Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

19. ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒՄ
(Հուսկ Բանք [1] առ ընթացաւարտս Պէրպէրեան վարժարանի, 1903 ամ)։

 

Սիրեցեալ որդեակք իմ,

Վերջին խօսքերս ձեզ ուղղելու համար եթէ կը դառնամ առ ձեզ «որդեակ» բառով, ո՛չ թէ անոր համար է որ այս ամ բախտը կու տայ ինձ ուրախութիւնը աւա՜ղ, ոչ առանց արտասուաց խառնուրդի տեսնելու ձեր կարգին մէջ նոյն իսկ իմ հարազատ որդիս, այլ վասնզի զձեզ զամէնքդ կ’զգամ ու զգացած եմ միշտ իբրեւ իմ զաւակներս, անոնց նման երկինքէն իմ խնամոցս ու սիրոյս աւանդուած էակներ, եւ վասնզի ոչ նուազ քան անոնց՝ յար ձեր բարւոյն անձնուէր ըլլալու պարտաւորութիւնն զգացած եմ մէջս։ Այս վայրկենիս ալ ձեր ամենուդ համար մի եւ նոյն իղձերով ոգեւորուած կ’զգամ իմ սիրտս, երբ զձեզ հասած կը տեսնեմ զ»դպրոցական կեանքի վախճանին, քննական փորձերու պսակը ձեր գլխուն վրայ ու երկրորդրական ուսմանց վկայականը ձեր ձեռքին մէջ, ու կը նկատեմ ու ե՞րբ չեմ նկատած զայն ձեր ապագայ կեանքի, ձեր գործնական կեանքի հարցը որ այժմէութեան առաւել քան երբեք շեշտուած ու պահանջկոտ հանգամանքով մը կը կանգնի մեր առջեւ այս պահուս։

Մէկ բառով ըսելու համար, սիրելի որդեակք, իմ բոլոր իղձերս  ո կը հաւատամ որ ձեր ամենուդ ալ ծնողաց իղձերը կը նոյնանան իմիններուն հետ-, կ’ըղձամ ու կը մաղթեմ որ մի՛շտ ու հետզհետէ աւելի՛ լեցուն լինիք կեանքով, արդեամբք ու երջանկութեամբ։ Կեանք մը տուած ենք ձեզ, կեանք մը մարմնոյ եւ հոգւոյ. (ի՜նչ մեծամիտ եւ յանդուգն խօսք ըսի. ամէն կեանքի տուողն անսպառ Աղբիւրն է գոյութեան, զօրութեան ու հանճարոյ, եւ միջոցներ ու միջնորդներ են միայն ծնողք եւ դաստիարակք. ) կը ցանկանք որ լեցուն ու աճեցուն ըլլայ այդ կեանքը, ու արդիւնալից ըլլայ, վասն զի ապրիլը գործել ու արտադրել է, եւ երջանիկ ըլլայ, վասն զի բնական է ապրողին երջանկութեան տենչալ, եւ վասն զի լաւ գործունէութեան մը՝ մեր բանականութիւնը արդար վարձքը կը համարի երջանկութիւնը։ Բայց կեանքն ու արդիւնաւորութիւնն եւ երջանկութիւնն իրենց պայմաններն ունին, որպէս զի պահեն իրենց բնական առնչութիւններն, ու իրենց փոխադարձ ազդեցութիւնքն ի գործ դնեն ու ապահովեն զիրար։ Մեր իղձերուն իրականացումն ուրեմն կեանքի կանոններ կ’ենթադրէ, եւ ինչպէս ցարդ ձեր բարի կամեցողութեան նպաստը բերիք այդ իրականացման առաջին պայմաններուն համար, որոնք բարւոք կրթութեան մը ստացման մէջ կը կայանային, նոյնպէս եւ յետ այսորիկ ձեր բարի կամեցողութեան, հիմայ աւելի՛ գիտակից, աւելի՛ լուսաւորեալ, ու տակաւ աւելի՛ զօրացած ձեր բարի կամեցղութեա՛ն ապաստան պիտի ըլլայ ձեր ապագայի մասին, որ այժմէն կ’սկսի ներկայն ըլլալ ձեզ համար մեր տածած