16.
Տ.
Տ.
ՄԵԼՔԻՍԵԴԵԿ
ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ
ՄՈՒՐԱՏԵԱՆՑ
Մեր
վերնագիրը
տեսնելով
թերեւս
ոմանք
խորհին
թէ
շ
ատ
ուշ
ենք
մնացեր
խօսելու
անձի
մը
վրայ
որ,
ահա՛
չորս
ամիսներէ
ի
վեր
արդէն
ծածկուած
հողոյն
տակ,
անցելոյն
այլ
եւս
կը
վերաբերի։
Բայց
մենք
կ’ըսենք
թէ
կան
անձեր
որք
կենդանութեան
մէջ
ըլլալով
հանդերձ
չեն
արժանի
խօսքի
ու
գրի
առարկայ
ըլլալու,
մինչդեռ
դարերէ
հետէ
ապրելէ
դադրողներամէն
օր
կրնան
ընծայել
մարդոց
ուսումնասիրութեանցն
ու
խորհրդածութեանց,
վասնզի
ապրած
են
կեանք
մը
որ
բեղմնաւոր
եղած
է
անմոռանալի
վաստակներով,
եւ
վանսզի
իրենց
ապրած
կեանքէն
միշտ
կը
բղխի
կեանք
մը
մտքի
եւ
հոգւոյ
որ
կարող
է
յար
բարձր
խոհեր
եւ
զգացումներ
ներշնչել
ողջերուն
եւ
իրենց
յիշատակներովն
ալ
բարիք
գործել՝
սիրտ
եւ
իմացականութիւն
պարարելով։
Զմիւռնիոյ
հանգուցեալ
Առաջնորդը
այսպիսեաց
կարգէն
է։
Մինչդեռ
Յոնիական
քաղաքին
մէջ
կատարուած
մեռելական
հանդէսներով
ամէն
պատիւ
վերջացած
կը
համարուէր
իր
յիշատակին
համար
ու
Ամեն.
Ս.
Պատրիարք
Հօր
առաջարկը՝
Կ.
Պօլսոյ
եկեղեցեաց
մէջ
յատուկ
յիշատակութեան
տխրահանդէսի
մը
կատարման
նկատմամբ՝
ընդունելութեան
չէր
արժանանար,
ահա՛
ի
Կովկաս
կ’սկսէին
անվերջ
հոգեհանգիստներ,
պատարագներ
ու
դամբանական
բեմբախօսութիւններ,
պատուելու
համար
Եկեղեցւոյ
փառաւոր
զաւակին
անմահ
յիշատակը,
ու,
կարծես,
ամչցնելու
համար
մեր
դժուարահաճ
Սրբազնութիւնները։
Վստահ
ըլլանք,
Ապագայն,
ինչպէս
միշտ,
քան
զմեզ
արդարադատ
պիտի
լինի,
եւ
մինչե
մենք
կարծեցինք,
մի
քանի
անձնական
յուշերով
ու
կտակային
տրամադրութեանց
քննութեամբք,
մեր
վճիռը
տուած
ըլլալ,
ապագայ
քննիչներ
շ
ատ
ու
շատ
բան
պիտի
գտնեն
խօսելու
եւ
դրուատելու
անոր
մասին,
ճշդելով
տեղը
–
որ
շատ
բարձր
պէտք
է
լինի
–
զոր
իրաւունք
ունի
գրաւելու
ժողովրդեան
յիշողութեան
մէջ
իբրեւ
Հայ
եկեղեցական։
Ի
հարկէ,
սովորական
դէմք
մը
չէր
այն
որ
երեւցաւ
Հայ
Եկեղեցականութեան
հորիզոնին
վրայ
Մելքիսեդեկ
Մուրատեանց
անունին
տակ
եւ
անհետացաւ
մահաստուեր
ամպոց
կոյտին
ետեւ։
Քննադատներ
ունինք
որք
գովեստի
մէջ
նուաստանալ
կը
կարծեն,
ու
կը
