5.
ԳՐԱԲԱՐ
ԼԵԶՈՒ
ԵՒ
ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(Դպրոցական
Յիշատակներ)
Ա.
Ա.
Մ.
Վ.
Գարագաշեան
Խասգիւղի
Ներսէսեան
վարժարանին
մէջ
ի
սկզբան
ֆրանսերէն
լեզուն
ուսուցիչ
էր
մեզ։
Ինք
այդ
ատեն
առաջին
անգամ
Օլլէնտորֆի
դրութիւնը
մտցուց
հայ
վարժարանի
մէջ,
որու
համար
յետոյ
ի
հայ
պիտի
թարգմանէր
այդ
նշանաւոր
դրութեամբ
ֆրանսերէնի
դասագիրքը։
Ինք
այն
ատեն
գերմաներէնին
վրայէն
հայերէնի
վերածելով
տուն
կու
տար
մեզ
հրահանգները։
Կարծեմ
ըսուեցաւ
թէ
Գարագաշեան
գաղիերէն
լեզուի
շատ
հմուտ
չէր.
Ճշմարիտ
չէ
այս,
ընդհակառակն
լաւ
հմուտ
էր
այդ
լեզուին՝
առանց
քաջ
խօսող
մ’ըլլալու,
մանաւանդ
դասական
գաղիերէնը
լաւ
գիտէր,
որուն
շարադրութեան
կանոնաւորութիւնը
եւ
յստակութիւնը
մեծապէս
կը
գնահատէր
եւ
օրինակ
առած
էր
իրեն
իր
աշխարհաբար
գրութեանց
մէջ։
Բազում
ինչ
թարգմանած
էր
դասական
հեղինակներէ,
Պոսիւէ,
Ռասին
որդի,
Էմէ
Մարդէն,
Լաֆոնդէն
եւ
կարծեմ
Արեւելեան
թատրոնին
համար
ալ
թատրերգութիւններ
Վ.
Հիւկօյէ
եւ
յայլոց։
Նոյն
միջոցին
մեր
հայերէնի
ուսուցիչն
էր
Ներսէս
Վարդապետ
Վարժապետեան,
Խասգիւղի
քարոզիչը։
Սա
Վենետիկի
հիացող
մ’էր,
ինչպէս
այն
ատեն
ամէն
հայկաբանութեան
վարժապետք։
Հ.
Արսէն
Բագրատունւոյ
եւ
Հ.
Եդուարդ
Հիւրմիւզեանի
վրայ
կ’երդնուին,
որոնք,
իտալական
գրականութեան
ազդեցութեան
տակ
զարգացած,
յեղաշրջեալ
պարբերութիւններու,
ճոխափայլ
վերադիրներու
եւ
մեծահնչիւն
բառաշարքերու
գրական
ոճը
մուծած
էին
հայերէն
լեզուի
մէջ։
Լեզուի
ճշդութիւն,
պայծառութիւն
եւ
հարազատութիւն
երկրորդական
հանգամանքներ
կը
նկատուէին.
դժուարիմաց
խրթնութիւնը
ճարտարութեան
եւ
խոր
հմտութեան
նշան
կը
կարծուէր։
Անուշ
գրել
ամէն
առաւելութիւն
յինքեան
միացնել
էր.
մանաւանդ
Հ.
Եդուարդ
Հիւրմիւզեանի
հետեւողք
կը
թուէին
ներդաշնակութիւնը
համարիլ
առաջին
յատկութիւնը
ոճին,
որուն
յօժարակամ
կը
զոհէին
մաքրութիւն,
պայծառութիւն
եւ
ճշդութիւն։
Լեզուի
դասական
հեղինակները
կը
համարուէին
Վենետկեան
Հարք,
մանաւանդ
վերոյիշեալ
երկուքը,
եւ
իրենց
գործերը
ամենուն
ձեռաց
մէջ
էին։
Մենք
ալ
միեւնոյն
ուղղութեան
մէջ
էինք
Ներսէս
Վարժապետեանի
առաջնորդութեան
տակ.
Տելեմաք
կը
թարգմանէինք,
Այվազովսքիի
աշխ.
Օսմանեան
պատմութիւնը
գրաբարի
կը
վերածէինք,
մինչդեռ
մեզմէ
մեծերը
«Բուրաստան»
եւ
«Մշակականք»
կը
թարգմանէին
ու
կը
վերլուծէին։
Օրին
մէկը
յանկարծ
Ներսէս
պաշտօնով
Կիլիկիա
կ’ուղեւորէր
եւ
մեր
հայերէն
լեզուի
դասերը
կը
յանձնուէին
Մատաթիա
Գարագաշեանին։
Մեծ
ու
խոր
յեղաշրջութեան
մը
մատնուեցան
մէկէն
մեր
լեզուաբանական
ու
գրական
սկզբունքները
ի
մասին
գրաբարի։
Եզնիկի
փոքրադիր
մատեանը
փոխանակեց
բագրատունեան
եւ
հիւրմիւզեան
մեծահատոր
մատենագրութեանց,
հեղինակութիւն
կամ
թարգմանութիւն։
«Եղծք
աղանդոց»,
ահա՛
գերագոյն
վարժապետը
հայկաբանութեան,
կ’ըսուէր
մեզ.
