Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

12. ՏԱՂԱՉԱՓԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐ ՄԸ

 

Հայր Արսէն Այտընեան, իր հոյակապ Քերականութեան Տաղաչափութեան գլխոյն մէջ, հատած ի (cesure) վրայ խօսելով, իբրեւ կանոն կ’աւանդէ որ հատածը, տողին մէջը կամ ծայրը, չկարենայ իյնալ բութ կամ անշեշտ վանկի մը վրայ, ըստ որում հատածը շեշտումով մը զգալի կ’ըլլայ, եւ հետեւապէս բութ վանկ մը, անընդունակ շեշտի, չէ կարող տողի անդամ մը կամ տող մը վերջացնել։Այսպէս բառից կիսավանկ ծայրեր, ը ով կամ ը ով եւ բաղաձայնով մը կազմուած (մա՛րդը, մա՛րդըն, տո՛ւնըդ, սի՛րտըս եւ այլն) չեն կրնար հատածներու վերջը գալ ու անդամի մը կամ տողի մը վերջին վանկն ըլլալ, այլ միայն կրնան տողին մէջ յաջորդ անդամին անցնիլ, շեշտը իյնալով վերջընթեր վանկին վրայ։ «Նոյն կանոնը կը պահուի, կը յաւելու Հեղինակը, նաեւ այն բառերուն ու ոճերուն մէջ՝ որոց մասերն իրարու հարկաւ կապակցեալ են եւ մէկտեղ կ’արտաբերուին. ինչպէս՝ ո՛րն որ, քանի՛ մը, թո՛ղ տալ, մա՛ն գալ, շա՛տ անգամ, դո՛ղ ելլել, եւ այլն, եւ մանաւանդ եմ եւ ալ բութ ձայներով բաղադրածները»։ Այսպիսեաց համար կը պատուիրէ անդամատութիւնը կատարել շեշտեալ վանկին վրայ ու մնացորդ մասը կամ բառը անցընել յաջորդ անդամին. ըստ այսմ ա՛յսպէս բառին ա՛յս ին ու չո՛ւզեր բառին չո՛ւ ին վրայ բերել հատածը, պէս եւ զեր վանկերը յաջորդ անդամին մաս ընելով, իսկ այսպիսի բառեր, բնական է յայնժամ, երբեք չձել տողերուն վերջը։

Այս կանոնները կ’աւանդէ նաեւ Հ. Եդուարդ Հիւրմիւզեան իր Առձեռն Բանաստեղծութեան գրքուկին մէջ. մանաւանդ ը ձայնաւորը պարունակող հատածի վերջերուն դէմ սաստիկ աններող կ’երեւի, եւ ոչ միայն խորթ ու անարուեստ կը գտնէ զանոնք, այլ մինչեւ իսկ վրիպակ մեծ կ’անուանէ անոնց գործածութիւնը, զոր անօրինակ կը համարի առ նախնիս։

Այսուհանդերձ արդի Հայ բանաստեղծութեան մէջ կը տեսնենք որ այս կանոնները չեն յարգուիր ընդհանրապէս, ո՛չ թէ խակ կամ տկար քերթողներու գրութեանց մէջ, այլ նոյն իսկ քաջերու, յարգուածներու, հեղինակաւոր գրիչներու տաղաչափեալ արտադրութեանց մէջ։ Ռուսահայ բանաստեղծներ, Վենետիկի աշակերտներ, տաճկահայ քերթողներ եւ մինչեւ երբեմնի Վենետկեան Հայրեր անխտիր կը գործածեն կիսավանկ վերջեր իբրեւ յանգ կամ ծայր հատածի, ու սովորաբար չեն կտրատեր յարաշեշտ ու նախայարաշեշտ բառեր՝ հատածը շեշտեալ վանկին վրայ բերելու համար, մնացեալը նետելով յաջորդ անդամին։ Բառից վերջին վանկը ընդհանրապէս լաւ կը համարին անդամ մը կամ տող մը վերջացնելու համար։ Տողին ծայրի ը վերջաւորութենէն կը խորշին քիչ մը, բայց անոր ալ օրինակները կան, ու ոչ իբրեւ իգական յանգ՝ ը երուն նախընթաց տառերով ուրիշ շեշտեալ յանգեր կազմելով. բոլորովին խորշելի բան մը չէ։

Ահաւասիկ օրինակներ ը ձայնաւորը պարունակով վերջերու.

 

Խելքը միտքը| անոր տըւաւ

Մեծ բանի մէջ էր կապիկը.

Մէկ մը կ’առնէր փայտը գիրկը.

Մէկ մը ուսը| կամ շալակը.

Մէկ մը կ’առնէր ոտքին տակը.

