Շնորհալի եւ պարագայ իւր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.
Գերութիւն Ա Լեւոնի. - Հրաւեր Գրիգորիսի ՚ի Լատինաց ՚ի Ժողովս Անտիոքայ եւ Երուսաղեմի։

Հայոց՝ Ասորւոց հետ ունեցած յարաբերութիւններն ինչ կերպով ալ որ ըլլար՝ ծանր հետեւանք մը չէին ունենար. իսկ Յունաց Հետ՝ այսպէս չէր։ Մեր եւ այս ազգին հետ անցած գացածն 6–700 տարուան միջոց՝ քիչ շատ յայտնի է ամենուս, թէ ըստ քաղաքական եւ թէ ըստ կրօնական տեսութեան. իսկ այս մեր հասած պատմութեան միջոցն՝ ամենէն սաստիկ հակառակութեան, վիճմանց, կռուոց եւ պատերազմաց յեղանակ մ՚է. որ սկսաւ Բագրատունեաց թագաւորութեան վերնալէն, եւ սաստկացաւ անոնց վերջին թագաւորին՝ Բ Գագկայ սպանմամբն ՚ի Մանտալեանց, եւ ասոնց ալ սպանմամբ յԱ Թորոսէ, որոյ յաջորդեր էր եղբայրն Լեւոն Ա. եւ զինուց բռնութեամբ՝ եղբօրը, հօրը եւ պապուն տիրած սահմանները կը ջանար ընդարձակել աւելի վրէժխնդրութեամբ եւ քաջությամբ՝ քան իրաւամբք եւ զգօնութեամբ շարժելով։ Ասով անխտիր ամենուն հետ ալ երբեմն բարեկամ եւ երբեմն թշնամի կ՚ըլլար, թերեւս բաց ՚ի Յունաց. ատեն մը Լատինաց (Անտիոքացոց) հետ միաբանելով` Թուրքերը հալածեց իրենց բռնած տեղերէն. վերջը գժտելով իր նիզակակցաց հետ՝ Թուրքաց հետ դաշինք դրաւ, կոխեց զԱնտիոք, եւ նեղեց զիշխանը մինչեւ ՚ի մաՀ (1130)։ Քանի մը տարիէն Անտիոքացիք ալ օգնութիւն գտնելով՝ Լեւոնի վրայ յարձակեցան բռնեցին եւ արգիլեցին յԱրտիք (1735)։ Նոյն ատեններն  Յովհան Կոմնենոս կայսրն Յունաց՝ ուզեր էր զԿոստանդիա՝ Անտիոքայ իշխանին դուստրը՝ իր մէկ որդւոյն հարսնացընել, որպէս զի զԱնտիոք ալ նորէն Յունաց ինքնակալութեան տակ ձգէ. Անտիոքացինք իմանալով դիտաւորութիւնը՝ մերժեցին. կայսրն՝ փոխանակ դեսպանաց՝ բանակներ խաւրեց, եւ սկսաւ գալ Անտիոքայ վրայ։ Անտիոքացիք իրենց ազատութեան ճար գտան զԼեւոն ազատել (1136). հետը դաշինք դրին , նիզակակցեցան ընդդէմ Յունաց։ Լեւոն առաջնորդելով Հայոց եւ Լատինաց՝ գնաց պաշարեց զՍելեւկիա ( յապրիլի, 1137)։ Յովհան կայսր ալ խորագէտ եւ ճարտար էր, բայց ավելի ալ բաղդաւոր՝ բազմութեամբ զօրացը. թշնամւոյն ըրածին յարմար ինքն ալ կը գործէր. թողլով զՍելեւկիա՝ սկսաւ Կիւլիկիյ գլխաոր քաղաքաց վրայ յարձըկիլ, որք բաւական ամրութիւն ալ չունէին, եւ մէկիկ մէկիկ առնուլ։ Անարզաբա՝ աւելի զօրաւոր էր. Լեւոն անձամբ եկաւ պաշտպանելու զայն եւ երկար դիմացաւ. սակայն տեսնելով որ պիտի չկարենայ ապրեցընել, անկէ ամուր տեղ մը ձգեց զինքը, եւ մնացած ոյժը հօն կեդրոնացուց. այս էր Վահկայ բերդն։ Կայսրն զԱնարզաբա նուաճելով՝ շուտ մը եկաւ զՎահկա ալ պաշարեց. քանի մը Լատին իշխանք՝ որք Երուսաղէմի կողմերէն կը դառնային՝ Անտիոքացոց ոմանց հետ միաբանած՝ եկան Լեւոնի օգնելու. կայսրն Վահկայի քով գունդ մը թողլով` մնացեալ զօրօք դէպ յԱնտիոք սկսաւ վազել: Լատինք ստիպուեցան թողուլ զՎահկա եւ զԼեւոն՝ եւ իրենց վտանգին ճար մտածել։ Այսպէս իրարմէ զատելով զՀայս եւ զՅոյնս՝ կայսրն Յովհան երկուքն ալ տկարացուց, երկուքն ալ նուաճեց։ Լեւոն երկայն ատենի պաշար չունենալով՝ հարկադրեցաւ անձնատուր ըլլալ երկու որդւովքն, (Ռուբէն եւ Թորոս Բ), եւ ղրկուեցաւ  ՚ի Կոստանդինուպօլիս. Անտիոքացիք ալ հարկադրեցան կայսեր գերագոյն իշխանութիւնը ճանչնալու, եւ քաղքին դռները բացին։