զայն
պէտք
էր
կարդալ
անդուլ,
ուսումնասիրել,
վերլուծել,
անոր
ոճերն
ու
դարձուածները
սերտել,
ի
բերան
ուսանիլ։
Մեր
նոր
վարպետը
ժամերով
կը
կենար
անոր
էջերուն
եւ
տողերուն
վրայ,
բացատրելով
յատկաբանութիւնները,
մտադիր
ընելով
մեզ
ճարտար
զանազանութեանցն
ու
այլաձեւութեանց,
միեւնոյն
ատեն
քերականական
կանոնաւորութեանն
ու
բացատրութեան
յստակութեանն։
Կը
զարմանայինք
որ
Հ.
Արսէնի
հսկայ
վէպը
իր
պատուանդանէն
կը
խոնարհէր
մի
այդպիսի
գաճաճ
գրքի
առջեւ։
«Տելեմաքը»
իր
անհարազատ
ու
քմահաճ
ասութիւններուն
համար
քննադատելու
միայն
կը
ծառայէր,
երբ
չարաճճի
տղու
մը
ձեռքով
հրապարակ
նետուէր։
Ե.
դարուն
Ա.
կէսը,
«Ոսկեդարու
մատենագրութիւնը»,
ահա՛
հայ
լեզուին
աննման
գանձը,
վաւերական
ճոխութիւնը»,
ահա՛
հայ
լեզուին
աննման
գանձը,
վաւերական
ճոխութիւնը,
դասական
հեղինակութեանց
աղբիւրը,
ճշմարիտ
հայկաբանութեան
վառարանը։
Ու
կը
հասկնայինք
կամաց
կամաց,
ու
կը
փոխուէինք,
ու
կը
սովրէինք
ճանչնալ,
սիրել
ու
օրինակ
առնել
մեզ
Ա.
Թարգմանչաց
մաքուր,
յստակ
ու
զօրեղ
բարբառը
եւ
զատել
զայն
աղաւաղ
ու
խառնակ
գրաբարէ
մը
ուր
ամէն
եկամուտ
խանգարում
քաղաքացւոյ
իրաւունք
է
ստացած
եւ
ուր
անձնական
քմահաճոյքը
օրէնք
է
եղած։
Զարմանքը
մեծ
եղաւ
նախկին
ուսուցչին,
երբ,
Ներսէս
Եպիսկոպոս
եղած,
դարձաւ
Խասգիւղ
եւ
օր
մը
դպրոց
եկաւ
մեր
վիճակը
քննելու
համար։
Երբեք
չեմ
մոռնար
եւ
ինք
ալ
տարիներով
վերջը
չէր
մոռցած
ու
յիշեցուց
օր
մը
երբ
նոր
բացուած
Պէրպէրեան
Վարժարանին
Օտեանին
հետ
այցելութեան
եկաւ,
«Աս
Պէրպէրեանը՝
իր
տղայութեան
ատեն՝
հայերէնի
վրայ
ինծի
հետ
վիճաբանութիւն
ըրած
է«ըսելով
չեմ
մոռնար,
կ’ըսեմ,
մեր
կարգին
դէմը
նստաւ
առջեւի
գրասեղանին
վրայ
ու
հարցուց
մեզ
թէ
ի՛նչ
կը
կարդայինք։
Ըսինք
թէ
մեր
ուսուցիչը
մեզ
Եզնիկ
ու
Ոսկեբերանի
մեկնութեանց
թարգմանութիւնները
կը
բացատրէ,
եւ
թէ
Պոսիւէի
Discours
sur
l’histoire
universelleը
գրաբար
լեզուի
կը
վերածենք։
Ասոր
վրայ
բուռն
պայքար
մը
մեր
ու
մեր
նախկին
ուսուցչին
մէջտեղ։
Նա
Վենետկոյ
հայրերը
կը
պանծացնէ
իրենց
շքեղ
ու
ներդաշնակ
գրաբարին
համար,
մենք
կը
պատասխանեմք
թէ
լեզուին
առաջին
պայմանները
մաքրութիւն,
կանոնաւորութիւն
եւ
յստակութիւն
պարտին
ըլլալ։
Նա՝
—
Ո՜րքան
ծիծաղելի
է
Պոսիւէ
ն
Բոսուէդ
ի
տառադարձել։
Մենք՝
—
Նախնիք
Բաւլոսը՝
Պաւղոս,
Բիդաղօրը՝
Պիւթագոր,
Բլադոնը
Պղատոն
ըրած
են։
—
Վենետիկցիք
Discours
sur
l’histoire
universelleը
ո՜րքան
կոկ
ու
գեղեցիկ
կերպով
«Ճառ
ի
վէպս
ազգաց»
թարգմանած
են,
մինչդեռ
Վեննացիք,
«Խօսք
ի
վերայ
տիեզերական
պատմութեան»
ըսելով,
երկար
ու
խորթ
ձեւի
մը
վերածած
են։
—
Բայց
թարգմանչին
պարտքը
կարճէն
ու
անուշէն
առաջ
հաւատարիմ
ու
ճիշդ
ըլլալն
է.
