6.
ՀԵԼԼԷՆ
ԴԱՍԱԿԱՆ
ԴՊՐՈՒԹԻՒՆՔ
ԵՒ
ԱՐՈՒԵՍՏՔ
Ա.
Յոյն
լեզուն
Յոյն
լեզուն
է
մարդկային
լեզուներէն
այն
որում
վիճակած
է
փառաւորագոյն
բախտը։
Հանդարտ
ու
պայծառ
երկնքի
մը
տակ,
զեփիւռին
սոյլք,
տերեւոց
սօսափիւնք,
ալեաց
մրմունջք
անոր
մեղմին
վանգերն
են
կազմած,
եւ
առաջին
օրէն
եղած
է
ինքն
ալ
բնութեան
ներդաշնակութեանց
վրայ
յաւելեալ
մի
նոր
երաժշտութիւն։
Իւր
մանկութեան
օրերէն,
նա
ցոյց
կու
տայ
թէ
սահմանուած
է
տիրել
աշխարհի.
անդստին
ԺԲ
դարէն,
նախ
քան
մեր
թուականն,
յոյն
գաղթականութեանց
հետ
դուրս
կ’ելնէ
իւր
օրօրանէն
եւ
իւր
բարբառքը
լսելի
կ’ընէ
յԱրեւելս
եւ
յԱրեւմուտս.
Յոնիայէն
մինչեւ
ՄեծնՅունաստան,
Տաւրիսէն
մինչեւ
Իբերական
թերակղզին
կը
խօսին
զայն։
Արագ
կը
զարգանայ
արեւելեան
հնագոյն
քաղաքակրթութեանց
հետ
հաղորդակցութեամբ,
եւ
ահա
այս
առանձնաշնորհեալ
բարբառն,
որ
պիտի
լինէր
քերթողական
երեւակայութեան
եւ
ճշմարտախոյզ
բանականութեան
միանգամայն
գերազանց
գործին,
Այետներու
եւ
Ռաբսոտներու
քնարաց
թելերուն
վրայ
կը
թրթռայ,
եւ
Թաղէսներու,
Հերակլիտներու,
Պիւթագորներու
բերնէն
կ’սկսի
իմաստութիւնը
խօսիլ։
Անով
Հոմեր
կ’ստեղծէ
դիւցազներգութեան
տիպարը,
Արքիղոքոս՝
երգիծաբանութեան,
եւ
Պինդար՝
քնարական
բանաստեղծութեան։
Անով
նաեւ
Լեւկիպպոս
եւ
Դեմոկրիտ,
դարերով
յառաջ
քան
արդի
գիտութիւնն,
կը
քարոզեն
նախատարերց
կամ
հիւլէներու
գոյութիւնն
եւ
նոցա
ըստ
հարկաւոր
օրինաց
միաւորումը
կամ
անջատումը։
Իսկ
ի՞նչ
բառերով
կարելի
է
նկարագրել
այն
գերապանծ
փառքն
ուր
հասան
յոյն
լեզուն
եւ
գրականութիւնը
այն
մեծ
դարուն
մէջ
որ
անուանեցաւ
«դար
Պերիկղեայ»,
ուր
երեք
մեծ
Ողբերգակներն
եւ
կատակերգակն
Արիստոփան,
քսաներկու
դար
յառաջ,
Ռասիններու
եւ
Մոլիէռներու
համար
հետեւելի
այլ
ոչ
հաւասարելի
հրաշակերտ
օրինակներ
արտադրեցին,
ուր
Հերոդոտ,
Թուկիդիդէս
եւ
Քսենոփոն
ստեղծեցին
պատմութիւնը,
ուր
Պերիկղեայ
բերնին
մէջ
ատտիկեան
լեզուն
թուեցաւ
լինել
աստուածոց
իսկ
յատուկ
եւ
հզօր
լեզուն,
ուր
Սոկրատ
գիտութիւնը
կը
հիմնէր՝ենթադրութիւններէ
հրաժարելով
եւ
հռչակելով
թէ
Չիք
գիտութիւն՝
բայց
միայն
ընդհանուրին։
Այնչափ
գրական
եւ
իմաստասիրական
ճոխութիւն
չպարտէր
մնալ
մի
փոքր
ժողովրդեան
մէջ.
այդ
յոյն
քաղաքակրթութիւն
մարդկային
քաղաքակրթութեան
խմորն
էր
եւ
պարտէր
խառնուիլ
նորա
հետ։
Հնչեց
ժամը.
Յունաստան
իւր
լեզուով,
աստուածներով,
գրքերով,
իմաստուններով,
արուեստագէտներով
սփռեցաւ
Ասիոյ
վրայ.
արեւելեան
ծերացեալ
ոգեսպառ
ժողովուրդք
իմացական
նոր
կորով
ստացան
այդ
հեղեղին
կենսաւէտ
ջուրերէն.
Հելլենականութիւնն
(l’hellenisme)էր
որ
Աղեքսանդրի
բանակին
հետ
կու
գար
Արեւելքը
նուաճել։
Եկբատանէն
ի
Թեբէ
Հոմերի
լեզուն
կը
տիրէր.
Աղեքսանդրիա
եւ
Պերգամա
կը
յաջորդէին
Աթէնքի
փառքին.
ա՛լ
յոյն
քաղաքակրթութիւնը
համաշխարհական
կ’ըլլար։
Մանաւանդ,
երբ,
Ովրատիոսի
բառերով
խօսելով,
«նուաճեալն
Յունաստան
նուաճեց
իւր
վայրագ
յաղթողը
եւ
կոշտ
Լատիոնի
մէջ
բերաւ
արուեստները»,
յոյն
լեզուն՝
լատինականին
եւս
դայեակ՝
ստացաւ
տիեզերականութիւն
մ’որում
այսօր
ո՛չ
գաղիերէնն,
ո՛չ
անգղիերէնն
հասած
է։
Ուրիշ
ազգաց
հետ
մեք
ալ
վայելեցինք
հելլենականութեան
բարիքները.
մեր
նախնիք
անոր
հիւթով
սնուցին
իրենց
միտքն
ու
պարարեցին
իրենց
լեզուն
ու
գրականութիւնն.
մեր
Արտաւազդը
գրեց
յունարէն
ողբերգութիւններ.
մեր
մի
փառաւոր
արենակիցը,
Պրոյերեսիոս
Հայկազն,
Աթէնքի
ճարտարխօսութեան
բեմը
գրաւեց,
եւ
գոռոզն
Հռոմ
անդրի
նուիրեց
Հայ
Պերճախօսին
սա՛
արձանագրութեամբ՝
«Թագուհին
քաղաքաց՝
Թագաւորի
բանին»։
Հինգերորդ
դարուն
մէջ
կրթական
գաղթականութիւն
մը
մեկնեցաւ
մեր
բնագաւառէն
դէպ
Անտիոք,
Աթէնք,
Բիւզանդիոն,
եւ
այն
ատեն
Հայ
գրականութիւնը
իւր
ոսկեղէն
տաճարին
ջահերը
վառեց
այն
լուսով
զոր
յունական
կրթութեան
կեդրոններէն
բերած
էին
իւր
գիտասէր
զաւակունք։
Ի
զուր
Յուստիանոս
փակեց
Աթէնքի
դպրոցները.
Միջին
Դարու
պատգամը
եղաւ
յոյն
իմաստասիրաց
իշխանը՝
Արիստոտէլ,
եւ
Օռկանոնն
Աստուածաշունչին
հետ
համապատիւ
փայլեցաւ։
Անմահութեան
համար
ստեղծուած
լեզու,
ամէն
քաղաքական
կործանումէ
նա
կը
պրծնէր
յաղթական.
նա
ո՛չ
միայն
անմահ
էր,
այլ
եւ
կը
թուէր
ստանձնած
լինել
իմացական
մեռելութեանց
մէջ
կենաց
շեշտերը
հնչեցնելու
պաշտօնը։
Այսպէս,
յետ
Միջին
դարու
տասնդարեան
մեռելական
քնոյն,
Եւրոպա
կը
վերածնէր
յոյն
հնութեան
բարբառներուն
ի
լուր.