ցանկութիւններուն կատարումը, զի անոր պահանջած կեանքի կանոններուն հետեւիլը գործն է մի առողջ, ուղիղ, լաւատենչ, բարի ու արի կամքի։ Գիտեմ որ հնարաւորութիւնը իր սահմաններն ունի, գիտեմ որ կամքէն անկախ ոյժեր կան բնութեան եւ ընկերութեան մէջ, բայց նաեւ կը հաւատանք ու հաւատացէ՛ք որ բարւոյն իրագործման մէջ ինքնին մեծ զօրութիւն մ’է բարի կամքը. - «Կամելը կրնալ է», գիտէք մեծ առածը ու եթէ լաւը ֆիզիքական ու բարոյական կարգաց մէջ իր խոչընդոտներն ունի, ունի նաեւ իր օժանդակներն անոնց մէջ։ Անոնք որք բնական սիրով մը զմեզ կը սիրեն, անոնք որք հայրական ու բարեացակամ իշխանութեամբ մը զմեզ կը վարեն, անոնք որք բարւոյն անշահախնդիր իղձովը կը վառին ու բարերարելու տենչն ունին, մարդկային համակրութեան ու համերաշխութեան զգացումները, եւ գործակցութեան ու փոխադարձ ծառայութեան պէտքերըե, մեզմէ իւրաքանչիւրին երկինքէն իբրեւ թանկագին դրամագլուխ տրուած յատուկ ձիրքեր ու տրամադրութիւններ, ու արտաքին բնութեան ծոցին մէջ ճարտարարուեստ ու աշխատասէր ձեռքերուն հրաւէր կարդացող այնքանի՜ թախուն գանձեր բարւոյն իղձը քաջալերող, յուսադրող ու զօրացնող զօրութիւններ չե՞ն միթէ. բա՛ւ է որ իւրաքանչիւր ոք ամենէն առաջ ի՛նք բարեկամն ըլլայ ինքզինքին, բարւոյն ճշմարիտ փափաքն ունենայ, ու ամէն բանէ աւելի իր ոյժերուն ու աշխատութեան ապաւինիլ գիտնայ, ին որ առաջին պայմանն է օգտուիլ կարենալու՝ տրամադրելի ամէն ուրիշպ նպաստաւոր միջոցներէ։

Ապրիլը գործլ է, ու գործելն է իրականացնել կարողութիւններ որք կարելիութեանց ձեւին տակ թախուխն կը մնան մեր մէջ։ Արիստոտելի գոյութեան տեսութիւնն է այս, գիտէք, ա՛յնքան խորին, ա՛յնքան իմաստուն։ Բաց ի կատարեալ էակէն որ չի փոփոխիր, զի նա ոչինչ ունի թերի ի մէջ՝ լրանալի կամ ուղղելի, ամէն ստեղծեալ կամ անկատար էակ նիւթ է եւ ձեւ, կարողութիւն է եւ գործ, ու կատարելութեան բնազդի մը մղման կամ ձգողութեան տակ ձեւը նոր նիւթ մը կը լինի նոր ու լաւագոյն ձեւի մը, արդիւնագործուածը նոր կարողութիւններով, կարելութիւններով յղի է որք կ’ուզեն իրագործուիլ, ի յարդ եւ ի կերպարան գալ։ Այսպէս ճշմարիտ կեանքը ձեւէ ի ձեւ վերելք մ’է, արդիւնագործումէ յարդիւնագործում յարատեւ կատարելագործում մ’է։ Այս շարժումը դէպ ի յառաջ, այս շարժումը դէպ ի վեր կը չափէ կեանքը։ Որչափ կ’առաջանայ՝ ա՛յնչափ կ’ապրի էակը, այսինքն ա՛յնչափ ապարծ է, գործած է, յատկութիւններ զօրութենէ ի գործ բերած է։ Երբ բոյսն իր ծիլերն ու բողբոջները, իր տերեւներն ու ծաղիկները, իր պտուղները հետ զհետէ չերեւցունէ ու չնորոգէ, եւ իր ցօղունն ու ճիւղերը հետզեհտէ չբարձրացնէ, չտարածէ ու չբազմապատկէ, չենք հաւատար իր կեանքին։ Երբ մարդ էակն, իբրեւ ֆիզիքական եւ բարոյական էակ, հետզեհտէ ի յայտ չբերէ իւր բնութեան գաղափարակնն ըստ կարի իրականցնող յատկանիշները, իր մէջ եղած ընդունակութիւնները ամէն օր չարդիւնացնէ, ու նոյն իսկ տակաւ կատարելագոյն կեանքի մ’արդիւնքները չպարզէ՝ մինչեւ ուր որ հնար է իրեն երթալ, չենք հաւատար՝ այդ տեսակէտով՝ անոր կենսաւորութեան, անոր կատարեալ կենդանութեան։ Բան մը կը կաղայ անոր մէջ, ու կը խանգարէ ներդաշնակութիւնը. ան չ’ապրիր լեցուն ու առ ատ կեանքով մը, ու չ’ելներ կատարելապէս դուրս նիւթի ատաղձային վիճակէ։ն հատոր մ’է քարի, ուրկէ դուրս չի գար գեղատաշ պատկերը որ անոր մէջն է։ Այսպէս երբ կ’ըղձանք որ դուք լեցուն ըլլաք կեանքով, կ’իմանանք որ դուք ձեւակերպէք ձեր վրայ ու ձեր մէջ մարդկային կեանքի բովանդակ նիւթը կամ ատաղձը որ ձեր մէջն է։ Պատանեկութիւնը, ոսկեղենիկ այդ հասակը որ ձեր մէջն է, համակ խ ոստում է, խոստում ֆիզիքական ու բարոյական լիափթիթ կեանքի, որուն ամբողջական իրացմանն համար եթէ պայմաններ կան ճակատագրային ու անկախ ձեր կամքէն, բայց միշտ նախաձեռնութեան մեծ ու կարեւոր բաժին մը թողուած է ձեր եսին։ Առողջութիւնը, հակառակ իր բնախօսական պայմաններուն որք մեքենաբար կը կատարուին մեր մէջ, գիտէք որ մեր գիտակից ու կամաւոր, ապա եւ պատասխանատու, գործունէութեան հետ լայն առնչութիւն մ’ունի։ Աննպատակ ու անհեռատես անխոհեմութիւններ, անօգուտ վատնումներ ոյժերու, յախուռն ազգուշութիւններ, ու անբարեխառն հաճոյամոլ բերումներ կրնան ընդ միշտ վտանգել զայն, կասեցնել կանոնաւոր ու գեղեցիկ զարգացումը մարմնոյն ու հասակին, եւ, մեղապարտ ընդդիմագործութեամբ մը մայր բնութեան, տարաժամ ցամքեցնել իսկ, աւա՜ղ, կեանքի աղբիւրը մի այնպիսի կազմածի մէջ զոր յօրինելու ատեն տարբեր դիտումներ ունեցած էր նա։ Առողջութիւնը, գեղեցիկ առողջութիւնը երիտասարդութեան, որ յետագայ տարիքլներուն մէջ ալ կ’ապահովէ ընդհանրապէս մարմնոյն եւ հոգւոյն առղջաւէտ ներդաշնակ գործունէութիւնը, առաքինութեան մը չափ վերագրելի պատուաբեր է անձին, վասն զի խիստ շատ նագամ արդիւնք ու վարձքն է հեռանկատ մտքի, բարեխառն գզգայնութեան եւ իմաստուն զօրեղ կամեցողութեան։ Հոս անգամ մ’ալ կ՛ուզեմ շեշտել ձեզ այն ճշմարտութիւնը որուն թերեւս ա՛յնքան ուշադրութիւն չի դարձուիր, վասն զի հակառակը միայն գրեթէ կը կրկնուի յաճախ. այն է թէ՝ եթէ ճշմարիտ է որ առողջ մարմինը առողջ մտքի մը պայմանն է, ոչ նուազ եւ թերեւս աւելի գործնական ճշմարտութիւն մ’է մանաւանդ մարդուն ինքնավար տարիքին համար թէ առո ղջ միտքն ալ առողջ մարմնոյն պայմանն է, վասն զի առողջամիտ ու լաւակամ հոգւով է որ մարդ կը տիրէ իր մարմնոյն, գիտէ խնայել անոր ուժերը ու դնել զանոնք ի սպաս բարոյական եւ ընկերական կեանքի պարտականութեանց։