խորհին
թէ
ա՛յնքան
մեծ
է
քննադատին
փառքը
որքան
ի
ստոր
կ’իջեցնէ
իւր
քննութեան
առարկա։ն
Այսպէս
ընողներ
եղան
Մելքիսեդեկ
Մուրատեանցի
մասին։
Խոնարհ
ու
պարկեշտ
ուգոյն
մէջ
հպարտութեան
ամբարտակ
մը
տեսան,
եւ
կեղակարծ
կամ
ստոյգ
կտակի
մը
ընտանեսիրական
տրամադրութեանց
մէջ
եկեղեցւոյ
ու
տոհմի
շահերուն
անտարբեր
եսական
ոգի
մը
նշմարեցին։
Եւ
կան
որ
հաճոյք
մը
կ’զգան
արժանիքը
ուրացուած
տեսնելով,
իբր
այն
թէ
կարկառուն
դէմքեր
հարթէին
ուրիշները,
եւ
կամ
թէ
ընդհանուր
տափակութիւն
մը
հարկաւոր
ըլլալ
ինքնասէր
եսերու
արտակարկառմանն
համար։
Յայտնապէս
անիրաւեցան
ոմանք
ամենապայծառ
չքնաղ
արժանաւորութեան
մը
հանդէպ։
Անպատճառ
Ազգին
դրամական
մեծ
գումար
մը
կտակելու
պարտականութիւնը,
իբր
պայման
մեծ
եկեղեցական
մ’եղած
ըլլալու,
ազդու
խօսքերով
մերժեցին
արդէն
ուրիշներ։
Մերժելի
է
նաեւ
այն
մի
ուրիշ
կարծեցեալ
պայմանն
ալ
որու
համեմատ
անպատճառ
հարկ
ըլլայ
եկեղեցականին
տեղէ
տեղ,
գաւառէ
գաւառ
թափառական
ընթացած
ըլլալ՝
արժանի
ըլլալու
համար
Ազգին
երախտագիտութեան։
Ազգին
ու
Եկեղեցւոյն
ծառայելու
այլազան
եղանակներ
կան,
որք
կը
փոփոխին
անձնական
կարողութեանց
ու
տրամադրութեանց
համեմատ։
Մին
կը
ծառայէ
մշտաշարժ
գործունէութեամբ,
մի
ուրիշն
աթոռանիստ
ետեղակալ
աշ
խատութեամբ,
երբ,
զոր
օրինակ,
կը
հեղինակէ
գրուածներ
որք
պիտի
կրնան
յաւէտ
ներգործել
սրտերու
եւ
մտքերու
վրայ։
Ինչո՞ւ
պահանջել
որ
ամէնքն
նոյն
տարազն
ունեցած
ըլլան
օգտաւէտ
գործունէութեան,
եւ
ինչո՞ւ
չկարենանք
կամ
չուզենք
իւրաքանչիւր
անհատի
գործնո
ւ
արժանիքը
դատել
ըստ
ինքեան,
իրեն
յատուկ
ձեւին
մէջ։
Չքնաղ
արժանիք
մ’է
ինքնին,
երբ
մէկը
գիւղի
մը
մէջ
աշխարհ
կու
գայ,
քաղաքի
մը
Ուսումնարանին
մէջ
նշանակելի
փայլուն
աշակերտ
կը
դառնայ,
իր
վրայ
կը
հրաւիրէ
Աշտարակեցւոյ
նման
մեծանուն
կաղոիկոսի
մը
համակրանքն,
տակաւին
յոյժ
անտիական՝
կը
հրաւիրուի
անկէ
յատենի
եկեղեցւոյ
քարոզելու
անոր
ներկայութեան,
ուսուցիչ
եւ
տեսուչ
կը
դառնայ
այն
վարժարանին
մէջ
ուր
ուսաւ
իբրեւ
պանդուխտ
ուսանող,
յետոյ
իր
միջավայրը
կը
փոխէ
հանրօգուտ
գ
ործունէութեան
յարմարագոյն
դաշտի
մ’ի
խնդիր,
կը
վարէ
Ս.