ազգաց
վէպերը
տիեզերական
պատմութիւն
չեն։
—
Ո՜րքան
ստորադասական
կայ
Վեննացւոց
գրածներուն
մէջ։
—
Եզնիկին
ու
Ոսկեբերանին
մէջ
ալ
շատ
կայ.
ուր
որ
լեզուին
օրէնքը
ստորադասական
պահանջէ,
ստորադասական
պէտք
է
դնել
ի
հարկէ.
լաւ
է
սխալիլ
Եզնիկին
հետ
քան
իրաւունք
ունենալ
Հայր
Եդուարդի
հետ…։
Եւ
այսպէս
կ’երկարէր
վիճաբանութիւնը
ու
կ’ոգեւորուէր,
այնպէս
որ
կը
շարունակուէր
տակաւին
երբ
սրահը
շատոնց
դատարկած
էր
մեր
շուրջը,
աշակերտք
սեղանատուն
իջած
ըլլալով։
Վարժապետեան
ետ
քաշուեցաւ
տեսնելով
որ
իր
երբեմնի
աշակերտները՝
զորս
Սողոս
թողած
էր՝
Դամասկոսի
ճամբէն
անցեր
էին
ու
Պօղոսներ
էին
արդէն։
Գարագաշեան,
հակառակ
ինքնին
քերականութեան
դասագրող
մ’ըլլալուն,
հրաման
ստացած
էր
Ս.
Ներսէսեան
վարժարանի
հոգաբարձութենէն
Հ.
Արսէնի
«Տարերք
քերականութեան»ը
գործածել
իր
դասերուն
համար։
Այսօր
դասագրքի
հեղինակյետին
վարժապետ
մ’ալ
իր
անձնասիրութեան
մէջ
վիրաւորուած
պիտի
զգար
ինքզինք,
երբ,
իր
ուսուցած
ճիւղին
համար
ինք
դասագիրք
մը
հեղինակած
ըլլալով
հանդերձ,
ըսուէր
իրեն
հետեւիլ
մի
ուրիշի
շինածին։
Բայց
Գարագաշեան
բնաւ
վիրաւորանք
մը
չզգաց,
հնազանդեցաւ
պաշտօնական
հրահանգին
ու
սկսաւ
դասախօսել
«Տարերք»ին
վրայ,
որ
ծառայեց
աւելի
եւս
շեշտելու
իր
արժանիքը։
Ինք
ի
հարկէ
ստրկաբար
չէր
կրնար
ուսուցանել,
ինք
որ
հեղինակութիւն
մ’էր
հայ
լեզուի։
Քննադատաբար
սկսաւ
գործածել
Հ.
Արսէնի
քերականութիւնը,
մատնանիշ
ընելով
թերիները,
իբրեւ
կանոն
յառաջ
բերուած
անուղիղ
ու
ցանցառ
գործածութիւնները,
օրէնքի
տարտամ
բացատրութիւնները,
որոշելով
հարազատն
ու
անհարազատը,
օրինաւորն
ու
ապօրէնը,
վերջապէս
ինչ
որ
Մեսրոպեան
լեզուին
ընդհանուր
մէկ
գործածական
ձեւն
էր,
իսկապէս
օրէնք,
եւ
ինչ
որ
աղաւաղում,
անհատական
կամ
անսովոր
կերպ
մը,
բացառութիւն
կամ
զեղծում
էր։
Գիտենք
ամէնքս
թէ
Գարագաշեան
Հին
հայերէնի
քերականական
ուսման
ի՜նչ
մեծ
ծառայութիւն
մատոյց
իր
քերականութեամբ
պարզելով
եւ
այնու
եւ
այլ
օժանդակ
դասագրքերով
դիւրացնելով
ու
գործնականացնելով
զայն,
որ
անելանելի
քաոս
մը
դարձած
էր
Հայր
Արսէններու
գործերով,
ստուգիւ
անմերձենալի
կնճռոտ
հանգոյց
մը
յուսահատեցուցիչ։
Գարագաշեան
նաեւ
Եւրոպական
քերականութեանց
ձեւն
ու
մեթոտը
տուաւ
հայերէն
քերականութեան,
ուսումնական
բառերն
ու
անուանաւոչութիւնքը
ճշդելով
ու
բանաւոր
կարգ
ու
դասաւորութիւն
հաստատելով։
Բ.
