18.
ՃԱՌ
ՅՈԲԵԼԻՆԱԿԱՆ
(1901
Հոկտեմբեր
28)
Բարձրաշնորհ
Սրբազան
Հայր,
Գերապատիւ
Ս.
Հարք,
եւ
Մեծաշուք
Տեարք
եւ
Տիկնայք։
Երբ,
քսան
եւ
հինգ
ամեր
յառաջ,
Հոկտեմբեր
ամսոյ
1ին,
առաջին
դասերը
կ’սկսէին
Պէրպէրեան
վարժարանին,
կրնայի
մտքէս
անցունել
թէ
անզօր
անհատի
մը
կողմէ
հիմնարկուած
այդ
զաղփաղփուն
հաստատութիւն,
քառորդ
դարու
շրջան
մ’անընդհատ
բոլորելէ
յետոյ,
իր
գոյութեան
26
րդ
տարին
պիտի
թեւակոխէր
համակրութեան
այսպիսի
խանդավառ
ու
միահամուռ
ցոյցերու
մէջ,
ցոյցերու
որք
հայ
ժողովրդեան
ամէն
խաւերէն
բղխին,
ա՛յնքան
բարձրերէն
–
մինչեւ
հայրապետական
գահերէ
–
գան
որքան
հեռուներէն,
ա՛յնքան
եկեղեցականէն
որքան
աշխարհականէն,
ա՛յնքան
ճոխէն
որքան
համեստ
արհեստաւորէն,
ա՛յնքան
ընտանի
սանէն
որքան
այլուր
աշակերտեալէն,
ա՛յնքան
գրականէն
որքան
ռամկէն,
ալեւորներէն
որպէս
մանուկներէն։
Նոյն
իսկ
քանի
մ’ամիսներ
յառաջ
որ
քսան
եւ
հինգ
տարիներու
յարատեւութիւնն
իր
գործը
կատարած
ու
երբեմնի
անստոյգ
ապագան
իրականացած
բաւական
երկար
անցեալի
մը
փոխած
էր,
այդպիսի
հեռապատկեր
մը
իրական
ցնորք
մը
միայն
պիտի
թուէր
իմ
մտաց,
զի
այդ
յարատեւութիւն,
ինքնին
որքան
ալ
արժէք
ունենայ,
առանձին
չպիտի
արդարացնէր
զայն
յաչս
իմ։
Այդ
ցնորքը,
սակայն,
իրականութիւն
մ’է
ահա՛.
գոհութեան
բարբառք,
խնդակցութեան
արտայայտութիւնք,
օրհնութեանց
ձայներ
ու
բարեմաղթութեանց
խօսքեր
կը
հնչեն
այս
խոնարհ
յարկին
տակ.
սիրոյ
լայն
պսակ
մը
կը
բոլորի
անոր
շուրջը,
բազմախուռն
բարեկամ
հոգիներու
ըղձից
ծաղկաբուրմամբը
խնկաւէտ
մթնոլորտ
մը
կը
լնու
զայն
ու
կը
րջապատէ
զայն,
եւ
անոր
հիմնադիրը՝
յուզումէն
շուարած՝
չգիտէ
ի՛նչպէս
պատասխանել
բոլոր
այն
աջերուն
որք,
համակրանաց
նիւթական
թէ
բարոյական
ընծայներով
ծանրաբեռն,
հորիզոնին
այլազան
անկիւններէն
առ
ինքն
կը
կարկառին,
բոլոր
այն
ձայներուն
որք
սրտաբուղխ
ողջոյն
մը
կը
բերեն
իրեն՝
հեռագրի,
նամակի,
ուղերձի,
գրական
յօդուածի
կամ
քերթուածի,
բերանացի
շնորհաւորութեան
այլ
եւ
այլ
ձեւերուն
տակ։
Ու
Ազդին
պատկառելի
Հոգեւոր
Գլուխը,
որ
երկու
ամիս
յառաջ
իր
ձեռօք
ներկայացուցած
էր
այս
Հաստատութեան
վարչին
կայսերական
բարձրաշնորհ
բարեհաճ
գնահտութեան
թանկագին
շանակը,
կրօնական
հոգեյոյզ
սրբանուէր
պաշտամանց
նախագահելէ
եւ
իր
ամենէն
պանծալի
ու
պանծացուցիչ
ակադեմական
քարոզներէն
մին
այս
կրթական
տօնին
նուիրելէ
յետոյ,
կը
հաճի
գահերէց
բազմիլ
համակրանաց
ու
խրախուսանաց
հաւաստիքներ
ի
յայտ
բերող
վեհ
Ակումբի
մը,
որուն
իրենց
ներկայութեան
շուքը
կ’ընծայեն
ազգային
եկեղեցական
եւ
աշխարհական
պաշտօնական
մարմնոց,
Մամլոյն,
Ուուցչութեան
եւ
համազգի
Գրականութեան
արժանայարգ
ներկայացուցիչք,
-
շրջապատած
Յունաց
Ամեն.
Ս.
Պատրիարքին
պատգամաւորները,
-
իրենց
երիտասարդ
նորափայլ
արժանեցու
ձրից
ծաղիկներուն
զարդը՝
նախկին
Սանունք,
եւ
ժո
ղովրդական
գոհունակ
զգացումներուն
ջերմութիւն՝ը
Ծնողք
եւ
արեկամք,
ամէնքը՝
ներկայ
թէ
բացակայ
մասնակիցք
պատասխանելով
սիրախանդ
հրաւէրին
Պատրիարքական
Շրջաբերական
Կոնդակին
որ
մարմին
կուտար
ազնուազգած
նախկին
Սաներէ
յղացուած
խորհրդոյն,
որ,
Նորին
Ամենապատուութեան
գրչով
շարադրուած,
ինքնին
բարձրարժէք
գնահատում
ու
վարձք
մ’էր
անգին,
նախաքայլ
միայն,
սակայն,
յետագայ
ա՛յնքան
բարեյօժար
ջանից՝
ի
գլուիխ
փոյթեռանդն
Յանձնաժողովոյն
յոբելինի,
եւ
զոր
պպիտի
գար
պսակել
ի
վերջոյ
Նորին
Բարձրաշնորհ
Սրբազնութեան
պատուական
նուէրը
իւր
մեծադիր
լուսանկարին՝
օրհնաձիր
մակագրութեամբ
ուր
կը
հաճէր
պատուել
զմեզ
«Հայր
Զարգացելոց»
վերակոչմամբ
եւ
վարժարանիս
հիմնարկութեան
թուականը
նուիրագործել
խորհրդաւոր
տառագրութեամբ
(Ռ.
Պ.
Հ.
Զ.
=
1876)։
Կրթութեան
ու
լուսաւորութեան
խոնարհ
գործաւորի
մը
համեստ
շրջանակին
ու
համեստ
ակնկալութեանց
բաղդատմամբ
ա՛յսքան
ստուար
համեմատութիւններ
ստացող
առ
նա
եւ
առ
իւր
գործն
համակրանքի
այս
մեծ
ցոյցին
բաց
ատրութիւնը
կը
ջանամ
գտնել,
եւ
կը
գտնեմ
թէ
երբ
ժողովուրդներ
համոզում
մը,
գաղափար
մը
ուզեն
շեշտել,
զայն
կ’անձնաւորեն
անհատի
մը
վրայ
որ
կը
թուի
իրենց
իբրեւ
թանձրացումն,
իբրեւ
իրականացեալ
բացատրութիւնը
այդ
հաւատոյն,
այդ
խորհուրդոյն,
թէեւ
իրականն
այդ
գաղափարական
ըմբռնումը
լիովին
արտայայտելու
կատարելութենէն
պակասի։
Եւ
ահա՛
հայ
ժողովուրդը
խորապէս
թափանցուած
դաստիարակութեան
գործոյն
նուիրականութեան,
մեծութեան
ու
կարեւորութեան
գաղափարով,
յիս
կը
հաճի
խորհրդանշան
մը
տեսնել
այդ
գործոյն
ու
իւր
կրթասէր
խանդին
վկայութիւն
ու
գոհացում
տալու
եղանակ
մը
կ’ընէ
պատուոյ
ու
քաջալերութեան
երաշխիքները
զորս
առ
իս
շռայլել
արժան
կը
դատի։
տարօրէն
յաւակնութիւն
մը
կ’ըլլար
ինձ
անոր
հոգեբանութեան
այս
կէտն
անտեսել
ու
իմ
արժանեաց,
որ
ոչինչ
ունի
փայլուն,
վեարգրել
ամբողջութիւնն
այն
սրտազեղ
խանդավառութեան
որ
կ’արտայայտուի
Պէրպէրեան
անուան
շուրջը։
Էր
երբեմն,
մտքի
գործաւորը,,
գրքի
ու
գրչի
մարդը,
ուսուցիչը,
արհամարհուած
արգահատելի
էակ
մ’էր
յաչս
բազմաց,
ոչինչ
աւելի
բարձր,
մեծամեծաց
տուներուն
մէջ,
քան
ծառայները
որոց
հետ
կը
ճաշէր։
Տիրացու,
վաժարպետ
անունները՝
ո
րովք
կը
կոչէին
զայն՝
անարգական
տիտղոսի
հոմանիշ
էին,
կէս-ապուշ
վերացամիտ
մարդու,
քիչ
մը
վհուկ,
որ
գիրքերու
մէջ
աշխարհքը
կը
մոռնար,
բառերու
օդային
հնչիւնը
մետաղին
դրական
հնչիւնէն
նախադաս
համարելու
միամտութիւնն
ունէր,
որ
լաւ
էր
առ
առաւելն
զիրենք
զբօսցնելու
եւ
իրենց
տղոց
չարաճֆճի
քմահաճոյից
նշաւակ
ըլլալու։
Այդ
թիւր
տեսութիւնը
տակաւ
ուղղուեցաւ
Հայ
ժողովրդեան
մէջ.
