Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ.
Տաղաչափութիւն հայկական. Շնորհալւոյ քերդողական ճարտարութիւնն. Վիպասանութիւն, առաջին գրուած նորա. Զանազանութիւն ոճոյ, նիւթոց, եւ այլն. Բանաստեղծական հանճար:

 

Եթէ մեր լեզուին արձակաբանից մեջ առաջին կարգը կը դասուի Շնորհալին, տաղաչափից մէջ, առանց տարակուսի՝ նոյն իսկ առաջին տեղին ունի. եւ միակ այս բանս կըրնար անմահական պարծանք ըլլալ. լեզուի մը եւ ազգի մը նախադաս չափաբան, այսինքն ոտանաւոր բանիւ գրօղն ըլլալ: Իրմէ աւելի ճարտասան եւ բանաստեղծ հեղինակներ ունի մեր դպրութիւնն, բայց ոչ զոք իրեն հաւասար վայելչաբան՝ միանգամայն յարձակ եւ մոտանաւոր բանի, մանաւանդ այս ետքինիս մէջ. որոյ արուեստին զանազանութեանն եւ ճարտարութեանն՝ հնարօղ եւ վարդապետ իսկ կըրնայ ըսուիլ. վասն զի ոչ ոք իրմէ առաջ այնչափ տեսակ չափերով եւ ոճով երգեր, տաղեր եւ քերդուածներ գրած է։ Կըրնանք յիրաւի յայսմ մասին ալ իր բազմարդիւն մեծ պապը Գր. Մագիստրոսը՝ համարիլ նոր Ճամբայ մը փորձող, ինչ պէս շատ բանի մեր դպրութեան մէջ եւ նորոգող դպրութեանց, սակայն այն ճամբան ստուգիւ հարթող, ընդարձակող եւ պէսպէս բաժնող՝ դարձեալ մեր Շնորհալին է։ Մեր հին նախնեաց կամ՝ թարգմանչաց քերդուածները չունինք, կամ՝ հազիւ նշխարքներ. միայն Շարականաց մէջ գտուին ոտնաչափ գրուածք ալ, որոց եղանակին սղութիւնն կամ երկայնութիւնն երբեմն կանյայտացընեն չափական արուեստը. սակայն ինչ որ կը ստուգուի անոնցմէ, եւ Յոհ. Մանդակունւոյ ընծայուած ողբական գրուածքէ մը, այն է, որ մեր հին տաղաչափութեան ձեւն՝ նման էր հնագոյն եւ շատ լեզուաց մայր կարծեցեալ Հնդկաց սանսկրիտ հին լեզուին, որոց տողերուն նման մեր տաղիցն ալ 16 ոտք կամ վանկ ունի, եւ չորս անդամ կամ մասն կը բաժնի. փոխանակ բառից պատահական շեշտին (զոր չունի հայերէն լեզուն) առաջին եւ երրորդ անդամոց վերջի վանկերուն վըրայ ոյժ տալով, որպէս զի ներդաշնակութիւն առնու քերդուածն. զոր օրինակ

 

« Քրիստոսասէ՛րք իմ սիրելիք , ինձ օգնեցէ՛ք վիրաւորիս

Եւ գորովո՛վ մեծ ողորմիւ՝ աղաչեցէ՛ք ըզՏէր - վասն իմ» [1] ։

 

Եթէ այս ա) եւ գ) անդամոց շեշտերն լաւ զգալի չըլլան՝ շատ հոմաձայն եւ անորոշ կըլլայ մեր տաղաչափիութիւնն. եւս առաւել, եթէ ըստ ոմանց, ազատութիւն կարծելով՝ անդամներն կարճատուին, փոխանակ չորս վանկի ըստ կամս երկու երեք եւ կամ մէկի իջնան, ամենեւին անարուեստ, խառնակ եւ անհամ կ՝ըլլայ չափաբանութիւնն, մանաւանդ թէ եւ ոչ չափաբանութիւն։ Իսկ հաւասար չորս անդամոց կամ մասանց հոմաձայնութիւնն ալ այլալելու համար՝ Նախնիք մեր միայն տողին առաջին անգամը կը կարճատեն մէկ երկու վանկով, որովհետեւ խօսքին սկիզբն բնական կը սեպեն  աւելի ոյժ մը տալը. զոր օրինակ.