Եւրոպա
կը
յոյնանար,
եւ
նոր
ժամանակները
կը
բացուէին։
Յոյն
լեզուն
իւր
ծնգաց
վրայ
դիեցուց
ու
դաստիարակեց
եւրոպական
լեզուներն
ու
գրականութիւնքն,
եւ
այսօր՝
եթէ
քան
զինքն
առաւել
կը
խօսին
գաղիերէնն
եւ
անգղիերէնն,
մի՛
խաբուիք,
յունարէնն
է
որ
կը
խօսի
անոնց
մէջ։
Դեռ
առանց
անոր
կամ
անոր
մատենագրաց
ծանօթութեան
չի՛ք
կրթութիւն
կատարեալ։Այս
լեզուին
սոյն
բացառիկ
ու
եզական
դերն
աչքի
առջեւ
ունենալով,
պէտք
չէ՛
ուրեմն
զարմանանք
որ
նախնի
յոյնք
բարբարոս
եւ
անլեզու
կը
կոչէին
այն
ազգերը
որք
չէին
խօսեր
յունարէնը,
որ
սահմանուած
էր
ըլլալու
քաղաքակրթութեան
գերազանց
լեզուն,
որ
լեզուն
էր
իմացական
կենաց։
Կենաց
բանն
ալ
անով
չքարոզուեցա՞ւ
աշխարհի։
(Ծաղիկ
Մանկանց,
1891,
Թիւ
18)
Բ.
Պերիկղէսի
դարը
Դա՜ր
հոյակապ,
որ
անսովոր
փառքով
մը
փայլեցաւ,
եւ
որ
իր
հրաշակերտ
արդիւնքներով,
իբր
ամենափայլուն
աստղերէ
կազմուած
համաստեղութիւն
մը,
պիտի
շողայ
յարաժամ
պատմութեան
երկնքին
մէջ
ու
պիտի
շարունակէ
ազնուացնել
իրարու
յաջորդող
սերունդները։
Ապաքէն
յանյիշատակ
ժամանակաց
հետէ
Ելլադա
ունեցած
էր
իւր
բանաստեղծները,
իւր
իմաստունները։
Որփէոսի
քնարին
դիւթիչ
շեշտերը
դժոխոց
թագաւորն
իսկ
գորովեցուցած
էին,
եւ
Ամփիոնի
երգերուն
ձայնով
Թեբէ
քաղաքին
պարսպի
քարերը
ինքնին
եկած
էին
իրարու
վրայ
շարուելու։
Դարերով
յառաջ
Հոմեր
երկու
անմահ
դիւցազներգութեանց
մէջ
երգած
էր
Յունաստանի
դիքն
ու
դիւցազունքը։
Նախ
քան
զմեր
թուականը
եօթներորդ
եւ
վեցերորդ
դարուց
մէջ՝
երաժշտութիւն
եւ
բանաստեղծութիւն,
միացած,
հոգին
եղած
էին
Յունաց
ազգային,
կրօնական
եւ
ընտանեկան
հանդէսներուն։
Քնարական
բանաստեղծութիւնը,
որ
իւր
անուան
ճշդիւ
կը
պատասխանէր
յայնժամ՝
լինելով
ընկերացեալ
քնարէն,
յառաջ
կը
բերէր
Սափփովներ,
աղկէոսներ,
Անակրէոններ,
Տիրտէոսներ
եւ
մանաւանդ
գերազանց
բանաստեղծն
Պինդարոս,
որ
գոգցես
յոյն
ցեղին
միութիւնը
կ’անձնաւորէր
հնութեան
մէջ
ուր
բաժնուած
էր
նա
այլ
եւ
այլ
թագաւորութեանց
ու
հասարակապետութեանց,
եւ
որ
պերճ
ներբողներու
մէջ
կ’անմահացնէր
Ողիմպիայի,
Դեղփիսի,
Պարանոցին
ու
Նեմէայի
մէջ
մրցողներուն
փառքը։
Այն
ժամանակէն
ետքն
ալ
որ
կը
կոչուի
դար
Պերիկղեայ՝
յունական
հանճարը
ծնունդ
պիտի
տայ,
ի
մէջ
այլոց,
Թէոկրիտի
որ
հովուերգութիւնն
ստեղծեց,
Պողիւբի՝
պատմիչ
իմաստասէր
որ
ուզեց
բարձրէն
դիտել
մարդկային
իրողութիւնները
եւ
զանոնք
իրարու
հետ
շղթայող
կապը
գտնել,
Ստրաբոնի
որ
հին
աշխարհը
մեզ
գծեց,
Պլուտարքոսի
որ
իւր
սքանչելի
Վարք
