Դպրոց եւ Դպրութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. Ա. Մ. Վ. ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ
(Իր գերեզմանին առջեւ ափ յափոյ խօսուած)

 

Հայր Մատաթիա Վարդապետ Գարագաշեան, եթէ, բառին կրօնական իմաստով, իր կեանքին մեծագոյն մասին մէջ չեղաւ վարդապետ, սակայն ո՛չ ոք եղաւ երբեք աւելի վարդապետ քան ինքն, բառին լայնագոյն տքով, ու այդ՝ իր կեանքին բովանդակ տեւողութեան մէջ։ Եթէ վարդապետ է ո՛վ որ աշակերտ ունի, նա էր մեծագոյն վարդապետ ու վարդապետ վարդապետաց, վասն զի անթիւ ոգիներ իրեն աշակերտեցան։

Նախախնամական բան մ’եղաւ որ ան ընդվզեցաւ վանական կեանքի անձուկ օրէնքներուն դէմ ։ Ձայն մը, կարծես, կը խօսէր անոր մէջ ուր կը մղէր զայն դուրս սլանալ վանականութեան նեղ սահմաններէն, ընդարձակագոյն ոլորտի մէջ գոծելու, ու ներգործելու համար մատաղ մտքերու ամղբոջ սերնդոց վրայ որք մեծ Ուսուցիչներու կը կարօտին։ Վերջացող դարուն երկրորդ կիսուն սկիզբներէն գրեթէ մեր միջավայրին մէջ փոխադրուած իբրեւ աշխարհական անձն, երեւեցաւ նա իբրեւ ճոխութեան տէր ուսուցիչ Հայ լեզուի եւ գրականութեան եւ իբրեւ հարապարակգիր րհմուտ գրիչ։ Դպրոցներուն մէջ քաոս մ’էր Հայ Դպրութեան ուսուցումը, ու քմահաճ գրողներ խլած էին հեղինակութիւնը լեզուի Հայրերուն որք անծանօթ էին մնացած։ Փայլուն ու մեծահնչիւն սնամէջ խրթին բառերու բռնազբօս շարքը գրականութիւն կը կարծուէր, ու չէին գիտեր ո՛ւր փնտռել հայ լեզուին իսկութիւնը։ Մատաթիա Գարագաշ պարզեց լեզուին քերականութիւնը, իր բնիկ օրէնքներուն պարզութեան վրայ զայն հաստատելով ու լաբիւրինթոսէ մը զայն դուրս հանելով ուր կը կորսուէր հասկասական, աղաւաղ ու ճղճիմ կանոններու ցանցի մը մէջ։ Քմահաճ ու կեղակարծ գրաբարի մը դիմաց դրաւ՝ իբրեւ տիպար եւ առաջնորդ՝ հարազատ լեզուն Մեսրոպին, Սահակին, Կորիւնին ու Եզնիկին, Հայ բարբառոյն այդ գերեզանց վարպետներուն, այսպէս դասական լեզուին բանաւոր մշակութիւնը ապահովելով ու զայն դնելով հաստատուն գետին՝ զարգանալի գրական նորոգուած աշխարհաբարի քայլերուն տակ։ Ինք միշտ հրապարակի վրայ ալ գրեց կուռ աշ խարհաբր մը ո րուն մէջ մաքորւ հայերէնի մ’ամուր հիմերը կ’զգացուէին, ինչպէս կը վայլէր իր յստակ գաղափարներուն ու տրամաբանական մտքին։ Ես կը կարծեմ թէ ժամանակ մը «գերազանցապէս գրագէտը» նա՛ ճանչցուեցաւ մեր մէջ, այսինքն գրող մը որ կատարելապէս գիտակից էր իր գրած լեզուին ու յայտնած գաղափարներուն։ Ան պատուէրն ու օրինակը տուաւ խորհելէ ետքը խօսելու եւ գիտնալէ ետքը գրելու, եւ իմաստին համար միայն բառերը գործածելու։ Տրամաբանութեան մեծ ուսուցիչն ու դասագիր վարպետն ալ չէ՞ր եօթանասունական թուականներուն երեւցող գրական սերունդին։ Իր կենդանի դասախօսութիւննենրովն, իր դասագրքերովն ու հրապարակագրութեամբքն կազմեց մտաւոր բազմաթիւ սերունդ մը, յորմէ շատք ուսուցիչ ու վարթպետ եղան իրենց կարգին, իրենք ալ հասցունելով ուսուցանողներ, եւ այսպէս չոր տասնեակ տարիներ իր սերմանած սերմեր արդիւնաւորեցան, իր լեզուական սկզբուքներ՝ իր դասագրոց հետ՝ տիրեցին ու ծաւալեցան դպրոցոց մէջ, եւ անթիւ եղան իր ուղղակի եւ անուղղակի աշակերտներ։