 

«Ընդհանուր քարոզեցին զբանըդ կենաց ընդ տիեզերս,

Թօթափեալք ըզքուն մահու՝ զուարթնոց երկնից հետեւեցան»։

 

Իսկ եթե ուզեն աւելի ներդաշնակութիւն մը տալ՝ կանոնապէս անդամոց մէկն չորս մէկալն երեք վանկով կընեն. ինչպէս մեր առաջին Քերդողահայր կոչուած Մովսէս Խորենացին կ՚երգէ

 

«Ուրախացի՛ր, Սըրբուհի, Գաբրիէլի՛ աւետեօք,

Որ քարոզեա՛ցն ըզգալուստ՝ արքային Տեա՛ռն  ՚ի յերկնից»։ 

 

  Եթէ կարենան շեշտից ոյժը պատշաճեցընել աւելի կարճ բառերու՝ (մանաւանդ երգոց մէջ) այն ատեն լաւ դիտելով եւ միշտ տողերուն քառանդամութիւնը պահելով, պէսպէս կը զանազանեն զանոնք, ինչպէս կերեւի Կոմիտասայ կաթողիկոսի Հռիփսիմեանց շարականին մէջ. յորում 4 վանկէն ինչուան միավանկ անդամ կայ, եւ 14 վանկով տողէ [2] ինչուան 8 վանկով [3]. բայց այսքան ազատութիւն՝ միայն տաղն եղանակաւոր ըլլալուն համար է, որով երգողն կ՚երկարէ կարճ մասերը, եւ փոխանակ շեշտի երկար կը բանեցընէ [4] ։ Սակայն ՚ի վերայ այսր ամենայնի, մեր բնիկ հայկական տաղաչափության ձեւն ամենէն առաջ ըսածնիս է, 16 ոտնեայ եւ . քառանդամ, միայն առաջին անգամն կարճեցընելով երբեմն մէկ վանկով եւ երբեմն աւելի, իսկ եթէ աւելի տարբերութիւն մը գտուի, անսովոր զարտուղութիւն մ՚է, թէ ոչ եւ գրչի սխալ եւ այս կանոնով գրուած են մեծագոյն մասն ազգային քերդուածոց, սկսեալ վերոյիշեալ Մանդակունւոյն ողբէն՝ մինչեւ ՚ի ԺԶ դարու քերդուածս ալ։ Նոյն չափով ուզեր է գրել եւ ինքն Մագիստրոս իր հռչակեալ հազարտողեան քերդուածը՝ Մեծ էն Գործք Աստուծոյ. յորում ուզեր է բովանդակել հին եւ նոր կտակարանաց պատմութիւնը, երեք օրուան մէջ տաղաչափելու գրաւ դնելով՝ մահմետական Աբրեհիմ ամիրայի մը, զոր եւ զարմացընելով՝ քրիստոնեայ ըրաւ. թէ եւ մեզի համար իր աճապարանքն շատ պանծալի չէ, որովհետեւ անհարթ եւ անհամ տողեր եւ ձեւեր ալ մտուցեր է, եւ բռնազբօս հոմաձայնութեամբն ալ տաղտկալի կ՚ըլլայ։ 

Դառնալով առ Շնորհալին, սա գրեթէ այս նախնեաց տաղաչափութեան ձեւը բոլորովին թողած է. որովետեւ ինքն իր տաղից մեծ մասն եղանակաւ գրած է, ուստի եղանակին յարմարցուցեր  է տողերը. իսկ վիպասանական գրուածոց, որք հաւանօրէն եղանակաւոր չէին, այնքան երկար տողեր (16-ոտեան) յարմար չէ սեպեր, բարոյական սկզբամբ մը. որ է, տղայոց եւ համբակաց համար գրած ըլլալն, որոց աւելի դիւրին է կարճ տողերը միտք պահել: Իր հրատարակուած քերդուածոց մէջ, եթէ չեմ՝ սխալիր, մէկ հատ մը միայն կայ այս Հին հայկական չափով 16-ոտնեայ  քառանդամ, եւ Է Աւագ ուրբաթու տաղին Յորդորակն [5]. նոյնպէս Վարդանանց շարականը հին հայկական ոճով գրած է. գրեթէ միշտ առաջին անդամն եռավանկ ընելով։ 

