10.
ՃՈԽ
ՅԱՆԳԸ
ԵՐՐԵԱԿ
ԹՈՒՂԹՔ
ԱՌ
ԱԼՓԱՍԼԱՆ
Ա.
Յանգը,
կ’ըսէք
Շեշտով
մը
սէգ,
Թափով
մ’անսանձ,
Տայ
սայրասուր
Բազմաց
նախանձ,
Խանձող
զերդ
հուր։
Քանզի
նըման
Է
աննըմա՜ն
Վեհ
բաներուն,
Որոնք
անզօր
Թողուն
հեռուն
Հոգիքն
ստոր։
Արծիւ
մ’է
յանգ,
Յանգ
ճոխավանգ.
Մինչ
գետնին
վրայ
Արձակն
հեւայ,
Նա
վե՜ր
սլանայ,
Թեւովքն
հսկայ։
Ի՞նչ
անուն
տալ
Յանգին
ծալ
ծալ.
Պարի՜կ,
գոհա՜ր,
Թռչո՜ւն,
թիթե՜ռ,
Լո՜յս,
ձեզ
համար
Չե՛ն
բաւեր
դեռ։
Խանդ
քերթողի,
Զերդ
բարկ
օղի,
Ըզձեզ
արբշիռ
Կ’ընէ,
յանգին
Երբ
ի
կըշիռ
Կը
դընէք
գին։
Ուրեմն
ան
որ
Գաղտնեացն
անոր
Է
տիրացած,
Նա
հանճարի
Հանքն
է
գըտած,
Հանք
«թանգ
բառ»ի։
Ու
երբ
մանկիկ
«Ծափիկ
ծափիկ»,
Հանին
«տան
տան»
Երբ,
կամ
«մէն
մէն»
Կարդայ
թոռան,
Քերթողներ
են։
Արուեստն
երբոր
Կ’ըլլայ
հալւոր,
Է՜հ,
է՞ր
չառնու
Բարքեր
նըման
Ծերի,
տըղու
Տըկարութեան։
Իրա՞ւ
հաւատ
Ընծայէք
շատ
Հարուստ
յանգին.
Ծայրից
գոչիւն
Յաճախ
մտքին
Է
հուսկ
մնչիւն։
Փոխան,
իբրեւ
Թռչուն
թեթեւ,
Ճախրելու
վեր,
Գիտեմ
կապար
Որքան
յանգեր
Ծանր
ինկած
վար։
Զի
յանգ
ու
բան
Միշտ
միաբան
Չեն,
ու,
յաճախ
Չըհամազգի,
Մին
աջ,
մին
ձախ
Խեռ
կը
վարգի։
Ու
ճոխ
յանգաց
Միջոցը
բաց
Լեցնող
բառից
Փարթա՜մն
այն
կո՞յտ,
Շըռընդալի՜ց,
Սի՜ն,
անօգո՜ւտ…։
Ո՜հ,
չէ՛,
դուք
որ
Տաղանդաւոր
Էք,
ու
ցոյց
տաք
Շատ
հեղ
անճիգ
Թէ
սիրտ
մը
տաք
Ձեր
մէջ
ունիք,
Մի՛
շքեղ
յանգին
Փարիք
ուժգին,
Մի՛
խանդ,
աւիւն
Սպասէք
տառէն.
Սրտի
հընչիւն
Լըսուի՛
բառէն։
Թէ
մերթ
յաջող
Ներշնչէ
տող
Պերճ
յանգն,
յաւէտ
Սակայն
խաղ
մ’է
Ձայնի,
ու
պուէտ
Խաղցող
մը
չէ։
Ոչ
ըստ
բախտի
Յանգին
պիտի
Նա
ցատկըտուն
Իմաստ
տողէ,
Այլ
իր
հոգւոյն
Սէ՜րն
հեղեղէ։
Տեսլականին
Յառած
աչուին,
Երգը
կ’երգէ
Նա
գեղեցկին,
Ու
մեզ
պէտք
է
Ցնցող
հոգին։
Բ.
Երբ
հետեւակ
է
տաղ,
աղքատ
իմաստով,
Հաւատացէք,
յանգը
փարթամ,
«ակնաթով»,
Ոչինչ
դարման
կրնայ
բերել
չարիքին,
Փայլուն
թեւեր
վեր
չեն
հաներ
ըզհէք
դին։
Գէթ
կարենա՜ր,
որպէս
«ըզգեստ
երփնագոյն»,
Պատիր
քօղով
ծածկել
չոր
ոսկրը
մարմնոյն.