Այս
յիշատակները
բնական
ճամբով
մը
կը
բերեն
զմեզ
գոհացում
տալու
անոնց
հետաքրքրութեան
որք
հրապարակաւ
ալ
փափաքեցան
մեր
կարծիքն
իմանալ
Ոսկեդարեան
եւ
ոչ
Ոսկեդարեան
գրաբարներու
ծանօթ
խնդրոյն
վրայ
որք
քիչ
ժամանակ
յառաջ
բաւական
մտքերը
զբաղեցուցին
Վենետիկէն
ու
Վիեննայէն
ի
Պոլիս
եւ
Պոլիսէն
ի
Զմիւռնիա։
Վիեննայի
դպրոցին
վարդապետութիւնը
մեր
հասուն
տիոց
մտածութեամբ
ալ
բանաւոր
կը
գտնենք
իր
ընդհանուր
գծերուն
մէջ։
Յայտնի
բան
է
որ
նախնեաց
լեզուն
5րդ
դարուն
Ա.
կիսուն
մէջ,
յետ
գիւտի
գրոց,
իր
ամենէն
հարազատ
ու
մաքուր
ձեւին
տակ
թարգմանեալ
ու
հեղինակեալ
գործերու
մէջ
ի
յայտ
գալէ
յետոյ,
իսկոյն
Բ.
թարգմանչաց
ձեռքով
աղաւաղում
կրեց
յունաբանական
խանգարմամբ
որ
եղծեց
անոր
հարազատութիւնն
ու
ոգին։
Յունարէն
բառերու
կազմածին
մեքենական
նոմանութեամբ
կազմուած
շատ
մը
բառեր
(ներկայ,
ներգործել,
բաղդատել,
բաղադրել,
տարբաղադրել,
ենթադրել,
ենթակայ,
մակաբերել,
մակացութիւն,
մակասոցել,
վերծանել,
ներածել,
ներածութիւն,
պարագրել,
պարաբառնալ
եւն
եւն)
սպրդեցան
մտան
լեզուին
մէջ,
ինչպէս
նաեւ
յոյն
ոճեր,
յոյն
քերականական
ձեւեր,
որ
օտար
են
հայ
լեզուի
ոգւոյն
եւ
որոց
չենք
պատահիր
բնաւ
Ա.
թարգմանիչներուն,
Սահակայ
եւ
Մեսրոպայ
եւ
իրենց
անմիջական
աշակերտաց
գործերուն
մէջ,
Աստուածաշնչի
եւ
նոյն
ժամանակի
ուրիշ
թարգմանութեանց
ու
Կորիւնի,
Եզնիկի
եւ
այլ
հեղինակութեանց
մէջ։
Ի՞նչպէս
կարելի
է,
զոր
օրինակ,
բնիկ
հայերէն
ու
մաքուր
գրաբար
կոչել
հետեւեալներուն
նման
պարբերութիւններ,
Դաւիթ
Անյաղթի
գործերէն
փոխ
առնուած.
«Ձայն
է
բացակատարումն
գանչեցելոյ
ի
մեզ
հագագի
եւ
յերիւրեցելոյ
ընդ
խոշորութեան
շնչափողն,
եւ
տեսակարարեցելոյ
լեզուաւ
եւ
մակալեզուաւ».
Դարձեալ.
«Եւ
եւս
զի
մակացելին
ի
բաց
բարձեալ,
ընդ
իւր
ի
բաց
բառնայ
զմաակացութիւնն,
իսկ
մակացութիւնն
զմակացելին
ոչ
շարաբառնայ,
քանզի
մակացելոյ
ոչ
ելոյ,
ոչ
է
մակացութիւն,
եւ
մակացութեան
ոչ
ելոյ,
ոչինչ
արգելու
զմակացելին
գոլ…։
Եւ
եւս
կենդանւոյ
վերաբարձեցելոյ
՝
ոչ
է
մակացութիւնն,
իսկ
մակացելեացն
բազում
ինչ
դէպ
լինին
գոլ»։
Ասկէց
զատ
նոյն
իսկ
նախնեաց
գրաբարը
ինքն
իր
մէջ
տակաւ
աղաւաղում
կրեց.
ռամկին
լեզուն
գրաւորէն
հետզհետէ
աւելի
հեռացաւ,
եւ
գրաբարին
հասկացողութիւնն
ու
գիտութիւնը
երթալով
դժուարացաւ.