Շնորհալւոյ տաղաչափութեան մէջ մուծած մեծ նորութիւն մ՚ալ է նոյնաձայնութիւն վանկից կամ վերջայանգ ըսուածն, այս ալ կըրնայ Գրիգ. Մագիստրոսի գիւտ ըսուիլ, Արաբացւոց քերդութեան հետեւելով, ինչպէս կ՚ըսէ ինքնին եւ կը պարծի, եւ այնպէս ալ գրած է իր հազարտողեանը. եւ ոչ միայն զոյգ մը տողից կամ տուն մը համաձայն կամ նոյնայանգ լըծելով, այլ եւ բոլոր քերդուածը մէկ ձայնով վերջացընելով, ին, ին, ին. որուն Շնորհալին ալ հետեւած է եւ ուրիշներն ալ յետոյ. այս ձայնս ( ին ) աւելի բնական եւ դիւրին գտնելով, թէ բայից եւ թէ բառից հոլովմամբ եւ դիմորոշ Ն տառի յաւելեամբ։ Սակայն յայտ է որ շատ մը տողերու այսպիսի հոմաձայնութիւնն եթէ ՚ի սկզբան ներդաշնակ ալ լսուի ակընջի՝ կը թմրեցընէ զայն, եւ լեզուին շնորհքը եւ հարստու. թիւնը կը նուազեցընէ, մանաւանդ եթէ իմաստի եւ արուեստի կողմանէ ալ տկար ըլլայ քերդուածն, կամ թէ Շնորհալի մը չըլլայ գրողն. որ թէ եւ նոյն ձայնով գրեթէ 4000 ութոտեան տող գրած է Յիսուս որդի ըսուած գիրքը, բայց իմաստից ազնուութեամբը կը զմայլեցընէ. այլ որքա՞ն եւս կըրնար յափշտակել զմեզ՝ եթէ ուզէր յանգերը ըստէպ փոփոխել ինչպէս Բան հաւատոյ քերդուածին մէջ [6], կամ գէթ քիչ մը ուշ փոփոխել, ինչպէս Խաչին (Բարձրացուցէք) Ներբողեանքին մէջ, կամ Եդեսիոյ Ողբոց։ Ին վերջաւորութեան մօտ է ան վերջայանգն ալ. եւ ասով կազմած Յաղագս երկնից եւ զարդուց նորին գեղեցիկ 12-ոտնեայ քերդուածն, թէ եւ սա երկար բան չէ, այլ 200 տողի չափ։ Անշուշտ աւելի հասարակ եւ անախորժ Է եալ յանգն, որով կազմված է Շնորհալւոյ բուն Վիպասանութիւն ըսածն, որ եթէ այսու մասամբ իր գրուածոց մէջ ամենէն հետեւակն է, յիշելու է որ իր գրուածոց մէջ ալ ամենէն առջինն է, եւ մանկութեան գործ, ինչպես ինքնին կը վկայէ անմեղադրութիւն խնդրելով։ Հօս գրուածոց քննութեան հետ նորէն մեր պատմութեան թելն ալ խառնելու է։

Ինչպէս վերը յիշեցինք՝ Շնորհալին քահանայ էր՝ բայց դեռ անկատար հասակաւ, ըստ իր ըսածին, այս առաջին գրուածը հրատարակած ատեն, յամի 1121, իր կենաց 19-րդ կամ 20-րդ տարին, կամ թէ աւելի ալ առաջ գրած։ Նոր թեւերը պարզող քերթողին նպատակն կ՚երեւի իր նախնեաց կամ Պահլաւունի ցեղին յիշատակը թողուլ. բայց թերեւս իբրեւ անձնական երեւոյթ մը չտալու համար՝ կը յարէ զայն բոլոր Հայ ազգին ցեղապետութեան յիշատակին վերջը, այսինքն Հայկազն եւ Արշակունի ազգապետաց շարքին, զոր ըստ Մովսիսի Խորենացւոյ պատմութեան կը համառօտէ, ազգին քրիստոնէութեան դարձն ալ յիշելով ՚ի ձեռն Ս. Լուսաւորչի, որոյ ցեղին վրայ ալ վիպելով՝ անկէ իջած կը ցուցընէ զնոր Պահլաւունիս, եւ Մագիստրոսի վրայ յերկար խօսելով՝ ապա անոր որդւոյ Գր. Վկայասիրին վրայ, եւ յետոյ իր եղբօր յաջորդութեանը եւ զինքը դաստիարակելուն վրայ գրելով՝ կ՚աւարտէ, 1600 ութոտնեան տողէ աւելի։ Իսկ վիպասանութեան  սկիզբն ամենայն բանի սկիզբէն կ՚առնու.

« Աստանօր սկըզբնաւորեալ՝ 

|Բանիս ըզԲանն ըսկիզբն եդեալ,

Այն որ ընդ Հօրն է էացեալ» եւ այլն

Անկէց առաջ ալ նախերգանք մ՚ունի (44 տող), սկսելով

«Պարտական է հօր՝ որդի,

Հատուցանել վարձըս ծնողի

Եւ անդրադարձ փոխարինի

Բազում երկանցըն պատշաճի»

որով կ՚իմացընէ թէ իբր պարտք երախտեաց կ՚ընծայէ զայն՝ իր հարց, եւ հաւանօրէն իր հայրախնամ կաթողիկոս եղբօր։