գիտութեան
ու
կրթութեան
պէտքին
զգացման
աճելուն,
ինչպէս
նաեւ
ուսուցչին
ալ
այդ
պէտքին
եւ
իր
կոչման
լաւագոյնս
պատախսանելու
ջանքերուն
չափով՝
վարժապետը
այլակերպեցաւ,
բարձրացաւ
անոր
աչքին
առջեւ
ու
տակաւ
նուիրական
հանգամանք
մ’իսկ
սկսաւ
զգենուլ,
իբրեւ
աշխարհիկ
քահանայն
նոր
ժամանակներուն։
Մտքերու
մէջ
կատարուած
այս
երջանիկ
բարեշրջումը
կը
շեշտեն
դպրոցին
մէջ
ու
հրապարակին
վրայ
լուսաւորութեան
ծառայող
մարդոց
մատուցուած
սոյնօրինակ
պատիւներ,
իրենց
անձէն
աւելի
իրենց
ներկայացուցած
գաղափարին
ընծայուած
յաւէտ։
Վարժապետութի՛ւնն
է
մանաւանդ
այս
փառաւորման
առարկան։
Ի
մասնաւորի՝
Պէրպէրեան
վարժարանի
արդիւնաւորութեան
նկատմամբ
տրուած
ցնծագին
ու
շքեղ
այս
վկայութիւն,
ներուի՛
ինձ
Ազգին
խորհող
ու
առաջնորդող
դասակարգերուն
կողմէ
ինձ
Ազգին
խորհող
ու
վաւերացումը
համարել
այն
կրթական
սկզբանց
որք
անոր
Տնօրէնը
առաջնորդեցին
իր
25
ամեայ
գործունէութեան
մէջ։
Երկու
են
անոնք
էապէս։
Առաջինն
այն
է
թէ
կրթական
գործը
գերազանցապէս
բարոյկան
գործ
մ’է,
թէ
դաստիարկը
հոգիներու
յանձնառութիւն
մ’ունի
եւ
հետեւապէս
բարոյական
ծանր
պատասխանատուութիւն,
թէ
մաքուր
ու
ամուր
բարոյանով
մը
զինել
իրենց
յանձնուած
սերունդները՝
առաջին
ու
հիմնական
պարտականութիւնն
է
դաստիարակին,
եւ
թէ
կրթական
գործին
մէջ
բարձրագոյն
գերակշիռ
նպատակը
Դաստիարակութիւնն
(éducation)
է
եւ
անոր
իբրեւ
միջոց
պար
տի
ծառայել
ու
ստորադասսուիլ
Ուսումը
(instruction)։
Երկրորդ
սկզբունքը
կրթութան
բոլորմասնեայ,
ամբողջական
ըլլալն
է՝
որով
դաստիարակութիւնը
կը
լինի
միանգամայն
բարոյական,
մտաւորական,
գեղեցկագիտական
ու
ֆիզիքական,
եւ
մտաւորականը՝
բազմակողմանի՝
կ’ընդգրկէ
առանձինն
գրական
ու
գիտականը,
պատմականն
ու
իմաստասիրականը,
տեղականն
ու
արտաքինը,
սեփականն
ու
օտարը,
տեսականը
թէ
գործնականը։
Պինդ
համոզուած
այդ
սկզբանց,
գիտակից
դաստիարակի
ու
դպրոցավարի
կոչման
պահաջներուն
ու
անոր
սրբութեան
զգացմամբ
տոգորուն,
կրնամ
ինքզինքիս
վկայութիւնը
տալ
իմ
խղճիս
մէջ
–
ինչ
որ
պարկեշտութեան
պարտք
մ’է,
ոչինչ
աւելի
–
թէ
իմովանն
ջանացած
եմ
հաւատրիմ
մնալ
անոնց,
ոչ
բանի
մ’ուզած
զոհել
կամ
ստորադաս
դնել
զանոնք,
ո՛չ
մէկ
հնարաւոր
զոհողութեան
ու
ճգան
առջեւ
նահանջած՝
ապահովելու
համար
այդ
սկզկբանց
գործադրութիւնը,
գոհացում
տալու
այդ
պահանջներուն,
խօսքի
պատուէրին
քով
գործի
օրինակը
դնելու,
աննենգ
մնալու
այդ
սրբութեան։
Ինչ
որ
թերի
էր
յիս
ու
գործիս
մէջ՝
ջանացած
եմ
լնուլ,
ինչ
որ
տկար՝
զօրացանել,
ինչ
որ
թոյլ՝
պդնել,
եւ
պէտք
է
որ
խոստովանիմ
թէ
այդպիսի
ըմբռնում
մ’իմ
պաշտօնիս՝
մեծապէս
ստարած
է
անձնական
յառաջդիմութեանցս,
այնպէս
որ
կրնամ
ըսել
թէ
ես
ալ
իմ
վարժարանիս
աշակերտն
եմ
մասամբ
ու
իմ
բարոյական
եւ
իմացական
մշակումէս
շա՜տ
բան
կը
պարտիմ
անոր։
Ու
արդեանց
գեղեցկութիւնը
կը
քաջալերէր
զիս
շարունակ,
եռանդս
ու
աշխոյժս
կը
բորբոքէր
անդուլ,
կիրք
մը
’ընէր
իմ
գործս
ինծի,
դաստիարակի
խիղճս
երթալով
խստապահանջ
կը
սրէր,
մի՛շտ
աւելի
անդիմադրելի
դարձնելով
ուսուցանելու
հրապոյրը,
տակաւ
աւելի՛
բուռն՝
ուսանողաց
օգտակար
ըլլալու
տենչը,
աւելի
քաղցր
ու
ոգեւորիչ՝
կատարուած
պարտականութեան
զգացումը։
Այսպէս,
մտադիր
եղայ
միշտ
աշակերտներուս
մէջ
նա
մանաւանդ
բարոյական
մարդը
շինելու,
նկարագիրը
կազմելու,
ո՛րքան
որ
իմ
շուրջ,
դուրսը,
մտածելու
կարի
դրական
կերպ
մը,
սովորական
եղած,
թուէր
հեգնել
մեր
բարոյագիտական
ու
ղղութիւնը։
Կ’ուզէի
որ
ընթերցուածք,
թարգմանութիւնք,
արտասանութիւնք,
շարադրութիւնք
ծառայէին
ո՛չ
միայն
լեզուներուն
ար
տաքին
ձեւն
ուսնելու
կամ
իրողութեանց
ծանօթութիւններ
աւելցնելու,
այլ
նաեւ
դասարանաց
ընթացքին
մէջէն
աշակերտաց
մէջ
բարոյական
պարտականութեան
զգացումը
ու
բարոյական
գեղեցկին
ճաշակը
մշակելու
եւ
պատրաստելու
զիրենք,
բոլոր
գիտական,
գրական
եւ
իմաստասիրական
ուսմանց
աջակցութեամբն,
լաւապէս
ըմբռնելու
բարոյական
գիտութեան
խորհրդրածուած
դասերու
շարքը
որ
պիտի
սպակէր
իրենց
կրթութեան
ընցաքը։
Խորհրդածուած,
իմաստասիրուած
բարոյականի
դաս
մը,
հիմնուած
մարդուն
հոգեբանութեան
եւ
մարդկային
մտքին
ու
ընկերութեան
զարգացման
պատմութեան
վրայ,
այո՛,
անհրաժեշտ
լրացուցիչն
համարած
եմ
ես
ճշմարիտ
ու
կատարեալ
դաստիարակութեան
մը։
Մարդը
ֆիզիքական
ու
մտաւոր
ուժերու
ամբողջութիւն
մ’է.
