Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

23. ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ՄԱՐՄՆՈՅ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ
(Ուղերձ առ Սրբազան Պատրիարք հայրն)

 

Նոր տեսարան կը պարզուի մեր աչաց առջեւ։ Մայրաքաղաքիս համայն հայ վարժարանաց Ուսուցչութեան եւ Ուսանողութեան ներկայացուցիչք, շրջապատծ Ն. Սրբազնութիւնը՝ Զատկական շնորհաւորութեան առթիւ, նոր տօն մը, նոր հանդէս մը հաստատած են, որու բարոյական նշանաշկութիւն մեծ է, եւ ըստ այսմ անոր հաստատութիւնը շնորհաւորելի՛ արդարեւ։

Վստահ եմ թէ համայնից զգացման թարգման կը լինիմ, եթէ ջերմ շնորհակալութեանց հաւաստիքն յայտնեմ Ամեն. Ս. Պարտիրաքր Հօր, որ բարեբաստիկ գաղափարն ունեցաւ այսպիսի հաստատութեան մը եւ կրթասէր ու որդեսր ոգւով իր մօտ հրաւիրեց զանոնք որք Ազգին մատաղ սերունդն ու կոկոններն են անոր ապագային, եւ զանոնք որք իրենց վրայ կը կրեն անոնց բարւոք պատրաստութեան ծանր պատասխանատուութիւնը։

Կը խորհիմ որ մեր սիրեցեալ Ս. Պատրիարք Հայրը, իր շուրջ բոլորելով ազգին կրթական այլեւայլ մարմիններուն պատգամաւորները՝ իրենց Սաներուն մէկ մէկ փունջովն ի միասին, կ’ուզէ շեշտել այն մեծ կարեւորութիւնը զոր ունի մանկութեան ու պատանեկութեան դաստիարակութեան գործը, զոր արդէն իսկ, ի սկզբանէ իր պաշտօնավարութեան, մասնաւոր առարկայ ըրած է իր ուշարդութեան։ Չկայ ամ եւ մերթ քանիցս տարւոյ մէջ ուր Ն. Սրբազնութիւնը չայցել է բոլոր կրթական յարկերը, անձամբ շփման եւ հաղորդակցութեան մէջ չմտնէ Ուսուցչաց եւ աշակերտաց հետ, Յիսուսօրէն գգուելով փոքրիկները, ընտանեբար խօսելով անոնց հետ ու քաջալերելով զանոնք։ Շաքարը զոր բաշխել կուտայ անվրէպ՝ կը խորհրդանշանէ իր հայրական սիրոյն քաղցրութիւնը։ Ի՜նչ ոգեւորութիւն է որ կը տիրէ այդ այցելութեանց միջոցին դպրոցաց մէջ. այո՛, գորովալից Հօր մ’այցելութեան տպաւորութիւնն է զոր ունին Ուսանողք. ամէնք ի համբոյր կը դիմեն Պատրիարքական Աջոյն, որ կ’օրհնէ զիրենք եւ որուն օրհնութեանց տակ իրենց ուսանողի բարի կամեցողութիւնները ապնդուած ու զօրացած կը զգան նոքա։ Կ’ըմբռնեն թէ մեծ բան է դպրոցը, եւ թէ ժո ղովուրդ մը քաղցր յոյսեր կը տա ծէ իր մատաղ սերունդին վրայ, զորս ներկայ մտադիւր աշխատութեամբ ապահովել կը յորդորուին, որպէս զի մի օր կարենան իրականացնել զայնս, բարի մարդու, բարի քաղաքացւոյ, բարի հայու առաքինութիւններն ու օգտակարութիւնքն անձնաւորելով իրենց վրայ։

Երբ մէն մի տարի Ազգին Ս. Հօր կողմէն այս քաջալերիչ այցն ու օրհնութիւնները կ’ընդունին, պէտք ու պարտք չէ՞ր որ դպրոցական մարմինք ալ տարին օր մը գէթ, փոխարէն այս հոգածու գորովին շնորհներուն, փոխադարձաբար գային իրենց որդիական զգացմանց հաւաստիքը բերել առ Նորին Ամենապատուութիւն։