երով
ինքզինք
դաստիարակ
կացուց
ապագայ
սերունդներուն,
եւ,
երբ
ծաղկիլ
սկսաւ
քրիստոնէութիւն,
Աթանասներու,
Նազիանզացիներու,
Բարսեղներու,
Ոսկեբերաններու
նման
կրօնի
հրալեզու
քարոզչաց։
Բայց
ո՛չ
երբեք
յոյն
բանաստեղծը
եւ
յոյն
արձակաբանը
խօսեցան
ա՛յնքան
քաղցր,
ա՛յնքան
ներդաշնակ
լեզու
մ’որքան
Պերիկղեան
շրջանին
մէջ,
ուր
Ատտիկեան
բարբառը
դարձաւ
մի
խօսեալ
երաժշտութիւն,
եւ
ո՛չ
երբեք
տեսնուեցան՝
ա՛յնքան
անձուկ
միջոցի
եւ
տեղւոյ
մէջ՝
ա՛յնքան
խիտ
առ
խիտ
հանճարներ,
հոյակապ
երկովք
բեղմնառատ։
Աթէնքն
է
վառարան
այս
հրաշալի
մտաւոր
գործունէութեան։
Մարական
պատերազմաց
մէջ
նա
ստանձնեց
առաջնորդող
դեր
եւ
եղաւ
ճշմարիտ
մայրաքաղաքն
Յունաստանի։
Քաղաքական
փայլին
միացան
գրականն
ու
արուեստագիտականը,
եւ,
ըստ
բացատրութեանն
Թուկիդիդեայ,
արդարեւ
Ելլադայի
դպրոցն
եղաւ
Աթէնք։
Մարական
պատերազմները
ոգիներու
մեծ
ցնցում
տուած
էին,
եւ
փառաւոր
յաղթութիւնը՝
զոր
ափ
մը
ժողովուրդ
տարած
էր
Քսերքսէսի
ծովացեալ
բանակին
դէմ՝
նոր
կեանքով
մ’ոգեւորեց
Աթէնքը։
Երեսուն
տարիներ
այս
մեծ
քաղաքն
իւր
գլուխն
ունեցաւ
մեծ
քաղաքացի
մը,
Պերիկղէսը,
որ
նորա
ոյժերուն
տուաւ
ազնուական
ուղղութիւն,
ինքն
իսկ
կազմուած
երկու
չքնաղ
եւ
բարձր
անձնաւորութեանց
ներշնչութեան
տակ,
ոյց
ոին
իմաստասէր
մ’է
գերազանց,
Անասագոր,
եւ
միւսն՝
կին
մի
մեծահոգի
Ասպասիա։
Ուստի
եւ,
յաչս
յետագայ
սերնդոց,
Պերիկղէս
կը
ներկայանայ
շրջապատեալ
իմաստասիրաց,
բանաստեղծից,
պատմագրաց,
արուեստագիտաց
առաւել
քան
արքայական
շքադիր
խումբէ
մը,
որոց
գործերը
կը
մնան
ցայսօր
գերագոյն
օրինակ
ճաշակի,
ընտրելագոյն
դաս
բարոյականի
եւ
պատիւ
մարդկային
հանճարոյն՝
իբրեւ
քաջայանդուգն
փորձեր
ի
գիւտ
ճշմարտին։
Թողունք
ճարտարապետութիւնն
ու
արձանագործութիւնը,
որք
զԱթէնս
զարդարեցին
հրաշակերտ
տաճարներով,
թատրոններով,
արձաններով
որոց
մնացորդք
ցայսօր
մեծ
զարմացման
առարկայ
են,
եւ
ամփոփենք
մեր
խօսքը
գրականութեան
վրայ։
Ահա՛
թատրը
ուր
կը
փայլին
Եսքիղէս,
Սոփոկղէս
եւ
Եւրիպիդէս,
պատկերացնելով
մարդկային
սիրտը
ճակատագրին
կամ
պարտքին
ի
պայքար
մտած,
եւ
Արիստոփան՝
երգիծաբանող
ռամկին
ու
ռամկավարաց
թերութիւնները։Ահա՛
բեմն
հրապարակին
ուր
Պերիկղէս,
զոր
«Ողիմպեան»
յորջորջեցին,
կը
խօսի
արդարեւ
աստուածային
վեհութեամբ
եւ
առաքինի
ու
իմաստասէր
մարդու
ճոխութեամբ,
եւ
զոր
յետոյ
պիտի
գոռացնեն
Դեմոսթենեայ
եւ
Եսքինէսի
շեշտերը։
Կը
ծնի
Պատմութիւնը,
որ
մինչեւ
նոյն
ատեն
բանաստեղծութեանի
հետ
խառն
էր.
