11.
ՆԱԽԱԿՐԹԱՐԱՆԱՑ
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ
ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ
Մեր
նախակրթարանաց
այժմու
ուսուցիչք
գիտնաբար
պատրաստուած
չեն
իրենց
պաշտօնին.
այս
յայտնի
է,
եւ
այդ
է
անշուշտ
մեր
տոհմային
կրթութեան
մեծագոյն
պակասը։
Վարժապետանոց
չունիմք,
ոչ
իսկ
աստ
եւ
անդ
մանկավարժական
դասընթացքներ։
Երբեմն,
գաւառի
մը
մէջ
[1],
«վարժապետանոց»
անունով
դպրոց
մը
գոյութիւն
ունեցաւ,
եւ
Մայրաքաղաքիս
մէջ
ալ
ունիմք
աղջկանց
վարժարան
[2]
մը
որոյ
հիմնարկութեան
յայտնի
նպատակն
է
վարժուհիներ
պատրաստել.
բայց
ուր
որ
վարժապետացու
աշակերտաց
մի
միայն
ուսմունք
կ’աւանդուին
ինչպէս
ամէն
այլ
վարժարանաց
մէջ՝
հոն
չէ՛
կարելի
անշուշտ
վարժապետանոց
մը
տեսնել.
այս
հաշուով
ամէն
դպրոց
ալ
կրնար
նոյն
տիտղոսին
յաւակնիլ։
Վարժապետանոց
մը,
բաց
ի
այն
ուսումներէն
որք
ապագայ
վարժապետին
մտաւոր
պաշարը
ճոխացնելու
կը
ծառայեն,
պարտի
նաեւ,
եւ
իբրեւ
իր
յատուկ
պարտականութիւնը,
աւանդել
ուսուցանելու,
դաստիարակելու
արուեստը։
Հոգեբանութիւն,
բարոյագիտութիւն,
դաստիարակութեան
գիտութիւն,
մեթոտաբանութիւն,
դպրոցական
վարչագիտութիւն
էական
տարերքը
պարտին
լինել
մի
այդպիսի
հաստատութեան
ծրագրի։
Այս
պակասը
լեցնելու
համար
մեր
մէջ
ոմանք
լրագիրներու
միջոցաւ
կարծիք
կը
յայտնեն
թէ
հարկ
է
դրամ
գտնել
ու
եւրոպական
մանկավարժանոցները
յղել
այն
պատանիներն
ու
պատանուհիները
որք
կը
յօժարին
դաստիարակ-ուսուցչի
կամ
–
ուսուցչուհւոյ
պաշտօն
ստանձնել
մեր
նախակրթարանաց
մէջ։
Առ
այս
այդօրինակ
մանկավարժանոցներու
ծրագիրն
եւ
ընդունելութեան
պայմաններն
ալ
կը
հրատարակեն,
որպէս
վերջերս
տեսնուեցաւ
Նանսիի
վարժապետանոցին
ծրագիրը։
Այս
միջոցը
կը
բաւէ՞
կամ
ա՞յ
է
որ
պիտի
ծառայէ
լրացնելու
մեր
մէջ
այն
մեծ
պակասը
որոյ
վրայ
կը
խօսինք։
Կարծեմք
թէ
ոչ։
Նախ
եւ
յառաջ
մեր
նախակրթարանաց
համար
հարիւրաւոր
ուսուցչաց
եւ
հարիւրաւոր
ուսուցչուհեաց
պէտք
ունիմք.
ի՞նչպէս
կարելի
է
զանոնք
ամէնքն
ալ
պատրաստել
Եւրոպիոյ
մէջ։
Յետոյ,
ինչ
որ
աւելին
է,
օտար
մանկավարժանոցներու
մէջ,
որ
կազմուած
են
օտարազգի
մանուկներու
դաստիարակ
պատրաստելու
համար,
կարելի՞
է
միթէ
որ
մեր
մանկութեան
ապագայ
դաստիարակներն
ստանան
լիովին
այն
կրթութիւնը
որով
կարող
ըլլան
յետոյ
օգտակար
դառնալ
մեր
նախակրթարանաց
մէջ։
Հոն
պիտի
վարժին
տարբեր
լեզուով,
տարբեր
երկրի
պէտքերուն
տեսակէտով,
տարբեր
ազգի
մանուկներու
վրայ
իրենց
փորձերը
կատարելով։
Գիտեմք
որ
դաստիարակութիւնը
թէ
եւ
ընդհանուր՝
մարդկային
հիմեր
ունի,
բայց
նաեւ
կը
զանազանի
ու
պարտի
զանազանիլ
իւրաքանչիւր
ազգի
ու
երկրի
տեսակէտով։
Վերացեալ
մանուկը
չէ՛
որ
պիտի
պատրաստուի
վերացեալ
մարդ
մը,
այլ
այս
ինչ
ազգին
ու
երկրին
վերաբերող
մանուկը՝
ապրելու
նոյն
ազգին
ու
երկրին
գիրկը,
այդ
ընկերային
ու
աշխարհագրական
միաջավայրին
մէջ։
Հետեւապէս
առաջին
վայրկենէն
այդ
ընդհանուր
ու
մասնաւոր,
մարդկային
ու
տոհմային
տեսակէտներն
յիրար
պիտի
ձուլուին
առաջնորդելու
համար
սանին
զարգացման.