Այս բարոյական եւ նըկերական կեանիքն է մանաւանդ բուն կեանքը մարդուն որ պիտի ապրի զայն իր ձիզիքական, իմացական ու զգացական ոյժերով։ Ինչ որ, իբրեւ բարոյական եւ ընկերական էակ, մեր մէջ ունինք տեսլապէս, զօրութենապէս, զայն յարդիւնս բերել, զայն իրագործել, ձեւ տալ նիւթին, ա՛յս պիտի ըլլայ մէն մի անհատի կեանքին գորը, կեանքն իսկ, ապրի՛լը անոր համար, ու ա՛յս պիտի ըլլայ կեանքով եւ արդիւնաւորութեամբ որքան ւաելի յաջողի ընելու զայդ։ Նոյնը կ’ըմբռնենք ու կը ցանկանք ձեզի համար կեանքի ու արդիւնաւորութեան լիութիւն ըսելով։ Այդ լիութիւնը իրողութիւն մը դարձնելու համար դուք նոյն իսկ նպաստաւորագոյն պայմանի մէջ կը գտնուիք, քանի որ բազմակողմանի կրթութիւնը լուսաւորած է ձեր մէջ բանը, սուրցուցած է կարողութիւնները, նրբացուցած է զգացումները, մարզած է կամքը, ապա եւ նոյնքան զօրաւոր մղում եւ ընդունակութիւն կազմուած է ձեր մէջ, որ դժուարութիւնը նուազեցնելով կ’աւելցնէ ձեր պատասխանատուութիւնը, մի եւ նոյն ատեն մեր ակնկալութեանց քաղցր երաշխիքներ ընծայելով։ Բարոյական եւ ընկերական արդիւնալի կեանքով ապրիլ, տիպար անհատականութիւններ դառնալ, գոհունակութիւն եւ զմայլում գրգռել ձեր շուրջը, եւ ձեր կեանքը կեանքի խմոր մ՛’ընել ուրիշներուն՝ ՛եզ մանաւանդ անկ է, ձեզմէ մանաւան յուսալի է, ձեզմէ՛ որ բնական տրամադրութիւններու հողին մէջ դրիք պարարտացուցիչ տարրեր, արգասաւորելի սերմունք այնքանի։ Բազմակողմանի եղաւ ձեր կրթութիւնը, բազմակողմանի թող ըլլայ ձեր զարգացումը։ Անշուշտ պիտի ընտրէք ձեզ, կամ ընտրած էք արդէն, ձեր ու պարագայից յարմարութիւններուն համեմատ, մասնագիտութիւն մը, յատուկ ասպարէզ մը, անով աւելի մասնաւորապէս ծառայելու համար մարդկային ընկերութեան եւ ստեղծելու ու ապահովելու ձեզ դիւրակեցութեան պայմանները, բայց այս չի նշանակեր թէ սահմանափակ պարտիք մնալ անոր մէջ։ Այլամերժ ուշադրութեան մը վտանգները յայտնի են ձեզ արդէն, ու անձուկ միտք մ’ու հոգի մ’ըլլալու համար չէ որ բնութիւնը ամենուն մէջ ամբողջութիւն մը դրած է կարողութիւններու՝ աստիճաններ միայն զանազանելով, անշահախնդիր ընդհանուր տենչ մը գիտնալու, հետաքրքրութիւն մը տիեզերական, ինքզինք բազմազան կարողութիւն մ’զգալուն մէջ ազնիւ հպարտութիւն մը եւ մէն մի ճաշակի գոհացման մէջ ինքնուրոյն հրապուրիչ հաճոյք մը։ Առջինները չէին ճանչեր արդի մասնական մարդը. Սոկրատ արձանագործ, բանաստեղծ ու փիլիփսոփայ էր. Կեսար՝ռազմագէտ, քաղաքագէտ, ատենաբան ու մատենագիր. յանձին Ապէլարի՝ Միջին դարու մէջ՝ կը միանային առաջին ատենաբանը, առաջին փիլիսոփայն, առաջին բանաստեղծը ու առաջին երաժիշտը իր ժամանակին. Վերածննդեան շրջանին մէջ Լէոնար տը Վինչի նկարիչ, քանդակագործ, երկրաչափ, մեքենագէտ, ճարտարապետ էր միանգամայն, ու