գրաբարը
ուսման
առարկայ
դարձաւ,
այնպէս
որ
գրողները,
գրաբար
գրել
կարծողները,
շատ
անգամ
իրենց
գրուածներուն
մէջ
մուտք
տուին
սխալ
ու
աղաւաղեալ
ասութեանց,
ռամիկ
բառերու
եւ
ձեւերու,
այլանդակուած
հոլովներու
եւ
խոնարհմանց,
եւ
անսովոր
խնդրառութեանց,
որով
գրաբարը
տակաւ
կորսնցուց
նաեւ
այս
կերպով
իր
նայխկին
բնիկ
մաքրութիւնը
այսպէս,
Եմք
ի
մէջ
մեղաց,
ի
մէջ
մեր
եւ
ի
մէջ
ձեր,
կ
ախեցին
ի
փայտէ,
ծիծաղի
ի
վերայ
նորա,
վարիւք,
կողմք,
գործիցդ,
լսեալ,
ճանաչեալ,
ճանաչեցին,
ծիծաղեաց,
մոռաց,
բարձի
թողի
առնել
եւն
եւն,
որք
ամէն
գրաբարագէտի
յայտնի
են
իբրեւ
հարազատ
գրաբարին
անսովոր
ու
սխալ
ձեւեր։
Արդ
Վիեննական
դպրոցը,
աչքի
առջեւ
ունենալով
5րդէն
մինչեւ
14րդ
դար
հայ
հին
մատենագրութեան
արտադրութիւնները,
անոնց
լեզուին
մէջ
ահագին
տարբերութիւններ
տեսաւ
եւ
նախ
եւ
առաջ
Ծաղկման
եւ
Անկման
դարերու
մէջ
մեծ
խտրութիւն
մը
դրաւ.
Ա.
ը
5րդ
դարու
Ա.
կէսին
մէջ
ամփոփելով,
իսկ
Բ.
ը
սկսեալ
համարելով
անդստին
նոյն
դարու
Բ.
կէսէն,
երկրորդ
կամ
կրտսեր
կոչուած
թարգմանչաց
հետ
եւ
շարունակելով
մինչեւ
վերջին
ու
մօտաւոր
ժամանակները,
այլազան
տարբերութեամբք
ըստ
ժամանակաց,
զոր
օրինակ
5րդ
դարուվերջին
կէսը,
ուր
Բ.
թարգմանիչք,
Խորենացին,
Եղիշէ,
Փարպեցի,
Մանդակունի,
իբրեւ
աշակերտք
նախնեաց
եւ
դարուն
ուր
հարազատ
լեզուն
կենդանի
էր
տակաւին
շրթանց
վրայ
ու
ականջներու
մէջ,
թէեւ
արդէն
ոչ
կատարելապէս
մաքուր,
տակաւին
շատ
տեղ
կրցին
բաւական
յստակութեամբ
շարագրել,
եւ
նաեւ
ի
մասնաւորի
ԺԲ.
դարը,
Գրիգորիսեանց
եւ
Ներսիսեանց
դարը,
ուր
մատենագիրք
բուն
նախնեաց
մաքուր
լեզուին
յատուկ
հետեւողութեան
մը
փոյթը
ունեցան,
չէ
կարելի
չզանազանել
միւս
ժամանակներէ
ու
չհամարել
ազնուագոյն
քան
զայնս
լեզուին
տեսակէտով։
Յայտնի
է
որ
այս
խտրութեան
վարդապետութիւնը
երեւան
բերողներէն
մին
եղած
էր
Գարագաշեան՝
երբ
անդամ
էր
Վիեննական
Միաբանութեան
եւ
գործակից
Գաթըրճեանի։
Վենետիկցիք,
այս
տեսութեան
հակառակ,
ուզած
են
միեւնոյն
հեղինակութեան
պատիւն
ընծայել
գրեթէ
անխտիր
հնոց
ամէն
գրուածներուն
մինչեւ
ԺԴ.