պէտք
է
որ
այդ
ուժերուն
բարւոք
ու
բարեր
կիրառութեան
օրէնքները
գիտնայ,
եւ
բարոյականի
ամէն
պ
ատուէրք
խախուտ
են
եթէ
բանականութեան
սկզբունքներուն
հետ
համաձայնութեան
դորւած
չեն,
եւ
ա՛յնքան
մտքին
համոզումներն
որքան
այդ
համոզմանց
ներգործութեամբ
սրտին
գիտակից
ու
ուժեղ
դրդումները
չեն
եղած։
«Աշխատինք
լաւ
խորհելու,
ահա՛ւասիկ
բարոյականի
սկիզբը»
(Travaillonsà
bien
penser,
voilá
le
principe
de
la
morale),
կ’ըսէր
Բասքալ,
եւ
աստի
քանակական
ու
բնական
գիտութեանց
քով
ու
անոնց
վերեւ
կենսական
առաջնակարգ
կարեւորութիւնը
բարյական-ընկերական
գտիութեանց,
այն
է
իմաստասիրական
ուսմանց։
Վարժարանիս
Բ.
տարիէն,
ուր
մեր
առաջին
ընթացաւարտ
կարգն
ունեցանք,
սկսանք
մշակել
փիլիսոփայութիւնը
մեր
վարժարանին
մէջ,
չնայելով
մեր
տկարութեան՝
այլ
զայն
զօրացնելու
յարատեւ
հետապնդութեամբ,
ոչ
ի
զարդ
ինչ
կամ
առ
սնափառութեան,
այլ
աւագ
օգտակարութեանն
համոզմամբ,
այլ
իբրեւ
ուսում
որ
բոլոր
ուսմանց
կամարին
կապը
(clef
de
voûte)
պիտի
ըլլար,
զանոնք
ամէնքն
իրենց
գերագոյն
միութեան
վերածող
ու
գերազանց
վախճանին
կապող
իւր
անձին
ու
մարդկային
կոչման
գիտակցութիւնը
պիտի
տար
ապագայ
մարդուն,
կեանքին
պատակին
ու
հարկադրած
պարտականութիւններուն
ըմբռնումը
պիտի
պայծառացնէր
զօրացնէր
կեանքի
պայքարին
ու
ընկերականութեան
կոչուող
էակին
մէջ։
Ինչ
որ
ներքին
դէմյանդիման
տեսութեամբ
մը
կանուխէն
ըմբռնած
էի՝
այսօր
օրուան
խնդիր
մ’է
յԵւրոպա.
Ալֆրէտ
Ֆույեէ
Գաղիացի
իմաստասէրը
գիրք
մը
կը
հրատարակէ
այս
տարի,
“La
réforme
de
l’enseignement
par
la
philosophie”
(«Ուսուցման
բարենորոգումը
փիլիսոփայութեան
միջոցաւ),
ու
կ’ուզէ
որ
ո՛չ
միայն
իմաստասիրութիւնն
անհրաժեշտ
պսակն
ըլլայ
երկրորդական
ուսմանց՝
աւանդուելով
յատուկ
մասնագէտ
ուսուցչէն,
այլ
եւ
բոլոր
այլ
ճիւղերու
ուսուցիչք
փիլիսոփայական
ոգի
ու
մշակութիւն
ունեցող
մարդիկ
ըլլան,
որպէս
զի
անպիտօրէն
մանրամասնեալ
ու
ծանրաբեռնեալ
յաւակնոտ
ներկուռութեան
մը
(érudition)
մէջ
չկորսնցնեն
կարեւորն
ու
գլխաւորը,
որպէս
կարծեցեալ
ազատախոհութեամբ
մը,
այլ
յաւէտ
ըմբռնման
անձեռնհասութեամբ,
բարոյական
եւ
ընկերական
խնդրոց
վրայ
չմոլորեցնեն
ուսանողին
միտքն
ու
խիղճը,
եւ
որպէս
զի
բարձրանկատ
համերաշխութեամբ
մը
ապահովեն
դաստիարակութեան
գերագոյն
նպատակին
յաջողութիւնը,
որ
է
մարդկային
ընկերութեան
համար
առողջ
ու
ազնիւ
տարրերու
պատրաստութիւնը։
Ալֆրէտ
Ֆույեէ
համարձակութեամբ
կը
գոչէ,
«Միակ
մանկավարժութիւնը՝
փիլիսոփայութիւնն
է»,
(«La
seule
pédagogie,
c’est
la
philosophie”)։
Բարոյական-իմաստասիրական
կրթութեան
այս
սկզբունքին
քով
զուգաքայլ
գործակից
եղած
է
մեզ
նաեւ,
որպէս
սըի,
բազմակողմանի
բոլորամասնեայ
կրթութեան
սկզբունքը։
Վերջին
արդէն
մեծ
մասամբ
պայմանն
է
առաջնոյն
ու
լայն
ու
ամուր
խարիսխ
մը
կը
պ
ատրաստէ
անոր։
Օգտակարութիւնն
ամբողջութեան
մէջ
է,
վասն
զի
մասունք
զիրար
կը
լրացնեն
ու
կը
զօրացնեն
Հոգին
մշակելու
ատեն
զանց
չընել
մարմինը,
ու
այս
ո՛չ
միայն
մարմնոյն
ուղղակի
օգտին
համար,
այլ
նաեւ
հոգւոյն
որ
մեծամեծս
կը
շահի
մարմնոյն
ու
առջողութեան
ընծայուած
խնամքէն,
մարմնակրթական
մարզանքէն
ու
կազդուրիչ
զբօսանքէն.
–
Սիրտը
կրթելու
ատեն
զանց
չընել
միտքը,
ո՛չ
միայն
վասն
զի
մտքին
լուսաւորութիւնը
բանաւոր
էակին
ճշմարիտ
կարն
ու
զօրութիւնն
է,
այլ
նաեւ
վասն
զի
լաւ
խորհող
ու
լուսաւորուած
բանականութիւնն
ապահովագոյն
ընկեր
եւ
ուղեցոյց
մ’է
սրտին,
անոր
բնական
ազնիւ
ձգտումներն
ամրացնող,
անոր
մէջ
բարւոյն
գիտակցութիւնը
պայծառացնող,
կրից
անկարգ
թափին
ընդդիմագործող
ու
զգացմանց
ու
յուզից
մէջ
բարերար
հաւասարակշռութիւնն
հաստատող.
–
Մտքին
զարգացման
մէջ
չդիտել
միայն
այն
հրահանգներն
ու
ծանօթութիւնները
որք
ապրուստ
շահելու
ու
վաստկելու
խնդրոյն
մէջ
կրնան
անմիջական
ու
յայտնի
օգտակարութիւն
մ’ունենալ
ըստ
միջավայրին,
այլ
եւ
զանոնք
որք
մտքին
կարողութիւնքը
կը
սրեն
ու
կը
զարգացնեն,
անոր
լուսաւորութիւնը
կ’աճեցնեն,
անոր
հասկացողութիւնը
կը
խորցնեն,
կը
նրբացնեն
ու
կը
բարձրացնեն,
եւ
որք
ուսնիլը,
դպրոցէն
ետքն
ալ
շարունակ
ուսնիլը
սիրելի
ու
դիւրին
պիտի
ընեն
անոր,
քննասիրութեան
ոգին
մշ
տաբորբոք
ու
իմացական
հաճոյքներու
աղբիւրները
մշտաբուղխ
պիտի
պահեն
անոր
մէջ,
-
բարձրագոյն
օգտակարութեանց
օճան՝
որք
որքան
ի
սկզբան
ու
ամենուն
ո՛չ
զգալի՝
սակայն
անհատին
ապագայ
մտաւոր
արժանաւորութեան,
ինչպէս
եւ
իր
յատուկ
ասպարիզին
մէջ
արագ
ու
փայլուն
յառաջդիմութեանց
մեծագոյն
գրաւականները
պիտի
ըլլան.
