Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ ՆԱԽԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ
(Ուսուցչական Ժողովի մէջ խօսուած, 1892 Օգոստոս 18։)

 

Տեա՛րք պաշտօնակիցք,

Անցեալ նիստին մէջ խօսք առնելով Օրակարգի առաջին խնդրոյն վրայ, նախ դժբախտաբար պարտաւոր կը զգայի ինքզինքս հաստատելու թէ մեր նախակրթարանք ընդհանրապէս ապարդիւն վիճակ մ’ունեցած են ցարդ։ Ոչ թէ մեր նախակրթարաններէն չեն ելած զանազան ժամանակաց մէջ անհատներ որք իրենց կրթութեամբն յարգելի անձնաւորութիւններ եղած ըլլան, եւ այնպիսիներ ալ որք պատուաւոր տեղ մը գրաւած լինին մինչեւ իսկ մտային առաւել կամ նուազ բարձր զարգացում մը պահանջող ասպարէզներու մէջ, որպիսիք են խմբագրական, գրագիտական, ուսուցչական ասպարէզներն ու պետական պաշտօններն։ Ո՛չ. այսպիսիներ ունեցած եմք եւ ունիմք, այս անուրանելի է. բայց անուրանելի է նաեւ թէ կրթական դրութեան մը կամ հաստատութեան մ’արդիւնաւորութիւնն իւր կազմած սերնդեան ամենամեծ մասին կրթութեան աստիճանովը պէտք է չափել ու դատել, եւ ո՛չ թէ սակաւաթիւ անհատից միայն որք, բացառիկ կարողութիւններով օժտեալ, կրնային միշտ զարգացման աստիճանի մը հասնիլ՝ հակառակ աննպաստ պարագայներու անգամ։ Եւ գիտեմք որ մեր մէջ մատերու վրայ կը հաշուին անոնք որք գոհացուցիչ կրթութիւն մը կը պարտին լոկ իրենց թաղին ժողովրդական դպրոցին։ Իսկ ի՞նչ կը լինի մեծագոյն մասն մեր թաղային վարժարաններէ ելնողներուն։ - Ցոյց կու տայի անցեալ օր. մեծաւ մասամբ կատարելապէս տգէտ են նոքա։ Թաղին դպրոցէն ելնելէ յետոյ շուկայ կամ արհեստի մտնողներուն շատերը հազիւ պարզ կարդալ, գրել ու հաշուել մը գիտեն. անկարող են ըմբռնելու իրենց կարդացածը, իրենց միտքը խօսքով ու գրով ուղիղ բացատրելու, անսխալ ուղղագրելու, բնական ու ընկերային աշխարհաց երեւոյթներն հասկնալու։ Կան որ քիչ շատ քերականութիւն ուսած էին, քիչ մը պատմութիւն ու քիչ մ’ալ աշխարհագրութիւն տեսած, եւ գաղիերէնի ու թրքերէնի ալ դաս առած. բայց այդ դասեր, անյարիր, թերի, տարտամ ու գէշ մարսուած, կը մոռցուին անվրէպ, եւ ա՛լ ընդհուպ ոչինչն գիտեն անոնցմէ։ Այս յայտնի է որ լաւագոյններն ու ընթացաւարտ ըսուածներն իսկ գրեթէ հիմնովին անտեղեակ են բնական գիտութեանց տարերց, որով զուրկ են կենաց անհրաժեշտ պիտանեգոյն ծանօթութիւններէ, եւ որով այսօր դպրոցէն ելնելով երկրագործական կամ ձեռագործական արհեստի մէջ մտնող պատանին ա՛յնքան քիչ օգուտ կրնայ ստանալ իւր գործին համար դպրոցին մէջ իւր սովրածէն որքան ասկէ 30-40 տարի յառաջ արտը գացող կամ արհեստաւորի քով մտնող տղան։ Դպրոցական մարմնամարզիկ հրահանգաց ընդհանրապէս դեռ ոչինչ կը պարտի մեր տղայոց մարմնական կորովն, առողջութիւնն, եւ ո՛չ ալ ծանօթութիւնն ստացած են բնախօսական ու առողջապահական օրինաց, որպէս զի գիտնան ճանչել կեանքն եւ անոր պահպանման ու զարգացման պայմաններն։ Իսկ ամենէն աւելի ցաւալի է իրենց բարոյական կրթութեան վիճակը։ «Նախնական» կամ «կրթական» քրիստոնէականի դասարգքի մը մէջէն բանաձեւեալ պատասխաններ բերնուց ուսած են թէեւ, ամէնքն ալ վերջին քննութեան հետեւեալ օրը մոռցուելու համանուած, բայց իրօք ոչինչ հասկցած են կրօնքին ոգիէն, անոր բարոյականէն, չունին գիտակցութիւն կեանքի պարտականութեանց, եւ զուրկ են բարոյական որոշ սկզբունքներէ որք առաջնորդեն զիրենք իրենց ապագայ կեանքին մէջ. հոն կը նետուին անտաշ զգացումներով, խաւար խճղմտանոքվ։ Պէտք է յաւելուլ թէ մեր նախակրթարանաց արտադրած սերունդն մեծաւ մասամբ անկարող է դպրոցէն դուրս ինքնին զարգանալու, վասն զի ո՛չ միայն առ այդ հարկաւոր նախնական ծանօթութեանց գումարը կը պակսի իրեն, այլ եւ ինքնին ի չգոյէ բաւական սնունդի ու յարմարագոյն մարզանաց, իւր իմացական կարողութիւնք, ուշ դնելու, դիտելու, բաղդատելու, դատելու, իմաստասիրելու, հնարելու, բացատրելու կարողութիւնք գրեթէ սաղմնային վիճակի մէջ մնացած են կամ թէ բթացած բոլորովին։

Ազգային նախակրթարանաց այս ընդհանրապէս բացասական արդիւնքը պարզելէ յետոյ, դիտել տուի թէ պատճառը ո՛չ դրամի, դրամական զոհողութեան պակասութիւնն է, քանի որ Ազգը միայն մայրաքաղաքիս թաղային վարժարանաց համար մէկ միլիոն ղրուշէ աւելի տարեկան ծախք մը կ’ընէ, եւ ո՛չ ալ ուսուցչաց թուոյն նուազութիւնը, քանի որ այդ թիւ օրէ օր շատնալու վրայ է եւ քանի որ մեր նախակրթարանք 5էն մինչեւ 15-20 պաշտօնեաներ ունին, մինչդեռ Եւրոպացիք 5-6 ուսուցիչներով նշանաւոր քաղաքային նախակրթարաններ կը վարեն, այլ ա՛յն թէ մեր նախակրթութեան կազմակերպութիւնն է հիմնովին թերի, կամ թէ դեռ, բառին իսկական նշանակութեամբ, չէ՛ հասկցուած մեր մէջ նախնական կրթութեան բուն նշանակութիւնը, նորա նպատակը, ու զայն իրագործելու համար մանկավարժական հիմ ու յօրինուած չեմք տուած մեր դպրոցաց։ Դեռ, անգէտ այդ նպատակին, որ է մանկան ֆիզիքական, իմացական ու բարոյական կարողութեանց ներդաշնակ զարգացումն ու կեանքի պատրաստութեան անհրաժեշտ ծանօթութեանց աւանդումն, մեր նախակրթական ամենէն զարգացեալ ծրագրոց մէջ իսկ զանց ըրած եմք շատ տեղ բարոյագիտութեան, առողջաբանութեան, բնական գիտութեանց, մարմնամարզի ու երգի նման կարեւորագոյն ու կենսական ճիւղեր։ Դեռ մեր նախակրթարանք զուրկ են առհասարակ ճշմարիտ մանկավարժ ուսուցիչներէ, դաստիարակներէ (instituteur), որպէս կը հասկնան այս բառը Եւրոպացիք, այն է տղուն բոլորամասնեայ դաստիարակութեան գործին կարո՛ղ ու պատասխանատու, կոչմամբ յայդ գործ ծնեալ ու մասնաւոր կրթութեամբ ի դոյն պատրաստեալ վարժապետներէ, փոխան ուսմանց այս կամ այն ճիւղին աւանդումը միայն ստանձնող ուսուցչացն, որք մէկ նախակրթարանէն միւսը կը վազեն հեւիհեւ, եւ որոց ո՛չ մկին, բայց ո՛չ մին, ինքզինք պատասխանատու կը համարի իւր աշակերտաց, իբրեւ բարոյական էակներու, զարգացման ու շինման գործին։ Ասոնցմէ զատ, մեր մէջ, նո՛յն իսկ նախակրթական ծրագրի բաժանումը, նիւթոց աւանդման կարգն ու չափը, ուսմանց տեւողութիւնը, աշակերտաց դասաւորումը, ժամանակի գործածութիւնը, ուսուցչաց մէջ աշ խատութեան բաշխումը կէտեր են որք չեն կարգադրուած իմասոտւն մանկավարժութեան մ’սկկզբանց համաձայն, ո՛չ ալ իմաստուն տնտեսութեան մը, եւ ո՛չ ալ հիմնապէս նոյն մի ընդհանուր տիպի, յորմէ յառաջ կու գայ ընդհանրապէս անօգուտ սպառումն մեր դրամներուն, մեր ուսուցչաց եւ հոգաբարձուաց գործունէութեան, մեր տղայոց թանկագին տարիներուն։