Այս կերպով Հայոց տիրութիւն կամ բռնակալութիւնն ՚ի Կիւլիկիա՝ գրեթէ առ ժամն ոչընչացաւ. եւ Յոյնք առիթ գտան վրէժխնդրութեան ՚ի Հայոց, անխտիր կոխելով, աւրըշտըկելով, կողոպտելով զսուրբ եւ զանսուրբ տեղուանք, զբերդ եւ զվանք, զքաղաք եւ զեկեղեցիս։ Որոց հեռուէն իմն ականատես ըլլալով մեր Շնորհալի եպիսկոպոսն, որչափ ալ չէզոք երկրի մը վրայ էր, Ժոսլէն իշխանին տէրութեան մէջ, ընդ մէջ Անտիոքայ եւ Եդեսիոյ, եւ որչափ ալ Լեւոնի ամեն գործոց չէր հաւներ, սակայն Յունաց այս անխտիր եւ անգութ գործոց վրայ սաստիկ վշտանալը, եւ իր ազգայնոց կարեկից ըլլալը, կը յայտնէ հին գըրքի մը մէջ յիշատակագրելով. «Յորժամ ել թագաւորն Հոռոմոց յաշխարհն Կիլիկեցոց, եւ առ զնա յիշխանէն Լեւոնոյ, որ էր Հայ ըստ ազգի եւ ըստ հաւատոյ. եւ աւերեաց զբազում վանորայս եւ զեկեղեցիս. եւ զնշանս տերունականս խորտակէին, եւ անհնարին հարուածս ազգի մերում հասուցանէին քինաբար, եւ այս եղեւ ի թուիս ՇՁԶ ». (1137)։ Այս համառօտ յիշատակութիւնն պատմական շատ յարգ կըրնայ ունենալ՝ այնպիսի գրչէ մ՚աւանդուելով. այլ առաւել յարգի են մեզի այն կարճ խօսքերուն մէջ յայտնուած մարդասէր եւ ազգասէր զգացմունքն, որք կարօտ չեն մեր մեկնութեանը. եւ որք այնքան շնորհօք փայլեալ երիտասարդ սրտին մէջ՝ ՚ի հարկէ գերագոյն եւ առաքինական կիրք մը գրուելու են եւ ոչ ռամկական ազգային սէր կամ նախանձ մը։ 