–
Մարդը
պատրաստելու
ատեն
չնկատել
միջավայրին
ու
վայրկենին
մէջ
սահմանափակ
մարդը,
այլ
տարածել
անոր
եսը
միջոցին
ու
ժամանակին
մէջ,
գիտակցիլ
տալ
անոր
մարդկութեան
ընկերական,
իմացական
ու
բարոյական
կեանքին՝
իր
ամէն
մասանց
ու
երեւոյթներուն
մէջ,
ու
պատրաստել
մարդը,
լայն
համակրութեամբք,
անձուկ
եսութիւններէն
ու
մոլեռանդ
ատելութիւններէն
զերծ,
որ
տոհմին
ու
երկրին,
ժամանակակցին
ու
նորին
սիրոյն
հետ
գիտէ
հաշտեցնել
օտարին,
հեռաւորին
ու
հինին
սէրը,
որ
կ’ընդլայնէ
իր
էութիւնը,
կ’ընդարձակէ
սիրտը,
կը
մեծցնէ
միտքը.
–
Վերջապէս,
ֆիզիքական,
մտաւորական
ու
բարոյական
հրահանգաց
խառնել
գեղեցկագիտական
մարզանքն
ու
կրթութիւնն
ալ՝
գեղարուեստական
ճիւղերու
մշակմամբ,
գծագրութեամբ
եւ
երաժշտութեամբ,
ու
ի
վրե
քան
զամենայն՝
բանաստեղծութեամբ,
դնելով
տղոց
զգայցարանքն
ու
երեւակայութիւնը
գեղեցկին,
իտէականին
իրացումներուն
դիմաց,
տալով
անոնց
ըմբշխնել
զանոնք,
տոգորուիլ
անոնցմով,
մարզելով
զիրենք
նմանողութեան
ու
արտադրութեան
փորձերու,
նկարներու,
երգերու,
արտասանութեանց
ու
գրական
շարադրութեանց
մէջ,
ու
այս
ո՛չ
միայն
գեղեցկին
ուղղակի
տուած
ու
բոլոր
կեանքին
համար
վերապահած
ինքնուրոյն
քաղցրութիւններուն
համար,
այլ
եւ
այն
թանկագին
նպաստին
համար
զոր
գեղեցկին
զգացումը
կը
բերէ
բարոյական
կրթութեան։
Ահա՛
թէ
ի՛նչպէս
հասկցած
ենք
բազմակողմանի
կրթութիւնը
եւ
անոր
օգուտները,
եւ
հաւատհքով
ու
խանդով
վործադրած,
կատարելագործելով
տակաւ
մեր
ծրագիրը,
մեք
մեզէն
բազմապահանջ։
Յետ
քիչ
թէ
շատ
սկեպտիկութեան
շրջանի
մը
ուր
մեր
աւանդած
կրթութիւնը
քիչ
մը
շատ
ծանրաբեռնուած,
քիչ
մը
շատ
գաղափարական
կը
գտնէին,
հետեւաբար
ուսանողաց
ժամանակին
եւ
ոյժերուն
աւելի
կամ
նուազ
յանօգուտս
վատնիչ,
եւ
զմեզ
անձնական
հայեացքներու
ու
ճաշակրներու
անիւրակ
յամառութեամբ
կառչող
փակչող
միտք
մը,
(թէ
եւ
ոչ
նուազ
շատ
կանուխէն
Հասարակութեան
ցոյց
տուած
վստահութիւնը
բաւական
եղաւ
գոյացնելու
մեր
գործին
շարունակման
անհրաժեշտ
նիւթական
միջոցները),
ի
տես
գեղեցիկ
արդեանց,
ի
տես
սկզբունքի
ու
նկարագրի
տէր՝
գեղեցիկ
մտաւորականութեամբ
մ’օժտուած,
ազնիւ,
պարկեշտ
ու
գործունի,
առ
պետութիւնն
իւր
պարտուց
հ
աւատարիմ,
Ազգին
պատուաբեր
սերունդին,
զոր
կազմած
ըլլալ
մեծագոյն
փառքն
է
Պէրպէրեան
Վարժարանին,
անոր
աւանդած
տեսլապաշտ՝
այլ
ոչ
նուազ
եւ
գործնական
կրթութիւնը
ուղղող,
ոգեւորող
ու
բեղմնաւորող
այս
սկզբունք
տակաւ
հասարակաց
համոզումը
եղան
գրեթէ,
ու
գործչէ՛ն
աւելի
անոր
սկզբա՛նց
յարգանք
կը
մատուցուի
այսօր,
իսկապէս,
ինչ
որ
կարեւորագո՛յնն
է,
եւ
ինչ
որ
անշուշտ
բո՛ւն
շնորհաւորելին
է,
վասն
զի
ճշմարտութիւնք
անսպառօրէն
բեղմնաւոր
են,
իսկ
անհատք՝
ժամանակաւոր
միայն…։
Յանհունս
շնորհակա՜լ
իմ
Ձեզ,
Սրբազան
Տէր
եւ
Հայր,
որ
հոգեկան
զգացումներու
նուրբ
հասկացողութեամբ
մը,
Ձեզ
յատուկ,
առաջին
օրէն
տրամադրութիւն
ցոյց
տուիք
այսօրեայ
կրթական
տօնն
սկսելու
հոգեպաշտօն
եկեղեցական
արարողութեամբ
մը՝
նուիրեալ
պաշտելի
յիշատակց
ծնողացս
ու
տարաբախտ
Տիկնոջս՝
որոց
անուանք
յաւէտ
անբաժան
են
գործէս
որպէս
անունէս
ու
սրտէս։
Անհատք
եթէ
շատ
անգամ
հանրօգուտ
գաղափարաց
փոխ
կու
տան
իրենց
անունը
որ
ժողովրդոց
ձեռքին
մէջ
պատրուակ
մը
կը
լինի
անոնց
ընծայուած
մեծարանաց,
միւս
կողմէ
իրենց
վրայ
կը
գումարեն
պատիւներ
որք
իրաւամբ
շատերու
մէջ
պարտէին
բաժնուիլ։
Գործիչ
ու
արտադրիչ
անհատը
ուժերու
խտացում
մը,
ազդեցութեանց
համարդիւնք
մ’է,
եւ
իւր
գործոյցն
ու
արդեանց
մէջ
նա
կը
համադրէ
բազում
ներգործութիւններ
որք
յայլոց
կու
գան։
Պտղոյն
համար
զոր
կ’արտադրէ
ծառը
ինչե՜ր
չի
պարտիր
օդոյն
ուրկէ
կ’առնու
թթուածինը
զոր
կը
շնչէ
ու
ածխական
թթուն
ո
յր
բնածուխն
իւր
հիւսուածքին
մէջ
կը
տարրացնէ,
եւ
հողոյն՝
ուրկէ
զինք
սնուցանող
աղերը
կը
քաղէ։
Որդին
իր
հօրն
ու
մօր
կը
պարտի
յաճախ
լաւագոյնը
իւր
էութեան՝
ֆիզիքական
ու
բարոյական
փոխանցուած
յատկութիւններով,
զի
շատ
անգամ
ինչ
որ
ժառանգական
ձրի
շնորհ
մ’է
զաւկին՝
հօր
կամ
մօր
քով
կամքով
ու
ճգամբ
ստացուած
կարողութիւն
մը
կամ
առաքինութիւն
մ’եղած
է,
ինչ
որ
բո՛ւն
արժանիքը
կը
կազմէ՝
որ
կամաւոր
ճիգերով
գոյացուցուած
արդիւնքին
մէջ
կը
կայանայ
իսկապէս։
Արդարութեան
