Նոր Քնար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Խաւարակուռ գիշերն էր

Ըսկըզբնական դարերուն,

Եւ խորհուրդը կը պատէր

Ըստուերն անձեւ իրերուն։

 

Կ՚երկնէր երկինք ու երկիր,

Կ՚երկնէր ծովը ծիրանի…

Ու եղէգնիկ մը կարմիր

Ծոցւոր ալին կը ծընի։

 

Եւ եղէգին փողէն՝ ծուխ,

Կըրակ ու բոց կը ժայթքէր,

Ու բոցերէն բազմաբուխ՝

Պատանեակ մը հըրահեր։

 

Իր մօրուքն էր բոցեղէն,

Արեւ՝ աչքերն էին զոյգ…

Այս կըրակի խօլ խաղէն

Ի՞նչ կ՚ըսպասուէր…։ Անըստոյգ

 

Այլ ծիրանի բոցերէն

Վիժակները խաւարին

Հըրդեհուելով համօրէն

Կը պատառուին, կը վառուին։

 

Հոծ ամպերուն տակ մըթին,

Հորիզոնին վերեւի

Կարմիր օձեր կը թըռչտին.

Հրդեհն, անհո՜ւն, կը փըռուի։

 

Կը բըռընկի ծովն ըսփիւռ

Եւ իր լանջքին վըրայէն

Հըրթիռներու բոյլեր բիւր

Զըւարթ պարեր կը պարեն։

 

Ու կը պարէ պարմանին

Խորն այս տօնին նախնական.

Երկինք երկիր ի՞նչ ունին…

Ծագումն է այս նոր օրուան։