Այո՛, Սրբազան Հայր, շնորհակալ ու երախտապարտ է Ձեզ Հայ Ուսանողութիւնն այն սիրոյն համար որուն հանապազ կ’ընդունի անհերքելի ապացոյցներն , այն իմաստուն խարտուց ու յորդդորներուն համար զորս կը շռայլէք իրեն, եւ իր յառաջդիմութեան մասին Ձեր տարած անդուլ խնամքներուն համար։ Շնորհակա եւ երախտապարտ է Ձեզ Հայ Ուսուցչութիւնն այն յարգանքին համար զոր կ’ընծայէք իրեն, զոր կը պահանջէք իրեն համար Ազգին մեծերէն ու փոքրերէն, եւ այն հոգածութեանն համար զոր ունիք անոր ներկային ու ապագային նկատմամբ, Դուք իսկ վարժապետ եղած ըլլալով եւ Ձեր հոգւոյն մէջն իսկ բաբախիլն զգալով անոր վաստակալից ու յաճախ ցաւած հոգիին։

Ձեր Աթոռոյն բարձրէն Ձեր ցոյց տուած այս կրթական փոյթն ու հոգածութիւն բոլոր Ազգին սիրտը գոհութեամբ կը լեցնեն, Հայր Սրբազան, վասնզի կը զգայ բովանդակ Ազգը թէ իր բարօրութեան մեծագոյն հիմն է լուսաւորութիւնը, Ուսմանց, Գիտութեանց եւ Արուեստից մէջ յառաջդիմութիւնը, Ինչպէս որ ցարդ, խաղաղիկ, առ այդ ջանացած է ընդ հովանաւորութեամբ Օսմանեան Կայսերաց, ու կը շարունակէ ջանալ արդի Օգոստափառ Կայսեր կրթասէր հովանւոյնտակ, որու կը պարտի դիւրութիւններն ու արտօնութիւններն զոսր ունի եւ կը վայելէ՝ իր լեզուն եւ դպրութիւնքը մշակելու, իր մատաղ սերունդը մարզելու իր կրօնին, երկրին ու այլ լեզուաց ու զանազան ուսմանց հրահանգաց մէջ եւ պատրաստելու զայն օգտակար ու պատուաբեր տարր Օսմանեան Պետութեան։

Մեծ է ու մեծագոյն պիտի ըլլայ, կը հաւատհանք, արդիւնքը պատրիարքական կրթասիրութեան ոգւոյն ու մանաւանդ կրթական խնդրոյ մէջ իր յայտնի ձեռնհասութեան։ Կը յուսանք որ մեր կրթական յարկերը՝ Ձեր պահանջոտ հսկողութեան տակ՝ հետզհետէ աւելի հաստատուն ու մեծ քայլեր պիտի առնուն, դրուած բարի հիմունք աւելի եւս պիտի ամրապնդուին, ինչ որ դեռ միայն օրինադրուած է՝ պիտի իրապէս գործադրեալ դառնայ, Ուսմանց պիտի զուգորդին Արհեստք, Վարժապետանոց մը պիտի շատցնէ թիւը գիտակից ու տեսականօրէն ձեռնհաս Ուսուցիչներուն, եւ հետզեհտէ աւելի լուրջ կրթութեամբ մը օժտուած դուրս գայ նոր սերուդնը նոյն այն յարկերէն ուր կը պատրաստուի։ - Կը յուսանք նաեւ, Սրբազան Հայր, որ Ազգին դրամատէր Մարմինն ալ հետզեհտէ աւելի զգացում ու եռանդուն վերաբերում ցոյց տայ առ կրթական գործն, դէպի կրթական ու յառաջդիմական պէտքերն Ազգին, Ձեր իմաստուն առաջնորդութեան ու պերճախօս յորդորանաց եւ ուշագրաւ օրինակներուն ազդեցութեան տակ, եւ ինչ որ կայ թերի եւ քանի՜ շատ են անոնք դեռ մեր դաստիարակութեան մէջ եւ ինչ որ մանաւանդ նիւթական միջոցներու կը կարօտի, լցուի տակաւ առ տակաւ, եւ Ձեր Պատրիարքութեան շրջանը որուն երկարումը կը մաղթենք ներկայացնէ փայլուն էջ մը մեր կրթական պատմութեան , ըստ յառաջդիմասէր փափաքանաց եւ ջանից Ձերդ Ամենապատիւ Սրբազնութեան, որոյ թոյլ տուք ինձ այս առթիւ համբուրել Աջն՝ Զատկական ջերմագին բարեմաղթութեամբք եւ ըղձիւք։

(Արեւելեան Մամուլ, 1904, Թիւ 17։)