հարկ
մը
հատուցիք,
փիլիսոփայութիւնը
խառնելով
կրօնքինհետ,
Բարձրաշնորհ
Սրբազան
Տէր,
օրհնելով
յիշատակը
հոգելոյս
ծնողացս
եւ
հրճուեցնելով
իրենց
հոգիները՝
իրենց
զաւկին
գործունէութեան
յիշատակութեանն
առթիւ
Ձեր
նուիրական
մաղթանաց
առարկայն
ընելով
զիրենք։
Իսկ
թէ
Երկինք
ուզէր
որ
կենդանի
ըլլար
ու
ներկայ
այս
հանդիսին
այն
հերաշտկը
զոր
կենակից
ու
գործակից
ա»տուաւ
ինձ,
իրե՛ն
իրաւամբ
պիտի
վերընծայէի
–
այժմ
սեւ
ու
փշոտ
հողակոյտին
միայն
զարդ
–
այս
ծաղկունքն
ու
դափնիներ,
զի
ա՛ն
իմ
հոգեկիցս,
իմ
լաւագոյն
բարեկամս
ու
հզօրագոյն
աջակիցս
էր,
զի
ա՛ն
էր
որ
ա՛յնքան
տարիներ
իր
անձնուէր
սիրոյն
խաղաղիչ,
սփոփիչ,
սրտապնդիչ,
աստուածային
ժպիտը
շողացուց
ճակտիս
վերեւ՝
իբրեւ
մռայլ
դժուարուտներու
վերեւ
աստղի
մը
յուսաթրթիռ
կենսատու
շողը,
զի
ա՛ն
էր
որիր
գորովագութ
անձնուէր
սրտով,
իր
ազնուախոհ
վեհ
հոգիով
զօրաւիգ
էր
ինձ՝
իբրեւ
մայր
չքնաղ
մեր
սանուց
բարոյական
ու
ֆիզիքական
խնամածութեանն
համար,
զի
անոր
կնոջական
պահպանող
ոգին
օգնութեան
կը
հասնէր
ինձ
երբ
կը
դեդեւէր
կորովս
ու
կը
խոնարհէր,
երբ
հեռուին
տեսիլը
կ’աղօտանար,
եւ
իր
աջով
քանի՜ցս
բռնած
է
զիս
անկումի
եզրը,
ա՛ն,
խոհերուս
ներշնչող
Մուսայն,
հոգւոյս
վրայ
մշտանորոգ
առուգութիւնը
թափող
ոգին,
արեւը
օրերուս։
Աւա՜ղ,
պէտք
է
որ
այսուհետեւ
մինակ
քալեմ
պարտաւորութեան
ճգնալից
ճամբան,
մերկ
այն
ծաղիկներէն
զոր
նա,
քայլիցս
ընկեր
ու
նեցուկ,
կը
ցանէր
անոր
վրայ,
աշխատիմ
անսփոփ
ու
տառապագին,
ու
քրտինքներուս
հետ
արցունքներս
ալ
խառնե»ուին։
Կարի
դժնդակ
չէ՞
փորձը,
ո՜վ
Տէր…։
Ի՜նչպէս
չյիշել
եւ
զձեզ
ու
մեծ
բաժինը
երախտագիտութեան
ձեր
արդեանց
ու
առ
ձեր
յիշատակն
պատկառոտ
յարգանաց՝
կրթութեան
գործին
ի
պատիւ
այս
տօնին
մէջ,
ո՛վ
դուք
որ
այս
վայրկենիս
երկինքէն
կը
դիտէք
ձեր
սանը
զոր
ա՛յնքան
սիրեցիք
եւ
որու
մտաց
ու
սրտին
առաջին
մշակներն
եղաք
եւ
որ
կչուեցաք
Ներսէ
Վարժապետեան,
Թորոս
Զօրայեան,
Դաւիթ
ԿԷօնճեան,
Սիմոն
Միքայէլեան,
եւ
դո՛ւ
եւս,
խորախոր
հմտութեամբդ
ու
հզօր
իմացականութեամբդ
աւագ
այր
ու
ճշմարիտ
վարդապետ-փիլիսոփայարդարեւ,
ո՛վ
դուն
որ՝
Սահակին
ու
Եզնիկին
նախանձորդ՝
նոցա
ոսկեայ
բարբառոյն
առաջին
ճաշակը
մեզ
տուիր
ու
կիրքը
մեզ
ածանցեցիր
որ
ա՛լ
չպիտի
մարէր
մեր
մէջ,
եւ
որ
այսօր
մտաւոր
ճոխափայլ
լոյսիդ
աղօտացած
ու
տարտամ
նշոյլներովը
միայն,
աւա՜ղ,
կը
նայիս
մարդոց,
ո՜վ
մեծդ
Գարագաշեան
ո՜վ
իմ
բոլոր
Ուսուցիչներս,
մտքիս
դայեակները,
նկարագրիս
նախամարզիչները,
մտաւորականութեանս
ծնողները,
ընդունեցէ՛ք,
իբրեւ
մեծ
հայրեր
Սանուցս՝
եր
թոռներուն
սիրոյն
հաւաստեաց
մէջ,
որպէս
եւ
ամենուն,
ձեր
բաժինը
որ
մեծ
է։
Վարժարան
մը,
մանաւանդ,
բազմայօդ
մեքենականութիւն
մ’է,
բազմամասն
գործարանաւորութիւն
մը,
ուր
մէկէ
աւելի
անիւներու,
գործարաններու
գործողութեանց
ու
յատուկ
դերերուն
զուգորդութիւնն
ու
փոխադարձ
աջակցութիւնն
հարկաւոր
են
որպէս
զի
գործն
իր
արդիւնքն
իրացնէ
ու
ծառայէ
իւր
վախճանին։
Հարկ
է
ըսել
թէ
Պէրպէրեան
Վարժարանի
վարիչը
միշտ
խնամով
ընտրուած
ձեռնհաս
անդամներէ
բաղկացեալ
ընտիր
Ուսուցչական
Մարմիններէ
շրջապատուեցաւ,
որք
իրենց
արդիւնաւոր
աշխատութիւնքը
զուգորդեցին
իրեններուն
եւ
նպաստեցին
կազմելու
համերաշխ
տարրերէ
բաղկացած
բազմաճոխ
ու
բազմապիսի
այն
ըրթութիւնը
որ
այս
վարժարանինը
եղաւ,
եւ
անոր
արտադրած
տարեկան
գեղեցիկ
հունձքերուն
մէջ
իրենց
քրտանց
ու
վաստակոց
մասն
ունեցան։
Քսան
եւ
հինգ
դպրոցական
ամերու
երկար
շրջանին
մէջ
100է
աւելի
ուսուցիչներ,
հայ,
թուրք,
յոյն,
ֆրանսացի,
զուիցերացի,
անգլիացի,
գերման,
մասն
կազմած
են
վարժարանիս
ուսուցչական
Մարմիններուն,
եւ
եղան
ու
կան
անոնց
մէջ
որք
երկարամեայ
աշխատակցութիւն
մ’ունեցան
կամ
դեռ
ունին
մեզ
հետ,
որպէս
Տեարք
Զաքարեան,
Մուրատեան,
Առանձար,
Լէսքան,
Մաթէ,
Չօլաքիտիս,
Տքդ.
Սեղբոսեան,
Կռճիկ,
Աբրիկեան,
Ասքանազ,
Սեթեան,
Կարապետեան,
Նիկողոսեան,
Թաշճեան,
Խօրասանճեան,
Սրապեան,
Թահթաճեան,
Պօյաճեան,
Պէրպէրեան,
Թագւորեան,
Անդրէասեան,
եւ
այլք.
–
ի
սոցանէ
իւրաքանչիւրն
կարեւոր
ատաղձ
մը
բերած
է
շէնքին
ամբողջութեան,
ապա
եւ
այդ
ամբողջին
գնահատումը
կը
վերլուծուի
ատաղձներուն
գնահատմանց։
Բայց,
Բարձրաշնորհ
Ս.
Տէր,
Գերաշնորհ
Ս.