դար,
եւ
ըստ
այնմ
գրել,
թարգմանել
եւ
ուսուցանել,
յորմէ
ա՛յն
հակառակութիւնը
որ
կը
տիրէ
երկու
Դպրոցներուն
մէջ
ԳարագաշեանԳաթըրճեաններէ
ու
ԲագրատունիՀիւրմիւզեաններէ
սկսեալ
մինչեւ
այսօր
մէկ
կողմէն
ԳալէմքեարեանՄենեվիրշեանի
եւ
միւս
կողմէն
Ղազիկեանի
մէջտեղ։
Բայց
բացայայտ
է
թէ
Վենետիկցւոց
կողմը
չէ
իրաւունքը
սկզբամբ։
Ամէն
հին
լեզու,
որ
իր
կենդանի
գործունէութեան
շրջանը
փակած
է,
իր
բարեշրջման
ընթացքին
մէջ
ունեցած
է
ծաղկման,
հասունութեան
ժամանակները
ուր
իր
կատարելագոյն
արդիւնքները
յառաջ
բերած
է,
եւ
յետոյ
ունեցած
է
տկարացման,
քայքայման
թուական
մը,
ուր
հետզհետէ
իր
բնիկ
գեղեցկութիւնը,
ոյժը
եւ
կենդանութիւնը
կորսնցնելով,
օտար
տարրերով
աղաւաղուած
ու
իր
բնիկ
տարերքն
ալ
այլափոխուած,
կը
գահավիժի
դէպ
յանկումն։
Այսպէս
եղած
է
յունարէնի,
լատիներէնի,
եբրայեցերէնի
համար,
եւ
նոյնը
պատահած
է
նաեւ
գրաբար
հայերէնի։
Երբ
արդէն
ընթացիկ
մի
նոր
լեզու
յաջորդած
է
անոր
իբրեւ
գործի
մտաւոր
յարաբերութեան
եւ
գրականութեան,
հին
լեզուն
կրնայ
մշակուիլ,
ուսումնասիրուիլ
ու
գործածուիլ
գիտուններէ
եւ
ներգործել
նաեւ
նորին
վրայ,
բայց
այն
ատեն
անոր
տեւողութեան
յաջորդական
շրջաններէն
որո՞ւն
կերպին
ու
ոճին
պատշաճ
է
հետեւող
գտնուիլ.
անտարակոյս
անոր
ծաղկման
շրջանին,
յունարէնի
համար
Սոփոկղէսի,
Քսենոփոնի
ու
Դեմոսթէնի
լեզուին,
լատիներէնի
համար
Աւգոստեայ
դարու
գրական
բարբառոյն.
տարակոյս
չկայ
որ
հին
հայերէնի
համար
ալ
առաջին
թարգմանչաց
լեզուին
անկ
է
օրինակ
հանդիսանալ
գրաբարագիտաց
ու
մանաւանդ
գրաբարագրաց։
Ըսել
չենք
ուզեր
թէ
Վենետիկցիք
բնաւ
խտրութիւն
չեն
դաւանիր
եւ
ընտրութիւն
չեն
ընդունիր.
ոսկւոյն
քոգ
նոքա
արծաթի
դար
մը
կ’ընդունին,
որ
7րդ
դարէն
սկսեալ
կը
ձգի
մինչեւ
12րդ
դարու
վախճանը.
միայն
թէ
խոտելի
եւ
մերժելի
չեն
համարիր
արծաթի
այդ
մատենագրութեան
հետեւողութիւնը,
եւ
մինչեւ
անգամ
ԺԲ.
էն
ստորնագոյն
ժամանակաց
մէջ
ալ
հետեւելիներ
կը
գտնեն։
Հ.
Արսէն
Բագրատունի
կ’ըսէ.
«Պղնձի
դար
է
երեքտասանն,
սակայն
մարթի
տակաւին
համարել
եւ
զայն
ընդ
նախահարս
լեզուիս,
մանաւանդ
զնշանաւորս
ոմանս
ի
մատենագրաց
անտի»։
Յունաբանական
ոճերու
մասին,
Հ.
Արսէն
անօգուտ
ու
վնասակար
իսկ
կը
համարի
որոշել
զատել
զանոնք
յատուկ
հայկականներէն,
վասնզի
«որոշելով,
կ’ըսէ,
զհելլենացի
եւեթ
կարծեցեալսն
աղքատացուցանէ
մինչեւ
ի
յետին
չքաւորութիւն
զհայկականս
բարբառ».
թէեւ
այլուր
ստգտանել
կը
թուի
զԴաւիթ
Ներգինացին,
«զանյաղթն
յորջորջեալ,
եւ
զայլ
ոմանս,
որ
ստէպ
եւ
անընտրող
հելլենաբանութեամբք
բառից
եւ
ոճոյ
վտարանդեն
զլեզուն,
եւ
չգիտեմ
ո՛րպէս
հաւաստի
նորուն
թարգմանչացն
աշակերտի
եւ
նոցին
դարուն
իցեն
այն
շարագրածութիւնք
եւ
մանաւանդ
թարգմանութիւնք»։
Կը
մեղադրէ
նաեւ
ռամկաբանութեանց
խառնուրդը։
«Թո՛ղ
եւ
յորս
սկսանի
երեւել
խանգարումն
հայերէն
խօսից
եւ
ռամկաբանութիւն,
զոր
առաջին
ի
գիր
մատենի
հանեալ
յաննշանից
Մատթէոս
Ուռհայեցի,
եւ
ի
նշանաւորաց
Լամբրոնացին»։
Հ.
