Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

2. ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻ ԱՌԹԻՒ [1]

1890 Սեպտ.

 

Սիրելի ընթերցող, ահա՛ կ’աւարտին դպրոցական արձակուրդք եւ մեր կրթական հաստատութիւնք վերստին կը բանան իւրեանց դռներ ուսանող հայ մանկտւոյն։ Քիչ թէ շատ մեր վարժարանք պարապոյ օրեր տուած էին իւրեանց սանուց, որք, պահ մը գիրք ու գրիչ թողած, վարժապետին ձայնն ու զանգակին հնչիւնը մոռցած, կ’արշաւէին լեռ, ձոր ու դաշտ, եւ, փոխանակ սեւ տախտակին, կը յառէին երկնից կապոյտին, փոխանակ հսկողաց սաստին՝ կը լսէին ալեաց մրմունջն ու զեփիւռին շշունջն եւ ծովու զով ջուրց մէջ կը մխրճէին փոխանակ քրտանց մէջ լող տալու։ Հիմայ մեր ուսանողք պէտք է որ հրաժեշտ տան այս քաղցրութեանց, բնութեան գրկին մէջ անցած այս հեշտազուարճ կենաց, ու դեռ գեղեցիկ եղանակը բոլորովին չսահած, դեռ սոխակները բոլորովին չլռած, դեռ ծառերն իրենց տերեւներէն չմերկացած, երթան փակուիլ դասարանի պատերուն մէջ եւ գրասեղանաց վրայ ծռեն իրենց գլուխը։ Եւ անտրակոյս պէտք է որ ուսանողք այս զոհն ընեն, ու շատեր սիրայօժար ձեռք կ’առնուն վերստին դպրոցական կեանքն, ուսումն ու դասերն. վասն զի կեանքը չի կրնար յարատեւ զբօսանք մ’ըլլալ, եւ վասն զի ամէն հասակի համար կան լուրջ պարտականութիւնք զորս հարկ անհրաժշետ է կատարել. մանուկը, ու պատանին օր մը պիտի լինին մարդ, անգամ իրենց ազգին, քաղաքացի իրենց երկրին, մարդկային ընկերութեան մի գործող տարրն, եւ պարտին պատրաստուիլ կանխաւ այդ ապագայ կենաց, պարտին իրենց միտքն ու սիրտն ու կամքը մարզել հրահանգել որ օր մը կարող լինին ըմբռնել, սիրել ու գործադրել ինչ որ օգտակար ու բարի է եւ ծառայել իրենց ընտանեաց, ազգին ու երկրին։

Բայց խնդիր է թէ մեր դպրոցաց մեծագոյն մասին համար կ’արժէ՞ որ մանուկներն ընեն այն զոհն որոյ վրայ կը խօսէինք, թէ լաւագոյն չէ՞ արդեօք որ մեր շատ դպրոցաց աշ ակերտք ապրին ազատ օդի մէջ ու զինքեանս յանձնեն մի միայն բնութեան առաջնորդութեան քան երթան խռնիլ այն յարկերուն տակ որոց դպրոց անունը կուտամք եւ որք մանկտին մտաւորապէս, բարոյապէս ու ֆիզիքապէս հաշմելու մանաւանդ կը ծառայեն։ Դպրոցաց վերամուտի այս եղանակին առթիւ կրթական խնդիրն է որ ինքնաբերաբար կը ներկայանայ խորհող մտքերու եւ կը ներշնչէ խորհրդածութիւններ մեր ազգային դաստիարակութեան ընդհանուր վիճակին վրայ։ Դաստիարակութեան գործն անտարակոյս ազգի մը ամենէն կենսական գործերէն մին է, ա՛յն որ ամենէն աւելի կ’ազդէ ժողովրդեան մը ճակատագրաց վրայ։ Բայց այդ գործոյն բարւոք եւ արդիւնաւոր