Հարք,
Տեարք
եւ
Տիկնայք,
երբ
կը
մեկնեմ
այսպէս
խորհուրդն
այս
հանդիսի
ու
անձին
տակ՝
տկար
ու
վաղանցուկ՝
գաղափարը
ցոյց
կուտամ,
մի՛շտ
զօրութիւն
եւ
մի՛շտ
կեանք,
ու
աբրդ
էութեան
մը
տարրերուն
մէջ
կը
բաժնեմ
ծաղիկները
պատուոյ
լայն
պսակին՝
կարի
ծանր
անհատական
համեստ
ճակտին
համար,
այսու
կը
նուազեցնե՞մ
երախտագիտութեան
պարտուցս
մեծութիւնը
որով
սրտիս
մինչ
խորը
տոգորեալ
եւ
զգածեալ
կ’զգամ
ինքզինքս
այսօր
որ
ինձ
կը
տրուի
վայելել
Սանուցս
անհուն
սիրոյն
եւ
Ազգիս
ներոյժ
գուրգուրանքին
շքեղ
ու
անմոռանալի
արտայայտութիւնքը,
ի՛նչպէս
ալ
վերլուծուին
անոնք
իրենց
գաղափարային
իկսութեան
մէջ։
Պատիւը
ընել
անհատին
զայն
բացատրութիւնն
ընելու
մի
կենսաւէտ
գաղափարի,
անոր
մէջ
տեսնել
մէկէ
աւելի
ճառագայթներու
վառարանը,
այս
իսկ
չէ՞
մեծագոյն
պատիւը
զոր
անհատի
մ’ընծայէ
համայնքը։
Միշտ
ժո
ղովուրդները
իրենց
սիրածներուն
մջէ
իրենք
իրենց
վրայ
կ’զմայլին,
իրենց
ցեղին
ոգւոյն
կը
յառին
եւ
իրենց
վայելքին
կամ
վերելքին
առարկայ
կամ
պատճառ
բարւոյն
է
որ
պարտական
կ’զգան
զիրենք։
Մեծ
անձնասէրներն
են
անոնք,
բայց
եւ
իրենց
անձնասիրութիւնը,
միակ
օրինաւորն
ու
վսեմն
անձնասիրութեանց,
կը
մատնանշէ
անհատին՝
բարին
որուն
իբրեւ
անդամ
մ’ամբողջին,
հետապնդել
պարտի
ան
անձնական
զոհողութիւններով,
հանրային
եսութիւնը
դնելով
որ
գեղեցիկ
է՝
անհատական
եսութեան
տեղ
որ
տգեղ
ու
պժգալի
է։
Համայնքի
եսին
այդ
անդրադարձումներէն
համարուիլ՝
առ
որ
իր
պաշտելի
եսամոլութեամբը
դառնայ
այն,
այս
իսկ
չէ՞
մեծագոյն
հանրային
պատիւը,
եւ
այսպիսի
պատիւ
մ’է
որուն
իր
տեսլականի
աւիւնին
մէջ,
թերութեանց
անուշադիր,
կ՛արժանացնէ
այսօր
Ազգը
իր
բարւոյն
խոնարհ
սպասարկուներէն
մին։
Երախտագիտական
զգացումներու
ամենախոնարհ
ձօնս՝
իբրեւ
դաստիարակութեան
գործիչ
զաւակը
Երկրին՝
նախ
առաջին
կը
համարձակիմ
բարձրացնել
յոտս
կայսրեական
Գահոյից
Օսմանեան
Պետութեան,
որու
բարձրէն
սփռուած
պահապան
մեծաշուք
հովանւոյն
ու
կրթասէր
պաշտպանութեան
տակ
կ’ապրին,
կը
բազմանան
ու
կը
զարգանան՝
բացի
պետական
բազմաթիւ
ուսումնարաններէն՝
դպրոցներ
զանազան
հպատակ
եւ
օտար
ազգաց
եւ
հասարակութեանց,
ինչպէս
ծնունդ
առաւ,
ապրեցաւ
ու
բարգաւաճեցաւ՝
ի
մէջ
այլոց՝
Պէրպէրեան
Վարժարանն,
իւր
կրթիչ
ու
բարոյացուցիչ
նպատակին
բոլորական
անձնուիրութեամբ,
գերազանց
շնորհքը
վայելելով
նաեւ,
Նորին
Վեհափառութիւն
Օգոստափառ
Սուլթանէն
առ
Հիմնադիր-Տնօրէնն
պարգեւուած
պատուանշանով
պատուեալ,
արժանանալու
վեհապետական
թանկագին
գնահատութեան։
Շնորհապարտութեան
զգացմանցս
ջերմ
հաւաստին
կը
նուիրեմ
խոնարհաբար
Ամենապատիւ
Ս.
Պատրիարք
Հօր,
որ
ա՛յնքան
անկեղծ
ու
որդեսէր
համակրանօք
գրկեց,
հովանաւորեց
ու
եռանդագին
գործակցութեամբ
մարմնաւորեց
այս
տարեդարձական
ձեռնարկին
գաղափարը,
եւ,
իր
գրովն
ու
խօսքովք
ու
գործով
ու
նուէրով,
ա՛յնքան
անմոռանալի
ապացոյցներ
տուաւ
իր
թանկագին
համարմանն
ու
բարեկամական
վերաբերմանն
առ
իս
եւ
առ
հաստատութիւնս
մասնաւորապէս
եւ
առ
կրթական
գործն
ընդհանրապէս։
-
Շնորհակալութի՜ւն
սրտագին
առ
Պատկառելի
Վարչութիւնն
ազգային,
որ
տոհմային
շրջանակի
մէջ
վաւերեց
ու
արտօնեց
մեր
Սաներու
նախաձեռնութեամբ
եւ
Ս.
Պատրիարք
Հօր
միջոցաւ
ներկայացուած
խորհուրդը
յօբելինական
յիշատակութեան,
ու
այսպէս
պաշտօնական
գնհատման
բացառիկ
պատուոյն
ու
վարձքին
զմեզ
արժանաւորեց։
Անհուն
շնորհակալի՜ք
ու
որդիական
երախտագիտութիւն
յաւէրժ
Եկեղեցւոյ
վեհագոյն
աթոռներուն
արժանացած
կրօնական
այն
ամենաբարձր
Անձնաւորութիւններուն,
որք
Սիօնէն
ու
Զմիւռնիայէն
իրենց
սրտաբուղխ
հայրական
օրհնութիւններն
ու
նուէրները
մեզ
յղեցին,
Ս.
Գրիգոր
Լուսաւորչէն
մինչեւ
Ներսիսեանքն
ամէն
հարց
անունովն
զմեզ
ողջունելով,
ինչպէս
սրտազեղ
գեղեցիկ
խանդով
կը
գրէր
Ամեն.
Տ.
Մելքիսեդեկ
Սրբազան։
Շնորհակալութիւն
Չամչեան
Տ.
Բարթուղիմէոս,
Դիմաքսեան
Տ.
Հմայեակ,
Երէցեան
Տ.
Գէորգ
եւ
Պալեան
Տ.
Տրդատ
Սրբազան
Եպիսկոպոսաց,
որպէս
եւ
Կարնոյ
առաջնորդական
Տեղապահ
Տ.
Զաւէն
Ծ.
Վ.
ին,
Շապին-Գարահիսարի
առաջնորդ
Տ.
Սմբատ
Ծ.
Վ.
ին,
Տ.
Յովհաննէս
Մկրեան
Աւագ
քահանային,
Բարիզի
Հայոց
հոգեւոր
հովիւ
Տ.
Վռամշապուհ
քահանային
եւ
այլոց
հոգեւորականց,
եւ
ի
մասնաւորի՝
Արմաշու
Դպրեվանուց
վերատեսուչ
եւ
ուսուցչապետ
Տ.
Եղիշէ
Եպ.
Դուրեանի
եւ
ձեռնասուն
վարդապետաց
ու
նոցին
ներկայացուցիչ
Գեր.
Տ.
Բաբգէն
վարդապետի,
որոց
ամենուն
շնորհաւորական
ջերմ
մաղթանքն
եւ
նուիրաբերութիւնք,
յաւելնալով
առաջիններուն,
մեր
արժանաւոր
հոգեւորականութեան
թանկագին
համակրանաց
վայլեման
զգացումը
կ’ամբողջացնեն
մեր
մէջ՝
շնորհապարտ
յուզումներով
ընկերացած։
Բի՜ւր
շնորհակալիք
զգածեալ
սրտիս
խորերէն
առ
ամբողջութիւնն
պատուական
պաշտօնակցացս
Կ.
Պոլսոյ
եւ
առ
Պատ.
Ուսումնական
Խորհուրդն
Կեդր.
Վարչութեան՝
շքեղ
պատուանիշ
Յիշատակին
համար
զոր
հաճեցան
խորհրդանշանն
ընել
իրենց
եղբայրակցական
արծաթ
եւ
ոսկի
զգացումներուն,
եւ
Պէրպէրեան
վարժարանի
հնձուած
ու
հնձելի
արգասեաց,
արդէն
ծաղկած
ու
ուռճացած
արդեանց
ու
ծաղկելի
յուագեղ
կոկոններուն,
ինչպէս
գերազնիւն
Տոքդ.