Լեւոնի եւ Անտիոքացւոց դիպուածն՝ որ իրենց ձախող եղաւ ընդդէմ Յունաց տկարանալով, գոնէ յայսմ յաջող եղաւ՝ որ երկու զրկեալ ազգաց մէջ  (Հայոց եւ Լատինաց) աւելի կարեկցութիւն եւ սէր մտուց. եւ առ ժամանակ մը դադրեցան երկու դըրացի տէրութեանց մէջ հակառակութիքն, որ յետոյ Բ Լեւոնի ատեն նորէն պիտի ծագէին եւ սաստկա. նային ուրիշ պատճառաւ։ Իսկ այժմեան բարեկամութիւնն՝ աւելի ալ ճանչցուց զիրենք իրարու, եւ փոխադարձ յարգել տուաւ իրենց բարի բարի յատկութիւնները եւ սովորութիւնները։ Այլ պէտք է խոստովանիլ, որ այս բանիս գլխաւոր առիթն էր մեր սքանչելի Պահլաւունի եղբարց վարքն եւ վարդապետութիւնն. որք Անտիոքայ սահմանաց մէջ բնակելով՝ յայտ յանդիման ամենեցուն կը փայլէին, անկարօտ վկայի եւ համբաւոյ. եւ երկու ազգաց ալ պարծանք էին, Հայոց՝ իբրեւ բնկաց, Լատինաց՝ իբրեւ անոնց քաղաքական իշխանութեան տակ գտուելով. վասն զի, ինչպէս որ վերը յիշեցինք, իրենց աթոռն այն ատեն էր «յերկրին Անտիոքայ, ՚ի գաւառին Տըլքոյ, ՚ի փոքրագույն դղեակն Ծով»։ Բնական էր որ բնակակցութիւնն պահանջէր բանակցութիւն ալ եւ կրօնական տեսութեանց միաբանութիւն եւ միագործութիւն. եւ այնպէս ալ եղաւ։ Մեծ Վկայասիրին անձամբ նորոգեալ ծանօթութիւնն եւ յարաբերութիւնն ընդ Լատինաց եկեղեցւոյ, ա՛լ աւելի զարգացաւ նախ այս իր յաջորդաց ատեն, եւ յետոյ ասոնց յաջորդաց եւ Լեւոն թագավորի օրով։ Երեք կրօնախառն միաբանութեան դէպք կը յիշուին Փոքր Վկայասիրի եւ Շնորհալւոյն ատեն, որք մեր եկեղեցական պատմութեան ալ մեծ դիտելիք եւ գիտելիք մը պէտք է ընծայեն. եւ անշուշտ արդէն այսպէս կ՚ըլլային, եթէ դէպքն մանրապատում աւանդուած ըլլային կամ մնային. այլ ոչ միայն մեր պատմիչք հարեւանցի յիշեն, այլեւ Լատինաց յիշատակք եւ ժամանակագրութիւնք համառօտ են այս միջոցիս, եւ կարեւոր յիշատակարանք եւ կոնդակք՝ կորուսեալ կամ՝ դեռ անյայտ։