Ահա՛ մեր վարդապետը, որ ըլլալէ չդադրեցաւ մինչեւ վերջին տարիներն իր գոյութեան, ուր, աւա՜ղ, իր մեծ իմացականութիւնը դադրեցաւ գործելէ։ Բայց իր դասերէն, իր գրածներէն, իր երկերէն զատ իր կեանքն ամբողջ ուսուցում մ’էր կենդանի։ Այո՛, մեծ միտք մը ու մեծ նկարագիր մ’էր անի։ Նա ր բովանդակ կեանքին մէջ ճշմարտին ձգտեցաւ. ան սիրեց գեղեցիկը, գեղեցիկդպրութեանց ճարտարարուեստ վարպետը. ա՛ն սիրեց բարութիւնը, ու ա՛ն սիրեց անկեղծութիւնը։ Ինչ որ անոր մոլորութիւնները, անոր անկումը կ’անուանեն, այն արդիւնք էր իր գերազանց անկեղծութեան, այսինքն իր գերազանց ու մշտական բարձրութեան։ Ան չէր խօսեր այս կերպ ու խորհեր այլ կերպ. իր սիրտն ու խօսք մի էին. կեղծութիւն չկար այդ ոսկեղէն սրտին մէջ, դիմակ չկար այդ մեծարոյ դէմքին վրայ. համակ ջինջ ու պայծառ էր իբրեւ լոյս։ Անկեղծութեամբ կը հետամտէր ճշմարտին, եւ գերագոյն ճշմարտութիւնը Աստուած- անշուշտ առաւել կը հաճէր անկէ ու զմեզ շրջապատող մութին դէմ անոր հոգւոյն ճիգգերէն քան անոնցմէ որք տարբեր ան իերնց շրթունքով ու տարբեր իրենց հոգիովն ու գործով։ Անոր ճշմարտախոյզ վսեմ հոգին ինքնին երկնասլաց բոց մ’էր նուիրական ղամպարի։ Անոր գիտնականի հանճարին բարձրութիւնը ու հոգւոյն բարութիւնը ինքնին մեծ քարոզ մ’էին գերագոյն բանին ու գերագոյն բարիին։ Իր բոլոր կեանքին մէջ աշխատութենէ ուրիշ հաճոյք չճանչեց. իմացականութեան ու խղճի գոհունակութեան բարձրագոյն վայելքը միայն փնտռեց, ու ոտնակոխ արհամարհեց զգայութեանց հաճոյքները որոց ա՛յնպէս անյագ կը ցանկայ աշխարհ։ Իր սիրուհին եղաւ Հայ լեզուն, իր զբօսանքը՝ հնախօսական դեգերանքը։ Ու գրեց այն մատեանները ուր վերակենդանացուց Առաջին թարգմանիչներուն լեզուն, որոյ ա՛յնքան իւրացուցած էր ուղն ու ծուծը, եւ կանգնեց իւր Քննական հոյակապ Յիշատակարանը, գործ որ կը մարմնաւորէ ահագին պաշար հմտութեանց, երկարամեայ ա նխոնջ աշխատանք ու թարթափանք եւ վերլուծող ու իմաստասիրող խորաթափանց միտք, գործ՝ Եւրոպայի բանասէր գիտնոց ալ պատկառելի, եւ այսպէս, իր ցեղին ոգւոյն գերազանց ներկայացուցւիչ, անոր ամենէն նուիրական աւանդներուն ու աւանդութեանց շուրջը մշտայած մշտաջան ու բազմարդիւն անմահ մշակն հանդիսացաւ։

Անմա՜հ, այո՛. զի մեզմէ ո՞վ կը հաւատայ թէ Մատաթիա Գարագաշեանի համար ամէն բան լմնցաւ, ամէն բան աստ, այս փոսին առջեւ վախճանեցաւ։ Ո՛չ. անոր մարմինը միայն թաուղեցաւ, բայց կենդանի է ու պիտի շարունակէ մնալ անոր հանճարը, անոր հոգին։ Հոգին որ գաղափարներու աշխարհին մէջ գամ մի ծնաւ ու փայլեցաւ, այլ եւս մշտնջենի բնակիչն է անոր, անջինջ ու մշտազօր մէկ տարրը անոր։ Ցայսօր մեր հոգիներուն ականջին չե՞նք զգար դարերով յառաջ շնչելէ դադրած ոգիներու հծծիւնը, երգը կամ ճառը, Հոմերներուն, Եսայիներուն, Սոկրատներուն, Պղատոններուն, Շէյքսբիրենրուն։ Այսպէս ալ մեր չքնաղ վարդապետն Գարագաշեան պիտի ըլլայ վարդապետն յաւէրժուսոյց։ Իր գիրքերուն մէջէն միշտ պիտի խօսի ու պիտի ուսուցանէ սիրել նախնեաց լեզուն ու դեգերիլ անոնց յիշատակներուն մէջ. իր բեղմնալից կեանքին պատմութեամբը միշտ աշխատելու, գեղեցիկն ու լաւն արտադրելու, իր տոհմին ու երկրին ծառայելու, անմահ գործերով անհատական գոյութեան վաղանցուկ շրջանը անանց յաւէրժացնելու դասը պիտի տայ ապագայ սերունդներուն։

Մենք ամէնքս, ո՛վ մեծդ Գարագաշեան, քու աշակերտներդ, քու բարեկամներդ, քու մերձաւորներդ, որ ուսանք քեզմէ, որ սիրեցինք զքեզ, որ հիացանք քո վրայ, որ վայելեցինք քու հանճարիդ գեղեցիկ արդիւնքները, կը խոնարհինք պատկառանքով քու գերեզմանիդ առջեւ ու կը մատուցանենք քեզ, այս բաժանման կսկծալի պահուն, մեր սիրոյն ու երախտագիտութեան ողջոյնը հրաժեշտի։ Հանգչէ՛ փառքիդ անմահութեան մէջ…։

(Մասիս, 1903, Թիւ 48)