Ի բաց թողիլով ծրագրի պարունակութեան ու մանկավարժական մարմնոյն կազմութեան խնդիրներն որք մասնաւորապէս Օրակարգի երկրորդ ու երրորդ խնդիրներուն վիճաբանութեան մէջ պիտի գտնեն իրենց տեղը, անցեալ անգամ [1] խօսքս ամփոփեցի այս վերջին կէտերուն վրայ, որք բուն նախակրթարանաց կակզմակերպութեան խնդիրը կը կազմեն։ Բացատրեցի թէ այս կէտերու կարգադրութեան մասին բնա՛ւ օգուտ չեմք քաղած մանկավարժական գիտութեան ու փորձառութեան դասերէն եւ եւրոպական ազգերու օրինակէն։ - Նախակրթական դպրոցին ծրագիրը մեր մէջ ի նկատ չառնուր սա՛ հոգեբանական իրողութիւնը թէ տղայութեան հասակին մէջ մէկ երկու տարիներու տարբերութիւնը մեծ տարբերութիւն յառաջ կը բերէ մտաց ըմբռնման աստիճանին մէջ, եւ ըստ այդմ, աշակերտներն իրենց տարիքին համեմատ մի քանի խումբերու բաժնելով, անոնց մտաւոր զարգացման չափին համեմատութեամբ չի սահմաներ պատշաճ կրթութեան աստիճան մը։ Մեծերուն ու փքրերուն տարբերութիւնը, զոր օրինակ՝ հայ լեզուի դասին համար խօսելով, յայսմ կը կայանայ որ մինչ առաջինք քերականութեան երկրորդ մասը, համաձայնութիւնը, կը կարդան, վերջինք դեռ խօսքին ութ կամ ինն մասանց մէջ են, բայց թէ՛ անոնք եւ թէ՛ ասոնք մի եւ նոյն կերթպով կ’ուսանին, մի եւ նոյն բանաձեւեալ պատասխաններն ու վերացեալ սահմաններ հաւասարապէս ի բերան ուսանիլ կը տրուի ամենուն։ Ո՛չ թէ իւրաքանչիւր հասակը, կամ նախակրթարանի իւրաքաքնչիւր հտուածն ունի իրեն պատշաճագոյն կրթութիւնը, այլ մի միակ կրթութիւն կայ որ յաջորդաբար մաս առ մաս աւանդուելով պիտի ամբողջանայ 5-6 տարիներու մէջ։ Բայց այս յայտնի է որ մտաց հասողութեան հետ չչափուած ուսում մ’անմարսելի կը մնայ ուղեղէն, ու ոչ միայն մտքի համար հմտութեան տարր մը չի լինիր, այլ եւ կը յոգնեցնէ ու կը տկարաէնէ զայն։ Ասոր հետեւանքն է անշուշտ որ մեր նախակրթարանաց մէջ յաճախ բարձրագոյն դասարանաց աշակերտք կ’անգիտանան այսն բաները որք կ’ուսուցուին ստորին դասարանաց մէջ, - գրագիտութեան կանոններ դաս կ’առնուն՝ մինչ հոլովն ու խոնարհումը մոռցեր են, Ովկէանիան կ’ուսումնասիրեն մանրամասն՝ մինչ Եւրոպայի գետերն ու լեռներ վրիպեր են արդէն իրենց յիշողողութենէն. այսպէս եւ այլ ճիւղերու մասին։ Այս տխուր երեւոյթի մի այլ պատճառն ա՛յն է անշուշտ որ մեր դպրոցաց մէջ բաւական ուշադրութիւն չեմք դարձուցած այն սկզբունքին թէ սովրիլն է սովորիլ, կրկնել, եւ մեր ուսուցումը չունի կանոնաւոր վերադարձներ արդէն կտրուած ճամբուն վրայ՝ զայն վերստին եւ այլ անգամ չդիտուած կէտերու վրայ աւելի ուշ դարձնելով ու կանգ առնլով կտրելու համար Կռէառ, Գաղիոյ Սէնի նահանգին նախակրթարանաց կազմակերպողն, իւր «Մանկավարժական Հրահանգաց եւ Ուղղութեան» մէջ կ’ըսէ. «Նախնական ուսմանց համար մանաւանդ ըսուած է իրաւամբ որ կրկնութիւնը ուսմանց հոգին է»։ Այդ կրկնութիւնն, այո՛, ամենակարեւոր է նախակրթութեան մէջ, որ կ’ուղղուի մանկան, ու մանուկը, գիտեմք, դեռ շատ կարող չէ գիտակցական ու կամաւոր աշխատութեան, մտքի յամառ ճգանց, եւ կրկնութիւնը կը դիւրէ նմա ուսումը։ Բայց առ մեզ ուսման ընթացքը, նոյն իսկ նախակրթարանի մէջ, տարուէ տարի կը շարունակէ իւր արշաւն առարկային մէկ մասէն ի միւսն առանց ետին նայելու, վասն զի ե՛ւ ծնողք ե՛ւ ուսուցիչք պարծանք մը կը համարին իրենց որ իրենց տղան, իրեց աշակրետը շուտ շուտ կարգ ուր դասագիրք փոխէ։ Մեր սովորութիւնն է ընդհանրապէս տղան, նախակրթարանի մինչեւ այս ինչ կրագը, անծանօթ պահել դպրոցական ծրագրի այս ինչ առարկային, եւ յետոյ օր մը յանկարծ դէմ առ դէմ դնել զայն անոր հետ։ Օրինակի համար, այս ինչ տարին երկրաչափութիւն պիտի սկսի, այն ինչ տարին ալ բնագիտութիւն, եթէ պատահմամբ այս ճիւղեր կը գտնուին ծրագրին մէջ. բայց ցայնվայր տղան եւ ոչ իսկ անունը լսած է երկրաչափութեան եւ բնագիտութեան, եւ օր մը կ’ուզեն որ, անպատրաստ, ձեռնարկէ սովրիլ այդ գիտութիւնները մեթոտիկ կերպով։ Ի՜նչ դժուարութիւն. բնութիւնը ոստում չըներ, եւ մենք կ’ուզենք որ տղան ահագին ոստումներ ընէ, անգիտանալով մանկավարժական այն օրէնիքը թէ ուսուցման մէջ պէտք է երթալ անորոշէն (indéfini) յորոշն (défini), ի ճշդեալն։

Միտքը պէտք է որ փոքր առ փոքր վարժուի ընտանեայ մէն մի ուսման, քայլ առ քայլ ընթանայ, ոչինչ նոր ելնէ կանգնի յանկարծ իւր դիմաց, անզգալաբար կազմուի ու ընդլայնի շարունակ ծանօթութիւնը իւր մէջ, նախատարերքէն տարերաց ու ասոնցմէ աւելի ընդարձակին անցնի աստիճանաբար։ Եւ առ այս ապա պէտք է նախակրթութեան առաջին աստիճանէն տալ մանկան նախակրթութեան աւանդելիք ամէն ծանօթութեանց առաջին տարերքն. պէ՛տք է որ առաջին օրէն տղոն ստացած կրթութիւնն պիտանեգոյն ծանօթութեանց ամբողջութիւն մը ներկայացնէ, պատշաճեալ անշուշտ իւր մտաց հասողութեան, այլ արդէն ամբողջ մ’իւր մէջ։ Այս ո՛չ միայն կարեւոր է աստիճանաբար պատրաստելու համար տղուն միտքն, այլ եւ անոր համար որ ուսմանց զանազան առարկայք յատուկ են մանաւանդ իմացական ու բարոյական այս կամ այն կարողութիւնները զարգացնելու, եւ առաջին օրէն դաստիարակութիւնը պարտի ըլլալ մարդուն կարողութեանց ամբողջական ու ներդաշնակ զարգացումը։ Է՞ր առաջին օրէն ու նախակրթարանին զանազան շրջաններուն մէջ շարունակ մանուկը չունենայ միանգամայն իր ընթերցման ու գրի ու գծագրութեան, լեզուի ու շարադրութեան, կրօնի ու բարոյականի, պատմութեան ու աշխարհագրութեան, թուաբանութեան ու երկրաչափութեան, բնապատմական ու բնագիտական ուսմանց, երգի ու մարմնամարզի դասերն, իր հասակին ու մտքին յառաջացման չափով աւանդման քանակին ու եղանակին մէջ փոփոխեալ ու զարգացած։ Ո՞չ ապաքէն բնութիւնն ալ կամ ինք մանուկը, այսպէս կը կրթէ զինքն. երբ դպրոցին սեմէն ներս կը մտնէ նա իր հետ արդէն կը բերէ այս ամէն ճիւղերուն վերաբերեալ ծանօթութեանց պաշար մը, շատ փոքր, այո՛, այլ արդէն հանրագիտակ։ Նա կը խօսի, ապա լեզուագէտ է իւր չափով. նա իր ու ընկերոջն հասակներն իրարու հետ կը չափէ, ապա չափագէտ է. նա կը զանազանէ դեղձը սալորէն, այծը ոչխարէն, ապա բնական պատմութիւն գիտէ արդէն. նա կը բողոքէ իր խաղալիքն իր ձեռքէն յափշտակող տղուն դէմ, անիրաւ կը գտնէ զայն, ապա բարոյագէտ է արդէն. այսպէս դեռ գիտէ նախ շատ մ’ուրիշ բաներ։ Ճշմարիտ մանկավարժութիւնը կը կայանայ բնութեան եղանակաց ուշադիր ըլլալու եւ անոնցմէ օգտուելու մէջ. իսկ մեր նախակրթական սովորութիւնք չեն մատներ բնաւ այսպիսի ուշադրութիւն մը, այսպիսի հետեւողութիւն մը։ - Մենք, մեր աղքատութեան չնայելով, շռայլ ալ ենք։ Ըսի արդէն, մեր ինչ ինչ թաղային վարժարանաց մէջ շատ աւելի ուսուցիչ ունինք քան եւրոպական ազգք իրենց մայրաքաղաքի նախակրթարանաց մէջ։ Աւելին կայ. մենք հինգ աշակերտի տասնեւհինգ դասատու կու տանք։ Մեր նախակրթարանաց վերին կարգերն յաճախ 3էն մինչեւ 10 աշակերտ միայն կը պարունակեն. փոյթ չէ, պէտք է որ նոքա զատ զատ կարգեր կազմեն, թէ եւ իրօք մեծ տարբերութիւն մ’ալ չլինի նոցա մէջ հասակի ու հմտութեան մասին, եւ պէտք է որ առանձին դասարանի մէջ դաս առնուն, անո՛նց տրուին լաւագոյն ուսուցիչներն, անոնց վրայ վատնուի մեծագոյն մասն դպրոցական հասութից. իսկ ստորին կարգերն, թէ եւ բազմաթիւ, զոհուին անոնց, թողուին գրեթէ անխնամ։ Ամէն ազգի մէջ ուր կազմակերպեալ ու օրինադրեալ է նախակրթութիւնը, ուսուցչաց թիւը կախում ունի ուսանողաց թուէն. մինչեւ սահմանեալ թիւ մը (50, 60 կամ աւելի՝ ըստ տեղւոյն) միայն մէկ ուսուցիչ կամ դաստիարակ կ’ունենայ նախնական վարժարանը, ու մէ՛կ դասարան ու կը կոչուի «վարժարան մէկ ուսուցչով» (école à un instituteur), «վարժարան մէկ դասարանով» (école à une classe), թէ եւ միշտ կ’ունենայ իւր մէջ Ուսմանց Ծրագրին պահանջած բաժանումները, տարիները կամ դասընթացքները. միայն, միեւնոյն վարժապետը փոխ առ փոխ կը զբաղի մէն մի հատուածի հետ ու մի եւ նոյն ատեն կը զբաղեցնէ միւսներն։ Երբ սահմանեալ թիւն անցնի, ա՛յն ատեն աշակերտք երկու դասարանաց կը բաժնուին, որոց իւրաքանչիւրը կ’ունենայ իր յատուկ ուսուցիչը. այն ատեն դպրոցը կ’առնու երկու ուսուցչով, երկու դասարանով վարժարանի (école à deux institueurs, école à deux classes) ձեւը։ Այսպէս, երբ այդ թիւն երկպատիկը, անցնի, աշակերտք երեք դասարանաց կը բաժնուին, ու դպրոցը կ’ունենայ երեք ուսուցիչ. եւ այդ համեմատութեամբ, բազմամարդ թաղերու մէջ, կրնան ըլլալ նախակրթարանք չորս, հինգ, վեց եւ աւելի դասարաններով եւ ուսուցիչներով, վեցէն անդին յաւելեալ դասարանք ընդհանրապէս լինելով «համընթաց դասարաններ» (classes parallèles) որք ամենէն աւելի բազմաթիւ կարգաց ծանրութիւնը թեթեւցնելու միայն կը ծառայեն, իսկ գործադրել ծրագրով յար եւ նման են անոնց։ Այս իմաստուն տնօրինութիւնը, յայտնի է, կը պակսի մեր քով։