Որչափ ալ վերը հետեւակ գրուած մ՚ըսինք այս վիպասանութիւնս, Շնորհալւոյ արշալույս մ՚է, մանաւանդ երբ իր տարիքն ալ յիշենք, եւ անկէ աւելի՝ իր գիւտը. վասն զի ինչուան այն ատեն դեռ այսպիսի գրուած մը չէր երեւցած մեր դպրութեան մէջ, այլ ինքն քերթողական վիպասանութեան օրինակ ընծայեց։ Բաց ՚ի նոյնայանգութենէն՝ ( եալ, եալ ) շարադրութեան խորթութիւն չունի, այլ ողորկ է իր ուրիշ գրուածոց նման, եւ ազնիւ իմաստից բողբոջները ցուցընէ. եւս առաւել իր աստուածաբանական միտումն եւ յստակ տեսութիւնը, Ս. Երրորդութեան վրայ կանխաբանութեանը մէջ։ Կ'երեւի նաեւ ազգային եռանդուն ոգին, զոր չեն մարած հոգեւոր եւ աստուածաբանական կրթութիւնքն, այլ իրենց գերագոյն լուսովը աւելի պայծառ եւ մաքուր ցուցընեն։ Ասոնց վրա՝ բաւական Ճարտարութիւն ալ կերեւի համառօտելու ազգին պատմութեան կարեւոր յիշատակները եւ անձինքը. որով աւելի ախորժընթերց կըրնայ ըլլալ, քան իրմէ առաջ Խորենացին համառօտող արձակաբան պատմիչք։ Միով բանիւ, նաեւ այս անկատար հասակի եւ նուաստացեալ համբակի գրուածն, իբրեւ կատարեալ եւ կատարելոյ գրուած մ՚ընդունեցաւ ազգն, մանաւանդ մերձաւորք ժամանակաւ. իր կենսագիրն պարզապես կը յիշէ այս գործս. «Նա եւ զնախկի պատմագրեալն ՚ի Մովսիսէ Խորենացւոյ՝ յաղագս Նախնեացն Հայոց՝ վերստին չափաբերութեամբ պատմէր, սկսեալ ՚ի տիտանեանն Բէլայ եւ ՚ի նախնոյն մեր Հայկայ, եւ հասուցեալ մինչեւ ՚ի հարս իւրեանց եւ յինքեանս»։ Ուրիշներն աւելի գովութեամբ ալ յիշեն, եւ նմանողութեան օրինակ կ'առնուն. որոց գլխաւոր է Վահրամ րաբուն ըսուած վարդապետն, 150 տարի ետեւ. որ յորդորանօք Գ Լեւոն թագաւորի զուարճացողի եւ սիրողի Շնորհալւոյ Վիպասանութեան, շարունակեց զնոյն, նոյն ոճով եւ ձեւով, նոյնայանգ վերջաւnրութեամբ, 1500 տողի չափ. յորում պատմէ  Ռուբինեանց ցեղապետութիւնը, սկսեալ յարձակմանէ Թուրքաց, եւ Բագրատունեաց վերջին Գագիկ թագաւորին պանդըխտութենէն մինչեւ իր ժամանակը, իբր յամն 1275. թէպէտ յանդըգնութիւն էր, կ'ըսէ, «Ի հրաշագեղ Վիպասանութիւն երանելի առն՝ (Ներսիսի) յարեալ ըզ«բանս իմ հիւծեալ». այլ մտածելով որ ոսկէգոյն գործուածոց մէջ ալ երբեմն սեւ կը խառնուի՝ վերջապէս կը հաւանի գրելու։

Շնորհալւոյ քերդեղութեան կամ չափաբանութեան վրայօք խօսքերնիս գլխաւորելու համար, գոնէ գրուածին արուեստական կերպին, ըսենք՝ որ այս յիշեալ կերպով (ութոտեան եւ նըման վերջայանգով) գրած է իր երկարագոյն քերդուածները, Յիսուս որդի, Ողբ Եդեսիոյ , Բան հաւատոյ, Վիպասանութիւն , Խաչի Ներբողին կէսը, ժամասացութեան երգերն, Չարչարանաց եւ Ննջեցելոց եւ ուրիշ Շարականներ, եւ այլն։ Իսկ կարճ քերդուածներն՝ պէսպէս չափերով գրուած են, եւ ոմանք անյանգ են, ոմանք նոյնայանգ. ոտից չափն ալ 13-Էն ինչուան 5 կը զանազանի. այս ետքի պզտի չափով են Առաւօտ լուսոյ եւ Աշխարհ ամենայն՝ Առաւօտեան ժամասացութեան մէջ մըտած ջերմեռանդն երգերն։ Այս կարճ քերդուածոց կամ տաղից վրա՝ ուր որ յանգերն կը փոփոխին ամեն զույգ տողի, յիրաւի զանազանեալ ներդաշնակութիւն մը կու տան, եւ ճարտար գրչի մը փորձ կը ցուցընեն. ինչպես օրինակի համար, Սողոմոնի Առակաց Յիշատակարանն, որ կը սկսի 