Հերոդոտ
կը
գրէ
իւր
«Մարական
Պատերազմաց
Պատմութիւնը»,
կեդրոն
որոյ
շուրջ
կը
բոլորէ
պատմութիւնը
բազում
այլ
ժողովրդոց.
Թուկիդիդէս
կը
պատմէ
Պեղոպոնեսական
Պատերազմն,
առաջին
անգամ
դնելով
քննական
հետազօտող
ոգին
դիպաց
զրուցին
մէջ,
Քսենոփոն
կը
պատմէ՝
ի
մէջ
այլոց՝
զ
Դարձ
բիւրուց,
գործ
յորում
քաղցր
է
ինձ
յիշել
աստ
զայս,
կը
խօսի
նաեւ
հին
Հայոց
բարուց
եւ
կենցաղոյն
վրայ։
Մեղուն
Ատտիկեան,
որպէս
յորջորջեցին
զՔսենոփոն,
աշակերտն
էր
Սոկրատայ։
Ահա՛
մի
այլ
մեծ
անձնաւորութիւնն
այս
բեղմնաւոր
ժամանակին,
զոր
չպիտի
վարանիմ
կոչել
մեծագոյնն,
իրաւունք
տալով
Դեղփիսի
պատգամին
որ
զայն
մարդոց
իմաստնագոյնն
հռչակած
էր։
Սոկրատ,
թշնամի
Սոփեստից,
տուաւ
նոր
եւ
հաստատուն
ուղղութիւն
իմաստասիրութեան,
քննութիւնը
նշանակեց
պայման
գիւտոյ
ճշմարտութեան,
եւ
անձին
ուսումը
դրաւ
սկիզբն
իմաստասիրական
հետազօտութեանց։
Բարձրացաւ
Աստուծոյ
միութեան
եւ
հոգւոյ
անմահութեան
գաղափարաց.
ի
մահ
դատապարտուած,
դեռ
կ’իմաստասիրէր
զուարթ՝
իւր
աշակերտաց
հետ
մինչեւ
մահուան
գրկաց
մէջ։
Ասոնցմէ
պիտի
ելնէ
Պղատոնն
աստուածային,
իտէականութեան
հիմնադիր,
որոյ
աշակերտն
Արիստոտէլ
պիտի
ներկայացնէ
մանաւանդ
գիտնական
փորձարկող
ոգին
եւ
իւր
փիլիսոփայական
ու
գիտնական
գործերով
պիտի
ապահովէ
իւր
անձին
ճոխութիւն
մը
որ
պիտի
կտրէ
անցնի
դարեր
եւ
մինչեւ
ԺԸ
դար
«վարդապետն
ասաց»ը
պիտի
լռեցնէ
ամէն
ընդդիմախօսութիւն։
Փա՜ռք
բոլոր
այս
մեծ
ոգիներուն
որք
հետամուտ
եղան
ճշմարտին,
գեղեցկին
ու
բարւոյն,
որք
ա՜յնքան
վսեմ
իմաստներու
ընծայեցին
այնպիսի
վսե՜մ
ու
հրապուրալի
բացատրութիւն,
եւ
որք
մարդկութեան
յառաջդիմական
ընթացքին
մէջ
լուսատու
ղամպարներ
եղան։
Ու
անմա՛հ
է
փառքն
ալ
Յունաստանի,
մօրն
այս
հոյակապ
ոգեաց։
Մարդկութիւնն
յաւէտ
երախտապարտ
պիտի
մնա
իրեն։
(Ծաղիկ,
1890,
Թիւ
7)
Գ.