Առաջին դէպքն է Անտիոքայ Ժողովն, յամի 1138 կամ 1139 [1]. թուի թէ առաջ եւ ետեւ քանի մը անգամ ժողոված են հօն Լատին եկեղեցականք եւ գլխաւորք ժողովրդեան, իրենց քաղաքախառն կրօնական խնդրոց համար. իսկ ծանօթագոյն դիպուածն այն է, որ յետ մահուան Բեռնարդոսի առաջին Լատին պատրիարքի Անտիոքայ (1136), անոր յաջորդին համար շփոթութիւնք եղան։ Դժբաղդաբար այն միջոցն Հռովմայ մէջ ալ շփոթութութիւն մը կար, Իննովկենտ Բ-ի հակառակաթոռ կանգնելով Անակլետ Բ մը. այս բանս առիթ առնըլով Ռատուլֆ` ազգաւ Փրանկ եպիսկոպոսն, հաճութեամբ Անտիոքայ ազնուականաց, պատրիարք նստաւ, եւ կէս մը Հռոմայ աթոռոյն շփոթութիւնը պատճառելով, կէս մ՚ալ Անտիոքայ երբեմն Ս. Պետրոսի աթոռ ըլլալը, (բայց աւելի իր յանդըգնութիւնը), ինք զինքը հաստատեց ՚ի պատրիարքութեան, ինքնին օրհնելով եւ վիզը անցընելով զ պալիում վակասը, զոր Ս. Քահանայապետք Հռովմայ կու ղրկեն իրենց պատրիարքաց, նախագահից եւ պատուաւոր արքեպիսկոպոսաց: Ասոր վրայ ուրիշ անխոհեմութիւններ ալ աւելցնելով՝ կղերը եւ ժողովրդեան մէկ մասը իրեն դէմ գրգռեց. որք դիմեցին առ ՌոՃեր թագաւորն Սիկիլիոյ։ Ռատուլֆ վախնալով ասոր իշխանութենէն՝ անձամբ գնաց ՚ի Հռովմ, եւ խորագիտութեամբ արդարացուց զինքն առաջի Իննովկենտ Պապին, եւ ընդունեցաւ անկէ պալիումը։ Սակայն չկրցաւ դիւրաւ դառնալ յաթոռը. այնպիսի ընդդիմութիւն տեսաւ յԱնտիոք՝ որ կեանքն ազատելու համար քաշուեցաւ ՚ի Սեաւ Լեռները եւ ատեն մը պահուըտեցաւ, մինչեւ որ ճարտարութեամբ ճամբայ բացաւ եւ նորէն մտաւ նստաւ աթոռը։ Սակայն քահանայապետն Հռովմայ բոլորովին վստահ չէր անոր վրայ: Հարկաւոր սեպեց նուիրակ մը խաւրել, որ կըսուի Լեկադ, եւ քննել Անտիոքայ խնդիրը։ Առաջին լեկադն յԱնտիոք չմտած մեռաւ, եւ ոմանց կասկած բերաւ անբնական մահուան. տեղը ղրկուեցաւ Ոստիոյ եպիսկոպոս Ալպերիկ Կարդինալն, որ հրատարակեց ժողովք գումարել յԱնտիոք նոյեմբեր ամսոյ վերջին օրը, քաղքին Ս. Պետրոս մայր եկեղեցւոյն մէջ. ուր եւ ժողովեցան՝ Երուսաղէմի պատրիարքն Գուլիելմոս, Տիւրոսի արքեպիսկոպոսն, եւ ուրիշ տասնիւ չափ արքեպիսկոպոսունք եւ եպիսկոպոսունք եւ վանահարք Լատինաց, եւ գըլխաւորք Անտիոքայ։ Յայտ է որ պէտք էր երկպառակութիւն ըլլալ Անտիոքայ մէջ ՚ի պատճառս իրենց անուանեալ պատրիարքին, ոմանց կողմնակից ոմանց հակառակ ըլլալով. այլ վէճն շատ չերկարեց՝ Ռատուլֆի նոր պնդագլխութեամբը, որ իրեք անգամ հրաւիրուելով՝ չերեւցաւի ժողովին, եւ ըստ եկեղեցական օրինաց՝ մերժեցաւ յաթոռոյն եւ բանադրեցաւ. եւ իբր յանցաւոր՝ Անտիոքայ իշխանն բռնեց եւ բանտեց զնա բերդի մը մէջ, ուսկից փախչելու հնարքն ալ գտաւ եւ գնաց ի Հռովմ, եւ հօն մեռաւ տարակուսական մահուամբ, կամ անկէ նորէն ելնելով՝ ճամբուն մէջ։ Անոր տեղ հաստատեցին ուրիչ Փրանկ մը, Էմըրի կամ Ամարիկ անուամբ, որոյ գլուխն ալ շատ փորձանք եկան իր երկար պատրիարքութեան միջոց:

Արդ այս ժողովոց առթիւ հրաւիրեցաւ մեր Պահլաւունի կաթողիկան ալ իր Շնորհալի եղբարբն յԱնտիոք. զորոնք զանց ընել եւ թողուլ ալ անկարելի իմն էր, այնքան մօտք եւ այնքան մեծք ըլլալով

«Մեծն յԱնտիոք ժողովն եղեալ

Խնդրող սոցա արագ ելեալ»

կ'ըսէ Լամբրոնացին. իսկ Կիրակոս Պատմիչ շատ մեծաբանութեամբ կ'աւելցընէ, թէ կաթողիկոսին հասած ատեն՝ «Ել ամենայն քաղաքն ընդ առաջ նորա ջահիւք եւ լապտերօք, եւ մեծաւ պատուով տարեալ նստուցին զնա յաթոռն Պետրոսի առաքելոյն»։ Պետրոսի աթոռ կոչուիլն Անաիոքայ յայտնի է, իսկ այս առթիս մեջ այն աթոռը նստիլն կը յարմարէր Պապին լեկադին, որ նախագահ էր Ժողովոյն, եթէ կըրնայ ըսուիլ յաթոռն Պետրոսի նստիլ։ Սակայն այս ժողովիս մէջ յիրաւի մեր կաթողիկոսին եւ իրեններուն գտուիլն՝ աւելի պատուասիրաբար համարելու է քան թԷ հարկաւորաբար, կամ կարեւոր քննութեանց համար. ՚ի վերայ այսր ամենայնի՝ երբ երկու աննման ծէսք եւ լեզուք եկեղեցեաց՝ մէկ տեղ գան, բնաբար եւ տարբերութիւնք դիտուին, եւ խօսք կ՝ըլլան. գուցէ այս բանս կ՚ակնարկէ Լամբրոնացին, վերը յիշածնուս վրայ աւելցընելով.