Կամ կը գլորէր մինչեւ բակը։­

 

Որ ոչ միայն|բոլոր օրը|կ’ընէր զանոնք|անհանգիստ. ­

Այս որ լըսեց|ինչ ընելը| չը գիտցաւ։

  . Գ. Այվազովսքի)

 

Պայծառ մանկութիւն, ո՞ւր են ներդաշնակ

Քո մեղեդիքը, | քո քնքուշ վիշտեր։

. Շահազիզեանց)

 

Տըխուր ժպտով մը| փայլի հեգնօրէն. ­

Մոլեգին տենդ մը| հաճոյից հրապոյր։

. Աճէմեան)

 

Ոչ ոք ըսաւ սա տըղին

Պատռենք սիրտը|տրտմագին. ­

Անշուշտ ինձ կեանք մը | կազմած ես ետքի. ­

Փըրփըրի ներսըս| դըժոխքի հանգոյն. ­

Նախ կեանքը, վերջը|լացող մ’իր վըրան։

 

. Դուրեան)

 

  Ցուրտ սարսուռ մը|թափանցեց ներս| իր սրտէն. ­

Ուր իր դէմքը | պիտի պահէր | միշտ գաղտնի։

 

(Սիպիլ)

 

Քո՞ւն ես, կամ թէ հեռուն ի խաղ,

Երբոր ձայնըս | լըսուի խաղաղ։

(Գրասէր Ատոմ)

 

Հինգ նիստէն վերջը| երբ օր մը մինակ. ­

Բացուեցաւ դուռը, | դըշխոյին նուիրակ

Ծանոյց իւր գալը, | հետ իւր բամբիշներ. ­

Եւ այս դիպուածը | քեզ լաւ դաս մ’ըլլայ։

. Ադամեան)

 

Ձըմեռն իր սուգը| տարածէ չորս դին. ­

Դէպ ի դաշտերը| ուղղեց իր քայլեր։

. Փանոսեան)

 

Բուրեան էին | ծաղիկները | եւ գողտրիկ,

Մանիշակը | յասմիկն ու վարդ, ու հիրիկ. ­

Հըրեշտակը, | զոր սրբութիւն մ’անմատոյց։

 

. Մալէզեան)

 

Նոյնպէս ըստ վերոյիշեալ Քերականաց պահանջման պէտք էր որ ապօրէն ու սխալ ըլլար հետեւեալ տողերուն կազմութիւնը, վասնզի կը պարունակեն հատածներ որք նախաշեշտ վանկերու երկարութեամբ բթացած են եւ կամ ինքնին անշեշտելի կը նկատուին ( եմ, ալ). ­

 

Դուրսը շաղ է, | մէջը շաքար,

Եւ թափուած են | կըլոր սահուն. ­

Թէ տըխուր եմ | կամ մըտայոյզ. ­

Եւ այս շատ իսկ է| սրտիս իմ փոքրիկ։

. Աճէմեան)


Ի՜նչ անուշ էք | յայս տեսարան։

. Պէշիկթաշլեան)


Եւ մահամերձն ալ | կ’ուզէ երկու բան։

. Դուրեան)

 

Այս երեւոյթները, որք բազմաթիւ նման գործածութեանց լոկ նմոյշներ են, ի՞նչ կ’ապացուցանեն։ Չէ կարելի ըսել թէ գործածողներու տգիտութեան կամ տկարութեան եւ կամ թէ զանցառութեան վերագրելի են, վասն զի, ինչպէս կը տեսնուի, նոքա կը վերաբերին չափեալ խօսքի մեր յաջողագոյն վարպետներուն։ Չենք կրնար ըսել թէ ներդաշնակութեան նուազ զգայուն են ու խորթութիւնները չըմբռնող կոշտ ականջներ ունին անոնք։ Իրենց անունները ինքնին կը բաւեն այսպիսի մեկնութիւններ հեռացնելու։ Պատճառն, ըստ մեզ, այն է որ ոտանաւորի ներդաշնակութեան ըմռնումը փոխուած է մեր մէջ այն ատեններէն ի վեր ուր հարկաւոր կը համարուէին վերեւ բացատրուած կանոնները։ Հին ըմբռնման մը յաջորդեր է յայտնապէս նոր մը, աւելի լայն մը, եւ կարծեմ՝ այսպիսի խնդիրներու համար միշտ արուեստագէտներուն զգացումն ու ճաշակը աւելի կշիռ ունին քան տեսականօրէն աւանդուած հաստատիպ կանոններ։ Երբ ա՛լ ընդհանուր եղած գործածութեան մը չեն պատասխաներ հնօրեայ կանոններ, աւելորդ է պնդել անոնց վրայ, եւ այդպիսի Պրոկուստեան կաղապարի մը վրայ չափել ու դատել յառաջացած արուեստի մը գործերը, ինչպէս ըրած էր երբեմն Վարդ Սիպիլի քերթուածներուն քննադատութեան մէջ, անոնց չափերն ուշեշտերը, ճիշդ վերոյիշեալ նկատումներով, ինչ ինչ տեղեր իբրեւ թերի մեղադրելով յանիրաւի։