Բայց
յանգ
ծայր
մ’է,
թէ
զգեստ՝
ձեռնոց
մը
միայն,
Ո՜հ,
ի՞նչպէս
շուք
կրնայ
անձին
տալ
համայն։
Ոսկեճամուկ
շըքեղ
հանդերձ
ծիրանի
Չափեալ
բանին՝
ոճն
է
անոր
կենդանի,
Անոր
պատկերք,
գոյնք
գեղամոյն,
բառք
խօսուն,
Ու
քընա՜ր
մը
ամբողջութեան
մէջ
թաքուն։
Տաղն
անիմաստ,
տաղն
անհոգի
երբ
ճգնի
Յանգաց
թեւով
սաւառնիլ
բա՛րձրը
երկնի,
Իկարոսին
ինձ
նըկարէ
փո՛րձը
զուր,
Ծաղու
ծովին
մէջ
անկնիլն
է
բախտը
տխուր։
Իսկ
երբ
քերթուած
ինքնին
առոյգ
է
կեանքով,
Յուզմամբ
թրթռուն,
ազնիւ
խոհից
ունի
հով,
Ճոխ
ճոխ
յանգի
պէտքը
չունի
բընաւին
Բարձրանալու
դէպ
ի
կապոյտն
եթերին։
Դիւթուած,
մոգուած,
մեր
ըզմայլման
մէջ
խորին,
Մոռնանք
թէ
գէր
կամ
վըտիտ
է
յանգ
տողին.
Պէշիքթաշլեան
կամ
թէ
Դուրեան
երբ
երգէ,
Պե՞րճ
թէ
միջակ
է
ծայրավանգ՝
ո՞ւմ
հոգ
է։
Անոնց
անփայլ
յանգեր
կ’ապրին
ցարդ,
ու
դեռ
Պիտի
ապրին,
ցորչափ
գեղոյն
ապրի
սէր,
Մինչ
յորդ
յանգաց
ի՜նչ
կոհակներ
վայրահոս
Մոռացութեա՜ն
արդէն
գլորած
են
ի
փոս։
Թէ
երես
տաք
յանգին՝
կ’ըլլայ
կիրք
մը
այն,
Ամէն
սահման
կ’անցնին
պահանջքն
իր
ունայն,
Միտք,
բան
ու
սիրտ
կ’ստրկանան
իր
քիմքին,
Խունկ
տալ
պարտին
եզերապահ
բառկուռքին։
Աղուոր
գեղօնն
ա՞լ
աղուոր
է
ճոխ
յանգով,
Զերդ
գեղանի
կին
մը
շըքեղ
հագուստով.
Յանգ
շրջանա՞կն
է
ոսկի՝
պերճ
պատկերին,
Կամ
թանգ
բաժա՞կն՝
արժանի
զով
ջինջ
ջուրին։
Յանգը
քօղք
չէ,
ըսինք
արդէն.
թէ
շըպար՝
Բընիկ
գեղոյն
եղծիչ
է
քան
զարդ
յարմար.
Նըկարին
յարգ
չի
փոխեր
բնաւ
շրջանակ,
Ու
ափով
ալ
անոյշ
խմուի
ջուր
յստակ։
Յետոյ…պատիր
չէ՞
օրինակը
մի
քիչ.
Շրջանակին
անծանօթ
է
նըկարիչ՝
Երբ
իր
գործը
կ’երկնէ,
ու
ջուր
երբ
բղխէ՝
Չը
գիտեր
ո՛ր
պիտի
խմուի
բաժակէ։
Իսկ
տաղ
ու
յանգ
են
իրարմէ
անբաժան,
Զուգախա՜ռըն
ի
նոյն
արգանդ
ձեւացան.
Ու
երբ
յանգն
յա՜ր
պարարտանա՜լ
կը
ճգնէր,
Իմաստն
յաճախ
ծամածըռէր
կամ
կ’ոսնէր։
Ո՜հ,
ո՜վ
պատմէ
պիտի
տագնապն
երկունքին
Որով
լոյս
գայ
մեծղի
մարմին
յաղթ
յանգին.
Բընալեզու
մանկաբարձներ
չեն
հերիք,
Օտարաձայնք
ալ
մերթ
կըցեն
իրենց
ճիգ։
Նանի՜ր
վաստակ,
սակայն.
յայտ
է
թէ
անի
Երբեք
մի
լուրջ
դեր
կամ
օգուտ
մը
չունի.
Թողէ՛ք
սրտին
իր
երգերուն
թըռիչ
տալ.