«Ուր հանդիսիւ ՚ի ճահ խօսեալ,

Ունկըն դնելով նոցա՝ նուաճեալ».

այսինքն Ժողովական հանդիսին մէջ մերոնք ալ, (անշուշտ Շնորհալի լեզուն), պատշաճ եւ վայելուչ կերպով խօսեցան, եւ լսօղքն Լատինք՝ հաւանեալ համոզեցան. եթէ կրօնական տեսութիւն մ՚էր խօսուածքն, եւ եթէ պատուադրական պատասխանի մը, կամ յորդորակ մը սիրոյ եւ միաբանութեան։ 

Այս առաջին առիթն Լատինաց հետ միաբան ժողովակցութեան՝ պատճառ եղաւ անմիջապէս երկրորդի մ՚ալ: Պապին լեկադն արդէն դիտաւորութիւն ունէր երթալու յԵրուսաղէմ, Ս. Սիոնի եկեղեցւոյն նաւակատիք ընելու. թէ՛ հանդիսին փառաւորութեան համար եւ թէ՛ մեր կաթողիկոսին փառաց եւ իր եղբօր շնորհաց համար, փափագեցաւ որ մէկ տեղ կատարեն այն սուրբ եւ շքեղ գործը. եւ ըստ ոմանց միաբան ալ ըրին իրենց ճամբորդութիւնը, եւ մտան ՚ի սուրբ քաղաքն։ Շնորհալւոյն ալ մէկտեղ ըլլալն չի վկայուիր, բայց երկուքն ալ հաւանական կըրնայ ըսուիլ, թէ՛ երթալն եւ թէ՛ մնալն՝ իբրեւ աթոռակալ իր եղբօրն ՚ի կաթողիկոսարանին։ Իսկ Գրիգորիսի երթալն եւ փառօք ընդունուիլն թէ՛ Լատինք վկայեն եւ թէ՛ մեր պատմիչք. միայն թէ Անտիոքայ Ժողովոյն պէս՝ այս Սիոնի ըսուած ժողովոյն ալ պատմութիւնն մանրամասն գրութեամբ չէ հասած մեզի։ Այլ նկատմամբ մեր պատմութեան, երկու գլխաւոր եւ կարեւոր բան յայտնի վկայուի երկու ազգին գրողներէն ալ. մէկ մը մեր կաթողիկոսին մեծափառ երեւնալն եւ այնպէս ընդունուիլն. մէկ մ՚ալ Հայ եւ Լատին եկեղեցեաց անխըտիր միութեան բանակցութիւն ըլլալն հօն եւ հաստատուիլն։ Մեր այն ատենի ժամանակագիրն, Սամուէլ՝ կը յիշէ այս բաներս. նախ, թէ Գրիգորիս իր վարուց մաքրութեան եւ շնորհաց համար էր «Պատուեալ փառաւորութեամբ, ոչ միայն ՚ի մերոյ ազգէս, այլ եւ յօտարասեռ թագաւորաց եւ իշխանաց եւ պատրիարգացն»։ Այս պատրիարգաց հօս ներկայ գտուողն էր տեղւոյն բննիկն, այսինքն Երուսաղէմին, որ եւ լեկադին եւ կաթողիկոսին հետ մէկտեղ Անտիոքէն եկաւ, իսկ իշխանաց մէջ գլխաւորներէն մէկն եղաւ այս ժողովոյս մէջ ալ Ժոսլին, մեր կաթողիկոսին բնակած տեղեաց իշխեցողն, որ գուցէ նոյնպէս ուղէկից եղած էր հայրապետացն. իսկ թագաւորաց  մէջ յայտ է որ Երուսաղէմինը փնտռելու է հou, որ էր այն ատեն Ֆուլք կոչուածն։ Ուխտերնին եւ Քրիստոսի Զարչարանաց եւ Յարութեան մեծամեծ տօները կատարելէն ետեւ, մեծաւ փառօք եւ հանդիսիւ՝ զատկին երկրորդ օրը կատարեցին Ս. Սիօնի նաակատիքը. այսինքն է Սիօն ըսուած բարձրավանդակին վրայ՝ Քրիստոսի Ընթրեաց Վերնատան տեղ շինուած եկեղեցին՝ նորոգուած էր. զայն հանդիսապէս օծեցին լեկադն եւ պատրիարքն եւ մեր