Երուսաղեմայ
Ժառանգաւորաց
դպրոցը
որ
իր
ճգանց
ու
քրտնաջան
տքնութեանց
շնորհիւ
կ’արրտադրէ
իրեն
ամէնէն
շատ
պատիւ
բերող
պտուղներէն
մի
քանին,
կը
մատենագրէ
գրական-կրօնական
ընտիր
երկեր,
կարեւոր
գաւառի
առաջնորդ
ընտրուած՝
տասնեակ
տարիներով
կը
վարէ
անոր
եկեղեցական
ու
կրթական
գործերը,
իր
մղիչ
ազդեցութեամբ
նորոգել,
շինել,
հիմնել
տալով
կրթական
ու
բարեգործական
հաստատութիւնները,
եւ
վերջապէս
լոկ
իր
եզական
արժանիքին
համար,
եկեղեցւոյ
ամենաբարձր
Աթոռին
կը
կոչուի
Ազգին
միահամուռ
քուէներով,
եւ
թէեւ
չի
վարեր
այդ
պաշտօնը
իր
կամքէն
անկախ
պատջառներով,
բայց
մինչեւ
վերջին
վայրկեանը
իր
կեանքին
կը
շնչէ,
կը
խորհի,
կը
խօսի,
կը
գրէ
իր
Եկեղեցւոյն
եւ
Հօտին
օգտին
համար,
եւ
հուսկ
ուրեմն
կ’արժանանայ
թաղուիլ
եկեղեցւոյ
գրկին
մէջ
անվիճելի
իրաւունքով.
ահա՛
կեանք
մը
որուն
պատմութիւնը
միայն
իր
գովեստն
է,
իբրեւ
գեղահիւս
վսեմ
քերթուած
մթ,
համակ
ծառայութիւններով
ու
պատիւներով
հիւսուած
կեանք
մը։
Յաճախ
ո՜րքան
դժուարին
է
ճանչնալ
մարդուն
հոգին։
Մօտէն
գիտակ
այդ
հոգւոյն,
կրնամ
վկայութիւն
տալ
թէ
ո՜րքան
սիրող
էր
պարզութեան,
զանխուլ
ու
անսեթեւեթ
կեանքի,
հեռու
հպարտութենէ
ու
սնափառ
պերճասիրութենէ.
եւ
սակայն
այն
դառնութիւնը
զոր
ունեցաւ
ծանօթ
կաթողիկոսական
խնդրոյն
մէջ՝
վերագրուեցաւ
կաթո»իկոսական
փառքէ
զրկման
անձնասիրական
վիրաւորման,
սրտաբեկութեան։
Ա՜հ,
պէտք
էր
ճանչնալ
անոր
հոգին
ու
տեսնել
թէ,
իբրեւ
հայ
եկեղեցականի
հոգի,
ո՜րքան
խորունկ
էր
իր
վիշտը
իրաւազիրկ
եւ
անշքացածա
Եկեղեցւոյն
հանդէպ։
Է՜հ,
տխրելու,
իր
հոգւոյն
մէջ
դառնանալու
իրաւո՞ւնքն
ալ
զլացուած
էր
անոր,
որ
«քէն
ընել»
տղայական
բառերով
կ’որակենք
իր
մեծ
տրտմութիւնը։
Այդ
տխրութիւնը
ունենալու
եւ
գրչով
ալ
արտայայտելու
համար
ո՜րքան
արիութիւն
պէտք
էր
ունենալ
հոգւոյն
մէջ։
Ու
Մելքիսեդեկ
արիութեան
համար
ծնած
մարդ
էր.
հսկայի
կազմն
ու
սիրտն
ունէր
նա
իր
մէջ։
Անձնական
զրկումի
մը
ազդած
զայրո՞յթն
էր
իր
ցաւը.