Արսէն
նոյն
իսկ
ոսկի
եւ
արծաթի
դարուց,
այն
է
Ե.
Է.
եւ
Է.
ԺԲ.
դարուց
հայերէն
գրուածոց
մէջ
երկու
տեսակ
լեզու
կ’որոշէ,
մին,
որուն
համար
կ’ըսէ
«առաջին
այն
է
ընտրելի»,
երկրորդ՝
զոր
զգուշալի
կը
համարի
«մանաւանդ
դեռակիրթ
համբակաց,
եւ
որոց
գամ
մի
համ
եւ
չափ
եւ
ինքնազարդ
գեղեցկութիւնք
նախնեաց
եւ
նոցին
բուն
հայեցի
ախորժակք
սիրելի
իցեն»։
Այս
վերջին
դասուն
համար
օրինակ
կը
բերէ
Պիտոյից
գիրքը,
Օձնեցին,
Յովհան
Կաթողիկոսը,
Արծրունին,
Նարեկացին
Ողբերգութեանցն
ու
տաղից
մէջ,
Սարկաւագ
վարդապետ,
«եւ
այլք
ոմանք
ոչ
սակաւք»։
Զասոնք
ու
զայսպիսիս
կը
համարի
«եղերական»
եւ
գաւառացի
կամ
ինքնահնար
ոճով
շարադրողներ,
մանաւանդ
յետ
երեւման
արաբական
գրականութեան,
որք
նորաձեւութեամբ
նշանաւոր
ըլլալ
ջանացած
են,
աւելորդ
ճարտարաբանութեան
սիրող,
ու
հետամուտ
ձեւաւոր
դարձուածներ
տալու
խօսքին
դժուարալուր
բառերով
եւ
ասիական
ճոխութեամբ
ու
ճոռոմութեամբ,
որով
եւ
ի
հարկէ
լինելով
խրթին
եւ
մթին։
Իսկ
առաջինը,
«առաջին
ընտրելին»
կը
համարի
համօրէն
հայոց
բնիկ
ու
սեփական
լեզուն,
որ
լեզուին
հեղինակաց
եւ
առաջնորդաց
միջոցաւ
կազմուած
է
բոլոր
միջերկրեայ
հայերու
վայելուչ
եւ
հասարակաց
ասացուածներէն,
ու
4րդ
դարէն
եւ
թարգմանչաց
ժամանակէն
սովորականն
ու
գործածականը
եղած
է
մինչեւ
7րդ
դար,
մանաւանդ
Աստուածաշնչին
իբրեւ
ընդհանրապէս
հասկնալի
գրքի
մը
մէջ,
«որ
թէպէտեւ
թարգմանութիւն
է,
սակայն
հարազատութիւն
հայերէն
խօսից
գրեթէ
քան
յամենայն
գիրս
ի
նմա
փայլէ,
որ
եւ
ըստ
մեծի
մասին
ծնունդ
է
ոսկեղէն
գրչի
մեծին
Սահակայ՝
վեհագոյն
վարժապետի
ճարտարաց
ժամանակին»։
Իբրեւ
այս
բնիկ
հարազատ
հայերէնին
ժառանգ
կը
դնէ
Ագաթանգեղոսն
ու
Բիւզանդը,
5րդ
դարու
այլ
հեղինակները,
եկեղեցական
մատեանները՝
Մաշտոց,
շարական,
նոյն
դարուն
մէջ
եղած
թարգմանութիւնները,
որոց
«պատկառ
եւ
ստէպ
պարտ
է
կալ
որում
կամքն
իցեն
յստակ
եւ
վայելուչ՝
միանգամայն
պերճ
եւ
պայծառ
ստանալ
զոճն
բնիկ
հայեցի»
եւ
յետոյ
յաջորդ
դարուց
մէջ
մինչեւ
ԺԲ.
դար՝
իբրեւ
«նոյն
տոհմային
ոճոյն
աւանդապահ
կամ
նախանձաւոր»
կը
յիշէ
Անանիա
Շիրակացին,
Ղեւոնդ
Երէց,
Լաստիվերտացին,
Խոսրով
Անձեւացին,
Ներսէս
Շնորհալին,
Իգնատիոս,
Սարգիս,
Մխիթար
Գոշ,
եւ
ուրիշներ,
«որ
զարծաթի
դարն
կացուցանեն
զմերոյ
գրականութեանս
առ
առաջնովքն՝
որ
զոսկին»։
Այս
տեսութիւնները
զորս
կը
քաղենք
Հ.