մշակած էր նաեւ դպրութիւնները եւ հհնչեակներ գրած։ Նոյն իսկ նոր ժամանկներու մէջ չեն պակսիր երեւելի օրինակներ. Լայպնից քանակագէտ, աստուածաբան, իրաւագէտ, լեզուաբան էր. Կէօթէ միայն գերազանց բանաստեղծ մը չէր, այլ եւ գիտուն մը, գտիչ մը։ Իրաւ է թէ ծանօթութեան ւ ուսումնասիրութեան առարկայներուն տակաւ բազմապատկիլն ու բազմաճիւղիլը սահմանաւորել կը պարտաւորեն հետախոյզ ու արդիւնարար ճիգը, մանաւանդ մասնագիտութեանց տեսակէտով, եւ բանական տրամադրութիւններ զմեզ առաւել կամ նուազ յարմարագոյն ըրած կը թուին այս ու այն ճիւղերուն. բայց միշտ կարելի է բազմակողմանի զարգացումը, ու պէտք մը եըւս, մտքին լիաճոխ ու առաւել ներդաշնակ փթթմանն համար, այն փոխադարձ նպաստին համար զոր միշտ կարողութիւնք եւ տաղանդք կ’ընծայեն իրենց մէջ, եւ վերջապէս վասնզի անհատին տրամադրութեան տակ գտնուած միջոցներու շատութիւնը կեանքի պայքարին մէջ մեծագոյն յոյս մ’է յաջողութեան, գործելու եւ արտադրելու, օգտակար ըլլալու աւելի յորդ ընդունակութիւն մը։

Մտաւորականութեան ու տաղանդի տեսական ու գործնական զարգացման քով՝ բարոյական եւ ընկերական սկզբունք, զգացմունք եւ առաքինութիւնք եւս պարտին առնուլ ձեր մէջ իրենց բովանդակ կարելի զարգացումը, առանց որոց կեանքը չի կրնար առնուլ իր բոլոր լիութիւնը, ձեր գործունէութիւնը՝ իր բոլոր արգասաւորութիւնը։ Առ ի՞նչ օգուտ երբ գիտնաք, կարողանաք, կերտէք ու շահիք, բայց ձեր կեանքը բարոյապէս յարատեւ քանդում մը, մշտակայ կորուստ մ’ըլլայ։ Կ’ըսէի քիչ մը յառաջ, հոգւոյն, այն է բարոյականութեան առողջութիւնը պէտք է մարմնոյն առողջութիւնն ապահովելու համար, իսկ հոգւոյն, այն է մեր մէջ բարոյական էակին կեանքին նոյն իսկ հիմն է այն։ Բարոյապէս չշինուած կամ հիւանդ հոգին, ուր չկան կամ խանգարուած են կեանքի սկզբունքները, ուր չեն զօրացած բնատուր զարգատենչ ըղձանքը, անձնական արժանապատուութեան զգացումը, նմանեաց մէջ ազնուօրէն որոշուելու եւ յարգարժան ըլլալու փափաքը, համակրական խանդաղատանքները, վսեմ հիացումներն ու խանդալից ձգտումներն դէպ ինչ որ մեր մէջ սկզբան մեծութիւն մը կը յայտնէ ու ապագայ ճակատագրաց վեհութիւն մը կը մատնանշէ, այնպիսի հոգի մը, կ’ըսեմ, չի կրնար երեւան բերել մարդկային ճշմարիտ կեանքի մը կատարեալ գաղափարականը ու համապատշաճ գործունո»էութեան մ’արդիւնքները։ Կոշտ ինքնասիրութիւն մը միայն կը գործէ անոր մէջ, որ անհատին մէջ գեղեցիկ փթթումներուն սննդատու չէ, այլ ստորին ախորժակներուն եւ ի ւրացումներուն. յարգելեաց յարգանքին արժանանալու իղձը արգելք չի կանգնիր անոր մէջ անկումներուն ու ստորնացումներուն, ու չի խթաներ գործունէութիւնը դէպ ի արտադրումն օգտակարին։ Իր համակրութիւններն անասնական կիրք են աւելի քան