ի՜նչ
փոքրիկ
չափով
կը
յաւակնինք
չափել
մեծ
մարդն
ու
իր
մեծ
զգացումները։
Չ’արժեր
խօսիլ
այն
ճղճիմութիւններուն
վրայ
որովք
կարծեցին
խծբծել
իր
բարոյական
տրամադրութիւններ
իր
կտակին
առթիւ։
Բովանդակ
կեանքին
մէջ
առանց
հաշուելու
տուող
մարդորւ
մը,
որ
եւ
բազմաթիւ
ուսանողներ
պաշտպանած
էր
իր
ծախքով,
անձուկ
շահասիրութիւններ
վերագրեցին,
ինչպէս
իր
մարմնոյն
տկարութիւններէն
յառաջացած
հանգստի
բնական
ձգտումը
անձնդիւր
հեշտախնդրութիւն
մեկնուեցաւ։
Ա՜հ,
մեր
բարեհաճ
ներողամտութեան
արժանանալու
համար
կատարեալ
իտէա՜լ
մը
պարտէր
ըլլալ,
իրացեալ
իտէալ
մը,
եւ
մենք
ենք
որ
կը
պահանջենք
զայդ,
աննկատ
մեր
թերութեանց,
մեր
այնքանի
փոքրկութեանց։
Ճանչցանք
զինքը,
մի
քանի
բարեկամներ,
ընտանեկան
ու
դպրոցական
շրջանակի
մէջ։
Յայտնի
էր
որ
ընտանեկան
կեանքը
շատ
կը
յարգէր
ու
կը
սիրէր.
սիրելու
համար
ստեղծուած
սիրտ
մ’ունէր,
ապարկեշտ
ու
լուրջ
սիրով
սիրելու,
մաքուր
եւ
սուրբ
սիրով
սիերլու,
եւ
եթէ
ստոյգ
է
մայրապետացեալ
կոյսին
պատմութիւնը
որ
օր
մ’անոր
հարսնանալու
երազն
ունեցաւ
ու
մերժուեցաւ
անկէ,
վասնզի
նախամեծար
ընտրեց
նա
նուիրուիլ
իր
Եկեղեցւոյ
սիրոյն,
-
այս
պարագայ,
զոհին
մեծութեամբն
զոր
ըրած
է,
ցոյց
կուտայ
թէ
ո՜րչափ
բուռն
եղած
է
Գարեգին
Մուրատեանցի
սրտին
մէջ
Հաւատոյ
ու
Եկեղեցւոյ
սէրը
մինչեւ
յաղթել
ընտանեկան,
ամուսնական
կեանքի
սիրոյն
որ
ա՛յնքան
զօրաւոր
էր
իւր
մէջ։
Նոյնպէս
էր
նաեւ
ուսուցանելու
տենչը
իրեն
համար։
Ջերմեռանդ
ուսուցիչ
եղած
էր
իր
ծննդավայրին
մէջ
հայ
լեզուի.
Երուսաղեմի
Ժառանգաւորաց
վարժարանը
անմոռաց
թուական
մ’ունեցաւ
իրմով.
յետոյ
ի
Պլիս
ալ
կրօնագիտութիւն
դասախօսեց
նոյն
վառ
սրտով։
«Իմ
կենաց
տարիներուս,
կը
գրէր
ինձ
Պէրպէրեան
վարժարանի
յոբելեանին
առթիւ
առ
իս
ուղղած
մի
հոգելից
երկար
թղթի
մէջ,
ամենամեծ
մասը
հոլովուած
են
ուսանողական
եւ
ուսուցչական
ասպարիզին
մէջ,
ո՛չ
միայն
յաշխարհիկ
վիճակի,
այլ
եւ
ի
վարդապետութեան,
յառաջնորդութեան,
յեպիսկոպոսութեան
եւ
նոյն
իսկ
յետ
կաթողիկոսական
ընտրութեան։
Այսօր
իսկ
անպատում
ցնծութեամբ
կը
հրճուիմ,
երբ
կը
տեսնեմ
թէ
բազմաթիւ
աշակերտներէս
Տ.