Ժամանակի գործածութիւնը կարեւորագոյն պարագայ մ’է վարժարանական կազմակերպութեան մէջ. ուսման իւրաքանչիւր ճիւղին յատկացեալ շաբաթական ժամուց թուէն կախում ունի դպրոցական ծրագրին առաւել կամ նուազ կատարեալ ու արդիւնաւոր գործադրութիւնն։ Եւրոպական երկիրներու մէջ օրէնքը ցոյց տուած է այն սկզբունքներն որոց համեմատ պարտի կազմուիլ մէն մի դպրոցի ժամանակացոյցն, եւ այդ մասին հիմնական սկզբունք է մէկ կողմանէ աշակերտաց տարիքին համեմատ առաւել կամ նուազ երկարել մէն մի դասու կամ աշխատութեան տեւողութիւնը, իսկ միւս կողմանէ ճիւղերու կարեւորութեան կամ դժուարութեան աստիճանին համեմատ որոշել իւրաքանչիւրին յատկանալի շաբաթական դասուց կամ ժամուց գումարը։ Զոր օրինակ, գաղիական օրէնքը կը պատուիրէ որ ամէն օր դաս մ’ըլլայ բարոյախոօսութեան, գաղիերէնի ուսումն ամէն օր գրեթէ երկու ժամ գրաւէ, գիտական ուսումն՝ ըստ կարգաց եւ դասընթացից՝ օրը մէկէն մինչեւ մէկուկէս ժամ առնու, բաժնուելով համարողականին եւ բնագիտականին մէջ, պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնն ի միասին ամէն օր ժամ մը կամ իւրաքանչիւրը շաբաթը երեք ժամ բռնէ։ Բրուսիական օրէնքը, միդասեան նախակրթարանին մէջ, օրինակի համար, միջին աստիճանի աշակերտաց, կ’որոշէ, շաբաթական 5 ժամ կրօնքի, 10 ժամ գերմաներէնի, 4 ժամ հաշուոյ եւ երկրաչափութեան, 1 ժամ գծագրութեան, 6 ժամ իրագիտական ուսմանց, 2 ժամ երգի, 2 ժամ մարմնամարզի (կամ աղջկանց ասեղնագործութեան) դասեր։ Այդ օրէնքները մասնաւոր պատուէրներ ունին որ ուշադրութեան մեծագոյն ճիգ պահանջող հրահանգք, զոր օրինակ թուաբանական, քերականական, շարադրական վարժութիւնք առաւելապէս առաւօտեան մասին մէջ դրուին, որ աշխատութիւնք զբօսանքով ու շարժուներով ընդհատուին, դժուարին դասի մը համեմատաբար դիւրին հրահանգ մը յաջորդէ, եւ այլն։ Մեր մէջ, ժամանակացոյցը լրջօրէն եղա՞ծ է բնաւ այսպիսի պաշտօնական հոգածութեան ու հրահանգաց ու հսկողութեան առարկայ. թողուած է այն իւրաքանչիւր դպրոցի Հոգաբարձութեան կամ Թաղ. Խորհրդոյ քմահաճոյքին որ մեծ առատաձեռնութիւն ըրած կը համարի երբ շաբաթը 3 ժամ տայ հայերէնին. շատ տեղ 2 ժամը բաւական կը համարուի թուաբանութեան, գաղիերէնին ու տաճկերէնին, իսկ այդքան ժամ ճշմարիտ շռայլութիւն մ’է պատմութեան ու աշխարհագրութեան համար։ Գալով այն միւս մանկավարժական ու ողջպահիկ ուշադրութեանց, անոնք դեռ մտքէ իսկ չեն անցնիր ընդհնարպաէս, իսկ դասուց օրուան ո՛ր մասին մէջ եւ ո՛ր ճիւղէ յետոյ զետեղման խնդիրը կը լուծուի մասամբ այցելու դասատուաց տրամադրելի ժամերուն եւ մասամբ շոգենաւուց երթեւեկի ցուցակին տուած ուղղութեան համեմատ։ Շիրքէթի-Խայրիյէի ուղեցուցակները շինողները չեն մտածեր անշուշտ թէ մի եւ նոյն ատեն կը վճռեն մեր ուսանողաց օրական աշխատութեանց ընկացքը։ Կը հարցնեմ թէ իմաստուն կերպո՞վ գործածել է այս մեր տղայոց ժամանակը, ու մտաւոր ու ֆիզիքական զօրութիւնները։- Ունի՞նք, վերջապէս, միօրինակ կարգ ու կանոն մը մեր նախակրթարանաց համար, ընդհանուր ուղղութիւն մը, հիմնական նոյնութիւն ուսմանց ծրագրի ու անոր բաժանմանց. մեր դպրոցաց նոյն անունը (զոր օրինակ առաջին, երկրորդ, եւն) կրող կարգերն կամ հատուածք կը համապատասխանե՞ն միմեանց աշակերտաց հասակովն ու առած ուսման եւ հրահանգաց տեսակովն ու աստիճանաւ, գէթ մերձաւորապէս։ Ո՛չ, ո՛չ. այլ ամենուրեք տարբեր ծրագիր, տարբեր բաշխում, տարբեր ընթացք. քմահաճոյք ամենուրեք, կամ յաճախ դիպուածական վիճակ, առանց նպատակի աւանդեալ ուսմանց ընտրութեան եւ առանց համեմատութեան անոնց քանակին մէջ։ Աստ (եւ այս բազում ուրեք) բարոյականի ու առողջաբանութեան պէս կարեւորագոյն ուսմունք կը պակսին, եւ սասայն Յունաց դիցաբանութիւնը կը տեսնես առանձին առարկայ դարձած ուսման. անդ, աղջկանց վարժարանի մը մէջ, շրջանաւարտ աղջկունք գրաբար ոտանաւոր հատուած մը կը թարգմանեն ու կը վերլուծեն, եւ սակայն կը դժուարանան տալ շրջանակին սահմանն ու չեն գիտեր թէ քանի՛ ակռայ ունինք մեր բերնին մէջ, եւ անծանօթ մնացած են առտնին տնտեսութեան սկզբանց։ Մեր նախակարթարանաց յետինը մասամբ կը կարծուի նախակրթութեան սահմաններէն դուրս վազած ըլլալ, եւ սակայն կը տեսնես թէ ամենէն յառաջադէմն ալ կարեւորագոյն ճիւղերու համար նախնական կրթութեան սեմն իսկ չէ կոխած։ Անկերպարան վիճակ մը, թոհ ու բոհ։ Անմիօրինակութիւնն ամենէն աւելի մեր ժողովրդեան ուշադրութեան զարկած ու գանգատանաց առարկայ եղած կէտն է, մանաւանդ մայրաքաղաքիս մէջ ուր յաճախ թաղէ թաղ բնակութեան փոփոխմունք տեղի կ’ունենան, եւ մէկ դպրոցէն ուրիշ դպրոց մ’անցնող տղան վերջնոյն մէջ չի գտներ յաճախ նախորդին մէջ իւր ունեցածին համապատասխան կարգ մ’ու տեղ մը, ստիպուած է կամ վար մնալ կամ վեր վազել, ուսածները մոռնալ կամ չուսածները գիտցած համարուիլ, եւ այլ զանազան անպատեհութեանց զոհը դառնալ։ Միօրինակութիւն ըսելով անշուշտ չենք հասկնար ամէն մանրամասնութեանց մէջ կատարեալ նոյնութիւն, ինչ որ չէ կարելի, ո՛չ ալ փափաքելի, քանի որ տեղական պայմանք փոփոխական են եւ ունին իրենց յատուկ պահանջքներն, այլ հիմնական, ընդհանուր գծերու մէջ նոյնութիւն մը որ հարկաւոր զանազանութեանց ճկի, իսկ էական կէտերու մասին ներկայացնէ այն միօրինակութիւնն որ կարգի եւ ներդաշնակութեան պայմանն է։