ուղղութիւնն սերտիւ կապուած է գործողներու ձեռնհասութեան եւ գործելու կերպին հետ, եւ տեսնե՛նք թէ կրթական գործիչք առ մեզ ընդհանրապէս կը գտնուի՞ն իրենց ստանձնած դերին բարձութեան մէջ եւ հետեւաբար կրցա՞ծ են կազմակերպել մեր կրթական գործն այնպէս որ ներելի լինի մեզ սպասել անտի բաղձացեալ արդիւնքն, այն է լուսամիտս եւ ազնուասիրտ սերունդ մ’որ իւր պարտուց գիտակցութիւնն ունենայ եւ բարի կամեցողութիւնն զայնս կատարելու։

Մեր կրթական գործիչներն են մեր ուսուցիչք, մեր հոգաբարձութիւնք եւ մեր գաւառական ու կեդրոնական Ուսումնական Խորհուդրք։ Յայտնի է որ մենք ցարդ չեմք ունեցած վարժապետական դպրոց մ’որ քիչ շատ բարձրագոյն կրթութեան մը հետ դաստիարակելու եւ ուսուցանելու արուեստն աւանդէ եւ ընծայէ Ազգին կրթական գործոյն համար լաւ պատրաստեալ անձեր, եւ ո՛չ ալ փոյթ ունեցած եմք գէթ ամէն տարի մէկ երկու ուշիմ պատանիներ ընտրանաւ յղել եւրոպական լուսաւորութեան կեդրոններն իբրեւ ուսուցիչ պատրաստուելու համար։ Մեր բոլոր ուսուցիչք Թուրքիոյ Հայոց վրայ կը խօսիմ, յայտնի է նախնական ուսում մը չեն ըրած արուեստին զոր ի գործ դնել ձեռնարկած են, եւ բազումբք բախին բերմամբ կամ ապրելու հարկէն ստիպեալ մտած են կրթական ասպարիզի մէջ։ Անշուշտ ունիմք դաստիարակի կոչում եւ ուսուցանելու բնածին տենչ ունեցող վարժապետներ. ունիմք եւ այնպիսիներ որք առանց վարժապետական դպրոցի մը շրջանն ըրած ըլլալու՝ քաջահմուտ են մանկավարժական սկզբանց, առանձինն մշակած լինելով ն շանաւոր հեղինակաց մէջ դաստիարակութեան գիտութիւնն։ Նոքա կը ճանչեն Ռուսօն, Բէսդալօցցին ու Ֆռէօպէլն. նոքա ուսումնասիրած են Ալիքսանդր Պէնն, Հերպերդ Սբէնսէրն, Հերպարդն եւ ուրիշներ։ Բայց այսպիսիք հազուագիւտ բացառութիւններ են, իսկ վարժապետի անուն կրող ան ձանց յոյժ մեծագոյն մասն առ մեզ անգէտ է մանկան հոգեբանութեան, մտաց եւ սրտի զարգացման օրինաց, եւ հնաւանդ եղանակց կամ իւր քմահաճոյից միայն կը հետեւի կոյր զկուրայն։ Սորա վրայ պէտք է յաւելուլ եւ այս թէ մեր ուսուցչաց շատերն ինքնին յոյժ անկատար ծանօթութիւն մ’ունին այն առարկայից զորս ուսուցանել կոչուած են։ Դժուար չէ այսպիսիներ տեսնել նոյն իսկ մայրաքաղաքիս դպրոցաց մէջ, իսկ ի գաւառս նոցա թիւն անշուշտ աւելի մեծ է։ Երբ մեր ազգային ուսուցչական մարմինն կազմուած է ընդհանրապէս այսօրինակ տարրներէ, բնականաբար ձեռք բերուած արդիւնքն կը լինի դոյզն ինչ կամ ոչինչ, եւ յաճախ նոյն իսկ ժխտական, վասն զի դաստիարակ մ’որ չի ճանչեր մանկան հոգին, որ հոգեբանական ու բնախօսական օրինաց վրայ չունի գաղափար, որ չի գիտեր թէ միտքն ի՛նչպէս