կաթողիկոսն. եւ երրորդ օրն ալ հօն գումարեցան ՚ի ժողով, որ կըրնայ ըսուիլ թէ միայն Հայոց համար եղաւ, կամ ասոնց եւ Լատինաց յայտնի միաբանութեան. վասն զի ասկէ զատ ուրիշ խնդիր մը չի յիշուիր այս Սիօնի Ժողովին մէջ։ Մասնաւոր պատուով բազմեցուցին մեր կաթողիկոսը լեկադին քով, կամ ամենէն բարձր աթոռին, ինչպէս վկայեն յետին պատմիչք. եւ նմանապէս պատուաւոր տեղուանք տրուեցան իր հետ եկող եպիսկոպոսաց Հայոց , որոց գլխաւորն ըլլալու էր (եթէ հօն չէր Շնորհալին), Եգիպտոսի Հայոց եւ Երուսաղէմի եպիսկոպոսն։ Հայոց եկեղեցւոյն Ուխտին այսպիսի երեւոյթն առաջին անգամ էր լատինաց ժողովի մէջ, եւ թուի թէ անոնց եպիսկոպոսներէն եւ աթոռակիցներէն պակաս թուով չէին մերայինք ալ. այլ թուէն աւելի արեւելեան եւ հայկական կերպարանքն, հագուստն, եւ ձեւն ու ծէսն, շքեղութիւնն, եւ մանաւանդ մեր Պահլաւունոյն իսկական շնորհքն եւ արժանիքն՝ այնպէս տպաւորութիւն մ՚ըրած են հանդիսականաց վրայ, որ կարծես թէ անոնց ժամանակակից ամենէն մեծ լատին ժամանակագիրն Գուլիէլմոս՝ Տիւրոսի եպիսկոպոսն, դեռ 40 տարի վերջ ալ այս դիպուածը գրելու ատեն՝ պատկառանք մը կը զգայ, եւ բավական չի սեպեր զԳրիգորիս անուանել Մեծ կամ` Ամենամեծ քահանայապետ Հայոց (Maximus Armeniorum Pontifex), այլ մանաւանդ թէ, կ՚ըսէ, ամենայն եպիսկոպոսաց որք ՚ի Մեծ եւ ՚ի Փոքր Հայս, ՚ի Կապադովկիայ, ՚ի Պարս եւ ՚ի Մարս կը գտուին, գլխապետն եւ ընտիր Վարդապետ, որ կաթողիկոս կոչուի (Omnium Episcoporum ... Princeps et Doctor eximius). իսկ իր Հայ արուեստակիցն եւ ատենակիցն՝ Սամուէլ մեր Անեցի՝ կը յաւելու. «Անդ ծանուցեալ եւ իմացեալ զառատահոս ծաւալուն աստուածային շնորհին ՚ի վերայ Հայրապետին՝ ազգն Հռովմայեցւոց՝ իշխողք աչխարհացն, որ փռանգք կոչին, եւ ըստ վայելչազգեաց եւ պատշաճագեղ տեսիլ մարմնոյն՝ ծանեան եւ զհոգւոյն գեղեցկութիւն, եւ ՚ի բանս հաւատոյ զճշմարտութիւն՝ ամենեւիմբ. զոր պայծառ եւ կանոնական կարգաւ եւ քանոնով՝ վարդապետական ճոխությամբ բարբառէր։ Ուրախացան հաճելութեամբ, եւ առաւել սէր հաստատեցին ընդ Հայրապետին եւ ընդ ազգս մեր։ Եւ այս ամենայն ըստ խնամոցն Աստուծոյ. զի ոչ մերժէ Տէր զժողովուրդս իւր, ըստ Սաղմոսերգողին»: Այս իմաստը կը համմառօտէ եւ Կիրակոս պատմիչ մեր. «Ազգն Փռանկաց՝ որ իշխէին քաղաքին (Երուսաղէմի) եւ պատրիարքն նոցա՝ առաւել սէր հաստատեցին ընդ ազգիս մերոյ՝ վասն նորա. զի Էր նա բարի տեսլեամբ, գիտութեամբ սուրբ գրոց զարդարեալ։ Զհին դաշինս սրբոյն Գրիգորի եւ Տրդատայ, եւ Կոստանդիանոսի եւ Սեղբեստրոսի՝ վերստին նորոգեցին առ սովաւ»։ 