Թեւաբախմանց
չափը
զարնէ
լոկ
յանգն
ալ։
Գ.
Յանգին
վըրայ
ձեր
«քըմածին»
երկ
նախկին,
Գիտեմ,
առ
իս
պատասխան
մ’էր,
որ
ծաղկ
ին
Մէջ
եպերել
ճոխ
յանգն
էի
յանդգներ,
Յայտ
բերելով
իր
այլազան
եղեռներ։
Փարթամ
յանգաց
մեր
մէջ
վարպետ
գերազանց,
Խոց
սրտով
մ’ուր
սուրբ
զայրոյթն
է
թափանցանց,
Ձեր
ամրալար
քնարին
թելոց
տալով
ցունց,
Որուն
այնքան
դափնիներու
պարտիք
հունձ,
Հնչեցուցիք
յանգին
ներբո՜ղ
խանդավառ,
Ընծայելով
անոր
պատիւ
գերափառ,
Զայն
ներշնչմա՜ն,
զայն
հանճարի՜
յորդ
աղբիւր
Հռչակելով
ու
դեռ
վըսեմ
ձիրքեր
բիւր
Տալով
անոր,
քանի՛
փայլուն
աւելի,
Քանի՛
ձայնեղ
հնչէ
ուժգի՜ն,
շռընդալի՜։
Անոր
ցըմահ
կ’ուխտէք
պաշտօն
բարեպաշտ,
Փոխան
կեանքին՝
զոր
տայ
ձեզ՝
յար
առնել
յաշտ,
Ու
կարապի
ընել
ձեր
ե՛րգը
ետքի
Վարազայանգ
շըքեղ
հրաժե՜շտ
մը
կեանքի։
Է՜հ,
ազատ
էք
ճաշակներուն
մէջ
ձերին,
Ուր
որ
ուզէք՝գտնել
աղուորն
ու
բարին։
Շատեր
անձին
վտանգով
խնդրեն
ոսկւոյ
հանք,
Դուք
ալ
կ’ընէք
ջանք
գտնելու
հարուստ
յանգ,
Եւ
ուրիշներ
կրնան
հաւնիլ
այդ
կերպին,
Ծափ
զարնել
ձեզ,
պըսակ
դընել
ձեր
գլխին։
Միայն
երբ
մարդ
ցընորք
մ’իրեն
կուռք
ըրած,
Կ’ուզէ
որ
զայն
ամէնք
պաշտեն
իբր
աստուած,
Ու
անհաւանն
իր
դից՝
հէք
մ’է
իր
համար,
Անոնց
շնորհքէն
զուրկ,
յաչաղկոտ
մ’,
ապիկար,
Է
ներելի,
կարծեմ,
որ
մէջ
մտնէ
ոք,
Վըրէպին
դէմ
բառնալու
ձայն
ու
բողոք։
Ուստի
բընաւ
չըկայ
տեղի
զարմանաց,
Երբոր
յանկարծ
զիս
կը
գտաէք
ձեր
դիմաց,
Ողջ
ճաշակի
դատին
կանգնած
ջատագով,
Ճոխ
յանգին
դէմ
խօսիլ
պարզուկ
յանգերով,
Պատուէրին
հետ
օրինակն
ալ
նոյն
ատեն
Տալով
անոնց
որք
լըսելու
յօժար
են։
Վարդապետող
քերթուածք
չըկա՞ն
անշուշտ
շատ.
Կանխած
են
մեզ
Բոբ,
Պուալօ
եւ
Ովրատ,
Որք
ճաշակի
ու
արուեստի
նիւթոց
վրայ
Չափաբանած
են,
ինչպէս
որ
մենք
հիմայ։
Չէ՛,
քերթութիւնն
ա՛յնքան
սուրբ
է
ինձ
համար
Որ
ո՛չ
երբեք
պիտի
լինիմ
ես
յօժար
Որ
նոյնանայ
բառախաղի՜
հետ
անի
Ու
կայանայ
զուգելո՜ւ
մէջ
ձայն
ձայնի,
Որք
տողերու
ծայրերէն
տան
իրարու
Արձագանգ
մը,
որ
ո՛րքան
լայն
ու
ազդու՝
Ա՛յնքան
տաղը
կարծուի
վըսեմ,
գեղեցիկ,
Ռամիկ
ունկանց
թողլով
գեղոյն
դատակնիք։
Գիւտ
զայն
Միլտոն
կոչեց
դարուց
խըժական,
Վըտարելով
զայն
իր
երկէն
վիպական։
Յոյնք
եւ
Լատինք
իրենց
քերթուածքն
համայա՞նգ
Յօրինեցին,
ու
մեր
խանդոտ
Շարականք
Յանգե՞ր
ունին,
ու
չե՞նք
առնուր
ցարդ
ի
կիր
Անյանգ
չափը,
որպէս
առին
Հինք
ի
գիր։
Եթէ
յետոյ
սովորական
դարձաւ
յանգ,
Հա՞րկ
է
որ
մենք
անոր
անչափ
յարգ
մը
տանք,
Մինչեւ
տաղին
զայն
համարել
կեանքն,
հոգին,
Գե՜ղն
ու
շընորհ,
զա՜րդն
ու
գոհար
թանկագին,
Այնպէս
որ
երբ
քերթող
դընէ
մատն
ի
լար,
Կամ
ձեռք
առնու
իր
գըրիչը
պարզաբար
Նախ
առաջին,
որպէս
Պանվիլ
տայ
խըրատ,
Հոգայ
կազմել
ճոխ
յանգաց
շարքն
անընդհատ,
Ապա
գտնէ
իմաստները
որք
լընուն
Ծայրից
միջոցքն,
հընարիմաց
շատ
թէ
խուն,
Բայց
որք,
յաճախ
անակնկալ,
տարօրէ՜ն,
Կ’ապշին
ի՛նչպէս
ելեր
այն
տեղ
եկեր
են։
Է՜հ,
չեն
զարմանք.
ըստ
Պանվիլի,
յանգն
է
Բան
Բանաստեղծին,
անո՛ր
է
նա
ապաստան.
Զերդ
արբեալ
մը
պատէ
ի
պատ
տարուբեր,
Պէտք
է
իմաստն
ըլլայ
յանգէ
յանգ
յերեր,
Ու,
փոխանակ
վեր
թռչելու
շոյտ,
թեթեւ,
Խարխափէ
կոյր,
«որպէս
ջղջիկ»
ձեռնաթեւ։
Բառ
տողալից,
իբրեւ
երիթ,
անհրաժեշտ,
Ըստ
վարպետին
դարձեալ
պայման
մ’է
որ
հեշտ
Յանգերն
հարուստ՝
այլ
բռնազբօս
իրար
գան,
Ամուսնոց
պէս
զոր
զուգեց
զուր
մամոնան։
Ընթերցողին
ուշը,
ինչպէս
քերթողին,
Այսօրինակ
յօրինուածի
մէջ
տաղին,
Պարող
կնկան
ու
դիտողին
զայն
հանգոյն,
Կ’անդրադառնայ
միայն
ոտից
ծայրերուն։
Անկեղծ
ու
լուրջ
խոհն
ու
յոյզը
շատ
պէտք
չեն,
Հերիք
է
որ
ծայրերը
լի՜,
լա՜յն
հընչեն.
Ճարտարութեան
հանդէս
մըն
է,
ո՛չ
հոգւոյ,
Ու
անդ
հոգւոյն
հետ
բուն
քերթողն
է
անգոյ։
Զարմանք
գրգռեն
թերեւս
ճարտար
այդ
շարժմունք,
Ծիծաղ
եւ
ծափ,
բայց
ո՛չ
յուզում,
ո՛չ
արցունք։
Սակայն
Հիւկօ՜ն,
մեծն
այն
քերթող,
աննըման,
Չէ՞
նա
վարպետ
մեծ
տաղաչափ
մը
նոյնքան.
Ու
Պառնասեանք,
Լըգոնդ,
Գոբէ,
Կօթիէ,
Չառի՞ն
անոր
օրինակէն
դաս
միթէ։
Հիւկօն,
այո՛,
յաճախ
գըրէ
ճոխավերջ,
Հաշտ
պահելով
յանգն
ու
միտքը
փայլուն,
պերճ.