«Աստուածեղէն հոգւով ՚ի սմԱ՝ 

Խաղաղութիւն անուն արքԱ», եւ այլն:

Ասոր մէջ թէ իմաստից ամփոփման, թէ շարագրութեան եւ թէ այս յանգերու յարմարութեան մեծ ճարտարութիւն կայ. եւ չափէն աւելի կըրնանք ըսել. վասն զի ասոնցմէ դուրս բռնադատ հարկ մ՚ալ դրեր է իրեն Հեղինակն, ոչ միայն այբուբենի կարգով տողերը սկսանիլ՝ այլ եւ նոյն գրերով վերջացընել եւ յանգ կազմել. որ որչափ ալ աւելորդ կամ խաղալիկ մը երեւի, այնչափ ճարտարութեամբ եւ բնական կերպով յօրինուած է, որ խաղն եւ հարկն չի նշմարուիր, այլ միայն վայելուչ զրուցուածն եւ ձայնն. եւ ինչ ալ որ ըլլայ՝ նաեւ յայսմ մասին առաջին կ՚երեւի Շնորհալին, թէ իբրեւ հնարող եւ թէ իբրեւ գերազանցող։ Սովորութիւն ըրած է կարճ քերդուածներէն շատն այս այբուբենի կարգով տողել. երբեմն ալ վերջադարձ կարգաւ շարելով, այսինքն Այբէն ՚ի Քէ երթալու տեղ, Քէէն յԱյբ դառնալով. ինչպէս է վերը յիշեալ Առակաց յիշատակարանին ուրիշ յիշատակ մը, նոյնպէս նոյնագիր վերջալանգօք

«Քաղցրագունիս այս բաղձանօք՝

Լըցեալ հոգիս մեռեալ մեղօք». եւ այլն

 

Շատ անգամ տնագլուխ կամ տողագլուխ տառք իր անունը կը կապեն, Ներսէս , կամ Ներսիսի Է Բանս, կամ Ներսիսի նվտասի կամ Տէր Ներսիսի կաթողիկոսի Հայոց. վասն զի շատ տաղերն իր կաթողիկոսութեանը ատեն գրած է, երբեմն ալ անոնց անունը՝ որոց համար գրած է. զոր օրինակ Աստեղաց եւ երկնից վրայօք քերթուածին տնագլուխք կը կազմեն՝ Մխիթար բժիշկ ընկալ ՚ի Ներսէսէզայս բան։ Նոյնպէս իր եղբօորդւոյ Ապիրատի համար գըրածն Առ Ապիրատն ՚ի Տէր Ներսիսէ բան չափով. կամ տաղին նիւթը, Բան ՚ի Վկայն ՚ի   Ներսիսէ. Ի Ստեփաննոս. Սրբոյն Գրիգորի եrգ ՚ի   Ներսիսէ Նէրսիսի երգ ՚ի Քառասուն վկայսն Աստուծոյ, որք ՚ի Սեբաստիա կատարեցան. Առ Հռիփսիմէ կոյսն.   եւ այլն։ Այս խաղերէն կամ կապերէն զատ՝ երբեմն (այլ քիչ անգամ) այն կրկնաձայնութեան կերպն ալ բանեցուցեր է, որ ամենահին է յարեւելեան քերդողութեան, կամ եւ սկզբնական արուեստ. եւ Է տողին վերջին բառով սկսանիլ յաջորդ տողը։ Այս բանս կերեւի սուրբ գրոց հրէարէն բնագրոց մէջ. նոյնն կը նշմարի մեր լեզուին ալ հնագոյն մնացեալ երգոյն մէջ, որ գուցէ քանի մը դար առաջ երգուած է քան զՔրիստոսի թուականն եւ է

« Երկնէր երկին, երկնէր երկին». եւ այլն։ 

ըստ այսմ օրինակի են Նարեկացւոյ քանի մը տաղերն, ըստ այսմ եւ մեր Շնորհալւոյ տաղքն ՚ի Լուսաւորիչն՝ Սրովբէից ձայնիւ, Քառասուն վկայն՝   Նոր իմն է հնչիւն, եւ յՈրդին Որոտման, եւ այլն ամեն երկրորդ տողի վերջի բառն՝ յաջորդին տնագլուխ ընելով. ինչպէս.

