Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Վայրի վարդի պուրակին խորն այս իրկուն

Մատուցանել կ՚երթամ պաշտօնս առօրեայ.

Ընկողմանած, անշարժ, խոհեմ ու նըկուն,

Եւ անժըպիտ՝ իբրեւ ֆաքիր նորընծայ։

 

Վարդի պըսակ մը կը կախուի գըլխիս շուրջ.

Լի է հոգիս հեշտութիւնովն իրական

Քունքըս ծակող փուշին, եւ ես անտըրտունջ՝

Այս երջանիկ ցաւին յօժար ենթական։

 

Մինչ կը խընկէ կըռընկենին թանձրաբոյր,

Շուրջըս մօտիկ անկիւնէ մը անծանօթ,

Կը շուարի հոգիս, ծաղկանց մենիկ քոյր,

Երանութեան այս վայրին մէջ քաղցրահոտ։