կարող կը լինի ըմբռնել, զգայնութիւնն ի՛նչպէս ազնուանալ, կամքն ի՛նչպէս կազմուիլ ու զօրանալ, կը խամրէ կ’սպաննէ իրեն յանձուած մատաղ իմացականութիւնն, կը տանջէ ու կը խեղդէ այդ հոգին, հրէշ մը կ’ընէ զայն որ հրեշտակ մ’էր անմեղ։ Յոռի կրթութեան մը ներքեւ միտքը՝ փոխանակ լուսաւորուելու՝ նախապաշարմանց մշուշովը կը մթանայ, փոխանակ սրելու իւր դիտելու եւ դատելու կարողութիւն՝ կ’ապշի ու կը բթանայ, եւ տգէտ ուսուցչաց քով մանկութեան թանկագին ժամերը կ’սպառին ընդունայն՝ փոխանակ յաջող ու երջանիկ ապագայ մը պատրաստելու միջոց լինելու։ Ո՞վ կարող է ըսել թէ ընդհանրապէս մեր վարժարանաց արտադրած արդիւնք լաւագոյն են քան զայս։ Տարուէ տարի քանի՞ պատանիք դուրս կ’ելնեն մեր վարժարաններէ որ ուսած լինին գէթ բարոյական ճշմարիտ ու առողջ սկզբունքներ, որք կարող լինին բաւական մաքրութեամբ խօսիլ եւ գրել իրենց մայրենի լեզուն, որք հաշուական խնդիր մը յաջողակութեամբ լուծեն, որք իրաց եւ մարդոց եւ բնութեան օրինաց վրայ ստացած լինին գոնէ ամէն մարդկային էակի անհրաժեշտ ծանօթութիւնքն։ Սոցա թիւն ա՛յնքան քիչ է որ մեր Ազգի ուսանողաց ընդհանուր թուոյն հետ բաղդատելով կրնամք ըսել թէ ոչինչ է։ Չեմք հաշուեր անհատական նախաձեռնութեան եւ ճգանց ադիւնք մէկ երկու մասնաւոր հաստատութեանց պտուներն որք ո՛րչափ եւ բերկրառիթ՝ չեն կարող ընդհանուր ամլութիւնը դարմանել։ Թերուս, անուս, ուսած չլինելէ զատ ուսանելու կարողութիւնն ու իղձն ալ կորուսած, անառաջնորդ՝ մանաւանդ թէ վատթար օրինակներու ներգոծութեան տակ մոլորած ապականած խղճով, ա՛յսպէս հարիւրաւոր պատանիներ ամէն տարի կը թողուն դպրոցական գրասեղաններն ու կ’իյնան մեր ընկերութեան ծոցը։

Սակայն այս տխուր վիճակին պատասխանատու միայն ուսուցիչները չեն, մանաւանդ թէ առաջին պատասխանատուք նոքա չեն։ Կրթական իշխանութիւնք անտարակոյս ունին մեծագոյն բաժինը պատասխանատուութեան, նոքա որք կ’ընտրեն ու կը կարգեն ուսուցիչներն, նոքա որք կրթական ծրագրեր կը վարեն եւ կ’ուղղեն մեր տոհմային կրթութիւնը, Հոգաբարձութիւնք եւ Ուսումնական Խորհուրդք։ Հոգաբարձութիւնք, որոց կը յանձնուի թաղերու մէջ վարժանաց տեսչութիւնն, ո՞չ ապաքէն մեծաւ մասամբ կը կազմուին կրթութեան գործոյն անհմուտ եւ յաճախ տգէտ անձերէ։ Գէթ իրենց պաշտօնն սահմանափակուէր ելեւմտից վրայ հսկելու, հասոյթները գանձելու եւ ամսականները վճարելու մէջ, ո՛չ. այդպիսի անձկացում մ’իւրեանց պաշտօնին եւ իրաւասութեան խորապէս պիտի վիրաւորէր իրենց անձնասիրութիւն, զինքեանս ծառայներն պիտի համարէին վարժապետաց, ինչ որ ընկերական կարգի անօրինակ յեղաշրջում