Հին
Յունաստանի
հանճարը
Եթէ
կ’ուզէք
փայլուն
օրինակ
մը
բարոյական
ուժոյ
գերազանցութեան
ի
վերայ
նիւթական
զօրութեան,
առէ՛ք
հին
Ելլադան,
այն
երկիրն
որ
փոքր
էր
ա՛յնքան
եւ,
եւս
առաւել,
ի
փոքր
մասունս
կոտորակեալ,
եւ
քան
զոր
սակայն
չեղաւ
աշխարհ
մը
մեծագոյն։
Շատ
աւելի
կանուխ
փայլեցան
Եգիպտոս,
Ասորեստան,
եւ
Վետայք
երգուեցան
ի
Հնդիկս.
այլ
սակայն
ո՛չ
մին
հասաւ
այն
քաղաքակրթութեան
բարձրութեան
ուր
բացառիկ
շողիւնով
ճառագայթեց
Յունաստան,
իւր
ճաճանչներն
ամենուրեք
սփռելով
եւ
ժամանակաց
խորութեան
մէջէն
մինչեւ
առ
մեզ
արձակելով
զանոնք։
Յունաստան
իւր
կրօնքն
ունէր,
որպէս
այլ
ազգք
ունէին
իւրեանցն.
մանաւանդ
թէ
յաչս
յունին
ամէն
ինչ
կրօնական,
աստուածային
էր,
երկինքն
ու
երկիր,
ծովն
ու
ցամաքը,
հունձքերն
անդաստանաց
ու
աստղերն՝
այդ
հունձք
երկնային
դաշտաց.
բայց
իւր
քուրմեր
ո՛չ
երբեք
կազմեցին
կղերական
կազմակերպեալ
մի
մարմին՝հոգիներու
տիրապետութեան
սանձն
ի
բռին
ունենալու
իրաւունքը
պահանջող,
եւ
կրօնային
դաւանութիւնք
ո՛չ
երբեք
ձեւն
առին
նուիրական
անայլայլելի
հանգանակի։
Այս
պարագայնա
մեծ
նշանակութիւն
ունի
իբրեւ
յունական
հանճարոյն
զարգացման
պատճառներէն
մին։
Այնու
ի
սկզբանէ
ազատօրէն
իմաստասիրեցին
իւր
իմաստունք,
իւր
փիլիսոփայք.
այնու
Թաղէս,
Եմպետոկղէս,
Պիւթագոր,
Դեմոկրիտ,
Անաքսագոր,
Սոկրատ,
Պղատոն,
Արիստոտէլ,
Զենոն,
Եպիկուր
եւ
այլք,
հետեւելով
մի
միայն
իրենց
մտաց
ներշնչումներուն,
ջանացին
բացատրել
իրաց
սկիզբն,
զԱստուած,
մարդկային
բնութիւնը,
պարտականութիւնը,
բարին
եւ
երջանկութիւնը։
Ու
գիտենք
թէ
Յունական
իմաստութիւնը
ի՜նչ
մեծ
դեր
կատարած
է
մարդկային
ազգի
քաղաքակրթութեան
գործոյն
մէջ։
Նա
ծնունդ
տուաւ
գիտութեանց՝բանալով
անծանօթին
գնալու
ճանապարհը.
նա
ցրուեց
տակաւ
կրօնական
անհեթեթ
գաղափարներ,
նա
դաստիարակեց
մարդկային
սիրտն
ուսանելով
եւ
ուսուցանելով
կամաց
օրէնքները
որք
կը
կոչուին
բարոյական.