բարոյական էակի գորովանք. ընտանիք ալ կազմէ, չի գիտեր ո՛չ ամուսին, ո՛չ հայր կամ մայր ըլլալ ճշմարիտ. տունին անուշիկ դրախտային հրապոյրը, ամուսնական հոգեխառն միութեան ի միասին խմուած նեկտարին սրտահեշտ քաղցրութիւնը, զաւակներուն աչքին մէջէն նայող անմեղ հոգիին խորհուրդն ու դիւթանքն անծանօթ բաներ են իրեն, ու հետեւապէս չեն ներշնչեր իրեն ո՛չ այն լիապարար զգացումը կեանքին որ օրհնել կուտայ կեանքը, եւ ո՛չ այն լիազօր կորովը կամքին որ գործելու եւ անձնուիրուելու կարողութիւնները կը բեղմնաւորէ անպայման։ Համայնքը, երկիրը ի՞նչ կրնան յուսալ այնպիսի տոգիէ մը, ուր ընկերականութեան ոգին, որով մարդ ինքզինք կենսակից մասը կը զգայ այդ ամբողջներուն, եսականութեան անկերպարան նիւթին մէջ թաղուած մնացած է անյարդ եւ անզարդ, հետեւապէս ոչ արդիւնական ձեւ զգեցած։ Անոնց կեանքովը չէ՛ լիացած իր կեանքը, անոնց բախտն ու անբախտութիւնը չեն արձագանգեր իր մէջ. իր կարողութիւնք ապարդիւն են անոնց բարւոյն համար, թէ եւ լինի տաղանդներ զարգացուցած, թէ եւ լինի հարստութիւններ բարդած։ Ո՜հ, ամէն օր չե՞նք տեսներ այդ զարգացած կամ ճոխացած անօգուտներէն, զորս չի յուզեր բնաւ հանրային կեանքով շահագրգռուելու ու անոր աջակցելու իղձը։ Իրենց կեանքն ալ, սակայն, նոյնքանով չի՞ նուազիր ու աննշան չի դառնար իր եսամոլիկ անձկութեան ու ինքնադէտ մենութեան մէջ, երբ հանրութիւնն եւս՝ անոնց անտարբեր՝ չի լայնցներ ու չի յաւերժացներ անոնց գոյութիւնն իրենին հետ։ Ո՛չ, այդ անձկութիւնն ու մենացումը ձերը չպիտի ըլլան, գիտեմ ես, դուք որոց սիրտը դպրոցական գրասեղանին վրայէն իսկ կը բաբախէր յանուն անոր որ Ժողովրդին ու Եկեղեցւոյնն ու Երկրինն էր, որ եւ ա՛յնքան յօժար էր բերելու իր լուման յօգուտ հանրային կարօտութեանց։ Ընդհակառակն, տակաւ պէտք է որ լայննայ այն՝ բացուելու համար մարդկային համապարփակ համակրութիւններու, ըստ բանի լատին Մատենագրին թէ «Մարդ եմ, եւ ինչ որ մարդկային է՝ ինձ օտար չէ»։ Առաւելագոյնը չէ՞ որ կ’ապահովէ նուազագոյնը, եւ երբ ազնիւ մարդը անասնոյն ու բոյսին կեանքին համար իսկ բաբախում մը զգայ իր մէջ, ի՞նչպէս իր նմաններուն, իր քաղաքակցին, իր դրացւոյն, իր ընտանւոյն սրը չյուզէ զինքը, չգործէ իր մէջը։

Բարոյական եւ ընկերական կեանքի այս ազնիւ սկզբունքներն ու զգացումներն իրենց անսպառ սնունդ ու զօրութիւն կը հայթայթեն բարձրագոյն սկզբան ու նազդումի մը մէջ, որ է Տեսլականին սկիզբն ու նազդը։ Ճշմարտութիւնները, բարութիւններն ու գեղեցկութիւննները, որոց հասնի մարդ իր յղացումներուն ու գործունէութեան մէջ, չեն յագեցներ զինքը. իր հոգին մտածութեան ու ճշմարտութեան աւելի լուսապայծառ ու լայնասփիւռ հորիզոնի մը, իրացեալ բարութեանց աւելի մեծ գումարի մը, գեղեցկութեան