«Որդիքն Որոտման՝ որք ՚ի վերուստ որոտացին

Յամպոց հրեղինաց հողմով Հոգւոյն հընչեալ յաշխարհս.

Յաշխարհ ծարաւուտ՝ զանձրեւ կենաց հոսեալ  յերկնից». եւ այլն

Գալով քերդուածոց նիւթերուն կամ առարկային, յայտ է որ ՚ի Շնորհալւոյ աշխարհային եւ պարզ նկարագրական բաներ պէտք չէ սպասել. ամեն գրուածն ալ հարկաւ բարոյական են, այլ ոչ զուտ խրատական կամ հոգեւոր. այլ ասկէ սկսեալ, կամ` թէ ըսենք յԱստուծոյ եւ ի հաւատոց խորագույն խորհուրդներէ՝ ինչուան յԱռակս եւ ՚ի Հանելուկս կը զանազանի։ Շնորհալին դիտած է զամենայն ՚ի կրթութիւն մարդկան գըրել եւ քերդել եւ լաւ գիտէր որ բարուց կրթութիւնն չէ միայն ՚ի հոգի մարդուս, այլ եւ ի միտս եւ ի սիրտս. այս երեք զօրութեանց համար ալ գրած է զանազան բաներ. ոմանք պարզ Հոգեւոր, հաւատոց եւ Քրիստոսի տնօրէնութեանց վըրայօք, խորհրդազգած եւ աղօթախառն. ոմանք ՚ի պատիւ եւ ՚ի իշատակ տօնից Քրիստոսի, Տիրամօրն, Սրբոց եւ հրեշտակաց, որք սովորաբար Տաղք կ՚ըսուին. ոմանք Խրատական եւ վարժողական, ինչպէս են տղայոց համար գրուածներն՝ այբուբենական կարգաւ եւ անուամբք տնատելով. զոր օրինակ` 

« Այբն առաջին` ըզքեզ, տըղայ

Հանէ յիմաստըն գերակայ…

Գիմըն գանձէ քեզ բիւր բարի 

Գրելով զիմաստ ՚ի տախտակի». եւ այլն.

կէսքն ալ Բարոյական ՝ զարգացելոց համար. ինչպէս են Սողոմոնի գրոց վրայօք յարմարցուցած յիշատակարանքն։ - Ունի եւ Վարդապետական քերդուածներ, ինչպէս Յաղագս երկնից եւ զարդուց նորին . -- ունի Թուղթեր, այսինքն իբրեւ նամակ  գրած, մխիթարական կամ ընտանեկան. այսպէս է գրածն առ Ապիրատ.

«Արեգական լուսոյ ծագման 

Սէր քո առ իս համանըման». եւ այլն.

կամ «Առ ոմն իշխան արեւելեան (Հայոց) վասն որդւոյն իւրոյ տարաժամ՝ մեռելոյ.

Անտես է յոյսն աստուածային»։

Ծանօթ են Վիպասանութիւնքն. մէկն նախայիշեալն մտաց երախայրիքն՝ Ազգաբանութիւն Հայոց. միւսն յետոյ յիշելի Ողբքն Եդեսիոյ։ Ամենէն ընտանեկան կամ Ռամկական քերդուած՝ է Հանէլուկք կամ Րախանք ըսուածն, իբրու Ուրախականք, զըւարճութեան ժողովոց եւ կոչնոց ատեն ըսուելու եւ լուծուելու համար։ Այս ամենէն ետադաս տեսակս ալ պէտք է նշանակել ըստ բազում` գըլխոց. նախ իրենց հիւսուածքին անբաժանելի շընորհքն. երկրորդ առաջնութիւն, վասն զի Ներսիսէ առաջ այս ձեւ գրութեան օրինակ չունենք. երրորդ լեզուն, որ ռամկօրէն կամ աշխարհաբառ լեզուի եթէ հնագույն գրուածն չէ՝ գոնէ ոտանաւորի մէջ հիներէն է. չորրորդ՝ եւ մանաւանդ առաջին՝ հեղինակին նպատակը այսպիսի գրուածոյ մէջ, որ է վերոյիշեալ բարոյական կրթութիւնն՝ հանդերձ զբօսանօք եւ սրութեամբ մտաց։ 