հետեւապէս
եւ
ապագայ
դաստիարակն
իր
պաշտօնին
պիտի
պատրաստուի
ուսումնասիրելով
զայն
այդ
կրկին
միաձոյլ
ուղղութեամբ։
Չեմք
ըսեր
անշուշտ
թէ
ո՛ր
եւ
է
ապագայ
դաստիարկի
համար
գլխովին
անօգուտ
կը
մնան
օտար
վարժապետանոցի
մը
մէջ
անցուցուած
երկու
երեք
տարիները.
բայց
դեռ
իրեն
ի
դարձին
շատ
բան
պիտի
մնայ
սովրելու
մեր
տղուն,
մեր
լեզուին,
մեր
ընկերութեան,
մեր
դպրոցական
գործոց
ու
բարուց,
մեր
բնական
երկրին
նկատմամբ։
Սովրածներէն
շատ
բան
ալ
փոխելու,
բարեփոխելու
պիտի
ստիպուի,
եթէ
երբեք
բաւական
ուշիմութիւն
ու
ճկունութիւն
ունենայ
ինքնի
խելամտելու
համար
մշակելի
դաշտին
առանձին
հանգամանաց
ու
անոնց
համակերպելու։
Օտարազգի
մանկավարժանոց
մը
մտնելու
համար
կը
պահանջուի
մտից
քննութիւն
մ’օտար
լեզուով,
եւ
այդ
ի
հարկէ
հայ
ուսանող-վարժապետացուին
համար
կ’ենթադրէ
արդէն
բաւական
զարգացում
մը,
զոր,
կրնանք
ըսել,
մեր
մէջ
երկրորդական
դպրոցէ
ելնող
մը
կրնայ
ստացած
ըլլալ։
Երկրորդական
կրթութիւն
ստացող
մը
թերեւս
նախնական
մանկավարանոցի
մ’ընդհանուր
ծրագիրը
անբաւական
գտնէ
իրեն
համար
եւ
աւելի
բարձրագոյն
կրթութեան
ձգտի։
Յետոյ,
պէտք
է
երեւակայել
որ
տրիներով
Եւրոպա
դեգերողներ
բաւական
անյաւակնո՜տ
պիտի
գտնուին
յօժարելու
համար
յանձն
առնուլ
դաստիարակ-ուսուցչի
պաշտօն
մը
մեր
քաղաքային
ու
գիւղային
տարրական
նախակրթարանաց
մէջ,
առ
առաւելն
մի
քանի
հարիւր
ղրուշի
փոխարէն։
Այս
ամէնը
կը
ցուցնէ
որ
այս
տեսակ
խորհուրդներ
երազային
են։
Նախակրթարանաց
ուսուցիչք
կրթական
համեստ
պաշտօնեաներ
են
ու
պարտին
ըլլալ։
Իրենցմէ
շատ
գիտնալ
չի
պահանջուիր,
մասնագէտ
ուսուցիչներ
չեն.
միայն
իրենց
գիտցած
քիչը
պէտք
է
որ
լաւ
գիտնան,
միշտ
աւելին
ուսանելու
եւ
զարգանալու
փափաքն
ունենալով,
եւ
նա
մանաւանդ
իրենց
գիտցածը
լաւ
սովրեցնել
կարողանան,
մանկավարժական
սկզբունքներ
ունենան,
տղուն
հոգին
ճանչնան,
անոր
մտքին
ու
սրտին
հասնելու
ճամբաներուն
տեղեակ
ըլլան,
սիրեն
մանուկն
ու
իրենց
պաշտօնին
վեհութիւնն
ըմբռնեն։
Այս
յատկութիւնները,
բնական
կոչում
ենթադրելով
հանդերձ,
հարկաւ
կը
պահանջեն
առանձին
ուսում
ու
պատրաստութիւն
որք
սակայն,
ինչպէս
վերեւ
ցուցինք,
օտար
միջավայրերու
մէջ
չեն
կրնար
ձեռք
բերուիլ։
Ոչ
մէկ
ազգ
տուած
է
ցարդ
իր
նախակրթարանաց
ուսուցիչները
արտասահմանի
մէջ
պատրաստելու
օրինակը.
