ Ձեր խօսքին այս վերջին մասը դուք ինքնին ժխտած էք, նոյն իսկ ձեր այդ գրութեան մէջ քանիցս թուելով անոր տաղանդներն ու տիտղոսները, մեծ ուսուցիչ, մեծ միտք, Ե. Դարու հայերէնագիւտ, սրատես գրող, անկեղծ մարդ, եւն։ Ըսել է բազում ինչ էր Գարագաշեան, որու վրայ կրնանք յաւելցնել նաեւ թէ Վիեննակն Մխիթարեան Միաբանութեան չքնաղ փառքերէն մին էր։ Բայց մեծ ժխտո՞ղ մ’էր. մեծ միտք մը, ինչպէս կ’անուանէք զայն, կրնա՞յ մեծ ժխտող մ ’ըլլալ։ Ես ուրիչշ տեղ մ’ալ ըսած եմ թէ բացարձակ անաստուածի գոյութեան չեմ հաւատար, եթէ ոչ բացարձակ անբարոյական մ’ըլլայ այն, վասն զի ճշմարիտ անաստուածութիւնը բարոյականի ուրացումն է, խղճին խաւարումը։ Ոչ ոք տարակուսեցաւ Գարագաշեանի բարոյականին վրայ որ մաքուր եղաւ բառին կատարեալ նշանակութեամբ։«Հրեշտակի կեանքով ապրեցաւ, » կը վկայէին շատերն իր մերձաւորներէն իր յուղարկաւորութեան օրը։ Դուք իսկ որակեր էք զայն «անկեղծ մարդ»։ Բուն բառն ըսեր էք ինձ հետ, ինչպէս բարձրաձայն ու համարակ հռչակեցի զայն իր գերեզմանին վրայ։ Եւ, ա՜հ, ընդունեցէք որ անկեղծութիւնը բարձրագոյն առաքինութիւնն է, ուրիշ առ աքինութեանց երաշխաւորն ու պահապանը, ու այն՝ մեծագոյն պաշտօնն է զոր մարդ նուիրէ գերագոյն Էին որ լոյսն ու ճշմարտութիւնն է ինքնին, Գերագոյն Բանն ու գերագոյն Զօրութիւնը անպատճառ գրական կրօնքներուն ըմբռնածին պէս չըմռնելը անհաւատութիւն չէ, եւ պէտք է ընդունիլ հոիգներուն իրաւունքը՝ իրենց ներքին համոզմամբն ու իրենց բանականութեան համեմատ հաւատալու։ Դէպ ի հաւատ հգուոյ ամէն անկեղծ ճիգ յարգելի է։ «Ինչ որ մարդուն արժէքը կը կազմէ, ըսած է Լեսինկ, իր ունեցած կամ ունենալ կարծած ճշմարտութիւնը չէ, այլ անկեղծ ճիգը զոր ըրած է անոր տիրանալու համար, վասն զի ոչ թէ աճշմարտութեան տիրացմամբն, այլ խոյզովն է որ մարդ իր բարոյական ոյժերը կը մեծցնէ ու կը կատարելագործուի»։ Եթէ Գարագաշեան իր յատուկ մտքով հաւատքին չէր հասած, բայց վստահ եղիք, հասնելու անկեղծ ճիգ ունէր, եւ այդ իսկ պաշտամունք մ’էր՝ ճշմարտութեան ու հաւատքին մատուցուած, շատ բարձր քան ռամկային պաշտամունքին անգիտացօրէն կրկնուած բանաձեւերը, յաչս Աստուծոյ անշուշտ կարի յոյժ արժանալից քան շրթանց ծայրիւ միայն կցկցւոած ու յօդուած սաղմոսներ։ Անոր հոգին զուրկ չեղաւ երբեք իտէազլէ, մանաւանդ թէ իր ուղղաբարոյ ու անկեղծիկ կեանքովը բարձրագոյն գեղեցկութիւնը, որ բարոյականն է, իրացուց իր վրայ։

Գերազանց բանաստեղծը առաքինի մարդն է, ըսուած է իրաւամբ, որ բարոյական իտէալին ձգտած ու մարմնացուցած է զայն իր անձին մէջ։ Թէ լոկ Հայ լեզուին գեղեցկութեան ալ յարած ըլլար իր հոգին, ինչպէս կ’ըսէք դարձեալ իտէալի մը փարած կ’ըլլար, աննիւթ ու իմացական իտէալի մը, զի լեզուն միտք ու զգացում է, եւ գեղ եցկին զգացումը իր ամէն ձեւերուն տակ անշահախնդիր, ազնիւ զգացում մ’է, որ նիւթական շահու ու կոշտ հաճոյքի անարգ հետամտութիւններէն վեր բարձրանալու ընդունակ ազնիւ էութիւնը ցոյց կուտայ։ Եւ երբ մենք իր կեանքն ալ կը համարէինք հրահանգներով լի դասարան մը, որուն սուուցումը պիտի մնայ անլռելի, իրաւունք ունէինք ծանրանալու գերազանց վարդապետին բարձր ու բազմադիմի արժանեաց վրայ։

Այսու հանդերձ, այս չէ՛ ժխտել արժանիքը վանական վարդապետա, քան զԳարագաշեան մեծաց կամ փոքունց, ըստ գնահատման իւրաքանչիւրին, եւ Տէր Վանանդացի յանդէպս կ’ուղղէ մեզ իր հարցումը թէ «միթէ վանականութիւնը հայ մտքին զարգանալուն, բարգաւաճելուն արգե՞լք եղած է», վասն զի մտքի կամ հմտութեան զարգացման պայմաններուն վրայ չէ որ խօսած ենք։ Մեք մեզէն իսկ փութացած ենք իրենց քով՝ անկողմնակալ մտօք մեծարանք դնելու վանական արժանիքներու, երբ առիթը ներկայացած է կրնաք յիշել Մխիթարայ, Հ. Եղիշէի Յոբելեանները եւ այլ առիթները [1] ։

(Սուրհանդակ, 1903, Թիւ 1466)



[1]            Այս յօդուածիս հրատարակութենէն յետոյ, Տ. Թաթուլ Վանանդացի ինձ հանդիպելով յայտարարեց թէ շինուած էր իմ գրութեամբ եւ այլ եւս պէտ չէր տեսներ պատասխանի։ Ընդդիմախօսի ի՜նչ վեհ տիպար։ Ծ. Հ. ։