Թորգոմեան՝
արժանաշատ
Ատենապետն
Կրթական
Խորհդոյ
հաճեցաւ
բացատրել
պատուասիրաբար։
փոխադարձ
սիրոյ
ու
բուռն
շնորհակալութեան
ողջոյն
մը
այն
Ուսուցչաց
եւ
Ուսանողաց,
կրթական
Մարմնոց
եւ
Անձնաւորութեանց,
որք
Լայպցիկի
Համալսարանէն,
Կարնոյ
Սանսարեանէն,
Վանայ
Երամեանէն,
Բաբերդի
Արամեանէն,
Կեսարիոյ
Կիւմիւշեանէն,
Զմիւռնիոյ
Մեսրոպեանէն,
Այնթապի
Վարդանեանէն,
Ամերիկեան
Ռոպէրդէն
եւ
յայլոց,
իրենց
համակիր
զգացումներուն
եւ
իղձերուն
գրաւականները
մեզ
հասուցին
հեռագրով,
նամակով
ու
ընծայաբերութեամբք,
որոց
մէջ
Վանայ
Համբարձում
էֆ.
Երամեանինը՝
գեղափայլ
ցոլք
մ’ա՛յնքան
նուիրատուին
սիրալոյս
հոգւոյն
որքան
իր
բնագաւառի
ճարտարներուն
գեղարուեստական
նուրբ
կարողութեանց
ու
ճաշակներուն,
ու
Գրիգոր
էֆ.
Մարգարեանինը՝
մտաւոր
կենացս
օրրան
սրբայուշ
Վարժարնին
ու
Յառջդիմութեան
Անդրուվարին
պատկերաց
խորհդաւոր
զուգադրութեամբը՝
սրտի
ու
մտաց
խորութիւններէն
բղխող
ու
խորութեանցը
մէջ
մխուող
ցայտում
մը
սիրոյ
ու
հանճարի,
սրտին
որ
անցելոյն
կը
նայի,
մտքին
որ
ապագային
կը
խորհի,
յուշերով,
խոհերով,
թելադրութիւններով
առլի՜
գործ
մը
հրաշալի։
Շնորհակալութի՜ւն
անբաւ
բոլոր
ազնուախոհ
նուիրատուաց,
որք
ամէն
դասուց
պատկանեցան,
հարուստ
թէ
աղքատ,
նախկին
սան
թէ
արդի,
սան
թէ
ոչ-սան,
գրչի
մարդ
թէ
բրչի,
եկեղեցւոյ
մարդ
թէ
աշխարհի,
եւ
որք
ամէնքն
յօժարափոյթ
բացին
իրենց
քսակը
զոհաբեր
հնչուն
արտայայտութիւն
մ’ընելու
ի
նպաստ
դպրոցին,
սիրուած
դպրոցին
նորոգման
կամ
նորաշէն
կանգնման
գաղափարին,
ու
պերճախօս
է
պատկառելի
թիւը
գումարին
ուր
հասուցին
իրենց
նուրէնրեր։
Ի՜նչ
յուզիչ
յուզում
մը
նուիրումի.
–
հարուստը
չէ
միշտ
որ
կու
տայ,
կամ
հարստութենէ
չէ
միշտ
որ
կը
տրուի.
պարզ
այլ
գրասէր
կօշկակար
մը
կօշիկ
մը
կը
կարէ
որպէս
զի
անոր
գինը
նուէր
տայ
դաստիարակին.
նախկին
գրաշար
մը,
յանձնակատար
մը
հիմայ,
այլ
ո՛չ
հարուստ
մը,
ու
հայր
որդւոց,
կը
յիշէ
համեստ
գրողին
նախախայրեաց
շարողն
կեցած
ըլլալ,
ու
5
ոսկի
կը
բրցնէ
իր
խնայողութենէն՝
գրագիտութեան
ու
գրքի
հանդէպ
իր
հաւատքը
հաստատելու
համար։
Ո՜հ,
այդ
խոնարհներուն
մէջ
ի՜նչ
հանք
ազնիւ
զգացումներու.
գետնին
խորը
թաքուն
անոյշ
աղբիւրներուն
պէս՝
լուրջ
ու
պարզ
ժողովորդի
սրտի
խորն
ի՜նչ
հոսանք
վեհըղձիկ
յոյզերու։
Երբ
կանգնի
նորաշէն
մասը
Պէրպէրեան
վարժարանին,
նորակերտ
Տաճարը
դասերուն,
ի՜նչ
ազնիւ
զգացումներ
պիտի
պատմէ,
ի՜նչ
ազնուական
խոհեր
ու
յուզումներ
տարրացուցած
պիտի
լինի
իր
պատերուն
մէջ,
ու
նուազ
պերճաբան,
նուազ
շայեկան
ու
ազդեցիկ
չպիտի
ըլլայ
բարւոյն
այն
դասը
զոր
այդ
պատերը
պիտի
տան
իւրեանց
լռին
անշարժութեան
մէջ…։
Բայց
աւարտեցի՞նք
մեր
շնորհակալութեանց
շարքը.
–
Ո՛չ
երբեք։
Այլ
ի՞նչպէս
շնորհակալ
ըլլալ
գրական
փայփայիչ
դրուատալից
գնահատութեանց
այն
անընդհատ
ու
երթալով
աճած
գետի
մը
նման
ճոխացող
շարքին
համար,
որ
ահա՛
ութ
ամիս
է
կը
շարունակուի
ազգային
Մամլոյն
մէջ՝
անձիս
ու
գործոյս
նկատմամբ
ներողամիտ
ու
խանդոտ
դատաստաններով,
իտէականացնող
ջերմագին
համակրութեամբ,
ներդաշնակ
լա՜յն
ու
երկա՜ր
մեղեդիի
մը
պէս,
հոգիս
շոյելով,
օրօրելով,
զմայլեցնելով,
համաձայնուած
ընդհանուր
բարեացակամ
տրամադրութեամբ
մը,
կարծես,
բալասան
դնելու
վիրաւոր
հոգիի
մը
ու
յոգնած
գլուխ
մը
հանգչեցնելու։
Բիւզանդիոն,
Արեւելք,
Սուրհանդակ,
Մանզումէ,
Ծաղիկ
Օրաթերթք
ու
Արեւ.
Մամուլ,
ու
Մասիս,
ու
Լոյս,
ու
Հանրագիտակ
հանդէսքն
ու
Շաբաթաթերթք
այս
երկար
նուագերգութեան
իրենց
մասնակցութիւնը
բերին՝
խմբագրական
մեծարժէք
տեսութիւններով
կամ
գրագէտ
աշխատակիցներու
գեղահիւս
գրուածներով,
ու
երէկ
Մանզումէ
ի
մէջ
հանճարեղն
Թէոդիկ՝
սիրոյ
ներշնչման
տակ՝
գաղափարը
կ՛ունենար
մէկ
թերթի
մէջ
խտացնելու
Պէրպէրեան
նախկին
Սաներու՝
այլ
արդէն
վարպետ
դարձած
գրողներու
մտածումները,
յուշերն
ու
տպաւորութիւնները՝
իրենց
բարոյական
կեանքի
որրանին
ու
դաստիարակին
շուրջը
թեւածող,
ու
զգլխիչ
փունջ
մը
կազմելու
ինուէր
իւր
վարժապետին։
Հոգւոյ
խոր
շնորհակալու
յուզումներով
կարդացած
եմ
բոլոր
այդ
ներբողալի
գնահատումները՝
որք
իմ
համեստ
կարողութեանցս
վրայ
պիտի
կրնային
թիւրել
դատաստանս,
եթէ
ստուգիւ,
երէկ
խմբագրականի
մը
մէջ
ակնարկուածին
պէս,
տկարութիւնն
ունենայի
ողոքանաց
ծուխէն
չափազանց
ախորժող
մ’ըլլալու,
եւս
առաւել
այս
պարագային
մէջ
ուր
գովեստք
ո՛րքան
համակրութենէն,
սէրէն
առաւելազանցուած՝
նոյնքան
անկեղծ
են
եւ
սրտաբուղխ։
Բայց
եթէ
այդ
գրութիւնք
իմ
իսկ
յատկութիւններուս
վրայ
շատ
չէին
համոզեր
զիս,
շատ
բան
կ’ըսէին
ինձ
անոնց
հեղինակաց
հոգիներուն
ազնիւ
խորութեանց
ու
յատկութեանց
վրայ,
ու
զմայլումով
կը
ծռէի
անոնց
վրայ։
Նախկին
սաներս,
ի
մասնաւորի,
այդ
գրութիւններով
չէր
միայն
որ
տուին
ինձ
իրենց
վարժարնին
Քսանեւհնգամեկին
առթիւ
իրենց
սիրոյն
հաւաստիքը։
Նոքա՛
յղացան
խորհուրդը
այդ
թուականին
հանդիսօրէն
յիշատակութեան,
ու
կանուխէն
փափաքն
ու
նախապատրաստական
խորհրդակցութիւններն
ունեցան
դպրոցին
համար
մնայուն
բարիքի
մ’առիթը
ընելու
զայն.