Հիմայ եթէ քիչ մ՚ալ իմաստից արժէքն եւ քերդողական ու բանաստեղծական հանճարը քըննել ուզենք, նախ պէտք է անհակառակ եւ անտարակոյս, որով եւ ոչ երկար քննութեամբ՝ խոստովանիլ, որ իբրեւ քերդող կամ՝ չափաբան՝ Ներսէս Շնորհալի՝ մեր լեզուին մէջ կամ առաջինն է կամ առաջնոց հաւասար. որ եւ է պարզ քերական մը կըրնայ այս բանս դատել։ Իբրեւ բանաստեղծ ալ՝ ընդ առաջինս դասուելու է աներկբայապէս, մանաւանդ եթէ գրուածոց կամ նիւթերուն զանազանութիւնն ալ նկատուի։ Չեմք իշխեր բանաստեղծի յանկարծական թռիչներով հաւասարել զինքը Գրիգորի Նարեկացւոյ եւ նմանեաց, կամ խոր վսեմութեամբ՝ Սիւնեցի եւ Մոկացի Ստեփանոսեանց, կամ այն առաջին Թարգմանչաց վսեմութեան՝ որ հին դարերու սեփական կնիք է եւ գրեթէ անհնար է նորագույն դարերէ պահանջել. ՚ի վերայ այսր ամենայնի ունի Շնորհալին ալ զանազան քերդուածներ եւ քերդուածոց մասեր, (ինչպէս յՈղբս Եդեսիոյ եւ ՚ի վերջ Յիսուս որդւոյն), որ բանաստեղծութեամբ ալ, վսեմութեամբ ալ, պարզութեամբ ալ՝ ընտիր եւ սքանչելի են։ Թէ եւ այսպիսիները դատել եւ օրինակ ընծայել դժար է. վասն զի քննաբանից ախորժակք ալ դժար կը միաբանին յայսմ, սակայն կրնանք անոնց դատաստանին եւ մեր ընթերցողաց յիշեցընել Շնորհալւոյ քանի մը արտադրութիւններ։ Մեծի ուրբաթու տաղն, Անեղ որդին (Չափաբեր. երես 381), Ծարաւեցաւ Տէրն ՚ի Խաչին (386). Խաչի տաղն Նոր դրախտին եկեղցւոյ (412), եւ անոր Յորդորակն՝ «Կենաց փայտ տընկեալ ըզքեզ անկողին զԵդեմ» (413). Քառասուն վկայից տաղին Յորդորակն, «Բանիւ աւետաւոր բարառնաբար բարբառես «ցուք», (եթէ հարազատ Շնորհալւոյ մտաց ծնունդք են ասոր իմաստքն, վասն զի Ս. Մարութայի Արեւելեան Վկայից Ողբին կը նմանին). Ս. Հռիփսիմեանց վրայ վայելուչ նկարագրական տաղն.

«Երջանիկ հոգիահրաշ

Կոյսըն մաքուր սուրբ Հռիփսիմէ». (471) եւ այլն։

 

Շարականաց մէջ ալ՝ Վարդանանցն՝ Արիացեալք առ հակառակսն, կիրակի օրուան Նորաստեղծեալի վերջին տունն, եւ այլն, եւ այլն։ 