այդ
ուսուցիչներէն
մինչեւ
իսկ
օտար
լեզուի
մը
հմտութիւնը
չի
կրնար
պահանջուիլ։
Ի՞նչ
պէտք
է
ընել
ուրեմն։
-
Ահա՛ւասիկ։
Մանկավարժական
սկզբունքներ
ըստ
բաւականին
մուտ
գտած
են
մեր
մէջ։
Մասիսի
նման
թերթեր
զանոնք
կը
ծաւալեն,
անոնց
կիրառութիւնը
կ’ընեն
մեր
կրթութեան
պէտքերուն,
ամէն
ուսուցչաց
հպելի
կ’ընեն
զանոնք։
Դաստիարակութեան
գիտութեան
եւ
արուեստին
վրայ
ճառող
նշանաւոր
երկեր
կը
թարգմանուին
ու
կը
հրատարակուին
աժանագին,
մեր
գաղափարաց
եւ
ունակութեանց
պահանջած
մեկնութիւններովն
լուսաբանուած։
Առ
այժմ
գէթ
ի
Պոլիս
կը
հաստատուին
երկու
մանկավարժանոց
կամ
նախնական
վարժապետանոց,
մին
արական
եւ
միւսն
իգական
սեռիհ
ամար՝
անոնց
ծրագիրն
կազմելով
մասամբ
հետեւողութեամբ
եւրոպական
նմանօրինակ
հաստատութեանց
ծրագրաց,
այլ
նա՛
մանաւանդ
պատշաճեցնելով
մեր
յատուկ
պիտոյից,
անոնց
մէջ
դասախօսել
կոչելով
հիմակուհիմայ
մեր
ունեցած
ուսուցիչներէն
ամենէն
ձեռնհասները
որք
հիմ
կը
դնեն
հայ
մանկավարժութեան։
Այդ
դպրոցներէն
ելնող
լաւագոյններն
կամ
ուրիշ
յարմարագոյններ
կը
ղրկուին
յԵւրոպա,
ո՛չ
թէ
նախնական
մանկավարժանոցներ
(école
normale
primaire)
մտնելու՝
այլ
բարձրագոյնները
[3]
(école
normale
supérieure)
որք
նախնականաց
ուսուցիչ
կը
պատրաստեն,
որոնք՝
կատարելագործուելով՝
կու
գան
հետ
զհետէ,
մէկ
կողմէն
Պոլսոյ
վարժապետանոցներուն
մէջ
աւելի
ձեռնհասութեամբ
դասախօսելու
եւ
սկսուած
գործը
զարգացնելու,
եւ
միւս
կողմէն
գաւառական
մէկ
երկու
կարեւոր
կեդրոններու
մէջ
նոր
վարժապետանոցներ
ու
մանկավարժական
դասընթացքներ
(cours
pédagogique)
հիմնելու։
Մի
եւ
նոյն
ատեն
կեդրոնը,
ինչպէս
կանոնադրած
է
ընել,
ուսուցչական
վկայագիր
տալու
համար՝
ուսուցանելի
առարկայից
հմտութենէն
զատ
մանկավարժական
սկզբանց
ու
եղանակաց
ալ
կ’սկսի
հմտութիւն
պահանջել
ընտրելիներէ,
աստիճանաբար
իր
պահանջկոտութիւնը
յաւելցնելով,
պահանջ
մ’որուն
կրնան
ուսուցչական
ընտրելիք
կամ
արդի
ուսուցիչք
եւս
այժմէն
գոհացում
տալ
սկսիլ,
քանի
որ
քիչ
շատ
կան
ու
հետ
զհետէ
ալ
պիտի
աճին
միջոցներն
հմտանալու
դաստիարակութեան
տեսլականին։
Ահա՛
այս
կերպով,
կը
կարծեմք,
կրնայ
կարելի
ըլլալ
աստիճանական
բարեշրջումն
մեր
տոհմային
դաստիարակութեան,
տակաւ
բարձրացումն
մեր
ուսուցչական
մարմնոյն,
պատրաստութիւնն
կրթական
գործոյն
նոր
ու
կարողագոյն
մշակաց,
եւ
կազմակերպումն
մի
տոհմային
մանկավարժական
գիտութեան,
իր
պատմութեան,
տեսականին
ու
գործնականին
մէջ։
(Մասիս,
Մանկավարժական
Հանդէս,
նոր
շրջան,
Թիւ
3,
1894)։
[2]
Դպրոցասէր
Տիկնանց
Վարժարանը։
[3]
Նախնական
վարժապետանոցը
ինչպէս
Նանսիինը՝
գրեթէ
ամէն
նահանգի
մէջ
կը
գտնուի,
իսկ
բարձրագոյն
վարժապետանոց
Գաղիա
միայն
երկու
հատ
ունի,
մին
ի
Ֆօնդընէյ-օ-ռօզ
եւ
միւսն
ի
Սէն-Գլու,
առաջինը
դաստիարակ-վարժուհեաց
եւ
երկրորդը
դաստիարակ-ուսուցչաց
վարժապետանոցներու
ուսուցիչներ
պատրաստելու
նպատակաւ
հիմնուած։