Ահա՛ ինչ որ, կարծեմ, կը բաւէր ըսել (ու այս ամէնն անցեալ անգամ ըսի համառօտակի) ցոյց տալու համար թէ մեր նախակրթութիւնը դեռ բանաւոր ու մանկավարժական կազմակերպութիւն մը չէ ստացած, եւ թէ ժամանակը, է զայն անոր տալու։ Այս է մեր օրակարգի խնդրոյն պարունակած երկրորդ հարցը։ Նախակարթութիւնը իւր նախապատրաստական մասն ունի եւ իւր յաւելուածական լրացուցիչ մասն. առաջինն այսօր մանկական պարտէզներուն կամ մայրական դպրոցաց (écoles maternelles) գործն է, իսկ երկրորդն բարձրագոյն նախնական վարժարանաց (écoles primaìres supérieures)։ Այս երկուքին մէջտեղ կայ բո՛ւն պարզ նախնական կրթութիւնը որ կ’աւանդուի, ըստ երկրաց, պարզ կամ տարրական կամ ժողովրդական կամ թաղային կոչուած նախակրթարանաց մէջ։ Այս կրթութիւնն է մեր խորհրդակցութեանց բուն առարկան։ Զայն կ’ստանան ընդհանրապէս 7էն մինչեւ 13 տարեկան տղայք։ Նախակրթարանն ապա բնականաբար պարտի ունենալ իւր զանազան բաժանումներն, իւր զանազան կարգերն, իւր տարիներն, որոց մէջ բաժանուին աշակերտք ըստ հասակի եւ կարողութեան, եւ նախակրթութեան ծրագրին առարկայք աստիճանուին ըստ չափու դժուարութեան եւ ընդարձակութեան եւ նոյնպէս ըստ տիոց եւ հասողութեան ուսանողաց։ Սկզբունքով գրեթէ ընդհանրապէս ընդունուած է այսօր յԵւրոպա որ նախակրթարանին զանազան բաժանումները պարտին աւանդել նախակրթութեան ծրարգին ամէն առարկայներն աստիճանաւորեալ, հետզհետէ ընդլայնեալ, այնպէս որ նախակրթութիւնն իւր մէն մի աստիճանին մէճ ամբողջութիւն մը ներկայացնէ, եւ թէ այդ բաժամնանց հիմնական թիւը երեքն է, որ կատարելապէս կը բաւէ աշակերտներն եւ ծրագրի նիւթերը բանաւորապէս աստիճանելու, ամենէն յառաջացեալներէն կազմուելով բարձրագոյն բաժանումը, ամենէն նուազ յառաջացեալներէն ստորինը ու միջակ կարողութիւններէն միջին բաժանումը։ Գաղիական նախակրթարանց կազմակերպութիւնն հիմնուած է երեք Դասընթացքներու (cours) վրայ, որք կը կոչուին Տարրական, Միջին եւ Բարձրագոյն Դասընթացք (Cours élémentaire, Cours moyen ou intermédiaire, cours supérieur), որք, կ’ըսէ Ֆ. Պիւիսոն իւր «Մանկավարժութեան ու Նախնական Կրթութեան Բառարան»ին մէջ, «ուսման երեք աստիճաններ են. երեքէն իւրաքանչիւրը պարտի զարթուցանել, զարգացնել չափով մը մանուկին բոլոր կարողութիւնները. իւրաքանչիւրն հետեւաբար պարտի պարունակել այն զանազան հրահանգներն որք կ’աջակցին յառաջ բերելու կարողութեանց այս առաջին եւ ներդաշնակ մշակումը. իրենց ընդգրկած առարկայք կը տարբերին ընդարձակութեամբ այլ ո՛չ բնութեամբ»։ - Աւստրիոյ մէջ, 18 մարտ 1874ի Ուսմանց ծրագրին համեմատ, նախնական վարժարնի աշակերտք, երեք խումբի կամ դասընթացքներու բաժնուած են, առաջինն պարունակելով առաջին տարւոյ աշակերտներն, երկրորդն՝ երկրորդ, երրորդ եւ չորրորդ տարիներու աշակերտքն, իսկ երրորդն վերջի չորս տարիներունը։ Բրուսիական օրէնքը նախնական դպրոցը կը բաժնէ երեք աստիճաններու (Stufen), որք կը համապատասխանեն աշակերտաց յառաջցման, եւ որք, ըստ թուոյ թաղին ունեցած ուսուցչաց եւ աշակերտաց, կրնան մէջկ, երկու, երեք կամ աւելի դասարաններ կազմել, բայց ուսման ճիւղերն նոյնն ըլլալով մէն մի աստիճանի մէջ։ Սաքսոնիոյ թագաւորութեան մէջ նոյնպէս նախակարթութիւնը երեք աստիճաններ կը պարուանկէ, որոց ամէնքն ալ, կամ միայն առաջին երկուքը, կամ մէկը միայն կրնան ունենալ դպրոցք. երեք աստիճաններն ալ պարունակող դպրոցք յայնժամ Բարձրագոյն ժողովրդական դպրոցք» (höhere Volksschulen) անունը կ’առնուն, միայն առաջին երկու, տարրական ու միջինը, պարունակողներն «Միջին ժողովրդական դպրոցք» (mittlere Volksschulen), իսկ միայն տարրական աստիճանն ունեցողները «Պարզ ժողովրդական դպրոցք (einfache Volksschulen) կը կոչուին։ - Ռուսիոյ մէջ, 31 մայիս 1872ին հրատարակեալ մասնաւոր կանոնագիր մը քաղաքի նախակրթարանաց (écoles primaires urbaines) կու տայ սա՛ ներքին նկազմակերպութիւնը։ Ուսմանց ամբողջական ընթացքի տեւողութիւն մը 6 տարի է։ Միայն մէկ դասարան ուսնեցող սակաւաթիւ դպրոցաց մէջ աշակերտք երեք յաջորդական հատուածթներու բաժնուած են, որոց իւրաքանչիւրին մէջ սովորաբար երկու տարի կը մնան։ Երկու դասարանէ բաղկացեալ դպրոցաց մէջ, առաջին ադասարանին ընթացքը 4 տարի կը տեւէ եւ աշակերտ երկու հատուածի բանժուած են, իսկ երկրորդ դասարանին ընթացքը 2 տարի կը տեւէ։ Երեք դասարան պարունակող դպրոցաց մէջ, իւրաքանչիւրին ընթացքն երկամեայ է։ Չորս դասարանով դպրոցաց մէջ, առաջին երկուքին ընթացքը կը տեւէ երկուքական տարի, իսկ միւս երկու դասարանացն մէկ մէկ տարի։ Դպրոցին մէջ ա՛յնքան ուսուցիչ կայ որքան դասարան։