աւելի շքեղ ու կատարեալ մարմնաւորման մը կ’անձկայ, իւրովսանն հասնիլ եւ ուրիշներն հասցնել կը կամի, ց որչափ բարոյական զօրութիւնը կ’ապրի իր մէջ ու ի գործ կը ձգտի, ց որչափ նիւթ կը գտնէ իր մէջ ձեւ ու տարազ ստանալու, բացատրե»ուելու, իրականանալու։ Տեսլականին անձուկովն օժտուած է մարդը, ու անոր սաստկութեան աստիճանը՝ անոր ազնուականութեան ու զարգացման աստիճանացոյցը։ Երաշխիքն է այն մեր առաքինութեանց, մեր յառաջդիմութեանց մղիչ զօրութիւնը, մեր ճիգերուն ու զոհողութեանց քաջալերիչ ոգին, մեր վերելքներուն բաբախումն երկնասլացի՜կ թեւը։ Անով եղան ու կը լինի մեծ պաշտողները, մեծ խորհողներ, մեծ գիտունները, մեծ բանաստեղծները, մեծ արուեստագէտները, մեծ հնարողները, մեծ բարերարները, եւ ամենէն խոնարհ կարողութեանց տէր գործողն ալ դէպ ի լաւն ու լաւագոյնն անկէ՛ կը քաղէ զինք մղող զօրութիւն մը։ Անոր նուիրական կայծն ու խանդը ձեր սրտերուն մէջ ունեցէ՛ք միշտ վառ։ Տեսիլն է այն ճշմարտին, տեսիլը գեղեցկին, տեսիլը բարւոյն՝ իրենց անհասանելի կատարելութեան մէջ, եւ այդ տեսիլները գերագոյն էակի մը յայտնութիւնը չե՞ն մեր մէջ, գերագոյն էակի մը, իրականացում այդ կատարելութեան։ Անհուն Կեանքին, Զօրութեան, Սիրոյն, Լուսոյն զգացումը չե՞ն տար մեզի։ Տեսլականին պաշտամունքը գերագոյն փթթումն է հոգւոյն, գերազանցօրէն գիտակից պաշտօնը, կրօնին իսկութիւնը մեր մէջ. անոր աւիւնը մեծագոյն աղօթքն է մեր հոգիէն մշտասլաց առ Աստուած եւ մեծագոյն նշանը Անոր ներկայութեան մեր մէջ։ - Ո՜հ, այո՛, մանուկն ու մանկամիտ մարդը Աստուածայնոյն գաղափարը կը գտնեն իրենց առաջին նայուածքներուն մէջ դէպ յերկինս, ու խոհուն մարդը «կրօնազգած է, ինչպէս կ’ըսէ Ռընան, այն վայրկենին ուր անհունին իմացումը (ծնած) կը գերազանցէ իր մէջ մտահաճութիւնը կամ կիրքը»։ - Այպէս ձեր զարգացումը իր վերելքին մէջ կը յանգի Աստուածայնոյն խորհրդածուած Հաւատքին, որ միայն կը մեկնէ անհունութիւնը որ կը շողայ մեր գլխոց վերեւ, տեսլականը որ կը ճառագայթէ մեր հոգիներուն մէջ, բացարձակութիւնը որ մտքին սկզբունքներուն եւ խղճին հրամաններուն խորն է, հակառակ սկեպտիկներու, նիւթապաշտներու, դրականներու քանդիչ ժխտումներուն, որ պէտք է «մակերեւութային մտաց» նշանն ըլլան, ըստ Ռընանի որ կ’ըսէ, «Մակերեւութային միտքը, որ չի տեսներ կեանքի աստուածային իմաստը, չէ՞ միթէ գերազանց անաստուածը»։