մը պիտի թուէր իրենց։ Պէտք է որ ինքեանք, թէ եւ տգէտ, դատաստան ընեն վարժապետին կարողութեան կամ անկարողւթեան վրայ, ընտրեն ու հրաժարեցնեն դասատուները, իրենց ներկայութեան կոչեն զանոնք՝ մերթ հրահանգ ու պատուէր տալու եւ մերթ եւս սաստելու համար զնոսա։ Անձնական նկատումներ, քմահաճոյք ու կիրք մեծ դեր կը խաղան մեր Հոգաբարձուաց ըրած ընտրութեանցն ու հրաժարեցուցմանց մէջ. յաչս իրենց՝ շողոքորթելու եւ իւր ողնայարը ծռելու առաւել վարժ ուսուցիչ մ’ունի յայտնապէս առաւել արժանիք, եւ զի կարելի եղածին չափ աժան վճարել ու աժանը նախընտրել այն սկզբունքն է որուն կը հետեւին ընդհանրապէս այդ կարգի անձինք, երկու ընտրելիներու մէջէ ա՛յն ունի յաջողութեան առաւել հաւանականութիւն նոցա քով որ կը պահանջէ համեստագոյն վարձք։ Ուրեք ուրեք կան թէ եւ հաստատուած տեսուչներ, դասատու կամ ուսեալ ո՛չ եւ է մի անձ, բայց Հոգաբարձութիւնք զգուշացած են միշտ գործելու քիչ շատ ընդարձակ ազատութիւն մը թողուլ կարգեալ տեսչին, ինչ որ իրենց մտօք նուաստութիւն մը պիտի լինէր իրենց եւ Ազգին բարերարնե՜րը լինելու օրինաւոր պարծանքն յափշտակօր իրենցմէ. ուստի տեսուչն առ առաւելն Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչն է դպրոցին մէջ եւ նոցա վճիռները գործադրող հլու պաշտօնեայն. մերթ «տեսուչ» անունն ալ կրնայ զլացուիլ իրեն, բաւական համարուելով «կարգապահ» անունն, առ ահի զի մի գուցէ մեծագոյն մասնակցութիւն մ’ենթադրել տայ այդ բառ դպրոցական վարչութեան մէջ։ Թերեւս ո՛չ մի մարմին մեր Հոգաբարձութեանց չափ նախանձախնդիր եղած է իւր պատուոյն եւ իրաւասութեան։ Հետեւաբար նոքա՛ վերջնականապէս կը վճռեն Ուսմանց ծրագրի խնդիրներ ալ եւ կ’որոշեն աւանդելի առարկայից տեսակը, ու չափը՝ հեգնական ծիծաղ մ’արձակելով Ուսումնական խորհրդոյ վրայ որ ծրագրէ ու կանոններ կը հրամայէ, բայց գործադրութեան մէջ դնել տալու ոյժէն կը պակասի։ Այսպիսի պայմանաց մէջ ապիկար ուսուցիչներ կարողներու տեղը կը գրաւեն, լաւերը կը վհատին ու ամէն վայրկեան ասպարիզէն խոյս տալ կը խորհին, ի չգոյէ նախաձեռնութեան եւ գործելու ազատութեան՝ ընտիրք իսկ անկարող կը լինին յառաջ բերել բովանդակ այն արդիւնքն որուն կարող են, եւ վարժապետական դասուն վրայ կը ծանրանայ նուսատութեան լուծը որ թէ եւ՝ բաղդատմամբ այն անարգութեան ուր ինկած էր վարժապետն ամիրայական ժամանակի մէջ՝ նուազ ստրկական, այլ ոչ նուազ նախատալի է եւ ո՛չ առաւել յարմար յաւելցնելու ուսուցչական պաշտօնի հրապոյրն եւ ի յառաջդիմութիւն դրդելու։ Բայց ամէնն այս չէ. ականատես եղած ես գուցէ, սիրելի ընթերցող, այն տխուր