Սկզբամբ գրեթէ մի եւ նոյն հիման վրայ հաստատուած այս զանազան դպրոցական կազմակերպութեանց տիպերէն մասնաւորապէս գաղիականը անցեալ նստի մէջ առաջարկեցի օրինակ առնուլ մեզ մեր նախակրթարանաց կազմական բարեկարգութեան գրոծոյն համար, իբրեւ ըստ իս ամենէն գործնականը, իբրեւ մին ամենէն լայներէն, ամենէն յարմարն ընդհանուր միօրինակութիւն մը հաստատելու, մի եւ նոյն ատեն ամենէն ճկունն ըլալով տեղական պարագայներու պատշաճելու, միանգամայն եւ իբրեւ այն որ կրնայ ամենէն աւելի լաւ ճանչցուիլ եւ իւր մանրամասնութեանց ու գրծադրութեան եղանակաց մէջ ամենէն աւելի ընդհանուր կերպով ուսումնասիրուիլ մեզմէ, քանի որ միշտ Տաճկահայոցս մտաւոր յառաջդիմութեան գլխաւոր սատարը Գաղիոյ գրական ու գիտական մատենագրութիւնը եղած է։ Գաղիական կրթական օրէնքը (Օրէնք 28 մարտ 1882ի եւ Որոշմնագիր 27 յուլիս 1882) նախնական կրթութիւնը հանրային վարժարանց մէջ կը բաժնէ երեք դասընթացքներու (cours), «տարրական», «միջին» եւ «բարձրագոյն», որոց երեքին ալ կազմութիւնը պարտաւորիչ կը դնէ ամէն դպրոցաց համար, ի՛նչ որ ըլլայ դասարանաց ու աշ ակերտաց թիւը։ Երբ թաղի մը մէջ առանձինն մանկապարտէզ կամ մայրական դպրոց չկայ, դպրոցական տարիքէն (7 տարեկան) վար եղող տղայք նախակրթարանը կ’ընդունուին եւ անոնց համար կը կազմուի մի «մանկական դասարան» (classe enfantine) կամ, ըստ մեզ, «ծաղկոց»։ Եթէ դպրոցի մը մէջ նախնական ուսմանց վկայականն ստացող տասն աշակերտք կան որք, բարձրագոյն դասընթացքն լրացուցած, կը բաղձան շարունակել իրենց կրթութիւնը, կրնայ «լրացուցիչ դասընթացք» մը (Cours complémentaire) հաստատուիլ մէկ տարւոյ տեւողութեամբ։ - Ուսմանց տեւողութիւնը կը բաժնուի հետեւեալ կերպիւ. (Յօդ. 3, Որոշմն. ) Մանկական դասարան, մէկ կամ երկու տարի, ըստ այնմ որ տղայք մտնեն 6 կամ 5 տարեկան. Տարրական դասընթացք, երկու տարի, 7էն 9 տարեկան. Միջին դասընթացք, երկու տարի, 9էն 11 տարեկան. Բարձրագոյն դասընթացք, երկու տարի, 11էն 13 տարեկան. Լրացուցիչ դասընթացք բարձրագոյն նախանական կրթութեան, մէկ տարի։- Մէկ ուսուցիչ եւ մէկ դասարան (classe) ունեցող դպրոցաց մէջ, ո՛չ միջին եւ ո՛չ բարձրագոյն դասընթացքներուն մէջ ո՛չ մի բաժանում պիտի կրնայ հաստատուիլ, եւ 9 տարեկանէն վար տղայոց համար 2 բաժանումէն աւելի չպիտի կրնայ հաստատուիլ։ Միայն երոկւ ուսուցիչ ունեցող դպրոցաց մէջ, մին պիտի ստանձնէ միջին եւ բարձրագոյն դասընթացքները, միւսը տարրական դասընթացքը՝ ի միասին ըլլալով, եթէ տեղի կայ, 7 տարեկանէն վար տղոց հատուածը։ Երեք ուսուցիչ ունեցող դպրոցաց մէջ, մէն մի դասընթացք առանձին դասարան մը կը կազմէ։ Չրոս դասարանով դպրոցաց մէջ, տարրական դասընթացքը երկու դասարանի բաժնուած պիտի ըլլայ, միւս երկու դասընթացից իւրաքանչիւրը մէկ դասարան պիտի կազմէ։ Հինգ դասարանով դպրոցաց մէջ, տարրական դասարանը երոկւ, միջինը երկու, իսկ բարձրագոյնը մէկ դասարան պիտի կազմէ։ Վեց դասարանով դպրոցաց մէջ, երեք դասընթացից իւրաքանչիւրը երկու դասարան պիտի կազմէ։ Ամէն անգամ որ մի եւ նոյն դասընթացքին երկու դասարան պարունակէ, մին դասընթացքին առաջին տարին պիտի կազմէ, միւսը երկրորդ տարին։ Մի եւ նոյն դասընթացքին երկու դասարանները պիտի հետեւին ուսմանց մի եւ նոյն նախագծին (programme), բայց դասերն ու վարժութիւնք աստիճանաւորեալ պիտի ըլլան, այնպէս որ աշակ երտք երկրորդ տարւոյն մէջ կարենան վերստին տեսնել, աւելի խորցնել ու լրացնել առաջնոյն ուսմունքը։ Վեց դասարանէն վեր, վաժարպետաց թիւն ի՛նչ ալ ըլլայ, ո՛չ մի դասընթացք չպիտի կրնայ երկու տարիէն աւելի ունենալ։ Վեցէն աւելի եղող դասարանք, առանց հաշուելու մանկական դասարանն, պիտի լինին համընթաց դասարանք, դասընթացքի մը առաջին կամ երկրորդ տարւոյն աշակերտաց առաւելեալ թիւը յերկուս բաժնելու միայն սահմանեալ։ (Յօդ. 4, 5, 6, 7, 8, 9, 10, 11 Որոշմն. Հանրային նախակրթարանաց մէջ աւանդեալ կրթութիւնը եռակի առարկայ ունի, դաստիարակութիւն ֆիզիքական, դաստիարակութիւն իմացական, դաստիարակութիւն բարոյական, որոց պահանջած աստիճանաւորեալ դասք եւ հրահանգք մանրամասնուած են սոյն Որոշմնագրոյն կցուած ուսումնական պրագրոց մէջ։ Օրէնը կը պատուիրէ մէն մի դպրոցական տարույ սկիզբն օր առ օր եւ ժամ առ ժամ ժամանակի գործածութեան շաբաթական ցուցակին յօրինուիլն ի ձեռն դպրոցին տնօրէնին կամ գլխաւոր ուսուցչին, որպէս զի, յետ հաւանութեան կրթական շրջանակին այցելու տեսչին, կախուի դասարանց մէջ, եւ կը թուէ մի առ մի այն ընդհանուր պայմաններն զորս լրացնել պարտի լաւ ժամանակացոյց մը եւ որոց վրայ համառօտ գաղափար մը տուինք արդէն։ Ուսմանց ծրագիրը նախակրթութեան երեք աստիճանաց, երեք դասընթացից համար ալ կը ներկայացնէ մի եւ նոյն ճիւղերն, որք են. 1. Ֆիզզիքական դաստիարակութեան համար՝ առողջապահութեան եւ մաքրութեան խնամք եւ պատուէրք, մարմնամարզք, ձեռական աշխատութիւնք. 2. Իմացական դաստիարակութեան համար՝ ընթերցում, գիր, մայրական լեզու, պատմութիւն, աշխարհագրութիւն, քաղաքացւոյ ուսում (instruction civique), գործնական իրաւագիտութիւն (droit usuel), տնտեսագիտական ծանօթութիւնք, թուաբանութիւն, երկրաչափութիւն, գծագրութիւն, գործնական տարերք բնագիտական եւ բնապատմական գիտութեանց, հողագործական եւ պարտիզպանական գիտելիք, երգ. 3. Բարոյական դաստիարակութեան համար՝ բարոյախօսութիւն (ուսումն պարտուց առ անձն, առ ընկերութիւնն, առ Աստուած), դպրոցին մէջ եւ դպրոցէն դուրս գործնական կիրառութեամբք եւ մանաւանդ աշակերտին միջավայրէն առնուած օրինակներու վրայ ու շադրութիւն դարձուելով։ ՊԱշտօնական Ծրագիրք մանկական դասարանի իրագիտական դասուց համար ամիսներու բաժնուած մանրամասն յատուկ ծրագիր մը տալով, թելադրած են գաւառական կրթական իշխանութեանց նոյնն ընել իրենց շրջանակին մէջ ամէն դասընթացից ուսման մէն մի ճիւղին համար, որպէս զի իւրաքանչիւրին ընդարձակութիւնն ու սահմանները ճշդուին, ընդհանուր ծրագրի մ’ունեցած տարտամութիւնը անհետանայ, ուսուցչաց ընթացքը կանոնաւորի, մի եւ նոյն շրջանակի դպրոցաց համապատասխան դասընթացից եւ դասարանաց մէջ համընթացութիւն գտնուի եւ վարչական հսկողութիւնն ալ որոշ կռուան ու դիւրութիւն ունենայ։ Զանազան գաւառաց մէջ պատրաստեալ այսպիսի «ամսական բաշխումներ» (répartition mensuelle) ինչ ինչ տարբերութեամբք ու տեղական պատշաճմամբք արդէն կատարած են զայս գործ։