Խնդիրներն՝ որոց վրայ եղաւ առաջարկութիւն ՚ի կողմանէ Լատինաց, որոշակի չեն յիշուիր, այլ կըրնան գուշակուիլ, որ մէկ մը ծիսից եւ տօնից օրերուն համար էին, որոց պատճառն իմացընելով Հայրապետն մեր՝ համոզեց զիրենք` մէկ մ՚ալ հաւատոյ քանի մը վարդապետութեանց, որոց  որոշ կամ յամենայնի շիտակ բացատրութիւն չէին տար ամեն կողմի Հայք եւ անոնց վարդապետքն։ Այս բանս խիստ շատ զգուշութեամբ եւ փափկութեամբ կը նշանակէ վերոյիշեալ Տիւրացին՝ որ մեծ պատիւ կ՚ընէ իր խոհեմութեանն ալ. եւ օրինակ կ՚ընծայէ հաւատոյ խնդրոց վրայ քննողաց եւ վիճողաց, որ ընտրեն զանձինս, եւ մասնաւորաց կարծիքը եւ խօսքը՝ հասարակաց չսեպեն. եւ դարձեալ՝ անձանց պատիւն ըստ աստիճանին եւ վարուց յարգեն, թէ եւ անոնց գիտութեան կամ կարծեաց մէջ տարակուսական եւ սխալ գտնեն. «Խօսք եղաւ, կ՚ըսէ, հաւատոց այն յօդուածներուն վրայ՝ որոց մէջ մեզմէ տարբերիլ կ՚երեւի իր ժողովուրդն. եւ իր կողմանէ խոստումն եղաւ շատ բանի մեջ ուղղել [2] »։ Երբոր երկու կողմէն այսպէս պատուասիրաբար եւ խոհեմաբար վարմամբ հաւանութիւն եղաւ, եւ կաթողիկոսն Հայոց օրինաւոր բաներու մէջ զիջաւ եւ խոստացաւ, բոլոր ժողովական Հարք ելան եւ մեծարանօք գրկեցին եւ համբուրեցին զինքը, ինչպէս կաւանդեն եկեղեցական պատմիչք ոմանք։

Ահա այսպէս թուի թէ մէկ աւուր եւ մէկ նըստի մեջ կատարեցաւ ժողովն Սիօնի. յետ որոյ իւրաքանչիւր կողմանք զատուեցան իրենց առանձնական գործոց գացին: Լեկադն գնաց ի Պտղոմայիս (յԱքքեա), որ փռանկաց առաջին ամրոցն էր Սուրբ Երկրին մէջ, իրենց խնդիրները տեսնելու համար. եւ քիչ ատենէն բարի լուրերով դարձաւ առ Ս. Պապն Իննովկենտիոս Բ ՚ի Հռովմ, գուցէ սիրոյ եւ մեծարանաց թուղթ մ՚ալ հետը տանելով ՚ի Գրիգորիսէ կաթողիկոսԷ մերոյ, որ  կամ պատասխան ալ էր Պապին թղթին, կամ առիթ ասոր պատասխանին։

Երրորդ եւ աւելի ալ նշանաւոր յարաբերութեան վրայոք ընդ Լատինաց՝ պիտի խօսիմք քիչ մը վերջը , ՚ի Գլ. ԺԴ ։



[1] Ոմանք, ինչպէս նաեւ այժմու մեծ Պատմիչն Ժողովոց Հէֆէլէ . 397) այս ժողովս կը դնեն յամի 1139, յաջորդ տարին ալ Երուսաղէմի ժողովը. այլք աւելի առաջ կամ ետեւ։

[2] Cum hoc etiam de fidei articulis, in quibus nobis dissentire videtur populus ejus, habitus est tractatus, et ex parte ejus promissa est in multis correctio.