Եթէ մէկ ուրիշ զգացմունք մ՚ալ փնտռենք, որ կ'ըսուի փափուկն կամ գորովական, կամ սրտագին այսմ Շնորհալին չունի իրեն հաւասարող: Յիսուս որդին, Ողբքն Եդեսիոյ, շարականք Ննջեցելոց, շարականք Չարչարանաց կամ Խաչելութեան, զանազան տաղք եւ մանր երգք ժամասացութեան՝ անժխտելի օրինակներ կ'ընծայեն մեզ. ասոնց եւ նմանեաց մէջ Շնորհալին կըրնայ ըսել ինչ որ այն չարչարանաց երգոց վերջի տանն մէջ, « Սիրտ իմ առ քեզ աղաղակէ»: Սի՜րտ, հոգի  եւ միտք, եւ անոնց բացատրութիւնն բանիւ: Շնորհալւոյ անձին մէջ միացեալ ձիրք մ՚է, իբրեւ ՚ի զանազան համեմոց եւ հոտոց խառնեալ՝ նիւթ մը, որ եւ ՚ի միակերպութեանն՝ ունի սքանչելի զանազանութիւն ճաշակաց։ Այս գորովական զգացման կամ փափկաբանութեան հետ՝ նկատելով իր իմաստից միշտ ազնուութիւնը եւ օծումը, շարադրութեան միշտ վայելչութիւնը, եւ ձեւոց զանազանութիւնը, Շնորհալին ոչ միայն մեր նախակարգեան հեղինակաց կը հաւասարի արժէիւք, այլ եւ կը գերազանցէ զամենեսին առ հասարակ, թէ իրեն եւ թէ անոնց մեզի հասուցած գրուածներէն դատելով. եւ եթէ մէկ կամ միւս տաղանդոյ մասին մէջ առաջին չէ, բոլոր մտաւոր եւ գրաւոր յատկութիւնները մէկ տեղ բերելով՝ դժար կ՚ըլլայ իրմէ առաջին մը գտնելն։ Այնքան գեղեցիկ ձրից եւ յատկութեանց միութիւնն է որ մեր հեղինակը Շնորհալի կ՚ընէ, իր գերագոյն յատկութիւնն՝ է անհաւասարելի հաւասարութիւն մը յամենայնի։ Շնորհքն, եթէ չեմք սխալիր, այս կերպ գերազանցութիւն մը կը պահանջէ. շնորհքն ինքնին սքանչելի հաւասարաչափութիւն մ՚է։ Կարգէ դուրս հանճար մը՝ թուի թէ շնորհաց չափէն կ՚անցնի. սուր եւ բարձր բանաստեղծական թռիչք կամ խորին վսեմութիւնք՝ դժուարաւ չափի եւ կանոնի մէջ կը մնան, պայծառ եւ անդին ականց կը նմանին, այլ առանձնակ բաներ են, շարք մը, հիւսուածք մը, ամբողջ մը չեն ձեւացըներ. այնպիսի ամբողջ մը՝ որ հաւասարապէս սքանչելի ըլլայ ամենայն տեսութեամբ, ամենայն յատկութեամբ։ Մեր հեղինակին չնորհքն այնչափ եւ այնպիսի է՝ որ իր քով անանկ սաստիկ եւ յանդուգն թռիչք մտաց ալ՝ շնորհքէ պակաս կ՚երեւին. ինքն այնպիսի ամբողջութիւն մ՚ունի` որոյ պակսութիւն չի բերեր աւելի բարձր կամ նոր թռիչք մը չունենալն. թերեւս եւ պակսութիւն բերէր ունենալն։ Միով բանիւ այնպիսի բարձր եւ խոր թռուցիկ հանճար ունենալէն վեր է՝ հանճարոյ թեւերն անգամ կառավարել եւ այն օդապարիկ հրապարիկ երկնապարիկ երիվարն կամ արծուին անգամ սանձել, եւ չնորհաց շիտակ շաւղէն վազցընել, ոչ սաստկազայր արեւներու պարունակաց մօտ, եւ ոչ երկրաւոր ցրտութեանց, այլ միջին ճամբէ մը՝ որ երկնից մեջ է, այլ երկրիս վրայէն։ Ոչ այնքան տարակուսիմ թէ կըրնար Ներսէս աւելի բարձր խոյանալ ՚ի քերդուածսն եւ յիմաստս, որքան թէ կըրնա՞ր այնպիսի գերագոյն խոյանաց մէջ ալ՝ այսպէս շնորհաբան եւ շնորհալի մնալ։ Սակայն ոչ լոկ գրաւորական արուեստ մ՚էր Ներսիսի մտաց թեւերը այսպէս նուաճելով՝ շնորհաց հարթ ու վարդ ճամբուն մէջ շարժողն, այլ եւ հոգւոյն սքանչելի եւ աւելի նուրբ եւ սուրբ յատկութիւն մը , որ չէր թողուր իրեն ծայրայեղ երեւնալ՝ նաեւ ՚ի հանճարս, գերազանցելովն հանդերձ. յատկութիւն մը՝ որ իր բազմափայլ շնորհաց ալ շնորհքն կըրնայ ըսուիլ, կամ կենդրոն ճառագայթից նորին. զոր եւ յետոյ աւելի յստակ պիտի նկատենք։ Հիմայ լմընցընենք ինչ որ ընդհանուր գիտելիք կամ դիտելիք կայ չափաբանական գրուածոց վրայ. որոցմէ մեզի ծանօթներն 15, 000 տող կ՚ըլլան։



[1] Յովհան Մանդակ. երես 384 տպագրին։

[2]     Քանզի հասեա՛լ ՚ի թիկունս աներեւո՛յթ օգնութիւն:

[3]     Մա՛յր Սիովն դըստերօ՛քն իւրովք։

      Ծընա՜ն կուսանք ա՛զգըս բազումս»:

[4]     Մա՜յր Սիովն դստերօ՜քն իւրովք։

[5]     «Շնորհօք սրբոյ Հոգւոյն լըցեալ եղեն սուրբ մարգարէքն,

      Շարժեալ ի նմին ժամու մեծ գոհութիւն մատուցանեն », եւ այլն։ 

[6]     Ինքնին Շնորհալին այս քերդուածին մէջ յանգաց փոփոխութիւն ընելը՝ որ ակընջի ձանձրալի չըլլայ՝ կը վկայէ  յիշատակարանին մէջ

Ոչ մի տառիւ վերջ յանգական,

Զի մի՛ ծուլից լուր ծանրանան.

Այլ խտրաբար փոփոխական,

Զի ընթերցողք ոչ ձանձրանան