Այսպիսի մանկավարժական կազմակերպութեան մը ըստ նինքեան ներկայացուցած առաւելութիւնք ակներեւ են։ Նախակրթութեան երեք դասընթացքներու բաժանումը, փոխանակ «առաջին կարգ», «երկրորդ կարգ», «երրորդ կարգ» եւայլն անորոշ բառերուն, բնական ու բանաւոր բաշխում մ’է աշակերտաց ըստ հասակի եւ զօրութեան, ու հիմնական միօրինակութիւն մը կը դն է նախ ամէն նախակրթարանաց մէջ, ըլլան գիւղային, ըլլան քաղաքային, աղքատ կամ հարուստ թաղերու վերաբերալ։ Ուսմանց ընհանուր ծրագիրը կը պարունակէ մարդուն ու քաղաքացւոյն անհրաժեշտ ամէն գիտելիքները։ Անոր գլխաւոր հանգամանքն այն է որ իւր մասերէն իւրաքանչիւրն կատարեալ ամբողջ մը կը կազկմէ։ «Անդստին տարրական դասընթացքէն, կ’ըսէ Ժ. Կայեառ, նախակրթութեան տեսուչ ի Բարիզ, իւր «Մանկավարժական կազմակերպութիւն» յօդուածին մէջ [2], ուսուցման բոլոր նիւթերն ալ կ’ընդգրկուին իւրեանց նախատարերց մէջ, այնպէս որ բաւականաչափ ամբողջութիւն մը կրնան կազմել։ Միջին դասընթացքին մէջ ամէնքն ալ ընդլայնում մը կը ստանան։ Բարձրագոյն դասընթացքին մէջ, օրէնքէն նշանակուած մեծագոյն աստիճանին կը հասնին»։ Եւ այս հանգամանքն, բաց ի մանկավարժական առաւելութենէն, սա մասնաւոր օգուտն ալ ունի որ առանց բարձրագոյն աստիճանին հասնելու դպրոցէն ելնող տղայն միշտ իւր չափին մէջ ամբողջական հմտութիւն մը կը տանի իւր հետ, «զոր յետոյ, կ’ըսէ Կռէառ, որ մասնաւորապէս կը շեշտէ զայս առաւելութիւն, դիւրին պիտի ըլլայ իրեն պահել եւ ընդլայնել, թէ՛ ինքնիրեն հայրենի տան մէջ եւ թէ՛ արհեստավարժ չափահասից դասարաններու մէջ»։ Այս օգտաւէտ պարագայ մեծ կշիռ կը ստանայ անշուշտ յաչս այն ժողովրդոց մանաւանդ առ որս նախակրթութիւնը օրինօք պարտաւորիչ չէ դարձած։ Բաց աստի դասընթացքներու համընթացութիւնն մի եւ նոյն կրթական շրջանակի դպրոցաց մէջ, միօրինակ ամսական բաշխմամբ ապահովեալ, կը ներէ թաղ փոխող աշ ակերտին որ նոր դպրոցին մէջ՝ ուր կը փոխադրուի՝ կարենայ իրեն յարմարագոյն բաժնին մէջ զետեղուիլ իսկոյն առանց խանգարելու իւր ուսմանց կարգը։ Իւրաքանչիւր դասընթացքի երկրորդ տարիները, որ ք նախորդը կը կրկնեն ինչ ինչ ընդլայնմամբք եւ յաջորդութիւնն երեք դասընթացից որք ծրագրի մի եւ նոյն նիւթերը կ’առնուն վերստին զարգացնելու եւ անորոշէն, հարեւանցիէն հետզհետէղ դէպ ի որոշն, դասաւորեալն տանելու համար, իբրեւ երեք համակեդրոն շրջանակներ որք կը լայնին տակաւ, յարմարագոյն եղանակը չե՞ն, կրկնութեան ու աստիճանական զարգացման շնորհիւս մտաց մէջ անջինջ ու խոր քանդակելու ստացեալ կրթութիւնն։ Դասընթացքին ու դասարանին իրարմէ որոշ ու զատ ըմբռնումը եւ դասարանաց ու վարժապետաց թուոյն աշակերտաց թուոյն համեմատուիլը մեծ առաւելութիւններ են դարձեալ որովք հնար կը լինի, առանց աղքատիկ թաղերու աննպաստ կացութենէն արգիլուելու, հիմնապէս մի եւ նոյն թրագիրը գործադրել յետին գիւղին ու առաջին ոստանին մէջ եւ մի եւ նոյն նախնական կրթութեանմ’էական առաւելութեանց մասնակից ընել շինականին ու քաղաքացիին զաւակները։ - Ուսումնական Խորհրդոյ մէջ իմ պատուարժան պաշտօնակցացս առաջարկած եմ արդէն մեր նախակրթութիւնն հիմնել ըստ գաղիականին երեք դասընթացքներու վրայ, իւրաքանչիւրն երկամեայ տեւողութեամբ, առաջարկ որու համամիտ գտնուած են, եւ համոզուած եմ որ ուրիշ յարակից կէտերու մասին ալ օգտակար պիտի լինի մեզ ներշնչուիլ մի եւ նոյն դպրոցական կազմակերպութենէն, որ երկար փորձերու եւ գիտութեան արդիւնք է, որոյ ամէն տրամադրութիւնք ալ, որպէս տեսանք, Գաղիոյ յատուկ չեն եւ ոչ ամբողջութեամբ Գաղիացւոյց նախաձեռնութեան պտուղ։ Բայց ըստ որում որեւէ դպրոցական ներքին նոր կարգադրութիւն՝ որ գործադրուելու համար ուսուցչաց աջակցութեան կը կարօտի՝ չի կրնար իւր բոլոր արդիւնքն յառաջ բերել, եթէ ուսոցիչք ինքնին համոզուած չլինի անոր օգտակարութեան ու բանաւորութեան եւ կերպիւ իւիք մասնակացծ անոր հաստատութեան, իմ կարծիքն այն եղաւ որ պէտք էր նոր կազմուելիք վիճակին ու հիմնելի դրութեան վրայ կանխաւ համոզում գոյացնելմ եր ուսուցչաց մէջ՝ իրենց խորհդածութեանց ենթարկելով զայնս։ Ինչ որ ըրինք։ Վստահ եմ, ազնիւ Պաշտօնակիցք, դուք ամենէն յառաջ ու ամենէն աւելի զգացած էք մեր նախակրթարանաց արդի անկազմ ու խառնափնդոր վիճակին թերութիւններն ու հիմնական դարմանի անհրաժշետ պէտքն, եւ կը յուսամ որ դուք եւս համամիտ պիտի լինիք թէ բացատրեալ դրութեան հետեւողութիւն մը դործնական ու արդիւնաւէտ ճամբու մը մէջ պիտի դնէ զմեզ յետ երկարատեւ խարխափմանց ու վնասուց։ Այս հետեւողութիւնն անշուշտ չպիտի լինի կէտ առ կէտ, կոյր, այլ պատտշաճեցմամբ մեր առանձին հանգամանաց, պայմաններուն, պիտոյից։ Զոր օրինակ, ԳԱղիացին իւր նախակրթարանի մէջ գաղիերէնէ զատ լեզու չ’ուսուցաներ. մենք, բացի հայ լեզուէն, պարտաւոր եմք ուսուցանել պետական լեզուն՝ թուրքերէնը եւ բազում ուրեք նաեւ Գաղիերէնը։ Կրօնի դասը մասնաւոր կարեւորութիւն ունի մեզ համար, որ կրօնական ժողովուրդ մ’ենք։ Թող չկարծուի նաեւ թէ միամտաբար կը խորհիմք որ նոր կակզմակերպութիւն մը, նոր դրութիւն մը, իբր մոգական գաւազանաւ, յանկարծ ամէն ինչ պիտի փոխէ ի մեզ, ամէն փտութիւն պիտի նորոգէ, ամէն ինչ ի լաւն պիտի շրջէ։ Ո՛չ. անտարակոյս դեռ շատ բանի պէտք կայ ու պիտի ըլլայ, արդիւնաւէտ գործելու համար հաստատեալ կարգ ու հրատարակեալ ծրագիրներն. մանաւանդ, որպէս իրաւամբ կը դիտէր ազգային թերթ մը, պէտք մարդու, կարող մարդերու, այսինքն կարող ու ձեռնհաս մանկավարժ ուսուցիչներու եւ եսուչներու, վարիչներու։ Այո՛, այդ ամէնը ճշմարիտ է, սակայն ճշմարիտ է նաեւ թէ Բարիզ մէկ օրէն չշինուեցաւ, ինպչէս կ’ըսէ գաղիական առածը, թէ ամէն բանի մէջ կարգ մը կայ, թէ յառաջադիմութիւնը դէպ առաջ առնուած ոքր փոքր քայլերու շարք մ’է, թէ ամէն այլերէն յառաջ կայ ու պէտք է լինի առաջին քայլը, եւ թէ զմեզ զբաղեցնող նախակրթական բարեկարգութեան խնդրոյն մէ առաջին ու վճռական քայլ մ’է անշուշտ նախակրթարանաց ծրագիրքն ու անոնց բաժանմունքը, աշակերտաց դասաւորութեան ու դասարանաց կազմութեան պարագայները, ժամանակի գործածութիւնը, ուսուցչաց պարտիքն ու պաշտօնավարութեան եղանակը գիտապէս, փորձառապէս ճշդող մանկավարժական կազմակերպութիւն մը։ Ա՛լ անկէ յետոյ յառաջդիմել դիւրին կը լինի համեմատաբար. ճամբան հարթուած ու գծուած է, եւ քան զմեզ յառաջադէմք կը ցուցնեն մեզ ուղւոյն դժուարութեանց յաղ թելու եղանակը, իրենց փորձեալ ու զարգացեալ մեթոտներով եւ իմաստութեամբ ու գիտութեամբ պատրաստուած դասագրքերով, յորոց յայնժամ ուղղակի օգտիլ հնարաւոր պիտի լինի մեզ։ Մեր ուսուցիչք, տակաւ բուն նախակրթիչներ դարձած, պիտի կրնան, այո՛, ուղղակի օգտիլ եւրոպեան մանկավարժական գրականութենէն, հանդէսներէն ու գրքերէն, զի պիտի կրնան ուղղակի գործադրել ու փորձել իրենց ուսածն, մինչդեռ այժմ, գիտեմ, կան մէկէ աւելի ուսուցիչներ, հետամուտ, զոր օրինակ, գաղիացի մանկավարժից հրատարակութիւններուն, որք սակայն իրենց ամենօրեայ գործին համար, չեմ ըսեր բնաւ, այլ շատ օգուտ չեն ք աղեր իրենց ուսումնասիրութիւններէն, քանի որ, մեր դպրոցաց ու ծրագրոց կազմակերպութիւնն լինելով տարբեր ուր, ըսե՛մք բառը, հակամանկավարժական իսկ, միջոց չունին անոնց անմիջական կիրառութիւնն ընելու։ Այս կերպով տակաւ մեր ուսուցիչք, որոց մէջ կը հաւատամ թէ կան շատ բարի կամեցողութիւններ, իրենց գործոյն անկեղծ սէրն ու լաւագունին տենչն ունեցողներ, իրենք զիրենք պիտի կազմեն, պիտի զարգացնեն, եւ այն մարդերը՝ որոց պակասութեան վրայ կ’ողբար քիչ յառաջ ակնարկած թերթս՝ պիտի գոյանան, պիտի շատնան։ Ջերմութեամ պիտի ուսումնասիրուին լաւագոյն մեթոտները, երբ անգամ մը գիտնամք թէ ի՛նչ բանի եւ որո՛ց համար ի գործ պիտի դրուին անոնք, եւ պիտի ունենամք ընտիր, մեթոտհիկ, նպատակայարմար դասագրքեր որոնք պիտի գործածուին։ Շեշտեցի այս բառը, «պիտի գործածուի՛ն», վասն զի ցարդ թէ եւ ինչ ինչ մանկավարժական ուղղութեամբ դասագրքեր յօրինուեցան ի մեզ թարգմանօրէն կամ հետեւողութեամբ, ինչպէս Տիկին Բաբ-Քարբանդիէի գործերէն մէկ քանիները, մասամբ «Ֆրանսինէ» կոչուած ընթերցանութեան գիրքը եւ ուրիշներ, բայց չգործածուեցան, չհասկցուցենա, անօգուտ մնացին, զի մեր ուսուցիչք ու տնօրէնք չէին կրնար գիտնալ ու գտնալ թէ ճշդիւ մեր ար դի դպրոցական կարգերէն ու ծրագրի առարկայներէն որո՛ւն կը պատշաճէին անոնք։ Կը յուսանք թէ յայնժամ աւելի ալ զգալի պիտի ըլլայ վարժապետ ու վարժուհի պատրաստող գէթ երկու յատուկ գպրոցներ եւ մի քանի ուսուցչավարժ դասընթացքներ հաստատելու պէտքն, որով լրջօրէն կ’ապահովուի մեր մատաղ սերնդեան ֆիզիքական, իմացական ու բարոյական դաստիարակութեան կենսական գործը։