նա
վերջապէս
պատրաստեց
գետինը
քրիստոնէութեան
գահակալութեանն
համար։
Բացէ՛ք
դեռ
այսօր
իսկ
Հոմերը,
Եսքիղէսը,
Սոփոկղէսը,
Պղատոնը,
Քսենոփոնը,
Արիստոտէլը,
Դեմոսթէնը,
եւ
պիտի
գտնէք
բարոյական
այնպիսի
վճիռներ
որք
իրենց
բարձրութեամբ
արժանի
են
դրուելու
Աւետարանի
վսեմագոյն
պատուէրներուն
առընթեր։
Սոփոկղէս
ըսել
կու
տար
Անտիգոնի
թէ
«Գրեալ
օրէնքներէ
վեր
կան
անգիր
օրէնքներ
խղճի
աստուածադիր
օրէնքները
որոց
մանաւանդ
հնազանդել
պարտի
մարդ»,
եւ
դարձեալ՝
«
Սիրելու
համար
եղած
եմ
ես,
եւ
ո՛չ
ատելու»։
Այսպէս
Հելլէն
իմաստասիրութեան
վսեմ
գաղափարներ
հիանալի
բացատրութիւն
մը
կ’առնուին
Ելլադայի
մատենագրաց
գործերուն
մէջ,
որք
ժողովրդեան
խաւերուն
մէջ
կ’երթային
սփռել
զայնս։
Յունական
մատենագրութի՜ւնն…
ո՜հ,
ի՜նչ
դիւթութիւն,
ի՜նչ
գանձ,
ի՜նչ
հրաշալիք։Որպէս
ժայռի
մը
կողէն
ցայտելով
աղբիւր
մ’ինքնաբուղխ՝
կարկաջաձայն
կը
հոսի
դարիվար,
կը
պտտի
դաշտաց
վրայ,
առնլով
ձեւեր
զանազան,
աստ
յօրինելով
լճակ
ականակիտ,
անդ
օձապտոյտ
սողոսկելով,
հեռուն
կազմելով
ջրվէժ
մը
լուսափրփուր
շառաչուն,
նոյնպէս
բանաստեղծութիւնն
ինքնաբեր
բղխեցաւ
այս
օժտեալ
ժողովրդի
հոգիէն
եւ
ձեւն
զգեցաւ
այլեւայլ
քերթողական
սեռերու։
Դիւցազներգութիւնը
(epopee),
իբրեւ
ընդարձակ
մոգական
հայելի,
ցոլացուց
դիւցազնական
ժամանակաց
բարքն
իւրեանց
պարզութեան,
միամտութեան
եւ
ոչ
անմասն
յազնուութենէ
բրտութեանը
մէջ։
Քնարերգութիւնը
երգեց
նուիրական
բագնաց
շուրջը,
ընտանեկան
վառարանին
ու
սեղանին
առջեւ,
նստաւ
գովասան
ազգային
հանդիսից
մէջ,
մրմնջեց
հեշտութենէ
կամ
վշտէ
հառաչող
սրտին
մրմունջները։
Ողբերգութիւնը
Բակքոսեան
տօները
դարձուց
իմացական
աշխարհախումբ
խրախճանութեանց,
եւ
Կատակերգութիւնը
կանգնեց
բարոյականի
եւ
աշխարհվարութեան
մի
եզական
դասաբեմ,
ուր
ծաղրն,
իմաստութիւնն
ու
բանաստեղծութիւնը
յիրեար
խառնուեցան
մարդոց
հոգիները
զուարճացնելու
եւ
միանգամայն
հրահանգելու
համար։
Իւր
փառաւոր
կեանքն
անմահացնել
կ’ուզէր
այս
ժողովուրդն,
ու
ահա՛
Պատմութիւնը
կը
գտնէր։
Կը
խորհէր
տիեզերքին
վրայ,
մեծ
առեղծուած,
եւ
կը
խորհէր
մարդոյն
վրայ,
առեղծուած
ոչ
նուազ
մեծ,
եւ
ահա՛
իմաստասիրութիւնը
կը
ստեղծէր։
Եւ
բանաստեղծութեան
ու
արձակի
այս
սեռք
շուտով
իրենց
կատարելութեան
զենիթը
կը
հասնէին,
եւ
Պառնասոսի
գագաթան
վրայ
կը
կազմուէր
այլապէս
վեհ
աստուածներու
իմացականութեան
աստուածոց
կաճառ
մ’ուր
մեծափառ
կը
բազմէին
Հոմեր,
Հեսիոդ,
Պինդար,
հերոդոտ,
Եսքիղ,
Սոփոկղէս,
Եւրիպիդէս,
Պերիկղէս,
Սոկրատ,
Արիստոփան,
Թուկիդիդէս,
Պղատոն,
Քսենոփոն,
արիստոտ,
Դեմոսթէն,
Եսքինէս,
Թէոկրիտ,
Ղուկիանոս.