Գիւտ
քահանայ
Աղանեան
ի
Կովկաս
կը
տօնէ
իր
գրագիտական
յոբելեան,
Պ.
Յարութիւն
Աբէլեանց,
Ցուրիխի
Համալսարանին
Ուսուցչապետն,
աննման
երախտագիտութեամբ
կը
յայտարարէ
ազնիւ
բժիշկ
Թիրեաքեանին
թէ
աշակերտած
է
ինձ
ի
հայագիտութեան,
եւ
սանունքս
ժառանգաւորաց
վարժարանին
Ս.
Երուսաղեմի
արդէն
ծանօթ
են
ի
Թուրքիա
ուսուցչական,
քահանայական
եւ
նոյն
իսկ
եպիսկոպոսական
պաշտօններով»։
Յիշելով
մեր
շրջանակին
մէջ
ընտանեկան
եւ
դպրոցական
հանդէսներն,
որոց
ներկայ
ըլլալ
այնքան
յուզիչ
էր
իրեն
համար,
կը
գրէ
այլուր,
նոյն
թղթին
մէջ,
գերզգայուն
մարդու
եւ
գերընտիր
բարեկամի
խանդաղատանքով.
«Սոյն
իսկ
վայրկենին,
գիրս
գրելու
մտախոհութեանս
մէջ,
կը
զարթնուն
անցելոյն
յիշատակներն,
ձեր
տօնադարձներու
եւ
դպրոցական
հանդէսներու
պատկերացումներով։
Սիրտս
կը
խռովի,
միտքս
կը
տատամսի,
աչքերս
կը
տամկանան,
եւ
կը
գոչեմ
արտասուաթոր.
Ա՜խ,
քաղցր
յիշատակներ,
ա՜խ,
անմոռանալի
օրեր,
զորս
նկարագրելու
համար
բաւական
չեն
արհեստական
ներկն
կամ
մելանն,
այլ
պէտք
է
անհրաժեշտ
երկնքի
կապուտակին
մէջ
թաթաւել
վրձինն՝
պատկերելու
համար
ինչ
որ
երկնային
է
ու
յաւիտենական»։
Այս
շեշտերը
բանաստեղծ
հոգիի
մը
շեշտերն
են,
որ
բուռն
կ’զգայ
գեղեցիկը
ու
մանաւանդ
բարոյական
գեղեցկութիւնը,
եւ
Մելքիսեդեկ
Սրբազան
էր
արդարեւ
բանաստեղծ,
երգիչ։
Իր
«Խաչ»ին
երգը
ծանօթ
է
ամենուն.
բայց
շատ
առիթներու
մէջ
կ’առնէր
քնարը
ձեռքը
ու
գողտրիկ
տաղեր
կը
հիւսէր,
մանաւանդ
ընտանեկան
կեանքի
պարագայներ
երգելու
համար,
-
մատաղ
մանուկին
գեղն
ու
շնորհը,
անմեղունակ
հոգիին
քունը
որրանին
մէջ,
մաղթանք
անոր
ապագային
համար,
եւն։
Բանաստեղծ
ու
պերճախօս,
ահա՛
իր
հրուտ
ոգւոյն
արտայայտութեան
երկու
գլխաւոր
ձեւերը։
Իր
դասագրքերուն
մէջ
ալ,
իր
պարզ
նամակներուն
մէջ
ալ
կ’երգէ
կամ
կ’որոտայ։
Ծայրէծայր
իր
Հայ.