Վերջացնելէ յառաջ կ’ուզեմ պատասխանել երկու առարկութեանց։ - Անցեալ նստի մէջ, Մ. Անդրէասեան էֆէնտի, նախկին աշակերտ Գէորգեան Ճեմարանի, կասկած յայտնեց թէ նախակրթութեան առարակյից, ըստ գաղիական դրութեան, երեք դասընթացքիներու մէջ ամփոփումը, որ իրօք ուսման եռամեայ ընթացք մ’ըսել է, կրնա՞յ երաշխաւորել աշակերտաց բաւականաչափ զարգացումը, եւ ինք, փոխանակ երկամեայ երեք դասընթացքներու, կ’առաջարկէր հնգամեայ ընթացք մը, մէն մի տարին ունենալով իւր առանձին ծրագիրն, առարկելով նաեւ թէ գերմանականն, 6 տարի շարունակելով ու ամէն տարի ուսմանց նիւթերը փոփոխելով ու յառաջ տանելով, կը հասցնէ աշակերտք աւելի զարգացեալ վիճակի մը։

Առանց մանր փնտռելու թէ «գերմանականն» ըսելով Գերմանիոյ ո՞ր տէրութեան մէջ ի գործ դրուած դպրոցական օրէնքը կամ դրութիւնը կ’ուզէ իմանալ Անդրէասեան էֆէնտին, վասն զի յայտնի է թէ Գերմանիա անունը կը բացատրէ ամբողջութիւն մը թագաւորութեանց, մեծ-դքսութեանց, դքսութեանց, իշխանապետութեանց եւ ազատ քաղաքաց, որոց մէն մին իր յատուկ օրէնսդրութիւնն ունի իւր ներքին իրաց համար, հոս յառաջ կը բերեմ Հիբբօյի «Հանրային կրթութիւն ի Գերմանիա» անուն գրքէն, հրատարակեալ ի 1873, Վիւրդէմպէրկի թագաւորութեան նախակրթարանի մը Ուսմանց ծրագրին վերջին տարւոյն առարկայներն ու յետոյ Գաղիոյ նախակրթութեան բարձրագոյն դասընթացքին ծրագիրն, ու թո՛ղ բաղդատութիւնը խօսի իմ փոխանակ։ Պէտք է յաւելցնել թէ ի Վիւրդէմպէրկ, ըստ 1870ի կրթական ծրագրոց, նախակարթարանի ընթացքը 8 տարի կը տեւէ 6էն 14 տարեկան։ Արդ 8րդ տարին աշակերտք ունի Ընթերցումն լաւ առոգանութեամբ, լատին գիր (այսինքն գերման հեղիանկներէ քաղուած ու գաղիերէն տառերով տպեալ հատուածոց ընթերցումն), գրական շարադրութիւնք, նամակք, ընթացիկ հաշիւք, ընկալագիրք եւն, հաշուական խնդիրներ սովորական կեանքի ընթացքին մէջ պատահող իրողութեանց վրայ, ընթերցումն եւ արտասանութիւն Աստուածաշնչի մի քանի հատուածոց, Սրբազան պատմութիւն՝ նախորդ տարուան պէս. (նախորդ տարին ալ նշանակուած է իր նախորդին պէս, այն ալ իրենին, եւ այսպէս մինչեն առաջին տարին ուր նշանակուած է «կարճ պատմութիւնք առնուած Հին եւ Նոր Կտակարանէ». երրորդ տարւոյն մէջ գրուած է նաեւ «Ուսուցիչը իրողութիւն մը կը պատմէ, եւ աշակերտք կը վարժին զայն իրմէ յետոյ պատմելու». այս իրողութիւն յետոյ կ’ըլլայ «դէպք», եւ աշակերտք «կը կրկնեն», ո՛չ թէ «կը վարժին կրկնել». ), նկարագիր հինգ մասանց աշխարհի, եւ Գերմանիոյ մասնաւորապէս. օդերեւութաբանական երեւոյթք, փոթորիկք, սկզբունք հողագործութեան եւ առողջաբանութեան, երգ՝ որպէս նախորդ տարին, ուր նշանակուած է երգ երկու եւ չորս ձայնով։ Բրուսիական նախակրթարանին մէջ, որպէս կը յայտնիէ Էմիլ տը Լավըլէյ իւր «Կրթութիւն ժողովրդեան» անուն գրքին մէջ (1872), ուսման առարկայք են կրօնք՝ շաբաթական 6 ժամ, ընթերցում եւ գիր՝ 12 ժամ, հաշիւ՝ 5, երգ՝ 3 ժամ։ «Տղոց կը տրուին, կ’ըսէ Լավըլէյ, պատմութեան, աշխարհագրութեան, բնագիտութեան, բնական պատմութեան եւ գործնական գիտելեաց ծանօթութիւններ, բայց այս ծանօթութիւնք առանձին ճիւղ չեն կազմեր, ընթերցանութեան ընթացքին մէջ կը մտնեն առանձին հատուածներու միջոցաւ զորս ուսուցիչը կը բացատրէ»։ Քիչ մը հեռուն կը յաւելու. «ի Բրուսիայ նախնական կրթութեան յատկանիշն է սահմանաւորումն աւանդեալ նիւթոց, որք շատ աւելի քիչ են քան ի Սաքսոնիա եւ ի Վիւրդէմպէրկ»։ Այժմ ակնարկ մը նետենք Սէնի նահանգին նախակրթութեան ծրագրոյն վրայ (որ այժմ աւելի եւս զարգացեալ է ըստ վերջին պաշտօնական ծրագրոց) ուր բարձրագոյն ընթացքին համար կը գտնեմք նշանակեալ Բարոյական եւ կրօնական կրթութիւն Քրիստոնէական վարդապետութիւն ըստ հրահանգի կրօնից պաշտօնէին. Հին եւ Նոր կտարակարն. Ընթերցանութիւն ընթերցումն գրքերու եւ ձեռագրաց մէջէ, բացատրութեամբք եւ ամփոփմամբք. ընթերցումն լատիներէնի. Գիր ընթացիկ, բոլոր եւ կոագիր. Գաղիերէն լեզու պատճառաբանեալ կիրառումն քերականութեան կանոնաց ի վերայ դասական բնագրաց. վարժութիւնք պրազ տեսակ շարադրութեան. Հաշիւ կամ համարողութիւն պատճառաբանեալ ուսումն թուաբանութեան (ամբողջ եւ տասնորդական թիւք, հասարակ կոտորակք), կիրառումն գործնական խնդրոց. Չափական դրութիւն կիրառումն մեդրական դրութեան մակերեւոյթներ եւ ծաւալներ չափելու. (այժմ պաշտօնական ծրագիրք կը յաւելուն ամփոփ ծանօթութիւնք ի վերայ մակարդակ երկրաչափութեան եւ չափման գործածական ծաւալից). Տարերք բնագիտական ու բնապատմական գիտութեանց (այս մասը փոխ կ’առնում նոյն իսկ պաշտօնական ծրագրէն) - «Մարդը» (ծանօթութիւնք ի վերայ մարսողութեան, արեան շրջանի, շնչառութեան, ջղային դրութեան, զգայարանաց. գործնական խարտք առողջապահութեան, զեղծումն ալքոհոլի, ծխախոտի, եւն։