արդարեւ
ակումբ
աստուածախումբ,
որ
կը
շարունակէ
ընդունիլ
մարդկային
ազգի
պաշտամունքն,
երբ
արդէն
դարերէ
հետէ
լուռ
ու
թափուր
է
Ողիմպոս։
Գեղեցկին
սիրովը
տոգորեալ
ու
արբեցեալ
այս
ժողովուրդը,
մանաւանդ
Աթենացին
անոր
մէջ,
որ
յոյն
սեռի
եզական
ձրից
բարձրագոյն
ներկայացուցիչն
եղաւ,
բացատրեց
գեղեցիկը
նաեւ
աչքի
խօսող
ձեւերու
տակ.
Յոյն
ԳեղեցիկԴպրութեանց
արժանաւոր
քոյր
հանդիսացան
Յոյն
Գեղարուեստք։
Փիդիասներ
եւ
Պրաքսիտէլներ
յուսահատեցուցին
յետագայ
դարուց
արձանագործները.
Ապեղէս
եւ
Զեւքսիս
լեզու
տուին
գոյնին,
եւ
Տիմոթէոս՝
աղիքին.
իսկ
Պարթենոն,
իւր
աւերակաց
մէջ
իսկ
վեհաշուք,
կը
կանգնի
ցայսօր
Ակրոպոլի
բարձանց
վրայ
իբրեւ
վիմատառումն
մարդկային
հանճարոյ
մի
վսեմ
խորհրդոյն,
իբրեւ
վիմեղէն
քերթութիւն
մը,
հեշտացուցիչ
աչաց
եւ
հոգւոյ։
Այս
պանծալի
քաղաքակրթութիւն
սահմանափակ
չմնաց
յԵլլադա.
նորա
գաղթականութիւնք,
նորա
արշաւանք,
նորա
գրագէտք
ու
արուեստագէտք
սփռեցին
զայն
ընդ
աշխարհ.
բոլոր
Արեւելք
յոյնացաւ,
իւր
աստուածները
նոյնացու
յոյն
աստուածոց
հետ,
եւ
Հելլէն
ճարտարաց
անդրիները
կանգնեց
իւր
մեհենից
մէջ.
իբրեւ
գերազանց
լեզու
բանականութեան
եւ
երեւակայութեան,
սովրեցաւ
ու
խօսեցաւ
հելլենեէնը։
Իսկ
յոյն
գրականութեան
եւ
արուեստից
վարպետք
բացին
օգտախնդիր
ու
դրական
Հռովմայեցւոյն
առջեւ
իմացական
կեանքի
հորիզոնը,
ու
դրին
գրիչն
ու
գրոցն
ու
քնարը
նորա
բիրտ
ձեռներուն
մէջ,
որք
զէնք
միայն
կրել
սովոր
էին։
Ինչ
որ
հռովմէական
քաղաքակրթութիւն
կ’անուանենք՝
արդիւնքն
է
յունի
նմանողութեան,
յոյն
դաստիարակութեան.
եւ
այն
մեծ
ազդեցութիւն
զոր
այդ
քաղաքակրթութիւնն
ունեցաւ
Արեւմուտքը
դաստիարակելու
մասին՝
կը
բղխի
դարձեալ
յոյն
հանճարոյ
անսպա՜ռ
աղբիւրէն։
Այս
աղբիւր,
յետ
Վերածնութեամբ
(Renaissance)
յառաջ
բերած
նորածաղիկ
փթթմանն,
կը
շարունակէ
կազմել
ազնուացնել
ամէն
ուսանող
նոր
սերնդեան
գրական
ճաշակն
ու
բարոյական
զգայութիւնը,
եւ,
ցորչափ
գեղեցիկն
հրապուրէ
մարդկային
հոգիները,
պիտի
հրաւիրէ
միշտ
մտքերը
գալ
ըմպել
իւր
զմայլարար
կենսաւէտ
ալիքէն։
(Պատկ.
Աշխարհիկ
Գրականութեան,
1893)