Եկեղեցւոյ
պատմութիւնը
ջատագովութեան
խանդավառ
ճառ
մ’է
ի
պատիւ
Հայ
Եկեղեցւոյն։
Հովուական
Աստուածաբանութիւնը,
թո՛ղ
ըլլայ
նմանողութեամբ
գրուած
մը,
երգն
է
զմայլման
այն
բարերար,
խաղաղիկ
ու
խոհալից
կեանքին
զոր
կ’երեւակայէ
ճշմարիտ
քահանային
համար։
Իր
քարոզները
ժայթքում
էին
հաւատոյ
եւ
սիրոյ
եռանդի
քան
հանդարտ
ապացուցումներ
կրօնական
հաւատալեաց
ու
բարոյական
պատուէրներու։
Այսու
հանդերձ
կուռ
տրամաբանութիւնն
ալ
իր
մտքին
կարողութիւններէն
մին
էր.
միայն
թէ
բոցեռանդ
ձեւի
մը
տակ
ի
յայտ
կու
գար
իւր
խօսքին
ու
գրուածին
մէջ։
Բոլոր
աշխարհ
զմայլեցաւ
«Առ
Պապն
Պատասխանւոյն»
վրայ,
վասն
զի
լի
էր
քրիստոնէական
օծութեամբ
ու
սիրոյ
եւ
համերաշխութեան
ոգւով.
սրտին
լեզուն
էր
մանաւանդ
որ
կը
խօսէր
անոր
մէջ,
որուն
առջեւ
կրօնային
գերիշխանութեան
յաւակնոտ
փաստաբանութիւնք
շատ
վարը
կը
մնային։
Անգղիոյ
եւ
Ամերիկայի
Ամուլները,
իբրեւ
սիրոյ
ճշմարիտ
Առաքեալի
մը
Թուղթը,
հրատարակեցին
անոր
թարգմանութիւնը։
Առաքեալի
մը
սէրն
ու
հուրն
էր
իրը,
ճշմարիտ
ժառանգ
Առաքելոց
ոգւոյն։
«Առաքելական
Եկեղեցի»,
կարծեմ
թէ
ասոր
մէջ
կը
տեսնէր
Հայ.
Եկեղեցւոյն
գերեզանց
տիտղոսը,
ու
«առաքելականութիւնը»
հոմանիշ
կը
համարէր
պարզութեան,
անկեղծութեան,
հաւասարասէր
եղբայրութեան։
Ահա
ինչո՛ւ
համար
կը
զայրանար
իր
հոգին
բոլոր
անոնց
դէմ
որք
որոմ
կը
սերմանէին,
որք
խտրելու
պատճառներ
կը
փնտռէին,
որք
կրօնային
գերիշխանութեան
իրաւունքներ
կ’որոնէին,
ամենուն
ծառայելու
պարտքը
անտեսելով։
Կիլիկիոյ
եպիսկոպոսները
Հայ
Եկեղեցւոյ
Հօտին
ամբողջութեան
մէջ
պաշտօնավարելու
արտօնեալ
չտեսնելը
մեծ
վիշտ
կ’առթէր
իր
սրտին։
Իր
ներող
բնութիւնը
առիթ
ալ
եղաւ
յաչս
կարճամտաց՝
զինքն
իբր
օտարահակ
ամբաստանելու։
Երբ
քրիստոնէական
կրօնին
հիմնական
նոյնութիւնը
յարգելի
կ’ընէր
իր
առջեւ
ամէն
Քրիստոնեայ
Եկեղեցիները,
ո՜րչափ
աւելի
բոլոր
կրօնական
Հայ
Հասարակութիւններն
համակրելի
պէտք
էին
ըլլալ
իրեն,
առանց
որ
այդ
համակրութիւնը
հակառակէր
Հայ
Եկեղեցւոյն
զաւակներն
իրենց
մօր
գրկին
մէջ
անանջատ
տեսնելու
ըղձին։
Չափազանց
ճշմարիտ
քրիստոնեայ
մ’էր
ան
այսպիսի
իղձ
մը
կրօնային
աններողութեան
եւ
հեռի
պատրուակ
նկատելու
համար։
Օրհնեա՜լ
ըլլայ
իւր
յիշատակը։
(Մասիս,
1903,
Թիւ
47)