Անասունք, մեծ գիծք դասակարգութեան, օգտակար եւ վնասակար կենդանիք. բոյսք, էական մասունք տնկոց, գլխաւոր խումբք, բուսախնդրութիւնք. Հանքք, ամփոփ ծանօթութիւնք ի վերայ հողոյ, ժայռից, բրածոյից, գետնոց. Առաջին ծանօթութիւնք բնագիտութեան եւ բնալուծութեան. աւելի դասաւորեալ ծանօթութիւնք հողային վաստակոց, մշակութեան գործեաց, ճախճախուտ վայրերու ցամաքեցուցման, բնական եւ արուեստական պարարտութեանց, սերմանացանութեանց ու քաղից, հողագործական հաշուակալութեան. ծանօթութիւնք պարտիզամշակութեան, գլխաւոր եղանակք տեղւոյն օգտակարագոյն բուսոց բազմապատկութեան, ծառամշակութեան ծանօթութիւնք, կարեւորագոյն պատուաստմունք. Պատմութիւն Գաղիոյ վերատեսութիւն Գաղիոյ պատմութեան՝ սկիզբէն մինչեւ ի հարիւրամեայ պատերազմն եւ ընդլայնեալ պատմութիւն անտի մինչեւ մեր օրերն, (այժմ վերջին պաշտօնական ծրագիրք կը յաւելուն՝ խիստ ամփոփ ծանօթութիւնք ընդհանուր պատմութեան, հնութեան համար՝ Եգիպտոս, Հրեայք, Ելլադա, Հռոմ, Միջին դարու եւ Նոր ժամանակաց համար՝ մեծ դէպքերն, ուսումնասիրուած մանաւանդ Գաղիոյ պատմութեան հետ իրենց առնչութեանց մէջ). Աշխարհագրութիւն բնական, քաղաքական աշխարհագրութիւն Եւրոպիոյ. աւելի ամփոփ աշխարհագրութիւն աշխարհի այլ մասանց, քարտիսագարկան վարժութիւնք մտաւոր)։ Վերջապէս Գծագրութիւն, գծական եւ զարդագծական, Երգ (ուսումն սկզբանց եւ երգեցողութիւն միաձայն կամ խմբովին երաժշտական հատուածոց), Յիշողութեան վարժք (ծաղկաքաղ հատուածք ի դասական բնագրաց), Կար՝ աղջկանց համար։

«Բայց սխալ մը կայ ուրեմն, կ’երեւի թէ լաւ հասկցուած չէ. այսչափ բան երեք դասընթացքի, գրեթէ երեք տարիներու ընթացքի մէջ ի՞նչպէս կարելի է սղմեցնել. ուրեմն երկրորդ տարիները լոկ կրկնութեան ու թեթեւ ընդլայնմամբ մը միայն վերատեսութեան տարիներ չպիտի ըլլան, այլ միանգամայն շարունակութեան, այնպէս որ վեց ընթացքի կամ տարւոյ կ’երեւի թէ կ’ստորաբաժանի նախակրթութեան ընթացքն ի Գաղիա եւ ո՛չ երեքի»։ Այս է Մ. Անդրէասեան էֆէնտիի եր կրորդ առարկութիւնն։ - Ո՛չ, եղբայր իմ. ձեզ խօսողը փոյթն ունեցած է ըստ կարի լաւ ուսումնասիրելու ինչ որ պատիւն ունի ձեզ ներկայացնելու։ Արդէն գաղիական կրթական օրինաց այն տրամադրութիւնքն, զորս քիչ յառաջ մէջ բերի, կարծեմ, բաւական եղան ապահովելու վարանոտ մտքերը բացատրութեանս ճշդութեան վրայ։ Իւրաքանչիւր դասընթացքի ծրագիրը կ’ստորաբաժանի մէկ տարւոյ տասն ամիսներու վրայ եւ հետեւեալ տարին անոնք որոց դեռ տարիքն ու կարողութիւնը չն երեցին անցնիլ վերին դասընթացքին՝ կը կրկնեն մի եւ նոյն ընթացքն իրենց դասընթացքին մէջ նոր մտնողներուն հետ։ Երբ դպրոցին զարգացման աստիճանը ներէ, զոր օրինակ մէկէ աւելի ուսուցիչներով դպրոցաց մէջ, որք նախակրթարանի զարգացեալ տիպերն են, մէն մի դասընթացք առանձին դասարան կազմելով, դիւրին կը լինի առաջին եւ երկրորդ տարիներու աշակերտաց խումբեր կազմել եւ, թէ եւ երկուքին ալ վրայ «մի եւ նոյն ծրագիրը» գործադրելով դարձեալ, աստիճանաւորում մը դնել դասուց եւ հրահանգաց մասին, որպէս օրէնքը կը տրամադրէ։ Այս բան աւելի եւս կը դիւրանայ երբ դպրոցն ա՛յնքան հարուստ է աշակերտներով որ մինչեւ իսկ դասընթացքի մը երկու տարիներն առանձին դասարաններ կը կազմեն ու առանձին ուսուցիչ կ’ունենան։ Իսկ մէկ ուսուցիչով գիւղական դպրոցի մը մէջ, զոր օրինակ, ուր երեք դասընթացք ալ ի միասին մէկ դասասրահի մէջ են, դժուարին կը լինի իւրաքանչիւր տարւոյ աշակրետաց առ անձին խումբ կազմելը, վասն զի մէկ ուսուցչի, եթէ օգնական աշակերտ մ’ալ ունենայ, անկարելի կը դառնայ վեց խումբի դասախօսել առանձին առանձին Առ առաւելն ստորին դասընթացքը կրնայ ի հրակին հատուածներու բաժնուիլ ընթերցման եւ հաշուոյ համար, մնացեալին համար դարձեալ հաւաքական դասեր ստանալով։ Անշուշտ միշտ պէտք չէ մոռնալ թէ կարգ մ’աշակերտք անցեալ տարի մ’ունին բրած եւ պէտք չէ առ ոչինչ համարիլ տալ ստացեալ ուսումն եւ աշակերտն անհոգութեան մատնել երկրորդ տարին։ «Ամսական բաշխում» խնդրող եւ հաստատող անձանց մտքէն չէ անցած բնաւ, կ’ըսէ Ժ. Կայեառ, դպրոցական տարւոյ մ’սկիզբն նախորդ տարւոյն մէջ շահեալն զանց առնել։ Եթէ թուաբանութեան մէջ բաժանման հասնող տղան իւ կարդալու, յաւելում եւն ընելու կը վերադառնայ, այդ բաներն աւելի մանրամասնութեամբք վերստին տեսնելու համար, զանոնք լա՛ւ եւս հասկնալու համար է. բայց անշուշտ բնաւ արգելք չկայ որ յարմար վաժրութիւններով տղուն արդէն ունեցած ծանօթութիւնքն պահել տրուի։ Արդէն այլապէս գործել խոհեմութիւն չպիտի ըլլար»։ Նմանօրինակ առարկութեան մը պատասխանելով, Կայեառ կ’ըսէր արդէն «Այդ առարկութիւնը իւր ոյժը կը կորսնցնէ, եթէ, գործադրութեան մէջ, ուսուցիչն ուզէ համոզուիլ թէ տղայ մը չէ կարող մի միակ տարւոյ մէջ ուսանիլ դասընթացքի մը ծրագրին ամբողջ նիւթը։ Անշուշտ երկրորդ տարի մը պիտի ըն է, կա՛մ մի եւ նոյն դասարանին մէջ՝ եթէ նդիրը գիւղական դպրոցի մը վրայ է, կամ նոյն դասընթցաքին վերին բաժանման մէջ եթէ տղան քաղաքային վարժարանի մէջ է։ Պէտք է ուրեմն որ ուսուցիչը մի եւ նոյն բաժանման տղայոց միայն այնչափ տայ որ չափ կրնար առնուլ. հարկաւոր չէ որ ամբողջ նշանակեալն ըսուի, ո՛չ ալ որ ամէն ինչ մի եւ նոյն աստիճանաւ ընդլայնուի։ Պէտք չէ ուշադրութենէ վրիպեցնել որ տարրական դասընթացքի ծրագիրը, այնպէս որպէս նշանակեալ է ամսական բաշխման ցուցակին մէջ, կը ցուցնէ ոչ թէ այն ամէն բանը զոր աշակերտ մը իր հարկէ պիտի սովրի մէկ տարուան մէջ, այլ այն ամէնն զոր պարտի գիտնալ միջին դասընթացքն անցնելու համար։ Ուրեմն չէ կարելի խորհիլ ամբողջ դստիկոնն մէկ անգամէն ելնել տալ անոր. աստիճաններ պիտի ըլլան, որք են այն երկու եւ մինչեւ իսկ երեք տարիներն զորս պիտի զոհէ կտրել անցնելու համար դասընթացքն։ Ուսուցչին անկ է մէն մի դասընթացքի ծրագրին մէջ յապաւումներ ու հատանումներ ընել՝ զայն իւր աշ ակերտաց իմացականութեան յարմարցնելու համար։ Եթէ, օր ինակի համար, Դեկտեմբեր ամսոյ մէջ Քարլովինկեան պետութիւնը պիտի դասախօսէ, անշուշտ է որ առաջին տարին անոր միայն մեծ գծերը պիտի ցուցնէ, եւ հետեւեալ տարին պիտի մտնէ ինչ ինչ մանրամասնութեանց մէջ։ Միջին եւ բարձրագոյն դասընթցաք պտի լրացնեն իւր գործը։ Կը տեսնուի թէ ուսուցչին թողուած նախաձեռնութիւնը բաւական մեծ է տակաւին»։ Եւ ահա՛ ինչ որ արդէն ըսած էի անցեալ անգամ ի պատասխանի Մ. Անդրէասեան էֆէնտիի երկրորդ առարկութեան։

(Արեւելք, Թիւք 2574, 2577 եւ 2580, տարի 1892)։



[1]            Նախորդ նստին մէջ ատենաբանութեանս հեղինակը բերանացի խօսքով ներկայացուցած էր իր տեսութիւնները եւ Ժողովը որոշած էր որ գրաւոր բերէ զանոնք յաջորդին, յորմէ այս վերադարձներ անցեալին։

[2]            Տե՛ս «Մանկավարժական Բառարան» Պիւիսոնի, Մասն Ա. ։