նոքա՛
առին
նախաձեռնութիւնը
ձեռնարկին,
ու
անոնցմէ՛
կազմուեցաւ
Յանձնաժողովը
որ
բոլորեցաւ
Նորին
Ամենապատուութեան
շուրջը
եւ
իր
բարձրաշնորհ
Նախագահին
քաջալերիչ
եւ
իմաստուն
հովանաւորութեան
տակ
գործեց
ժրութեամբ,
Պէրպէրեան
սաները
յատկանշող
պատուասէր
լուրջ
ոգին
ու
յամառակամ
աշխատութիւնը
դնելով
գործին
մէջ։
Եւ
այսօր,
իրենց
փափաքին
հասած,
գոհ
են.
նոր
ապացոյց
մը
տուին
իրենց
վեհ
զգացումներուն,
պատիւ
բերին
դպրոցին
ու
իրենց,
-
ինչպէս
մի՛շտ
եղած
են
պատիւը
դպրոցին,
կենդանի
գովեստն
անոր,
ու
նօրաւորագոյն
հիմերը
անոր
համբաւին։
Ապրի՜ն։
Իսկ
այս
աւուր
մեծապանծ
ու
խրախուսալից
յիշատակներուն
մէջ
պիտի
փայլին
յաւէտ
ներկայութիւնքն
ու
հնչեն
բանախօսութիւնքն
մէկ
կողմէ
Վեննական
Պատ.
Մխիթարեան
Միաբանութեան
ուսումնապերճ
ներկայացուցչին՝
Գեր.
Հ.
Գաբրիէլ
Վ.
Մէնէվիշեանի,
եւ
միւս
կողմէ՝
Յունաց
Ամեն.
Ս.
Պատրիարք
Հէր
պատգամաւորաց՝
Յոյն
վարժարանաց
ընդհ.
տեսուչ
Գեր.
Տէր
Ղրիղորիոս
Արհիմանտրիդի
եւ
մեր
վաղածանօթ
բարեկամ
եւ
հայագէտ
Մեծայարգ
Տիմիդրիոս
էֆ.
Չօլաքիտիսի,
առաջինը
բերելով
մեզ
վկայութիւնը
թէ
դաւանաբանական
խնդիրք
չեն
արգիլեր
ազգի
մ’այլ
եւ
այլ
մասերը
համերաշխ
լուրջ
ջանքերով
աշխատակցելէ
ի
նպաստ
լուսաւորութեան
եւ
յառաջադէմ
զարգացման
ազգին,
եւ
երկրորդք՝
թէ
բարոյականութիւն
ու
գիտութիւն
հայրենիք
չունին,
թէ
յօգուտ
բարւոյն
ու
ճշմարտին
ամենէն
խոնարհ
ջանքերը
ամենուրեք
եւ
ամէնէն
բարձր
անձնաւորութիւններէ
կը
գնահատուին,
եւ
թէ
կրթութեան
ծառայել
ծառայել
է
մարդկութեան։
Փա՜ռք
իրենց
եւ
երախտագիտութի՜ւն։
Շնորհիւ
առատաձեռնութեան
Ամեն.
Ս.
Պատրիարք
Հօր
եւ
Յանձնաժողովոյ
կոչոյն
պատասխանող
համակրողներուն,
Պէրպէրեան
վարժարանը
բախտը
պիտի
ունենայ
ինքզինք
նորոգուած
եւ
ընդարձակուած
տեսնելու.
–
բայց
յուսամ
թէ
նուիրատուք
պիտի
ներեն
ինձ
որ
իմ
տրամադրութեան
տակ
ա՛յնքան
բարեսիրաբար
դրուած
գումարը
ա՛յնքան
եսասիրօրէն
չգործածեմ,
նոյն
իսկ
եթէ
այս
եսն
է
իրենցմէ
սիրուած
Պէրպէրեան
վարժարանը։
Ուստի
ներուի՛
ինձ
յայտարարել
թէ
նուիրատուութեանց
գումարէն՝
ըստ
թելադրանաց
սրտիս՝
կը
փափաքիմ
100
ոսկւոյ
նուէր
մ’ընել
իբրեւ
մասն
հաստատուն
դրամագլխոյն
Ուսուցչաց
Օգնութեան
նորահաստատ
Սնտուկին,
ի
յիշատակ
Ողբացեալ
Ամուսնոյս,
-
30
ոսկւոյ
գումարով
մը
մասնակցիլ
Պատ.
Ուսումնական
Խորհրդոյ
ի
նպաստ
Վանայ
բազմարդիւն
Երամեան
Որբանոց
–
Վարժարանին
ձեռնարկելի
հանգանակութեան,
եւ
20
ոսկի
նուիրել
ողբացեալ
մեծանուն
գրագէտ
–
դաստիարակ
Մամուրեան
Մատթէոսի
յիշատակին
կանգնելի
մահարձանի
մը
ծախուց
ի
նպաստ։
Յուսամ,
բոլոր
նուիրատուացս,
Պատ.
Յանձնաժողովոյն
ու
Բարձրաշնորհ
Ս.
Նախագահին
ի
հաճոյս
կը
լինին
այս
դոյզն
նուիրմունք
յօգուտ
եւ
ի
պատիւ
պաշտօնակցաց՝
որք
միեւնոյն
հանրօգուտ
նպատակներուն
–
դպրոցի
ու
գրականութեան
–
որք
առիթ
եղան
խոնարհ
աշխատաւորիս
նուիրուած
այս
քաջալերանաց
ու
պատուոյ
ցոյցերուն,
ծառայած
են,
կը
ծառայեն
կամ
պիտի
ծառայեն։
Բաց
աստի,
Պէրպէրեան
վարժարանը
յանձնառութիւնը
կ’ստանձնէ
պարտաւորիչ
ու
հաստատուն
կերպով
ձրիավարժ
պահելու
իր
մէջ
5
աղքատիկ
եւ
ուշիմ
պատանիներ,
ի
յիշատակ
Յոբելինիս
եւ
ի
հաշիւ
տոկոսի
ընծայաբերուած
իբր
1200
ոսկւոյն,
անոնցմէ
մին
միշտ
Խասգիւղի
Ս.
Ներսիսեան
վարժարնէն
առնելու
պայմանաւ։
Ի՞նչ
է
այս
յարգանքն
ու
քաջալերութիւնը
նուիրուած
դպրոցին
ու
գրականութեան,
եթէ
ոչ
յարգանք
ու
ճիգ
բարւոյն,
ճշմարտին
ու
գեղեցկին,
որոց
ծառայել
գերագոյն
նպատակն
է
դպրոցին
ու
գրականութեան։
Ու
ճիգը
բարւոյն,
ճշմարտին
ու
գեղեցկին
ձգտումը
չէ՞
դէպ
ի
կատարելութիւն,
դէպ
յԱստուած։
Մեր
բոլոր
բարի
ու
անկեղծ
ջանքերն
ու
ըղձանք
պաշտօն
մ’են
ապա
Աստուծոյ
բարձրացած։
Փա՜ռք
Անոր
անուան։
Անոր
կը
ծառայենք
ամէնքս,
ե՛ւ
նոքա
որք
բարի
ջանքերը
կը
ճգնին
ու
բարի
ըղձանքը
կը
տենչան,
ե՛ւ
նոքա
որք
կը
վարձատրեն
ճգնուած
այդ
ջանքերն
ու
տենչացուած
այդ
ըղձանքն։
Թո՛ղ
Նա
զօրաւիգն
ըլլայ
ամենուս։
(Արեւ.
Մամուլ,
1902,
Թիւ
2։)