Անշուշտ այդ Հաւատքը, պահանջը մեր բանականութեան եւ մեր հոգեկան ու բարոյական ամէն տեսլախանդ ձգտումներուն, պիտի կազմէ ձեր կեանքի իմաստասիրութիւնը, իբրեւ արգելիչ թումբ մը ընդդէմ ուրացամիտ հակասումներու, եւ պիտի զօրացնէ ձեր մէջ զգացումը թէ մարդուն վաղանցիկ կեանքը անվերջ գոյութեան ու դեդեւկոտ կամքը բացարձակ կամքին հետ կապուած է, եւ թէ ազատակամ դեր մը նշանակուած է իրեն՝ բարւոյն իրացման ու տիեզերական կարգին մասնակցութեան մէջ, որ կարող է բացարձակ անկորնչելի արժանիք մը ստեղծել իրեն եւ իր կեանքին։ Նա՛ է բարոյականութեան զօրաւոր խարիսխը. խորախորհուրդ մտքով ըսած է Զուիցերացի իմաստասէր մը, Սըքռէդան, «Աստուծոյ հաւատալ Պարտքին հաւատալ է»։ Այդ հաւատքը Գիտութեան մեծ քոյրը պիտի ըլլայ ձեր մէջ, ու անսպա՜ռ պիտի պահէ Սէրը, Յոյսը եւ Աշխատութիւնը, կեանքի այդ մեծ ազդակները, որոնց պէտք ունիք, Տեսլականի առաջնորդութեան տակ, հետամտելու համար կեանքի ազնուագոյն ձեւերը իրացնելու ձեր մէջ եւ ձեր շուրջը։

Կը մաղթեմ, ո՛վ Որդեակք սիրեցեալք, որ իրականանայ ձեզ համար մեր սրտերուն այն իղձն ալ որով զձեզ կը ցանկանք նաեւ երջանկալից, ո՜վ դուք որոց երջանկութեանն համար ամէն ժամ իրենց կեանքը տալու պատրաստ են անոնք որ պինդ զձեզ սիրեցին ու կը սիրեն։ Բանականութիւնը սրտի այդ տեսլականը, զոր երջանկութիւն կ’անուանենք, առաքինի ու բեղուն գործունէութեան մը ծաղիկն ու վարձքը կը ճանչէ։ Զարգացեալ հոգւոյն ընդլայնումներուն, գեղեցիկ արդեանց տեսիլին ու առթած անդորրութեանց, ընտանիքի սէրերուն, մարդոց յարգանքին ու համակրութեան, բարերարուածներու երախտագիտութեան, հանդարտ խղճին պայծառութեանց մէջ երջանկութեան գումար մը կայ արդարեւ առողջ հաճոյքներու եւ վեհ գոհացումներու ձեւին տակ, որ ձեր բաժինը պիտի կրնայ ըլլալ՝ երբ ուզէք, վասն զի մեծ մասամբ ձեր կամքէն կախեախլ պիտի ըլլայ։ Իմաստուն կեանքը, բարեխառնութիւնն ու չափաւորութիւնը նաեւ պիտի կրնան նպաստել մաքուր հաճոյքներու ընդերկար ընդունակ պահելու զձեզ ու զերծ անօգուտ հետամտութեանց տագնապներէն։ Ինչ որ բախտին բաժինն է, ո՜հ, ջերմ իղձերով կը մաղթենք որ այն անոր մշտատեւ ժպիտը ըլլայ ձեր գլխոց վերեւ, մշտափայլ ճառագայթը ձեր երկինքին մէջ, մշտածոր մեղրը ձեր բաժակին մէջ, մշտածիլ ծաղիկը ձեր քայլերուն տակ, մշտալիր հովը ձեր առագաստներուն մէջ, մշտանուագ բերկրանքը ձեր հոգիներուն մէջ, ու սիրելիներու մշտանուէր սէրնու գորովը անոնց շուրջը։ Բայց դուք պիտի գիտնաք բարւոյն նայիլ աւելի քան անոր վարձքին, պարտքին նայիլ աւելի քան հաճոյքին, ձեզ յաղթել աւելի քան հարկաւորութեան, սիրոյն հաւատարիմ արցունքն ընդունիլ աւելի քան մոռացկոտ ծիծաղը, Պատուոյն հաւատարիմ զրկումը քան պատուազուրկ վայելումները, եւ յետոյ, մեծագոյն սփոփիչ, պիտի ունենաք ձեր հոգւոյն մէջ հաւատքը Աստուծոյ արդարութեան եւ ձեր իրաւունքին վրայ՝ երբ լաւ ապրեցաք։ Երթա՜յք բարեաւ։

(Բիւզանդիոն, 1903, թիւ 2080։)



[1]            Նախորդ տարիներու Հուսկ Բանք երէն երկուքը հրատարակուած են Մարդիկ եւ Իրքի մէջ, եւ տասը՝ Դաստիարակի մը խօսքերը ին մէջ։