Հին ըմբռնումները ոտանաւորի ներդաշնակութիւնը մեքենական կազմութեան մը մէջ կը դնէին ու արտաքին հնարքներով կը կարծուէր կարենալ ձեռք բերել զայն։ Պէտք էր հոս կամ հոն շեշտել, եւ ահա՛ նրեդաշնակութիւնը պիտի յառաջ գար, մինչդեռ միօրինակութիւն մը միայն կրնար յառաջ գալ՝ միակերպ շեշտելով 4րդ, 5րդ կամ 6րդ վանկերուն վրայ։ Անշուշտ չափ մը՝ գնացք մը կայ ու կան անոր քայլափոխները որք պէտք է որ զգալի ըլլան ձայնի ու շեշտի ելեւէջներով, բայց այս նիւթական՝ պայմանադրական համաչափութիւն մ’է որուն չի կրնար հպատակիլ ու համակերպիլ իմաստներուն շարժումը, եւ ի զուր է ջանալ այդ երկուքը լիովին նոյնացնել։ Չափին շեշտերէն դուրս դեռ ամէն բառ, ամէն հատած ու տող իր յատուկ գոյնն ու երանգն, եղանակն ու թրթռացումն ունին որք փափուկ հասկացողութիւն մը կը պահանջեն եւ որոնց արտայայտութեամբը ոտանաւորին բուն, այն է ներքին՝ թաքուն ներդաշնակութիւնը կրնայ երեւան գալ։ Ոտանաւորին առոգանութեան արուեստը անշուշտ կը կայանայ չափի ու իմաստի շեշտերը միանգամայն զգալի ընելուն ու զանոնք հաշտեցնելուն մէջ, բայց ո՛չ ի մի ձուլելուն, ըստ որում չէ կարելի այդ, եւ յայտնի է այլուստ որ չափի շեշտը կարելի եղածին չափ մեղմ պիտի հնչէ, առաւելութիւնը տալով իմաստի ու զգացման գունագեղ պէսպիսութեանց արտայայտութիւններուն։ Գիտեմք նաեւ որ բառերուն տողին մէջ գրաւած դիրքը մեծ դեր ունի ընդհանուր ներդաշնակութեան եւ իմաստի ու զգացման ուժի աստիճաններուն համար, եւ հետեւապէս չի կրնար միայն չափական նիւթական պահանջումներու հպատակիլ։ Այս ամէն նկատումներով, կարի ճղճիմ հին կանոններ իրենց կարեւորութիւնը կորսնցուցած են արդի Հայ տաղաչափութեան մէջ։ Բութ, սուղ վանկ մը ըստ ինքեան կ’երկարէ նախընթաց վանկը եւ այդ երկարման մէջարդէն հակակշիռ մը կը գոյանայ որ կը հաւասարակշռէ անդամին թուականութիւնը։ Ապա ուրեմն այդ բութ վանկը ինչո՞ւ չկարենայ ծառայել անդամատման, քանի որ մանաւանդ անդամներու վերջավանկերը լաւ առոգանութեամբ չպարտին բնաւ ուժգնութեամբ հնչել ու չափին բաժանումները բուռն կերպով զգացնել։ Այսպէս հետեւեալ տողը ո՛չ թէ կը կարդանք

 

Մի՞թէ հայլւոյդ մէջ անձկաւ

Գեղուհի մը՛| նայեցաւ,

այլ՝

Մի՞թէ հայլւոյդ մէջ անձկաւ

Գեղուհի՛ մը | նայեցաւ։

Բնաւ աններդաշնակ չեն հնչեր հետեւեալ տողերը՝

Եւ մահամերձն ալ | կ’ուզէ երկու բան. ­

Ի՜նչ անուշ էք | յայս տեսարան.

 

այլ ընդհակառակն անուշ, երբ ալ եւ էք ին նախընթաց բառերուն վերջաւորութիւնները կ’երկարենք ու իրենց վրայէն սահելով կ’անցնինք։ Արդէն տողից չափական կազմութիւնը ըստ թուոյ վանկից պահելո հանդերձ՝ իմաստին համեմատ բնական շեշտին իրար յաջորդող տողերուն մէջ ետեւ կամ յառաջ տեղափոխութիւն մը գեղեցիկ զանազանութիւն մը չի՞ տար անոնց ու չա՞րգիլեր միօրինակութիւնը որ կրնար ձանձրալի դառնալ։Բաղդատեցէք Պօալօյական դասական տողեր որք միակերպ երկուքի կը կտրեն Alexandrinը՝ Հիւկօյական տողերու հետ որք, երկու վեցավանկ կիսատողերը նիւթապէս պահելով հանդերձ, կերպակերպ բաժանում ու գեղեցիկ զանազանում կ’ստանան (4-8, 8-4, 3-9, 9-3, 6-4-4 եւայլն), ուրիշ ներքին շեշտերով անդամատուած։

(Ծաղիկ, 1904, Թիւ 9)