Բայց
նա,
այլուր
ըսած
էի,
Հիւկօ
է,
Չքնաղ
հանճար,
հըզօր
ոգեաց
վեհ
կարգէ,
Ում
դիւրանալ
այլոյ
կնճիռն
է
հընար,
Խեռերն
ի
մի
լըծել
ձեռքով
մը
ճարտար։
Այլ
եւ
քանի՜նա
իսկ
ունի
յանգ
միջակ,
Բան
թարմատար,
ինչպէս
կ’ըսեն՝
«տող
ճերմակ»,
Բաղաձայնը՝
նեցուկ
ծայրին՝
միշտ
հոն
չէ,
Ու
շատ
անգամ
վերջը
տըկար
կը
հնչէ,
Մանաւանդ
երբ
գըրէ
յուզման
շունչին
տակ,
Չունի
յանգին
միտ
դընելու
ժամանակ։
Չափազանցեն
աշկերտք
կերպը
վարպետին,
Ձեւն
է,
կարծեն,
գաղտնիք
անոր
արուեստին։
Ու
յայտ
է
թէ
Միւսէ
հանճար
մը
ան
ալ
Չուզեց
երբեք
փարթամ
յանգով
ճոխանալ,
Թէ
մինչեւ
իսկ
երբ
գրչին
գար
ինքնաբեր՝
Խոժոռելով
իսկոյն
ի
բաց
կը
վանէր,
Ու
կայ
քերթուած
իրմէ
կրկին
հեղ
գրուած՝
Որ
քաղ
հանէր
պոռոտ
յանգը
սպըրդած.
Անշուշտ
չը
թուէր
հաճոյք
մ’իրեն
նուրբ
ու
լուրջ,
Այլ
ունկնատանջ
յաւէտ
բաղխիւն
զոր
տայ
մուրճ.
Խորհէ՞ր՝
լայն
թեւք
հնդկահաւին
ի՞նչ
օգուտ,
Երգ
ի
բերան
յարեւ
թեւէ
փոքր
արտոյտ։
Գիտէք
նաեւ
որ
Լաֆոնդէն,
որ
Ռասին,
Դասականներն
ամէն,
ու
մե՜ծ
Լամարթին
Չունեցան
բնաւ
պարարտ
յանգին
սին
մարմաջ,
Իմաստին
փա՜յլ,
չափին
դաշնա՜կ
տային
քաջ։
Այլ
«յանգամերժ»իրենց
ոգին
չէր
պատճառ
Որ
իրենց
վեհ
հանճարն
ազնիւ
չըքանար…։
Այլ
եւս
հերիք
կը
համարիմ
այս
պայքար,
Տարհամոզել
ձեզ
լիովին
է
դժուար,
Ձեզ
որ,
չափեալ
բանից
սալին
վրայ
կըքած,
Ա՛յնքան
ամեր
կուռ
կուռ
յանգեր
էք
դարբնած,
Ու
անոնց
վրայ
ո՛րքան
թափած
ճակտու
քիրտ,
Ա՛յնքան
անոնց
ամուր
յարած
է
ձեր
սիրտ,
Թէեւ,
յայտնի
իսկ
լինելով
խոստովան,
Ձեր
թըւիքէն
զեղչեցիք
ո՛չ
սակաւ
բան։
Իմ
մանաւանդ
խօսքն
առ
սերունդն
է
որ
գայ,
Անոր
հանդէպ
սիրտըս
սուրբ
բան
մը
կ’զգայ.
Կ’ուզէի՝
ան
չը
մոլորուէր
սըխալովն
Ո՛չ
«ակնաթով»
յանգաց
ու
ո՛չ
ունկնաթով.
Կ’ուզէի՝
ան
քերթութիւնը
չը
կարծէր
Արհեստ
զոր
մարդ
մեքենաբար
կը
սովրէր,
Միտք
մուրալով
պատահական
բառերէ,
Շունչ
յուսալով
եւել
պակաս
մի
տառէ։
Կ’ուզէի
որ
խոկալ,
զգալ
նա
գիտնար,
Ազնի՜ւ
խինդը,
վեհ
տրտմութի՜ւնը
ճանչնար,
Վեհի՜ն,
մեծի՜ն
վրայ
հիանալ
կարենար,
Հոգին
անձկով
երկինքին
դէմ
թրթռա՜ր։
Կ’ուզէի
որ
նա
գիտնար
թէ
քերթութիւն
Սիրտնէ
է
մարդուն
որ
դուրս
թափէ
իր
աւիւն,
Թէ
ճշմարիտ
քերթողն
յաճախ
իր
տաղեր
Սրտին
արեամբ,
աչքին
ցողովն
է
գըրեր,
Թէ
երկրի
վրայ
պաշտօն
մ’ունի
նուիրական
Մարմնացընե՛լ
գեղն
ու
շնո՜րհը
տեսլական,
Թէ
ականջով
թէ
եւ
իր
երգ
մեզի
գայ՝
Սակայն
հոգւոյն
խո՛րը
պէտք
է
նա
թնդայ,
Ուստի
հոգւո՛յ
բերէ
թըրթռուն
արձագանգ
Քան
այն
ղօղանջ
զոր
պիտ’հանէ
ծնծղայյանգ։
(Ծաղիկ,
1903,
Թիւ
12,
14,
16)