տեսարանին զոր մեր թաղային դպրոցաց վարժապետք կը ներկայացնեն բազում ուրեք Հոգաբարձութեանց կամ Թաղական Խորհրդոց սենեակներու դրանցն առջեւ կիւրակէ օրերը։ Կարգաւ շարուած կեցած են հէք ուսուցիչք ու կ’սպասեն ժամերով որ հաճոյ թուի Ազգին դրամը գործածող աղաներուն ներս կոչել զիրենք ու պատասխան մը տալ. երանի է իրենց եթէ յաջողին հուսկ ուրեմն փոքրիկ գումար մը խլել յետնեալ ամսականներէ, բայց յաճախ այդ ընդերկար ակնկալեալ պատասխանն է գոռոզ ու բարկացեալ ձայնով մ’արտասանուած սա խօսքն. Հիմայ ստակ չունինք, պէտք է սպասել»։ Ու նոցա կինն ու զաւակները կամ մայրն ու քոյրը թերեւս նօթի կ’պասեն այն ժամուն որ հաց բերեն նոքա։ Կարծես թէ շատ Հոգաբարձուներ մասնաւոր հաճոյք մը կ’զգան ուսուցիչը թշուառ տեսնելով։ Դեռ անցեալ օր հարուստ թաղի մը դպրոցաց Հոգաբարձութիւնն պէտք ունենալով ուսուցչի, բազմաթիւ ներկայացեալներու մէջէ կ’ընտրէ մին՝ կարողագոյնն, պայմանաւ որ ամէն օր առաւօտէ ցերեկոյ պիտի մնայ վարժարանին մէջ. Թոշա՞կ. հակառակ թախանձանացն ուսուցչին չի յօժարիր վճարել ամսաթոշակ 300 դահեկանէ աւելի, եւ այդ ուսուցիչն ծեր հայր ու կին ու զաւակ ունի սնուցանելու։ Իրաւունք չունի՞ հազար անգամ անիծելու այն օրն յորում իւր ոտքը դրած էր այդ ասպարիզի մէջ։ Այս անգթութեան պատճառն ուրեմն միշտ ստակի չգոյութիւնն չէ, եւ ո՛ւր որ ստակ չկայ իրօք՝ կա՛ս հարկ է փակել վարժարաններն եւ կա՛մ ստեղծել գտնել կարեւոր գումարն քան այդպիսի յուսահատական թշուառ վիճակի մղել զանոնք որոց կը յանձնեմք մեր զաւակները կրթելու հոգը։ Ամօթալի երեւոյթ է անշուշտ ազգի մը համար եւ վհատեցուցիչ նոր ապագային համար որ վարժապետին նիւթական կացութիւն կօշիկ ներկողի մը վիճակէն աւելի ստորին ըլլայ։

Իսկ Ուսումնական Խորհուրդք ի՞նչպէս կը կատարեն իրենց վերին հսկողութեան եւ ուղղութեան պարտականութիւնն։- Գաւառական Ուսումնական Խորհուրդք, որ առաջնորդանիստ քաղաքին վարժարանաց տեսչութիւնը կը վարեն միանգամայն, նոյն վիճակին մէջ են յորում կեդրոնի Հոգաբարձութիւնք կը գտնուին. լաւագոյններէն մին պէտք է լինի Զմիւռնիոյ ուսումնական Խորհուրդն, որ սակայն՝ հակառակութեան ոգիէ առաջնորդուած՝ առաջին գործ կ’ընէ իրեն պաշտօնանկ ընել Մամուրեանի նման Տնօրէն –Ուսուցիչ մ’որ Զմիւռնիոյ վարժարանաց փառքն էր եւ քսանամեայ բազմարդիւն պաշտօնավարութեամբն ու կրթած սերունդներով իրաւունք ստացած իւր հայրենակցաց երախտագիտութեան վրայ։ Մեր ուսանող մանկտւոյն շահերն եւ մեր ուսուցչաց կացութիւնն ամենուրեք այսպէս առաջին եկողին քմահաճութեանն ու կրից մատնուած են, ամենուրեք գրեթէ կրթական գործոյն վարչութիւնն՝ ինկած այնպիսի ձեռքերու մէջ որք աւելի քանդելու յարմարութիւն ունին քան շինելու. թողունք որ ի գաւառս շատ տեղերու մէջ ո՛չ Ուսումնական Խորհուրդ կայ, ո՛չ հոգաբարձութիւն եւ ո՛չ իսկ դպրոց։ Միացեալ ընկերութեան ջանքերն առ այս կարի անբաւական են։ Կեդրոնական կրթական վարչութիւնն ի՞նչ դարման կը խորհի իրաց այս աննախանձելի կացութեան, ի՞նչ կը խորհի եւ ի՞նչ կը գործէ այս անկերպարան վիճակը, կազմակերպելու, ա՛յսքան բարձրագոյն ու կենսական շահեր փրկելու համար կոյր դիպուածինձ եռքէն որու մատնուած են։ - Գրեթէ ոչինչ. ապաքէն մեր կեդրոնական Ուսումնական Խորհուրդն կը խլրտի, շարժման նշաններ ցոյց կու տայ, ուսումնական ծրագիր կը շինէ, կ’աւրէ ու նորէն կը շինէ, դասատուաց կարգ ու վկայագիր կը բաշխէ, ներքին կանոնագիր կը խմբագրէ որոյ մէջ պաշտօնէից պարտաւորութիւնները նշանակած ատեն նոցա իրաւունքները կը մոռնայ, դասագրքեր կը դնէ նոցա վրայ, մրցանակ ու պսակ կը յղէ այն դպրոցներն ուր իւր անդամներէն մին հոգաբարձու է, արտասանական բարեկարգութեան կը ձեռնարկէ ու կաճառ կը կազմակերպէ, բայց այս ամէն շարժմունք չեն արգիլեր ու չպիտի արգիլեն մեր վարժարանաց անկանոն եւ ամուլ ընթացքն. այդ շարժմունք կը թուին նպատակ ունենալ առաւել խօսիլ տալ Ուսումնական Խորհրդոյ վրայ քան ձգտիլ կրթական լուրջ բարեկարգութեան մը, առաւել վկայագրոց մէջ ու գր քերու ճակատն հետք մը ձգել իւր իշխանութեան օրերուն քան հաստատուն հիմ մ’ազգային դաստիարակութեան, եւ արդէն ըստ ինքեան թերի, կողմնակցական, հակասական ու երբեմն վնասակար իսկ են եւ չեն յայտներ ազգային դաստիարակութեան խնդիրն հիմնովին ուսումնասիրող ու նորա պահանջմանց թափանցող ձեռնհաս վարչութիւն մը։ Է՛հ, ի՞նչ աւելի կարելի է սպասել մի կերդոնական վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդէ ուր ո՛չ մի վարժապետ կայ անգամ՝ թէպէտ ամէն արհեստի վերաբերող անձինք կան։ Այո՛, մեք այսպէս եմք, կ’ուզեմք որ հիւանդանոցի հոգաբարութեան մէջ բժիշկ չլինի եւ Ուսումնական Խորհրդոյ մէջ ուսուցիչ չլինի. միշտ նոյն խուլ նախանձն ու ատելութիւնն ընդդէմ ձեռնհասութեան։ Ի՞նչ օգուտ հատուկտիր հրահանգներէ ու կանոններէ՝ երբ կրթական ընդհանուր Օրէնք մը կը պասկի որ որոշէ մեր կրթութեան ընդհանուր ուղղութիւնը, որոշէ մեր վարժարանաց տեսակներն ու աստիճաններն ու անոնց հիմնարկութեան ու մատակարութեան պայմաններն, որ ճշդէ կրթական պաշտօնէից ընդունելութեան, պաշտօնավարութեան, յառաջացման, ընտրութեան եւ հրաժարման պարագայներն, որ հասութի որոշ աղբիւրներ սահմանէ, որ ուսուցչաց, տեսչաց, հոգաբարձութեանց եւ Ուսումնական Խորհրդոց փոխադարձ առնչութիւնքն, պարտն ու իրաւունք ճշգրտէ։ Ի՞նչ օգուտ տարին անգամ մը նորոգեալ եւ սրբագրեալ ուսմանց ծրագիրներէ՝ երբ զայնս գործադրող ուսուցիչներ ու մանկավարժներ կը պասկին, երբ մանկավարժական սկզբանց համեմատ պատրաստեալ դասագրքեր այնքան քիչ են առ մեզ, երբ դեռ մեր մէջ ընդհանրապէս կը տիրէ սովրեցնել ու համար բառ առ բառ ի բերան ուսանել տալուի տխմար դրութիւնն, եւ դաստիարակելու համար դեռ գաւազան եւ ծեծ անհրաժեշտ գործիներ համարուած են շատ տեղ։ Պէտք է որ Ուսումնական Խորհուրդք փոյթ ունենան նախ քան զամենայն օժտելու զԱզգն ազգային կրթական օրէնքով մ’որ՝ ձեռնհաս ժողովէն վաւերացեալ՝ պարտաւորիչ լինի ամենուն համար եւ ապագայ յառաջդիմութեան եւ բարեկարգութեանց շաւիղը գծէ. պէտք է որ փոյթ ու նենան Ազգին մէջ հաստատել տալու վարժապետական ընտիր դպրոց մը՝ որ չի կրնար ըլլալ անշուշտ Ղալաթիոյ Կեդրոնական վարժարանն որոյ անորոշ է բնութիւնն, պէտք է որ մանկավարժական թերթ մը հիմնեն իրենց առաջնորդութեան տակ, ձեռնհաս ուսուցիչներէ խմբագրեալ՝ իբրեւ ուղեցոյց ծառայելու համար այլոց. պէտք է որ վարժապետական ժողովներ ու գումարումներ սահմանեն գէթ տարին մի անգամ՝ միջոց հայթայթելու համար ուսուցչաց կարծեաց փոխանակութիւններ ընելու եւ կրթական սկզբանց ու մեթոտներու վրայ զիրար լուսաւորելու. պէտք է որ պիտանի դասագրոց յօրինման համար նախաձեռնութիւն ստանձնեն եւ վարձք ու մրցանակ խոստանալով՝ խմբագրել տան կարողներու. պէտք է որ մատնանիշ ընեն Ազգին այն մութ կէտերն ուր վարժոցք կը պակասի եւ կրթասիրական շարժման մը գլուխն անցնելով՝ ընեն որ ո՛չ ուրեք հայ մանուկը զուրկ մնայ լոյսէ. վերջապէս պէտք է որ վարժապետութեան յետին անդամը նօթութենէ ու անարգութենէ փրկելու հնարք խորհին ու ի գործ դնել ջանան։ Ահա՛ այն ատեն Ուսումնական Խորհրդոց գործունէութիւնը կը պատասխանէ բարձրութեան պաշտամանն զոր ստանձնած են, եւ, աստիճանաբար ստորադասեալ մարմնոց գործունէութիւն եւս բարւոքուելով, մեր ազգային ընդհանուր դաստիարակութեան գործն կը ստանայ տակաւ օրինաւոր կազմակերպութիւն եւ իրապէս օգտակար ու յառաջադէմ ուղղութիւն, եւ դպրոցաց վերամուտի եղանակը, կը լինի առ հասարակ եւ ճշմարտապէս յուսարծարծ տօնելի ժամանակ։

(Ծաղիկ, Թիւ 1, 1890։)



[1]            Այս յօդուածը մասն եղած է «Գործք եւ Գործողք» վերնագրով գրութեանց շարքի մը զոր սկսած էի գրել «Մարդիկ եւ Իրք»ի շարքը փակելէս յետոյ, «Հրահատ» ծածկանունով, Երկրագունտ Հանդիսի մէջ։ Ներկայ գրութիւնս երեւցաւ Փալագաշեանի Ծաղիկ ին մէջ։