Արսէն
Բագրատունւոյ
Զարգացելոց
Քերականութեան
առ
վարժապետս
ուղղուած
գլխէն,
կը
ցուցնեն
թէ
Վենետիկցիք
բոլորովին
օտար
չեն
լեզուական
խտրութեան
մը,
ընտրողականութեան
մը
գաղափարին,
բայց
նոքա
ընտրութիւնը
ոչ
թէ
դարերու
վրայ
կը
հաստատեն
այնչափ
որչափ
ոճոյ
ներքին
հանգամանաց,
ու
գրաբար
լեզուի
հետեւելի
ու
հարազատ
համարելի
լայն
դաշտ
մը
ցոյց
կու
տան,
մինչդեռ
Վիեննացիք
կ’անձկացնեն
զայդ
դաշտը
ու
կը
փակեն
զայն
միայն
Ե.
դարու
Ա.
կիսուն
մէջ։
Եւ
արդարեւ
Հ.
Արսէնի
մատնանիշ
ըրած
խանգարմունքն
ալ
սկիզբ
առած
են
իսկ
եւ
իսկ
Ե.
դարու
Բ.
կիսուն
հետ,
որով
հին
հայերէնի
կատարեալ
հարազատ
ու
ճոխունակ
շրջանը
կը
փակուի
երկրորդ
թարգմանչաց
գործունէութեան
սկզբին
հետ,
թէպէտեւ,
սոցա
ու
յաջորդ
ժամանակաց
գործերուն
ուշադիր
ուսումնասիրութիւնն
ալ
դեռ
շատ
բան
կարող
է
ուսուցանել
մեզ
նոյն
իսկ
լեզուի
տեսակէտով,
եւ
ինքնուրոյն
հանգամանքներովն
մէն
մի
հեղինակ
ունի
իր
յատակութիւններն
ու
գեղեցկութիւններն
իսկ։
Ասիկա
ըսե՞լ
է
թէ
Վենետիկցիք
ընդհանրապէս
ու
Բագրատունին
եւ
Հիւրմիւզ
մասնաւորապէս
նախնեաց
լեզուին
մշակութեան
գործոյն
մէջ
չեն
մատուցած
նշանաւոր
ծառայութիւն
ու
չեն
արտադրած
կարեւոր
ու
յարգելի
աշխատութիւններ։—
Ո՛չ
երբէք.
թէպէտեւ
ոչ
Վիեննացւոց
չափ
խտրական
ու
մաքրամոլ
ոգւով,
սակայն
եւ
այնպէս
նախնեաց
հարազատ
լեզուին
բաւական
զգոյշ
ու
հմտալից
հետեւողութեամբ
նոքա
եւս
գրած
ու
թարգմանած
են
գրաբար
գործեր,
մանաւանդ
ոչ
սակաւ
դասական
հոյակապ
երկեր
օտար
հին
եւ
նոր
մատենագրութիւններէ
հայացուցած
են,
հեղինակելով
նաեւ
ոչ
նուազ
գեղեցիկ
գործեր։
Ըսե՞մ
թէ,
ինչ
ինչ
անընտրող
գործածութեանց
հակառակ,
դպրոցին
մէջէն,
ես,
թէեւ
Գարագաշի
աշակերտ
եւ
թագնաբար,
մասնաւոր
համակրութիւն
մը
կը
տածէի
դէպի
Վենետիկեանները
ու
խանդով
ու
զմայլումով
կը
կարդայի
անոնց
թարգմանութիւնները,
Հ.
Արսէնի
Վէպը,
Մելտոնի
«Դրախտ
կորուսեալ»ին,
Հոմերի
«Իլիականին»
եւ
այլոց
գեղեցիկ
հայացումները,
որք
մեծ
հմտութեան,
ճաշակի
եւ
ջանից
արդիւնք
են։
Խոստովանիլ
պէտք
է
նաեւ
թէ
Վիեննացիք
ալ
մերթ
շատ
մոլեռանդ
եղած
են
այս
կէտի
մէջ,
մերժելով
նոյն
իսկ
բառեր,
բարդութիւն
կամ
ածանց,
ըստ
ամենայնի
համաձայն
լեզուին
ոգւոյն,
լոկ
այն
պատճառաւ
որ
նոքա
գործածուած
չէին
առաջին
թարգմանիչներէն։
Բայց
Գարագաշեան
ալ
իր
խստութիւնը
մեղմացուց,
երբ
նախնեացմէ
ընդօրինակաբար
գրելու
տեղ
սկսաւ
գրել
ինքնատիպ
ու
ազատօրէն,
եւ
այնպիսի
գաղափարներու
մասին
որք
անծանօթ
եւ
օտար
էին
նախնեաց։
Մոլութիւնը
չէ
լաւ,
բայց
բունը
անբունէն,
հարազատը
անհարազատէն,
ընտիրը
անընտիրէն
ընտրել
ու
որոշել
գործ
է
բարւոք
ճաշակի։
(Արեւելեան
Մամուլ,
1904,
Թիւ18)։